ԳԻՐՔԸ.
–
Եղիշէի
այս
գիրքը
հինէն
ի
վեր
նկատուած
է
մեր
մատենագրութեան
ոսկե
մատեանը։
Հարկ
է
մօտենալ
անոր
սակայն,
առանց
նախապաշարումի,
քննել
անոր
պարունակած
գեղեցկութեան
չափը,
դարձեալ
առանց
կանխամտածութեան։
Նիւթն
է
Վարդանանց
պատերազմը։
Անոր
պարունակութիւնը
կարելի
է
ամփոփել,
արտադրելով
Ընծայաբանութեան
սա
տողերը։
«Ահա
նշանագրեցի
յայսմ՝
եօթն
յեղանակիս՝
Ա.
Զժամանական .
Բ .
Զիրացն
պատահումն
յիշխանէն
արեւելից:
Գ.
Զմիաբանութիւն
ուխտին
եկեղեցւոյ։
Դ .
Զերկպառակութիւն
ոմանց
բաժանելոց
են
մին
ուխտի.
Ե.
Զյարձակումն
արեւելեայց։
Զ.
Զընդդիմանալն
հայոց
պատերազմու.
Է.
Զյերկարում
իրացն
պատերազմի։
Ինչպէս
կը
տեսնուի,
ութերորդ
յեղանակի
մը
յիշատակութիւնը
կը
պակսի
այս
յառաջաբանին
մէջ։
Բաբկէն
Եպիսկոպոս,
որ
Եղիշէն
ենթարկած
է
բանասիրական
ուսումնասիրութեան
մը,
կը
յիշատակէ
ձեռագիրներ,
որոնց
մէջ
Ութերորդ
յեղանակին
կէսը
եօթներորդին
մէջ
գրուած
է։
Հիմակուան
շրջաբերութեան
ելած
գիրքը
ունի
առանձին
յեղանակ
մը,
որ
շարունակութիւնն
է
վերջինին։
Յառաջաբանը
յատկանշական
է
անո՛վ,
որ
գիրքին
յատակագիծը,
զայն
թելադրող
գաղափարը
կու
տայ
յստակութեամբ։
Եթէ
«
ճախրանք
»ը
ու
դասական
բացագանչութիւնները
քիչ
մը
ստուեր
կը
բերեն
հեղինակին
պարկեշտութեանը
վրայ,
բայց
շատ
ալ
բացորոշ
կերպով
երեւան
կը
հանեն
գրագէտը,
որ
գիտէ
իր
ըսելիքը,
ունի
իր
ծրագիրը
ու,
մա՛նաւանդ՝
առաջուընէ
լեցուած
է
առաքելութեամբ
մը։