Մեր մատենագիրները (վերլուծումներ)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բ

Երեմիա Չէլէպի Քէօմիւրճեանց մեր նոր գրականութեան մէջ աւելի է համբաւ մը ըլլալէ։ Անոր անունին զուգորդ հետաքրքրութիւնը գրական [1] չէ բոլորովին, որով եւ քիչիկ մը՝ նորոյթ, անլուրջ ինչպէս կը տրամադրուինք դատել, արժեւորել մեր գրագէտները։ Անիկա կը շահագրգռէ լայն շրջանակներ, մանաւանդ մասնաւոր դասակարգ մը, մեր նոր պատմութիւնը ուսումնասիրելու զօրաւոր նախասիրութիւններ սնուցանող։

Դեռ տասնըութերորդ դարուն, Հ. Մ. Չամչեանի օրերէն, մարդիկ հասկցած էին Չէլէպիի գործէն, պատմութեան համար հաւանական նախանիւթերու մթերքն ու ասոր արժէքը։ Չէլէպին անփոխարինելի, ականատես, ականջալուր վկայութիւն մըն էր տասնըեօթներորդ դարու երկրորդ կէսին։ Ըստ Մեսրոպ Սրբազանի ցուցմունքին, Հ. Մ. Չամչեան իր Պատմութեան մօտ ութ գլուխները գրած է օգտագործելով Տարեգրութիւնը որուն ձեռագիրը կը մնայ Ս. Ղազար։

Անկէ ասդին Չէլէպիին վարկը չէ տկարացած։ Հակառակն է ճիշդ։

Տ. Վ. Թորգոմեան, բանասէր բժիշկը անկէ հրատարակած է 120 էջնոց քերթուած մը, Պատմութիւն Ստամպօլոյ անունով, որուն վրայ ծանօթագրութիւն, մեկնութիւն, լուսաբանութիւն ու յարակից պրպտումներ բժիշկին արժած են երեք հատորի աշխատանք։ Իր տեսակին մէջ առանձին սա մերձեցման եղանակը հին գործի մը, չեմ դատեր ոչ մատենագրկան տուեալներու լոյսով, որուն կարիքը անհրաժեշտ ալ չէ (քանի որ Չէլէպիին գրականութիւնը չի պատկանիր անխառն ստեղծագործութեան), ոչ ալ բանասիրական տեսակէտներով, որոնց վրայ ձեռնհասութիւն մը չեմ ներեր ինծի։ Ստոյգը՝ յարգելի բժիշկին առաջադրութիւնն է շտեմարանումը բոլոր այն ծանօթութեանց, վկայութեանց ( թուղթ, քար, պատկեր, մանրավէպ, անձնական յուշեր ) որոնք որ եւ է աղերս ներկայացնէին Պոլսոյ հայ համայնքին պատմական յեղաշրջումին հետ։ Արդէն, 120 էջնոց քերթուածի մը համար որ ոտանաւո՜ր պտոյտ մըն է Պոլսոյ զանազան թաղերուն մէջ, երեք հատոր ծանօթագրում, փաստ մըն է ծրագրի մը եւ ոչ թէ պատմա–բանասիրական մեթոտ մը։ Մխիթարական է որ շատ յարգելի բժիշկը գործադրած ըլլայ իր ծրագիրը [2], տուեալ պայմաններու լաւագոյն շահագործումով մը։ Պոլսահայ գաղութին բազմերես արտայատութիւնները գէթ ուրուագրային ձեւով մը կ՚երեւան այդ հատորներուն մէջ։

