Հայ գրականութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

/61/

ԺԶ. ԴԱՍ
  ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ՏՕՆ ՄԸ [1]

…Ծառերուն տակ եօթը ութը խումբեր, ոմանք ընդարձակ, ոմանք սահմանափակ, օղիի սեւ կալոնին [2] շուրջը հաւաքուած, կը խօսակցէին, կը խմէին կամ կ՚ուտէին։ Նուագարանի ձայն չկար բնաւ: Երբեմն խումբէ մը երգ մը կը բարձրանար: Ու տօնական պայթումներ [3] օդը կը թնդացնէին։ Խումբերուն շատը կը բաղկանային ընտանիքներէ: Բայց վերը, մացառներուն քով, հաւաքուած էին երկրագործները, էֆէները՝ [4] իրենց երկայն սեւ [5] ֆէսերով կամ ճերմակ բուրդէ քիւլահներով [6] ։ Բո՛ւն գիւղացիներն են՝ գեղջուկները, լեռնցիները՝ դաժան դէմքով, բիրտ աչքերով մարդիկ, կրքոտ ու բուռն շարժումներով։ Յանկարծ իրենցմէ չորսը հինգը կռիւ մը հանեցին եւ տեսայ որ անասունի յամառ կատաղութեամբ իրարու փաթթուած՝ իրար պատռելու փափաքի մը մէջ մտան, իրարու հիւսուած՝ գետնէ գետին զարնուելով, մինչեւ որ (ուրիշներ) մէջ մտան ու բաժնեցին: Բարեկամ մը այն ատեն ինծի ըսաւ որ այդ գիւղացիները ճշմարիտ լեռնականներ են, Մոբասանի [7] գիւղացիներէն, արիւնոտ բարքերով մարդիկ, անվախ, անգութ, եսական ու չար. եւ պատմեց որ ամէն տօնի, ամենաչնչին պատրուակներով, վայրկեան մը առաջ օղիի գաւաթներն իրար զարնող մարդիկը իրար կը սպաննեն: Անոնցմէ խումբ մը կայ դիմացս եւ կը դիտեմ իրենցմէ մէկը որ սոսկալի աչքեր ունի: Ժամ մըն է կը խմէ, գինիի ահագին կալոնը բերնին դնելով։ Դէմքը տաքութէնէն քրտնած, կարմիր, կը վառի: Եւ աչքերը, որոնց ճերմակը կը փայլի, եւ ուր նայուածքը մոլորո՛ւն՝ կը լողայ, վախցնող շողիւն մը ունին, անոնցմէ՝ զորս տեսած եմ գառագեղներուն մէջ, պահպանող ձողերուն ետեւ. հոս աւելի ահեղ, որովհետեւ երբեմն ծիծաղ մը կը շեշտէ զանի. մինչդեռ գազանը չի խնդար։ Այդ աչքերը ինծի կը պատմեն ինչ որ կրնայ ըլլալ գիւղացին, նախնական մարդը, երբ որ բարի չէ:

Բայց ահա զուռնա [8] մը կը ճչայ անկիւնէ մը: Լաթէռնա [9] մը կլկլալով վեր կելլէ։ Նուագարաններուն գալուստը երգերը կը մտրակէ, պարերու ծնունդ կուտայ: Տօնը կ՚ոգեւորի: Խառնափնդոր խժուք [10] մըն է ամէն տեսակ ձայներու ուր երգերը իրար կը կտրատեն ու կը խափանեն, ուր լաթէռնային թաւալումը կը խեղդուի զուռնային սուր զռնչիւնէն:

