Մեր մատենագիրները (վերլուծումներ)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԱՆԿՈՒԹԻԻՆ Մ Ը 

Անոնք որ մեր օրերու մտահոգութեամբ, աչքէ կ ՚ անցնեն մեր տարեգրութիւնները (annales) ուրիշ պիտակ կարծես քիչ հ արազատ պիտի գար մեր հ ին մատենագրութենէն մեզի հ ասած ժառանգութիւնը տիտղոսելու, գէթ իր ստուարագոյն մասին մէջ թուղթերուն չտուածը, սքողածը վերգտնելու հ աճոյքին կապելով նաեւ անդրագոյն փափաքներ՝ մեր անցեալը ճիչը տեսնելու, հ ասկնալու, անոնք քանի մը տարուայ այդ ընդերկրային ընտանութեան շ նորհովը, հ աստատումը կ ՚ ընեն մտած ըլլալու տարօրինակ շիրմաստանէ մը ներս, մեր երկրին պէս ընդարձակ, բայց մոխիրով պատանուած։ Այս զգայութիւնը այնքան զօրաւոր է, որ խորացողները ընդմիշտ կը ձգէ իր կնիքին տակ, զանոնք անատակ ընելու աստիճան արդիին ճիշդ ընդգրկումին։ Շիրմաստա՛ն մը, գո՛րծը Սրուանձտեանցին։ Ուր տարածեցէք դերանունը դէպի ամբողջութիւնը Հայապատումին դամբարան, մատուռ, քար ու խաչքար փոխարին ո ւած ըլլան էջերով, գլուխներով, հ ատորներով, մանրանկարչական աշխարհի մը բարիքին, անթառամ՝ յոյսին ընդմէջէն։ Յաճախ, ձեռագիրը, ուր արցունք ու մոմի պտղունց սառած սիրտերու պէս կ՚այրին մէկէն, երբ մեր նայուածքովը կը լուցուին, ու քանի մը հ արիւր տարիով ծերացած տպագրին թուղթը, որ իր բամպակը կը մատուցանէ թերեւս մեր արցունքին, եւ հ նօրեայ, պատիւ ներով սպառազէն եւ դժբախտ, նիհարասիւն գիրերը, պատկերները, բոլորը իրենց նպաստը կը բերեն, արթնցնելու մեր մէջ մեռելական զգայութեանց հ անդէսը շ իջած քաղաքներու, երկիրներու եւ մշակոյթներու վերաբուխքը, իրենց կարգին ամրացնելով, լրացնելով դժնդակ պատրանքը։ ԺԷ. րդ դարու տպագիր մը տխուր է՝ Հին գ երորդ դարու աղօթքի մը նման։ Ու այս պատրանքը ճիշդ չէ՞ դարձեալ մեր գերեզմանատանց համար ալ։ Երկու կանգուն հ ասակով քարի մը երբեմն ի՞նչ անբա ւ ութիւններ կը յանձնենք մենք։ Ով որ Դուրեան սրբազանին շիրիմը այցելէ ( Ս. Փրկչի վանք, Երուսաղէմ ), չի կրնար հ աշտուիլ, թէ անոր ներքեւ կրնայ պարտակուիլ անհուն անոր գլուխը, լոյսի գիտութեան սրբազան սափոր, ուր այնքան խորունկ մտածումներ փայլակ–փայլակ վառեցան կէս դար շարունակ։ 

