Հայ գրականութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԹԵԼԱԴՐՈԻԹԻՒՆՆԵՐ

Այս հատորը կազմող կտորները ենթակայ եղած են զանազան տեսակի աշխատանքներու։ Ասոնց լրիւ հասկացողութիւնը դիւրացնելու համար աւելորդ չենք նկատեր քանի մը արագ թելադրութիւններ: Անհրաժեշտ խղճմտութեամբ երբ վերծանուին այս թելադրութիւնները, շատ մեծ չափով կը դիւրացնեն թափանցումը, իւրացումը, եւ համապատասխան արդիւնք կ՚ունենան։

Ա. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ։ Ուսուցի՛չը երբեք պէտք չէ տայ դաս մը առանց անոր ընթերցումը կատարելու տղոց։ Որոշ օրէնքներ չեմ առաջարկեր: Գերագոյն օրէնքը, ամէնէն առաջ, հասկցուած ընթերցումն է, որ կը կայանայ իմաստին համեմատ ձայնը կառավարելու մէջ։ Երկրորդ թելադրանքը զգացում հաղորդելու ջանքն է կարդացուած կտորին, քիչ մը աւելի բարդ անշուշտ եւ դժուար՝ քանի որ զգայնութեան միջամտութիւն մը միշտ կարելի չէ առաջին մերձեցմամբ: Չեմ պահանջեր դերասանական նրբութիւն, արուեստագէտի ներշնչում եւ խորութիւն: Ուսուցիչը լուրջ մարդ մըն է առնուազն, աւելի՛ զգացող քան զինքը մտիկ ընողները։ Ուզուածը այդ զգացման հաղորդ ընելն է իր առջին նստած աշակերները յաճախ, այս երկու մայր ցուցմունքներու տակ կատարուած ընթերցում մը, դասը կ՚առաջնորդէ իր իմաստին։ Տղաք կը հասկնան ու կը զգան իրենց ուսուցչին ետեւէն։

Տղոցմէ պահանջուած ընթերցումը միեւնոյն կտորին, երբեք կրկնելու չէ ուսուցչին կամ ընկերոջ ո՛չ շեշտը, ո՛չ դարձուածքը եւ ո՛չ ալ գնացքը։ Ամէն տղայ ունի իր զգայնութիւնը իրեն յատուկ, որուն մէջէն է որ պիտի գան մեզի իր բառերը: Գնացքի որոշ միօրինակութիւն մը (արագութիւն, ելեւէջ, դանդաղանք) իր օգուտը ունի, բայց չի կրնար բռնանալ թափանցման, մանաւանդ զգալու անձնական եղանակին։ Հնչումներու ամբողջ պահպանումը, անոնցմէ գալիք յուզումին խնամքով հսկողութիւնը, մանաւանդ ամբողջ դասարանին ուշադրութիւնը կենդանի պահելու հարկը, աւելի նպաստ կը գտնեն, երբ տղաքը կարգի մը համեմատ չեն կատարեր այդ ընթերցումը, այլ ուսուցչին հրամանովը։ Դաս մը կազմող բոլոր տղաքը պարտաւոր են կարդալ նոյն դասը, համաձայն կտորին երկարութեան կամ կարճութեան։ Կարճ կտոր մը դասամիջոցի մը մէջ կրնայ երկու անգամ ընթերցման նիւթ հայթայթել: Որոշ երկարութեամբ կտորներ պէտք է բաշխուին ամբողջ տղոց վրայ մէկ անգամուան համար: Արգիլել, ամենամեծ խստութեամբ, ամէն թերացում, բառերու կրկնում, գէշ սորվըւած ունակութիւններ, որոնք քանի մը դասէն կ՚անհետանան ինքնաբերաբար:

Խստապահանջ ուշադրութիւն մը ուսուցչին կողմէ, միա՛կ դարմանն է այդ տկարութեանց։

Ոտանաւորներու գոց սորվիլը, մա՛նաւանդ խոնարհ դասարաններու համար, ունի մասնակի կարեւորութիւն, եւ ատոր համար յանձնարարելի է։ Բարձր դասարաններ` զգացուած արտասանութեան փորձերու մէջ, առիթ կը գտնեն մշակելու իրենց առոգանութիւնը, ձայնի ճկունացումը, մա՛նաւանդ ներքին ապրումին վայելչապէս՝ առանց ծեքծեքման եւ հռետորութեան արտաբերումը։

/Զ/

Ընթերցումը այսպէս կատարուած, կը դառնայ դասի մը հիմնական պայմաններէն մէկը:

Բ. ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ ԿԱՄ ԲԱՑԱՏՐԵԱԼ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ։ Կ՚առնեմ կտոր մը եւ զայն կ՚ենթարկեմ բացատրեալ վերլուծման. Դանիէլ Վարուժանի Հարճը քերթուածին առաջին 24 տողերը:

 

ՀԱՐՃԸ

Գարնանամուտ երեկոյ մ՚իր պալատին մէջ մարմար,
Բակուր՝ Սիւնեաց Նահապետ, շըքեղ հանդէս մը կուտար,
Երբ ուղեւոր մը յանկարծ մըրըրկարշաւ կը հասնի
Լուսընկափայլ ճամբայէն՝ մեծ դըրան քով արքենի։
Ձին կը հեւայ, ու բերնին փրփուրն՝ հողմէն միշտ խլուած`
Կը թրջէ թամբն համօրէն, ասպանդակներն ոսկեմած:
Հեռուներէն ան կուգայ. զայս կը մատնէ թէ՛ փոշին,
Որ դիզուեր է խաւերուն մէջ թիկնոցին թաւիշին,
Թէ՛ նըժոյգին վըրընջիւնն աստեղացունց մաքրութեամբ՝
Որ կը խնդրէ ախոռին գոլուտ հանգիստը անթամբ:
Բակուր այդ հիւրն իր անձէն եւ անունէն կը ճանչնայ.
Բագրատունին Տրդատն է, հզօր իշխան, ու փեսայ
Տիրան հայոց արքային, որ կը փախչի Մարաստան.
Կը փախչի ան, զի կինն իր՝ Տիրանի դուստրն աննման,
Գանակոծեր էր խստիւ, պալատէն դուրս արտաքսեր,
Խուզելով, իբր անարգանք, անոր խարտեաշ գանգուրներ:
«Տրդա՛տ, կ՚ըսէ Նահապետն, այս գիշեր քուկդ է իմ տուն.
Մարաց աշխարհն հեռու է, եւ դու անշուշտ պարտասուն.
Մըտի՛ր սըրահը տօնին, թող իրարու դէմ փշրին,
Մեր բաժակներն, ու մեր սէ՛րը մկրտէ թող գինին»։
Եւ կոչունքի կը բազմի, Բագրատունին վտարանդի,
Աջ կողմը ճիշտ Բակուրին՝ որ, իր կարգին, կը նստի
Գահի մը վրայ՝ որուն լայն թիկնատեղին է քանդակուած
Բագոսը՝ եզ մ՚որթերով պսակելու ըզբաղած:

Մեր ընելիք առաջին աշխատանքը ընթերցումն է այս 24 տողերուն, գտնելու համար՝

Ա) Անոնց նիւթը։

Բ) Քննութիւն արտայայտութեան (բառական վերլուծում տող առ տող)։

Գ) Նիւթին ընդհանրութիւնը (մասնաւորութիւնը)։

Դ) Լեզուական կողմեր։

Ե) Ոճի յատկանիշներ։

Զ) Յուզման տարրեր:

Է) Մտածման տարրեր:

Որոնցմէ վերջ պիտի փնտռենք մատենագրական ծանօթութիւններ, գրական հարցեր, գրական դպրոցի սկզբունքներ: Ու ամէնէն վերջ, այդ քերթուածը պիտի արժեւորենք նախ՝ Վարուժանի ամբողջական գործին մէջ, բ) հայ գրականութեան մէջ, եւ գ) (եթէ կարելի է) ընդհանուր գրականութեան մէջ։

/Է/

Ա) Կը սկսինք փնտռելու նիւթը։

[Հանդէս մը Սիւնեաց աշխարհին մէջ։ Ուղեւոր մը դուռին առջեւ։ Ձին: Յոգնութիւն եւ փոշի: Բագրատունի Տրդատն է ուղեւորը: Անիկա փախած է (պատճառը կը մնայ այդ փախուստին անորոշ, վասնզի բանաստեղծին բառերը կը ստեղծեն երկդիմութիւն)։ Սիւնեաց Նահապետին հիւրասիրումը եւ խօսքերը: Կոչունք։ Բագրատունին՝ Սիւնեաց Նահապետին աջ կողմը։ Բակուրին գահը թիկնատեղի քանդակովը]։

Բ) Քննութիւն արտայայտութեան (բառական վերլուծում տող առ տող)։

1 տողը մեզի կուտայ պահը (իրիկուն եւ գարնանամուտ)։ Տեղը (մարմարեայ պալատ մը)։

2 տողը` Սիւնեաց Բակուր Նահապետը եւ հանդէսը։ Շքեղ ածականը հանդէսը կ՚որակէ ո՛չ իբրեւ աւելորդ տարր, այլ անհրաժեշտ։

3 տողը մուտք կուտայ ուղեւորին։ Յանկարծահաս, մրրկարշաւ, մեզի կը թուին քիչ մը խոշորցուած, բայց կը մնան իրական: Այդ օրերուն, մարդիկ, ձիերու կռնակին, մարմնեղէն մրրիկներու կը նմանէին. այնպէ՛ս ինչպէս վերադիրը կ՚արտայայտէ:

4 տողը կը խօսի լուսնալոյս ճամբէն, եւ արքենի մեծ դուռէն։ Թէ՝ ճամբան, թէ՛ դուռը արդար յաւելումներ են։

5 եւ 6 տողերը՝ հեւացող ձին, որուն բերնէն հովը փրփուրը կը խլէ։ Այս պատկերը կը շարունակուի 6րդ տողին մէջ, ուր՝ թամբը ամբողջ թաթախուած է բերնի փրփուրէն, ոսկի ասպանդակներն ալ միասին:

7, 8, 9, 10 տողերը ուղեւորին եւ ձիուն յոգնութեանը նուիրուած են: Թիկնոցի թաւիշին խաւերուն մէջ մատ մը փոշի: Ձիուն վրնջիւնը (աստեղացունց մաքրութեամբ՝ քիչ մը պոռոտ պատկեր ըլլալուն հակառակ, տեղին է), ինչպէս նաեւ անթամբ հանգիստի անոր կարօտը գոլուտ ախոռին մէջ։

11 տողը թարմատար է, բայց անհրաժեշտ, քանի որ, 12րդ տողին, կը տրուի այդ անձին նկարագիրը:

12 տողը շարունակութիւնն է այդ ներկայացման։ Թէեւ յարաբերականը հեռու դրուած է յարաբերեալէն, բայց մեր մտքին մէջ շփոթութիւն չի ստեղծեր, քանի որ յարաբերականը նախորդ նախադասութենէն կը զատուի ստորակէտով մը: Տրդատը՝ փեսան է արքային՝ Տիրանին, որ Մարաստան չի կրնար փախչիլ։ Յարաբերականի եւ յարաբերեալի իրարու հետ ունեցած աղերսին ստիպողականութիւնը (իրարու մօտ դրուիլ) ողջմտութեան եւ պայծառութեան առջեւ անհրաժեշտ չէ երբեմն։

