Մեր մատենագիրները (վերլուծումներ)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բ. ԳՈՐԾԸ 

Հազիւ-հազ մօտեցայ գործին նկարագրին, վերի էջերուն մէջ կրկնութենէն խուսափելու համար։ Ն. Լամբրոնացիի գրական վաստակը համեմատած իր տարիներու փոքր թիւին, արժանի է որոշ գովասանքի։ Այս վերապահումս կու գայ անկէ, որ գործին ընդհանուր նկարագիրը, շրջանային տարողութեամբ մը ամրօրէն կաշկանդուած է։ Բոլոր իր գիրքերը կը բխին մէկ ու նոյն նպատակէն: Այս նպատակը եկեղեցական վարդապետի մը, մեկնիչի մը գերագոյն փառասիրութիւնն է։ Թէեւ իր կեանքին ելեւէջները զինքը կը դնեն բազմատեսակ փորձառութեանց դիմաց, բայց ասոնք անհատական եղած են այս մարդուն մէջ ստեղծելու հանճարեղ գրագէտը, որ իր մայր նպատակին քովն ի վեր, պատեհութիւն չի փախցներ նաեւ դիտելու իր շրջապատը։ Ճիշդ է, որ իր նամակներուն մէջ, ատենաբանութիւններուն մէջ, մենք կը հանդիպինք ամենէն սպէսիֆիք որակումներու, բայց չենք տեսներ մարդ, մտայնութիւն, ժողովուրդ, ինչպէս ատիկա հաստատեցի Շնորհալիին Ընդհանրական ին մէջ։ Դաւանաբանական մասը այդ գործին չի պատկանիր գրականութեան։ Եկեղեցիներու շուրջ իր թելադրանքները շատ ընդհանուր, շատ գրական, նույնիսկ հռետորական, մեր աչքին առջեւը չեն դներ իրողութիւնները, բարքի տախտակներ, որպէսզի մենք կարենայինք մեր պատմութեան ատաղձը ճարել անուղղակի կերպով անոնցմէ։ Լամբրոնացիի պատառիկներէն Հայ ժողովուրդ մը չ՚ելլեր, գէթ այն ճշդութեամբ եւ իրականութեամբ, զոր կը հաստատենք մեր միւս հայրապետներու մօտ։ Անտանելի է իր քերթողութիւնը՝ աւելի քան Շնորհալիինը։ 

1. Մեկնողական 

Հին Հայրապետներու ընթացիկ առաքինութիւնն է, որ Լամբրոնացին կը մղէ աշխատանքի։ Ատոնք դրուած են առաւելապէս վանական թելադրութեանց ի սպաս։ Դժբախտութիւն է, որ Լամբրոնացիէ մը մեզի եկած գործը իյնայ իր ստուարագին մասովը մեկնողական կալուածին մէջ։

Ա. Մեկնութիւն պատարագի. Յիշել գիրքին ոդիսականը, առեւանգում, եպիսկոպոսներէն մերժում, եւ իր կարծիքը։ Գիրքին համբաւը հայ գրականութեան մէջ եզակի է ու ատոր պատճառը չեմ գտներ։ Ունի բոլորովին տափակ մասեր, որոնք շատ լայն տեղ մը կը գրաւեն հատորին մէջ։ Ունի իսկապէս ներշնչեալ էջեր ալ։ Չեմ ուրանար հմտութիւն։ Կարդացած է նիւթին շուրջ Արեւելքն ու Արեւմուտքը։ Հիացում ունիմ իր եռանդին ու կրակին վրայ։ Բայց դուք գիտեք, որ սրտով չէ, որ կը մեկնեն, այլ՝ մտքով։ Երկար դարեր իր վայելած հիացումը Մխիթարեանները անզուգական կը գտնեն զինքը իր նմաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ անոր գրական արժէքը տարօրէն կը գերգնահատեն։ ԺԹ. դարու քննադատութեան չէ դիմացած։ Արմաշականները անտարբեր են անոր հանդէպ նոյնիսկ Օրմանեան կ՚արժեզրկէ զայն, կաթոլիկամիտ ուղղութեան մը ենթարկուած նկատելով հեղինակը։

Բ. Երկոտասան մարգարէները.

Գ. Գիրք Արարածոց.

Դ. Սողոմոն Առակներ, Ժողովող, Իմաստութիւն, Երգ Երգոց.

Ե. Դանիէլ.

Զ. Սաղմոս

Է. Մատթէոսի Աւետարան

Ը. Կաթողիկեաց Թուղթեր ։ 

Թ. Տէրունական Առակներ.

