Հայ գրականութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

/94/

ԻԲ. ԴԱՍ
ՊԱՆԴՈՒԽՏԻ ԿԵԱՆՔԷՆ
Դ. ԳԼՈՒԽ

……

Զառիվեր մը կ՚ելնէինք, մեղմ ձայն մը ականջիս զարկաւ ետեւէս. դարձայ. Քսան փարա, այսօր բան մը կերած չեմ: Մեր պանդուխտներէն մին էր. նօթութեան կարմրութիւնն ունէր կծկեալ ու կուծած [1] դէմքին վրայ: Ճանչցած էր զիս, ճանչցայ եւ ես զինքը իր մաշած լաթերուն, հինցած [2] տարիքին եւ ճնշուած մարմնոյն մէջ. Առաքել վարպետն [3] էր, քսան եւ հինգ տարի հոս անցուցած եւ աշխատած իբրեւ որմնադիր. համեստիկ ալ մարդ, որ իր տարիքին այդ վայրէջին [4] մէջ քսան փարայի կարօտ էր մնացած։ Պէտք է հաւատալ որ այս մարդիկ մուրացկանութիւնն ալ չգիտեն: Անկէ ի վեր բաւական ժամանակ անցած էր. երէկ լուր առի որ այդ հինցած եւ աղքատիկ մարդը հայրենիք ղրկեր են իր գիւղացիք, փոքրիկ գումար մը հանգանակելով։ Եւ հիմա, այդ ծերուկն իր ծնած հողին վրայ կ՚ապրի, եւ պիտի մնայ հոն. ա՛լ պանդխտելու վախ չունի: Մեր գաւառացւոյն համար Տրապիզոնի [5], Սամսոնի եւ Կիրասոնի ճամբան այն ատեն միայն փակուած է երբ այսպէս օր մը, նօթի եւ ծերացած, ժողվողքով [6] իր տունը կը ղրկուի, եւ երբ այլ եւս գործելու բոլորովին անկարող է: Տուներու պահապանք ալ այդպիսիք են, եթէ կարելի է ըսել որ տարիքով եւ ուժով սպառած այր մարդիկ՝ բա՛ն մը կ՚արժեն աշխարհի վրայ։ Չեմ յիշեր թէ ուր կարդացած եմ որ, կղզուոյ մը ծերերը, տեսնելով որ երկրին անպէտ ծանրութիւն մը ըլլալէ զատ ուրիշ բան չեն, անձնասպան կ՚ըլլային կամաւ. եւ մեր տանց պահապանք կը մնան այդպիսիք։ Պանդուխտի համար սակայն այդ ալ մեծ բարեբախտութիւն է. եթէ ո՛չ մեր տուները, պապենական գերեզմաննե՜րը շէն կը պահեն գոնէ. ասով ալ գոհ կ՚ըլլայինք, եւ ո՜րչափ մխիթարուած՝ եթէ Պալըգլըի [7] բոլոր ցաւած եւ ցասկոտ [8] ոգիք մեր Առաքել վարպետի բախտն ունենային։ Այդ սփոփանքն իրենց ընտանիքներն ալ չէի՞ն ունենար. ամէն շաբաթ գիշեր, երբ բարեպաշտիկ մայր մը, ըստ սովորութեան խունկ ու աղօթք կը տանի մեր գերեզմանոցը, չի՞ փնտռեր հոն իր տղուն քարը կամ հողագունդն: Արցունքն ու հառաչանքը չե՞ն խնդ/95/րեր [9] հոն սիրելագոյն ստուերներ [10]: Ասոնք մեզ համար՝ բայց մեր գաւառացի պատանին [11], ծերուկին եւ հարսին՝ հաւատոյ էական մասունքն. գերեզմանոցը սիրելիներու տունն է, մօր մը ծխած խունկն ու սփռած արցունքոտ հառաչանքը՝ բոցեղէն թեւեր են որ մեռելոց եւ կենդանեաց ոգիներն իրարու կը կապեն։ Իրա՛ւ կ՚ըսեմ, ամեն շաբաթ գիշեր, մեռելոց օրեր, մանաւանդ Զատկի երկուշաբթին՝ հոգեկան աշխարհ մը թունդ կ՚ելնէ դառնակսկիծ յիշատակներու եւ խեղդուկ հեծկլտանաց ներքեւ: Չեմ գիտեր, մեռելներն ալ բան մը չե՞ն ուզեր. Պալըգլըի հողը ցնցում չի՞ կրեր:

Պալըգլըի հո՜ղ… շաբաթ չանցնիր, օր չի մարիր շատ անգամ, ուր հողին մէջ փոս մը չբացուի եւ երիտասարդ մը չդնեն հոն. «պանդխտութեան մէջ հիւանդանալն ու մեռնելը գաղտ կը լինի». անոնք ո՛չ թերթ ունին եւ ո՛չ յայտարարութիւն: Իմացա՞ր մեր Գարեգինի մահը։ Այս ամսոյ մէջ ուրբաթ օր մըն էր, ըստ մեր Շաքարեանի [12] ՝ արցունքի եւ մահու նախասահմանեալ օր. Կէտիկ փաշայի եկեղեցին [13] լցուած էին Վասպուրականցի երիտասարդներ. Գարեգին սեւ ծածկոյթին տակ կ՚երկարէր. քսանեւհինգ տարեկան հասակ եւ եռանդուն տիոց յոյսեր կը սառէին հոն։ Ներս մտաւ յանկարծ պանդուխտներու Մեծը։ Քուզկունճուքի [14] հեղձուցիկ օդին ճնշումն ու վշտի ծանրութիւն՝ թերեւս ոչ մէկ անգամ այնչափ զգալի եղած էր ծերունի Զատիկի [15] վրայ. պաղ քրտինքն ալ կ՚ողողէր իր դէմքն։ Եկած էր Գարեգինի ողջերթն ըսելու: Ո՛չ փիլոն ուզեց, ո՛չ վեղար, գաւազանն [16] ալ չշողաց իր ձեռքին մէջ։ Իր իսկական ձեւովը դարձաւ մեզ։ Ես միտքս դրեր էի չկաշկանդել ինքզինքս. ուստի աղաչեցի զՇաքարեան որ դամբանականին համառօտութիւնն ինքն ընէ որչափ կարելի է, եւ ահա նոյնը կը դնեմ հոս. «Մէկ ժամ առաջ լսեցի անբախտ Գարեգինի մահը. ա՜հ, պանդխտութեան մէջ, հիւանդութիւն ու մեռնիլ գաղտ կը լինի։ Դեռ չորս օր էր որ Գարեգին հիւանդ էր ինկած, իսկ այժմ իր ցուրտ մարմինը կը տեսնեմ ահա, իր հայր քսան տարի մաշուելով հազիւ ճողոպրեցաւ պանդխտութեան ճանկերէն, եւ հոս թողուց իր երկու նորատի զաւակներ: Գարեգինի տէր իր մերձաւոր ազգականներէն մին եղաւ. տասնեւհինգ տարի աշխատեցաւ եւ օր մըն ալ զայրոյթ ցոյց չտուաւ, զարմանալի համբերող ոգի ունէր: Չյաջողեցաւ իրեն հայրենիք երթալ. տակաւին քանի մը շաբաթ առաջ նամակ ստացայ իր ծերունի հօրէն որ կ՚աղաչէր թէ ինչո՞ւ նամակ կ՚ուշացնեն, չ՚ըլլայ թէ բան մը պատահած է։ Եւ ահա պատահեցաւ: Կ՚աղաչէր որ իր զաւկըներէն մի՛ն /96/ գէթ հայրենիք ղրկենք եւ իր ծերութիւնն անմխիթար չթողունք։ Ա՜հ, ո՞վ պատասխան պիտի տայ, ո՞վ կը լինի անոր գուժկան: Ես կը գրեմ թէ ահա Վահանը քե՛զ ղրկեցի, իսկ Գարեգինը երկի՜նք: Բայց ո՛չ, ես գուժկան չեմ կարող լինել. ես կը խնդրեմ որ հօրեղբայրն զՎահան ղրկէ. թող նա յանկարծ երթայ տուն մտնէ, եւ երբ հայրն հարցնէ թէ ո՞ւր է Գարեգին, Վահան թող ըսէ. ե՛ս եկայ, հա՛յր, Գարեգինը մի՛ հարցներ։ Աղօթենք որ Աստուած յաջողութիւն տայ եւ մեր տուները դառնանք թող անօթի մեռնինք, աղքատ մեռնինք, բայց մեր սիրելեաց գրկին մէջ մեռնինք»:

Եւ Հայրիկ [17] կուլար:

 

(Պանդուխտի կեանքէն)

ՀՐԱՆԴ [18]

 

 

 

 

 

 

ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄ

(ՅԱՏԱԿԱԳԻԾ)

1. Գրուածքին տեսակը (Քրոնիկ։ Սահման, ամփոփ ուրուագիծը սեռին զարգացման. պատճառները անոր բացառիկ բախտին։ Անուններ որոնք զայն հանեցին արուեստին):

2. Կտորին մէջ յիշուած տեղերուն ամփոփ նկարագիրները։

3. Կտորին մէջ յիշուած մարդերը:

4. Կտորին մթնոլորտը եւ Հրանդի գրականութեան մէջ ատոր կարեւորութիւնը։

5. Հայեցիութիւնը այս գրականութեան.

Ա) Մերձեցումներ (Խրիմեան, Սրուանձտեանց, Թլկատինցի)։

Բ) Պանդուխտի հարց։

Գ) Մեր բարքերը։

Դ) Լեզու:

6. Մարդեր տալու եղանակը Հրանդին մօտ.

Ա) Արագ ու յատկանշական գիծերու գաղտնիք։

Բ) Յուզական շե՛շտ խառնուածք։

Գ) Հոծութիւն զգայնութեան։

Դ) Խոր ճանաչողութիւնը իր աշխարհին, իր մարդերը իրական են։ Կը պտտի սրճարանէ սրճարան, խանէ խան, կը խօսի հետերնին, կը գրէ անոնց նամակները դէպի երկիր։

Ե) Դիմառնական ձեւ։

Զ) Հարցական ձեւ ։

/98/

7. Խրիմեանի կենդանագիրը։

8. Հանել յատակագիծը կտորին: Բաժանում որոշ մասերու։ Պիտակել իւրաքանչիւր մաս պատշաճ բառով մը:

9. Առաքինութիւնները այս ոճին։

10. Ի՞նչ է գաղտնիքը սա կտորներուն այժմէութեան, հակառակ անոր որ անոնք երեւցած են կէս դար առաջ, լրագրական յօդուածի մը ձեւով։

11. Ի՞նչ է «կեանքի զգայարանքը»։

 

ՇԱՐԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Գերեզմանատունը

 

1. Դիրք (չխօսիլ աշխարհագրական սահմաններով։ Քանի մը գիծ՝ որոնք ճշդեն անոր գրաւած հողին նկարագիրը։ Դաշտային, բլրային եւ այլն)։

2. Երես (հարթ, ելեւէջաւոր)։

3. Ծառեր (եթէ կան)։

4. Կարեւոր կէտեր (մատուռ, հանգստեան քար, ջրհոր, աղբիւր, ուխտատեղի եւ այլն)։

5. Հողակոյտեր (դամբարան, հին քարեր որոնց վրայէն յիշատակութիւնը մօտ է ջնջուելու. նոր քարեր, առանց քարի)։

6. Մէկ երկու տապանաքարի ոտանաւոր (կամ արձանագրութիւն)։

7. Ծանօթներ որոնք կը քնանան (չպատմել ատոնց կեանքը, այլ քանի մը տող, որոնք մարդը երեւան հանեն):

8. Անձնական բաժին (ի՞նչ կը ներշնչեն այդ բոլոր ձեր տեսածները: Առանց շինծու տրտմութեան ըսել)։



[1]       Կուծած = կռնծած: (Մեր գաւառիկ գրողները տեղական ասութիւններէն հաճոյք կ՚առնեն։ Ասիկա ոստանիկ լեզուին երբեմն կը վնասէ, արդէն իսկ գոյ բառերուն քով աւելորդներ ներմուծելով)։

[2]       Հինցած = ծերացած։ Բառը հոս պատկեր է ստեղծած։ Ժողովրդային բառերը ունին այս ուժը. օր. դնել. կրակ դնել (սիրտը). սիրտը դնել (համբերութեամբ ու լուռ համակերպիլ) սիրտ դնել (քաջալերել):

[3]       Վարպետ = ժողովրդական ձեւը վարդապետին, իմաստի ծանր փոփոխութեամբ։

[4]       Վայրէջ = յիսունէն ետքը տարիքը կ՚իջնայ։

[5]       Տրապիզոն, Սամսոն, Կիրասոն = Սեւ ծովու վրայ նաւահանգիստներ որոնք հայ պանդուխտները կը հաւաքեն դէպի Պոլիս կամ Պոլսէն դէպի հայրենիք:

[6]       Ժողվողք = ժողով։ Բառը ունի տրտում լրջութիւն մը։

[7]       Պալըգլը = գերեզմանատան մը անունը Ետիգուլէի ազգային հիւանդանոցին մօտ (Պոլիս): Մեր գրականութեան մէջ անիկա ունեցած է վշտագին համբաւ մը, քանի որ ամէն օր պանդուխտներ կը տարուէին հոն, Պոլսոյ ապականութեանց մէջ վաղաժամ թառամող պանդուխտներէն: Հրանդ զայն մռայլօրէն ժողովրդականացուցած է։

[8]       Ցասկոտ = բարկացած. (մեռեալները իրենց հոգեվարքին դէմքը կը տանին հողին տակը)։

[9]       Խնդրել = փնտռել։

[10]     Ստուերներ = մեռելները որոնք ստուերի ձեւով կ՚ելլեն դուրս, ոգեկոչուելով լացողներէն:

[11]     Պատան = ահաւասիկ գաւառաբարբառով զեղծանումը։

[12]     Շաքարեան = Վանեցի գրող մը որ Պոլիս ապրած շրջանին ստորագրած է արժէքով էջեր: Տեսնել իր մէկ կտորը այս գիրքին մէջ։

[13]     Կէտիկ փաշա = Պոլսոյ հայաշատ թաղերէն մէկը։

[14]     Քուզկունճուք = Պոլսոյ վոսփորեան նաւամատոյցներէն մէկը, Իւսկիւտարի մօտ։

[15]     Ծերունի Զատիկ = հաւանաբար գրաքննութեան պահանջովը Խրիմեանի անունը փոխուած է այս տարազին։

[16]     Գաւազան = եպիսկոպոսները քարոզի ատեն գաւազան կը գործածեն։

[17]     Հայրիկ = Խրիմեանի տիտղոսը, Հայոց Հայրիկ։

[18]     ՀՐԱՆԴ։ Իրապաշտ դպրոցին ամէնէն շահեկան դէմքերէն։ Գաւառական իր ծագումը (Բալու) անվթար է պահած Պոլսոյ մէջ, ընելով գրականութիւն մը, որուն ատաղձը կուգայ մեծ չափով Հայ հայրենիքէն։ Գրած է վիպակներ, պատկերներ, քրոնիկներ, յիշատակներ, հիւթեղ ու հաստատ ոճով մը որ բառին տակ միշտ իմաստ մը կը զետեղէ։ Ինք ստեղծիչն է մասնաւոր սեռի մըն ալ որ վիպակին եւ քրոնիկին զոյգ յատկանիշները կը միացնէ։ Պանդուխտներու Կեանքէն ընդհանուր խորագրին տակ անիկա պատմած է իննըսունական թուականներու ամէնէն սրտայոյզ ու ընդարձակ տռամներէն մէկը մեր ժողովուրդին։ Այդ դասակարգը պանդուխտները որ ձգելով գեղը, հողը, տունը՝ Պոլիս կ՚իյնայ մատաղ, ու կը մեռնի վաղատի, կամ կը դառնայ հայրենիք, սպառած՝ մեռնելու, Հրանդին մէջ գտաւ իր ճարտար նկարիչը։ Հրանդի գրականութեան մէջ կան մեծ չափով բարք, հայեցի հարազատ զգայութիւն ու պատկեր, երբեմն պատկերաւոր արտայայտումի շնորհ։ Մեռած է նահատակ (1915)։