Մեր մատենագիրները (վերլուծումներ)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա.

Սրբոց Յակոբեանց տպարանը, «Դուրեան մատենադարան» ի շարքէն այս տարի հրատարակեց ուշագրաւ հատոր մը, Օրագրութիւն (Երեմիա Չէլէպի Քէօմիւրճեանի), ԺԷ. րդ դարու բազմարդիւն հեղինակի մը ձեռագիրներէն։

Գիրքը կը բացուի Թորգոմ Սրբազանի հակիրճ բայց այնքան ալ թելադրիչ մէկ ընծայական ովը, գործածելու համար այնքան իմաստալից, իրաւ եւ սակայն այսօր գահազուրկ բառ մը։ Անոր մէջ, լուսահոգի Պատրիարքը որ պատմա–բանասիրական, իր կարծիքով, շատ հաստատ զբաղումներու բարձր դերին վրայ երբեք չթուլցաւ իր հաւատքէն, միջոցը գտած է, ըսելո՛ւ՝ իր սրտին սիրելի շատ մը փափաքներ ու իր միտքը խանդավառող մտածումներ, մեր գրականութիւնը՝ ընդհանրապէս, մեր պատմագրութիւնը մասնաւորապէս՝ շահագրգռող հարցերու, ու ասոնց օգուտով ուսումնասիրութեան, լուծումին համար անհրաժեշտ ձեռնարկներում մասին։

Սրտայոյզ ու տրտում, սա կտա՛կը, մեծ բաներու ձգտող սա մարդէն, կրկնապէս որբ, անտերունչ (այսօր՝ աւելի քան երբեք) մտակրթանքի մը մասին, որ շուրջ երկու դար մեր կրօնական հաստատութիւններուն անձանձիր խղճմտութիւնը, պրպտումները, նախանձայոյզ աշխատանքը ունեցավ իրեն զօրավիգ, եւ որ, այսօր, ցեղային նահանջի ընդհանուր թափին մէջ, մեր արժէքներուն նուաղումին ակօսովը կը թուի ընկրկիլ, ինք իր մէջ, ու իր ճառագայթումին մէջ։ Անդէնէն երկարաձգւող մերամաղձոտկոչ մը ըլլար կարծես այդ երկիջեայ յառաջաբանը, որով Սրբազանը կը շարունակէ փառաբանել պատմա–բանասիրական աշխատանքին վրայ իր անմար հաւատքը, ինչպէս անյագուրդ ցանկութիւնները։ Ու սրտառուչ ալ է այդ հուսկ–բանքը, երբ կորով, կարողութիւն, Անեղին Աջին հովանին կը հայցէ հատորը մէջտեղ բերող Լուսարարապետ Մեսրոպ Արք. Նշանեանին ու այդ առիթով, բոլոր անոնց՝ որոնք Սրբոց Յակոբեանց « Գրչագրաց Մատենադարանի հարուստ գանձերէն » կեանքի պիտի արժեցնէին « նմանօրինակ   յիշատակարաններ »։ Պա՞րզ՝ դասը։ Չեմ տարակուսիր։ Բայց թախծագին է շեշտը պատգամին ու քիչեր պիտի զգային ատիկա։ Ամփոփ, լուրջ, քիչիկ մը  բեկուած, այդ ընծայականը ծրագիր մըն է ինքնին։ Թող ներուի ինծի հոս գրել թէ, երիտասարդ աբեղայ Թորգոմ Գուշակեան Արմաշի մէջ տարբեր չէր խօսած իր աշակերտներուն…։

Ընծայականին կը յաջորդէ Ներածութիւն [1] մը, 144 էջ, զոր խմբագրած է ձեռագրին հրատարակման տաժանքը ստանձնող (ուրիշ պատմութիւն, տագնապ սա պարզուկ բառին ետին) Մեսրոպ Արք. Նշանեան։ Կանխող ծանօթութեան մէջ, ես տուի մտածումիս հիմնական մասը այդ ներածութեան արժէքէն։ Կ՚աւելցընեմ հոս մտածումներու ուրիշ բաժին մը։ Կ՚ենթադրեմ թէ (ատկէ աւելի չեմ ներեր ինծի գետնի մը վրայ որուն սահմանները դուրս կը մնան իմ ձեռնհասութիւնէս) Երեմիայի Ներածութիւնը պիտի շահէր այլապէս, երբ իրագործէր շրջանին լիակատար վերարտադրումը, նուաճելով շատ ծփուն, խառնակ պատկերները այդ մարդոց ու տալով մեզի վճռական համապատկեր մը մեր մերձաւոր  պատմութեան սա շատ յատկանշական դարէն, որուն ուսումնասիրութիւնը անկարելի դժուարութիւններ չի յարուցաներ քանի որ Պոլսոյ, Երուսաղէմի դիւանները ունին անհրաժեշտ նախանիւթը։ Չմոռնալ Էջմիածինը ուր ձեռագիրներու ճոխ հաւաքածոն, հայրապետական դիւան մը, ու մեր պատմութեան համար անգնահատելի արժէքով աղբիւրներ կը սպասեն զիրենք օգտագործող ուժերու։ Երեմիայի առթիւ նման պահանջ մը ծանր չէ ինքնին, որքան ալ կը թուի ըլլալ առաջին ակնարկով, քանի որ ատոր կեպով մը դիմաւորումը կ՚ընեն առանձին աշխատանքներ։ Յետոյ պատմաբան գրողի մը դէմքը (որպիսին է իրականին Երեմիա Չէլէպի) յարմարագոյն առիթ մըն է արդէն վերակազմելու այդ դարուն լիակատար դիմագծութիւնը, միշտ չիյնալով բանասիրական ծանծաղուտին մէջ ու պահելով համադրական կառուցումներուն հեռապատկերը [2] իբր կէտ յանգումի։ Այնպէս ինչպէս որ կը ներկայանայ, այդ Ներածութիւնը կը լրացնէ ցարդ ըսուածները Չէլէպիի կեանքէն, կը պարզէ, ուրիշ ձեռագիր յիշատակարաններու օգտագործումով երեսներ, կողմեր որոնք առաջին անգամ կ՚երեւան ու ատով կ՚արդարացնէ վարկը, այնքան գեղեցիկ կերպով շնորհուած անոր հեղինակին, Դարանաղցիի հրատարակման առիթով։ Գիրքին ամենէն լաւ կազմուած մասն է անիկա ։ Եթէ այս հաստատումը Օրագրութեան վրայ ստուեր մը կը թուի տարածել, ատոր մէջ ոչ ոք է մեղաւոր, բացի Երեմիայէն։ Արշակ Չօպանեան շքեղ ներածութիւն մը հանած է Քուչակի տաղերէն որոնք չեն տժգուներ սակայն Չօպանեանի շնորհներուն դիմաց։ Գէորգ Ահվէրտեան (պատուական բժիշկ մը, արեւելահայ որ հարիւր տարի առաջ գրական–բանասիրական անդրանիկ աշխատութիւնը ստորագրած է յառաջաբանելով Սայեաթ-Նովայի տաղերը) արեւելահայ մեծ աշուղին, Սայաթ-Նովայի գործին եւ կեանքին նուիրած ներածութեան մէջ ըսած է զօրաւոր բաներ։ Այս երկու  անունները կը պաշտպանեն իրենցմով զբաղողները։ Երեմիան այս տեսակով նուազ բախտաւոր է ծնած։ Ասկէ անկախաբար Ներածութիւն ը տեսակ մը հրապոյր կը հայթայթէ հատորին, բաւական դիմացող, մինչեւ հարիւր մը էջ, ուրկէ անդին Չէլէպին կը մնայ միայնակ, ինքնիր հետ, ապագային դէմ։

