Ա.
–
ՄԱՐԴԸ
1.
–
Ամփոփ
Կենսագրութիւն
Ա.
–
Ծննդաբանութիւն.
–
Շնորհալիի
քրոջը
եւ
Լամբրոնի
Օշին
իշխանին
զաւակն
է,
աւազանի
անուամբ
Սմբատ,
որուն
ծնունդին
շուրջը
սրտառուչ
աւանդութիւններ
կազմուած
են,
քերթուածի
մը
չափ
գեղեցիկ։
Ուշացող
ժառանգն
է
անիկա
Լամբրոնի
տունին,
ուխտով
մը
գրեթէ
բռնի
կորզուած
երկնքի
գութէն:
Աւանդութիւնը
տրամաթիկ
գոյներով
կը
ներկայացնէ
մանկան
վայելչութիւնը,
շնորհը,
ու
առոյգ
կորովը,
ա՛յնքան՝
որ
այդ
մանկահասակ
գեղեցկութեան
վայելքին
մէջ
իշխանն
ու
իշխանուհին
կը
մոռնան
գինը
այդ
զաւկին։
Ծանր
հիւանդութիւն
մը
զիրենք
կը
դարձնէ
իրենց
ուխտին
իրագործումին։
Ու,
տղեկը
առնուելով
դղեակէն՝
կը
յանձնուի
այդ
օրերուն
հռչակ
հանած
Սկեւռա
վանքին։
Բ.
–
Պատանութիւն
եւ
դաստիարակութիւն.
–
Կանխահաս
տղայ
մըն
է։
Իր
մեծաւորները
հիացման
մէջ
ձգելու
աստիճան։
Հեռու
է
իր
տարիքին
բոլոր
ախորժակներէն։
Իր
հաճոյքը
կը
կազմեն
առանձնութիւնը,
ընթերցումը,
խոկումն
ու
աղօթքը։
Կը
խորհիմ,
թէ
առջի
պատանութեան
այս
վարժութիւնները
պիտի
դիմանային
իր
կեանքին
ամբողջ
տեւողութեանը,
որպէսզի
գործունէութեան
բաղդատաբար
քիչ
տարիներուն
մէջ
անիկա
կատարած
ըլլար
այնքան
ընդարձակ
վաստակ։
Եկեղեցւոյ
սպասը
իր
խոնարհագոյն
աստիճաններէն,
վանական
կենցաղը
իր
խստագոյն
պայմաններուն
մէջ,
դարձեալ,
կը
խորհիմ,
անոր
տուած
են
բուռն,
անհանդարտ,
խստեռանդն
գործելու
կերպը,
որով
կը
զատուի
իր
կեանքն
ու
գործը
իր
ժամանակի
հանդարտ,
խոհեմ,
հայրագորով
հայրապետներէն։
Թէ
ինչ
սորված
կրնար
ըլլալ
Սմբատը՝
պատանին
իր
հօրը
հովանաւորած
վանքերուն
մէջ,
կը
մնայ
խնդրական,
գիտենք
սակայն
թէ
անիկա
կը
խօսէր
յունարէնը
յոյն
իմաստասէրները
ապշեցնելու
չափ
գեղեցկութեամբ։
Աւելի
վերջը,
երբ
Պոլիս,
կայսեր
նախագահութեամբ
կրօնական
ժողովի
մը
կը
մասնակցի,
կ՚ընէ
անմոռանալի
տպաւորութիւն։
Իր
մէկ
կենսագիրը
սապէս
կը
պատկերէ
այդ
վիճակը։
«
Մին
մարդ
ամէնքը
գերազանցեց
»։
Գիտենք,
որ
խաչակիրներու
արշաւանքով
Ռուբինեանց
հարստութեան
մէջ
լատիներէնը
ստացաւ
բարձր
շահեկանութիւն։
Լամբրոնացին
կը
խօսէր,
կը
գրէր
ալ
այդ
լեզուով՝
պապերուն
եւ
կայսրերուն
հաւանութիւնը
գրաւելու
աստիճան։
Իր
կենսագիրները
կը
խօսին
իր
ասորերէնէ
թարգմանութիւններուն
մասին։
Յիշատակութիւն
մը
չկայ
արաբերէնի
մասին։
Բայց
տրուածը
լաւ
է՝
ցոյց
տալու,
թէ
որ
աստիճան
ընդարձակ
գործունէութեան
կեդրոն
էր
այս
մարդը։
Պէտք
կա՞յ,
ճշդելու,
թէ
բոլոր
այս
ստացումները
միջոցներ
էին
աւելի
բարձր
նպատակի
մը,
–
իր
մտքին
տալու
ծանրութիւնը
իր
ժամանակի
լիակատար
ուսումներուն։
Եկեղեցւոյ
հայրապետ
մըն
էր
ան
ու
գիտէր
ամէն
ինչ,
որ
անհրաժեշտ
էր
բարձրաստիճան
եկեղեցականի
մը
համար,
որ
խոկալու,
գրելու,
վարելու,
հովուական
պաշտօններէն
անդին
ունի
նախադիր
մը՝
քաղաքական
տարողութեամբ:
Ան
կը
ներկայանայ
մեզի
իբրեւ
նուիրակ
երկու
մեծ
եկեղեցիներու
–
յոյն
եւ
լատին
–
միացման
գետնին
վրայ։
Դեռ
պատանի՝
հօրը
կամքն
ու
կտակն
էր
զինքը
տեսնել
Սկեւռա
վանքին
առաջնորդ
եւ
վարիչ։
Իր
խուսափումները,
մատաղութիւնը
անբաւական
եղան
սակայն։
Ն.
