ՊԱՏՄՈՂԸ.
–
Բայց
այս
յատկութիւնները
քիչ
կու
գան,
երբ
գրագէտ
մը
կանչուած
է
զանգուածային
շարժում
մը
պատկերացնելու։
Շատ
ձեւերով
կարելի
է
անշուշտ
իրողութիւնները
պատմել
։
«
Վարդանանց
պատերազմը
»
մեր
պատմութեան
մէջ
մասնաւոր
դրուագ
մըն
է։
Անիկա
մեր
միւս
շարժումներէն
կը
տարբերի
իբր
վերջին
արտափայլումը
մեր
ժողովուրդին
ազատագրական
զգացումներուն,
հոգ
չէ
թէ
իրեն
նիւթ
ունենայ
կրօնքին
պաշտպանութիւնը։
Եղիշէ
չէ
կրցած
պատմել
այդ
հրաշալի
եղելութիւնը։
Անիկա
տկար
է՝
1.
–
Իր
հերոսներով,
2.
–
Պատմական
զգայարանքով
(sens
historique),
3.
–
Ներկայացուցչական
(représentantif)
ընդունակութիւններով
։
ա.
–
Իր
հերոսները
։
Եղիշէի
գիրքը
կը
լեցնեն
1.
Մամիկոնհան
Վարդանը,
2.
Յազկերտը,
3.
Վասակ
Սիւնին,
4.
կրօնականները,
5.
Ժողովուրդը,
նախարարները
եւ
անոնց
կիները,
6.
Նահատակները։
Ա.
–
Վարդան
Մամիկոնեան
։
Զինքը
մասնաւորող
ոչինչ
կայ
վրան։
Եղիշէ
չէ
յաջողած
հերոսացնել
այս
նախարարը,
որ
աւանդական
քաջութեան
եւ
ասպետական
ուղղամտութեան
ստորոգելիները
կը
խտացնէ
ներքնապէս։
Փարպեցին
շատ
աւելի
համոզիչ
է,
երբ
զայն
կը
խօսեցնէ
Յազկերտին
առջեւ։
(Պէտք
չէ
մոռնալ,
որ
Փարպեցին
Մամիկոնեան
նախարարութեան
վճարեալ
պատմիչն
է։
Բայց
հակառակ
ատոր,
իր
տիպարը
իրական
է)։
Եղիշէ
զայն
պատերազմի
կը
ղրկէ
քանի
մը
տեղ,
յետոյ՝
Աւարայրի
դաշտին
վրայ,
անոր
գերանը
կը
դնէ
շատ
սովորական,
քիչ
մը
աւելի
վարդապետական,
ոչինչով
զինուորական
քարոզ
մը
ու
կը
նահատակէ
յիմար
պատերազմի
մը
մէջ։
Բ.
–
Վասակ
Սիւնին
։
Ամենէն
լաւ
ուսումնասիրուած
տիպարն
է
գործին։
Դրական
առաքինութեանց
դրուագումին
մէջ
վրիպող
պատմիչը
իր
ամբողջ
ճարտարութիւնը
ի
գործ
կը
դնէ
խաբեբայ
ազգադաւ,
ուրացող
նախարարին
այնքան
սովորական
տիպարը
մի
անգամ
ընդմիշտ
սեւեռելու
ու
պատմութեան
յանձնելու։
Վասակի
գործունէութիւնը,
իր
նկարագիրը,
խառնուած
էին
բերումները,
փառասիրութիւնը,
ծրագիրները
տրուած
են
բաւարար
իրականութեամբ։
Բայց
միշտ
բան
մը
կայ,
որ
զինքը
մութ,
չդիտուած
կ՚ընէ
կարծես։
Իր
շահատակութեանց
զսպանակները
չենք
տեսներ
պէտք
եղած
յստակութեամբ։
Յետոյ՝
կ՚ապրի
իր
դժոխային
գործունէութիւնը,
առանց
մասնաւորումի,
ըսել
կ՚ուզեմ
կեանքին
մէջ
այնքան
չնչին,
բայց
այնքան
ալ
կարեւոր
պզտիկ
դէպքերու
նպաuտին։
Պիտի
շփոթէիք
Վասակը
մեր
պատմութեան
բոլոր
վաստակներուն
հետ:
Յայտնի
է,
թէ
պատմիչը
դիտումնաւոր
ընդհանրացումէ
մը
վերցուցած
է
մարդուն