13 տողը` փախուստին պատճառը: Տիրանին աղջիկը եւ Տրդատի կինը:

14, 15 եւ 16 տողերը կը խօսին ծեծէ, անարգանքէ, խարտեաշ գանգուրներու խուզումէն։ Ինչպէս վերը դիտել տրուեցաւ, սկզբնական բառը՝ կինը, սովոր ենք ենթակայ առնել. այն ատեն 2րդ եզրը նախադասութեան՝ սեռի խնդիրը, բնական կերպով մը կը դառնայ Բագրատունի Տրդատը։ Թէեւ դժուար չէ այդ դարերը յիշելը, ընդունիլ արքայադուստր կինէ մը ծեծ ուտող իշխան մը, բայց նման իշխան մը, պատմումի մը հերոս առնելը այլապէս կը դժուարանայ։ Նախադասութեանց եւ բառերու շարքը մեզ իրաւունք չի տար խորհելու թէ ծեծ ուտողը Տիրանին աղջիկն է։ Այս շփոթութիւնը կ՚արձանագրենք բայց կ՚աւելցնենք որ ծեծ ուտողը Տիրանին աղջիկն է։

/Ը/

17, 18, 19 եւ 20 տողերը՝ հրաւէր խնճոյքի։ Տօնին սրահը: Բաժակներու բաղխումը, եւ, գեղեցիկ նախադասութիւն՝ գինիով սէր մկրտել։ Ո՛չ մէկ աւելորդ տարի այս ամէնուն մէջ։ Խօսակցութիւնը՝ կենդանի, հզօր եւ իրաւ։ Վարուժան, մարդերը խօսեցնելու մէջ ունի որոշ կորով, յաճախ քնքշութիւն (տեսնել անոր ուրիշ դիւցազնավէպը՝ Արմենուհին, ուր առաւել քան երբեք պայծառ է սա քնքշութեան վերագրումը)։

21, 22, 23 եւ 24 տողերուն մէջ կը ճշդուին տեղերը իշխաններուն։ Քերթուածին մէջ այս կարեւորութիւնը գահընտիր ըլլալու, ինչպէս կ՚ըսեն մեր հին գիրքերը, աւատական կարգերու ամէնէն զօրաւոր մէկ մասնայատկութիւնն էր: Կը յիշուի մեր պատմութեան մէջ նախարարներու վէճ մը` պարսից արքունիքը, իրենց գահերուն շուրջ, եւ Ս. Սահակի խնդրանքով գահնամակի մը խմբագրումը: Դանիէլ Վարուժան պատմական ճշգրտութեան իր հարկը կը վճարէ այս 4 տողերով։ Թիկնատեղիին վրայ Բագոսին քանդակը, հեռու՝ աւելորդ շքեղանք եւ նկարագրութիւն ըլլալէ, կը ծառայէ բարքեր եւ տեղական գոյն թելադրելու:

Ինչպէս դիտուեցաւ, բառական սա վերլուծումը մեր առջեւ չբերաւ ո՛չ մէկ աւելորդ տարր, բռնազբօս տող, տափակ արտայայտութիւն, ընդհակառակը տեղի, պահի, տիպարներու շարժառիթները, շարժումի եւ խօսքի կատարեալ ներդաշնակութիւն, յստակութիւն, կորով՝ զիրար պաշտպանող։ Ուսուցիչը կրնայ այս հաստատումներու ճիշտ հակառակը գտնել ուրիշ կտորներու մէջ. օրինակ, Ալիշանի, Նարպէյի, Սեղբոսեանի դիւցազնավէպերուն մէջ։ Անհրաժեշտ է որ հայերէնի դասախօսը ըլլայ ծանօթ հայ նոր գրականութեան բոլոր կարեւոր, համբաւաւոր կտորներուն։ Այս ծանօթութիւնը, դասը ընդարձակելու, տղուն մէջ ամուր քանդակելու անհրաժեշտ միջոցն է, միեւնոյն ժամանակ ուսուցման հորիզոնին ընդլայնումը: Այսպէս ամէն կտորի շուրջ նմանութիւններ, հակադրութիւններ առիթներ են գրական զարգացման։

Գ) Նիւթին ընդհանրութիւնը (մասնաւորութիւնը)։

Իշխանական կեանքէ, աւատական բարքերէ առնուած այս քերթուածին սա մասը չ՚ենթարկուիր մեր վերլուծման երրորդ պահանջին։ Միշտ այսպէս չէ սակայն պարագան։ Մեր օրերէն վերցուած կտորները յստակ կերպով կը ցոլացնեն ընդհանրութեան կամ մասնակիութեան պայմաններ: Այսպէս՝ մեր գրքին ԻԶ. դասը մասնաւոր նկարագիր մը ունի, ըլլալով զուտ գիւղական բարքերու պատկեր մը: Աւելի քիչ մասնակի է ԻԷ. դասը, քանի որ հոն պատմուած ողբերգութիւնը 1890ին գրեթէ գաւառներու բոլոր հայ տուներուն համար կարելի աղէտ մըն էր: ԻԵ. դասը ընդհակառակն ունի ընդարձակ տարողութիւն, քանի որ կ՚ընդգրկէ ամբողջ ժողովուրդի մը հաճոյքները, տրտմութիւնները, հոգին։ Վերը վերլուծուած կտորը մասնակի է:

Դ) Լեզուական կողմեր։

Աշխարհաբարի ընդհանուր բնաշրջումը մեր գրքին մէջ որոշ կ՚երեւայ։ Զարթօնքի սերունդին եւ Ռոմանթիքներուն մօտ գրաբարին անտեղի միջամտութիւնը, Իրապաշտներուն ջանքով այդ շարժումին յաղթահարուիլը, Արուեստագէտներուն մօտ լեզուական միօրինակութիւնը իրողութիւններ են որոնք կ՚արթննան իւրաքանչիւր կտորի համար: Մեր վերլուծած կտորը ընտիր նմոյշ մըն է աշխարհաբարի իր վերջին՝ եթէ /Թ/ ոչ վերջնական կաղապարին մէջ։ Վարուժան շատ քիչ ունի լեզուական զանցում իր քերթողութեան մէջ։ Տող առ տող վերլուծման ատեն, յարաբերականի մերձաւորութեամբ ստեղծուած շփոթումը բացառիկ պարագայ է իր մօտ: Նարպէյի, Ալիշանի, Պէշիկթաշլեանի կտորները պայծառ կերպով մեզի կը թելադրեն մեր ըսելիքը։ Հին երգիչներէն, գաւառացի հեղինակներէն ուրիշ կտորներ այս անգամ կը թելադրեն բարբառային ուրիշ յատկանիշներ: Օտար բառերու անխնայ գործածութիւնը ուրիշ հարց կը ստեղծէ։ Այս բոլորը իր մտքին մէջ յստակ ունեցող ուսուցիչը, ամէն դասին պարտաւոր չէ թարմացնելու իր ըսածները: Յետոյ չմոռնալ սա պարագան որ վերլուծուած ամէն կտոր, կենդանի իրականութեան մը պէս պէտք է ներկայանայ դասասրահին, վասնզի գրական կտորները նոյն մէկ ու մեծ նիւթին բաժանումներն են։ Ասոր համար է որ կտոր մը միշտ կապեր ունի ուրիշներու հետ։ Լեզուական նկատողութիւնները այդ կապերուն ամէնէն վստահելիները կրնան կազմել:

Ե) Ոճի յատկանիշներ։

Կը զգուշացնեմ ուսուցիչը այդ յատկանիշները շատ լրջօրէն, հետեւակօրէն արժեւորելէ, ինչպէս կ՚ընեն երանելի դասագրքերը, որոնք պաշտօն ունին գրելու գիտութիւն մը ուսուցանելու: Մեր գրքին մէջ այդ յատկանիշները վերածուած են բառերու։ Ատոնց խտացուցած իմաստը տղուն մտքին համար դիւրին է բանալ։ Այսպէս՝ վերի կտորին մէջ ոճի կարեւոր յատկութիւններ են՝

ա) Ուժգնութիւնը

բ) Հռետորականութիւն:

գ) Պայծառութիւն:

դ) Աւիւն եւ շարժում:

ե) Թռիչք։

զ) Որոշ չափով գոյն։

է) Դաշնաւորութիւն:

ը) Երաժշտականութիւն։

Այս բառերը երբ բանաք, կ՚ունենաք Վարուժանի տաղանդին վրայ յստակ նշմարներ: Կը փորձեմ բանալ մէկ քանին։

ա) Ուժգնութիւնը կը ստեղծուի ո՛չ թէ զօրաւոր բառերու ագոյցով մը (յիշել Բամբ Փորոտանը) այլ հաստատ բառերու այն յարդարանքով, որուն մէջ շեշտը կուգայ զօրաւոր մտածումէ մը կամ զգացումէ մը: Այնպէս որ ուժգնութիւնը պէտք է փնտռել բառերուն ետին եռացող հոգեբանական վիճակէն։ Մեր կտորին մէջ փափկութիւն եւ ոյժ քով քովի գոյութիւն ունին: Փափկութիւն է գարնանամուտ իրիկունը: Ոյժ է մարմար պալատը: Մրրկարշաւը ոյժ է դարձեալ, քովիկն ի վեր լուսնկափայլ ճամբային որ քնքուշութիւնն է։ Այսպէս փոխն ի փոխ, համաձայն վիճակներու ներքին ուժականութեան (dynamisme), բառերը անզգալաբար կը հագնին երկու վիճակներէն մէկը: Ոյժի տողեր են 11- 20, ուր դէպքերը կը ղեկավարուին ամուր բռնուած գնացքով մը: 20 24ն ալ վերի հատուածին ճնշումին տակ առնական բան մը ստացած է։ Երբ այս դիտողութիւնը տարածենք Վարուժանի ամբողջ բանաստեղծութեան վրայ, պիտի տեսնենք որ անոր քերթուածներուն մեծ մասին մէջ այս յատկանիշը ունի տիրական նկարագիր: Ու ահա մասնաւորը. նիւթէն, բառէն չէ որ կը ճարենք մենք ոյժը, այլ՝ հոգիէն։ Թերեւս անգիտանաք թէ /Ժ/ արեւմտահայ քնարերգութիւնը 1900էն վերջ ազդուած է ցեղը վրդովող խուլ ուժերէն։ Մեր վրայ գործադրուած եղեռնը անդրադարձած է մեր հոգեղէն դրութեան, ու մենք գրեթէ դադրած ենք ըլլալէ 1870ի եւ 1880ի փափկերգակ մարդերը: Ինչպէս կը տեսնէք, ոճի սա յատկանիշը հեռու է գիրքերու սորվեցուցած յարդարանքին արդիւնքը ըլլալէ։ Անիկա ներքին վկայութիւն մըն է թէ բանաստեղծին, թէ՛ զայն ներշնչող հոգեբանութեան։