Շնորհալին
18
տարեկան
հասակին
մէջ
զինքը
ձեռնադրեց
քահանայ,
կարգին
հետ
տալով
նաեւ
իր
քրոջը
տղուն
իր
անունը։
Սմբատը
կ՚ըլլայ
Ներսէս
Լամբրոնացի։
Գ.
–
Ասպարէզ.
–
Սկեւռա
վանքին
ուսուցչութենէն
մինչեւ
Տարսոնի
արքեպիսկոպոսութիւն,
30
տարուան
սուղ
միջոց
մը,
Ն.
Լամբրոնացի
մեզի
կը
ներկայանայ
շատ
ուշագրաւ
նկարագրով
մը։
Ատիկա
մշտարթուն
եկեղեցականի
մը,
մեծ
երազներ
հետապնդող
տեսանողի
մը
եւ
կեանքի
դժուարութիւններուն
մէջ
անդադար
հակառակութիւն
ստեղծող
եւ
զանոնք
հարթելու
համար
ինքզինքը
սպառող
տարօրինակ
մարդու
մը։
Կիլիկիոյ
իշխանութեան
ամենէն
կարեւոր
մէկ
քաղաքին
–
Տարսոն
–
քսանամենի
արքեպիսկոպոս
ըլլալ,
հեքիաթային
լուսապսակ
մը
կը
բերէ
այդ
դէմքին։
Գործօն
սպասարկութեան
միշտ
պատրաստ
սա
մարդը
նոյն
ատեն
հայեցողական
ձեռնարկներու
սիրահար
մըն
է։
Կը
նշանակէ,
թէ
այդ
մարդուն
ձեռքէն
գրիչը
չէ
ինկած
մինչեւ
իր
մահը,
քանի
որ
իր
անունով
մեզի
եկած
մեկնութիւնները
միայն
կը
բաւեն
մեզի՝
յստակ
նկարելու
մշտագործօն
այս
միտքը։
Աշխարհէ
հեռու,
վանական
առանձնութեանց
մէջ,
դժուար
պիտի
չըլլար
ըմբռնել
Լամբրոնացիի
մեկնողական
վաստակը։
Բայց
գրեթէ
կեանքին
կէսը
ձիու
վրայ
անցուցած,
արքունիքէ
արքունիք
վազած
այս
եկեղեցականը
ե՞րբ
ժամանակ
է
գտած
իր
գրաւոր
վաստակը
իրագործելու,
կը
մնայ
զարմանալի։
Մեր
օրերու
պապական
նուիրակի
մը
վայել
ընդարձակ
ասպարէզ
մըն
է
Ներսէս
Լամբրոնացիի
երեսնամեայ
գործունէութիւնը։
Դ.
–
Գործունէութիւն
եւ
անոր
մէջ
մեծ
թուականներ.
