***
Գիրքը
կարելի
է
ուսումնասիրել
քանի
մը
տեսակէտներով.
1.
ՊԱՏՄԱԿԱՆ.
–
Արեւելքի
այդ
խառնարանին,
Կովկասի
ժողովուրդներու
ծագումին
մասին
արդի
գիտութեան
տեղեկութիւննե|
րը
շատ
քիչ
էն։
Շատ
մը
ցեղեր
մինչեւ
հիմա
կը
մնան
առանց
գրաւոր
գործունէութեան։
Աղուաններու
վրայ
իբր
տեղեկութիւն
տրուած
պատմական
ընդլայնումները
որքան
ալ
խնդրական
ըլլան,
սա
ստոյգ
է,
որ
գիրքէն
կ՚անջատուի
տեսակ
մը
նկարագիր։
Ճիշդ
է,
որ
այդ
ընդհանուր
նկարագիրը
ընթերցողը
ինք
պարտաւոր
է
ընելու
(ինչպէ՞ս
չյիշել
Քենեփոնը,
որ
երկրէն
անցած
ատեն
դիտած
է
այդ
ժողովուրդը
ու
մէկ-երկու
էջի
վրայ
տուած
անոր
պատկերը
լրիւ)։
Ասկէ
զատ
շրջանին
մտային
բարեխառնութեան
մէկ
պատկերը
կարելի
կ՚ըլլայ
հանել։
Խորհեցէք,
որ
գիրքին
գրեթե
կէսը
նուիրուած
է
նշխարներու
գիւտին,
տեսիլներու,
ոսկոր
փոխադրող
թափորներու
դրուագութին։
Ու
այս
յամառութիւնը
այդ
տեսակ
նիւթերու
շուրջը
կամայական
կամ
անձնական
չի
կրնար
ըլլալ։
Ոչ
մէկ
հայ
պատմիչ
այդքան
պնդած
է
այդ
կէտերուն
շուրջը
իր
գործերուն
մէջ։
Պատմական
տեսակէտով
շահեկան
կը
մնան
դարձեալ
քանի
մը
կռապաշտական
սովորութեանց
(անդամահատութիւն,
խորտակում
վայրենի
ժողովուրդի
մը՝
հոներու)
նկարագրութիւնը։
2.
ՊԱՏՄՈՒՄԻ
ԿԵՐՊ.
–
Մովսէսի
գործին
մէջ
տիրապետող
գիծը
պատմումի
ձիրքն
է։
Անիկա
դրուագներու
տաղանդաւոր
շահագործող
մըն
է,
տեսակ
մը
միամիտ
եռանդ
(verve)
զինքը
կը
մղէ
փնտռելու
պատմական
(narratif)
արդիւնքը։
Ատոր
համար
գիտէ
պատրաստել:
Տեսարան,
անձեր,
վէճին
կամ
տռամին
անձկութիւնը
շատ
դիւրաւ
կը
ճարուին։
Յետոյ՝
հակառակ
քրոնիկագիր
մը
ըլլալուն,
կեանքը
չի
զոհեր
համառօտութեան։
Տրամաթիք
վիճակներէ
կ՚ախորժի
եւ
մեծ
խնամքով
կ՚առաջնորդէ
եղելութիւնները
դէպի
իրենց
ահաւոր
վախճանը։
Այս
տեսակէտով
անիկա
գերազանց
է
մեր
պատմիչներէն։
Դիտելի
է,
որ
գրագէտի
ձիրք
ըլլալէ
աւելի՝
վիպողական
շնորհ
մըն
է
այս
կարողութիւնը
իր
մօտ:
Քանի
մը
տեղ
արդէն
իր
գլուխներուն
իբր
վերտառութիւն
վիպասանաբար,
զրուցաբար,
քերթողաբար
մակբայներ
կը
կցէ։
Արտաքին
երեւոյթներու
մէջ
իր
այս
յաջողութիւնը
հաւատարիմ
է
անոր,
երբ
տիպարներու
կամ
համախմբումներու
արտաքին
պատկերացումներ
կ՚ընէ։
Իր
տեսածները
մետաքս
ու
ոսկի
ու
արծաթահիւս
կերպասներ
են։
Խաչեր
կը
պատկերէ՝
անոնց
թեւերը
զարդարող
քարերուն
գոյներն
ալ
տալ
կը
սիրէ։
Նոյն
այդ
սրութիւնը
աչքի,
երբ
վայրենիներուն
կերակուր
ուտելը,
մարդ
սպաննելը,
մորթազերծելը
կու
տայ։
Բայց
այս
յաջողականութիւնը
կը
կոտրուի
երբ
հարցը
տիպարներուն
ներքին
անձնաւորութիւնը,
հոգեբանական
խառնուածքը
(tempe)
ճշդելուն
վրայ
է։
Անշուշտ
գիրքին
մէջ
հերոսներ
կան։
Եկեղեցական
պատկառելի
դէմք
մըն
է
Վիրոյ
կաթողիկոսը,
որ
վիպական
իրադարձութիւններով
հարուստ
կեանքի
մը
նկարը
կը
բերէ
մեր
առջեւ,
բայց
որուն
հոգեկան
յօրինուածքը
տարտամ,
անկատար
կը
մնայ
ամբողջ
գործողութեան
ընթացքին։
Նոյնքան
շահէկան
անձնաւորութիւն
մըն
է
Ջուանշիրը,
որուն
ծփուն
դիմագիծը
հեղինակը
կը
մեծցնէ
տիպարի
մը
շնորհիւ։
Անիկա
սեղմ
ու
գեղեցիկ
չէ՝
ինչպէս
Հայկը
Խորենացիին։
Բայց
աւելի
մարդ
է,
քան
Եղիշէի
Վարդանը
։
3.
ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ.
–
Կաղանկայտուացին
թիփիկ
գրագէտ
մը
չէ
անշուշտ,
երբ
զայն
մօտեցնենք
մեր
նախորդ
պատմիչներուն։
Անիկա
բանաստեղծական
շունչ
չունի՝
ինչպէս
Բիւզանդն
ու
Խորենացին,
ոչ
ալ
Փարպեցիին
ժուժկալ
շնորհը
ու
խտացած
ձեւը։
Բայց
ատոնց
ամենէն
աւելի
ունի
արտաքին
դիտողութիւն
ըսուածը,
որ
գրագէտին
բոլոր
թերիները
կը
փոխարինէ
երբ,
մանաւանդ՝
ատանկ
հեռաւոր
շրջաններէն
կու
գայ։
Բայց
առանց
ատոր
ալ
արդէն
Կաղանկայտուացիին
մէջ
գրագէտը
ինքզինքը
կը
փրկէ։
Անիկա
մանր
դէպքերու
ճարտար
շահագործող
մըն
է։
Միւսներէն
շատ
աւելի
բնականութեամբ
կ՚իյնայ
արտաքին
յարդարանքին
մէջ,
առանց
հռետորութեամբ
ծանրանալու։
Դասական
պարզութիւն
ու
մեծավայելչութիւնը
Ե.
դարու
գրողներուն
անշուշտ
կը
պակսին
իրեն։
Դարձեալ
չունի
Խորենացիին
արագ
ու
սեղմ
դարձուածքը
դէպքերը
ղեկավարելու
կամ
անձերը
շարժելու։
Բայց
ատոնցմէ
աւելի
ճարտար
է,
երբ
տրուած
դէպքէ
մը
կարելի
նպաստը
ուզէ
երեւան
բերել։
Աւելի
թափթփած,
աւելի
անկապակից,
բայց
միշտ
տանելի
իր
մանրամասնութեանց
հանդէսովը։
Իր
պատմութեան
այս
արձակ
աշխարհիկ
նկարագիրը
յարմար
է
գրականութեան
մը
համար,
որուն
գործիքը
քայքայուած
ժողովուրդի
մը,
գերի
արուեստի
մը
գործիքը
կը
մնայ։
Բայց
զոր
թելադրող
ոգին
կորովի
ու
երիտասարդ
զանգուածէ
մը
կու
գայ։
4.
ՇԱՀԵԿԱՆՈՒԹԻՒՆ.
–
Ընդարձակ
այդ
գործին
մէջ
ես
չեմ
հանդիպած
(բացի
առաջին
գլուխներէն)
տեղերու,
որոնք
անտարբեր
ձգեն
զիս։
Ասիկա
մեծագոյն
ապացոյցներէն
մէկն
է
իր
շահեկանութեան։
Այս
յատկութեան
տարրերը։
Գլխաւորը՝
ջերմութիւնը
։–
Որ
ամբողջ
գործին
մէջ
կը
քալէ
գրողին
հետ,
տեսակ
մը
բանաստեղծութեան
տեղ
կը
բռնէ։
Պատմողը
կը
սիրէ
իր
պատմածները,
մարդերն
ու
իրերը,
տեսիլներն
ու
գաղափարները։
2.
Նախնականութիւնը.
–
Տարբեր
Խորենացիին
նախնականութենէն,
որ
խառնուածքի,
անհատական
յօրինուածքի
յատկութիւն
մըն
է։
Հոս
գրողն
ու
հասարակութիւնը
իրարու
հաւատարիմ
են,
ու
հրաշքներով
հարուստ
պատմութիւն
մըն
է,
որ
կը
տրամադրուի
ձեր
երեւակայութեան
եւ
ոչ
թէ
դատումին։
3.
Տրամաթիքի
ըմբռնողութիւն.
–
Գրեթէ
վեց-եօթը
տեղ
պատմիչը
կը
գտնէ
paiguant,
բուռն
թափ
մը,
երբ
մա՛նաւանդ
ողբերգական
դրուագներ
կը
վիպէ:
Ջուանշիրի
մահը
գլուխ-գործոց
մըն
է
կենդանի
ընդլայնումի։
Խոսրովի
սպանումը՝
նոյնպէս։
Նոյնպէս
կարեւոր
էջ
մըն
է
հոնաց
եւ
քրիստոնեայ
եկեղեցականներու
խաչին
եւ
կուռքերուն
պայքարները։
Անձկագին
հետաքրքրութեամբ
մը
կը
հետեւիս
դէպքերուն,
որոնք
քեզ
կը
տանին։
4.
Ոճի
հրապոյրը.
–
Որ
դարձեալ
բաղդատելի
չէ
վերեւ
յիշուած
հեղինակներուն,
բայց
որ
աւելի
ընտանի,
աւելի
հաճելի
յատկանիշներ
ունի։