/62/ Ընդհանուր լռութեան միջոցի մը, երգ մը բարձրացաւ երիտասարդներու խումբէ մը, երգ մը յուզող, այնչափ որ ամէնքը ծափեցին, ու վայրկեան մը յետոյ ամէնքը զանի կ՚երգէին միաբերան։ Եւ այն ատեն վսեմ բան մը անցաւ հոդ. ամբոխի հոգիին ամէնէն ուժով պատկերներէն մէկը, անոնցմէ՝ որոնք մտածել կուտան ամբոխը իր բոլոր չարութեամբն ու մթութեամբը [11] ՝ ի՛նչ ուժ, ի՛նչ բարութիւն, եւ ի՛նչ լոյս կը դառնայ, գաղափարի մը, կամ երգի [12] մը ելեքտրացումին մէջ։

Երգը շարունակեց, բարձրացաւ, կրկնուեցաւ ու պայթումներուն մէջէն (հրազէնի) որոնք զանի կը կէտաuորէին [13], տարածուեցաւ ամբողջ բարձունքին վրայ, տօնին յուզուած հոգիին [14] պէս, ու զառիվայրերն ի վար տարտղնեցաւ: Ոտքի ելան ամէնքը, եւ նոյն հրճուանքովը ցնցուած, երիտասարդն ու տարuոքը, զարգացածն ու գեղջուկը, քաղաքացին ու լեռնականը, եւ անոնք որ պահ մը առաջ իրար կը պատռտէին, ամէնքը, ձեռք ձեռքի, սիրուած երգը երգելով միշտ, հարիւր յիսուն հոգիով, անհունապէս եղբայրական բոլորապար մը դարձան:

Յետոյ որովհետեւ գիշերը կը մօտէր, օձիկ [15] ճամբէն, ամէնքը մէկ, Վերի-Արտերը իջան, երգելով։

Քնարերգական [16] բան մը կար, գրեթէ դիւցազնական [17], այս յաղթական էջքին մէջ։

Ու ամբողջ կեանքին մէջ, չեմ գիտեր գիշեր մը աւելի աղուոր, աւելի լայն ու մեծ, քան այդ գիշերը, ուր քալեցինք բաց օդին, այդ ընդարձակ բարձրութեան վրայ, երկնքին այնչափ մօտիկ [18], քաղաքէ այնչափ հեռու, խառնաշփոթ մարդկային կոյտերով՝ ցրուած ու կորսուած՝ մութին մէջ, զոր տկար ճրագներ կը մխացնէին տեղ տեղ պզտիկ լոյսերով, գիշեր մը հոմերական գիշերներուն [19] վեհութեամբ, սրտերը անկապ [20] ուրախութիւններու մէջ սանձարձակ, ու գլուխներուն վերեւ, սեւ օդին մէջ՝ ծաւալուն դրօշը [21] Երգին։

 

(Քանի մը օր Պարտիզակի մէջ։ ԾԱՂԻԿ)

ԱՐՇԱԿ ՉՕՊԱՆԵԱՆ [22]

 

(ԱՀԱ ՎԵՐԻ ՆԻՒԹԸ ՈՒՐԻՇ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅ ԳՐԱԳԷՏԻ ՄԸ ԳՐԻՉԷՆ)

ՊԱՐՏԻԶԱԿԻ ՍՕԽՄԻԱՐԸ ԵՒ ՊԱՂՏԱՍԱՐ ԱԿՕ

Ծառերու փունջ մը լերան կողին վրայ. լքուած, փլփլած մատուռ մը ուր Ս. Մինասի [23] պատկերը նկարուած է խորանին մօտ, յունական ոճով [24] ու պոռոտ [25] գոյներով. աղբիւր մը որ ծորակ չունի եւ որուն լայն խողովակէն պաղորակ ջուրը կը վազվզէ առանց դադարի [26]. այս է Պարտիզակի [27] Uօխմիարը։

Բայց Աստուածածնայ Երկուշաբթին [28] ուրիշ բաներ ալ պիտի գտնէք հոն. բոլոր Պարտիզակը պիտի տեսնէք իր կտրիճ/65/ներով, իր աղջիկներով, հաւաքուած ծառերու շուքին տակ: Ամէն կողմ խորովածի շամփուրներ, օղիի եւ գինիի ահագին շիշեր, երաժշտութիւն, երգ, պար: Անցեալ Երկուշաբթի մենք ալ վայելեցինք այդ գեղջկային հանդէսը:

Հարիւրաւոր հայ աղջիկներ հոն խումբեր կազմեր էին մարգին վրայ, աղբիւրին մօտ, մանուկ՝ շատերը, հասուկ աղջիկներ, նշանածներ ալ. ամէնքը խառն ի խուռն, իրենց կիրակիի արդուզարդովը, կոկիկ, մաքուր, երփներանգ շրջազգեստներով ու չփակներով, առանց սեղմակի [29], տձեւ կուրծքերով, շատերը իրենց ճիտին շուրջը ցոյց տալով խրոխտ՝ ոսկիներու սիրուն շարք մը, իրենց մազերուն կրկին հուսքերը կռնակն ի վար, եւ ժապաւէն մը փոքրիկ սիրուն կապով, որ մազերուն մէջէն ի յայտ կուգայ՝ ինչպէս ծաղիկը տերեւախիտ թուփին վրայ: Կը խօսին, կը ճռուողեն, շեշտելով, երկարելով բառերուն վերջին վանկերը, անվեհեր ակնարկներ արձակելով իրենց չորս բոլորքը, անդրդուելի մնալով հետաքրքիր Պոլսեցիներուն ակնարկին առջեւ…։

Աւելի հեռուն՝ գիւղին զբօսասէրերը, քով քովի նստած, ահագին զրօներ ձեւացնելով, սեփ սեւ հացի լայն շերտեր իրենց առջեւ, ձմերուկի հաստ ու խոշոր կտորներու հետ, որոնց կը միանան ճերմակ գինիի գաւաթները: Այդ խումբերէն ամէնէն կարեւորին կը նախագահէ Պաղտասար Ակօ, որ նշանաւոր դարձած է իր արիութեամբը: Պարթեւ [30] հասակ մը, որ լեռնաշղթայի մը բարձրագոյն կատարին պէս կը տիրապետէ իր շուրջը գտնուողներուն, սէգ [31] նայուածք մը որ կտրիճը կը մատնէ, կրակոտ աչքեր, որոնց արտայայտութեանը մէջ անուշ բան մը կայ սակայն, գրաւիչ…։

Իր շուրջը` բարեկամները կը պարեն: Ալքոլը թեւեր կու տայ իրենց. իրենց ձեռքերը իրարու ուսին վրայ ձգած, ոտքերով հողը ծեծելով, երգելով, մերթ իրարու ետեւէ վազելով եւ ծափ զարնելով, հաճոյքի գերագոյն արտայայտութիւնը իրենց դէմքին վրայ, զոր կ՚ողողեն քրտինքի խոշոր կայլակներ։ Գէր երիտասարդ մըն է որ կը վարէ պարերը, խարտեաշ, գեղեցիկ. գլուխը բաց, ոտքերը առանց կօշիկի, մարմինը գալարելով, ցատկռտելով, լարախաղացի մը պէս արագաշարժ, եւ ամբողջ պարախումբը իր ետեւէն քալելով:

Հրացանի եւ ատրճանակի պայթիւնները դէպի ծառերուն տերեւները կը բարձրացնեն վառօդին ծուխը։ Պայթումներուն կ՚ընկերանան իրենց գոռում գոչումը, ահագին, երկարատեւ ա՜խեր, մերթ թաւ, մերթ սուր՝ պրկուած ջիղերու յանկարծա/66/կան թուլացումին արդիւնք, եւ քէմէնչէին [32] ու սրինգին ձայնը տխուր, որ դադար չունի, եւ որուն լալկան շեշտերը մինչեւ մեզի կը հասնին, միօրինակ ու տաղտկաբեր:

Կէսօրը քանի մը ժամ անցեր էր, եւ պարերը ու երգերը կը շարունակուէին միշտ:

Ի՜նչ զարմանալի բան, գառնուկի պէս հանդարտ են այսօր, կ՚ըսէր մեր մէջէն մէկը:

Սպասեցէ՛ ք, քիչ մըն ալ սպասեցէք, հիմա կռիւը կը փրթի։

…Քիչ յետոյ ներկայացումը կը սկսէր: Երիտասարդ մը, պարած ատեն մէկուն սափորը կոտրեր էր: Եւ ահա յիմարական խօլ պայքար մը, ուր ընկերը ընկերին հետ կը ծեծկուէր, նախ զոյգ մը, յետոյ երկու, յետոյ երեք. ազատարարները կը հասնէին, կ՚ուզէին բաժնել մարտիկները, եւ իրենք ալ կռուի կը բռնուէին. ամէն կողմէ տեղատարափ մը կռուփներու, ոտքի հարուածներու։ Հիմա ամէնքն իրարու վիզին փաթթուած էին, խումբ խումբ, գետինները տապլտկելով, հետզհետէ գլտորելով, գահավիժելով դէպի վար՝ քակուած գետնաքարշ գօտիներով որոնք օձի պէս կը սողոսկէին այդ խառնիճաղանճին մէջ, իրենց կոկորդին խորը խեղդելով մոլեգին ոռնումներ, եւ գինիէն բորբոքած զայրոյթի բոլոր կատաղութեամբը՝ զինելով իրենց բազուկներուն ջիղերն ու դնդերները։ Մանուկները սուր ճիչեր կ՚արձակէին իրենց հայրը կամ եղբայրը տեսնելով թոհուբոհին մէջ, ու կիները կը խառնուէին կռուողներուն՝ անոնց ձեռքերէն քաշելով ծառերու խոշոր ոստեր, որոնք կռուփներուն յաջորդեր էին հիմա։ Խուժդուժ ծեծկուուք մը. հարիւրաւոր գլուխներ կ՚երերան, կը ծռին, կը բարձրանան` պուրակի մը ծառի ոստերուն պէս, որոնց մէջ փոթորիկը կը սուրայ, կ՚ոլորի, պտուտկաւոր շրջաններ գծելով։

Պաղտասար Ակօ՜ն, Պաղտասար Ակօ՜ն, կը պոռար բարեկամ մը. ո՞ւր գացեր է:

Եւ ծառերուն ետեւէն կտրիճը երեւցաւ, եկաւ խառնուիլ ինքն ալ խումբին. հարուած մը հոս, հարուած մը հոն, ամէնէն կատաղիները պրկուեցան [33], հեռացուեցան, քիչ քիչ հանդարտութիւնը տիրեց եւ քանի մը վայրկեան ետքը բոլոր այդ աշխոյժ տղաքը, որ զիրար կը բզքտէին, նորէն իրարու միացան, իրարու թեւ մտան, պարը սկսաւ, եւ պահ մը դադրած ուրախութիւնը տիրապետեց նորէն աւելի եռանդուն, աւելի եղբայրական:

 

ՀՐԱՆԴ ԱՍԱՏՈՒՐ [34]

 

 

 

 

ՀՐԱՆԴ ԱՍԱՏՈՒՐ։ Հրապարակագիր եւ ուսուցիչ։ Վարած է հանդէսներ։ Իր գրական գործունէութիւնը հակառակ սեղմ իր ծաւալին՝ վաւերագրական արժէք ունի։ Մեր գրողներու (ժամանակակից) կեանքէն իր դրուագումները այդ տեսակէտէն առաջին կարգի աշխատութիւններ են։ Իր դասագիրքերը (իր կնոջը՝ Տիկին Սիպիլի հետ աշխատուած) նպաստած են արդի աշխարհաբարին։

 

ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄ

(ՅԱՏԱԿԱԳԻԾ)

(ԵՐԿՈՒ ՀԱՏՈՒԱԾՆԵՐ)

 

Ա.

