Յօդուածներ եւ ելոյթներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳՐԱԿԱՆ ԴՊՐՈՑՆԵՐ

Ամենամեծ բաժանումը՝ գիտական, գրական, գեղարուեստական ճիւղերն են։ Գիտութիւնը կը ձկտի օգուտի, շահու, կեանքը կամ ոեւէ բան օգտագործելու։ Գրականութիւն եւ Գեղարուեստ օրէնք չեն առներ, ոչ ալ կը պատճառաբանեն։ Գեղեցկութիւններն արտայայտելու զանազան ուղղութիւններ երեւան կու գան, մին ուղղութեան մը կը հետեւի, ուրիշ մը՝ տարբեր ուղղութեան, այսպէս կը կազմուին դպրոցներ։

Գրական դպրոցներուն՝ սորվելու չեն գար, այլ ստեղծելու կու գան։ Դպրոցներ կան Դասական, Իրապաշտ, Բնապաշտ, Պառնասեան, Խորհրդապաշտ եւ կազմուելու վրայ՝ Ապագայապաշտ։ Սակայն ատոնք կարելի է ամփոփելով 4 գլխաւոր դպրոցներու վերածել. ա) Դասական, որուն հետ առնչութիւն ունի Պառնասեանը, բ) Վիպական, գ) Իրապաշտ ՝ որուն կարելի է կցել Բնապաշտը, դ) Խորհրդապաշտ, որուն կարելի է կցել Ապագայապաշտը։

Դասականը՝ հինցած, ծռթած, տափակցած տպաւորութիւն ըրած է, մինչդեռ այսպէս չէ։ Հին ատեններ, Դասական կը կոչուէին անոնք, որ առաջին կարգին կը պատկանին։ Դասականը շատ առաւելութիւններ ունի, նախ իրմէ կը պահանջուի, որ լեզուական գերագոյն կատարելութեան հասնի. այսպէս եղած են հին լատիներէնը, յունարէնն ու մեր գրաբարը, որ Բագրատունիի գրչին տակ ո՛չ թէ ոսկեդար, այլ ադամանդեայ դար մը բոլորեց։ Յետոյ ժողովուրդին զարգացումը կայ. ձեւ, խորք, համաչափ իրար լրացնելու են, չէ թէ մին միւսին տիրապետող ըլլալով։ Պէտք է նաեւ, որ դասականի մը մէջ զարգացած ըլլան զգայականութիւնն ու տրամախոհութիւնը, ցոլայ պայծառութիւնը. ան բովանդակէ խոր, անըմբռնելի մտածումներ եւ ձեւի տեսակէտով որոշ օրէնքներ. Հռոմէական Որատիոսը, ֆրանսիացիներու Պուալոյին դասական «Քերթողական արուեստէն» շատ զանազանութիւններ ունի, հետեւաբար դասականութիւնը միջավայրէ միջավայր կը փոխուի ինչ ինչ կէտերով։

Դասականէն կը փնտռուի ճշմարտին սէրը, լեզուին մաքրութիւնը։ Դասական քերթուածներն իրենց յատուկ բառերը, ոճերն ունին. պէտք չէ բնաւ հասարակ, գռեհիկ բառեր ու ոճեր գործածել։ Ֆրանս[ական] դասականութեան մէջ «շուն» բառը գործածել՝ քրէական յանցանք էր։ Դասականութեան համար ժամանակն ու միջավայրն ալ նկատի առնել կարեւոր է, վասնզի ամէն տեղ եւ ամէն դար դասական գրականութիւն մը չարտադրեր. օրինակի համար. Հնդկաստանը դասական ուղղութեամբ երկեր չէր կրնար տալ, երբ ակնարկ մը սեւեռենք անոր հոծ ու մթին անտառներուն, խորդուբորտ լեռներուն ու ձորերուն, որոնց մէջ բնակող մարդկութիւնը՝ բնութեան ուժերու սարսափին ենթարկուած՝ չէր կարող հոգեկան խորհրդաւոր վիճակով մը դասականութիւն ունենալ։ Իր «Մահապարաթան» ու «Ռամայանան» միայն հաւասար կը նկատուին Աստուածաշունչին ու Հոմերոսին։ Նոյնպէս Եգիպտոսը, տափարակ ու ջերմ կլիմայով, ուր ամէն դիւրութիւններ կը գտնէր ապրուստի յոգն ունեցող մարդը, չէր կրնար դասական գործ մը արտադրել, ամէն ինչ իրապաշտ էր հոն, ինչպէս Ռամսեսներու արձանները, կոթողները, որոնք նիւթականութեան դրոշմը կը կրեն։

