Մեր մատենագիրները (վերլուծումներ)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Դիտողը: Պատմողի իր հանգամանքները վերլուծած ատեն, մենք հաստատեցինք չափով մը անոր տաղանդին հիմնական գիծերը: Նոյն այդ յօրինուածքին հետեւանքն է անոր դիտողութեան տկարութիւնը։ «Բարձրաթռիչ», «ճախրող», ինչպէս կը սիրէ ինքզինք անուանել։ Այո՛։ Այսինքն՝ իրերէն հեռու փախչիլ, անոնց սեւեռումին համար պէտք եղած կորովը չզգալով իր մէջ։ Այս է Եղիշէի խորհուրդին գաղտնիքը։ Արդարեւ, այդ գիրքին մէջ չկայ տող մը, որ՝ ուղղակի դիտողութիւնը մատնանշէր, որ տաքը տաքին դիտուած ու տարազուած (formulé) ըլլար գրագէտին կողմէ։ Ես խօսքը չեմ ըներ պատմողէ մը սպասուած խղճմտութեան, ճշմարտատիպ մնալու պարկեշտ, բայց զօրաւոր ջանքին ու չեմ ակնկալեր, որ գրողը ստուգէ, զննէ՝ գիտունի մեթոտով մը, որ կը փորձուի մեր օրերուն։ Բայց մենք իրաւունք ունինք մեծ ողբերգութեան մը պատմիչէն սպասելու իր տեսածներուն կարելի հարազատութեամբ հաղորդագրութիւնը։ Մենք շատ չենք սիրեր իր մտածումները, որոնք ընթացիկ բարոյախօսութեան աժան ու դիւրին տարազներ են ի վերջոյ։ Մենք արագութեամբ կը ցատկենք այսօր իր աստուածաբանական տեսութիւններուն վրայէն, քանի որ գիտենք, թէ անոնց տարողութիւնը տարրականին սահմանէն չանցնիր։ Բայց մենք կ՚ուզենք տեսնել վերջապէս այդ աղէտին տակ գալարուող մեր երկիրը: Պիտի կրնայինք գոհանալ պատերազմի մը անյաջող դրուագումովը, քանի որ վարդապետ մըն է զայն նկարագրողը։ Պիտի կրնայինք մեծ շարժումներուն ստուերովը բաւարարել մեր հետաքրքրութիւնը, քանի որ հեղինակին երեւակայութիւնը իրականին մէջ «անթռիչ» է, բայց չենք կրնար երկրի մը ներկայացուցած պատկերը տեսնելէ հրաժարիլ, երբ իր բանակը տարտղնուած է, երբ իր ամրոցները կ՚իյնան կամ կը դիմադրեն, երբ ժողովուրդը կը խոնարհի յաղթականին գարշապարին տակ ու նախարարներն ու բարձրաստիճան եկեղեցականութիւնը հաւերու նման շղթայակապ գերի կը տարուին։

Մի մոռնաք, որ Եղիշէ « Վարդանանց պատմութիւնը » գրելու համար միայն ճամբայ ելած է։ Արդ, մենք կ՚ուզենք գիտնալ գոնէ այդ նիւթին ամենէն կարեւոր դրուագները, որոնք ապահովաքար փոխանակուած նամակներ չեն կամ հարցաքննիչ ատեաններու ատենագրութիւններ։ Եթէ անձերու ստեղծումին համար իր ուժերը անբաւական ընդունինք, չենք կրնար սակայն անհուն աղէտի մը տեսարանին առջեւ քանի մը կցկտուր պատկերներով գոհացնել մեր այնքան գերագրգռուած գիտնալու պէտքը։ Ու Եղիշէ հոս կը դա ամենէն աւելի իր նպատակներուն։ Անիկա չտեսնող գրագէտն ուրիշ խօսքով՝ գիրքերու գործաւոր մը։ Մեր օրերուն այդ ձեւ գրողները համբաւի կը հասնին շատ դիւրութեամբ, տրուած ըլլալով ընթերցողներու ընդհանուր ծուլութիւնը, որ՝ չախորժիր անձնական ճիգէն ու ինքզինքը կը լքէ գրողին քմայքին կամ հովին։