1. Գրուածքին տեսակը:

2. Մասերը։

 

Բ.

1. Գիւղացին։ Փնտռել երկու հատուածներուն մէջ՝

1. Ֆիզիքական նկարագիր մը (անհատ կամ զանգուած):

2. Հոգեկան յօրինում մը (անհատ կամ զանգուած)։

3. Մասնակի դրուագում։

 

Գ.

1. Պահը:

2. Արտաքին աշխարհ:

3. Մասնակի կացութիւն մը:

4. Խորհուրդի մաս:

 

Դ.

1. Բարքեր (Ո՞ր կտորին մէջ անոնք աւելի լաւ սեւեռուած են)։

2. Գործողութիւն (Ո՞ր կտորին մէջ խնամքը աւելի կը տեսնէք: Ո՞րն աւելի մանրակրկիտ կը տեսնէ։ Ո՞րն աւելի յաջողակ կը պատկերէ շարժումները)։

3. Շահեկանութիւն (Ո՞ւր կը դնէ զայն Չօպանեան։ Ո՞ւր է ան՝ Հրանդ Ասատուրի մօտ։ Ինչո՞ւ այս տարբերութիւնը: Կրնա՞ք ասկէ պզտիկ ընդհանրացումներ ընել հեղինակներուն խառնուածքին, նախասիրութիւններուն, դաստիարակութեան վրայ)։

4. Ոճ. Չօպանեանի մօտ (արագ, թեթեւ, փայլուն): Հրանդ Ասատուրի մօտ (ծանր, անփայլ, ուղիղ ու տպաւորող):

 

Ե.

1. Չօպանեան՝ գիրքերու կազմութիւն։

2. Հրանդ Ասատուր՝ կեանքի յօրինում:

 

ՇԱՐԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Ժողովրդական տօն մը

 

Չնախապաշարուիլ վերի երկու հատուածներէն։ Անոնք կը կարդացուին որովհետեւ, սեւեռումներ են կեանքի պահէ մը: Դուք ալ կը կարդացուիք երբ նոյն այդ յաջողութիւնը կարենաք գտնել։ Ուրեմն

1. Ընդհանուր պատկեր մը (համապատկեր՝ ընթացիկ բայց օտար բառով մը` բանօրամա). տարրեր շէնքեր, պարտէզներ, ծառեր, հրապարակին վրայ առժամեայ կառուցումներ, վրաններ, բացօդեայ սրճարաններ. ո՛րը որ կը պատշաճի ձեր տեսած իրականութեան։ Այս պատկերը գծագրութիւն մըն է. անկէ կ՚ընտրէք մէկ կամ երկու կտոր ուր պիտի զետեղէք ձեր՝

2. Մարդերը։ Անշուշտ չէք կրնար տօնատեղի մը լեցնող ժողովուրդը ամբողջովին պարագրկել։ Ձեր ընելիքը քանի մը թիփիկ անձերուն ծանօթացումն է մեզի: Հոս անհրաժեշտ է որ զբաղիք անոնց արտաքին մանրամասնութիւններովը։ Այս նկարագրութիւնը պիտի առաջնորդէ ձեզ ձեր նիւթին՝

3. Հոգիին, որ տօնատեղին ընդհանուր մթնոլորտն է: Պէտք չէ տառապիլ անպատճառ հերոսական դէմքեր կամ խանդավառող կռիւներ ստեղծելու համար: Իր դդումին առջեւ նստած /69/ ու զայն գովելու համար կզակը չորս բացած գեղջուկը նոյնքան կ՚արժէ որքան վերի հատուածին Պաղտասար Ակօն: Էականը մեր մարդերուն հագցնելն է այն իրականութիւնը որ մարդերը կը զատէ մարդերէն, բայց տալն է՝ անոնց քով քովի գալէն յառաջացած բարոյական բարեխառնութիւնը: Ազատ էք տօնը փոխադրել ուխտատեղիներ, եկեղեցիի բակեր: Աչքէ մի՛ հեռացնէք որ, ինչպէս վերի երկու հատուածներուն մէջ տեսաք, բարքերու տարտամ շեշտեր պիտի իյնան սեւեռումի տակ։