անհատական
զիծերը։
Հոս
է
անտեղութիւնը:
Տիպար
մը
այնքան
աւելի
ընդհանուր
է,
երբ
շատ
մասնաւոր
գիծեր
ունի։
Պէտք
է
մասնաւորներու
խորազնին
ուսումնասիրութենէ
վերանանք
ընդհանուր
գիծերու
բեւեռումին։
Այս
տեսակէտէն
Վասակ
Սիւնիի
կենդանագիրը
կարելի
է
ձախողած
նկատել։
Մեկ
անգամ
միայն
կը
տեսնենք
զայն
շօշափելի
ձեւով
մը,
երբ
իր
բոլոր
զարդարանքին
մէջ,
սամոյրով
եւ
ականջներուն
օղերովը
կը
մտնէ
արքայից
արքային
պալատէն
ներս։
Ֆիզիքական
այս
նուազումը
չի
փոխարինուիր
դարձեալ
բարոյական
նկարագրին
ցայտուն
յօրինուածով
մը։
Արարքները
միշտ
զուրկ
կը
մնան
մասնաւորումէ,
անմիջական
իրականութենէն,
ու
կը
դրուին
քրիստոնեաներուն
թունած
մեղքերուն
կաղապարին
տակ։
Ոչ
մէկ
ատեն
կը
յաջողինք
գործն
ու
գործողը
բռնել
(saisir)
նոյն
ակնարկով։
Դիտումնաւոր
այս
սեւացումը
պիտի
ներէ
ինք
իրեն,
եթէ
պատկերը
կատարեալ
ըլլար։
Գ.
–
Դասական
թագաւոր
մըն
է
Յազկերտը
։
Սպասելի
չէր,
որ
հայ
երէց
մը
շփում
ունենար
Արեաց
արքային
հետ,
զայն
ճանչնալու
աստիճան։
Բայց
Եղիշէն
միշտ
ալ
կ՚աշխատի
կենդանի
գույներով,
ապրում,
իրականութեան
մը
մէջ
ցոյց
տալ
մեզի
անոր
դէմքը։
Բան
գործ
ըրած
է
մանաւանդ
անոր
բարկութեան
բոլոր
ստեղնաշարը
հաւատարմօրէն
մեզի
տալու։
Մէկէ
աւելի
տեղեր
անոր
կատղիլը,
փրփրիլը
ու
մռնչելը
կը
հաղորդուին
մեզի
դասական
ընդլայնումով
եւ
յառաջատուութեամբ։
Ու
այսքան։
Մի
փնտռէք
իրական
դեմքը
նենգամիտ
կամ
բարի
թագաւորին,
որ
կը
զայրանայ
կամ՝
կը
գորովի։
Անիկա
մոգերու
խնամակալութեանը
ապաստանած
ուռուցիկ
վեհապետ
մըն
է,
գիրքերու
վրայ
կարելի,
բայց
բոլորովին
հեռու
կեանքին
իրականութենէն։
Դ.
–
Կրօնականներ:
Ահա
գիրքին
ամենէն
կարեւոր
ամբոխը։
Անոնք
պարսկական
մասին
մէջ
մոգ
անունը
ունին։
Երկու
բանակներուն
մէջ
ալ
այս
բազմութիւնը
մօտիկ
է
իրականութեան,
հաւանականութեան։
Անոնք
աւելի
յաջողած
են,
քան
վերը
վերլուծուած
անձերը։
Պատճառը
հեղինակին
անձնական
ծանօթութիւնն
է
ապահովաբար։
Բայց
դարձեալ
ազատ
չեն
հեղինակին
միտքը
պարուրող
մշուշէն։
Տարտամութիւնը
ասոնք
ալ
կը
ծածկէ։
Ասկէց
զատ,
երբեմն
անհանդուրժելի
են
անոնք,
երբ
կը
տրամաբանեն
ու
գիտութիւն,
աստուածաբանութիւն
կը
ծախեն։
Անոնց
բերնով
խմբագրուած
նամակները
փառաւոր
էջեր
են
ջատագովական
այն
գրականութեան,
որ
այնչափ
ընթացիկ
է
Գ.
եւ,
մա՛նաւանդ՝
Դ.
դարերուն։
Իրենց
մտքին
այս
վարդապետական
étalageէն
դուրս
անոնք
անմեղ
արարածներ
են
ու
առհասարակ
անշահեկան։
Ե.