–
Ներսէս
Լամբրոնացիի
գործունէութիւնը,
դիւրութեան
համար,
կը
տեսնեմ
երկու
մեծ
երեսներու
վրայ։
Անոնցմէ
առաջինը
նուիրակային,
եպիսկոպոսական,
ներկայացուցչական
իր
գործունէութիւնն
է,
ամենէն
արժէքաւոր
մասը
թերեւս
այս
մարդուն
եւ
ամենէն
աւելի
վիճելին։
Դեռ
16
տարեկանին՝
անիկա
իր
հօրը
շրջանակին
մէջը
ինկող
Սկեւռա
մեծ
վանքին
առաջնորդ
ընտրուելու
արժանիքներ
երեւան
կը
բերէ
–
չմոռնալ,
որ
անիկա
իր
կրթութիւնը
իրագործած
է
մաս
մը
հօրենական
տունէն,
մօրմէն
սորվելու
չափ
հելլէներէն
մաս
մըն
ալ
այդ
վանքերուն
մէջ,
որոնք
ճշմարիտ
իմացական
վառարաններ
են
այդ
օրերուն
–
քահանայ
ձեռնադրուելու
թուականը
քիչ
մը
հեռու
է
–
4
տարիով
միայն
–
Տարսոնի
արքեպիսկոպոսութեան
իր
պաշտօնէն։
Կազմակերպուած
Ռուբինեան
հարստութեան
մէջ,
Լեւոնի
աջ
բազուկն
է
անիկա
այն
ծանր
ու
դժուար
քաղաքականութեան
մէջ,
որ
այդ
արքային
պարտադրուած
է։
Խաչակրութեան
շրջանն
է,
եւրոպական
բանակներ
կ՚անցնին
Կիլիկիոյ
հողերէն
եւ
յարաբերութիւններ
կան
Պոլսոյ
եւ
Հռոմի
մեծ
աթոռներուն
հետ,
թագաւորին
համար
քաղաքական
հեռակէտներով,
հայրապետին
համար
եկեղեցական
անկախութեան
կորուստին
վտանգներով։
Լամբրոնացին
կ՚առաքուի
Լեւոնի
կողմէ
Շիկամորուսի
ընդառաջ,
կը
գործածուի
Արեւելեան
վարդապետները
համոզելու
փափուկ
դերին։
Կ՚ատենակալէ
Հռոմկլայի
մէջ
41
հսկաներու
ժողովի
մը
դեռ
30
տարեկան
չեղած
եւ
կը
դնէ
իր
գործին
տիրական
կնիքը,
որ
միացումն
է
բոլոր
քրիստոնէական
եկեղեցիներուն։
Տարսոնի
թեմին
սպասարկութիւնը,
Կիլիկիոյ
մէջ
զանազան
նոր
եկեղեցիներ
կառուցանելու
աշխատանքները,
հիները
նորոգելը,
մա՛նաւանդ
եկեղեցական
սպասներ
գտնելու
եւ
անոնցմով
այդ
տան
վայելչութիւնը
հետապնդել,
աղքատախնամ
–
ընդարձակ
գործունէութիւն
–
իր
հօրմէն
ստացած
30
000
ոսկին
պիտի
գործած
էր
30
տարուան
մէջ
այդ
նպատակներով
եւ
մահուան
դէմ
պիտի
ելլէր
մերկ
–
կը
կազմեն
այս
գործունէութիւնը։
Անշուշտ
Շնորհալիի
եւ
Տղայի
քով
իր
լեզուական
ընդարձակ
շնորհներով,
գրելու
լայն
դիւրութեամբ,
մանաւանդ
սրտագին
եռանդի
անհուն
մթերքով,
բարձր
իմացականութեան
թելադրանքներով,
անիկա
կը
կազմէ
տիրական
դէմքը
հայոց
հայրապետանոցին
ու
արքունիքին:
Սխալ
չըլլար
կարծել,
թէ
լատիներէն
գրելու
կարող
թերեւս
առաջին
մարդն
է
մեր
մէջ։
Ակնարկութիւններ
մը
կան,
թէ
ֆրանքներուն
հետ
ալ
իր
յարաբերութիւնները,
թղթակցութիւնները
կը
կատարուէին
անոնց
լեզուով։
Բայց
պայծառ
է
վկայութիւնը
իր
կենսագիրին
իր
յունարէնին
մասին։
Մահուընէ
քանի
մը
տարի
առաջ,
անիկա
Պոլիս
է,
աստուածաբաններու
ժողովի
մը
մէջ
խօսելով
յունարէնը
պոլսեցիկ
մը
աւելի
ազնիւ։
Վարչական,
նուիրակային
այս
գործունէութենէն
դուրս
Լամբրոնացին
կ՚ապրի
խօսելու,
հեղինակելու,
մեկնելու,
թարգմանելու
մշտանուէր
սպասի
մը
մէջ
այնքան
այլամերժ
կերպով
հետապնդուած,
որ
կ՚ենթադրեմ,
թէ
պատասխանատուն
է
անոր
վաղահաս
մահուան։
Կենսագիրները
կը
պատմեն,
թէ
անիկա
հաց
իսկ
ուտելու
ժամանակ
չէր
գտներ
–
յիշել
անեքթոտները
–
իր
եռանդն
այնքան
զօրաւոր
էր
եկեղեցին
յուզող
հարցերուն
կարգադրմանը
համար,
որ
եթէ
կրնար
ինք
անձամբ
առանձին
կը
պտըտէր
այդ
տեղերը
իր
արդէն
չարչարուած
մարմինը
ենթարկելով
ոտքով
կամ՝
ձիով
ճամբորդութեան
տաժանքին։
Մեզի
համար
իր
թուղթերը
կը
ներկայացնեն
իր
խառնուածքը
չափազանց
կրքոտ։
Կը
խորհիմ,
թէ
ներքին
այս
կտակը
զինքը
կանուխ
մաշեցնող
ուրիշ
ազդակ
մը
պիտի
ըլլայ։
Կան
այս
մարդերը,
որոնք
քառասմբակ
կ՚ապրին
եւ
ուրիշներուն
տարին
ամիսով
կը
վճարեն։
Ե.