Մատենագրական պրպտումներ երբեմն զիս ալ մղեր են «մեռելաստան»։ 

Ու ամէն անգամ, որ աշխատել եմ դէմք մը դուրս հանել գ իրերուն կոծ-կոծ մոխիրէն, ու հասկանալ ու տեսնել անոնց արապէսգին տակ թաղուած հ ոգիները, զգացեր եմ պղտորուիլ ը նայուածքիս։ Գիրն ու գերեզմանի փոշին լծորդ են իրարու։ Խորունկ եւ անդարման կսկիծով մը կը խառնենք նոր փորուած շիրմի մը աճիւնը ու հ ին ձեռագրի մը սեւ արիւնը, գիրերը։ Շատ անգամ, քանի մը է՛ջ, կիսադարեան ողբերգութեան մը կամ հ երոսական նուիրումի՝ իբր պատան ք ու վար շ ամակ։ Երբեմն տող մը միայն, որուն երկայնքովը քու միտքդ պիտի զետեղէ քու արիւնէդ նախարարի մը, եպիսկոպոսի մը, արքայազունի մը կամ գեղջուկի մը յիսուն տարիները հ իւսող արնոտ կտա ւը, տարօրէն նման անոր, զոր նետեր ես կարկա հ ին ետին։ Ու խորհիլ, որ գիրքի մը երկու հ արիւր էջերուն խորը կը պառկին երկու հ ազար տարիներ, եթէ ոչ աւելի, առնուազն՝ հ արիւր սերունդ ։ Ո ւ ասիկա՝ «Հայաստանեայց աշխար հ էն», առանց վերա դ իրի։ 

* * *

Ու, քիչ դէմք, սրբազաններէն կամ աշխարհիկ փառքին պատմուճանովը պճեղնաւորներէն, որ ունեցած ըլլայ իմ վրայ հոյակապ, այլապէս ծիրանաւոր, ու իրմով միայն կարելի թախծութեան մը ա՛յն խռովքը, որով զգեստաւոր կը հանգչի թուղթերուն ծոցը մօտ՝ հարիւրամեայ եղերափառ գործունէութիւնը՝ Սահակ Պարթեւ Հայրապետին։

Մեծութեան, տուրքերու, արժանիքի, շնորհի, բախտի կամ չբախտի հարցեր չեն, որ զսպանակը կը մնան աս քիչ մը ռոմանթիք խռովքին։ Անցեալը կը բաւէ շատ մը մեղքեր, երբ դարբիններ ամէն կիրակմուտքի չուռնահարեն անոնց շղթաները, ինչպէս է պարագան Արտաւազդի հեքիաթին մէջ։ Ու մահուան մէջ մարդիկ համակրելի են առհասարակ։ Միւս կողմէն, չեմ ալ կարծեր, որ այդ խռովքը ըլլալ ենթակայ, մասով մը գոնէ պարտական, մեր պատմութեան այն ընդհանուր, ընտանի եղանակին, որ մեր ազգային մեծութեանց ցանկերը սուրբի անխուսափելի լուսապսակները կ՚արժանացնէ, աղեղօրէն ու ճաճանչօրէն։ Ինքն իրեն, միայն ու միայն մարդկայինին կենդանակերպէն (sous le signe de l'humain) վարի էջերը փորձ մը կը կազմեն այդ եղանակը արդարացնող ու ազատագրուած՝ մեր պատմիչներուն սխրալի վերադիրներէն, այդ դէմքը տեսակ մը ծանր, տրոփուն ու երկնախմոր խորհուրդ կը դառնայ, շքեղ խտացումներէն մէկը լինելութեան, մանաւանդ տեւողութեան այն համատրոփ, համաւիւն կերպին, սրտազարկին, որ մեր ժողովուրդինն է եղեր, uանկ երկու հազար տարիէ ի վեր, պատմական ջուրերու ափերուն։ Քիչ դէմք, որմէ տիրական բաժին մը, հոգիի, զգայարանքներու, տառապանքի մէջ մեծութեան ու արիութեան, ճակատագրին դէմ լրջութեան, քաղցրութեան, եղէգութեան, այնքան խոր կերպով հաղորդ դառնայ ցեղի մը իրական, անտարազելի, անվերածելի զգայնութեան։ Որ անոր անցեալը կերպադրէ, խորհրդագրէ, ու այդքան կանուխէն յայտնաբերէ իմաստը իրմէն վերջ հոսելիք հազար ու հինգ հարիւր տարիներուն, իբր սրբազան լոկարիթմ, նետուած՝ մեր պատմիչներու էջերուն, ու բացատրէ զմեզ մեզի նոյնիսկ, մա՛նաւանդ հիմա, սա աղէտի ամպարագիծ դժոխքին իսկ ծոցին, մեր անդունդին վերեւ կանգուն, բռնկած սիւնին նման չմեռնող յոյսին։ Չեմ գիտեր, Ներսէս Աշտարակեցի մը, Խրիմեան մը, ուրի՞շ բաժակ առին սա կեանքէն, քան ա՛ն՝ զոր բռնագրեցինք Սահակի շրթներուն, այդքան կանուխէն, կը կրկնեմ ասիկա։ Ու այժմու Հայրապետին ողբը ինչո՞վ կը տարբերի Սահակի կոծէն, զոր մեր թուղթերը հաւանաբար աղճատելով արձանագրած ըլլալու են, նախարարներու արքայադաւ ժողովի մը առջեւ, ուր այսօրուան մեր կիրքերը, անհասկացողութիւնը, նախանձը, ատեցողութիւնն են, որ կը բարբառին այն եղերական հաւատարմութեամբ, որ սեւ դրօշներու ճակատագիրն է մեր գլխուն վերեւ։ 