Հ. Ն. Ակինեան, Վիեննական Մխիթարեաններու Ուխտէն, Երեմիայի նուիրած է հատոր մը ուր կը հանդիպինք խղճամիտ, գրեթէ սպառիչ պրպտումներու, հաստատումներու, կարելի չափով մը զերծ քովնտի հետաքրքրութիւններէ, անտեղի վարկածներէ, այնքան աւելորդ կերպով մը պատահական՝ պատուական Պենետիկտէնին միւս աշխատասիրութեանց մէջ։ Հ. Ակինեան կազմած է Երեմիայի կեանքը, անոր ազգաբանութիւնը երեւան բերելով յոգնաջան պրպտումներէ վերջ։ Այս կենսագրումը զիս անտարբեր չի թողուր, այն պատճառով որ համադրական հանդարտ ձեռնարկ մըն է ու մանաւանդ հաստատ իրագործում, թիւերով, տեղի յիշատակումներով պաշտպանուած։ Գծած է անոր նկարագիրը ինչպէս կը սիրէին որակել անցեալ դարու կէսերուն մարդ մը ներկայացնելու աշխատանքը։ Ամբողջական ցուցակի մը տակ դրած՝ անոր գրական վաստակը ստոյգ մատենագիտութիւն մը գրելով անոր ծանօթ, հոս հոն յիշուած գործերէն։ Մեծ ու պզտիկ քառասունէ աւելի երկերէ կը բաղկանայ այդ վաստակը ուրկէ լոյս տեսած գիրքերուն թիւը զանցառելի տոկոս մը կը պարզէ։ Հ. Ակինեանի ուսումնասիրութիւնը ապահով դիւան մըն է Չէլէպիով զբաղողներուն։

Խօսեցայ Մ. Սրբազանի ներածութեան վրայ։

Այս հետաքրքրութիւնը կը սկսի շատ կանուխէն ու կ՚երեւայ իրարմէ տարբեր մարդոց վրայ։ Երեմիա զբաղեցուցած է  ծանրագլուխ, ստուգութեան բծախնդիր պատմագէտներ, մատենա­գի­տութեան պատմիչներ, քննադատներ, հնախօսներ։ Օտարներ կը խօսին իր մասին։ Հ. Մ. Չամչեան, Ալիշան, Զարպհանալեան, Լէօ, Չօպանեան, Օրմանեան, Աղաւնունի Սրբազան, Յ. Գ. Մրմրեան, Հ. Ս. Երեմեան աւելի կամ նուազ կարեւորութեամբ գրուածքներ ունին անոր գործին վրայ։ Մեսրոպ Սրբազանի հրատարակութիւնը, ուսումնասիրական ինչպէս բնագրային մթերքի տեսակէտէն, կը լրացնէ այդ  յարգալից հետաքրքրութիւնը։

Չէլէպին, ըսի ատիկա, աւելի է քան համբաւ մը։

*  *  *

Մատենագիտական, պատմական, որոշ չափով մըն ալ բանասիրական [3] սա ընդարձակ շահագրգռութիւնը ո՛րչափով կը մնայ կենդանի, կանգուն՝ երբ փորձենք զայն տարածել գործին գրական ալ տարողութեան վրայ։ Ուրիշ խօսքով, կա՞յ գրագէտ մը  այս մեծատարած վաստակին ետին։ Այս հարցականը ու անոր դրական պատասխանը մեծապէս պիտի փոխէին Երեմիայի նշանակութիւնը մեկէ աւելի պատճառներով։ Լէօ խանդավառ էր  անոր աշխարհական գրող մը ըլլալու հանգամանքով։ Այսօր գրագէտ մը  չի կշռուիր այդ չափանիշով։ Երեմիայի ետին գրագէտ մը, մէկ հարուածով, դարու մը նկարագիրը տուող գործաւոր մը կ՚ըլլար, հայ գրականութիւնը կ՚օժտէր անոր գրեթէ միշտ պակսած ոգիով մը որ գրական մեծ գործերուն նուէրն է ժողովուրդներուն։ Երեմիայի գործին մէկ կարեւոր մասը կուգայ իր ժամանակէն ։ Դրէք ասպարէզէն գրագէտը ԺԷ րդ դարու հայ կեանքին դիմաց, ինչպէս պարտաւոր է կենալ իր ժամանակին դէմ, իր տիտղոսը արդարացնող որ եւ է վաւերական գրագէտ։ Դուք պիտի ունենայիք մեծագոյն անունը հայ գրականութեան, քանի որ այդ գրականութեան հիմնական, ահաւոր պակասը՝ իր ժողովուրդին, այսինքն անոր կեանքին բացակայութիւնն է անկէ։ Անոր համար հարցումը