 

Ներածութենէն յետոյ Օրագրութիւնը (1648-1662)։ Դժուար է անոր տալ վերադիր մը որ պատշաճ կերպով տարազէր զինքը։ Անիկա մեր պատմիչներուն ընթացիկ կաղապարէն հեռու է բոլորովին երբ դէպքերը կուտայ, թէեւ անոնց շուրջը իր մեկնողականը կը յիշեցնէ դպրոցը։ Քրոնի՞կ։ Բայց ինչպէս անուանել նման փառքով մը Երեմիայի Օրագրութիւնը լեցնող չնչին, հասարակ, օրացոյց էջերը որոնք գիրքին գրեթէ կէսը կը լեցնեն.

«Եւ Եշի (23 Ապրիլ ասի եւ Խտրէլլէզ տաճկի բառով, զոր իշատակ է Սրբոյն Գէորքայ զօրավարին»։

ուրիշ մը

«Կիրակի (31 Յունուար) Բարեկենդան Սուրբ Սարգսի»։

ուրիշ մը

«Պատրիկն Երուսաղէմի Յունաց եկն ի ԺԹ Հոկտեմբերի, յետ երից աւուրց գնացաք Չէլէպիւն (Ապրօ) ու նա»։

Այս անիմաստ տողերուն քով երկարաշունչ պատմումներ, օրուան ընդհանուր իրադարձութեանց շուրջ, քաղաքի մը մէջ ուր կեանքը չէ դադրած եղերական բեռ մը ըլլալէ գրեթէ ամէնուն, յաղթողներուն ինչպէս պարտուածներուն համար որոնց գլուխները կը թռցուին, պալատի պատուհաններէն դուրս կը նետուին ու կ՚ամբառնան ցիցերու ծայրը որպէսզի փողոցէ փողոց պտտին։ Պէ՞տք կայ ըսելու թէ այդ թուքի մէջ խղդուած թշուառ բաները օր մը առաջ կը փառաւորէին, կ՚երջանկացնէին իրենց ներկայութեան լոկ զիջումովը հազարներու աչքն ու սիրտերը քանի որ եպարքոսներու, զօրավարներու ուսերուն վրայ երկրին խելքը, ահը, ուժը կը խորհրդանշէին։ Այն տասնըչորս տարիները որոնց մասին յիշատակներ կը պարունակէ Օրագրութիւնը, Օսմանցիներուն կայսրութեան ամենէն բնորոշ մէկ շրջանին կը զուգատիպին։ Մշտական վերելքը անոնց բանակներուն վերածուած է թեթեւ նահանջի մը, տակաւին անորոշ, քիչերէ միայն ըմբռնելի։ Հունգարիան կորսուած է թուրքերուն համար բայց դեռ անոնց բանակները ահարկու են բաւական։ Մեծ եպարքոս Քէօփրիւլիւ Մէհմէտ  փաշան Վիէննայի պարիսպներուն առջեւն է երկրորդ ու վերջին անգամի մը համար։ Մայրաքաղաքը գազան կամ յիմար վեհապետներու բռնութեան տակ չի գիտեր ինչ ընել, ապրիլ կարենալու համար։ Փատիշահները ծպտուած փողոցները կը թափառին որպէսզի ծխախոտի արգելքին դէմ անսաստողները սպաննեն։ Եէնիչէրիները կացութեան վրայ ահարկու իրենց պեխերը, խանչէր ները կը դողացնեն ու հսկայ կայսրութեան մը իմացական, զինուորական, մշակութային կեանքը կը վերածեն անհուն կատակերգութեան։ Երեմիա գիտէ անունները Սուլթաններուն եւ եպարքոսներուն, եէնիչէրի աղասի ներուն եւ Միւֆթի ներուն. կուտայ անոնց ելլելն ու իջնալը։ Բայց չի կրնար լսուածէն անդին հետաքրքրութիւններ ներել իրեն, հետաքրքրութիւններ որոնք ի ծնէ պատմիչը, դատողը, համադրողը կը յատկանշեն [3] (աւելի անդին պատմիչը կը վեր լուծուի բաւարար լայնքով)։ Օրագրութեան մթնոլորտը յօրինող այս կեանքին քովն ի վեր, Երեմիա առաւելապէս զբաղած է իր ժողովուրդին անցքերովը, որոնց կարեւոր կեդրոններն են Պոլիս, Երուսաղէմ, Էջմիածին։ Այս մայր-կեդրոններուն շուրջ գոյ բոլոր հարցերը նօթագրուած են աւելի կամ նուազ երբեմն բնաւ շահեկան դրուագներու հանդէսով մը։ Կը գուշակէք թէ ինչ հսկայ շահագրգռութիւն կարող են արթնցնել մեր կեանքին սա ծալքերուն պարզումները, ոչ միայն իբր քաղաքական դէպքերու յեռում, այլ մանաւանդ իբր պատկերացում մեր մօտիկ անցեալին որ բառ է յաճախ ու երբեք թանձրացած իրողութիւն։ Պետական անցուդարձեր (հարկ չեմ տեսներ տարազին տակ թելադրելու աշխարհի ամենէն հզօր մէկ պալատին տռամաները, երբ կիներ, մանչեր, արկածախնդիրներ, մէկ օրէն միւսը այդ օրերու մեծագոյն կայսրութեան ղեկը ձեռք կ՚առնեն ու կը քշեն պետութեան նաւը, առանց հաւատալու բախտին որ զիրենք դրած է այդ փառքին ու աղէտին), քաղաքական յեղաշրջումներ (մէկ օրէն միւսը եպարքոսի մը պալատը աւերակոյտի մը կը վերածուի), ազգային բախումներ (որոնք տէրտէրի, թաղականի, եպիկոպոսի, կաթողիկոսի մրցակցութեանց դիւցազներգութիւնն են աւելի քան թէ պատմութիւնը մեր խելքին), ընկերային, ընտանեկան պայմաններ, բաւական կոկիկ թիւ մը յատկանշական անձնաւորութեանց, բոլորը իրարու խառնուած, անաւարտ՝ իբրեւ ձեւ ու պակասաւոր իբր խորհուրդ. Օրը օրին տոմարական արձանագրութեամբ, հազիւ պահելով պատմումին անհրաժեշտ թոնը։ Կը հետեւի թէ Օրագրութիւնը թերի է, ծրագրային։ Բայց, մեր բախտէն նորէն, այդ ուրուագրային հանգամանքին իսկ հակառակ, Օրագրութիւնը անփոխարինելի շտեմարան մըն է դէպքերու, որոնք , առանց անոր, պիտի պակսէին մեր պատմութեան։ Ու, հում նիւթով, առօրեայ իրականութեամբ, ականատեսի վկայութիւններով այնքան նիհար՝ իրական, մանր, առօրեայ ապրումին պատկերացման մէջ այնքան ապաբախտ մեր ազգային տարեգրութեանց  (annales) համար ինչ թանկագին նպաստ, սա Օրագրութիւնը թէկուզ քանի մը պատիկ ալ ըլլար վրիպած արուեստի արժէքներէն։ Փոխադրեցէք 1650ը 1000ի, 500ի։ Ու պիտի զգաք թէ ինչ պայծառութիւն, գոյն, շահեկանութիւն պիտի ստանային Ասողիկ ի պատմածները, նոյնիսկ Սքանչելի նկատուած Կորիւնին Ս. Մեսրոպի վարքը, որոնք չես կրնար ճշդել թէ որ ժողովուրդին կը պատկանին, հակառակ անոր որ մեր կեանքին խորհուրդովը գերյագ (saturé) գործեր են։ Օրագրութիւնը արուեստի գործ մը չէ, բայց կը գնէ ինքզինքը սուղ արժէքներովը ուրիշ գիծէ մանրամասնութեանց։ Մի՛ կարդաք անոր տղայական արձանագրութիւնները, բայց կեցէք զմայլուն այն էջերուն առջեւ ուր անիկա կը պատկերէ օրինակի մը համար թրքական բանակի մը Պոլսէն բաժանումը դէպի պատերազմ. ձեր մտքի աչքերուն պարզուածը դիւցազներգութեան վայել թաւալում մըն է պատկերներու, որոնց պատմական ստուգութիւնը ուրիշ արժանիք։ Կարդացէք մեր տէրտէրներուն կռիւները, բառ առ բառ ճիշդ, մինչեւ երէկ, Բերայի Երրորդութեան ջոջ քահանաներուն շրջանակը ոգեկոչող։

Օրագրութիւնը ունի երկրորդ բաժին մը։ Հաւաքում մըն է անիկա Երեմիա Չէլէպիի գրչի արդիւնքներէն։ Այս անջատ յաւելուածը հատորին կը բերէ գրական որոշ տարողութիւն։ Յաջորդ կամ վրիպած, այս կարգի կտորներ մանաւանդ բանաստեղծական կաղապարէ, միշտ յաւակնութիւն կը թելադրեն։ Ու գրականութիւնը դարէ դար ինքզինքը չի նորոգեր անշուշտ, բայց իր միջոցները կ՚ենթարկուին որոշ փոփոխութեանց։ Ամենէն խեղճ ֆրանսացի բանաստեղծը այսօր պիտի չփորձուէր ոտանաւոր գրել Հիւկոյի թէքնիկով։ Մեսրոպ Սրբազան Ս. Աթոռոյ «Ձեռագրաց Մատենադարան»էն Երեմիայի անունով գոյ բոլոր մանր այդ կտորները, քերթուած, թուղթ, ողբ, ուղերձ, գանձ հիւրընկալած է Օրագրութեն էն ներս։ Ու անշուշտ լաւ է ըրած։ Նկատի չունում այդ թղթեղէնին այսօրուան արժէքը։ Ի վերջոյ մօտ երեք հարիւր տարիներ մեզ կը բաժնեն այդ ոտանաւոր շաղփաղփութեանց օրերէն, ինչպէս կը թուին անոնք այսօր մեզի։ Բայց ունի՞ք ալ մտածած թէ մեր օրերէն երեք հարիւր տարի վերջը ի՛նչ որակում պիտի արժեւորեն մեր նոր քերթողութեան մեծ, կոթողակերպ փառքերը։ Փաստեր կան այդ որակումը անուղղակի ձեւակերպող սակայն։ Ահաւոր է մաշումը սա մեր աշխարհին վրայ։ Մեծափառ գործ մը, Վենետիկեան մեր հայրերուն գրաբար քերթողութիւնը, իր սրբազան որքան աշխարհիկ մշակներուն վաւերական, երբեմն մեծ տաղանդին [4] հակառակ, այսօր գունաթափ է հիմնովին ու, զիս կը տպաւորէ ճիշդ ու ճիշդ քանի մը հարիւր տարի առաջուան տաղարաններուն նման։ Ոչ ոք թող փորձէ ընդվզիլ սա ճակատագրական իրողութեան դէմ։

 