Ժ. Ննջումն Յովհաննու

ԺԱ. Տէրունական Աղօթք

ԺԲ. Հաւատոյ Հանգանակ ։ 

Յայսմաւուրքը կ՚ըսէ, թէ « մեկնեաց եւ զքարոզս եկեղեցոյ եւ զաղօթանին »։ Քարոզները կը հասկնամ, «զաղօթանին» հաւանաբար ըսել կ՚ուզէ մաղթանքները։

Դուրեան Սրբազանի կարծիքը՝ այս տեսակի գործերու մասին, պարտաւոր եմ ընդունիլ վճռական։ Վճիռս կու գայ Պատարագամատոյցէն, միւսները չեմ կարդացած։ 

 

2. Ատենաբանական 

Հանրածանօթ է իր ատենաբանութիւնը եկեղեցւոյ միութեան համար գումարուած ժողովի մը մէջ, ի Հռոմկլայ, իրողութիւն է, որ այդ ատենաբանութիւնը կը սկսի Տարսոնի եկեղեցւոյն յիշատակութեամբ։ Ստեղծուած շփոթութիւնը պարզ է [1] ։ 

Թուղթ առ Լեւոն արքան. Ամենէն արժէքաւոր մասը Լամբրոնացիի գործին։ Գրուած միութեան խնդրին լուրջ դարձեալ։ Բայց թանկագին անով, որ առանձնական գիր մը ըլլալուն, լեցուն է շատ շահեկան մանրամասնութիւններով։ Իր, արեւելահայ եպիսկոպոսներու, ժամանակակից իշխաններու, նոյնիսկ թուրք աւատապետներու նկարագիրներով։ Ասկէ դուրս, ոճին շարժումը, յուզումը, գրեթէ կիրքը, կու տան այդ տողերուն տեսակ մը ճշմարիտ ատենաբանական գնացք, շատ աւելի իրաւ եւ պարագայօրէն արժէքաւոր, քան իր միւս հանրահռչակ կտորները Տիեզերական ժողովի ատենաբանութիւն եւ հաւանաբար խօսած միւս ճառերը՝ Համբարձման, Ս. Հոգիի առիթներով։– Լամբրոնացիի անձնականութեան, կրքոտ  խառնուածքին, «անդուռն բերան»ին, տարօրինակ, որքան պատուական, վկայութիւնն է թուղթը։ Չեմ վարակիր մօտեցնելու զայն Փարպեցիի Առ Վահան Մամիկոնեան թուղթին, որ նույնքան թանկագին է՝ Ե. դարու մեր հոգեբանութենէն եւ բարքերէն իբր վկայաթուղթ։

Ճառեր. Թիւով հինգ, որոնցմէ երկուքը կը նկատուին գլուխգործոցներ, Համբարձման եւ Հոգեգալստեան սրտայոյզ էջերը։ Ալիշան, մա՛նաւանդ վերջինին մէջ մեր հին գրականութեան ամենէն արժէքաւոր էջը կը տեսնէ։ Կրօնականի չափազանցութիւն մը կայ այս վճիռին տակ։ Իմ կարծիքով՝ Հոգեգալստեան ճառին արժէքը իր յուզական տարրին գերակայութեան մէջն է։ Մտածող մարդը, իր նախադասութեանց մէջ բանականութեան յաղթանակին հետամուտ, Ն. Լամբրոնացի քիչ անդամ իր սրտին մտիկ ըրած է։ Հասկնալի ըլլայ թերեւս, որ իր լաւագոյն գործերէն մէկը՝ Պատարագամատույց ը, մեկնական գրուածք մը, իրեն արգելք հանդիսանայ անձնականութեան, այդ զեղումին, չափուած բարբառին մէջ իր խակութիւնը՝ ուրիշ արգելք։ Կը կարծեմ, թէ իր ճառերը եկեղեցւոյ բեմերէն, այդ տօներուն առիթով, ատենաբանուած ճշմարիտ էջեր են։ Ահա թէ ո՛ւր է բանալին անոնց հրապոյրին։ Բեմին վրայէն խօսք մը տաք, կրքոտ եւ յուզումով պէտք է ըլլայ եւ մատուցուի իր ունկընդիրներուն։ Մտածումը յատակն է ամէն ատենաբանութեան, բայց ոչ թէ այդ ատենաբանութիւնը։ Թերեւս սխալ չէ իր ճառերուն մէջ մաս մը տեսնել տաղանդի եւ արդարացնել հասարակաց կարծիքը, որ չվախցաւ անոր մէջ հեռուէն նշմարել Կիկերոն մը կամ Դեմոսդենէս մը։ Անցողակի դիտել կու տամ, որ մեզի եկած կտորները չեն պաշտպաներ նման կարծիք մը։ 

