ՈՃԸ
Փարպեցիին
ոճը
հիւթեղ
ու
կտրուկ
է
գիրքին
շատ
մասերուն
մէջ։
«Արարատեան
գաւառ»ին
նկարագրութեան
մէջ
անիկա
կը
գտնէ
երանգ,
գնացք,
պատկերելու
կարողութիւն
միջոցով
մը,
որ
անձնական
կը
կարծեմ։
Հասնելու
համար
համադրական
գրելու
այդ
ձեւին,
պէտք
պիտի
ըլլար
նախընթաց
մեծ
ու
զարգացուն
գրականութիւն
մը
ենթադրել։
Անոր
բարդումները
մտածման
կամ
պատկերի
արագ
մերձեցումներ
են,
ճիշդ
ինչպէս
պիտի
ընէ
աւելի
քիչ
չափով
մը
Խորենացին,
աւելի
մեծ
աստիճանով՝
Նարեկացին։
Թուղթին
մէջ
այդ
ոճը
ամենէն
աւելի
ի
յայտ
կը
բերէ
Փարպեցիին
նկարագիրը,
հանդարտ,
զգուշաւոր
ու
գիտուն
մարդը,
որ
կիրքի
մը,
զօրաւոր
ցնցումներու
ազդեցութեամբ
կրակ
կը
դառնայ։
Ու
անոր
բառերը
այդ
յուզումներէն
տաքցած՝
կը
վազեն
էջերէն։
«
Պատմութեան
»
մէջ
այդ
ոճը
հանդարտ
է
նորէն,
երբ
կը
փորձէ
մտածել,
մեկնել։
Ճիշդ
վերի
պայմաններով
կը
տաքնայ,
երբ
իր
անձնաւորութիւնները
գերագրգռուած
վայրկեաններէ
կ՚անցնին։
Առհասարակ
պատմումի
(narration)
համար
դանդաղ
է
անիկա
(եղելութիւնները
անձերուն
չափ
տիրապետուած
չեն
Փարպեցիէն)։
Գծագրութիւնը
անկատար
է
իր
մօտ,
տրուած
ըլլալով
շրջանի
ընդհանուր
անփութութիւնը։
Բայց
չկայ
անոր
կազմին
մէջ
տարտամ
կամ
կիսաստուեր
մթնոլորտը,
կամ
վկայաբանական
նուաղումները,
կամ՝
նոյնիսկ
ռոմանթիք
յարդարանքները,
որոնք
Եղիշէի
մը
ոճը
կը
հազուեցնեն
ի
վնաս
պատմական
ճշգրտութեան
կամ
իրական
կեանքին։
Անշուշտ
արուեստագէտ
չէ
Ղազար,
ինչպէս
կը
ներկայանայ
Եղիշէ։
Բայց
իր
պատմութիւն
ը
այդ
կողմէն
ալ
շահեկան
կրնանք
նկատել։
Անձնական,
երբեմն
կծու,
երբեմն
յուզուած
գործիք
մըն
է
Փարպեցիին
ոճը,
զոր
շինած
է
հեղինակը
քիչ
մը
այլամերժ
փոյթով։
Այս
պարագան
կը
փրկէ
պատմողին
անունը,
անջատելով
զայն
քրոնիկագիրներու
տժգոյն
երամէն։
Գործին
մէջ
անոր
կարողութիւններուն
հաւատարիմ
պահապանն
է
ան։
Ոչ
մէկ
տեղ
անիկա
դաւած
է
հեղինակին։
Ոչ
մէկ
տեղ
վնասած
է
մա՛նաւանդ,
ինչպէս
է
պարագան
յաճախ
Եղիշէի
համար։