Մեր մատենագիրները (վերլուծումներ)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԻՐՔԸ 

Ընծայաբանութեան մէջ որ յառաջաբան ն է այն օրերուն, Փարպեցին կը յիշէ զինքը կանխող պատմագիրները ( Ագաթանգեղոս եւ Բիւզանդ ) եւ իր ըրածը անոնց գործին շարունակութիւնը կը կարծէ։ 

Հատորը բաժնուած է երեք դրուագ ի։ Առաջինը կը սկսի ան հետաքրքրական մտածումներով Բիւզանդի վրայ, ուր գրչագրի յանդուգն խառնակչութիւններ կ՚ուզէ նշմարել, արդարացնելու համար անոր կարգ մը առասպելական կողմերը։ Յետոյ կ՚անցնի դէպքերու շարայարումին։ 

Արշակունեաց թագաւորութիւնը երկուքի բաժնուած։ Արշակ, թոյլ ու կրօնամոլ թագաւոր՝ կը ձգէ իր երկիրը, Արարատեան Հայաստանը եւ կ՚ապաստանի յունական բաժինը: (Փախուստի այս մտալլկումներուն մէջէն Փարպեցի միջոցը կը գտնէ Արարատեան Հայաստանի տարօրինակ նկարագրութիւն մը տեղաւորելու)։ Տեղը կ՚անցնի Խոսրով, որ զոհ կ՚երթայ նախարարներու սադրանքին ու կը ձգուի գահէն Շապուհի ձեռքով։ Վռամշապուհ։ Գիրերու գիւտը։ Խոսրովի կրկին թագաւորելը։ Տղուն՝ Արտաշէսին, նկարագիրը։ Նախարարները դժգոհ են միշտ։ Սահակի միջնորդութիւնը՝ գահը փրկելու համար։ Թագաւորը գահընկէց։ Սահակ կը բանտարկուի Տիզբոնի մէջ։ Երկրին թշուառութիւնը։ Նախարարները կը դիմեն դարձեալ Սահակին, որ կը մերժէ կրկին կաթողիկոս ըլլալու առաջարկը, կը պատմէ իր նշանաւոր տեսիլքը, յետոյ կ՚ապրի առանձնական իր կեանքը ու կը վախճանի։ Իրմէ վեց ամիս յետոյ, կը մեռնի Մեսրոպ։ Առաջին դրուագը վերջացած է։ 

Երկրորդ դրուագ ին նիւթն է Վարդանանց պատերազմը։ Ամէնը՝ ինչ որ ունի Եղիշէ։ Աւելի՝ թանկագին մանրամասնութիւններ։ Աւելի՝ պատմագրի աչքով ընդգրկուած դէպքերու շարայարում, ուր կարծես կը ձգտի երեւոյթներու պատճառներուն հասկացողութեան ու թափանցումին (անշուշտ միշտ տարրական)։ Քարոզ ու նամականի՝ շատ քիչ։ 

Երրորդ դրուագ ը կը պատմէ նախարարները դարձը, Մամիկոնեան Վահանին Վրաց Աշուշա բդեշխին տունը տարուիլը. երկրին մէջ, ուրացեալներուն չարագործութիւնները։ Գիւտ Կաթողիկոսին նկարագիրը, ամբաստանուիլը ու Դուռ կանչուիլը, պաշտօնանկութիւնը։ Վահան Մամիկոնեան տակաւ կը սկսի փայլիլ։ Ամբաստանուիլը։ Կ՚երթայ Դուռ եւ ազատելու համար կ՚ուրանայ հաւատքը։ Դարձը երկիր ու ապստամբիլը։ Այս դրուագին մեծ մասը կը գրաւեն անոր հրոսակային կռիւները, մինչեւ որ պարսկական արքունիքը կը ստիպուի հաշտուիլ ու Վահանը սպարապետ ու մարզպան նշանակել Հայաստանի։ Յովհան Մանդակունի այս աւետիսը կը հաղորդէ եկեղեցիին բեմէն, ժողովուրդին, պերճախօս ատենաբանութեան մը մէջ, որ գիրքը կը փակէ։ 

Սովորութիւն եղած է Փարպեցիի « Հայոց Պատմութեան » կցել նաեւ « Թուղթ առ Վահան Մամիկոնեան » անունով գրուածք մը, ուր դառնացած, վշտոտ, բայց կենդանի ոճով մը Փարպեցի կը փորձէ ինքզինքը պաշտպանել իր վրայ ծանրացող ամբաստանութենէն, երբ Վաղարշապատի վանքին վանահայր նշանակուած էր։ «Թուղթ»ը կարեւոր է մա՛նաւանդ ժամանակակից կղերին վրայ իր տեղեկութիւններով։