Կա՞յ գրագէտ մը Երեմիայի վաստակին ետին։

Ու, եթէ՝ այո՛,

Ի՞նչ է անոր նկարագիրը, տեղը արժէքը հայ դպրութեանց պատմութեան մէջ։

Դժուար է պատասխանը։

Գլխաւոր պատճառը սա վարանքին Երեմիայի տպուած գործերուն փոքր քանակն է, բաղդատուած ստուար մասին որ կը մնայ ձեռագիր։

Ներելի՞, տպուածը, պատահական մասնակի ձեռագիրները [4] աչքի առջեւ ունենալէ յետոյ, ինքզինքը իրաւասու կարծել գրագէտը վերլուծելու։ Գիտունները երբեմն, բրածոներէն ձեռք ձգուած ոսկորի կտորէ մը  չեն վախնար ամբողջական կմախքներ վերակազմել։ Անոնք պաշտպանութեանը տակն են բնութեան մեծ, յամառ, անյեղլի օրէնքներուն։ Ո՞վ չի գիտեր թէ արուեստի գործ մը որքան անկայուն է, մնայուն տարրերէ որքան աղքատ ու մանաւանդ ենթակայական, այսինքն փոփոխական նոյնիսկ իր երկնումի պայմաններուն մէջ։

*  *  *

Բարեբախտութիւն է որ Մեսրոպ Սրբազանի հրատարակութիւնը հնարաւոր կը դարձնէ աչքի առջեւ ունենալ Երեմիայի գրական գործունէութեան տիրական երեսները, քանի որ նմոյշներ կը պարունակէ գրեթէ բոլոր կարեւոր սեռերէն։ Արդարեւ Օրագրութեան մէջ կ՚երեւան պատմողը, քրոնիկագիրը, գործիչը ։ Յարակից յաւելուածը մեզի կուտայ քերթողը, արձակագիրը, վճռական արտայայտութիւններով։ Հոն է նորէն մարդը իր զգայնութեան, իմացականութեան, նկարագր ին մեծ տրոհումներովը։ Պոլսոյ հրդեհին պատմութիւն ը (ձեռագիր) ուրիշ աշխարհ մը այդ մարդուն ընդունակութիւնները հաստատող։ Հ. Ակինեան, գործերուն ծանօթագրութեան մէջ դրած է մէջբերումներ։ Ստամպօլոյ պատմութիւն ը ամբողջական գործ մը, յարակից ծանօթագրութեանց մէջ Չէլէպիէն առնուած նմոյշներ։ Ութը տասը կտոր ուրիշ ձեռագիր որոնցմէ մէկ քանին վիպումի որոշ շնորհներով։ Այս ամենէն յետոյ ես ինծի կուտամ համարձակութիւն Երեմիա Չէլէպին ենթարկելու գրական վերլուծումի։ Անշուշտ վարանոտ ու վերաքննելի [5] եզրակացութիւններով։

 


 