–
Մահը
։–
Մեռած
է
յիսունէն
շատ
վար
–
46
–
սուրբի
մը
վայել
մահուան
հանդէսով,
գրեթէ
առանց
հիւանդութեան,
աստիճանական
սպառման
մը
մէջ,
որ
վկայաբանական
լուսապսակ
մը
կը
յօրինէ
այս
տարօրինակ
մարդուն
ճակատին։
Քերթուած
մըն
է
իր
մահը,
ինչպէս
գրած
է
Արշակ
Չօպանեան
ուրիշի
մը
մահուան
համար:
2.
–
Իր
Նկարագիրը
Ա.
–
Խստակրօն՝
մոլեռանդն
ըսելու
չափ.
–
Կեանքէն
բաւական
բան
ըսուեցաւ
ձեզի,
այս
մարդուն
մէջ
կրօնական
զգացումը
պատկերող։
Իր
մատաղ
մանկութեան
մէջ
իսկ
անիկա
եղած
է
կրօնական
զգացումներու
խոր
ընդունարան
մը,
զուր
տեղը
չէ,
որ
տղան
չեն
խաղար,
չեն
վազեր,
չեն
խառնուիր
իրենց
տարիքի
զուարճութեանց։
Վեց
տարեկանին
կ՚աղօթէր
եւ
կը
տպաւորէր,
տասնէն
նոր
անցած՝
իր
հայրը
զինքը
կը
հետապնդէր
լեռներէն
տուն
բերելու
համար,
ուր
գացած
էր
ճգնողական
մարզանքներու։
Իր
պատանութիւնը
քերթուած
մըն
է,
քանի
որ
վկայութիւն
կը
թելադրէ
իր
կենսագրին՝
վստահութիւնը
հրաւիրելու
չափ,
որպէսզի
Լամբրոնի
վիճակին
խոշոր
վանքերը
ենթարկուին
իր
առաջնորդութեան։
Այդ
տարիքին
իսկ,
անիկա
կը
թարգմանէ
վանքերու
յատուկ
կանոնագրութիւններ,
գլխաւորաբար
Ս.
Պենեդիկտոսի
կանոնները։
Բաւ
է
յիշել
այս
երանգը,
պատկերելու
համար
ձեզի
այն
անհուն
հմայքը,
որ
պէտք
է
ունեցած
ըլլայ
իշխանուհի
մօրը
եւ
քոյրերուն
վրայ,
որոնք
իրենց
հօրենական
դղեակէն
իրենց
կամքովը
կը
մտնեն
միայնակեաց
վիճակի։
Պատմութիւնը
կը
յիշէ
իր
քոյրերէն
Տալիդա
եւ
Շուշան
կրօնաւորուած
սրբուհիներ,
–
Մարիամ
իր
քրոջը
գիրք
մը
նուիրած
է,
որ
հաւանաբար
մօտ
զգացումներ
ունէր
հոգեկրթութեամբ։–
Քող
առած
իր
մայրը,
հելէներէնը
մայրենի
լեզուին
պէս
գիտցող
Շահանդուխտ
իշխանուհին։
Աղօթքը
իրեն
համար
աւելի
է,
քան
սնունդը
–
յիշել
իր
աշակերտին
վկայութիւնը
–
իր
գործին
մէջ
տարտղնուած
կատաղի
այս
զգացումը
վարակիչ
է
գրեթէ։
Թերեւս
այս
է
պատճառը,
որպէսզի
ինք
ըլլայ
նոյն
ատեն
հեղինակը
մեր
հին
մատենագրութեան
ամենէն
բիրտ
որակումներուն,
հակառակորդները
զգետնող։
Սրտառուչ
դրուագներ
են
իր
ճնշումին
իբր
արդիւնք
իր
երկու
քոյրերուն
կրօնաւորումը։
Մասնաւորաբար
պատարագամատոյց
ի
իր
մեկնութեանը
մէջ
իրեն
կը
ներէ
գրեթէ
ռոմանթիք,
հիւանդագին
զեղումներ
եւ
հոգեւոր
արթնութեան
վիճակներու
նշմարներ։
Այս
ամենուն
նուէրն
է
իր
գիրկնդխառն
անձնաւորութիւնը։
Բ.
