ՊԱՏՄԱԿԱՆ
ԱՐԺԷՔ
Չեմ
գիտեր,
մեր
պատմաբաններէն
ո՛րն
է
այն
մարդը,
որուն
գործը
պատմութիւն
ըլլայ
այնպէս՝
ինչպէս
փորձուած
է
սեռը
յոյներուն
եւ
լատիններուն
մօտ։
Անշուշտ,
Փաւստոսի
մօտ
կան
անճշդութիւններ,
յերիւրումներ,
չափազանցումներ
։
Բայց
ատով
հանդերձ,
անիկա
պատմութիւն
կը
գրէ։
Միայն,
անիկա
քննադատ
պատմաբանը
չէ
նոր
օրերուն,
որ
դէպքերուն
իմաստասիրութեանը
վերանալ
կը
սիրէ.
ոչ
ալ
քրոնիկագիր,
ժուժկալ՝
բայց
ճշգրիտ
գրողը
հելլէն
ու
հռոմէական
յետսագոյն
դպրոցներուն։
Անիկա
անխտիր
բացած
է
իր
էջերը
քիչ
մը
ամէն
բանի։–
Զրոյց,
վէպ,
աւանդութիւն,
դիւանական
յիշատակարաններ,
երգեր
ու
առասպել,
վկայաբանութիւն,
սաղմոս
ու
աստուածաբանական
վիճաբանութիւններ։
Այո՛։
Բայց
այդ
ամենուն
քովէն
մարդերը
մանաւանդ՝
հոգ
չէ
թէ
դէպի
լաւը
կամ
վատը
խորացուած
ու
զանցուած։
Յետոյ,
մա՛նաւանդ
ինչ
որ
մեծապէս
շահեկան
կ՚ընէ
այդ
գիրքը,
դէպքերուն
հետ,
մարդերուն
հետ
քիչ
մը
արտաքին
աշխարհը։
Յատուկ
անուններ
քաղաքներու,
կամուրջներու,
գիւղերու,
աւաններու,
նոյնիսկ
աղբիւրներու՝
այդ
գիրքին
կու
տան
անառարկելի
իրականութիւն,
բան
մը՝
որ
մեր
ամենէն
ստուգապատում
պատմիչին
մօտն
իսկ
(Ղազար
Փարպեցի)
հեռի
է
մեզի
գոհացում
տալէ։
Պատմիչներն
ու
բանասէրները
ազատ
են
վիճելու
անոր
թիւերուն
վրայ
(երբ
բանակներու
բիւրերը
գումարենք,
զարհուրելի
թիւերու
առջեւ
կը
գտնենք
մեզ),
անոր
յաղթանակներուն
տարօրինակ
վճռականութեանը
վրայ
(Արքայից
արքան
տասն
անգամէ
աւելի
մազապուր
եւ
միաձի
կը
փախչի
Հայաստանէն,
երբեմն
իննսուն
բիւր
900.
000
զինուորէն
մինակը
մնացած)
ու,
մա՛նաւանդ՝
անսպառ
ու
միշտ
ալ
ծագող
նոր
բանակներու
վրայ:
(Քսան
գլուխ
իրարու
ետեւէ
պարսիկները
բանակ
կը
ղրկեն
Հայաստան
ու
ատոնցմէ
ո՛չ
իսկ
մէկ
հոգի
կ՚ազատի)։
Բայց
այս
առասպելներուն
մէջ
երբեմն
կան
ճակատամարտներ,
որոնք
դասական
գեղեցկութեամբ
մը
դրուագուած
կը
մնան։
Ոչ
եզերապահ
հսկողութիւնը
(Հարաւէն
ու
Արեւելքէն
միշտ
հազարներ
կը՝
դնէ
Փաւստոս,
անակնկալի
չբերելու
համար
երկիրը)։
Ոչ
նախօրօք
խուզարկութիւնը,
(լրտեսներ
յարմարագոյն
ժամուն
գիտեն
Մամիկոնեան
սպարապետը
իրազեկ
ընել
պարսկական
բանակներուն
ուղեցոյցին,
թիւին,
նպատակներուն
վրայ)։
Ոչ
ճակատայարդարումին
մէջ
անհրաժեշտ,
ճշգրիտ
մանրամասնութիւնը,
(երբեմն
կանխելով
պարսկական
բանակին
երեք
ճամբաները,
Մամիկոնեան
սպարապետ
մը
երեք
թեւով
կը
յարձակի
յառաջացող
թշնամիին
վրայ,
երեք
զանազան,
իրարմէ
օրերով
հեռի
գետիններու
վրայ,
բայց
նոյն
օրուան
մէջ
ճակատամարտի
պարտադրելով
թշնամին)։
Այս
մանրամասնութիւնները
երեւան
կը
բերեն
վարդապետական,
կամ
ճիշդ
խօսքով՝
եկեղեցական
խմորեն
տարբեր
տիպարը
պատմողին,
որ
բանակէն
կը
հասկնայ
ու,
մանաւանդ՝
կու
տայ
ճակատամարտներուն
տեսակ
մը
իրական
հով։
Դիտեցէք,
որ
թշնամին
միշտ
տասնապատիկ
աւելի
է
թիւով։
Միշտ
ալ
երբ
թափանցած
է
Հայաստան՝
աւարով
զբաղած։
Միշտ
այդ
թուլութեան
պահերուն
է,
որ
Մուշեղ,
Վասակ,
Մանուէլ
սպարապետները
կը
յաջողին
«
քաջակազմ,
միակամ,
վառեալք
»
ընտրեալներով
յարձակիլ
«յանկարծուստ»
ու
«կոտորել
ի
սուր
սուսերի»
եւ
«թափել
զաւարն
եւ
զգերին»։
Բաղդատելով
մեր
միւս
պատմիչներուն,
քաղաքական
ու
կրօնական
գետինի
վրայ
Բիւզանդի
չափազանցութիւնները
տանելի
ու
նոյնիսկ
հաճելի
կը
թուին։
Մարդ
կը
կարդայ
այդ
պատերազմները՝
տեսակ
մը
հոմերական
միամտութենէ
տարուած։
Ու
մի
մոռնաք,
որ
իբր
յիշատակարան,
նոյնիսկ
պատմութեան,
բարքերու
տեսակէտէն՝
Իլիական
ը
այսօր
աւելի
կ՚արժէ,
քան
Հերոդոտոսը
։