Մեր մատենագիրները (վերլուծումներ)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԻՐՔԻՆ ՀՄԱՅՔԸ։ Ինծի կու գայ, թէ ուղղակի հերոսին՝ Վարդան Մամիկոնեանի ու անոր հետ կապուած շարժումին կախարդութիւնն է, որ պաշտպանած է այդ գիրքը ու անոր հաշուոյն շահած դարերու համակրանքը։ Ե. դարէն ետքը մեր ժողովուրդը ապրեցաւ իրարմէ աւելի դժնդակ պարտութիւններ, նուաստացումներ ու անոր հոգին անզօր էր ինքզինքը պաշտպանելու ճակատագրական այս տարրալուծումին դէմ։ Անիկա չէր կրնար վերադառնալ իր թագաւորներուն, որոնք հեգնութիւն կը դառնային գերութեան խորխորատին վերեւ։ Ու անիկա փաթթուեցաւ իր միւս, աւելի մօտիկ, աւելի յեղյեղուած հերոսներուն։ Պատմութիւնն ու եկեղեցին կ՚օգնէին իրեն՝ այս բիւրեղացումին հասնելու համար։ Ու Վարդանանց պատերազմը պատմող այդ դիրքը օգտուեցաւ այս հոգեբանութենէն։ 

Խորքի այս հաւանականութեան վրայ պէտք է աւելցնել իր լեզուն, որ ամենէն երդեցիկ, քաղցրագնաց ու կշռական արձակն է մեր հին մատենագրութեան։ Ըսելու իր կտրուկ, առակաւոր եղանակը, որ իմաստութեան հետ կը շփոթուի միամիտներուն կողմէն։ Ամբոխային արդարութեան իր մեծ պաշտամունքը, Վասակին խարակումը, որ` շատ դիւր կու գայ ժողովուրդի դատելու ձեւին։

Ու իր ոճը նորէն, որ ինչպէս դիտել տրուեցաւ, հակառակ իր բոլոր անբաւարարութեանը, պատմադրութեան համար կը մնայ դասական գրականութեան ամենէն տաք, պայծառ, խռովիչ ու օծուն բխումը, ուր անհատականութեան նուազումը ի սպաս կու գայ ընթացիկ, տարտամ, ակադեմական, հռետորական արուեստի մը կարելիութեան: Որուն մէջ ես կ՚ուզեմ՝ ընդնշմարել մեր ժողովուրդին դարաւոր հոգեբանութենէն ծուէններ. այսինքն՝ անսահման միամտութիւն, բարեմտութիւն, հայկական դիւրաշէջ խանդավառութիւն ու ռոմանթիզմ, քիչ մը ցուցամոլութիւն ու տակաւին ուրիշ  գիծեր։