Մեր մատենագիրները (վերլուծումներ)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳՐԱԳԷՏԸ

Փարպեցիին մէջ գրագէտի յատկութիւնները վար չեն միւս կարողութիւններէն։ Ամենէն առաջ անիկա իրապաշտ գրող մըն է անշուշտ բառը առնելով ոչ այսօրուան իմաստովը։ Անիկա, հակառակ յունարէնի իր խոր հմտութեան՝ չէ ինկած իր ժամանակին զառածումին մէջ։ Վկայաբանական շունչը շատ քիչ է իր մօտ։ Աստուածաբանութիւն եւ աժան բարոյախօսութիւն նոյնպէս քիչ տեղ ունին։ Եթէ երրորդ դրուագ ին մէջ, պարսիկներուն եւ Վահանի միջեւ տիալոկները քիչ մը դանդաղ կը քալեն, պատճառը գրողին դուրս պէտք է փնտռել։ Արդէն գործին ամենէն դժբախտ մասը թե՛ իբր նիւթ, թէ՛ իբր գործադրութիւն՝ այդ ցաւագար դրուագն է։ Ու կերեւակայեմ խեղճ վարդապետը, որ պարտաւոր է երկարելու ու երկարելու իր գրածները, որպէսզի ունայնամիտ ու փառասէր իշխանի մը ինչպէս են առհասարակ բոլոր մեկենասները բոլոր շարժումները, բառերը, խօսքի կտորները, ընթացիկ խօսակցութեան ամբողջ տաղտուկովը ու տափակութեամբը արձանագրուին ու պատմութեան նիւթ դառնան։ Դարձեալ կը տառապի անիկա, տեղ տալու համար մեծ ու պզտիկ եպիսկոպոսներու վկայաբանական, դաւանաբանական խօսակցութիւններուն։ Ասոնք տկար բան մը կը դնեն ճարտար գրագէտի իր արժանիքներուն քով։

Ու գրագէտ է այս վարդապետը։ Ամենէն առաջ՝ իր ատենին շատ դժուար իւրացուելիք յատկութեամբ մը՝ ժուժկալութեամբ ը։ Պէտք չէ շփոթել այս երեւոյթը՝ հարեւանցի (sommaire), արագ շեղումին հետ, որ արուեստին չհասած գիրերուն ճակատագիրն է։ Փարպեցի բնազդը ունի արուեստի մէկ քանի սկզբունքնելուն։ Անիկա ընտրել գիտէ։ Այնպէս որ՝ իրենց ամփոփ շրջագիծերովը՝ իր գլուխ ները կ՚ընդգրկեն տրուելիք դէպքին կարեւոր երեսները։ Երկրորդ՝ շարժումի իր զգայարանքով ը։ Պատմութիւնը իբր տինամիք երեւոյթ ըմբռնելու այս շատ նախնական փորձը խորապէս շահեկան կ՚ընէ զինքը։ Ու անոր դրուագումները կը քալեն, իրենք իրենց, չկորսնցնելով մղումի այն թափը, որ կենսաբանական երեւոյթներուն թաքուն խորքերէն կու գայ։ Երրորդ՝ կեանքին տուրքով ը: Շարժումին հետ ու անոր քովէն կեանքը կը քալէ Փարպեցիին մէջ, առօրեայ, տագնապուն, հերոսական կամ խեղճ կեանքը մարդուն։ Ասիկա թերեւս մեծագոյն բարիքն է գրագէտին։ Մարդեր, արտաքին աշխարհ, բարքերու կամ քաղաքակրթութեանց ճնշում, բոլոր այս կարգի ազդակները կը սնանին այս տուրքէն։ Ճիշդ է, որ Փարպեցին չի կրնար մէկ անգամէն, քանի մը կորովի ու յատկանշական գիծերով՝ մարդեր կեցնել մեր առջեւ կամ պատմական դէպք մը բեւեռել։ Բայց իր պզտիկ, սակայն տեւական նպաստը չի դադրիր բերելէ անձերու կենդանագրին կամ դէպքերու լիակատար ըմբռնումին։ Այսպիսով՝ անոր գործը կը ստանայ ուրիշ իրականութիւն, կեանքին, թաւալող, ինքզինքը կրկնող կամ սրբագրող կեանքին մանրանկարը դառնալով թուղթին վրայ։ 

Այս հիմնական յատկութիւններուն վրայ պէտք պիտի ըլլար աւելցնել տակաւին տեսակ մը ջերմութիւն, որ խառնուածքին նպաստն է ապահովաբար եւ գրագէտը ներկայ կը պահէ էջերուն վրայ, երբեմն ստուերի նման տարտամ, երբեմն իրական գիշերայգի մը նման տպաւորիչ, փրկելով այսպէս գիրքը արշիւ ական ճակատագրէն։ Տեսակ մը ինքնատպութիւն ՝ որուն բաղկացուցիչ տարրերը դժուար է վերագտնել ստուգութեամբ, այսքան հեռուէն։ Բայց կայ անիկա, ինչպէս կար Բիւզանդին մօտ, Եղիշէին մօտ, ինչպէս պէտք է կենայ վաւերական ամէն գրագէտի մօտ։