բ) Հռետորականութիւն։ Յատկանիշ` որ գիրքերու մէջ չէ յիշուած, եւ որ տարբեր է ուժգնութենէն։ Մեր նոր քնարերգութեան նկարագիրն է դարձեալ, տեսակ մը բրօբականդ՝ ազատագրութեան դատին բոլորանուէր տարփով, անձնական ըլլալէ աւելի համայնական։ Թէ Սիամանթօյի, թէ՛ Վարուժանի, թէ Թէքէեանի ազգայնական քերթուածները ուղղուած են զանգուածին, որ կ՚ազդուի ձայնական միջոցներէն շատ աւելի դիւրաւ քան թէ մտածումէ եւ գոյնէ: Ասոր համար է որ բառերով տպաւորութիւն թողելու թէքնիկ մը չըլլայ արհամարհելի, քերթողներուն մօտ։ Անշուշտ յարգի առաքինութիւն մը չէ հանդիսական, քիչ մը ցուցամոլ սա պերճանքի հետամտութիւնը, բայց Բագրատունիի, Ալիշանի, Պէշիկթաշլեանի մօտ դիտուած գրքունակ, քերականօրէն յարդարուած եղանակն ալ չէ կանխող սերունդին։ Վարուժանի Ցեղին Սիրտը իրաւ ու առողջ հռետորականութեամբ կը թրթռայ սկիզբէն մինչեւ վերջը: Հետեւաբար գիրք մը լեցնող յատկանիշ մը, հասկնալի՝ արդար է այդ հեղինակին միւս էջերուն վրայ ալ։ Արդարեւ մեր քերթուածին շարունակութեանը մէջ ամէն ինչ ենթակայ է այս հռետորականութեան։ Մարդերը, արարքները, արտաքին աշխարհը բարձրացուած են, խոշորցուած են անզգալաբար, հպատակելով Վարուժանի խառնուածքին։

Ոճի յատկանիշներու առջեւ սա ձեւ պարզումը պէտք է նպաստ մը բերէ ո՛չ միայն կտորին իւրացման, խորացման, այլ նաեւ հեղինակ մը բնորոշելու անհրաժեշտ պարտքին։

Զ) Յուզման տարրեր։

Արուեստի գործի մէջ յուզումը հիմնատարր է։ Չեմ խօսիր ատկէ զուրկ գործերուն մեր մէջ ստեղծած բեկման եւ տրտմութեան մասին։ Որքան ալ խնամենք մեր ոճը, փնտռենք մեր բառերը եւ նախադասութիւններու կազմը, կը մնանք ցուրտ, անհաղորդ, եթէ երբեք մեր բառերու շէնքէն յուզում մը չ'անցնիր ընթերցողին։ Այս կտորին մէջ այդ յուզումը դժուար կը ճշդուի, տրուած ըլլալով հատուածի իր հանգամանքն կտորին մէջ յուզման սա դժուար յառնումը պէտք չէ ընդհանրացնենք։ Այս կտորը իր ամբողջութեանը մէջ մեզ կը տպաւորէ, կը յուզէ կեանքի շքեղ պատկերացմամբ, մարդերու հզօր բախումով, տեսարաններու հարուստ, փարթամ գոյներովը։ Կը հետեւի այս տողերէն թէ յուզումը կերպով մը կը խորհրդանշէ կտորէն մեր առնելիք տպաւորութեանց որակը: Դուրեանի Տրտունջքը տարբեր յուզում կը պարունակէ. Հարճը՝ ուրիշ։ Էականը՝ ամէն կտորէ մեզի գալիք յուզման քանակը, մանաւանդ որակը կը կազմէ։ Հոս տժգոյն է անիկա, բայց գոյ: Կան ուրիշ քերթուածներ (օրինակ Վահան Թէքէեանի քերթուածներուն մեծ մասը) ուր անիկա ծածկուած է խնամքով։ Հռետորութենէն վախը, մեր գրողները նետած է ծայրայեղ ժուժկալութեան։ Պէտք չէ խաբուիլ սա վերապահ վիճակէն։ Նոյն այդ Թէքէեանի ամէնէն անհաղորդ քերթուածը /ԺԱ/ երբ պարզուի, այսինքն վերլուծուի, կը ծորէ իր մէջէն զօրաւոր խռովք մը, որ աւելի հաճելի է, աւելի թանկ է քանի որ մեր միջամտութեամբը, այսինքն աշխատանքովը ինքզինքը կուտայ։ Յուզման սաստկութիւնը կ՚անուանուի զգայնոտութիւն որ թերութիւն մըն է։

 

Է) Մտածման տարրեր։

Վերլուծումը արդէն այդ մտածումները կ՚առանձնացնէ, կը ճշդէ։ Մտածման խորութիւնը, նորութիւնը, ընդարձակութիւնը, տափակութիւնը, թեթեւութիւնը, առաջին իսկ շփումով զգալի վիճակներ են որեւէ կտորի մէջ։ Ուսուցիչը պարտաւոր է մտադիր ըլլալ այն հիմնական մտածումին որուն վրայ կը բարձրանայ կարդացուած կտորին շէնքը: Անգամ մը ասիկա ճշդելէ յետոյ, նոյն ուշադրութեամբ պարտաւոր ենք հետեւիլ երկրորդական մտածումներու շարքին որոնք յաճախ մարմին կուտան մայր մտածումին։ Քերթուածներու մէջ դիտուած է որ մտածման բաժինը քիչ կ՚ըլլայ, իսկ արձակը անհրաժեշտաբար պէտք է մեզի բերէ մտածում, կամ մտածելու մղէ զմեզ: Չմոռնալ որ ամէն կտոր ժամանակէ մը, մտայնութենէ մը վկայութիւն մըն է։ Ու ամէն մտածում՝ մէկ մասը այդ միջոցներուն: Ինչպէս որ յուզումը գրողի մը խառնուածքը ճշդելու մէջ ունէր աւագ դեր, մտածում մը գրողին միտքը բացատրող էական տարրն է, ու ատկէ դուրս է նաեւ շրջան մը, մտայնութիւն մը բնորոշող նոյնքան թանկագին ազդակ մը: Օրինակ, Խրիմեանի արձակներուն մէջ մենք կը հաստատենք մեր գրականութեան (հոս մեր ժողովուրդը կը նշանակէ անիկա) մէկ մասնաւոր նկարագիրը ժողովրդապաշտ, լուսաւորութեան կուսակից, որ է միեւնոյն ժամանակ մեր ցեղային աւանդութեանց ջերմօրէն հաղորդակից, հոգածու ոգին, որ 1920ին նուաղած է այլեւս։ Մտածումը այսպէսով անհատ մը ճշդորոշելու գործածելէն յետոյ կը ծառայեցնենք մատենագրական պատմութեան, եւ կերպով մը, մեր մտքին յեղաշրջման հանդէսին:

 

Գ. ՄԱՏԵՆԱԳՐԱԿԱՆ ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐ։

Այս կտորը վերցուած է Դանիէլ Վարուժանի Հարճը վերնագրուած դիւցազնավէպէն: Ամբողջութիւնը մաս կը կազմէ Հեթանոս Երգերուն որ Վարուժանի հրատարակած քերթողական վերջին դիւանն է։ Առաջին հատոր մը անկէ՝ քերթուածներու՝ Սարսուռներ, կը պարունակէ անոր սկսնակի էջերը: Երկրորդ հատորը՝ Ցեղին Սիրտը (1910) կը ներկայացնէ ազգայնական եւ յեղափոխական անոր ճիգին ամբողջական պատկերը: Յետ մահու հրատարակութիւնը՝ Հացին Երգը, կատարուած՝ իր աշակերտներուն խնամքովը (1922)։

 

Դ. ԳՐԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐ։

Այս գրուածքին սեռը՝ դիւցազնավէպ, տեսակ մը խառնուրդ է պատմող եւ քնարական տարրերու։ Դիւցազնավէպը պէտք չէ շփոթել հիներու դիւցազներգութեան հետ որմէ նմոյշ մը առած ենք՝ Բագրատունիէ թարգմանութիւն մը (Մրրիկ)։ Նոր դիւցազնավէպը արեւելահայերու մօտ մշակուած է աւելի յաջողութեամբ, ժողովրդականին աւելի մօտ ոգիով եւ աւելի նախնական արուեստով։ Այս ուղղութեամբ, արժէք են Թումանեանի դիւցազնավէպերը (ասոնք անոնց մօտ կ՚անուանուին Պօէմա), Միրաքեանի՝ /ԺԲ/ Լալվարի Որսը։ Աւելի համեստ՝ Աղայեանցի Հէքիաթները. ձախող՝ Իսահակեանի Մհերըն, Արեւմտահայոց մէջ` Ալիշան, Նարպէյ, Չօպանեան, Լ. Սեղբոսեան աւելի կամ նուազ յաջողութեամբ փորձած են սեռը։ Ո՛չ մէկը ունի անոնց գործերէն կատարելութեան կնիք։ Վարուժան, բացի Հարճըէն, Ցեղին Սրտին ետեւը դրած է ուրիշ երեք դիւցազնավէպեր։ Արդար է աւելցնել որ արեւմտահայոց մէջ սեռը ունի շատ գրական նկարագիր, այսինքն զուրկ է ժողովրդական նպաստէն։

 

Ե. ԳՐԱԿԱՆ ԴՊՐՈՑԻ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐ։

Վարուժան թէեւ կը պատկանի Արուեստագէտ Սերունդին (որուն մէջ մենք կը հաստատենք խորհրդապաշտութիւն (symbolisme), նոր վիպականութիւն (néo-romantisme), նոր իրապաշտութիւն (néo-réalisme), եւ ուրիշ աւելի ձախ ձգտումներ՝ բայց գլխաւորաբար Մխիթարեան ազդեցութեան մէջ կազմուած, մեզի կը ներկայանայ իր նորոգեալ վիպայնութեամբը, վերակենդանացած դասականութեամբը, ձեւի հանդէպ մեծ խնամքովը (այս վերջինը հասարակաց գիծ մըն է մեր Արուեստագէտ Սերունդին բոլոր անուններուն համար) իբր առաջնակարգ արուեստագէտ մը։ Իր ոտանաւորը տոգորուած է բացի վերը աչքէ անցած յատկանիշներէ, զօրաւոր զգացումներով։ Հարուստ են իր գոյները, ծանր ըսուելու չափ: Առատ է իր Բանին (verbe) գնացքը։ Հսկայ՝ ոգեկոչման իր ոյժը: Խորապէս փափուկ՝ իր անձին ձայնը:

 

Զ. ԿՏՈՐԻՆ ԿՇԻՌԸ

ա. Այս քերթուածին (մի՛ մոռնաք հատուածական նկարագիրը մեր կարդացածին) տեղը, Վարուժանի ամբողջ գործին մէջ, դժուար չէ ճշդելը։ Եթէ ենթարկենք անոր ստեղծագործութիւնը աստիճանական արժեւորման, պիտի գտնենք որ դիւցազնավէպը իր մօտ միջին յաջողութիւն մըն է։ Ոգեկոչական անոր քերթուածները, արդի կեանքէն անոր սեւեռումները, ընկերային հարցերու նուիրուած յուզիչ պատկերները որոնք Վարուժանի գործին երեք չորորդը կը կազմեն, են նոյն ատեն առաջին աստիճանի արժէքներ: Դիւցազնավէպը որոշ տարրեր ունենալով հանդերձ վերի պայմաններէն, Վարուժանի մօտ չէ գտած պատմումի մը համար անհրաժեշտ հոգեբանական պայքարի տարրեր, քանի որ շքեղ իր նկարագրութիւնները (լեռներէ, մարդերէ, վիճակներէ) զինքը գոհացուցած են զանցելու աստիճան, այդ մարզին վրայ, արուեստին հիմնական մէկ պահանջը` մարդկային տռաման։ Աւելի խոնարհ աստիճանի մը կը պատկանին Հացին Երգը եւ Սարսուռները:

բ. Վարուժանի գործը արեւմտահայ գրականութեան քնարական կալուածին մէջ կը մնայ ամէնէն պատկառելիներէն մէկը: Անոր անունին քով մենք չենք վարանիր դնել մեր վաւերական մեծատաղանդ բանաստեղծները՝ Պէշիկթաշլեան, Դուրեան, Թէքէեան, Մեծարենց:

գ. Հարճը թարգմանուած է ֆրանսերէնի, եւ հակառակ հեղինակին սպասման, չէ գտած արձագանգ՝ եւրոպական գրականութեան մէջ։ Ասիկա պէտք չէ զարմացնէ մեզ, վասնզի բանաստեղծութիւն մը առնուազն իր արժէքին կէսը կը կորսնցնէ լեզուէ մը ուրիշ փոխադրուած ատեն։ Միւս կողմէն կտորին սեռն ու նկարագիրը, մանաւանդ անոր մշակման հասկացողութիւնը, դեր մը ունին այս վրիպանքին մէջ։ Հոգեբանութեան պակասը գլխաւոր ազդակն է այդ վրիպանքին:

/ԺԳ/

***

Ինչպէս կը տեսնուի, այս կերպ առաջ տարուած վերլուծումը կը շօշափէ բազմաթիւ հարցեր, որոնք ունին բոլորն ալ իրենց շահեկան երեսները։ Երբոր փորձը կրկնենք ուրիշ սեռէ կտորներու վրայ, միշտ պիտի ներկայանան մեզի հարցեր, դարձեալ շահեկան կողմերով, անշուշտ ո՛չ բոլորովին նոր, բայց բաւական անձնաւորուած։ Էականը՝ դասին համար, միջին մը ճարելու վարժութիւնն է։ Չափազանց լայննալ մը, կրնայ ձանձրոյթի առաջնորդել: Չափազանց սեղմութիւնը կ՚առաջնորդէ առնուազն չեզոքութեան, անտարբերութեան։ Tacteի, հոտառութեան, խելքի մթերք մը անհրաժեշտ է խուսափելու համար երկու վտանգներէն: Մեր գիրքին մէջ իրագործուած վերլուծումները՝ անոնք որ ամբողջական են, նմոյշներ են, եւ իբրեւ այդ, կարօտ՝ հասկցուելու: Ուսուցիչը պէտք չէ ամէն կտորի համար պահանջէ նման ընդլայնումներ: Ատոր համար է որ այդպէս իրագործուած վերլուծումներուն թիւը եղած է սահմանափակ։ Մինչդեռ ամէն կտորի ընկերացուցած ենք վերլուծումներու յատակագիծներ, որոնք անպայման կտորին շուրջը, մէջը, խորը գտնուող հարցերէ կը բաղկանան։ Անոնք պէտք է գործադրուին բերանացի, արագ եւ յստակ հարցումներով։ Անոնց պատասխանը տղոց կողմէ (երբեմն ալ ուսուցչին օգնութեամբը) կ՚առաջնորդէ զգալու, մտածելու, նմանելու արարքներուն որոնք կը կազմեն ուսուցումին բուն նպատակը։

Գրքին մէջ կան մէկէ աւելի իրարու շղթայուած բազմաթիւ կտորներ, երբեմն հաւաքական վերլուծման յատակագիծով մը (իւրաքանչիւր կտորի սեփական յատակագիծէն դուրս) որ պիտի կատարուի ամբողջ կտորներուն մասնակի վերլուծումէն վերջ։ Վերլուծումը դասին ծանրութեան կեդրոնն է՝ տղաքը ազատ պահող, զանոնք խորհելու մղող, ինչպէս՝ անոնց մէջ պատմական, բարոյական, մատենագրական տեղեկութեանց ամբարումին աստիճանական, ապահով եղանակը։

Մեր հատորին երկրորդ մասին մէջ մենք տուած ենք երբեմն մինակ բնագիրներ, վստահելով ուսուցիչներու սեփական նախաձեռնութեանց զանոնք իրենց ուզած ձեւովը վերլուծման ենթարկելու կանխահոգութեամբ: Յստակ կերպով կ՚ըսենք թէ վերլուծումի կերպերը հեռու են անխախտ կաղապարներ ըլլալէ։ Անոնք միջոցներ են հասնելու բուն նպատակին։ Անոնք կրնան փոխարինուիլ մերձաւոր ուրիշներով։ Էականը՝ դասապահը առանց ձանձրոյթի, լարուած ուշադրութեամբ, ապահով իւրացմամբ անցընելու գաղտնիքն է: Պէտք կա՞յ անդրադառնալու որ հայերէնի պահերը յաճախ յօրանջումի պահեր են։ Խուսափելու համար սա տրտմութենէն, դասախօս ինչպէս դասառու, պարտքին տակն են իրենց ճիգերը իրարու աւելցնելու, հոս է որ ուսանողը իր մատաղ եռանդին ամբողջ տաքութեամբը պիտի ստեղծէ դասին, դասարանին հոգին, նոր բառով մը՝ մթնոլորտը: Ուսուցիչը վարիչն է այդ եռանդին: Այդ դերին համար անիկա պարտքին տակն է՝ պատրաստուած, կազմակերպուած, ինչպէս կ՚ըսեն, վարելու դասը: Վերլուծման յատակագիծները այս գիրքին մէջ կը հպատակին այդ տեսակ աշխատանքի մը դիւրացումին։

Իբրեւ նմոյշ կ՚առնենք յատակագիծ մը, զայն բանալով, ցոյց տալու թէ այդ թելադրութիւններուն ետին ինչե՞ր կարելի է զգալ ու տեսնել։

/ԺԴ/ Այսպէս կ՚առնեմ էջ 349ի վերլուծման յատակագիծը ու կը բանամ զայն բարակրաֆ առ բարակրաֆ։

1. Ամփոփում գրուածքին։ Այս փորձը Անգլիացիները վերածած են պարտաւորիչ աշխատանքի։ Չենք երթար առաջ ամէն կտորի համար նման պահանջ մը պարտադրելու, բայց համոզուած ենք որ տրուած կտորի մը վրայ հիմնականին հասնելու վարժութիւն մը տիրական արդիւնքներու կը վերածուի աւելի վերջ, երբ տղան մտածելու, այդ մտածումը կերպադրելու պիտի կանչուի։ Հիմնականին եւ երկրորդականին զանազանութիւնը մտքին համար լայն ապահովութիւն մըն է միւս կողմէ (այս գիրքին մէջ, բազմաթիւ տեղեր, հիմնական եւ երկրորդական գաղափարներու զատորոշում մը թէ գործադրած, թէ թելադրած ենք): Մեր կտորին առաջին 20 տողերը կը ջանան թելադրել գիրքին մէջէն (Մրմրեանին հատորիկը) Միսաքեանի կենդանագիրը: Տրուած ըլլալով կտորին քննադատական նկարագիրը, այդ 20 տողերուն մէջ Ա. Յարութիւնեան բազմաթիւ հարցեր կը դնէ գրականութեան, կեանքի, աշխատանքի, նկարագրի ազդեցութեանց հանդէսի մը մէջէն։ Աշակերտը այդ ամբողջ թելադրանքները պիտի վերածէ հիմնական քանի մը տողերու, որոնք կրնան սապէս դասաւորուիլ: «Մրմրեանի հատորիկը խնամուած՝ չէ բարձրացած կեանքի հանդէսի մը, այս տարօրինակութիւնը Ա. Յարութիւնեան կը կարծէ բխած գտնել Միսաքեանի իսկ ապրումէն» (1-20)։

20–35՝ Միսաքեանի «նկարագիրը»։ Ահա տարրեր, «գձուձ հոգի, լայն միտք, ճշտատես, իսկատիպ զգացողութիւն։ Տեսողական մը։ Ճաշակի տէր: Իր աշխարհաբարին անթերի պատկերը»:

35-45` «Գիրքերէն քիչ խօսք: Հեղինակութիւնը Միսաքեանի։ Բանասիրական, մատենագրական հմտութիւն։ Արեւմտեան մտքի ռահվիրայ։ Պայքարող»։

45-60՝ «Ձախողած Միսաքեանը (նկարագրի ազդեցութիւն)։ Ցնորամիտ մը։ Պատուելի մը, ակադեմիական մը»:

Ահա իր գլխաւոր եզրերուն վերածուած այս կտորը: Քիչ մը աւելի սեղմելով, կրնանք խմբագրել սա տեսակ նօթ մը. «Մրմրեան հատոր մը տուած է Խ. Միսաքեանի կեանքին եւ գործին: Հմտալից բայց կեանքէ զուրկ հատոր մըն է անիկա: Հատորին մէջ, Միսաքեանի նկարագիրը, ազդեցութիւնը եւ գործը վերլուծուած են բաւարար խղճմտութեամբ։

Ըսի թէ քննադատական կտորի մը մէջ, գաղափարները, մանաւանդ երկրորդականները, այլապէս շահեկան են: Այդ է պատճառը որ գաղափարներու սկզբնական արտահանումը գրաւած է աւելի տող: Ուրիշ տեղեր՝ քերթուած, պատմում, տպաւորութիւն, մեր ոտը աւելի դիւրաւ կը նուաճէ տողերը։

Ամփոփումի աշխատանքը պէտք չէ շփոթել հին սղումի վարժութիւններուն հետ։ Լայն կրթանք մըն է անիկա, հիմնականին հասնելու աւագ առաջադրութեամբ։

2. Բացատրել՝

ա. Կարգադրուած ծանօթագրութիւն։ (Զանց կ՚ընեմ բառերուն լեզուական իմաստներուն արտահանումը որ արդէն բացատրեալ ընթերցման մէջ ինքնաբերաբար կը կատարուի: ) Մեր ծանօթութիւնները, ավելի ճիշտ՝ ծանօթագրութիւնները կը զատուին մեր զգացումներէն, մեր մտածումներէն։ Այն զոր կը սորվինք մոռնալու համար, ծանօթութիւն մըն է։ Այն զոր կը մտածենք, կ՚ապրինք մեր ներսը, որքան ալ դուրսէն մեր /ԺԵ/ մէջ ինկած սերմի մը նմանի, մաս կ՚առնէ մեր էութենէն: Ոեւէ գրուածք երբ կուգայ մեր էութեան մաս կազմող այս տարրերէն, ծանօթագրութիւն մը չէ, այլ վկայութիւն մը: Մրմրեան ուրիշ բան չէ ըրած հոս եթէ ոչ իր ծանօթութիւնները շահագործել, կարգաւորել, ինչ որ հոմանիշ է ցուրտ գիրքի մը յօրինման:

բ. Միսաքեանի ուրուականը։ Ծանօթագրութեան ուղղակի հետեւանքն է այս արդիւնքը: Հատորին մէջ, Միսաքեան շուք մը մնացած է, պարզ անոր համար որ զայն նուաճելու աշխատող միտքը չունի բաւարար նախատարր, այդ շուքին մարմին հագցնելու: Գրական գործերու մէջ, կեանքին եւ ստուերին սա հակադրութիւնը ճակատագրական է: Ծանօթութիւնները միշտ շուք են: Շուք շուքի վրայ անկարող է կեանք ստեղծել: Տուէք Մրմրեանի ուրիշ կեցուածք, ուրիշ խառնուածք, ուրիշ տեսակէտ, ու դուք պիտի ունենաք ոչ թէ ուրուական Միսաքեան մը, այլ այն մարդը որուն թելադրանքը Յարութիւնեանի տողերէն արդէն կը զգացուի:

գ. Ընկերական կենցաղ։ Բացատրութիւն մըն է, որ մեր նոր լրագրութեան անորոշ (իմաստներէ) ախորժակները կը թելադրէ մեզի: Հոս ոչինչ կայ զարմանալու, քանի որ մեր նոր գրական լեզուն մեծ չափով փոխադրութիւն մըն է եւրոպականէն։ Բառերը փոխադրած ենք բայց կեանքը հեռու մնացած է մեզմէ։ Ընկերական կենցաղը չի վերածուիր որեւէ օտար հաստատ տարազի, քանի որ երկու բառերուն տակն ալ մեր գտածը, այսօր, ինքնին անորոշ է։ Այսպէսով է որ թարգմանութիւնները յաճախ կը վնասեն լեզուին։ Զ. եւ Է. դարերուն մեր յունաբան դպրոցը ըրած էր նոյն փորձը դժբախտ արդիւնքով։ Բառեր փոխադրած է որոնք բառ մնացած են: Արդի աշխարհաբարի պատմութեան մէջ այս կարգի տրտմութիւններ անխուսափելի պիտի ըլլային, մանաւանդ գրական, իմաստասիրական, գիտական բառամթերքին համար:

դ. Նենգաժէտ առանձնութիւններ: Առանձնութիւն՝ ինքզինքը առանձնացնելն է խորհրդաւորութեան տպաւորութիւն թողելու նենգ մտադրութեամբ: Միսաքեանի համար, այս բացատրութիւնը կը թուի կամայական: Մարդեր կան որոնք իրենց հէքիաթը ունին, եւ փորձանք Միսաքեանի մը հէքիաթն ալ ասոնցմէ է։ Ա. Յարութիւնեան բաւարար տուեալներ չունի այս վճիռներուն արդարացման համար: Իր յօրինումը մտայղացքի մը անդրադարձը կը թուի ըլլալ, քան թէ իրականութեան պարկեշտ փաստ մը: Քննադատները երբեմն ախորժ կը զգան այս կարգի ընդհանրացումների: Մնաց որ ամբողջ կտորը գործադրուած է նոյն հիմնական մտայղացքին, նախապաշարման ներքեւ։

ե. Ուրուականի ակօսը թողուլ: Միսաքեանէն ո՛չ մէկ ակօս արեւմտահայ գրականութեան մէջ։ Այնպէս որ ուրուականային սա ակօսը ինքնին կը դառնայ գրական բացատրութիւն մը քան թէ հաստատ իրականութեան մը արձագանգը։ 1900-ական թուականներուն, Միսաքեանի հէքիաթը` կար, բայց երբեք՝ իր գրականութիւնը։

զ. Մատենագրական լայնածաւալ իմացականութիւն։ Այս ալ չափազանցուած բացատրութիւն մը կը թուի, տրուած ըլլալով Միսաքեանէն մեզի հասած կտորներուն, փշրանքներուն աննկարագիր հանգամանքը: Այս մարդը գրած է քիչ մը ամէն բանի վրայ, անշուշտ շատ աւելի լուրջ, ինչպէս է ըրած այդ հերոսութիւնը՝ հիմնական անլրջութեամբ մը, Հ. Սիմոն Վրդ. Երամեան Մխիթարեանը: Իրողութիւն է որ այդ պա/ԺԶ/տառիկները կ՚արտայայտեն որոշ հմտութիւն, բայց, անկարելի է ընեն հեռուէ հեռու թելադրանքն իսկ ո՛չ միայն լայնածաւալ այլ նոյնիսկ միջածաւալ իմացականութեան մը։ Եթէ երբեք մատենագրութիւն բառին ուզենք տալ Մխիթարեան տարողութիւն մը, այն ատեն, մենք պիտի ունենանք բանասիրական, քերականական, լեզուագիտական կրթանքներու հետամուտ միտք մը, ատով իսկ, դուրս՝ գրականութեան պարունակէն։ Այն պարագային որ նոյն այդ բառը հասկնալ ուզենք գրականութեանց պատմութիւն եւ յարակից կրթանքները, Խ. Միսաքեան այդ ամէնէն անմասն է հիմնովին: Այս մարդը Բագրատունիին հետ մրցելու չափ գրաբար գիտէ, եւ, այդ գիտութիւնը խորունկ լրջութեամբ մը չէ վարանած արժեւորելէ իր գրաբար քերթուածներուն մէջ։ Այս մարդը, մօտ քառորդ դար Բարիզ ապրած՝ անշուշտ ազդուեր է նոր օրերու մշակոյթներու այդ մեծ կեդրոնէն։ Մեր գիրքին մէջ իրմէն առնուած լրագրական պատառիկը, ճիշտ ու ճիշտ կ՚արտայայտէ Միսաքեանի մտքին տարողութիւնը ընթացիկ, առօրեայ, քաղաքական, պատմական, սուր նշմարանքներով յորդ լրագրող մը ամէնէն շատ: Այս մարդը ունի կէս մնացած վէպ մըն ալ, Սոֆիա, որ ո՛չ գրականութիւն է, ո՛չ բրօբականտ, ո՛չ լրագրութիւն, ո՛չ վիպական յօրինում։ Նման արդիւնքներու առջեւ, Ա. Յարութիւնեանի վերագրումը` մատենագրական լայնածաւալ իմացականութիւն, աւելի քան կը մնայ խնդրական:

է. Մտքի բարեկարգութիւն: Հաւանաբար, Ա. Յարութիւնեան, մտքի կրթանք մը (տիսիբլին) կը ջանայ թելադրել բառին ետեւը։ Արդ, ամէնէն շատ պակսածը այդ մարդուն, այդ իմացական բարեկարգութիւնն էր եղած, որովհետեւ այդ տիսիբլինին ներկայութիւնը միայն, բաւ պիտի ըլլար տարտղնուած այս ուժերու բարիքով արգասաւորումը երաշխաւորել։

ը. Բանասիրական հմտութիւն: Հեռու՝ ինձմէ, արհամարհել այդ հմտութիւնը: Շատ տեղ ըսեր եմ որ ԺԹ. դարու մեծագոյն մտքերը (Նիցչէ, Ռընան) խորունկ հեշտանքով մը իրենք զիրենք տուած են այդ կրթանքին, ստեղծելով շքեղ գործեր, գրական որքան քաղաքակրթական համադրութիւններ: Հեռու՝ ինձմէ, սակայն միամտութիւնը քերականական, լեզուաբանական չոր տուիքները վերածել Ֆէթիշներու։ Միսաքեանի բանասիրական հմտութիւնը ճիփ եւ ճիշտ կրկնութիւնն է Վենետիկցիներու գրեթէ ամուլ հմտութեան։

թ. Վենետիկի նկատողութեան արժանանալ: Ը. րդ բացատրութեան մէջ խօսուած է այս մասին։ Վենետիկցիներու բանասիրութիւնը անշուշտ ունեցաւ իր որոշ բարիքը, կազմեց դպրոցը մեր լեզուով, մատենագրութեամբ, պատմութեամբ զբաղողներու։ Եթէ վրիպեցաւ հայ ժողովուրդը գտնելու վսեմ առաջադրութեան մէջ, ատիկա թերեւս արդիւնք է իրենց մէջ մեծ գիծէ իմացականութեան մը պակասին: Այնպէս ինչպէս որ է այդ վաստակը սանկ մօտ երկուքուկէս դարու վրայ երկարող, պատկառանք կ՚ազդէ իբր վաստակ։

ժ. Արեւմտեան մտքի ռահվիրայ։ Այս ալ խնդրական վերագրում մըն է։ Եթէ երբեք ռահվիրայ բառը իմաստ մը ունի, այդ իմաստը ամէնէն քիչ մենք կը գտնենք Միսաքեանի մեզի ձգած պատառիկներուն ներսը։ Ռահվիրայ կը նշանակէ առաջնորդ։ Այս մարդը մինակ էր, ինչպէս Յարութիւնեան կը հաստատէ արդէն, եւ ատով իսկ, ետեւէն ոչ ոք կրնար ունենալ 1870ական թուականներու մեր խորունկ պահպանողական գա/ԺԷ/ղափարագրութեան մէջ, անիկա ոչ միայն ճակատ չի կազմեր (ինչպէս ըրած են այդ բանը շատ արու եւ վճռական կեցուածքով մը, Իզմիրի դպրոցին մարդերը` Գ. Կոստանեան, Ս. Ոսկան) այլեւ արեւմտեան միտքը պաշտպանելու արարքին մէջն իսկ անկարող կ՚ըլլայ հետեւողականութիւնը, վճռականութիւնը դնելու: Այս լուսաբանութիւններէն վերջ, բացատրութիւնը (արեւմտեան մտքի ռահվիրայ) լրագրական տարազ մըն է, cliché մը գրեթէ:

ժա. Աստուածաբանական եւ ամիրայական հարսնեակ։ Հարսնեակը բացատրուած է վերը (ծանօթ. 13)։ Ամիրայականը կը հասկնանք։ 1860ի մեր մտքին, ինչպէս վարչական կեանքին պատասխանատուութիւնը, կը գտնուէր ամիրաներու մէջ։ Աստուածաբանութիւնը հոս պէտք է հասկանալ կրօնական տիրապետութիւն. բան մը` որ շատ ալ ճիշտ չէ, գէթ իբրեւ բառ։ Պատմութիւնը քիչ մը չարչարել պիտի նշանակէր 1860ի մարդոց հսկայ գուպարը վստահիլ Միսաքեանի նման մարդատեաց, առանձնամոլ, իր կարգին ֆանաթիք տիպարի մը: Այնպէս որ մեր Զարթօնքի սերունդին պայքարները գրեթէ կ՚անգիտանան, եւ ասիկա արդարացի կերպով՝ Միսաքեանի բաժինն ու դերը: Ի դէպ է յիշել Պարոնեանի հսկայ ու համադրող պատկերը (Մեծ համրը կը խօսի), որով Բարիզէն դարձող մեծահռչակ մտաւորական մը գրիչ կը բռնէր գրական խնդրի մը շուրջ (բառաքննական)։ Այս ամէնէն յետոյ, աւելորդ է Ա. Յարութիւնեանի դատումը արդարացնել։

ժբ. Ցնորամիտ մը։ Հաւանաբար իւդոբիստ իմաստով, այսինքն մարդ մը որ անկարելի գաղափարներ կը յղանայ եւ անոնց կը սպասարկէ տօնքիշոդեան միամտութեամբ:

3. Տարբերութիւնը՝ վերակազմել եւ ոգեկոչել յղացքներուն միջեւ։ Վերակազմել՝ վերարտադրելն է պատկեր մը վաղնջաւոր կեանքի, իր բոլոր ճշգրիտ, վաւերական գիծերուն հանդէսին մէջ։ Հոս՝ հաստատ հմտութիւնը սպառող որքան վերջնական, առաջին տուրքն է գրողին: Մրմրեան անկարող էր նման ճիգի մը, քանի որ իր մտքին ձեւը շատ չէր ախորժեր հաստատունէն, իրաւէն, վերջնականէն, այլ կը գոհանար մերձաւորով, հաւաքականով, համադրականով։ Մրմրեանի գործին մէջ քիչ չեն այս վերագրումները արդարացնող փաստերը. մարդն է՝ որ առանց տեղեակ ըլլալու ոեւէ իմաստասիրական դրութեան, իրեն ներած է գրի առնել Իննեակ Իմաստասիրականը: Մեր մերձաւոր պատմութենէն (ԺԹ. դար) իր մենագրութիւնները ընդհանուր խօսքեր են մասնաւոր առիթներու, դէպքերու շուրջ։ Այնպէս որ Ա. Յարութիւնեան ճիշտ կը տեսնէ երբ Խ. Միսաքեանի կենսագրումին մէջ չի գտներ վերակազմողը: Ոգեկոչելը` այսպէս վերակազմուած աշխարհի մը, անձնաւորութեան մը, ժողովուրդի մը հոգին իսկ զգալի ընելու տիրապէս քերթողական ստեղծագործ ուժով է պայմանաւոր: Աւելորդ է նման պահանջ մը Մրմրեանի մը համար, որ վրիպած բանասէր մը, վրիպած պատմիչ մը, վրիպած մտածող մը, բայց մանաւանդ կեանքի զգայարանքէն հիմնովին զուրկ գրող մըն է:

4. Ինչո՞ւ տժգոյն կ՚երեւի Միսաքեանի պատկերը: Թերեւս անոր համար որ Ա. Յարութիւնեան կ՚աշխատի շուքի վրայ, որ կը նշանակէ վաւերական վկայութիւններէ օգտուելու անկարողութիւն մը հոս։ Արդարեւ Միսաքեանի եւ իր սերունդին տիրական նուաճումը կարելի կ՚ըլլայ քննադատի մը համար աղբիւրներու բացարձակ առատութեան մը շնոր/ԺԸ/հիւ։ Ինչ որ ինք մեղադրած է Մրմրեանի, վերակազմումի, ոգեկոչումի անբաւական ուժերը նոյնութեամբ կը պատշաճի իր ալ աշխատելու կերպին: Այդ մարդերը (Զարթօնքի սերունդ) Մալկարայի նման խուլ գիւղաքաղաքի մը անկիւնէն դժուար կը սեւեռուին։ Վենետիկ մը, Վիէննա մը՝ այսինքն, հաստատ, ամբողջ մատենադարաններ անհրաժեշտ են նման սեւեռումներու համար: Մալկարան՝ յետանկեալ գիւղաքաղաք մը, ուր լրագիրը հաւանաբար Ա. Յարութիւնեանով միայն մուտք է գտած, եւ գիրքը չէ անցած Սաղմոսէն անդին, ամէնէն անյարմար վայրն էր նման աշխատանքի մը: Այնպէս որ Ա. Յարութիւնեան բաւականացած է, անշուշտ ստիպողաբար, Մրմրեանի գրքոյկովը (Հին Օրեր)։ Ասկէ՝ իրաւ, վաւերական գիծերու պակասը, եւ տարտամ, ընդհանուր վերագրումներու առատութիւնը։ Անցեալի դէմքերուն վրայ աշխատիլ մը, սա պայմաններուն մէջ, համազօր է շուքի վրայ աշխատելուն: Մնաց որ երբեմնի գեղարուեստագէտ, քննադատ որակումով պատուուած, պատուասիրուած Ա. Յարութիւնեանը, հակառակ իր թափանցումին սրութեան, իմացականութեան ուժին, անբաւարար նիւթերու վրայ աշխատանքի մը ճնշումին տակ, գոհացած է լրագրականով: Իր Գրական Դիմաստուերները, քրոնիկները 1900ի մեր ճաշակներուն անդրադարձն են:

5. Խմբեցէք Միսաքեանի թերութիւնները, առաւելութիւնները։ ա) Թերութիւններ. Մարդատեցութիւն, խորհրդաւորութիւն, այլամերժութիւն, յամառութիւն, ցնորամտութիւն, պատուելիամտութիւն, բ) Առաւելութիւններ. Մտքի պայծառութիւն, ճշդատեսութիւն, ինքնատիպ զգացողութիւն, փոխաբերութեանց առատութիւն, աշխարհաբարին զգայարանքը, բանասիրական որոշ ատաղձ, արեւմտական գաղափարներու սպասարկութիւն: Այս գիծերը (ժխտական, ինչպէս դրական) Յարութիւնեանի կտորէն արտահանուած, կարօտ են լայն սրբագրութեանց։ Անոնց մէկ մասը կատարուած է վերը: Իրողութիւն է որ Խաչատուր Միսաքեան Զարթօնքի Սերունդին մէջ դժուար տարազելի դէմք մըն է։ Թէ կը հասկնար գրականութիւնը, այդ մասին ոչ մէկ կասկած, վկայ՝ իր Սոֆիա վէպը։ Միւս կողմէ նոյնքան դժբախտ փաստ մըն է այդ վէպին կորանքը: Անստոյգ է վէպին խմբագրման ճիշտ թուականը. կ՚ըսեմ ասիկա պաշտպանելու մտքով Միսաքեանի մէջ արեւմտահայ վէպին առաջին ճարտարապետը: Վերջապէս ամէնքս ալ գիտենք որ շատ քիչ անգամ գրական սեռերը անխառն յաջողուածքով մը կը սկսին, թէ, աստիճանական զարգացում մը պայման է գլուխ-գործոցներու երեւման: Այս տեսակէտով Սոֆիայի կորանքը թերեւս որոշ չափով կնիքին տակն է ժամանակին։ Դարձեալ կասկածէ դուրս է Միսաքեանի գրական պատրաստութիւնը։ Իրմէն մեզի հասած քանի մը փշրանքներ (ներկայ դասին բնագիրը՝ Նշանք Ժամանակի) կը վկայեն իմացականութեան մը մասին որ իր ժամանակի իմացական ընդհանուր մակարդակին կը մնայ հաղորդ։ Իր Բարիզը, այդ ուղղութեամբ, անոր տուած է եթէ ոչ քննադատական զգաստ զգայարանք մը, գէթ իմացական, քաղաքական եւ գրական հարցեր ձեռնելու որոշ ճարտարութիւն: Դարձեալ իր ժամանակի ազգային գրականութեան հետաքրքրութեանց ընդհանուր բարեխառնութիւնը իրեն օտար չէ մնացած։ Այս ամէնէն՝ անշուշտ, որոշ կատարելութեամբ գրագէտ մը անակընկալ մը պիտի չըլլար, եթէ երբեք իր նկարագրի դերբուկներուն պատճառաւ ինքզինքը խնայած չըլլար իր ժողովուրդին անիկա։ Ամէն պարագայի, Միսաքեանի կտորներէն կազմուած հատըն/ԺԹ/տիր մը, մեզ պիտի հետաքրքրէր գրականէ դուրս ալ հարցերով։ Այդպէս չէ պարագան այդ սերունդին պատկանող Գ. Օտեանէն կազմելի ծաղկաքաղի մը համար։

6. Պատկերի եւ փոխաբերութեան առատութիւնը ի՞նչ տուրքի յայտարար կը կարծէք: Այդ տուրքերը առաջնակարգ գրագէտ մը կը պայմանեն անշուշտ, բայց վերագրումը Ա. Յարութիւնեանի կողմէ կատարուած` խնդրական է դժբախտաբար: Ո՛չ իր քերթուածներուն (որոնք Բագրատունիին հետ թաքուն մրցանքի մը ծնունդը ըլլալ կը թուին գրաբարագիտութեան մէջ), ո՛չ ալ իր արմատներուն մէջ, այդ կարգի տիրական յորդութիւն մը հազիւ նշմարելի՝ չըսելու համար անգոյ։ Դիտել որ պատկերելու, փոխաբերելու շնորհները չէին կրնար չարգասաւորուիլ։

7. Տեսողական եւ կրական (affectif) միտքերու տարբերութիւնը։ Մտքի ձեւեր ըլլալէ աւելի ասոնք խառնուածքի կերպարանքներ են։ Այս մէկը (տեսողական) իրերը կը տեսնէ իրենց ձեւական ամբողջ կնճիռներուն մէջը, եւ այդպէս կ՚անդրադարձէ զանոնք, իր մէջէն, իր գործէն։ Վարուժան, Հիւկօ, Սիամանթօ կը պատկանին այս կարգի խառնուածքներու։ Կրական (affectif) տարազին տակ դիտելի է հաճոյքի, ցաւի, յուզական տարրերու առատութիւնը: Պ. Դուրեան, Մ. Պէշիկթաշլեան քերթողներ են ուր այս տարրը գերակշիռ կը հանդիսանայ: Երկու երեսներն ալ հարցին, Միսաքեանի հետ հազիւ հեռաւոր աղերս մը կը պարզեն:

8. Ճշդատեսութիւնը զգացակա՞ն թէ իմացական կալուածին կը պատկանի։ Ճշդատեսութիւնը կը պատկանի իմացական կալուածին։ Ոչինչ կայ զարմանալու, փաստին մէջ որ կուգայ Միսաքեանի կրթութենէն, կեանքին պայմաններէն։ Ասկէ դէպի մտածում, այսինքն մտածող գրագէտ, կայ անշուշտ ճամբայ մը որ չէ առնուած Միսաքեանէն սակայն։

9. Մարդատեացը։ Միսաքեանին հետ գործածելի որակական մը, հաւանաբար խառնուածքի բերում։ Իր գրականութեան մեր լիովին ծանօթ չըլլալը մեզ կ՚ընէ վերապահ այդ բառը ընդարձակելու, անոր ետին տեսնելու չափ ամբողջ ջղային դրութիւն մը։ Մնաց որ գրագէտի մը քով մարդատեցութիւնը ինքնատպութեան ծառայող ճարտարանք մըն է յաճախ եւ ոչ թէ տաղանդի տարր:

10. Արհամարհողը։ Որակականը պէտք է տեսնենք առաւելապէս գրական մարզի վրայ: Թէ արհամարհանքը 1860ի մեր գրական բարքերուն մէջ ընդարձակ վիճակ մըն էր թելադրանք մըն է քիչ մը ընդհանուր, բայց զուրկ՝ տարողութենէ։ Ա. Յարութիւնեան, որակականին ետին մարդը միայն ուզած է տեսնել: Երկու վերադիրներուն ալ հետապնդած գիծը (trait) վրիպած գրագէտի մը վրիպանքը պատճառաբանող այն քանի մը յատկանիշներուն արտահանումն է որոնք ձախողանք մը հասկնալի կ՚ընեն աւելի վերջ։ Պարոնեանի Ջոջերուն մէջ Միսաքեանի տիպարը ծաղրանկար մըն է, բայց զգոյշ՝ (այսինքն ուրուագրային), Յարութիւնեանէն հետապնդուած գիծերու մէջ։ Թէ այդպէս յօրինուած կենդանագիր մը, ինչպէս ուզած է ընել Ա. Յարութիւնեան, դեր մը ունի այդ գրագէտին ընդհանուր կորանքին մէջ, զիս կը ձգէ անտարբեր։ Արուեստը ո՛չ բարոյական է, ո՛չ ալ անբարոյ։ Գրագէտի մը գործը յաճախ կ՚արժեւորուի իր վաւերագրական վկայութեանց բարիքովը: Խ. Միսաքեան կրնար բոլոր Պոլիսը արհամարհել, ատիկա իր իրաւունքն էր: Ես պիտի զբաղուէի իրմով եթէ այդ արհամարհանքէն 1860ի մարդոց բարքերուն վրայ քանի մը յստակ վկայութիւններ ինծի կտակած ըլլար։

/Ի/

11. Միսաքեանի աշխարհաբարին վրայ ձեր դատաստանը (այս հաւաքածոյին մէջ մուտք ունեցող կտորը գրուած է 1861ին)։ Մեր կտորին մէջ Միսաքեանի լեզուն կը կրէ նկարագիրները 1860ի մարդոց աշխարհաբարին։ Այդ աշխարհաբարը աւելի կորովի է, կանոնաւոր, կենդանի, յստակ, ինքնիր մէջ համատարր, քան այն զոր տասէն տասնեւհինգ տարի վերջը պիտի գտնենք Պէրպէրեաններու, Եղիշէ Վրդ. Դուրեաններու, Եղիաներու, Չերազներու գրչին տակ։ Դժբախտ այդ դպրոցին (Գուրգէնեան եւ Գարագաշեան յեղաշրջում) վրայ մեր գրքին մէջ խօսած ենք քանի մը անգամ։ Միսաքեանի արձակը շքեղ հերքում մըն է իրմէ վերջ յոխորտագին աղմուկ հանող մարդոց։ Սոֆիան հաւանաբար աւելի կանուխ գրուած, կը պարզէ լեզուական նոյն պատկերը:

12. Անձուկ ե՛րբ է հոգին։ Գձձութիւնը ի՛նչպէս կը հասկնաք միտքի կալուածին վրայ։ Անձուկ է հոգին երբ անընդունակ է անմիջականէն դուրս բաներու բացուելու: Անձին սպասէն ազատագրելու անկարող վիճակը կը տեսնուի բառին ետին։ Մտքի կալուածին մէջ այդ անձկութիւնը հոմանիշ է անընկալչութեան, անբաւականութեան, ծերութեան, ծննդական խօթութեան, բառը աւելի լաւ մեզի կ՚ըլլայ հասկանալի երբ անոր հականիշը մտքի արձակութիւնը, առատութիւնը, զեղումը ջանանք հասկնալ մանաւանդ գրական մարզերու վրայ:

13. Պատուելիական եւ Միսաքեան հաշտ ե՞ն իրարու: (Փնտռել գրուածքին մէջ հակառակը այս մտածումին)։ Պատուելիականը ունի քանի մը որոշ առումներ։ Ատոնցմէ մէկն է հետեւակութիւնը, որ կը թելադրէ իմացական անկախութեան անընդունակ, եւ ուրիշներու հրամանները, թելադրանքները գործադրելու ջանադիր տիպարը: Բառին տակ կայ դարձեալ սնոտիքով սպառազէն գրքունակութիւնը, որով մենք օրէնքներու հեղինակութեամբը կը զրահենք զմեզ: Գրելու մարզին վրայ ասիկա հոմանիշ է դասագիրքերու սրբազնասուրբ հեղինակութեան։ Հոս ալ Միսաքեան ուղղափառ կեցուածք մը չէ պարզած, իր գրուածքներուն մէջ պատուելիականը արդարացնող։ Այնպէս որ Ա. Յարութիւնեանի իր մասին գործածած այդ վերադիրը թերեւս Միսաքեանէն աւելի ժամանակին ընդհանուր գրական բարքերը կը ջանայ թելադրել:

14. Ակադեմականը հոս հեգնական չէ։ Ի՞նչ է ուրեմն ճիշտ տարողութիւնը այս վերադիրին։ Ակադեմական հոս կը նշանակէ հմտութեամբ, աշխատանքով, գործքով երախտաշատ սպասի ասպետը: Այս առումը Միսաքեանի համար անհարազատ (Յարութիւնեանի կենդանագրէն իսկ արտահանուած) տեսակ մը հակասութիւն կը կազմէ Միսաքեանի անձին ու դերին ընդհանուր թելադրութեան հետ։

 

Այսպէս բացուած յատակագիծը կ՚ընդգրկէ քիչ մը ամէն բան անշուշտ: Ամերիկացիները աշխարհագրութեան դասը ունին իրենց դպրոցներուն մէջ իբրեւ ընդհանուր զարգացման ամէնէն նպաստողը։ Ամենօրեայ դասաւանդութիւնը գործնապաշտ այս ժողովուրդին մէկ պահանջն է անշուշտ։ Չեմ երթար առաջ հայերէնի դասախօսութիւնը նման կերպարանքի մը տակ դնելու եւ պահանջելու։ Կը բաւականանամ դիտել տալով որ ճաշակի եւ մտքի կազմութեան, ինչպէս նաեւ մեր պատմութեան ընդհանուր հասկացողութեան մէջ, հայերէնի դասը լայնօրէն նպաստաւոր կրնայ դառնալ:

/ԻԱ/

* * *

Մեր գիրքին մէջ բաւական քանակութեամբ շարադրութեան նիւթեր եւ յատակագիծեր դրած ենք։

Ուսուցիչը պարտաւոր չէ այդ նիւթերը տղաքներուն մատուցանել այն կերպարանքին տակ որ անոնք ունին դասագիրքին մէջ։ Ամէն շարադրութիւն պարտաւոր է անձնանալ, ըսել կ՚ուզեմ` տղան իրը պէտք է ընէ նիւթը: Այդ է պատճառը որ բոլոր նիւթերը առնուած են տղոց անմիջական փորձառութեան շրջանակէն։

Թէ ինչպէս նիւթ մը կ՚անձնանայ, կ՚առնեմ նմոյշ մը՝ էջ 199, Հիւանդի այցելութիւն մը:

ա. Որ եւ է տղայ չեմ երեւակայեր որ ունեցած չըլլայ այդ այցելութեան առիթը։ Էականը այդ այցելութիւնը վերածելն է կեանքի իրաւ պատկերի մը։ Կոչում ըրէք տղուն յիշատակներուն, եւ միշտ պիտի գտնաք ընդառաջում: Այնպէս որ այդ իսկ հանգամանքով (ապրումին նպաստը) տղան արդէն իր անձը պիտի ունենայ իրեն առաջնորդ իր ըսելիքներուն համար։ Ամէն տղայ իր սեփական ներքին շէնքը, իր աշխարհը ունի: Եւ ատկէ մեկնող ամէն տպաւորութիւն ալ՝ առնուազն բախտը իրաւ ու անկեղծ ըլլալու: Այնպէս որ տղայով գալիքը այդ նիւթին անձի մը մէկ մասն է։

բ. Հիւանդը որ դարձեալ ամէն օր պատահելի իրողութիւն մըն է կեանքին մէջ: Աւելորդ է խօսիլ այս եզրերուն ալ իրաւութենէն։ Հետեւաբար հոս ալ նիւթը կ՚անձնանայ։

գ. Շրջանակը որ հիւանդանոց, տուն, սենեակ, գիւղ, քաղաք, յարակից պատկերներու տողանցք մըն է։ Այդ բոլորը որոնք այցելուին մտքին եւ զգայարանքներուն վրայ անխուսափելի տպաւորութիւններ կը ձգեն, դարձեալ կը պատկանին կեանքին։ Տղան այդ ամէնուն դէմ կենալու իր կերպը, ինքզինքը դնելու իր եղանակը ունի: Իրմէն ուզուածը այդ ապրումներուն կարելի իրաւութիւնը, հարազատութիւնն է։

դ. Արտաքին աշխարհը միշտ ներքին աշխարհին առաջնորդ մըն է։ Այդպէս առնուած ու դասաւորուած տպաւորութիւններուն քովն ի վեր տղան ինքզի՛նքը պիտի արտայայտէ ամէն բանէ առաջ։

Ինչպէս կը տեսնէք, գրելու համար թելադրանք չունիմ, էականը նիւթին իւրացումն է, անձնացումն է, որ երբ անգամ մը նուաճուի, քիչ քիչ կը դառնայ վարժութիւն, եւ տղաքը կը մղէ միմիայն իրենց ապրածը եւ զգացածը գրելու: Թէ ամէն ապրում, ամէն զգացում պարտաւոր չէ անիկա թուղթին յանձնելու, ասիկա վարժութիւն մըն է զոր շատ շուտով կ՚իւրացնէ, հերիք է որ երկրորդականին, աւելորդին, տափակին, գռեհիկին հասկացողութիւնը մշակուի իր մէջ։ Այսպէս կատարուած այդ աշխատանքը, տղուն համար միջոց մըն է էականը, իրաւը միայն տեսնելու եւ զայն միայն իրագործելու։

Կան նիւթեր ուր անձնականին բաժինը կը թուի երկրորդական: Պատրանք մը կայ հոս ալ։ Առնենք էջ 41ի շարադրութիւնը՝ Քրիստոնէութեան տարածումը մեր մէջ: Հոս նիւթին թելադրանքը պատմական ծանօթութեանց շահագործում մը կը թուի ըլլալ։ Իրականութեան մէջ տղայէն պահանջուածը այն մէկ երկու էջն է որոնց մէջ անիկա կանոնաւոր կերպով միշտ հիմնականին տիրապետութեամբը պարզէ երեւոյթը, եւ իր միտ/ԻԲ/քին գիծը դնէ այդ պարզումին մէջ։ Տղայի մը մենք կը պահանջենք ո՛չ նորութիւն, ո՛չ ինքնատպութիւն, ո՛չ խորութիւն, ո՛չ բարձրութիւն այլ կարգաւորուած իրողութիւններու շարայարում: Այդ իրողութիւնները մեծ չափով շարադրութեան յատակագիծին մէջ արդէն թելադրուած են, կը մնայ այդ ամէնը շէնքի մը համար գործածել գիտնալ։ Դարձեալ չեմ խօսիր գրելու եղանակներէն, ոճի խաղերէն որոնք կը մնան երկրորդական: Տղան պէտք է համոզուի որ շատ լաւ խորհուած, իր բոլոր մասերուն մէջ իրեն ծանօթ նիւթ մը շատ դիւրաւ կը նուաճուի, հերիք է որ ընտրութեան, էականին զգայարանքը ունենայ իրեն առաջնորդ։ Քրիստոնէութեան տարածումը մեր մէջ նիւթ մըն է որ կրնայ հարիւրաւոր էջեր թելադրել ասպարէզէն պատմիչի մը: Տղայէն ուզուածը այն չորս էջն է ուր մեզի մատուցուի այդ հսկայ իրողութեան ամէնէն յստակ թելադրանքը, եւ այդքան։

