Մեր մատենագիրները (վերլուծումներ)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՀՐԱՇԱԼԻ ՄԸ. Ամենէն քաղցը հ րապոյրներէն մէկն է այդ պատմութեան։ Ու հեղինակին հ աւատքը եւ հ րա շ ախառն դէպքերը իրարու կը պատասխանեն հարազատութեամբ: Այս՝ հ իմնական գիծին վրայ աւելցուցէք եղելութիւնները թեւաւորելու, ի պահանջել հ արկին գոյնի եւ շարժումը զգայնութիւններով քալեցնելու կարողութիւն։ Նայելու ձեւը, որ կը հ ագնի յատկանշական երանգն ու տպաւորիչ մանրամասնութիւնը։ Բայց մթնոլորտը պատրաստելու ապահով տաղանդ մը, որով գիրքին մէջ բարեխառնութիւնը կը ստեղծուի ու արուեստին միութիւնը կը շնորհուի այդքան անյարիր իրադարձութիւններու։ Իրականութեան զգայարանք մը, որ արտաքին է թափանցումով, բայց գիտէ ընտրել։ Որ ներքին ա շ խար հ ն անգամ մանկունակ հ աւաստիութեամբ մը կը յաւակնի թափանցել, բայց պարկեշտ կը մնայ աշխարհիկ յատկութիւններու ցուցադրումովը, շահագործումովը մեր վրայ ազդեցութիւն գործելէ։ 

Այս քանի մը խոշոր գիծերը չեն բաւեր ճիշդ նկարագիրը տալու համար այդ հեքիաթ, դիւցազներգութիւն, պատմութիւն, վկայաբանութիւն, բարքերու պատկերացում, նկարագրութիւն ու միամտօրէն բանաստեղծութիւն միանգամայն եղող գործ մը բացատրելու համար։ Այս ամենուն խառնուրդն է անիկա։ Բայց տանելի, բայց առանց poussé, յաւակնոտ եղանակի։