Արդ, ո՞ր երկիրը պիտի ըլլար այն, որ հայրենիքը հանդիսանար դասականութեան. Յունաստա՛նն է այդ, որ կոյսը, կինը, չքնաղ Աստղիկը՝ փառաբանեց վեհօրէն։ Յունարէն լեզուն վճիտ, հնչականութիւնը պարզ, երգուեցաւ Հոմերոսէն։ Յունական հեղինակութեան մէջ ենթակայականը (subjectif) չէ, այլ առարկայակա՛նն է (objectiv) հզօր. Յոյներուն եսը չէ, այլ ընդհանուր ճշմարտութիւնն է, որ կը ցոլայ։ Արդ, այդպիսի գրականութեան մը մէջ ո՞ր սեռը պիտի մշակուէր առաւելապէս, իհարկէ քնարերգութիւնը չէր զարգանար, այլ թատերականը, որ առարկայական սեռ մըն է. այսպէս եւ առարկայական ազդեցութիւնը կը տեսնուի իր հոյակապ քանդակներուն, շնորհագեղ արձաններուն վրայ։

Դասականութիւնը հոն երկար ատեն իշխելէ վերջ, յունական միտքն ու ուղեղը՝ ստեղծագործելէ այլեւս յոգնած՝ կը փոխադրուի հռոմէական կայսրութեան մէջ։ Հռոմայեցուոց մօտ ամէն բան դրական կը տեսնուի. հարիւրաւոր ազգութեանց անսահման երկիրներուն տիրելով՝ անոնց կառավարութեանը մէջ յաջողիլ կարենալը գործնական ըրած էր զիրենք նոյնիսկ աստուածներու մասին, քանզի անոնց Արամազդը չունէր յունական Աստղիկին գեղն ու շնորհը եւ կը նմանի հռոմէական լեգէոնի զինուորին կեանքին։ Անոնց գրականութիւնը եղաւ իրենց կենցաղին ցոլացումը։ Վիրգիլիոսը բացառութիւն բռնելով դասական արուեստը խեղդուեցաւ ժամանակի միստիկականութեան մէջ՝ տարածումովը քրիստոնէութեան, որ մեծ խորհրդաւորութիւն մը ունի։

Ամէն տեղ տիրող գաղափարներու, սկզբունքներու փիլիսոփայութիւնն է, որ դպրոցներուն վրայ կը ցոլայ։ Սակայն կար երկիր մը, ուր դասականութիւնը կրնար յառաջ խաղալ. Գաղիա՛ն էր ան. անտառները նուազ՝ բաղդատմամբ Գերմանիոյ, կլիման հեշտ եւ ազգաբնակչութիւնը լատին խառնուածքով։ Դասական արուեստը հոն արշաւեց, ապրեցաւ, Լուդովիկոս ԺԴ-ի դարուն՝ իր գագաթնակէտը հասաւ, մինչ որ հետզհետէ ձեւափոխուելով՝ յառաջացաւ վիպական գրականութիւնը։ Տարաշխարհիկ գրականութիւն մը եղաւ այս, զոր արտադրեցին Տիկին տը Սդալ եւ ուրիշներ։ Ռասին եւ Գոռնեյլ գերազանցօրէն կերտեցին թատրերգութիւնը։ Շաթոպրիան անգիտակ՝ զբաղեցաւ դասական ու վիպական դպրոցներով։ Հետզհետէ խմորուող նոր ուղղութեան տուին «վիպական» անունը, որուն նպաստեցին ֆրանս[ական] Յեղափոխութեան ազդակները, Տանդոնը, Ռոպեսբիեռը, Կիյէոդինը, Նաբոլեոն իր կեանքի ու հմայքի գիծերով՝ եղաւ ուրիշ ազդակ մը։ Վիպականին յատկանիշն է վսեմ ու անհատապաշտութեան երգը. մշակումը, անոր մէջ աւելի ուշագրաւ են մանրամասնութիւնները (détail), քան ամբողջ գրուածքը. երեւակայութիւնը գերակշիռ է միտքի տրամաբանութենէն։ Արդ, գրական ո՞ր սեռը պիտի կարողանար ուռճանալ այս պայմաններուն տակ. անշուշտ Քնարերգութիւնը. ատոր մէ՛ջ է որ կ՚ապրի ֆրանսական եռանդը։ Թատրերգութեան մէջ, եւ մասնաւորելով Հիւկոյինը, ճշմարիտ տիպեր չենք կրնար գտնել ամէն տեղ. այս պատճառաւ է, որ երբ վերջերը նոյն Հիւկոյին մէկ թատրերգութիւնը բեմ հանուեցաւ ժողովուրդէն սուլուեցաւ. եւ այդ օրէն ինկաւ Վիպապաշտ Դպրոցը, որուն յաջորդ կու գայ Իրապաշտը։