–
Նախարարները,
ասոնց
կիները
եւ
հասարակ
ժողովուրդը:
Յատուկ
անուններ
են
գրեթէ
բոլոր
նախարարները,
մէյ-մէկ
վերադիրով
relevé
եղած։
Անոնք
գիրքին
մէջ
դեր
ու
կարեւտրութիւն
չունին։
Նոյնպէս
է
նաեւ
ժողովուրդը,
որ
հազիւ-հազ
կ՚երեւի։
Բայց
նախարարներու
կիները
վերցուած
են
յուզիչ
ու
անկեղծ
գեղեցկութեան
մը։
Բայց
անոնց
բանտարկութեան
մանրամասնութիւնները
մեզ
կը
հետաքրքրեն։
Եթէ
չենք
հասկնար
անոնց
տարօրինակ
հոգեբանութիւնը
խմբով
վազելու
արքայից
արքային
հրամաններուն
ընդ
առաջ,
միւս
կողմէն
չենք
դատապարտեր
անոնց
երկարատեւ
համբերատարութիւնը,
յանուն
կրօնքի
տասնվեց
տարի
անոնց
բերդարգելումը։
Եղիշէ
ասոնք
տալու
ատեն
մարդկային
կը
մնայ։
Զ.
–
Նահատակները
։
Միակ
յաջողուած
տիպարները
ամբողջ
գիրքին։
Մնաց
որ,
դիրքին
սկիզբէն
մինչեւ
վերջը
նոյն
ոգին,
նահատակման
այս
ծարաւահիւծ
կարօտը
ամբողջ
շարժումին
հոգեբանական
բարեխառնութիւնը
կը
հայթայթէ։
Հասկանալի
էր
ուրեմն
անհատական
այս
մարտիրոսագրութեանց
յաջողութիւնը։
Ամէն
ինչ
իր
նպաստը
կը
բերէ
այս
արդիւնքին
համար։
Ամենէն
առաջ
այդ
թուականներուն
այնքան
կարգի
վկայաբանական
գրականութիւնը։
Յետոյ՝
մեծ
մայրաքաղաքի
մէջ
շղթայակապ
կղերականներուն
պատկառազդու
թափօրը։
Հալածական
քրիստոնէութեան
մը
գերագրգռուած
երեւակայութիւնը,
վախով
իր
հայրենակիցներուն
ետեւէն
նայող`
գրագէտին
ուժգին
խռովքը։
Ահաւոր
անապատի
մը
խորհուրդը,
ուրկէ
ներս
կը
մխուին
սուրբերը
իրենց
ծանրածանր
շղթաներով։
Եթէ
զեղչենք
քիչ
մը
երկար
ու
անտեղի
դաւանաբանական
վիճախօսութիւնները
մոգպետներուն
եւ
քահանաներուն
միջեւ,
անդին
կը
մնայ
բաւական
խռովիչ
գեղեցկութեամբ
տեսարան
մը:
Անձերու
այս
կարաւանը
այսպէս
քննելէ
ետքը,
պէտք
չէ
տխրիլ
այս
ժխտական
արդիւնքին
համար։
Եղիշէի
նպատակը
մեզի
մարդեր
տալ
չէր
ապահովաբար։
Բայց
գրագէտը
դարձեալ
վրիպած
է
պատմական
ըմբռնողութեան
մէջ։
բ.
–
Պատմական
զգայարանք:
Շատեր
կ՚ուզեն
այս
գիրքին
մէջ
երկրորդ
գիծը
նետել
պատմութիւնը,
այսինքն՝
նիւթը:
Չեմ
գիտեր,
թե
ինչ
պէտք
պիտի
ըլլայ
գտնել,
առաջին
փլանի
բերելու
համար։
Եղիշէ
վերացական
գրագէտ
մըն
է։
Անիկա
գիրքերու
մէջ
թանձրացած
եղելութիւններով
միայն
կրնայ
աշխատիլ։
Եթէ
չըլլար
իր
անընդհատ
բարոյախօսելու,
անտեղի
խորհրդածելու
հիմնական
թերութիւնը,
անիկա
կրնար
թարմացնել
ուրիշներէ
նոթագրուած
կամ
համառօտագրուած
դէպքերը,
վերցնելով
կենդանի,
հաճելի
պատմումին
։
Վկայ
իր
առաջին
«յեղանակը»,
ուր
մեծ
գիծերով
կու
տայ
շրջանն
ու
վիճակը։
Այս
ժուժկալութեան,
իրողութիւնները
տիրապետելու
ու
զանոնք
սեղմ
տալու
այս
վարժութեան
մենք
շատ
քիչ
անգամ
կը