Կը յիշուին իր անունով ուրիշ թուղթեր « Առ Յակոբ ճգնաւոր », եւայլն, որոնց վրայ կարծիք չունիմ, քանի որ չեմ տեսած։

Վենետիկցիները Ընտիր մատենագիրք ընդհանուր տիտղոսին տակ, Լամբրոնացիի Պատարագամատոյց ին հետ տպած են նաեւ բազմաթիւ գլուխներ բովանդակող դիւան մը, որուն մէջ հաւատքի, եկեղեցական սպասներու, դաւանաբանական, ծիսական հարցերուն, քահանայական կենցաղի շուրջ շատ թանկագին մանրամասնութիւններ ընդելոյզ կը ներկայանան աշխարհիկ կեանքի շատ շահեկան եւ մեզի համար բոլորովին նոր մանրամասնութիւններով։ Ամէն հարցի շուրջ իր բոլոր ջիղերովը եւ միտքով ինքզինքը նետող սա մարդը կերպով մը իր ժամանակին անուղղակի ներկայացումը կ՚ընէ եւ դուք գիտէք, թէ որքան քիչ է մեր դիրքերուն մէջ իրենց ապրած ժամանակը։ Լամբրոնացիի ամէն ձեռագիր, թէկուզ դաւանաբանական, հռետորական, իմ կարծիքով՝ կը բերէ մաս մը բան շրջանին ապրումներէն։ Ուրիշ գրականութեանց մէջ ատենաբանական էջերը շատ–շատ պատմական տարողութեամբ մը ուշագրաւ եղան։ Այսօր իսկ կը կարդանք Դեմոսդէնէսը, զի անոր ճառերուն տակը շրջանին կեանքը սեւեռուած է որոշ քանակութեամբ։ 

 

3. Քերթողական

Ա. Շարականներ. Անոր կը վերագրուին « Այսօր յարեաւ », « Նորոգեալ կղզիք », Ս. Գրիգորի թոռանց « Որ զլոյս »ը։ Ասոնց մէջ բանաստեղծը չ՚երեւիր։ Դժուար չէ երեւակայել Տարսոնի եպիսկոպոսին ազդեցութիւնը, որով իր տաղաչափած մէկ քանի կտորները պարտադրած ըլլայ իր աթոռին ենթակայ եկեղեցիներուն արարողութեանց։

Բ . Ունի տաղեր, որոնցմէ ծանօթ են. 1. « Ի սիրելին իւր Յովհ. Աւետարանիչ փափուկ իմաստիւք »: 2. « Տաղ ի Հրեշտակապետս »: 3. « Ի սուրբն Գէորգ »: 4. « Ի թաղումն Տեառն, ազնիւ եւ խորազգեած »: 5. « Մեղեդի ի սուրբն Աստուածածին », « Քերովբէից գերագոյն »: Այս վերագրումները կու գան անուններով՝ Ալիշանի ուսումնասիրութենէն։ 

4. Թարգմանական

Զարպհանէլեան կը հաստատէ, թէ յոյն, ասորի, լատին եւ ֆրանք լեզուներ ունի բազմաթիւ թարգմանութիւններ։ Չեմ տեսած։ Հայր Ալիշան կը յիշէ կաթողիկոսի եւ եպիսկոպոսի օրհնութեանց կարգեր իրմէ ըլլան հեղինակուած։ Չկրցայ գտնել զանոնք, բայց վանական կանոնադրութեանց հանդէպ իր նախասիրութիւնը օտարներէն մեր մէջ փոխադրելու զանոնք կրնայ մեզի երաշխիք ըլլալ այդ կարգերուն իր կողմէ յայտարարուած ըլլալուն։ 

 


 



[1]        Թէ ծաւալը, թէ՛ գնացքը, եւ թէ շօշարուած նիւթը կը պատկանին աոանձնական ընդլայնման յարմար սեռերու։ Չենք կրնար երկու ժամ մարդիկը կեցնել եւ անոնց գլխուն մեկնողական կարդալ։ Այդ ատենաբանութեան մէջ Լամբրոնացիին ոճը կայ խանդոտ, ամուր, նոյնիսկ հռետոր, բայց ոչ այն մեծ խնդիրը, որ քրիստոնեայ եկեղեցիներուն այնքան ցանկալի միութիւնն էր, մինչեւ այսօր ալ չիրագործուած։ Իմ կարծիքովս ատիկա առանձինն մարզանք մըն է միութեան խնդրին շուրջ տեսական տարողութեամբ, բայց չի կրնար արտասանուիլ պատմական ժողովի մը առջեւ։ Մնաց որ, այդ ժողովին գումարման վայրը պատմութեամբ Հռոմկլան է, մինչ ատենաբանութիւնը կը սկսի Տարսոնի յիշատակութեամբ։