Օրագրութեան երկրորդ մասը կը կազմեն

ա) Թուղթեր (որ այդ ու աւելի հին դարերու գրականութեանց մէջ հոմանիշ է այսօրուան նամականիին), ուղղուած [5] զանազաններու։ Ասոնց պարունակութիւնը [6] դժբախտաբար չի պսակեր մեր ակնկալութիւնը, ըլլալուն՝ շատ թեթեւ, ապրուած իրականութենէն. ու, դէպքերու, եղելութիւններու, հարազատ վկայութիւններու փոխարէն (որոնք նամակները կ՚ընեն այնքան թանկ խոստովանութիւն շրջանի մը ճաշակէն, հոգեբանութենէն, տագնապներէն), ընդհանուր խօսքեր, աստուածաբանական յիշատակութիւններ (բնագրերու, սովորաբար Կտակարաններէն), ողբասացական ճոռոմ ընդլայնումներ, բացագանչութիւններ մեզ շնորհելուն։ Մարդ կը զարմանայ մտայնութեան մը առջեւ որով մէկը կը ներէ իրեն գրել նոյն էջին վրայ տող մը թուրքերէն, երեք տող հայերէն. յետոյ շարունակել փոխն ի փոխ, երկու լեզուներով միեւնոյն քարոզը որ մեզ կը նեղէ ոչ միայն իր անտեղութեամբը, այլ եւ հասարակութեամբը։ Ո՛ւր դնել, միւս կողմէն անխուսափելի, ահաւոր զարդարանքը հայ հին մատենագրութեան ամենէն մահացու մեղքերէն մէկը, քերթողական զառածումը որ երկու բառի տեղ երկու տասը կը սիրէ գործածել։ Երեմիա հիմնականին զգայարանքէն զուրկ է ծնած ու գրական իր օրերու նանրամտութիւնն ալ հագած է իբրեւ պատմուճան։ Այն ատէ՞ն։ Մի՛ աճապարէք։ Նոյն մեղքերը որոնք կը վիրաւորէն Օրագրութիւն ը, տիրական նաեւ Թուղթեր ուն մէջ, չեն կրնար խորտակել վաւերագրական արժէք մը որ միշտ կ՚ենթադրուի թէ կայ ձեռագրի մը ետին։ Եղիազար կաթողիկոսին Պրուսա գտնուած միջոցին ուղղուած քսան եւ չորս բաժինով նամակը ( Գ. Թուղթ, Օրագրութիւն ) կը քաւէ բոլոր մեղքերը միւսներուն։ Յովսէփիկին մահուան առթիւ իր տղուն Գրիգորիս վարդապետին ուղղուած Թուղթին մէջ ճշմարիտ գորւվ մը, ցաւ մը կը գտնեն մեր համակրութիւնը։ Վարդապետ տղուն մահը անոր քանի մը նամակները կը վերածէ արձակ, այդ օրերուն այդ ձեւով միայն գրուելիք քերթուածի մը։ Թուղթերը, մանրամասն վերածումէ անցնելով պիտի շահէին, ինչպէս շահած է Օրագրութիւնը Ներածութեամբ։

բ) Ուղերձներ, չափածոյ, զանազաններու ուղղուած։ Մը զբաղիմ միայն մէկ հատով որ 270 տողնոց տասնոտեան քերթուած մըն է, Լեհաստանի ազգային հերոս Յովհաննէս Սոպիէսքիի ձօնուած։ Վիէննան թուրքերուն պաշարումէն ազատող եւ թուրք ուժը Եւրոպայի կեդրոնական մասին մէջ վճռապէս խորտակող այդ թագաւորը դիւցազներգութեան ճշմարիտ տիպար մըն էր։ Ինչ սքանչելի  առիթ, որպէսզի իր ցեղին խորագոյն անարգանքը Երեմիա փորձէր թօթափել, թէեւ անուղղակի, բայց վերջապէս քրիստոնեայ թագաւորի մը յաղթական փառքին մէջ, քանի որ թուրքերը Դանուբ թափող թագաւորը օժտուած էր ասպետական բարձրագոյն առաքինութիւններով ու կը կազմէր յապաղած նմոյշ մը մեծհոգի հին իշխաններէն որոնք յանուն բարձր կիրքերու, գաղափարներու կ՚անցնէին բանակներու գլուխը եւ կը թափէին իրենց արիւնը…։ Երեմիայի գրչին տակ Աւստրիոյ ազատարար թագաւորը կը վերածուի սուրբ-գրական ճիղճ արքայիկի մը Դաւիթի, Սողոմոնի կաղապարէն որոնց զինուորական արժանիքները չեն որ թրքական գրոհը պիտի կասէցնէին դէպի Արեւմուտք։ Այս վրիպանքը աւելի քան ցաւալի է քանի որ քերթուածը ոչ ինչ կը պարունակէ գէթ այդ օրերու հզօր գաղութ լեհական հայերու բարքերէն, զգացումներէն։ Մնացեալ ուղերձներ ը, իրենց կարգին, ուղղուած են Չէլէպիներերու, Թէքիրտաղցի մտերիմներու, երէցներու, կաթողիկոսներու, իշխաններու, խոճաներու, երաժիշտներու եւ այլն։ Ուղերձ մը թուղթ մը չէ։ Կը հետեւի թէ որքան քիչ բան կը պատմեն անոնք շրջանէն։

գ) Գանձեր, Ողբեր, միշտ չափաբերուած, զանազան երեւելի մահ երու վրայ։

Բնագրական սա աշխատանքը ինչ տաժանք արժած է հրատարակչին. դուրս է մեր նիւթէն անով զբաղիլը, թէեւ քիչեր միայն գիտեն թէ բառ մը կարդալու, ճշդելու համար, ձեռագրէ մը, երբեմն օրերու պրպտում է հարկաւոր։ Ձեռագիր ըսուած անհեթեթ բանին հետ գործ ունեցողները միայն ճշդիւ կը գնահատեն տարողութիւնը սա հատորին վրայ վատնուած կորովին։

Աւելցուցէք երկու ալ Ցանկ

ա) Յատուկ անուններու

բ) Օտար եւ ռամկական բառերու ։

Ու, պատմա–բանասիրական հրատարակութեանց այնքան անհրաժեշտ ծանօթութիւններ, բաղդատութեանց արդիւնքը, ձեռագրի նմանատպութիւններ (fac-simile), ձեռագրային մանրանկարներէն լուսանկար արտատպումներ. կարճ՝ ամէն ինչ որ անհրաժեշտ էր նման հրատարակութիւն մը ընելու կատարելապէս արդիական։ Հիները, սերունդ մը երկուք առաջ, սրտագին պիտի ողջունէին ձեռնարկին ծանր բայց գեղեցիկ յաջողուածքը ու պիտի ըսէին.

