Մեր մատենագիրները (վերլուծումներ)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՈՃԸ

Հին մատենագիրներէն կ՚անջատուի Բիւզանդի ոճը՝ իր նկարէն, թեթեւ, ոստոստուն ու թեթեւ նկարագիրովը։ Թերեւս այս հանգամանքն է, որ զինքը զուարճալի, հետեւաբար անլուրջ նկատել կու տայ գրքունակ ու ծանր ու խոժոռ պատմիչներու մօտ։ 

Դրուագումի շատ յարմար՝ այդ ոճը ունի տեսակ մը կշռաւոր գնացք, ճիշդ ինչպէս է ատիկա թագաւորութեանց գիրքերուն, սաղմոսներուն ու մաս մըն ալ մարգարէութեանց մօտ։ 

Պարսաւանքի, անէծքի, գովաբանութեանց մէջ ունի մեծ սահունութիւն, նիւթին յարմարելու ընդունակութիւն։ Կենդանագիրները ոտքի հանելու ատեն կը սեւեռէ ճիշդ, իրական, յատկանշական գիծերը։ Յուզումի պահերուն թափանցող ու խոր, գործողութեան ատեն արագավազ այդ ոճը դիւցազներգական է գերազանցապէս՝ ամբողջ գիրքի ընթացքին։ 

Վիեննացի վարդապետ մը անկէ զատած է իբր տաղաչափուած կտոր՝ Գնէլի եւ Փառանձեմի դրուագը։ Դուրեան սրբազան Վասակի  եւ Շապուհի տեսակցութիւնը դարձեալ կրցած է տաղաչափուած տալ։ Ու բոլոր գլուխները դիւրութեամբ կ՚ենթարկուին նման փորձի մը։