Մեր մատենագիրները (վերլուծումներ)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՊԱՏՄՈՂԸ

Առաջնակարգ պատմող մըն է ան։ Իր գործէն կ՚անջատուի, առանց ճիգի, ընդհանուր ըմբռնում մը, որ կտոր–կտոր կը կազմուի ընթերցողին մտքին մէջ։ Յատակագիծ ու իմաստասիրութիւն չեն անցնիր մտքէս։ Բայց անկարելի է ուրանալ, թե պատմիչը գիտէ իր գործին մեծ բաժանումները եւ կ՚աշխատի հաւատարիմ մնալ ինքնիրեն։ 

Քիչ անգամ քրոնիկագիր է։ Եթէ դէպքերու ցամաք ու ճիշդ շարայարումը նկարագիր մըն է այս ձեւը գրողին մօտ, ասիկա շատ ալ փափաքելի պիտի չըլլար մեր մատենագրութեան համար, ուր մտքի բազմատեսակ արտայայտութիւնները ուրիշ տեղ չունէին իրանալու։ Ուր, գրականութիւն, բանաստեղծութիւն, բարոյախօսութիւն, քարոզ, նոյնիսկ նամակ պարտաւորուած էին ապաստան գտնելու պատմութեան գիրկը։ Այսպէսով է, որ մեր հին պատմագրութիւնը կ՚անջատուի ընդհանուր, դասական կաղապարէն ու կ՚ըլլայ մեզի՝ հայերուս յատուկ պատմելու ձեւ մը։

Փարպեցի կը տիրապետէ դէպքերուն։ Անոր գործին առաջին դրուագը, արդէն ուրիշներու կողմէն անգամ մը ինկած գիրի տակ՚ իր ոճին տակ կը զգենու տեսակ մը սեղմ ու իրական նկարագիր։ Ագաթանգեղոսի հրաշալի ն եւ Բիւզանդի վիպասանական յորդութիւնը կը չափաւորուին լրջութեան, ճշգրտութեան, տարրական դատումի կնիքովը։ Անիկա իրողութիւնները կը զսպէ եթէ ներելի է այս ձեւ բացատրութիւն մը հակակշռի նմանող ողջմտութեամբ մը։ Այս կարեւոր զգայարանքը անգնահատելի ծառայութիւն բերաւ իրեն, մա՛նաւանդ երկրորդ դրուագ ին մէջ, ուր վտանգը՝ վերահաս էր (ու եղաւ) ուրիշ յատկութիւններով լեցուն գրողներու։ Եթէ երրորդ դրուագին մէջ մենք նիւթը այսինքն՝ դէպքերը վար կը դատենք պատմողին առաքինութիւններէն, յանցանքը իրը չէ ապահովաբար։ Վահան Մամիկոնեան անբանակ զօրավարն է։ Անոր կռիւները չեն բաւեր այդ խմորէ պատմիչի մը պահանջներուն։ Գրողը հոդ ստիպուած է շեղիլ իր սկզբունքներէն եւ պատմել գրեթէ հրոսային կռիւներ, որոնց հանդէպ իր բռնի խանդավառութիւնը մեզ չի զարմացներ այսօր։ 

Բայց Փարպեցին պատմել գիտէ։ Ըլլան մեծ envergureով. եղելութիւններ, ըլլան անեքտոթիք դրուագներ, անիկա հաւասար յաջողութեամբ գլուխ կը հանէ պատմելու դժուար գործը։ Իր մէջ հաճոյքով կը հաստատենք տիրապետող քաղաքականութեանց պատշաճ ըմբռնումը եւ ատոնք դատելու ձեռնարկ մը։ Աւելի՛ն. տեսակ մը իմաստասիրական փորձ՝ դէպքերուն եւ սկզբունքներուն ներքին զսպանակներուն մօտենալու: Իր մօտ, նախախնամութիւնը ամէն բան չէ պատմութեան թաւալին մէջ, ինչպէս է պարագան բացառաբար Եղիշէի համար։ Յետոյ, դէպքերու ցուցադրումին մէջ անզգալաբար անիկա երեւան կը բերէ նաեւ մեր ցեղին հոգեբանութիւնը ու անոր ճակատագրին մեծ ազդակները այդքան կանուխէն։ Անոր էջերէն դուրս կու գայ մեր քաղաքականութիւնը իր դարաւոր, բայց գրեթէ մինչեւ հիմա անփոփոխ դիմայեղումներով։ Քրիստոնէութիւնը քիչ բան աւելցուցած է այդ լեռնականներուն հոգեկան աշխարհին մէջ, բացի կոյր ու ահաւոր մոլեռանդութենէ մը, որ կարգ մը նախարարութեանց մենաշնորհը, նոյն ատեն վահանը կը դառնայ։ Կարծես այսօրուան մեր պառակտումներն են, որ տասնը հինգ դար առաջ կը բզկտեն մեր եղերաբախտ երկիրը։ Փարպեցի գիտէ մեր իրերամարտ ձգտումները լոյսին բերել, ինչպէս կը յաջողի ստոյգ պատկերի մը տակ ներկայացնել այն օրերու մեր քաղաքական հոգեբանութիւնը, որ այսօրուանն է նոյնութեամբ ծառայի հոգեբանութիւն, որ Աւետարանն անգամ օգնութեան կը կանչէ իր ստրկութիւնը վաւերական ընծայելու։ Այս տխուր ստուգութիւնը ոչ ոք այնքան իրապաշտ երանգով մը արտայայտած է մեր մէջ, որքան հինգերորդ դարու մեր հերոսները՝ Վարդան կամ Վահան, Ղեւոնդ կամ Գիւտ։ Փարպեցին անհատական դրուագներն ալ կու տայ նոյն ժուժկալութեամբ։ Վահան Մամիկոնեանի կենդանագիրը այդպէս պզտիկ–պզտիկ կտորներով կը շինուի։ Ու գիրքին շատ էջերուն մէջ կարելի է հանդիպիլ նշանակալից ու համոզող անեքտոթներու, որոնց մասին այնքան ժլատ է մա՛նաւանդ ականատես (!) պատմիչը, Եղիշէն։