–
Լայնամիտ՝
չհասկցուելու
չափ.
–
Ասիկա
կ՚երեւայ
գլխաւորաբար
իր
ատենաբանութեանց,
իր
առաքելութեանց
մէջ։
Հայոց
եկեղեցւոյ
պատմութիւնը
Լամբրոնացիի
հարց
մը
ունի,
բաւական
փշոտ,
չեմ
գիտեր
ուրկէ՞
եւ
ինչո՞ւ
կաթոլիկները
իրաւունք
կը
ճարեն
անոր
ատենաբանութիւններէն
հետեւցնելու
հայ
եկեղեցւոյ
անկախութեան
բարձումին
գնով
եկեղեցիներու
ընդհանուր
միութեան
մը
երազատեսը
ընդունիլ
զայն։
Իրողութիւն
է,
որ
լայն
են
իր
մտքին
դուռները։
Ըսի,
թէ
հակառակ
վիճակի
մը
եպիսկոպոսը
ըլլալուն,
անիկա
մեծ
գործիչի
մը
տիպարն
է։
Իբր
այդ՝
իր
եկեղեցիին
վիճակը
իրատես
դատումի
մը
ենթարկող։
Միւս
կողմէ՝
պէտք
չէ
մոռնալ
վերի
հատուածին
«խստակրօն»
եկեղեցականը։
Գրեթէ
առաջին
միտքն
է
մեր
մէջ,
որ
գործնականին
թելադրանքները
բարեխառնել
փորձէ
եւ
Շնորհալիի
օրով
սկսած
շարժումը
ջանայ
առաջնորդել
իր
փափաքելի
լուծումին։
Յետոյ՝
միշտ
պէտք
է
աչքի
առջեւ
ունենալ
ԺԲ.
դարը,
Խաչակիրները,
Ռուբինեանց
հարստութիւնը,
Պոլսոյ
եւ
Հռոմի
աթոռներուն
ցանկութիւնները,
դատելու
ատեն
այս
մարդը։
Հռոմկլայի
ժողովը,
որուն
նիւթն
էր
քրիստոնեայ
եկեղեցիներուն
միութիւնը,
մեզի
չի
տար
ո՛չ
մէկ
զիջումի
փաստ
հայ
եկեղեցւոյ
աւանդութիւններէն։
Եթէ
այդ
ժողովին
Ներսէսի
դէմքը
կը
պայծառանայ
իբր
միութեան
պաշտպան
առաքեալ,
միւս
կողմէ
պէտք
է
յիշել,
թէ
ինչպէս
այդ
ատենուան
Հայաստանը,
իր
վարդապետներովը
սուտն
ընդդիմութիւն
մը
կը
ցուցադրէ
մեր
եկեղեցին
ուրիշի
մը
ենթարկելու
ամէն
մտածումի։
Ներսէսի
խիստ
բառերը
այդ
մտայնութիւնը
խարանող
թերեւս
թիւր
եկած
են
օտարներու։
Միջին
կարծիքը
կը
մնայ
չափաւոր
եզրերու
վրայ,
տեսնելով
Ներսէսի
մտքին
մէջ
ճշմարիտ
իմացականութիւն
մը,
եկեղեցւոյ
բարիքովը
խանդավառ
եւ
անոր
փառքովը
նախանձայոյզ,
որ
սակայն
չէ
ըրած
էականէն
ո՛չ
մէկ
զիջում։
Կը
տարբերի
Շնորհալիէն՝
իր
վճռականութեամբ
հարցերը
լուծելու։
Բայց
անոր
չափ
հաւատարիմ
է
անոր
դարաւոր
անկախութեան։
Ու
ահա
այսպէս,
մէկ
մարդու
մէջ
լայնամիտ
վարդապետը,
կծու
երգիծողը,
խիստ
աւանդապահը:
Գ.
–
Մշտաշարժ՝
կանուխ
գերեզման
իջնելու
չափ.