[1]        Երեմիա Չէլէպիի վրայ իմ տողերը կը մերժեն բանասիրա-պատմական կարելի յաւակնութիւն։ Զիս շահա­գրգռողը, այդ մարդէն, գրագէտն է, քանի որ իր գործը լայն չափով մը կ՚իյնայ այս յղացքէն թելադրուած իմացական գործունէութեան մը մէջ։ Անիկա գրած է թուղթեր, քերթուածներ, քրոնիկ ու պատմում, պատմութիւն եւ տարեգրութիւններ ։ Այս իսկ հանգամանքներով, իր ժամանակի գրական շարժումին ներկա­յա­ցու­ցիչներէն մեկն է առանց կասկածի։ Թե մեր գրականութիւնը պարտաւոր է զբաղիլ մեր մօտ ու հեռու անցեալին ամէն արտայայտութիւններով (գրական), ընդունուած իրողութիւն է այսօր։ Ուրիշ խնդիր՝ այդ աշխատանքէն քաղելի անմիջական օգուտը որ կրնայ ըլլալ նիհար (ինչպէս Չէլէպին ), շքեղ (ինչպէս Քուչակը ), անփոխարինելի (ինչպէս Սայաթ-Նովան Չէլէպիին վրայ բանասիրա–պատմական դպրոցը կատարած է պատուաբեր աշխատանք։ Անոր գործերուն ամբողջական հրատարակութիւնը թերեւս չնպաստէ հեղինակին, քանի որ Չէլէպիին դէմքը ճշտող մեծ գիծերը արտահանելի են արդեն լոյս տեսած մասէն, բայց անպայման մեր պատմութեան համար այդ հրատարակումը կը բերէ մեծագոյն ատաղձ։

[2]        Անհուն բան կայ կատարելիք, այդ ուղղութեամբ։ 1880–ի շարժումը (առաւելապէս ազգագրական ) թէեւ ուշ, բայց ունեցաւ իր օգուտը։ Պոլսահայ հինգ դարերուն ուսումնասիրութիւնը դիւանական միջոցներով միայն լուրջ՝ փակ, եթէ  ոչ անկարելի զբաղում մըն էր մեզի համար։ Այն օրէն, երբ պետական հսկայ դիւանները կը բացուին պրպտողներուն, այն օրէն մեծ բան կայ հանելիք անոնց նկուղներէն, մեր այդ դարերը լուսաւորող։ Տ. Թորգոմեան զուրկ էր այս անհրաժեշտ պայմանէն։ Ազգային աղբիւրները այնքան ժլատ են այս ամենուն մասին։ Ցաւ է հոս արձանագրել որ 19–րդ դարու հաւաքող ոգին այսօր դադրած է քիչ մը ամէն տեղ։ Վենետիկը դուրս է այլեւս մեր պատմութենէն։

[3]        Արեւմտահայ աշխարհաբարին պատմութիւնը մեծ նիւթ ունի անոր գործերէն օգտագործելու։ Անոր գրաբարը գէթ իր մեծ գնացքին մէջ, մատենագրական խառնակ լեզու մըն է բայց կը մնայ գրաբար։ Իր թուղթերուն յոգնախճող տողերը քերթողական դպրոցը կը շարունակեն, մինչ կարգ մը քերթուածներ (ինք կաֆա կ՚անուանէ զանոնք) մօտիկ են քուչակեան ոճին։ Երկու երեք դարերու յեղաշրջո՛ւմ մը  որուն կեդրոնին կ՚իյնայ Չէլէպիի լեզուն։ Իսկ անոր թէքնիկ բառամթերքը, մեծ չափով թուրքերէն, հաւանաբար պիտի խանդավառէր այսօրուան թուրքերը որոնք ազգային իրենց բառարանը կազմելու մէջ այնքան բարձր խանդ ու յաւակնութիւն ցոյց տուին։