Տէրը ըլլայ վարձահատոյց, Սրբազան։

Նորերը, տպաւորուելով հանդերձ աշխատանքին լրջութենէն, տարողութենէն, սիրելով նոյն ատեն այդ անշահախնդիր հետաքրքրութիւնները որոնց գինն է միշտ ժողովուրդի մը մշակոյթը, վարանոտ պիտի հարցընեն իրենք իրենց.

Չէլէպին կ՚արժէ՞ր սա վաստակը։

Ծանօթ է իմ կեցուածքը « ձեռագիր » երեւոյթին առջեւ։ Ատկէ անկախաբար, հետագայ վերլուծումը փորձ մըն է պատասխանի այդ հարցումին։

 


 



[1]        Կը խորհիմ թէ աւելորդ չէ թարմացնել յիշատակը ուրիշ աշխատանքի մը, դարձեալ միջոցներով Մեսրոպ Սրբազանի։ Դարանաղցի Գրիգոր Գրիգոր վարդապետին Ժամանակագրութիւն ն է ատիկա, լոյս տեսած՝ եղերական օրերու (1915), որ չունեցաւ արժանաւոր անդրադարձը, հասկնալի պատճառներով։ Այդ հատորին ալ մուտք կը ծառայէ Ներածութիւն մը, կենսագրութիւն համեստ տարազին ապաստանած։ Հոն, սակայն, Սրբազանը կը կիրարկէ եղանակ մը, չըսելու համար մեթոտ մը, որ այդ կարգէ աշխատանքներու համար կրնայ իբր տիպար ծառայել։ Ոչ ոքի համար գաղտնիք է, թէ պատմա–բանասիրական երկասիրութիւնները անհաճոյ բախտը ունին շատ փոքր թիւ մը մարդոց շահագրգռելու, եւ միջին ընթերցողը անպայման յոգնեցնելու, ինչ որ չափազանց կը սահմանափակէ անոնց ազդեցութեան շրջանակը։ Ու տարօրինակը այն է որ այս ակամայ անտարբերութիւնը հանդէպ գործերու ուր այնքան ծանր սպառում կայ կորովի, նիւթական յոգնութիւն, ու անձնուէր, նոր բառով մը ձրի ՝ խանդաւառութիւն, անողոք չըսելու համար տմարդի հատուցում մը կը դառնա տակաւ։ Նիւթերն ալ իրենց ճա­կատագիրը ունին հեղինակներուն նման։ Չոր, շատ մասնական, առաքումներով, մէջբերումներով, բաղ­դա­տումներով, վկայութիւններով ծանրաբեռն ու առնուազն քանի մը դարերու փոշին ու գերեզմանը հոտող այդ երկասիրութեանց մէջ, քիչիկ մը արեւ, շարժում, կենդանութիւն ստեղծելը դժուար եթե ոչ անկարելի առաջադրութիւն մը պիտի ըլլար։ Մեր լեզուով անիկա կը թարգմանուի կարդացուելուն երջանկութեան։ Ու քիչեր գիտեն համը գիրքերու որոնց հետն է միշտ բարիքը հաստատ բայց ոչ՝ խղդող, խօլաբուսային հմտութեան. Որոնք վկայութիւններ են մանրակրկիտ, պարկեշտ, « ակին իջնող » պրպտման, բայց այդ ահաւոր ճիգերէն, նահատակութենէն բան չեն պարզեր մեզի. որոնք հարցերը սպառելու առաջադրութիւնը գիտեն պահել համես­տու­թեան ոլորտի մը մէջ, ու այս բոլոր ծանր, յոգնեցնող զբաղումներուն կ՚ընկերեն հաճելի, թեթեւ, լուսաւոր շնորհներ, աւելի պարզ, աւելի ընտանի։ Այս վերջին պարագան, ոչ անհրաժեշտ զուտ բանասիրական գետնի վրա, գեղեցիկ յաջողութիւն մը, բարիք մը կ՚ըլլայ սակայն, քանի որ կը նպաստէ մեղմելու բանասիրական ին անխուսափելի չարութիւնը, գրադարանային, դամբարանային շնչումները։ Յետոյ, պէտք չէ մոռնալ որ նիւթին մեղքին քով կը կենայ աւելի զօրաւոր ուրիշ մեղք մը, արտայատութեան թափթփածութիւնը, որ անգիտակից պչրանք մը կը դառնայ կամաց կամաց։ Այս նշմարանքները իրենց պայծառութիւնը կը գտնեն երբ մեր բանասիրութեան արդի երկու դպրոցները բաղդատէք իրարու։ Ասոնցմէ մէկը Վիէննական շատ հմուտ, գերհմուտ աւանդութիւնն է, ուր խոշոր արհամարհանք մը կ՚իշխէ ամեն բանի դէմ որ թիւ, թուականի, բնաբանի, բառի, բաղդատական ցուցակի փաստ մը չէ (այսինքն որ գաղափար մըն է, հետեւաբար անձնական, հետեւաբար խոտելի)։ Միւս, արեւելահայ դպրոցը, Խալաթեանցի, Գ. Տ. Մկրտչեանի, Մանանդեանի, Կոստանեանի, Ադոնցի աւանդութիւնը որ կը կռթնի դարձեալ հաստատ, չըսելու համար իւլտրա գիտութեան, բայց կը սիրէ մտածել, դեպքերը լուսաւորել ուրիշ գիտութիւններու լոյսովը (պատմութիւն, մարդաբանութիւն, հոգեբանութիւն, օրինա­գիտութիւն եւ այլն) ու համադրումը կը հետապնդէ, ընծայելով մեզի  իրական վայելքներ։ Այս վերջին դպրոցը հնութեան փաստերը կ՚ընդարձակէ, կ՚ազատագրէ, հասնելու համար զիրենք ստեղծող երեւոյթին ըմբռնումին։ Ու ասոր սիրոյն մենք կը հանդուրժենք շատ բան։ Կարդացուելու հարցը ուրեմն լեզուական ծիծաղելի առարկութիւն մը չէ, այլ շատ աւելի բարձր տարողութեամբ առաքինութիւն մը։ Պաշտօնական այս դպրոցներէն վար կը կենայ ուրիշ մը, որ ոչ գիտուն է ոչ ալ համալսարանական։ Որուն յաւակնութեանց շրջագիծը համեստ է ընդհանրապէս։ Որ կենսագրութիւն, հաւաքում, ամբարում կը հետապնդէ եւ կ՚ըլլայ ձանձրալի կամ հաճելի, համաձայն հեղի­նակին։ Չեմ զբաղիր թխրումի ասպետներով, բայց կը կենամ անոնց առջե՛ւ որոնք Վիեննական կամ գերմանական համալսարան մը առանց աւարտած ըլլալու, մեզի կը խօսին հաճելի, տանելի, երբեմն շահեկան, միշտ օգտակար բաներ։ Արդ, Մեսրոպ Արք. Նշանեանի ներածութիւնները (որոնք) բանասիրական փոքր կառոյց­ներ են կը կարդացուին ։ Ու կը կարդացուին ոչ միայն միջին միտքով մարդոցմէ, այլ եւ անոնցմէ որոնք սոսկա­կան հատաքրքրութիւններէ վեր շարժառիթներով կը մօտենան նման ձեռնարկներու. ըսել կ՚ուզեմ՝ ասպարէզէն բանասէրներու կողմէ։ Տկարութիւ՞ն, առաւելութիւ՞ն։ Ասոնք բառեր են եւ ուրիշ քիչ բան։ Մեսրոպ Սրբազանի երկու ներածութիւններն ալ զգոյշ են բանգէտ յաւակնութիւններէ, անիմաստ յախուռն, պղտորումէ դուրս ոչ մէկ արդիւնքի հասնող ընդհանրացումներէ (օրինակ մըն է նման համադրումի Հ. Ակինեանի փորձը Եղիշէ ն վերլուծելու ու գտնելու բաներ որոնք որ եւ է կապ չունին Եղիշէ ըսուած երեւոյթին բուն իմաստին հետ, գերա­զանցապէս գրական հա՛րց, քանի որ այդ հատորը կրնար գրուիլ առաջին ինչպէս տասնըհինգերորդ դարերուն ու կը պահէր ինքզինքը, յօրինուած ըլլալուն բանասէրներէն չկասկածուած արժէքներու ճարտարա­պե­տութեամբ մը), ուշադրութիւն հրաւիրելու գինով կրկնուած յանդգնութիւններէ, կարճ՝ այն յոխորտ, այլամերժ, անտանելի ոգիէն որ բանասիրական аventurе ը կը յականշէ, ամէն անգամ որ արկածախնդիր ասպետը մտադրած է նոր կղզի մը գտնել, Սանքոն վարձատրելու համար։ Ներածութիւններ ն ալ զերծ են դարձեալ, միւս թերութենէն, տափակ, անկնիք ներկայացման թերութենէն որ աս ու ան մարդուն գրչին տակ ձեւը կ՚առնէ հասարակ, անհրապոյր կենսագրումին։ Խելք մը պէտք էր, երկու վտանգները զգալու եւ անոնցմէ խուսափելու, զոր ճարելու համար պայման չէ սակայն  արեւելեան լեզուներու դոկտորի համալսարանական վարշամակ վկայական մը։ Մեսրոպ Սրբազան կը կարդացուի, նոյն ատեն, ոչ ալ ոճին շնորհիւ, որ թէեւ առաջնակարգ ազդակ մը, մինակը անբաւական պիտի ըլլար իրողութիւնը բացատրելու։ Ինծի կուգայ թէ բանասիրական զգայարանք մը միշտ մինակ չ՚աճիր մարդոց մէջ։ Հոն ալ, ինչպէս ստեղծագործ երկունքի  բոլոր տեսակներուն մէջ գոյութիւն կրնայ ունենալ բնազդ մը (հիները տաղանդ, ընդունակութիւն պիտի ըսէին) հիմնականը նախազգալու, փնտռելու ու անգամ մը զայն գտնելէ վերջ, գործը ենթարկելու անոր ոճին ։ Այդ ատեն, միշտ կ՚ենթադրեմ, մեզի  խնայուէին պիտի անտանելի շեղումները որոնք մեր արդէն չկամ ուշադրութիւնը տարտղնելու միայն կը ծառայեն։ Այս շեղումները, արկածախնդրական կառուցումները, ու հետեւակ ընդօրինակութիւնը (ուրիշ դպրոց) չեն վտանգեր Մեսրոպ Սրբազանի յեղումը։ Յետոյ, նկատի առէք ոչ նուազ յատկանշական պարագայ մը։ Դարանաղցին որոշ արժէքով գրող մըն է։ Երեմիան հասարակ նօթերու արձանագրիչ մը։ Դժուար կը կարդանք Օրագրութեան բնագիրը, բայց հաճոյքով՝ Ներածութիւնը ։– Փաստ թէ յարդարուած է թափթփածութիւնը ու ձեռք ձգուած ակօսը պատմումին։ Բան մը կ՚ըսէ՞ այս հաստատումը։ Ապահովաբար։ Ու ըլլալու համար աւելի յստակ՝ կը յայտարարեմ թէ պէտք չունիմ՝ ասպարէզէն բանասէր մը (յարակից բոլոր շքանշաններով ծանրաբեռն), մեծատաղանդ գրագէտ մը (յարակից բոլոր տիտղոսներուն ալ նանրութեամբը), հոգեբան պատմագիր մը պայման դնելու որպեսզի գրուին բաներ որոնք կարօտ են աւելի համեստ, բայց աւելի տոկուն տուրքերու։ Դասաւորման զգայարանք, անհրաժեշտը զատող բնազդ, չափաւորութիւն, խանդ, պարկեշտութիւն։ Ահա առաջնակարգ յատկութիւններ որպեսզի իրենցմով կանգուն գործերը կարդացուին։ Դարանաղցիի ներածութիւնը քառորդ դարով կը կանխէ Չէլէպիին ներածութիւնը, բայց կը վկայէ մեթոտէն։