–
Գիտենք
իր
կեանքը:
Պէտք
է
միշտ
տեսնել
իր
տեղափոխութիւնները
աշխարհի
աշխարհ,
պէտք
է
նկատի
ունենալ
մասնաւորաբար
իր
աթոռանիստ
քաղաքին
դիրքը
եւ
հայոց
հայրապետութեան
այդ
ատենուան
պայմանները։
Միտքէ
հանեցէք
այսօրուան
եպիսկոպոսները
իրենց
լայն,
խաղաղաւէտ
պայմաններով
եւ
կրօնական
սպասի
մէջ
մասնաւորուած
պարտականութիւններով։
Ամբողջ
Միջին
դարուն
եպիսկոպոսը
պետական
անձնաւորութիւն
մըն
է,
շատ
աւելի
գործօն,
քան
որեւէ
ասպետ։
Մեր
եկեղեցականները
չեն
յիշուիր
իրենց
քանակներով։
Բայց
անոնց
բոլորին
կեանքին
մէջն
ալ
վարչական
պաշտօններ,
նուիրակութիւններ,
երբեմն
դիւանագիտական
փափուկ
առաքելութիւններ,
աւելի
յաճախ
պառակտումներու
բուժիչ
դեր
մը,
եպիսկոպոսը
կ՚ընեն
մշտարթուն,
մշտաշարժ.
եւ
անոր
մէջ
գործի
կորովը
շնորհուած
է
Աստուծմէ։
Ըսի՞,
թէ
մեծ
ու
պզտիկ,
30է
աւելի
հատորներու
հեղինակ
այս
մարդը
ինչպէս
կը
ճարէ
ժամանակ
իր
բազմատեսակ
ծառայութեան։
Իր
Պոլիս,
Եգիպտոս,
Կիլիկեան
ճամբորդութիւնները,
զետեղեցէք
իրենց
ժամանակներուն
պայմաններուն
ծոցը։
Իր
հսկումները,
իր
հօտին
բոլոր
կարիքներուն
ընդառաջելու
իր
եռանդը
տեսէք
արդար
նայուածքով։
Մա՛նաւանդ
ճիշդ
չափեցէք
իր
խառնուածքը։
Խոհեմութեան,
լայնամտութեան
չափ
կիշխեն
իր
մօտ՝
գործի
կիրքը,
գործողութեան
զգայարանքը։
Դիւրին
չէ
միս-մինակը
6-7
լեզու
սորվիլ,
տակաւին
անկայուն
իշխանութիւն
մը
կրօնական
կազմակերպութեամբ
մը
ամրապնդել
–
Կիլիկիոյ
կրօնական
կազմակերպութեան
կ՚ակնարկեմ։–
Կը
հասկցուի,
թէ
ինչու
այդքան
կանուխ
ըլլայ
սպառած
այս
մարդը։
Դ.
–
Կրքոտ՝
իր
հակառակորդները
նախատել
զիջանելու
չափ.
–
Վերը
թուեցինք,
թե
ինչ
ծանր
որակումներ
անիկա
չէ
խնայած
իր
մտածման
հակառակորդները
որակելու։
Լեւոնին
գրուած
իր
թուղթը
եզակի
է
մեր
ատենագրութեանց
մէջ,
այդ
տեսակէտով,
կորով,
զարնելու
աշխոյժ,
ճիշդ
բառը
գործածելու
մէջ
քաջութիւն,
նկատումներէ
չտարուելու
չափ
արդար
դատում։
Անշուշտ
այս
նկատումները
ազդեցիկ
եկեղեցականի
մը
լիուլի
կը
պատշաճին։
Բայց
ահա
աւելին։
Անիկա
սա
ժխտական
դերին
մէջ
կերպով
մը
իրեն
կը
ներէ
մարգարէական
շունչ
մը,
թերեւս
արդիւնք
իր
խոր
ընթերցումներուն
մէջ
խորացուած
վարժութիւններուն։
Ամբողջութեամբ
Քրիստոսով
լեցուած
այս
մարդը
պիտի
չվարանի
ինքզինքը
գովել,
անշուշտ
ոչ
սնապարծութեամբ,
այլ՝
խոր
գիտակցութեամբը
մէկու
մը,
որ
վստահ
է
իր
ըրածին,
որ
կը
տառապի
իր
խորագոյն
զգացումներուն
մէջ,
երբ
մարդիկ
իրեն
կը
վերագրեն
իր
չունեցած
դիտումները։
Թերեւս
տարօրինակ
պիտի
գայ
ձեզի
մակդիրը,
որով
պատուած
են
զինք
կաթոլիկները։
Հայր
Ալիշան
կը
տիտղոսէ.