Կեանքը սփինքս մըն է։ Եգիպտոսի մէջ արդէն սփինքսները դրուած են կեանքի իմաստով։ Անոնք կեանքն են. կը մնան անապատին ահաւոր լռութեանը մէջ. պէտք է խօսեցնել այդ սփինքսները։ Իմաստասիրութիւնն աշխատած է պարզելու կեանքը, իսկ կրօնքը, մասնաւորապէս քրիստոնէականը, շատ անգամ նոյնիսկ արհամարհել տուած է զայն։ Դասական դպրոցը եկաւ կեանքի անունով ու կեանքին նայեցաւ լաւատես աչքով։ Վիպական դպրոցը՝ դարձեալ կեանքի անունով՝ եկաւ ըսաւ, թէ դասական դպրոցը թոյլ է, ծանր է ու կեանքի մէջ դրաւ աշխուժութիւն եւ ուզեց վարել երեւակայութեամբ, որ սխալ էր հիմնովին. սակայն խոստովանիլ պէտք է, որ կենդանացուց Քնարերգութիւնը, զոր ուղղակի կը պարտինք վիպական դպրոցին։ Դասական թէ վիպական դպրոցներ եկան, ապրեցան, գործեցին, բայց դեռ սփինքսը խօսած չէր։

Այնուհետեւ եկան իրապաշտ ու բնապաշտ դպրոցները, զորս առանց իրարմէ բաժնելու՝ կրնանք մէկ դպրոց կոչել. միայն տարբերութիւնը հոն է, որ իրապաշտը կեանքը գիտէ այնպէս, ինչպէս որ է, մինչդեռ բնապաշտը հիմնուած է աւելի գիտութեան վրայ։ Երկուքին ալ նպատակը նոյն է, կեանքը պատկերել եղածին պէս, տգեղ կամ գէշ, լաւ կամ գեղեցիկ: Գրական սեռերու մէջ վէպն էր միայն իբր այնպիսի գործիք մը, որ կարենար ի յայտ բերել կեանքի ամբողջ ձեւերը. իրապատ դպրոցը մշակեց այդ սեռը։ Պառնասեան դպրոցն ուզեց ուղղակի հակազդել վիպական դպրոցին ու գրեթէ վերակենդանացուց դասականը։ Պառնասեանը եւրոպականէ աւելի՝ Արեւելքի ծնունդ, իր ամենամեծ պետով՝ Լըգոնդ տը Լիլով պանծաց։ Լիլ ուղեւորութեանն ատեն Հնդկաստանէն հետը բերաւ իրապաշտ դպրոցին յոյզերը, խռովքները. առաւելապէս նկարագրեց կենդանիները, զբաղեցաւ անոնցմով, եւ ատով կոչուեցաւ «կենդանիներու բանաստեղծ». իր «Փիղերը» դասական գործ կը յայտնէ, թէ որքա՜ն սքանչելի նկարագրող մըն է եղած անասունները։ Լիլ այսպէսով է, որ աշխատեցաւ վերադարձ ընել դէպի դասականը. ան աւելի նկարչական ըրաւ ու նուազ խորհրդածական։ Վիպական իրապաշտներէն անո՛վ կը տարբերին պառնասեանք. որ վերջինք իրերու եւ դէպքերու գեղեցիկ մասերը միայն կ՚ընտրեն ու կը նկարագրեն, մինչ, իրապաշտները կը նկարագրեն այնպէս, ինչպէս որ անոնք են, գէշ կամ աղէկ, հզօր կամ տկար, լա՛ւ կամ վատ։ Ոմանք կը նկատեն, թէ պառնասեանները պարզ լուսանկարիչներ են. սխալ է այս. լուսանկարն իրը կ՚առնէ եղածին պէս, լուսանկարչութեան մէջ զանազանութիւն չկայ, մինչդեռ ըսինք, պառնասեանները կ՚առնեն այն մասը, որ հրապուրիչ է, որ կրնայ յուզել։

