Մեր մատենագիրները (վերլուծումներ)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԻՐՔԸ. Անիկա կը տարբերի հայկական դպրոցին մէջ փորձուած. պատմութիւններէն։ Ե. դարու պատմագիրները ամբողջական նիւթեր ունին։ Գիտեն անոնց բաժանումները։ Կը պահեն գէշ-աղէկ ժամանակագրութիւն մը։ Այդպէս չէ Մովսես Կաղանկատուա ցիին գիրքը։ Անիկա տեսակ մը տոմար է, ուր իրարմէ անկախ դէպքեր կամ շատ-շատ իրարու հետ հեռաւոր կապով մը միացած եղելութիւններ կը պատմուին, առանց ժամանակագրութեան։ 

Այդպէս, առաջին գիրքը, որ կը բաղկանայ երեսուն գլուխներէ, տեսակ մը ազգաբանութիւն է, ուր Խորենացիին նմանութեամբ հեղինակը կ՚աշխատի աղուաններու ծագումը, անոնց իշխաններուն ծննդաբանութիւնը, քանի մը հերոսներու պատմութիւնը գիրի կապել։ Այն գիրքին մէջ յիշատակարան կը նկատուին մատնահատութեան վրայ տրուած տեղեկութիւնները ու մասնարարար ԻԶ. գլուխը, որ կը խօսի Վաչական Աղուանից արքայէն տրուած կանոնական սահմանադրութեան մը վրայ։ Առաջին գիրքը կը լեցնեն մա՛նաւանդ նշխարներու գիւտի բազմաթիւ դրուագներ։

Բ. ը կը բաղկանայ 52 գլուխներէ։ Ինչպէս ըսինք, չարարարուած դէպքերու ամբողջութիւն մը չի տար ատոնց մէջ հեղինակը։ Ամէն մէկ գլուխ ինքնիր մէջ ամբողջ մըն է, նախորդէն անկախ, հետեւորդին չկապուելով։ Բայց այսպէս հաւաքումներուն մէջ կան գլուխներ, ուր պատմական եղելութիւն մը կ՚ընդլայնուի ազատութեամբ՝ ու մանրամասնութեամբ։ Աղուաններու քաղաքական պայքարները պարսից եւ Հոնաց հետ, անոնց թագաւորներուն յարաբերութիւնները, յոյներու եւ հայերու հետ շփումները, եկեղեցական հարցերու համար թղթակցութիւնները կարեւորագոյն մասերը կը կազմեն. շահեկան են դարձեալ Խոսրովի եւ Ջուանշիրի սպանութիւնները, հոներու քրիստոնէութեան դարձը, մա՛նաւանդ Ջուանշիրի վրայ շատ գեղեցիկ ողբ մը։ 

Գ. ը վերագրելի չէ Մովսէսին