«Սիրելի
Ներսէս,
նաեւ
մեծ
շինող,
շնորհալի»։
Գրիգոր
Տղայ
կաթողիկոսի
թուղթը
առ
Տուտէորդի,
–
վստահ
եմ,
թէ
անիկա
խմբագրուած
է
Լամբրոնացիէ
–
կաթողիկոսի
մը
վայել
հայրական
շունչէ
հեռի
ըլլալու
չափ
տոգորուած
է
ուժգին
այդ
կիրքով,
որով
կը
զատուին
Լամբրոնացիին
թուղթերը
մեր
մէջ
ծանօթ
նամականիներէն։
Իր
անձնաւորութեան
սա
բարկ
գիծերը
երբ
այսպէս
կը
զատեմ,
տրտում
մտածումներէ
կ՚այցուիմ։
Նման
անձնաւորութիւնները
յաճախ
գժտութեան
առիթներ
են
եւ
փոխանակ
խաղաղութեամբ
աւարտելու
իրենց
դերը,
կրնան
կէս
ճամբան
իյնալ։
Չեմ
մեղադրեր
Լամբրոնացին,
որպէսզի
չըլլայ
յաջողցուցած
այնքան
ցանկալի
նպատակը
իր
կեանքին՝
եկեղեցիներու
միութիւնը:
Ժամանակը
ցոյց
տուաւ,
թէ
այդ
երազը
անմատչելի
երազ
մը
պիտի
մնայ
տակաւին
մինչեւ
այսօր։
Բայց
կ՚այցիմ
Շնորհալիէն,
Օձնեցիէն,
որոնք,
իրենց
ժողովուրդին
շահը
պաշտպանելու
կերպին
մէջ,
քիչ
անգամ
կիրքին
ու
բռնութեան
դիմեցին։
«Սիրելի
Ներսէսը»
ինքզինքը
սպառեց
այդ
կատաղի
եռանդին
մէջ
եւ
առնուազն
իր
անձին
կանխահաս
պակասովը
վնասեց
իր
հօտին։
Եւրոպայի
հետ
մեր
յարաբերութեանց
ամենէն
վճռական
կէտերոն,
անոնց
լեզուները
խօսող
ու
գրող
իմաստուն
գլուխի
մը
ստեղծելիք
օգուտը
ձեզի
կը
թողում
գնահատել։
Այդ
մարդը
ինքզինքը
կերաւ։
Ե.
–
Ազդեցիկ`
արքունիքներ
տապալելու
չափ.
–
Պատասխանատու
եկեղեցականի
մը
վրայ
հեղինակութեան
սա
հովը
աւելի
քան
արժանիք
մըն
է։
Եպիսկոպոսը
եկեղեցւոյ
աւագ
պաշտօնատարն
է
միշտ:
Եւ
այդ
դարերուն
–
Միջին
–
անոր
վիճակուած
է
հզօրագոյններէն
մէկը
–
Աստուած
ներկայացնելու
պաշտօնը
մարդկային
տկարութեանց
հեղեղին
դէմ։
Խօսք,
գրիչ,
կորով,
նոյնիսկ
քաջութիւն
կը
թուին
անբաւական
ինծի
համար,
երբ
կարգը
կու
գայ
մարդերը
սանձելու,
հսկայ
փառասիրութիւնները
զսպելու
այլապէս
դժնդակ
պաշտօնին։
Ն.
Լամբրոնացի
այն
քիչերէն
մէկն
է,
որոնք
այդ
տուրքերուն
վրայ
աւելցուցած
են
նաեւ
իշխանական
սա
հեղինակութիւնը։
Իր
կեանքէն
ձեր
գիտցածը
երբ
աւելցնէք
տոհմային
սա
ընդոծին
առաքինութեան
վրայ
–
իշխանազարմ
–
դուք
կ՚ունենաք
այս
մարդուն
ստեղծած
խորունկ
հիացումը,
ինչպէս
արտակարգ
հակամարտութիւնները։
Տեղ
մը
կարդացած
եմ,
որ
խեղդուող
կայսեր
–
Ֆրետերիք
Շիկամորուսի
–
դամբանականը
խօսած
ժամանակ,
ստեղծած
ըլլայ
խորունկ
յուզում։
Ծանօթ
են
ձեզի
Պոլսոյ
կայսերական
ժողովին
իր
խօսածին
հմայքն
ու
խօսքին
ուժը։
Ըսեր
եմ
ձեզի
Լեւոն
Բ.
ի
մեծ
վստահութիւնը
անոր
վարչական
ընդունակութեանց
վրայ։
Աշխատանք
է
իր
անխոնջութիւնը,
խօսքէ
իր
կրակը,
գործէ
իր
յանդուգն
սուզումները,
աղօթքի
ատեն
ինքզինքը
մոռնալը,
մեզի
կու
տան
զսպանակները
սա
պատկառանքին,
սա
հեղինակութեան։
Երբ
կը
կարդաք
Գր.
