Հայ գրականութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

/48/

ԺԳ ԴԱՍ
ԹԱԹԱՐՆԵՐԸ

Անոնց արտաքին երեւոյթը դժոխատեսիլ [1] բան մը ունէր ու ահագին էր անոնց ձայնը: Զուրկ էին մօրուքէ, բացի քանի մը թելէ՝ կլափին [2] կամ շրթունքին վրայ: Նեղ էր անոնց աչքը եւ արագատես, ձայնը՝ բարակ ու սուր [3]: Երբ կերակուր իյնար իրենց ձեռքը, կ՚ուտէին ու կը խմէին անյագաբար [4], հակառակ պարագային գիտէին ժուժկալ ըլլալ: Կ՚ուտէին ամէն կենդանի, մաքուրներն ու անմաքուրները [5]. աւելի յարգ կուտային ձիու միսին, զոր կտոր կտոր յօշելով [6], առանց աղի, եփելով կամ խորովելով մանր մանր կը ջարդէին եւ աղջուրի մէջ թրջելէ ետքը կ՚ուտէին, ոմանք ուղտի պէս գուճի [7] ինկած, ոմանք ալ նստուկ: Գինի կամ ղըմուզ [8] խմելու ատեն, անոնցմէ մէկը մեծկակ աման մը կը բռնէր մէկ ձեռքին, միւսով ալ պզտիկ բաժակով մը հեղուկը կ՚առնէր մեծ ամանէն, կը ցանէր դէպի երկինք, յետոյ արեւելք, արեւմուտք, հիւսիս, հարաւ։ Յետոյ քիչ մը խմելով, կը մատուցանէր ամէնէն աւագին: Եթէ մէկը անոնց ուտելիք բերէր, նախ բերողը կ՚ստիպէին որ ուտէ, թունաւորուելու վախէն զերծ ըլլալու համար։ Կ՚ատէին գողերը այնքան որ չարաչար մահով կ՚սպաննէին զանոնք:

Պաշտամունք եւ երկրպագութիւն չունէին անոնք: Բայց ամէն գործի մէջ յաճախակի կը յիշէին Աստուծոյ անունը [9] ։ Բայց թէ ո՞վ էր այդ Աստուածը, ատիկա ոչ մենք գիտէինք, ոչ իրենք։ Սովորաբար կ՚ըսէին թէ իրենց թագաւորը ազգակից էր Աստուծոյ՝ որ, երկինքը իրեն բաժին առած, երկիրը ձգած էր խագանին [10] ։

Եթէ անոնցմէ մէկը մեռնէր կամ սպաննուէր, կը պատահէր որ շատ օրեր իրենց հետ կը պտտցնէին մեռելը, վասնզի դեւը մտնելով մեռնողին մէջ, բարբաջանքներ կ՚ըսէր [11] ։ Կը պատահէր որ կ՚այրէին, կէսը կը թաղէին խորունկ փոսի մը մէջ, ու անոր հետ կը դնէին իր զէնքերը եւ իրեն բաժին եղած զգեստները, արծաթն ու ոսկին։ Ու եթէ մեծամեծներէն մէկն ըլլար թաղուողը, ծառաներ ու աղախիններ ալ կը դնէին հետը, գերեզմանին մէջ [12], որպէսզի (միւս աշխարհին մէջ) սպասաւորեն անոր։ Նաեւ չէին մոռնար իր ձին, վասնզի կ՚ըսէին թէ, այն աշխարհին մէջ ալ սաստիկ պատերազմ տեղի կ՚ունենար: Ձիուն /49/ փորը կը ճեղքէին ու կը հանէին բոլոր միսերը, առանց կմախքը աւրելու: Յետոյ փորոտիքը եւ ոսկորները այրելով, մորթը կը կարէին, եւ որպէս թէ մարմինը ամբողջ ըլլար, սրած երկար ձող մը փորէն մխելով կը հանէին բերնէն ու այդպէս կը վերցնէին ծառի մը կամ բարձրաւանդակի մը վրայ [13] ։ Անոնց կիներն ալ կախարդ էին։ Ամէն բան հմայքի [14] ենթակայ էր անոնց մօտ: Ու առանց դիւթերու [15] եւ կախարդներու հրամանին, ոչ մէկ ճամբայ կ՚երթային։

 

(Պատմութիւն Հայոց)