[2]        Հոմերոսի Ոդիսական ին նորոգ թարգմանութիւնը ( Վ. Պէրար ) նմոյշ մըն է այդ կարգէ կարելիութեան։ Ֆրանսացի թարգմանիչը բնագիրներու ուսումնասիրութիւնը վերածած է  քաղաքակրթութեան հոյակապ պատմութեան մը որ կը դնէ մեր առջեւ, կարելի ամփոփութեամբ ինչ որ այդ քերթուածը ստեղծած է։ Արդէն հին բնագիրներու շահեկանութիւնը այս նպատակներով կ՚արդարանայ։ Որքան քիչ բան հասկցած է Հոմերոսէն Հ. Արսէն Բագրատունին երբ ի հայ յեղած է Իլիական ը։ Բանասիրութիւնը, նկատի առնուած ոչ թէ բառերու, ձեւերու, տառերու քննութիւն, այլ կեանքի խտացած նշխարներու վերլուծում (բառին տուէք գիտական առումը), կ՚ըլլայ ամենէն շահեկան զբաղումներէն մէկը. Քաղաքակրթութեան պատմութեան անփոխարինելի օժանդակը ու մեռած արժէքներու վերագիւտին առաջնորդ սրբազան զբաղում մը։ Ականջը խօսի Վիեննական Հայրերուն։

[3]        Աւելի օժտուած մարդ է  Կամախեցի Գրիգոր վարդապետ (Դարանաղցի) որ, Երեմիային նման ժամանակա­գրութիւն մը թողած է նոյն այդ դարէն, սա ալ հրատարակուած ջանքովը Մեսրոպ Սրբազանի։ Դարանաղցին աչք ունի։ Կը տեսնէ տեսնելու արժանի բաներ։ Պտտած է Երեմիային նման, բայց իր յիշատակները միշտ կը պարզեն հասկացող, գործի որոշ զգայարանքով ճոխացած տիպարը որ իր պաշտօնին բերումովը (նուիրակ է եւ առաջնորդ) ստացած է որոշ փորձառութիւն, ճանաչողութիւն, մանաւանդ արեւելեան թափանցողութիւն մը որով կրօնականը կը զատուի պազիրկեանէն, վարելու համար իր խնամքին վստահուած բազմութիւնները։ Ժամանա­կա­գրութիւն ը (Դարանաղցի) կենդանի է, օրուան պատմութեան մը չափ, հետաքրքրական՝ վեպէ մը աւելի. Դէպքերով, դէմքերով, մտայնութիւններով հարուստ։ Համադրեցէք այս հանգամանքները ու դրէք փորձա­ռու­թեանց, յարաբերութեանց ծիրին մէջը մարդու մը որ ծնած է մարդերը վարելու որոշ տուրքերով։ Դուք կ՚ունենաք քաղաքական գործիչը երկրորդուած գրագէտով մը։ Ու Ժամանակագրութիւնը ո՛չ մէկ էջի մէջ կը թուլնայ իր շահեկանութենեէն։ Կենալով միայն այն հում նիւթին դիմաց որ  շտեմարանուած է հատորին 600է աւելի էջերուն մէջ, մենք յարգանքէ վեր զգացումով կը լեցուինք այս արժանաւոր կղերականին տաղանդին համար։ Ի՜նչ փոյթ որ անոր դրուագումը շեղի ազգային աւանդութեան սիրական մեթոտէն, քերթողաբար պատմելու թշուառունակ սոփեստութենէն։ Կարդացէք յարգի պատմիչ Սեբէոսը կամ Դրասխանակերտցին կամ Արծրունին (Թովմա) ու բաղդատեցէք ասոնց շքեղ ցամաքութիւնը (Սեբէոս) կամ հռետորութիւնը (Յովհաննէս եւ Թովմա) Դարանաղցիի պամումին բնականութեան, կենդանութեան ու շահեկանութեան հետ։ Քիչ գիրք կայ, հիներուն մէջ որ մեզ այս աստիճանով հաղորդ պահէ լայն, ըստ բաւականի գոհացուցիչ, անաարկելի իրականութեան հետ։ պարզուկ քրոնիկագիր մը։ Անշո՛ւշտ։ Բայց ուրիշ ի՞նչ է արդէն մեր գրականութեան կախարդական մէկ ուրիշ հատորը որ կ՚անուանի Փաւստոս Բիւզանդ ։