4. Գործողութիւնը առաջնորդեցէք զգուշութեամբ։ Իրականութիւնը հոս խճող է չափազանց։ Ձեր նայուածքին տակ նոյն պահուն կ՚իյնան շատ մը շարժումներ։ Ամէնը չէք կրնար տալ։ Այս չէ բոլորը։ Տրուածը, այսինքն ընտրուածը միշտ ենթակայ է շրջապատին ոտնձգութեան: Գիտցէք չեզոքացնել աւելորդ լարերը: Բայց մի՛ կղզիանաք: Այսպէս պաշտպանուած, զգալով ու զգալի ընելով ձեզ բոլորող յուզումները քալել դէպի՝

5. Մտածումը որ պիտի ըլլայ պարզ ու առանց յաւակնութեան։



[1]       Ժողովրդական տօն = այս հատուածը առնուած է Քանի մը օր Պարտիզակի մէջ յօդուածէն, ուր հեղինակը, Աստուածածնայ Տօնին, առիթ է ունեցած Պարտիզակը ճանչնալու, եւ ներկայ եղած՝ Ս. Մինասի բարձունքին, ժողովրդական խրախճանութեան մը։

[2]       Կալոն = օղիի շիշ։

[3]       Պայթում = գիներբուքներու մէջ գիւղացիները սովոր են հրազէն արձակելու։

[4]       Էֆէ (թուրքերէն) = կայտառ, յանդուգն, քաջ տիպեր՝ որոնք հագուածքի, քալուածքի, կենցաղի ինքնատպութիւններ ունին։ Մեծ կռիւներ անոնց անունը համբաւի բերած են: Բուն սկզբնատիպը՝ թուրքերուն մէջ՝ ունի աւելի մութ գիծեր նկարագրի եւ բարքի:

[5]       Սեւ ֆէս = էֆէները յատկանշող գլխարկ, ծուռ ու բարձր։

[6]       Քիւլահ (թուրքերէն) = գտակ։ Գլխարկ մը որ կը զատուի ընդհանուր տիպարէն։ Հինին նայող հանգամանք մը զինքը մեծարելի կ՚ընէ էֆէներուն գիւղացի դասին:

[7]       Մոբասան = ֆրանսացի վիպասան ԺԹ. դարու։ Իր տիպարներէն Նորմանները (Արեւմտեան Ֆրանսա) ունին կոշտութիւն մը, նախնականութիւն մը, գիծերու կարծրութիւն մը որոնք կը նմանին Պարտիզակի գիւղացիներուն:

[8]       Զուռնա (թուրքերէն) = սրինգի տեսակ մը, շատ սուր ու խլացուցիչ ձայնով։

[9]       Լաթէռնա = թուրքերէնի մէջ աղաւաղեալ օտար բառ մը։ Նուագարան՝ որուն եւրոպական սովորական անունն է orgue de barbarie։

[10]     Խժուք = շնչափողերէն աղմուկ ելած ձայնը։ Խժան՝ հիւանդ։ Խժուք՝ աղմուկ, ուր կը զգացուի այդ երանգը:

[11]     Մթութիւն = հոգիի սեւ կողմերը։

[12]     Երգ = այցելութիւնը տեղի ունեցած է 1895ի Օգոստոսին: Այդ շրջանը ամէնէն եռուն, յուզումնալից ու հերոսական շրջաններէն մէկն է մեր նոր պատմութեան: 1860ի սերունդին ճիգերը խթանած են մեր դարաւոր անզգածութիւնը եւ ցեղին մտաւորականութիւնը հասած է մտքի շատ յատկանշական վիճակի մը: Անիկա ինքզինքը պատրաստ կը կարծէ Ազատութեան։ Յեղափոխական խմորումներն ու գործունէութիւնը պետական (թրքական) արգելքներէ՝ աւելի սաստկացած են: 1860ի սերունդին ազատաշունչ երգերը քաղաքներու մէջ արգիլուած՝ գիւղերու խորը կ՚սպասեն հանդիսաւոր առիթներու՝ պոռթկալու, ու կրակելու համար հոգիները: Նման երգ մըն է որ այդպէս մէկէն կը բռնէ մթնոլորտը ու հզօր սարսուռը կ՚անցընէ բոլորին ջիղերէն։

[13]     Կէտաւորել = նկարող բացատրութիւն։ Գրական ձեւը պիտի ըլլար կիտաւորել։ Երբեմն յանուն հնչական արժէքներու զանց կ՚ընենք քերականական ճշդութիւնը։ Այսպէս՝ կ՚ըսենք Խուժան։ Խուժդուժ բառին մէջ (որմէ՝ խըժդըժութիւն) կ՚երեւան երկու օրէնքները։

[14]     Հոգի (տօնին) = բացի կրօնական նկարագրէն (Տաղաւարները մեռելոց ունին)։ Տօնը այդ օրը հագած է նաեւ ազգային իմաստ մը, որ կը մարմնանայ Երգին մէջ։

[15]     Օձիկ = օձի ձագ։ Հոս՝ օձապտոյտ։

[16]     Քնարերգական = քնարի վրայ երգուելիք: Հին շրջաններուն բանաստեղծութիւնները կ՚երգուէին քնարի վրայ։ Երաժշտութիւնը տիրապետող էր: Հետզհետէ Երգին բառը ինքզինքը ազատեց եղանակէն ու ինքզինքը իբր գրական սեռ մը պարտադրեց։ Բայց այդ ձեւ ստեղծումին անունը միշտ նոյնը՝ հինը մնաց։ Հոս հեղինակը կ՚ակնարկէ հին այդ օրերուն երբ եղանակին ու բառին համադրուած ազդեցութիւնը կը խանդավառէր հոգիները։

[17]     Դիւցազնական = դից + ազն + ական = Աստուածներու ցեղէն։ Կիսաստուածներ՝ ու հանգիտութեամբ՝ մարդեր` որոնց գործերը իրենց արտակարգութեամբը զիրենք կը մօտեցնեն աստուածեան մեծարանքին: Հոս՝ խանդավառութեան զուտ քնարական մասին մէջ մտած միւս տարրը, քաջագործութեան, կռիւի, հերոսութեան հովը որ երգէն կ՚անցնի մարդերուն ու զանոնք կը կրկնապատկէ, կը բազմապատկէ, ընդունակ ընծայելով զանոնք Ազգին անունով մեծագոյն, դիւցազներգական գործերու։

[18]     Երկնքին մօտիկ = կրկին իմաստ։ ա. Բարձրութիւն. բ. Զգացումներու երկինք մը, այսինքն շատ բարձրերը տարուած զգացական վիճակ ուր մեր պզտիկ կիրքերը չեն կրնար հասնիլ, ու մեծութեան հմայքը տիրապետող կը դառնայ։

[19]     Հոմերական գիշերներ = Հոմերոսը աւանդական բանաստեղծ մըն է որ երգած է յոյն ժողովուրդին ամէնէն կենդանի, միամիտ ու բանաստեղծական շրջանները: Իր երկու դիւցազներգութիւնները (Իլիական եւ Ոդիսական) պատկերը կուտան այդ կեանքին։ Ատոնց մէջ բաց ու պարզ, ծովափին կամ դաշտերու վրայ կան գիշերուան պատկերներ որոնք իրենց զուսպ ու տաքուկ մաքրութեամբը, հաճոյքովը, խռովիչ ու գողտր մարդկայնութեամբը յաւիտենական են։ Հոս՝ նման գիշեր մըն է որ կ՚ուրուանայ հեղինակին հոգիին մէջ։ Իրականութիւնը եւ յիշողութիւնը իրար կը կապուին։