Սկեւռացիի
վկայութիւնը
այդ
մարդէն՝
յայսմաւուրքեան
սուրբի
մը
կեանքին
մէջ
կը
զգաք
ինքզինքնիդ։
Զեղչելով
հանդերձ
հռետորութեան
բաժինը
հատորիկէն,
մենք
կ՚ունենանք
դարձեալ
բաւարար
տարր
այս
ազդեցիկ
եկեղեցականին
դէմքը
շքեղազարդող։
Ինչ
որ
ալ
ըլլայ
մեր
ժամանակին
դատումը
իր
մասին
–
Մխիթարեանները
զինք
կ՚աստուածացնեն,
Արմաշականները
զինքը
կը
ջանան
ճիշդ
դատել
–
ինծի
կու
գայ,
թէ
անիկա
բացառիկ
տիպար
մըն
է
իր
ժամանակէն
շատ
վեր
եւ
իր
այդ
հանգամանքը
քաւած
է
անիկա
կանխահաս
իր
մահովը։
16
տարեկանին
Ս.
Գիրքը
մեկնել
յաւակնող
պատանին,
լիուլի
արդարացուց
Աատուծմէ
իրեն
յանձնուած
քանքարը՝
շահագործելով
իր
հասկցած
բարիքին
հաշուոյն։
Շատ
լաւ
չեմ
ճանչնար
մեր
եկեղեցական
մեծ
դէմքերը,
մանաւանդ
իրմէն
վերջ։
Ինծի
կու
գայ,
թէ
չունինք
երկրորդ
մը
իր
նկարագիրը
յօրինող
սա
գիծերը
այդպէս
ամրագին
տիրակալող։
3.
–
Համադրութիւն
Դէմքին
Մեկնելով
վերի
վերլուծումներէն,
դժուար
պիտի
չըլլար
յօրինել
սա
համադրական
պատկերը
մարդու
մը,
որ
գրեց,
գործեց,
խօսեցաւ,
մեկնեց,
թարգմանեց
եւ
իր
եկեղեցւոյ
գերագոյն
շահերուն
սպասարկեց
յուսումնահեղձ,
օրուան
տագնապրանքն
ի
վեր։
Եղաւ
ազատագրուած
իմացականութիւն,
բոլորանուէր
հասկացողութիւն
եւ
սիրտ,
գիտցաւ
անցաւորէն,
շրջանայինէն
ինքզինք
վերացնել
եւ
ըլլալ
մէկը
այն
քիչ
մարդերէն,
որոնք
կրկէս
կը
նետուին
աշխարհներ
նուաճելու
առաջադրութեամբ,
կը
պայքարին
իրենց
պայքարը
աննահանջ,
կը
սեւեռեն
իրենց
ժամանակին
խոր
կնիքը
իրենց
յիշատակին
վրայ,
կը
ստեղծեն
հիացում
եւ
հակառակութիւն
հաւասար
ուժգնութեամբ
եւ
կը
գոցեն
աչքերնին
իրենց
անաւարտ
երազին
վրայ,
մեզի
ձգելով
երբեմն
բզկտուած,
երբեմն
պատմուճանուած
իրենց
համբաւը։
Դարերու
փոշին
անշուշտ
կը
ձեւազերծէ
այդ
գիծերը
այդ
մարդոց
դէմքէն։
Այդ
ժամանակներու
անբաւական
սեւեռումները,
մեր
քաղաքական
եւ
ընկերային
կեանքին
տխուր
անցուդարձերը,
գրեթէ
աւլած,
տարած
են
մեր
մեծութիւններուն
մարմինները,
մեզի
կտակելով
աղօտակի
փշրանքներ։
Հետաքրքրուեր
եմ
տեսնելու
եւ
գտնելու
Ս.
Սահակ
Պարթեւը,
մարդ
մը,
որուն
գործունէութիւնը
մէկէ
աւելի
մատենագիրներ
կան
պատմող։
Անհուն
կեդրոնացում
եւ
ընդլայնում
անհրաժեշտ
եղան
ինծի,
մեր
պատմիչներէն
եկած
մեհենագրական
վկայութիւնները
բանալու։
Ըրի
աշխատանքը։
Գտածս
անորակելի
գեղեցկութեամբ
հսկայ
մըն
էր,
մեր
օրերու
հայրապետ
մը
կարծես,
դժբախտաբար
միայն
պատանութիւնը
կրցայ
նուաճել։
Ն.
Լամբրոնացի
այս
կարգի
անձնաւորութիւն
մըն
էր։
Ալիշան
անոր
նուիրած
է
իր
ջրոտ,
բայց
տարօրէն
տաք
ջատագովականներէն
մէկը։
Սկեւռացիի
հատորիկը
Լամբրոնացիէն
աւելի
ինքզինքը
կու
տայ։
Ինչ
որ
ըսի
Շնորհալիի
համար,
կը
կրկնեմ
հոս,
Լամբրոնացին
կը
սպասէ
իր
ստեղծիչին
–
մեր
բոլոր
սրբազան
հեղինակներուն
ճակատագրով։