ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ
ԸՄԲՌՆՈՒՄԸ
ՓԱՐՊԵՑԻԻՆ
ՄՈՒՏ
Զ.
դարուն
սկիզբները,
պատմութիւնը
լատին
ու
հելէն
մշակոյթին
մէջ
կորսնցուցած
է
թէ՛
դասական,
թէ՛
քրիստոնէական
իր
նկարագիրները։
Բիւզանդական
պատմութիւնը
զգուշաւոր
քրոնիկ
մըն
է,
չէզոք
կամ
ներքինի։
Մեր
մէջ
փոխադրուածը
այս
վերջին
ձեւը
պիտի
ըլլար:
Արդարեւ,
դարով
մը
հազիւ
կը
զատուի
Փաւստոս
Բիւզանդը
Ղազարէն։
Բայց
ուշադիր
բաղդատութիւն
մը
կը
հաստատէ
վերի
վարկածը։
Բիւզանդ,
աւելի
մօտ
դասականներուն,
յաջողած
է
տակաւին
իր
մէջ
պահել
հիներուն
անկախ
ու
provocant
դիրքը
հանդէպ
արքունիքներու։
Իր
պարսաւը
տաք
է
ու
բանաստեղծական
եւ
Փարպեցին
կր
գտնէ
միջին
մը,
որ
քիչ-քիչ
հայ
պատմագրութեան
ընդհանուր
կաղապարը
պիտի
դառնայ։
Ու
ահա
քանի
մը
նկարագիրներ։
Փարպեցիին
համար
պատմութիւնը
կրկին
երեսներ
ունի։
Ամենէն
առաջ
անիկա
սրբազան
զբաղում
մըն
է,
դէպքերու
ճշգրիտ
յեռումէն
աւելի՝
իր
բարոյական
նպատակներովը
կենսական
։
Փրոպականտի
լաւագոյն
միջոց
մը,
որ
աւելի
զօրաւոր
ու
շահագրգիռ
կը
դառնայ
մարդկային
իրադարձութիւններու
խռովքովն
ու
անոնց
թանձրացեալ
պատկերացումովը։
Կեանքին
մեծ
տրամը՝
ենթարկուած
հզօր,
անհասելի
դերակատարի
մը
նոյնքան
անչափելի
իմաստութեան
ու
տնօրինումին։
Ասիկա
մխիթարութիւն
մըն
է
ու
նոյն
ատեն
ապրելու
հրաւէր
մը։
Փարպեցի
իր
ժողովրդական
ամենախոր
բնազդներէն
կը
քաղէ
իր
վարդապետութիւնը։
Ասկէց
զատ
պատմութիւնը
տեսակ
մը
քրոնիկոն
է,
արձանագրութիւն
եղելութիւններու,
որ
գրական
մտահոգութեամբ
չի
գար
թուղթին։
Կենսագրութեան
տեսակ
մը
dégagé
են,
ուր
դարձեալ
գրագէտի
յատկութիւններ
չեն,
որ
գերակշիռ
կը
մնան։
Անշուշտ,
երբ
գրագէտ
մըն
է,
որ
կը
փորձէ
վերի
կրկնակ
ձեսերը,
արդյունքը
խորապէս
պիտի
տարրերի
կաղապարին
պարտադրած
անգոյն,
անանձն,
չեզոք
տիպարէն։
Դժբախտութիւն
է,
որ
մեզի
պակսածը
գրագէտը
ըլլայ,
այդ
շրջաններուն,
աւելի
վերջերը
ու
գրեթէ
միշտ։
Այսպէս
է,
որ
կը
ստեղծուի
հայ
պատմագիրներ
ու
դպրոցը։
Անիկա
պիտի
արձանագրէ,
պիտի
լայ,
պիտի
աղօթէ,
պիտի
խանդավառուի
նահատակներու
քաջութեամբը,
պիտի
արդարացնէ
երկինքը
ու
պիտի
չանդրադառնայ
պատճառներուն,
որոնք
մեր
ժողովուրդը
այսպէս
խորտակեցին։
Էապէս
ռոմանթիք,
այդ
պատմութիւնը
զգուշութեամբ
պիտի
հեռանայ
իրականութեան
զննութենէն
ու
պիտի
մխիթարուի
Սուրբ
Գիրքին
համարները
մեր
արիւնին
ու
պատիւին
գինովը
ապացուցուած
տեսնելու
մեծ
երջանկութեամբը։
Ի՞նչ
հարկ
այս
տրտում
միջակութիւնը
անգամ
մըն
ալ
փաստելու։
Բացէք
որեւէ
պատմիչ
ու
էջ
պիտի
չանցնի
առանց
Ս.
Գիրքի
մէկ
տողին։
Այդ
պայմանագրութիւնը
հեռուէն
կամ
մօտէն
բաղդատելի
չէ
դասական
գրականութեանց։
Դարձեալ
զուրկ
է
նոյն
մատենագրութեանց
քրիստոնէական
առաջին
շրջանի
կարեւոր
ստորոգելիներէն։
Ցեղային
տարրը,
տեղական
գոյնը,
դէպքերուն
ու
տրամին
անմիջական,
տեսանելի
շահագրգռութիւնը,
վերջապէս
ամէն
ինչ,
որ
գործ
մը
մասնաւոր,
ազգային
կ՚ընէ,
իբր
ձեւ
ու
բիւրեղացեալ
յիշատակարան,
գրեթե
միշտ
պակսեցաւ
մերիններուն։
Ու
մեր
պատմիչները
կը
պատմեն
անիմաստ
կամ
անկարեւոր
դէպքը,
խորունկ,
աշխարհաւեր
հետեւանքով
եղելութիւններ,
մեծ
փլուզումներ
կամ
բախումներ
նոյն
անզգածութեամբ,
նոյն
շատախօսութեամբ
(երբ
եղելութիւնը
կ՚իյնայ
կրօնական
rayonին
վրայ)։
Այս
եղանակը
տակաւ
պիտի
ընդհանրանայ։
Ու
դարերը
պիտի
յաջորդեն
դարերուն,
երկիրը
պիտի
տապլտկի
աւելի
խոշոր,
խորունկ
ու
քայքայող
տագնապներով.
մեր
պատմիչները
պիտի
չշեղին
իրենց
աւանդութիւններէն։