[4]        Հ. Ակինեանի ցանկէն չեմ տեսած. ա) Համառօտ Ստորոգութիւն Կ. Պոլսոյ նեղուցի (աշխարհիկ ոճով ու ոտանաւոր). բ) Տարեգրական պատմութիւն. գ) Պատմութիւն հայոց նահատակաց. դ) Վիպասանութիւն յԱպրօ Չէլէպի. ե) Երկու կոնդակներ (Կրետէի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ եւ Ֆիլիպէի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ). զ) Յիշատակարան աւետարանի. Է) Պատասխաններ, քարոզներ, վիճաբանութիւններ. Զանազան ձեագիրներէ. ը) Թարգմանութիւններ. թ) Աշխարհագրութիւն ։ Ասոնցմէ տիրականը՝ անշուշտ Տարեգրութիւն ն է։ Մեսրոպ Սրբա­զան Շողակաթ հայագիտական ժողովածոյին մէջ բաղդատական էջեր տուած է Օրագրութենէն (այն ատեն ձեռագիր, 1913) ուր Չամչեանի օգտագործած գլուխները գրեթէ տառացի կը մօտենան Օրագրութեան։ Տարե­գրու­թիւնը, հասուն տարիքի գործ, հաւանաբար Չէլէպիի պատմող տաղանդին լաւագոյն վկայութիւնը պիտի կազմէր։ Վիպասանութիւն յԱպրօ Չէլէպին կը նկատեմ դարձեալ տիրական գործ մը, քանի որ Չէլէպիի ախորժած թեմաները, պատերազմ, հրդեհ, կոտորած, պատմական թարթափանք լայնօրէն տրամադրելի էին անոր մէջ որ բացառիկ տիպարի մը դիւցազներգութիւնը կը թուի պատմել։ Պոլսոյ հրդեհին պատմութիւնը որուն ձեռագիրը ունիմ աչքի առջեւ, գաղափար մը կուտայ պատմումի սա դիւցազներգակ ըմբռնումէն։ Հոս բնութիւնը ամբողջ մաս կ՚առնէ գործողութենէն։ Ծով, թռչուններ, հով կ՚անձնաւորուին ու կ՚ողբան աղէտը, չափածոյ բառերով, հարց–պատասխաններով։ Իրերը անձնաւորելու սա նկարագիրը գերազանցապէս քնարական եղանակ, Չէլէպիի մօտ երկրորդ բնութիւն է, գէթ իմ տեսած ձեռագիրներուս մէջ ու փաստ մը անոր բանաստեղծական տաղանդէն։ Ուրիշ խնդիր՝ այդ քնարական զեղումներուն ներքին արժէքը։

[5]        Տիրական գիրքերու պակասը խոստովանեցայ։ Բայց կը հաստատեմ որ Երեոմիայի դէմքը կերպադրող գիրքեր են անոնք որոնց վկայութիւնը կը շահագործեմ այս ուսումնասիրութեան համար։ Նոյնիսկ մանկահասակ գիրքը, Օրագրութիւն ը, իր պարունակութեան տղայական կողմերուն քով, կը թելադրէ դիտողը, շարժումներ նկարելու սիրահար դիւցազներգակը, իրողութիւններու հետամուտ պատմիչը ։ Աւելի՛ն։ Գրագէտ մը միտք մը ըլլալուն չափ ջիղ ալ է։ Ու մեր ջիղերը իրենց թարմութեան բարձրակէտը ունին այն տարիներուն մէջ որոնք կը համապա­տասխանեն Օրագրութեան գրուելու շրջանին այսինքն 15-30-ին։ Քերթողը, այսինքն կեանքին ապրումներովը հարստացած զգայնութեան մը արտայայտիչը լայնորէն կայ հրատարակուած էջերուն մէջ։ Շահեկան էր անշուշտ որ վճռական վկայութիւն մը կենար մեր միտքը այդ մարդուն պատմելու կարողութենէն. Վասնզի անով Չէլէպին կը դառնար իր արժանաւոր, անառարկելի դիրքին հայ հին մատենագրութեան վաւերական փառքերուն մէջ, որոնք պատմիչներու գործեր են ամէն բանէ առաջ։ Վենետիկի ձեռագիրը ( Տարեգրութիւն ) եւ Ապրօ Չէլէպիի վիպասանութիւնը գործեր են որոնք յանուն հայ  գրականութեան շահերուն կը պարտադրեն իրենց հրատարակութիւնը։ Հայ պատմութիւնը, բանասիրութիւնը, լեզուն միշտ այդ մարդուն ձեռագիրներեն ունին քաղելիք առատ նիւթ. կը կրկնեմ հոս անգամ մըն ալ այս համոզումս։