Պառնասեաններու փթթումին՝ երիտասարդութիւն մը կար, որ տառապած էր, հիւծուած էր այդ երիտասարդութիւնը ֆրանս[ական] յեղափոխութեամբ ու հռոմէական քաղաքակրթութեան հմայքով պարուրուած, անոնցմէ ազդուած, ջղայնացած էր։ Այն կ՚ապրի մինչեւ այսօր ալ ու կը ջղաձգուի ամենանուրբ երաժշտութենէ։ Անոնք Փարիզի մէջ կը թափառէին՝ ոեւէ կապ չունենալով ոեւէ մէկուն հետ, զիրենք կը նկատէին զրկեալներ, տուայտողներ. անոնք «ճին» կը խմէին եւ հաշիշ կը ծխէին. անոնք ստեղծագործելու, նոր կեանք մը ստեղծելու երեւոյթ մը ունէին։ Երբ օր մը Լըգոնդ տը Լիլ կ՚արտայայտուէր, բազմութեան մէջէն ծիծաղեցաւ այդ երիտասարդներէն մին. Վեռլէ՛նն էր այդ. եւ արդէն ստեղծուած էր խորհրդապաշտութիւնը (symbolisme)։ Անոր նախաշաւիղը եղան Վակներեան նուագները, եւ արդէն Գերմանիոյ մէջ կ՚ապրէր խորհրդապաշտութիւնը։ Գերման ժողովուրդներ՝ իրենց անտառներու, մթամած թանձր թաւուտներու միջավայրին իբր արդիւնք՝ օժտուած են առաւելապէս խոր զննահայեցողութեամբ ու ծնունդ տուած Վակների երգերուն նման միստիկական, խորունկ արտայայտութեանց։ Խորհրդապաշտութիւնը Վակների ազդեցութեան տակ տարածուեցաւ Ֆրանսա եւ ուռճացաւ հոն։ Թէ ինչպէ՞ս կրնանք սահմանել խորհրդապաշտութիւնը։ Զանազաններ մինչեւ այլաբանութիւն կը հանեն զայն, մինչդեռ այնպէս չէ։ Խորհրդապաշտութիւնն իր արտայայտութիւնը կ՚առնէ ուղղակի նիւթէն. զորօրինակ, կեանքի յոյսը պատկերելու համար՝ ան կ՚առնէ շուշանը, ո՛չ թէ շուշանին ձեւը, այլ անոր երեւոյթը, որ յոյսն իմացնէ, մինչ այլաբանութիւնը կեանքի արտաքին մէկ երեւոյթը ցոյց կու տայ ուրեմն խորհրդապաշտութիւնն այն արուեստն է ուղղակի, որ յաջորդական պատկերներով կ՚ուզէ իրերուն ներքինին մօտենալ։ Արուեստ մը պէտք էր, որ ունենար իր միջոցը. վիպապաշտները, պառնասեանները նկարչութիւնն ընտրեցին, խորհրդապաշտները՝ նուագը. վերջինս ո՛չ միայն եղած իրերուն պատկերն է, այլ նաեւ հոգիին նկարչութիւնն է։ Խորհրդապաշտներուն համար ընդհանրապէս կ՚ըսուի, թէ մութ են. ճի՛շդ է. ժողովուրդը չի կրնար հասկնալ զանոնք եւ մութ կ՚զգայ, արդէն խորհրդապաշտութիւնը հասկնալու համար պէտք է ունենալ զգացումի զարգացում։ Ահա վերջապէս խորհրդապաշտք եկած եւ ուղղակի կեանքի սփինքսին մօտեցած էին. եւ կարող ենք ըսել, թէ վիպական դպրոցէն աւելի տարածուեցաւ խորհրդապաշտութիւնը։