* * *

Մօտ Հարիւր տարի։

Այո՛։ 

Բայց դասական այդ կծիկին առէք առաջին թելը, հայրենիքէն հեռու տեղ մը, մտքի նոր ու հզօր վառարանի մը մէջ որ կապադովկիացւոց Կեսարիան է այդ օրերուն . դար)։ Հիմա դժուար է վերստեղծել շրջանակը, նախարարական բարքերուն տարօրինակ բարձերը, իր լիութեան մէջ տեսնել կարենալու համար դարուն ընդարձակ, այլապէս հաւասարապաշտ ոգին, նոր կրօնքի մը ամբողջ միսթիքովը երկնայարդար այդ կենցաղը, որ մեր հայրապետներուն  պատանութիւնը, թարգմանիչներուն երիտասարդութիւնը կ՚առնէ կը տանի բնիկ սահմաններէն շատ անդին, ազգայնական խստացումներէն բաւական առաջ։ Այսպէսով է, որ Գրիգոր Պարթեւը մեծ իր քրիստոնէութիւնը պիտի հագնի, անխորտակելի մանաւանդ անկապտելի զրահի մը պէս ու պիտի դառնայ քաւելու իր հօր մեղքը։ Այսպէսով է, որ այդ Պարթեւին շառաւիղէն ուրիշ մը, Դ. դարու մեր «աննմանակ» ու մեծ Ներսէսը, հոյակապ իր նախնիքներուն հետքերն ի վար, դեռ «մանուկ տիօք», պիտի թարթափի խորհուրդի, ներշնչումի տաճարներէն ներս, քովիկը ունենալով մատաղատի ուրիշ մանուկ մը, ան ալ ուրիշ շքեղ տոհմի մը ամբողջ վարդն ու պսակը, Մամիկոնեաններուն Սանդուխտը, երկուքով «վառուելու» համար հայրենիքին ազատագրութեանց [1] սրբազան գործին։ 

Իշխանական տոհմէ, քանի որ Պարթեւ, բայց այլապէս վիպական սա ծնունդը Սահակին չի բաղդատուիր արքայազուններու կամ նախարարազարմ տղոց պարտադրուած պատանութեան, ինչպէս է տրամը շրջանէն շատ մը արքայորդիներու։ Թող գայ աշխարհ այդ մանուկը, մեր մէջ մինչեւ այսօր անզոյգ, որքան սրտառուչ պայմաններու հանդէսով մը այդ ծնո՛ւնդը, ինքնին քերթուած, գեղեցկութիւն, խորհուրդի կոկոն մը մեծ տեսիլքէ մը, հօրն ու մօրը բոցավառ մորենիին վերեւ ամբարձիկ, երբ անոր հայրը, պատանի գիրքերը տասնըհինգ կամ տասնըվեց տարի կու տան Ներսէսին երբ անիկա կ՚ունենայ Սահակը ու անոր շատ մանկամարդ, գրեթէ պատանի միակ չհամարուող մայրը [2], կ՚ուսանին, իմաստի  մեզամերձ այդ կեդրոնին մէջ, Աստուծոյ խօսքը ու ապագային պատգամը, հաւանաբար մեծ մագաղաթներու վրայ պառկեցնելով նորածինը, օրանի փոխարէն, ու աշխարհէն առաջին շփումը անոր հաթայթելով գիրքերու կողքերէն։ Մեր պատմիչները քանի մը տող միայն կու տան սա զմայլելի տեսիլքին, որ խորհրդանիշ մըն է ցեղին հոգիէն, այնքան թելադրիչ, որքան ընդարձակ։ Ոսկի օրանին պակսի՜լը մեզի։ Տեղը ուրիշ օրան մը։ Լոյսի մեր ծարաւն է ասիկա, գրուած մեր պատմութեան մեծ անկիւնադարձին, երբ ալ պիտի դադրինք քաղաքական մեր դերէն բայց պիտի շարունակենք մեր բուն դերը, ապրելուն այլապէս դժուար, դժնդակ, բայց այնքան ալ սրբազան պարտքը, մեր երկրին իմաստին, մեր կրօնքին առքին մէջ զմեզ զինազարդելով։ Ու խօսքը բերելով իր մեկնումի կէտին, գիտէ՞ք աւելի ազնուական, անշամանդաղ մեծութիւն, քան սա հնգետասանամեայ պարմանուհին որ ձգած իր ապարանքն ու նաժիշտները, իր տարիքին համար այնքան անհրաժեշտ ոլորտը հօր, մօր, քրոջ ու եղբայրներու, ինկեր է օտար քաղաք մը, ու ամուսինին կողքին իր հոգին կը փրկագործէ ու իր միտքը կը հանդերձէ, նոյն ատեն օր օրի յօրինելով իր ամենէն սուրբ մասերէն մեծագոյն մէկ դէմքը իր ժողովուրդին, հաւանաբար նոյնքան միսթիք կրակի մը մէջէն, մայրութեան անհաս վառարանէն այնքան վաղահաս կերպով այրելով, ժողովուրդը պիտի ըսէր, մրկելով ։ Դժուար չէ իր մահը զոհի մը վերածել, այդ այնքան քնքուշ, բայց արնաշաղախ երկունքը սկիզբ առնելով զինքը սպառող հիւանդութեան։ Նոր չէ, որ կը մեռնին պարման մայրերը, ուրախ ալ, աղեխարշ գալարումներով ալ։ Բայց ինծի կու գայ, թէ բոլորն ալ իրենց զաւկըներուն մարմինին մէջ կը թաղեն իրենց սրբազան կարօտը սա աշխարհէն։ 

Ու, պէտք է կրկնել, իր արժանաւոր լրջութեան մէջ կը զգա՞ք խռովքը, սխրալի, համբուրելի վիպայնութիւնը սա ծնունդին, որ, վաղընջաւոր, գրեթէ վետայական կամ հնգամատենական պատմում է մը կը թուի փրթած գալ մեր թուղթերուն, իր գերիրական, բայց պատմական փաստն ալ պահելով կանգուն ու, մեր օրերուն՝ իր լրիւ արտայայտութիւնը հագած պատգամ մը կը դառնայ, աշխարէն ի վար ու վեր սփռուած մեր երկսեռ ուսանողութեան հանդէսին մէջ։ Դժուար իրականութիւն, զոր ցեղին շնորհք կը  պաշտպանէ [3], իր անյայտ խորհուրդին սպասին համար։ Քսանէն վար սա տարիքին մէջ, պատկերը սա վտարանդի ամբոլին, այնքան խոր կերպով հայեցի, ու նոյն ատեն յստակ ալ խորհրդանիշ մեր ժողովուրդին սպասող շրջափոխութեան, ինծի համար կը պատմէ մեր տարեգրութեանց ամենէն յուզիչ գեղեցկութիւններէն մէկը։

Ծնիլ, ուսանողի մը սենեակին մէջ, մելանին ու մագաղաթին հոտերովը գերիրայնացած միգամած է մը ինչպէս: Անել, աշխարհէն անդրանիկ պուկը օդին, զոր իմաստը, խորհուրդը, երկինքը կ՚ընեն յագեցուն։ Ծծել, կաթին հետ ու կաթին մէջն իսկ, երազը, հայրենանուէր բնազդը, զոհաբերման կամ նահատակութեան վերնադիր օրան, որ այդ հնգետասանամեայ մօրը կուրծքը խորան կը հանդերձէ մերձաւոր պատարագին ո՜վ սրբազան, անբաղդատելի գեղեցկութիւնը մայրերուն, երբ կը համբուրեն իրենց զաւակները, մահուամբ վարշամակուած, ու իրենց պարմանութիւնը, մարմինին անբաւութիւնը կը բաշխեն խանձարուր մը միասին, իրենց չապրածն ալ բարդելով անոր։– Աճիլ։ Մարմին ճարելով մօրը մարմինէն ու հօրը աչքերէն։ Ու միսերուն ճերմակ հողին մէջ ոստայնը ընդունելով զինքը ծնողներուն հոգիին, անտես, բայց իրական հիսքը մեր միտքին, որ իր սկիզբը կ՚ընէ թերեւս մօրը ստինքէն։ Ու երգէն։ Ու աղօթքէն։ Որոնք օրանին վրայ ձայնի երկինք մը կը կամարեն։ Ու հայրենիքին հեռու նկարներէն, որոնք կաթին հետ ու նայուածքին հետ անոր ներսը կայլակ–կայլակ կը բարձրանան, ըլլալու համար մեր լեռները, գետերը, լիճերը, ամրոցներն ու տաճարները, Հայաստանեայց Աշխարհին ամբողջ խորհուրդը, արցունքով, ժպիտով շաղախուն այն կենդանի մանրանկար սմբողջը, որ մենէ իւրաքանչիւրն է, երբ րոպէ մը իջնենք մենք ներս, օտար դաշտանկարի մը գորշ տաղտուկին ընդմէջէն՝ դէպի անխորտակելի հոգեյատակը մեր շնչաւոր նշխար–հայրենիքին։ Ամէն մարդ իր հայրենիքն է, ամբողջութեամբ։

Ու սուրբերը՝ ինչպէս պարզուկ հովիւները, հզօրները՝ ինչպէս վաղամեռ տղաքը կնիքին տակն են իրենցմէ մեծ այս օրէնքին. Վերլուծումը անկարող է սպառել կեանքը մանկան մը զգայութիւններուն։ Ու մանուկ մըն է Սահակը, մեր բոլորին պէս։ 

Ու որբանալ։

Վիճակներ կան, որ կըսուին, առանց ընդգրկուելու: Որբութիւնը մէկն է անոնցմէ։ 

Ու, ճակատագրին թաթին տակ, որ ալ պիտի չլքէ իր որսը, հազիւ քայլ փոխող ու բառ թօթուող այդ մանկիկը, մօրը կուրծքէն պիտի անցնի ուրիշ թաւ կուրծք մը, մեծ օրը ծոցը, հաւանաբար արջենի տառատոկի մը խորը։ Ու երիվարի քամակով դառնայ պիտի Հայաստանեայց Աշխարհը, անոր ամենէն խորունկ, թելադրական ու ինքնատիպ համապատկերներէն մէկուն սիրտը, Տարօնի գաւառը, հոն լինելու համար նոր պտկաւորող իր մանկութեան առաջին կազմածը։ Մեր անդրանիկ, մենաւոր ու հանճարային մանկութիւնը, Տարօնի հովոցներուն ու դաշտագեղ ձմեռնոցներուն մէջէն պուտ–պուտ, հիւլէ-հիւլէ քաղելով ինչ որ աւելի յետոյ պիտի կոչուի մեր հոգին, այն ինքնավստահ, գրեթէ աննահանջ հայութիւնը Մուշին ու Սասունին, որոնք դարերով կռուեցան «աշխարհախումբ» բանակներու դէմ, դէմը մա՛նաւանդ հայրենաքանդ սերմերուն ու մինչեւ երէկ, մինչեւ Տարագրութիւն՝ նշանախեց մը բան չէին զիջած գերութեան, օտարացման ատամներուն, խօսելով երկու հազար տարուան կոշկոռը, ժանգը պատող լեզու մը, բայց մանաւանդ միակտուր ադամանդի մը պէս պաշտպանելով ինչ որ Լուսաւորիչ մը դրած ըլլալու էր անոնց ներսը, երբ ջորիներու քամակին իջնելով՝ տաճարներու հիմերը կը փորէր անոնց հողերուն ու հոգիներուն ներսը։ Տարօնի աշխա՜րհ, այսօր բառ ես դուն, գուցէ աւելի տժգոյն, քան Նիսն ու Փարիզը, մեր տղոց բերնին:

Հեքիա՞թ։ 

Ո՜վ գիտէ։ 

Գիրքերը այսպէս կը պատմեն Սահակ Պարթեւի ամենէն զօրաւոր տարիները, որոնք նույնն են մեր ամենուն մէջ։ Անոր հոգին կը յօրինուի Սասնոյ լեռներէն։ 

 


 



[1]        Քաղաքական իմաստը, զոր կ՚ուզենք խորացնել մենք հիմա, այս բառին մէջ, այդ օրերուն կ՚ընկղմի միւսին, կրօնական փրկագործութեան այլապէս ընդարձակ յղացքին մէջ։ Հռովմէական մշակոյթին մասնայատուկ մէկ կողմը, սա, ընդհանրականութի՛ւնը, առաջ՝ կայսրերուն լուսապսակովը, քրիստոնէութեան հետ՝ ե րկինքին համայնութեամբը։ Մերինները, մա՛նաւանդ Դ. դարու կի ս ուն անհուն աշխատանք ունին այդ մշակոյթը տարածելու, արմատացնելու դեռ խ որտու բ որտ հոգիներուն մէջ մեր տոհմերուն: Գերազանցապէս սրբազան սա մտահոգութի՛ւնը, որմէ սկիզբ է առնէ թարգմանչութեան հարցը։ Ասկէ դէպի գիրերու գիւտը ճամբան պարզ է գրեթէ։

[2]        Մամիկոնեաններու Սանդուխտն է այդ աղջիկը, Սահակէն յետոյ հազիւ քանի մը տարի կեանքի արժանացած, բայց որմէ կարճ սա գեղեցկութիւնը չեմ գիտես ինչու կ՚երկարեմ վար, դէպի առաջին սուրբ դէմքը մեր պատմութեան կիներուն, կապելու համար սա ներեռանդն, Աստուծոյ հուրքովը թերեւս կամաւ ինքզինքը սպառած մանկամարդ մայրը, նահատակութեան նոյն շապիկին մէջ, որով փաթթուած կը պառկի նախավկայ կոյսը Հայաստանի արքունիքին, Սանատրուկի դուստրը։ Քսանէն շատ վար գերեզման իջած սրտառուչ սա մա՜յրը, որ խորանն էր եղեր հարիւրամեայ փառքի մը, վիպական, որքան հայ, կը սպասէ զինքը ապրեցնող մատներուն։ Ով ուրացուած հարստութիւնը մեր հոգիին, որմէ նման ծաղիկներ են բառեր, խորշակին ու մահտարաժամին հակառակ։

[3]        Ուրիշ չեղան դարձեալ միւսները, Սահակին մօտ ու հետ, եւ կամ շատ վերջ, որոնք, դարէ դար, ու ո՜վ սրտառուչ միամտութիւն, մեր ահաւորագոյծ կործանումէն ետքն ալ, ըսել կ՚ուզեմ այսօր, հեռացան իմաստէ անմասն, աւելի ճիշդ՝ զայն չարգասաւորող իրենց երկրէն, նետուելու համար աշխարհին արձակութիւնները, հազուագիւտ այդ ծաղիկին ի խնդիր։ Որոնք, ի հեճուկս ամենէն դժխեմ պայմաններու, պիտի տան փաղանգը մարտիկներուն, մեր մտքին գուպարը գուպարելու համար քառաթեւ թշնամիներուն ընդդէմ։ Ու մեր բազուկին ջախջախումէն ետքն ալ պիտի շարունակեն ողջ պահել հոգիին ճակատը, միշտ դարէ դար, մեր խարխլումը նեցուկելով այնքան սիրտթաց պայծառութեամբ։ Բոլոր լոյսին խուզարկուները, իմաստի գեղմին նաւորդնե՜րը, հին ու նոր, Հայաստանեայց Աշխարհէն։ Որոնք երբեմն անդարձ տարուեցան իրենց իսկ հուրքն ու ջահուեցան օտարներու պատմութեանց վերեւ։ Ուրիշներ, լուսայեղց, դարձան ետ, խարակուելու, ուրացուելու, դանդաղ նահատակութեան ու անսուազ լքումին, որոնք մեր վարձատրութիւնը եղան շատ յաճախ անոնց վաստակին, հինգերորդէն մինչեւ քսաներորդ դար։