Ասոնցմէ դուրս, անիկա օտար չէ արուեստին քանի մը մեծ օրէնքներուն։ Եղիշէ, հակառակ իր արուեստագէտ յօրինուածքին, աւելի մեծ չափով մը մեղանչած է կեանքի օրէնք ին դէմ։ Անիկա ունեցած է յաճախող շեղումներ, մտածողական ընդլայնումներ, որոնք կոտրտած են իր մօտ կեանքին շահեկանութիւնը։ Ասկէ՝ այն խորտակուած, կցկտուր զգայութիւնը, զոր կ՚ունենանք իր գիրքէն։ Փարպեցին իր բոլոր դանդաղութիւններովը, ճառերովը, քարոզներովը կ՚ազատի նման դատապարտութենէ մը։ Վասնզի գրագէտի իր բնազդը խոր է եւ ապահով։ Վասնզի գաղտնիքը ունի ընդմիջումները տիրապետելու ու պահելու զանոնք իրականութեան շրջանակին, հասողութեան մէջ։ Ու կեանքին ալիքը երբեք չի կտրեր։ Եղիշէ ֆրազ ները ղեկավարելու պահուն, առանց գիտնալու, կը հեռանայ դէպքերուն աղբիւրէն։ Մինչդեռ Փարպեցիին մօտ կը զգաս, որ շարժումին մեծ զարկը՝ որուն մտրակումին տակ մարդերն ու եղելութիւնները կը վազեն, կ՚անցնի էջին, խօսքերուն, նոյնիսկ բառերուն ներսը։ Այս պարագան կ՚ազատէ անոնց անտեղութիւնը ու մեզ համբերատար ալ կ՚ընէ։ 

Անիկա, ապահովաբար, ուսումնասիրած է յունական դպրոցներուն մէջ դասական պատմութիւնը։ Յետոյ, իր « Թուղթ »ին մէջ տեղ մը կ՚ակնարկէ իր քաղցր խօսելուն ։ Հռետորական մարզանքի անցած, գործին բերումով տարիներով խօսած, այսինքն՝ ատենախօսած մարդու մը համար ամենէն ազնիւ առաքինութիւնն է` գրած ատենը կարելի չափով քիչ հռետոր ըլլալ։ Ու Փարպեցին կրցած է՝ ըլլալ ատիկա։

Իր գործին մէջ, ի գովեստ իրեն, շատ քիչ են զուտ հռետորական մտահոգութենէ եկող էջերը։ Երրորդ դրուագին խօսակցութիւնները, գործնական իմաստութեամբ մը, հանդարտ տողերու կը  վերածուին։ Երկրորդ դրուագին մէջ, նահատակուող եկեղեցականներու հարց-պատասխանին, շատ քիչ աւելորդ ընդլայնում ունի։ Համբաւաւոր գլուխը առաջին դրուագին մէջ, ուր Արարատեան նահանգին նկարագրութիւնը կ՚ընէ, հեռու է հռետորական մշակումէ եւ արդիւնքէ։ Յետոյ, փաթեթիքի պահերուն, կամ շարժումները պատրաստելու համար անիկա չի զոհեր կեանքին շահեկանութիւնը, ու բառերով չի խաղար, ինչպէս է պարագան այնքան յաճախ Եղիշէին մօտ։

Ու վերջացնելու համար հարկ է խոստովանիլ անոր մօտ անփոխարինելի առաքինութիւնը, իրական, մինչեւ վերջը իրական մնալ կարենալու մեծ շնորհը, երբ յաջողի մարդ այդ տուրքը արուեստին տանելու։ Փարպեցիի գործը անշուշտ չէ հասած մեծ արուեստին։ Բայց անիկա իրական է։ Այս զգայութիւնը կ՚արթննայ ձեր մէջ առաջին իսկ էջերէն։ Հետզհետէ կը զօրանայ։ Որքան որ հեղինակը մեղանչէ, այսինքն՝ անիրական դէպքերու բանայ իր երեսները, դարձեալ մենք չենք գայթակղիր։ Վկայ՝ Վահանի շուրջը ստեղծել ուզած իր հրաշալի ն։ Նահատակ եկեղեցականներուն դիակները սպասող պարսիկները ենթակայ կ՚ըլլան գերբնական երեւոյթներու, առանց որ խոշոր հակասութիւններ, անկարելի բնազանցումներ վիրաւորեն մեր ողջմտութիւնը։ Ահա այս թանկագին պաշտպանութիւնն է, որ մինչեւ մեր օրերը դիմացուցած է այդքան նախնական գրելու ձեւի մը համն ու հրապոյրը։