Ապագայապաշտութիւնը ծնաւ Իտալիա։ Ասոր մէջ գրեթէ աւելի աղմուկ կայ. իր խորքը պարզ ու միջակ է, իսկ ձեւը՝ խառնուրդ մը։ Խորհրդապաշտութեան եւ իրապաշտութեան պէս ինքնուրոյն դպրոց մը դառնալու նշաններ ցոյց չի տար, գէթ առայժմ։ Ապագայապաշտները նիւթ կ՚ընտրեն, նպատակ կ՚առնեն գիտութեան վերջին յառաջդիմական երեւոյթները, ազդակները, զորօրինակ, կ՚արհամարհեն գիւղական խրճիթի մը ճրագն ու կը փառաբանեն էլեկտրական լոյսը, կ՚անգոսնեն ձին ու կ՚երգեն վայրաշարժը, կը պահանջեն փլուզումը Ս. Մարկոսի հնաւուրց պատմական եկեղեցիին։ Ասոնց ուղիին մէջ, սակայն, կայ ճշմարտութիւն մը, կը պնդեն որ Ապագայի մարդը պէտք է ստեղծէ Նիցշէի գերմարդը։ Անոնք, իմ գաղափարով, տակաւին ոեւէ իրաւունք չունին դպրոցի անուն տալու, քանզի ապագայապաշտութիւնը քաղաքական շարժում մըն է, ո՛չ թէ գրական։ Ծնած վայրն Իտալիան՝ Հիւսիսէն Ֆրանսայի ազդեցութեան տակ ու հարաւէն տգիտութեան մէջ թաղուած՝ կը հեծէ. ժողովուրդը թոյլ, ծոյլ ու թշուառ է, արեւին շուքերուն տակ ման կու գայ «բան մը չընելը լաւ է, ընելը՝ սիրելի» ըսելով. իրենց երգերուն մէջ նոյնիմաստ նախադասութիւններով դանդաղութիւննին, աղտոտութիւննին կը յայտնաբերեն։ Անոնց ստրկացած, ինկած վիճակը, այդ լճացումը մաքրելու համար՝ պատերազմ մը, վերիվայրում մը պէտք էր, զոր յուզեցին, վեր հանեցին մտաւորականները. ասոնք չուզեցին բնական խաղաղ ուղիով ձեռք առնել պայքարը, այլ վերիվայր շրջումով մը, պատերազմին փառքը ներբողեցին, որպէսզի ժողովուրդն իր խորունկ թուլութենէն, մեղկ ստրկութենէն առնական կորովի, ուժգին շարժումի դարձնեն։ Կառավարութիւնն այս շարժումին համամիտ չէր, բայց ստիպուեցաւ լռել։ Ապագայապաշտութեան հիմնադիր Մառինեդդի՝ բանաստեղծի իր անբիծ, սուրբ զգացումներուն դէմ չգտաւ երթալ Ափրիկէի մէջ արաբներ ջարդելը, քիչ մը կենդանութեան մղելու համար իտալացի ռազմիկ ժողովուրդը, եւ վիրաւորուեցաւ ալ։ Իրենց քանի մը բանաստեղծներն ուղղակի տաղանդ են։

Վերջացնելէ առաջ, յիշեմ թէ այս բոլոր դպրոցները մեր մէջ ալ համաչափ ուղղութեամբ երեւցած են, իրենց ազդեցութիւնը թողլով ցեղային հիմունքին վրայ։ Բագրատունի դասական մըն է իր «Հայկ Դիւցազնին» մէջ, պահելով հայկական շքեղ դրոշմ մը. Ալիշան՝ ռոմանդիկ մը՝ իր հայրենանուէր շունչովը, նաեւ ուրիշներ. այդ ծաղիկները պէտք է ապրեցնել։ Գեղարուեստով է, որ կ՚ապրի ցեղ մը։ Մեր ժողովուրդին անտարբերութիւնն՝ ընթերցանութեան, եւ վերաբերումը հայ գրողներու հանդէպ՝ ցաւալի է. եթէ նա հայ գրողին հետ վերաբերուէր ֆրանսացի գրողին հետ եղած չափով, մեր ցեղային ապագան կ՚ապահովուէր։