[20]     Անկապ = առանց շղթայի (Չէք մոռնար Համիտին րէժիմին բացառիկ խստութիւնները մեր վրայ)։

[21]     Դրօշ = (Երգին) դրօշակը։ Համադրուած պատկեր, ուր ձայնը կերպասի կը վերածուի:

[22]     ԱՐՇԱԿ ՉՕՊԱՆԵԱՆ։ Արեւմտահայ գրագէտ եւ քննադատո։ Գրել սկսած է շատ կանուխ, դպրոցի սեղաններէն, փորձելով քիչ մը ամէն բան բանաստեղծութիւն, երգիծանք, վէպ, թատրերգութիւն, գրական քննադատութիւն, հրապարակագրութիւն եւայլն։ Թարգմանած է Ֆրանսերէնի հայ հեղինակներէ եւ աշուղներէ ընտրուած էջեր։ Այդ ուղղութեամբ իր աշխատանքը ունի քաղաքական մտահոգութիւններ։ Բազմաթիւ են իր հրատարակութիւնները ու վարած հանդէսները: Չօպանեանի արձակը նոր է եւ գունաւոր։ Լեզուն դասական։ Արեւմտեան գրականութիւնները մեզի ծանօթացնելու իր աշխատանքը եւ իր հաւատաւոր ոգին կը լինեն անոր համբաւը։

[23]     Ս. Մինաս = ուխտատեղի Պարտիզակի բարձունքը։

[24]     Յունական ոճ = յունաբնակ վայրերու մէջ մերինները յոյն նկարիչներու գործերը կ՚ընդունէին եկեղեցիներու մէջ։ Յունական ոճը թանձր ոսկեգոյն խորքովը կը զատուի արեւմտեան նկարչութենէն։ Մռայլ ու դաժան՝ այդ ոճը կ՚ախորժի գոյնի խոշոր շերտերէ որոնք կարգ մը կողմեր ցայտուն կ՚ընծայեն։

[25]     Պոռոտ = պոռացող։ Մասնաւորաբար կը գործածուի գոյնի, բառի ու հագուածքի չափազանցումներ որակելու համար։

[26]     Առանց դադարի = Պոլսեցիներուն համար նորօրինակ է մշտավազ աղբիւր մը։

[27]     Պարտիզակ = հայաբնակ գիւղաքաղաք Իզմիտի ծոցին արեւելքը, հարաւային ափին, բարձունքներու վրայ:

[28]     Աստուածածնայ Երկուշաբթի։ Մեր հինգ մեծ տաղաւարները ունին իրենց մեռելոցի օրերը, ուր ժողովուրդը կ՚երթայ իր մեռելներուն, յետոյ՝ գերեզմանին մօտ արօտներու մէջ ինքզինքը կուտայ ազատ խնջոյքի:

[29]     Սեղմակ = սեղմիրան բառին աւելի հարազատ ձեւը։

[30]     Պարթեւ = անունը սլաւ ազգի մը որ պարսիկներուն հետ երկար ատեն կռուեցաւ Ասիոյ գերագահութեան համար: Բարձրահասակ ու կորովի մարդեր էին։ Անոնցմէ արքայական ընտանիք մը` Արշակունիները, երկար ատեն տիրեցին Հայաստանի։ Բառին երկրորդ առումներն են՝ բարձրահասակ, գեղանձն, կորովի։

[31]     Սէգ = խրոխտ, վէս:

[32]     Քէմէնչէ = պզտիկ քնար։ Մեր աշուղներէն Սայեաթ-Նովա նշանաւոր գովք մը ունի նուիրած իր քէմէնչէին:

[33]     Պրկուիլ = հոս կապուիլ։

[34]