հանդիպինք
իր
մօտ։
Ինչ
որ
իր
պատմելու
եղանակին
նկարագիրը
կը
կազմէ,
տարտամ՝
մթնոլորտի
մը
մէջ
տարտամ
եղելութեանց
դրուագում
մըն
է։
Տեսակ
մը
միօրինակութիւն,
որ
տռամին
բոլոր
տեսարանները
կ՚ենթարկէ
նոյն
ձեւազեղծումին։
Տեսակ
մը
assoսpis
անորոշութիւն,
ուր
կ՚ընկղմին
շարժումներուն
բոլոր
շեշտութիւնները,
անձերուն
բոլոր
անհատական
գիծերը։
Որուն
մէջէն
նոյն
ձեւով
կ՚երեւան
անգամ
մը
տեսարան
եկած
վիճակներն
ու
անձերը։
Յազկերտ
միշտ
նոյն
կերպով
կը
բարկանայ։
Եղերականները
նոյն
անզգածութեամբ
կը
փաստարկեն
նամակներում
կամ
հարցաքննութիւններու
մէջ։
Անիկա
չի
գիտեր
մարդկային
խորունկ
շահեկանութիւն
ներկայացնող
կացութիւններ
ընդլայնել,
շահագործել,
dramaliser
ընել։
Ոչ
մէկ
շարժական
վիճակ
սեղմ
ու
բուռն
թափով
կը
քալէ
իր
վախճանին։
Գործողութիւնը
ենթակայ
չէ
անոր:
Ասկէ՝
գիրքին
մէջ
տժգունութիւն
մը,
որ
կը
շրջանակէ
բոլոր
դղրդումները։
Եղիշէ
անկարող
է
զանոնք
շարժող
լարերը
իր
մատներուն
հպատակ
դնելու։
Վրիպած
են
իր
պատերազմները,
բանակներու
շարժումները,
ամբոխային
ժայթքումները։
Միւս
կողմէն՝
վիճակները,
կայունութիւնները,
նկարագրելու
յարմար
պարագաները
աւելի
քիչ
տուժումով
դուրս
կու
գան։
Ամփոփելով՝
կ՚ըսեն,
թէ
Եղիշէ
չունի
պատմողի
մը
պահանջուած
լրջութիւնը,
դիտողութիւնը,
թափանցումը,
դէպքերը
կառավարելու
ճարտարութիւնը,
կեանքը
պահել
կարենալու
շնորհը,
իրական
մնալու
անփոխարինելի
առաքինութիւնը
ու
դեռ
շատ
ուրիշ
բաներ։
Անիկա
անջատ
վիճակներու
ընդհանուր
ընդլայնիչ
մըն
է,
ճարտար
ու
դաշնաւոր
հռետոր
մը։
դ.
–
Ներկայացման
կարողութիւն
։
Գրագէտէ
մը
պահանջուած
առաքինութիւններէն
մէկն
ալ
աս
է։
Տեսնելու
ինքնատպութիւնը,
խորութիւնը,
բազմակողմանիութիւնը
քիչերու
շնորհուած
յատկութիւններ
են
ու
մենք
ասոնք
չէ,
որ
կը
փնտռենք
Եղիշէի
մօտ։
Միւս
կողմէն՝
տարրական
պայման
մըն
է
սակայն՝
մեզի
տեսցնելու,
ցույց
տալ
կարենալու
ընդունակութիւնը,
առանց
որուն
գրագէտ
մը
չըմ
բռնուիր։
Եղիշէ
չի
կրնար
իր
տեսածները
ճշդութեամբ,
կարելի
մանրամասնութիւնով,
բաւարար
կարկառով
փոխադրել
թուղթին։
Անիկա
երեւակայութեամբ
ծոյլ
գրագէտ
մըն
է։
Կը
սիրէ
գոհանալ
մտածման
առաջին
երեսովը։
Ուրիշ
խօսքով՝
մտածումը
ընդլայնել՝
ոչ
թէ
անոր
վրայ
նոր
տարբեր
բարդելով,
այլ
նոյնը
մնացող
այդ
մտածումը
ներկայացնել
գրեթէ
հոմանիշներով
կամ
հականիշներով
(խորքին
մէջ
նոյն
բանն
է
որ
տեղի
կ՚ունենայ)։
Ալ
դիւրին
պիտի
ըլլար
մակաբերել
այն
վիճակները
կամ
գործողութիւնները,
որոնք
ստիպուած
է
երեւակայելու:
Իր
Պարսկաստանը
աւելի
իրական
է,
քան
իր
Հայաստանը.
ու
ասոր
պատճառը
հասկանալի
է։