Ստիպուած եմ ծանրանալ ուրիշ կարեւորութեամբ հարցի մը վրայ: Ատիկա շարադրութիւնը ըմբռնելու եւ արժեւորելու ոչ լուրջ եղանակն է մեր դպրոցներէն ներս: Երբեմն անիկա «այսպէս որակուած» բանաստեղծ տղոց մենաշնորհն է, ցաւագար՝ գրեթէ պակաս միտքերու փառասիրութիւն մը թելադրող: Առ հասարակ ուրիշ դասերու մէջ միջակ, նոյնիսկ երբեմն ատկէ վար, այդ ցաւագարները քանի մը փայլուն նախադասութիւն, երկու պոչաւոր ածական, եւ քանի մը պարանցիկ մակբայ թուղթին սեւեռելու տքնաջան աշխատանքը կը վերածեն հանճարային դիմադրութեան մը: Անոնք զիս չեն զբաղեցներ։ Ուրիշ անգամ, շարադրութիւնը քերականութիւն մըն է ոչ աւելի ոչ պակաս, ուր սիրտն ու հոգին տեղ մը չունին: Տղան զայն կը կատարէ ըրածէն հիմնովին օտար: Երբեմն տառապանք մըն է այդ դասը, մանաւանդ կարգ մը տղոց համար որոնք իրենց աշխատելու տրամադրութիւնն ու փաստը կ՚արժեւորեն ուրիշ շատ մը դասերու մէջ։ Անոնք անթերի կը կատարեն ուսուցչէն պահանջուած բազմատեսակ հրահանգները, բայց կ՚անճրկին, կը քրտնին երբ իրենցմէ պահանջուի իրենց շատ սովորական նիւթի մը շուրջ էջ մը գիր: Այս զանազան պարագաներուն, մէկ ու նոյնն է յատակը, անոնք կուգան այդ դասը ըմբռնելու ընդհանրացած սխալ եղանակներէ։ Շարադրութեան ուսուցչին պարտքը ամէնէն առաջ խորտակելն է այդ տխուր complexeները: Տղան պէտք է հաւատք ունենայ իր գրելիք էջին վրայ, որ իր կեանքին մէկ մասն է ամէն բանէ առաջ։ Անգամ մը որ նիւթին հանդէպ սա յարգանքը ստեղծուի տղուն մէջ, մնացեալը ժամանակի կարօտ խնդիր մը կը դառնայ։ Շարադրութեան դասը տղուն հպարտութիւնն է, անոր անձնականութեան ամէնէն կանուխ բիւրեղացած պատկերը: Ինքնավստահութիւն, ներգործօն կեցուածք, այդ դասին մէջ առիթ ունին երեւան գալու։ Տղան պէտք է համոզուի որ շարադրութիւնը այն միակ դասն է ուր ամէն ինչ իրմէ կուգայ։ Այս միակ ապահովութիւնը որ ուշագրաւ է ամէն ինչ դուրսէն առնող վիճակի մը մէջ (ուսանողութիւնը ուրիշ բան չէ), իբր բացառութիւն կը հրահրէ անձնականութեան շեշտումը, կազմաւորումը։ Գէշ կամ աղէկ, տղան այդ դասին մէջն է որ ինքզինքն է: Ուսուցիչը այս գիտակցութիւնը խնամքով պիտի պաշտպանէ տղուն մէջ։

Ինչպէս կը տեսնէք, հարցը կարելի է դնել իբր անձի մշակում: Աւելի յետոյ, անգամ մը անձնականութեան կերպաւորումէն վերջ, մեզի կը ներուի մտածել մտքին ալ մշակումին։ Ատիկա դպրոցին մէջ սկիզբն /ԻԳ/ է միայն, կեա՛նքը, ընթերցո՛ւմը, զարգացո՛ւմը այս երկրորդ կրթանքին տիրական ազդակներն են եւ ոչ թէ ուսուցիչը, որուն դերը, կը կրկնեմ, գիւտն է տղուն անձնաւորութեան։

* * *

Արեւմտահայ գրականութիւնը, համայնական պատկերներու ձեւին տակ, գիրքին Բ. մասին մէջ կը մատուցուի նկատառութեան։ Հոն չորս սերունդներու ընդհանուր դիմագիծը, գործունէութիւնը, գաղափարագրութիւնը, նուաճումները կ՚երեւան։ Ուսուցիչը ատոնց մասին տղոց հետ չունի առանձին զբաղում բայց պարտքին տակն է այդ նշմարներով թելադրուած իրողութեանց լայն թափանցումը ունենալ դասէն առաջ։ Արեւմտահայ ընդհանուր գրականութեան ընթացք մը այսպէսով անհրաժեշտ կը դառնայ ամէն հայերէնի դասախօսի։ Թէ ատոր կարելիութիւնը ունի°ն մեր ուսուցիչները, կը մնայ ինծի համար դուրս տարակոյսէ, տրուած ըլլալով նախնական հետաքրքրութիւն մը առնուազն իբր իրաւ՝ այն երիտասարդին հոգիին մէջը որ յանձն է առած իր գրականութիւնը աւանդելու զինքը մտիկ ընողներուն: Մանրամասն հմտութիւնը, բոլոր գիրքերու անուններուն արձանագրութիւնը, կենսագրութիւնները, ծածկանուններուն բանալիները արհամարհելի չեն անշուշտ, բայց չեն կազմեր էականը որ գրական գործերու հետ անձնական շփումով միայն կը ստացուի։ Կարդալ մեր գրողները, միշտ կարդալ, որմէ յետոյ միայն մեր մէջ կը կազմուի մեր գրականութեան հոգին։ Անգամ մը այդ հոգին ինք՝ ուսուցիչը իւրացնելէ յետոյ, գիրքերը (գրականութեան պատմութեան), ցուցմունքները զինքը կ՚առաջնորդեն ապահով ճամբան։

Իւրաքանչիւր կտորի հեղինակին շուրջ մեր նշմարները կը գոհանան հիմնականով։ Երբ բացուին անոնք, կը դառնան գրականութեան պատմութիւն, Բ. մասին մէջ երեք սերունդներու հեղինակներուն համար որդեգրած ենք նկատողութիւններու շարքեր, դարձեալ գրական պատմութեան իբր ատաղձ: Մեծ պատերազմէն վերջ հասակ առնող սերունդին համար նման աշխատանք մը կանխահաս կը նկատեմ տրուած ըլլալով որ տակաւին շատ մը անուններ իրենք զիրենք չեն գտած։

Արուեստագէտ Սերունդին հիմնական դէմքերուն քով տեղ չեմ տուած երկրորդականներուն, ասիկա այն պատճառով, որ այդ անունները այդ գրականութեան վրայ որեւէ դրական փաստ չեն բերեր (ժխտական իրենց արժանիքները դասագիրքի մը դժբախտութիւնը կը կազմեն, ատոր համար է որ զանցուած են անոնք)։ Այսպէս՝ 1900էն վերջ ահաւոր համբաւի մը հասնող Յովհաննէս Ասպետը կտոր չունի մեր գիրքին մէջ, վասնզի, այդ մարդը ո՛չ Պոլսեցի է, ո՛չ գաւառացի եւ ոչ ալ հայ։ Ուրիշ անուններ այդ շրջանէն դարձեալ չեն երեւար, գրեթէ նոյն նկատումներով: Մեր ժողովուրդին ի՞նչը կայ սա անուններուն մէջ որոնք կը կոչուին Մերուժան Պարսամեան, Եդուարդ Գօլաճեան, Լեւոն Էսաճանեան, Լեւոն Լարենց, Ժագ Սայապալեան, Եւփիմէ Աւետիսեան, Զարուհի Գալէմքէրեան։ Ասոնցմէ մեր գրականութիւնը ո՛չ անուն, ո՛չ գործ է ժառանգած: (Կը ցաւիմ ըսելու որ ինծի անկարելի եղաւ հայթայթել էջ մը Այն Սեւ Օրերուն . Անտոնեան) հատորէն, գիրքին չգոյութեանը պատճառով։) Աւելի ընդարձակ աշխատանքի մը մէջ անոնք կրնային ներ/ԻԴ/կայացուիլ։ Սահմանափակ ծրագրով երկասիրութեան մը մէջ, ինչպիսին է ներկայ հատորը, այդ անունները շահ մը չեն բերեր հիմնականին:

Յետ-պատերազմեան սերունդին մէջէն ընտրուած կտորները դարձեալ կը հպատակին հարազատութեան, հայեցիութեան հեռաւոր թելադրանքներուն։ Անուններ, ինչպէս են Մաննիկ Պէրպէրեան, Վահրամ Կաքաւեան, Ոստանիկ, Սմբատ Փանոսեան, Սեմա, Ե. Գասպարեան, Ե. Հայրապետեան, Ռէն, Օ. Մխիթարեան, Բ. Եղիայեան, Ա. Անոյշ, Ե. Տարօնեան, Եր. Պօյաճեան յիշելու համար մէկ քանիներ (որոնց գրուածքին մէջ տաղանդ մը նշմարել ո՛չ միայն սրբապղծութիւն մը չէ այլեւ պարկեշտութիւն մը) չեն ներկայանար մեր գրքին մէջ իրենց կտորներով: Սիրելի է ինծի յուսալ որ յետ-պատերազմեան սերունդին ընդարձակ անուանացանկը, միայն իբրեւ թիւ պիտի չտպաւորէ մեզ երբ կը բաղդատուի նախորդներուն հետ: Թիւի սա առատութիւնը արդիւնք է մշակման դաշտին աշխարհէ աշխարհ տարածման։ Հիմա չորս աշխարհներուն մէջ գրականութիւն կ՚ընենք մենք: Այդ է պատճառը որ թիւը դառնայ տպաւորիչ։ Թէ այդ թիւէն քանինե՞ր պիտի պարտադրեն իրենք զիրենք մեր գրականութեան պատմութեան, ատիկա պիտի ըսէ մօտիկ ապագան:

ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆ. Միանգամ ընդ միշտ պարտ կը զգամ յայտարարել որ Հայ Գրականութիւն հատորը դաւանաբանական խստութեամբ պատգամներու բեմ մը չէ: Ամէն ինչ հոն ենթակայական ալ չէ։ Գրականութիւնը ո՛չ կրկէս է, ոչ ալ հանդէս։ Այս հատորը կը մատուցուի իր հասարակութեան (public), իբր վկայութիւն մը, երբեք՝ իբր օրինագիրք մը: Զայն գործածողները եթէ անկէ առին յուզում, հպարտութիւն՝ իրենց ժողովուրդի տագնապներուն, շնորհներուն մասին, կրնան բաւարարուած զգալ իրենց զիջումը: Առանց կեղծ համեստութեան ու առանց անիմաստ յաւակնութեան։ Սիրոյ գո՛րծ մը՝ ուրեմն, ուր ցոլք ունենար նաեւ պուտ մը խելք, այնքան անգամ պակսած մեզի, մեր ուրացման ինչպէս գնահատանքներուն մէջ։

1942 Յուլիս 1, Երուսաղէմ

Յ. ՕՇԱԿԱՆ