[4]        Դժուար եթէ ոչ անկարելի՝ ուրանալ տաղանդը մարդոց որոնք կ՚անուանուին Բագրատունի, Ալիշան, ՀԻւրմիւզ, Պէշիկթաշլեան, Թէրզեան, կենալու համար ամենէն շքեղներուն առջեւ։ Բայց այս անուններուն կապուած գո՞րծը։ Կը կարդանք, կարդացած ըլլալու համար։ Տաղանդը անզօր է ահաւասիկ ազատելու այդ գործերուն ալ անդարձ դադրող բախտը։ Եւ սակայն վայրեան մը բարի եղէք վերակազմել այն հոգեկան հոծ ապրումները, որոնք այդ գործերուն արդիւնքը էին մեզ անմիջապէս կանխող սերունդին մէջ։ Համաշխարհիկ տարողութեամբ գրական հսկայ նուաճում մը կ՚որակուէր Հայկ Դիւցազնը որ ծնած օրն իսկ տաղաչափուած նկարագրութիւններու հանդէս մըն էր եւ ոչ աւելի։ Ի՞նչը միջամտեց որպէսզի այդ նկարագրական զարդարուն բայց ոսին ոտանաւորը նմանցուի արուեստի անմահ փառքերուն։ Գաղտնի՛ք։ Ուրիշ նման մեծութիւն Նուագք տիտղոսին տակ տեղաւորուած հասարակ–տեղիք քերթողութիւնը։ Տերունի, Մաղթանք, Մանկունի եւ տակաւին ուրիշ բաժիններ, Ալիշանի դիւանէն, իմ վրայ կ՛ընեն մեկ ու նոյն տպաւորութիւնը զոր ըրին Երեմիա Չէլէպիի գանձերը, ուղերձները, ողբերը ։ Հիւրմիւզի բանաստեղծութիւնները գրաբար հատընտիրի մը մէջ ունին իրենց արդար տեղը ու կը ծառայեն լեզուական շնորհներ փաստելու (ասկէ դուրս անոնց հմայքը զառամ երեւակայութեանց վրայ հոգեբանական երեւոյթ մըն է որ կը բացատրուի մեր տարիքին մեր վրայ առաջ բերած խաթարումներուն արդիւնքը իբրեւ)։ Ուր չէ պարագան Մ. Պէշիկթաշլեանի գրաբար քերթողութեան (ուր սիրայինները կը պահեն ճշմարիտ կրակը ստեղծագործ յուզումին ու շատ բան կը թելադրեն բանաստեղծական յղացքը լուսաւորող), Թէրզեանի քնարական խաղարկութեանց երբ ոտանաւոր գրելը մաս կը կազմէր մեր պաշտօնական պարտքերուն, ու Խրիմեանի Հրաւիրակներ ուն, որոնք մրցումով գրուած բաներ են, քերթուած ըլլարէ շատ հեռու։ Ու փոխադրցէք հարցը աշխարհաբապ արտայայտութեամբ քերթուածներու վրայ։ Ի՞նչ կ՚ազատի գերահանճար Եղիայի քերթուկներէն։ Այս գրողներուն տաղանդը չէր անշուշտ պատասխանատուն այդ պատուհասումին, որ գործն է ժամանակին, ան ալ ոչ քանի մը դար, այլ սանկ 60-70 մը տարիներ, այսինքն երկու երեք սերունդ։ Դա՞սը։ Ա՛ն՝ որ մեր նախնիքներէն մեզի հասած ամէն փշրանք, անկախաբար այսօրուան չափերով, ճաշակով պարզելիք իր արժէքէն, շահեկանութենէն, ինք իր մէջ, ինք իր համար թանկ վկայութիւն մըն է։ Այս վարկածը անգամ մը ընդունելէ յետոյ մեր չկամութիւնը, դժգոհանքը պիտի կրնանք մեղմել երբ մեզի հասած գործերու մէջ արուեստին դէմ մեծ մեղքեր ալ ըլլան արձանագրուած։ Ու այս մտահոգութիւնն է որ կը մղէ մեզ երբ կը պահանջենք հրատարակութիւնը ամէն նշխարներու, յիշատակարան, տաղ, գանձ, տեղեկագիր եւ որ ի կարգին։ Անոնք մեզ անտարբեր կրնան ձգել իբր արուեստի էջ, բայց մեզ կը հրապուրեն իբր վկայութիւններ օր մը  տիրող, հզօր ճաշակներու, մտայնութիւններու եւ իբր այդ, ցեղին ընդունակութեանց մէկ բեկորը կ՚առբերեն։ Հայ էջերը, քաղուած մեր հին գրողներէն. ոչ՝ իրենց անիրական, անգոյ գրական արժէքներուն հաշւոյն, այլ իբրեւ տախտակները մեր հաւաքական զգայնութեան։ Ամենէն անհանդուրժելի գրողն իսկ բան մը կ՚ապացուցանէ։ Դուք չէք գիտեր թէ ինչ այլանդակ ոճաբան մըն է Է. դարու գրող մը, անունին նման, Քռթենա­ւոր, իր ահաւոր բարդութիւններով, ածանցումներով որոնց յանդգնութիւնը չիքի կը վերածէ մեր Չրաքեանին ոճէ զառածումները։ Արդ այդ երիցս մեղաւոր աստուածաբանը մեր լեզուին ընդունակութիւններէն շատ բան կը թերադրէ, այդքան վարերէն։ Թող մեղմէր իր եռանդը. թող անցընէր զայն դասական յղկուէն։ Այդ լեզուն շատ աւելի հզօր գաղափար մը պիտի տար մեզի քան Եզնիկի ճոխ, պարզ բայց անթռիչ բարբառը։ Քերականութիւն մը փաստ մըն է քաղաքակրթութեան մը, բայց չէ այդ քաղաքակարթութիւնը։

[5]        Ահա կարեւոր հասցէներ ( Առ Աստուածասէր ոմն պարոն ։ Քանի մը հատ՝ Առ Եղիազար կաթողիկոս, Ագուլեաց տեառն Պետրոսի աստուածաբան վարդապետ ի ։ Չորս հատ՝ Առ որդին իւր Գրիգոր[իս] վարդապետ։ Առ Խօսրով՝ մինչ կայր ի բանտն յԷտնու։ Առ եպիսկոպոս ոմն։ Առ անծանօթս ։ Իր տղուն, Գրիգորիս վարդապետին մահուան առթիւ չորս հատ։ (Աւելն անդին տեսնել ասոնց տարողութիւնը)։

[6]        Նամակագրական սէռ մը գոյութիւն չունի մեր մատենագրութեան մէջ, թէեւ մեր պատմիչներուն մէջ շատ  է թիւը այսպէս որակուած Թուղթերուն, որոնք ըստ մեծի մասին՝ խմբագրուած են հեղինակին կողմէ, պատասխանն ալ միասին։ Անոնց վաւերականութեամբ ազատ են զբաղելու, ուզածնուն չափ բանասէրները։ Գրագէտը ատոնց մէջ աւանդ հաւանական  հոգեբանութիւնը պիտի փնտռեր։ Ու այդ գետնին վրայ անոր գտածը ահաւոր դատար­կու­թիւնն է։ Ամենէն բախտաւորը Մագիստրոսի (ԺԱ. դար) անունով մեզի հասած հաւաքումը, քանի որ Իննըսունի մօտ է նամակներուն թիւը։ Բայց որա՞կը։ Տէրը ողորմի այն մարդուն համբերութեան որ պիտի աշխա­տէր ահաւոր այդ բառակոյտէն կեանքի ստուեր մը ստեղծել։ Կ՚ըսեմ այսպէս ու կը ղրկեմ ընթերցողը Վիեննայի շատ յարգի, գերհմուտ վարդապետի մը գրքին, նուիրուած Մագիստրոսի մէկ էջնոց նամակի մը լուծումին ։ Վարդապետը իրագործած է այդ tour de force ը, մօտ երկու հարիւր էջ սպառելով այդ լուծումը յաղթահարելու համար։ Ի՛նչ կը կարծէք որ ըլլայ նիւթը այդ Գամագտական ին (նամակին սկզբնական բառը)։ Շատ պարզ բան մը. Յանդիմանութիւն՝ տգէտ, յաւակնոտ յոյն քահանայի մը որպէսզի չ՚ելլէ վեր իր կօշիկէն։  Մնացեալներուն պարունակութիւնը ասկէ լուրջ չէ։