ԿԻՐԱԿՈՍ ԳԱՆՁԱԿԵՑԻ [16]

 

 

 

/50/

ՇԱՐԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Մեր կաթնավաճառը

 

Յատակագիծ։

1. Իր ներկայութիւնը՝ անմիջական։

2. Գործողութեան կտորներ (կուժ, չափ, խօսակցութիւն)։

3. Քիչ քիչ շինել դէմքը, (միշտ հոգ պիտի տանիք որ պատկերը չկենայ, այլ շարժումի ընթացքին դուրս բերէ իր երեսները: Զգեստ։ Մի՛ աւարտէք մէկ անգամէն, խնայեցէք ձեր գոյները):

4. Ներքին պատկերացում (յատկութիւններ՝ որոնք նշմարել կը կարծէք իր մօտ: Կծծութիւն, առատաձեռնութիւն, բարութիւն, դաժանութիւն չափով մը կ՚երեւան դուրսէն)։

5. Շահագործում այն ծանօթութեանց զորս ձեռք ձգած էք երկարատեւ այդ յաճախումէն: Կը ճանչնանք թերեւս իր մէկ պզտիկը որ օր մը ընկերացեր էր հօրը: Աղջիկը որ հիւանդութեան մը պահուն փոխանորդած կրնայ ըլլալ հայրը:

6. Մասնաւոր դրուագներ, խոսքեր, կատակներ որոնք զինքը հաճելի կամ ձանձրալի կ՚ընեն։



[1]       Դժոխատեսիլ = կերպարանքը դժոխային։ 

[2]       Կլափ = ծամելիք (վերին եւ ստորին) ծնօտ։ Կը գործածուի նաեւ բերան իմաստով։

[3]       Սուր եւ բարակ = ձայնի աստիճաններ: Մեծ ճշդութիւն կայ այս մանրամասնութեանց մէջ:

[4]       Անյագաբար = առանց յագենալու, կշտանալու:

[5]       Մաքուր ու անմաքուր = մաքուր կը սեպուէին որոճացող եւ կճղակաբաշխ կենդանիները: Անմաքուր՝ մնացեալները, մանաւանդ սողունները:

[6]       Յօշել = պատռտել, բզկտել, յօշոտել։

[7]       Գուճ = ծունկին մեծ ոսկորը:

[8]       Ղըմուզ (թաթարերէն) = կաթի (ձիու) շիճուկ, թաթարներուն ազգային ըմպելին։

[9]       Աստուծոյ անունը = մինչեւ հիմա այդ ժողովուրդները ոչինչ կ՚ընեն առանց Աստուծոյ անունը վկայելու:

[10]     Խագան = թագաւոր (թաթարերէն)։

[11]     Բարբաջանք = խենդ ու խելառ խօսքեր: Հաւանական է որ կախարդները կը մտնէին մեռելին մօտ, ու այդպէս կը խօսէին մեռելին բերնով ու անունով։

[12]     Գերեզմանին մէջ = այս սովորութիւնը ընդհանուր է հնդկական ժողովուրդներուն մէջ: Անգլիական նուաճումը հազիւ վերջ տուած է այս խուժդուժ բարքերուն:

[13]     Բարձրաւանդակ = ա. Շատ բարձր։ բ. Բարձր տեղ շինուած շէնք։

[14]     Հմայք = կախարդական բանաձեւեր եւ սովորութիւններ։ Հմայել՝ կախարդել։ Բառը մեղմացած է արդի բարբառին մէջ։

[15]     Դիւթ = կախարդ, վհուկ, կիւս։

[16]     ԿԻՐԱԿՈՍ ԳԱՆՁԱԿԵՑԻ։ Պատմիչ ԺԳ. դարու։ Հակառակ մեր պատմիչներու ընդհանուր սովորութեան, Կիրակոս իր գիրքը չի սկսիր Աշխարհի ստեղծումէն։ Բայց չի կրնար հրաժարիլ աւանդութենէն։ Իր գիրքը կը բացուի Լուսաւորիչով։ Արագ յիշատակութեամբ դարեր կ՚անցնի։ Իր ժամանակին վրայ իր տուածները ունին վավերագրական արժէք։ Պատմելու ու դատելու անկարող՝ Կիրակոս նիւթեր հաւաքած է։ Իր գիրքին նիւթը՝ Թաթարներու արշաւանքն է Հայաստանի վրայ ու անոնց աւերածը: