Հայ գրականութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

/74/

ԺԸ. ԴԱՍ
ԸՍԷ ԻՆԾԻ, Ի՞ՆՉ ԿԱՅ
(ՄՕՐՍ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ) [1]

 

Մա՛յր, բոլոր ասոնք ու աս պատմածներուդ ամենայետին մանրամասնութիւններն ալ միտքս են տակաւին, որոնք տունին պզտիկներն ալ չեն մոռցեր, ու անոնք՝ մէկ մէկ սովրեցուցած [2] աղօթքիդ պէս կը յիշեն. բայց, քանի որ կ՚ըսեմ, միայն գիշեր մը ճամբորդելով [3] այնքան մը տեղեկութիւններ կը բերէիր գեղէն՝ որ այնքան հեռու կը մնար մեզմէ, հիմա ալ [4] պահ մը վեր առ գլուխդ ու ըսէ ինծի՝

Ի՛նչ կայ անդին։

Ի՛նչ ունիս գերեզմանէն [5] որ հունա [6] այնքան ալ մեր մօտը կը գտնուի։ Ըսէ, Մա՛յր։ Վստահ եղիր որ պիտի չմերժեմ լսել, երբեք պիտի չձանձրանամ [7] ըսելիքներէդ։ Երազներուդ պէս արդեօք գերեզմանէն անդիիներն ալ [8] նորէն ճշմարիտ իրականութիւններ պիտի հռչակե՞ս, թէ բացարձակ ոչնչութիւն պիտի ըսես պարզապէս։ Հարցուկի մը պատկառոտ սարսռանքներուն մէջ ու միշտ անհուն կարեւորութիւնով մը պիտի լսէի քեզ։ Մա՜յր, ո՞րն է երազը. սա արեւի՞նը [9], թէ՝ վաղուան ստուերներուն [10] կեանքը, որուն դուն ամիսներէ իվեր սկսուածքն ըրիր. դեռ մեզի բան չես ապսպրած, մեզ յուսահատ սպասանքի մը մէջ սգաւորներ կը պահես. բայց դուն այդչափ երկար չէիր քնանար, Մա՛յր, դուն աքաղաղին ճիչովը ընդոստ արթնցող մը, հիմա ամպերը կը պօռան ականջիդ [11] ու բնաւ չես շարժիր, վեր չես առներ գլուխդ, աղօթքի չես վազեր, երազներդ իրականութիւն թէ ի՛նչ, չես յայտներ մեզի, ու կը զարմանամ թէ՝ ի՛նչ պէս կրնաս համբերել:

Այսչափ երկար ու խորունկ քուն քնանալով, մինչեւ հիմա աշխարհք մը ըսելիք կը կախէիր շրթունքէդ [12], թզուկ [13] գիշերի մը կեանքէն ամէնքն ալ. հիմա ի՜նչ պիտի չկրնայիր խօսիլ այն մեծ գիշերին կողքէն [14], անոր սոսկալի ու խաւարակուռ [15] ալքերէն ուր մտար եւ մարեցիր ճրագը ետեւէդ [16] ։

Առաջին օրը ի՞նչպէս ճամբորդեցիր, որո՞ւ հանդիպեցար, ո՞ւր ըրիր հանգիստի վայրկեանին [17] դադարդ, դուն որ արդէն շունչէդ կը կանչէիր [18] ։

Այն պահուն, ուր հողն ու քարը բուռ բուռ քու մարմինդ /75/ փակող սնտուկին վրայ թափուելով՝ գոռ թնդիւն մը կը լեցնէր գերեզմանդ, ի՛նչ խորհեցար արդեօք, հէք Մայր. մեղաւոր հնդկուհի մը [19] կը թաղեն ըսիր, թէ մարդիկ մահուան վրէժը կ՚առնեն այնպէս, հողին տակ քեզ՝ քու մարմինդ ծեծելով [20]:

Դուն սակայն զգացի՞ր ասոնք, անդրադարձա՞ր այն եղածներուն. երդում քեզի որ ես աւազահատ մըն ալ չնետեցի վրադ. այդպէս՝ թող ձեռքս փրթէր, Մայր, թող այդ տեսակ յիմար սովորութեան մը համակերպութիւնով աջ ձեռքէս, աջ աչքէս զրկուէի [21] ։ Քարերը, հողերը քու կուրծքիդ նետուած, իմ գլխուս կ՚իյնային արդէն. գերեզմանիդ քովէն դէպի տուն ես արդէն ճշմարիտ մեռել մը դարձայ։ Առաջին մուտքը դժուար քայլափոխ մըն է եղեր կ՚ըսեն, հոգի՛ս, աս կողմէն ան կողմը [22] սաւառնող հրեշտակներն ալ անխուսափելի այդ դժուարութիւններէն պիտի անցնին եղեր անպատճառ, հոգ մի ըներ: Դուն միայն հիմա ըսելու եղիր թէ ի՛նչ տեսար այդ մուտքի դուռնէն անդին. գտա՞ր, համբուրեցի՞ր այն քուկիններդ, որոնց կը փափաքէիր հէնց թերաuտուերը տեսնել։

Հայրս ո՞ւր կը մնար արդեօք։ Չտեսա՞ր, չբարեւեցի՞ր բնաւ. չըսի՞ր թէ երեսիս վրայ իր զարկած ապտակներուն տեղը հիմա աղեբեկ [23] մօրուք մը կը շփէ տղադ, ան ատեն որ [24] անել թնճկոտ [25] խորհուրդ մը կը ճմրթկէ [26] իր մտքին մէջ։

Ես ալ ո՞ր ճամբով գայի, որ շիտակ քեզի հասնէի, հոն ալ մէկտեղ ապրէինք: Առանց քու ներկայութեանդ, ինծի համար այդ լոյսերու աշխարհն ալ տրտում դատարկութիւն մըն է յայտնապէս, ինչպէս քեզ կորսնցնելէս ի վեր՝ դժոխքի մը ցաւերն ունիմ հոգիիս մէջ։ Միայն քեզի կը հաւատամ Մայր, պահ մը վեր առ գլուխդ ու ըսէ՛, կարճ, ըսէ, հէնց ակնարկով մը հասկցուր, ի՞նչ կայ անդին: Միայն քու ըսածներուդ անձնատուր պիտի մնամ, Մայր։

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ [27] (Թլկատինցին)

 

ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄ

(ՅԱՏԱԿԱԳԻԾ)

 

Ա.

 

1. Կտորին հիմնական գաղափարը:

2. Երկրորդական գաղափարները։

Երկրորդական գաղափարներուն մէջ զանազանել՝

1. Վերացականները (գաղափար, մտածում եւայլն)։

2. Առօրեայ տպաւորութիւններէն առաջացածները (ընդհանուր)։

3. Մասնականները:

 

Բ.

1. Ի՞նչպէս կ՚ազատի հեղինակը վերացական ոճէն (որ ամէն գաղափարական գրուածքի գրեթէ պարտադիր տկարութիւնն է)։

2. Որո՞նք են այն գլխաւոր վիճակները, որոնք մտածումները այդպէս կը թանձրացնեն իւրաքանչիւրին հագցնելով տեսակ մը տարազ, շօշափելի եւ սրտի խօսող։

3. Կրնա՞ք որոշել թէ ի՞նչ է գրուածքին նկարագիրը (բանաստեղծութի՞ւն, իմաստասիրական մտածութի՞ւն, բարքերու ցուցադրո՞ւմ, ոգեկոչո°ւմ։ Պէտք է արդարացնէք ձեր պիտակումը բացատրելով մեզի ձեր տեսակէտները):

 

Գ.

1. Փնտռել բառերը, որոնք պատկեր շինած են։

2. Ժողովրդային տարրը այս ոճին կազմութեան մէջ

1. Ի՞նչ կը բերէ (կենդանի խօսքին նպաստը)։

2. Ի՞նչ կը խանգարէ (բարբառային նկարագիր՝ որ ոստանիկ հանգամանքին կը վնասէ երբեմն։ Գաւառիկ գրողները յաճախ այս վտանգին կ՚ենթարկեն իրենց լեզուն)։

 

/78/ 3. Քննել նախադասութեան կազմը

1. Երկարաձիգ։

2. Թոյլ:

3. Կնճռոտ։

4. Անսովոր։

5. Զարդարուն:

 

4. Քննել խօսքին կազմը

1. Նախադասութեանց կապը:

2. Մտածումը հետապնդելու համար անոր (խօսքին, ֆրազին) ընդունակութիւնը։

3. Պատկեր մը ցայտեցնելու համար անոր

Ա) Ճիգը

Բ) Դիւրութիւնը + դժուարութիւնը

Գ) Ինքնատպութիւնը։

4. Կշռոյթը։

 

Դ.

1. Ո՞ւր է այս ոճին

1. Ինքնատպութիւնը։

2. Հարազատ ու տոհմիկ հանգամանքը։

3. Հումութիւնը։

4. Արժանիքը։

 

2. Բաղդատեցէք այդ ոճը

1. Խրիմեանի

2. Սրուանձտեանցի

3. Զարդարեանի ոճերուն հետ:

 

3. Ո՞ւր է զուարթ հեգնութիւն (humeur) ըսուածը այս կտորին մէջ։



[1]       Մorն յիշատակին = այս հատուածը մաս կը կազմէ ընդարձակ յօդուածի մը որուն սկիզբներէն հեղինակը կը ներկայացնէ մեզի իր մայրը, անոր առօրեայ կեանքին ցայտուն կողմերովը, կը գծէ անոր բարոյական կենդանագիրը ու կ՚ոգեկոչէ անոր հոգեբանութեան շահեկան երեսները։ Յետոյ կը յանձնէ զայն հողին ու հիմա հինգ վեց ամիս է անցած վերջին օրէն։ Ու կը սկսի հարցումը:

[2]       Մէկ մէկ սովրեցուցած = պառաւը իր թոռները առջին առած, անոնց՝ կարգով, իրարու վրայ կը սովրեցնէ իր գիտցած աղօթքները։ Մէկ մէկը թիւի ճշդում մը կ՚ընէ, եւ կուտայ վաւերականութիւն պառաւին դէմքին։

[3]       Ճամբորդել = պառաւը՝ գիշերը երազին մէջ իր հայրենի գիւղը կ՚երթայ ուրկէ հեռացած է հիմա ու քաղաք կը բնակի։

[4]       Հիմա ալ = վեց ամիս է որ մեռած է պառաւը: Ու այդ հիման անհուն նրբութիւն կը բերէ ընտանութեան շատ քաղցր զգացումէ մը:

[5]       Գերեզման = «Քունն ու մեռելը մէկ է» կ՚ըսէ ժողովուրդին իմաստութիւնը: Գիշերուան մը քունէն այնքան բաներ պատմողը, գերեզմանէն ի՞նչ ունի արդեօք պատմելիք։

[6]       Հունա = հոնին գաւառական ձեւը, հուսա (հոս), հուտա (հոդ):

[7]       Չձանձրանամ = գտէք քանի մը հոմանիշներ։

[8]       Անդիինները = ունինք անդիական = միւս աշխարհը։ Անդենաւոր = արդէն մեռած։ Թլկատինցին գրած է խաղ մը Էնդի դէմէն։ Աստնւոր = այս աշխարհի վերաբերեալ։ Աստիական՝ այս աշխարհը: Գերեզմանէն անդիինները՝ մեռելներու աշխարհը։

[9]       Արեւի՞նը = ինչ որ մենք կը տեսնենք լոյսին մէջ, արդեօք երազ մը չէ՞։ Արդեօք բուն կեանքը մի՞ւսն է, ա՛ն զոր կը շինենք երազով:

[10]     Ստուեր = սովորութիւն է բոլոր գրականութեանց մէջ մեռելները ներկայացնել ստուերներու ձեւով որոնք խորք ու հաստատնութիւն չունին։ Ստուերներու աշխարհ՝ միւս աշխարհը: Վաղուան ստուերներ՝ բոլոր անոնք որ մօտ ատենի մէջ թանձրութենէն ստուերին պիտի անցնին։

[11]     Ականջիդ կը պօռան գրագէտը մեռելը կը պարտադրէ իր նիւթական կեանքին ու անոր հանգամանքներուն: Ոգեկոչումը այսպէս կը սկսի։ Գեղեցիկ է պատկերը գոռացող փոթորիկին։

[12]     Շրթունքէն աշխարհք մը ըսելիք կախել = պատկերուն բացատրութիւն։

[13]     Թզուկ (թիզէն) = կարճ, գաճաճ: Նկարող բացատրութիւն:

[14]     Գիշերուան կողք = կուշտ, քով։ Նկարող բացատրութիւն։

[15]     Խաւարակուռ = խաւար եւ կուռ բառերէն։ Կուռ՝ խիտ։ Խաւարակուռ՝ որուն խաւարը խիտ խիտ (գրողը կը նիւթացնէ սեւը) հիւսուած է։

[16]     Ճրագը մարել իր ետեւէն = շատ նկարէն պատկեր՝ մահը ներկայացնելու։ Մեծ անկողինը՝ գերեզմանը. հոգին՝ ճրագը։

[17]     Հանգիստի դադար = ա. Գերեզմաններու մէջ հանգիստի քարը. որուն վրայ հողի կեանքին առաջին դադարը կ՚ընէ մեռելը։ բ. Նիւթական ակնարկութիւն մը պառաւին տկարութեան, որ յաճախ հանգիստի պէտք ունի պզտիկ ճամբու մը իսկ։ Երկարի բացատրութիւնը կուգայ զօրացնելու այս մեկնութիւնը։

[18]     Շունչէն կանչել = տկարացած թոք. հետեւաբար ձայն չունենալ: Հեւքով խօսիլ:

[19]     Հնդկուհի թաղել = Ակնարկութիւն ողջ ողջ թաղուող հնդկուհիներու։ Մեղաւոր հնդկուհիի պատկերը ինչ կերպով այցելած է գրողին, կարելի չէ ստուգապէս գիտնալ։

[20]     Մարմինը ծեծել = նկարող բացատրութիւն։ Հողին կոշտերը բռունցքներու նման կ՚իյնան ու կը թնդան սնտուկին վրայ:

[21]     Աջ աչքէս զրկուէի = երդումի բանաձեւ։ Աջը նախապատուութիւն կը վայելէ:

[22]     Աս կողմէն ան կողմը = իր պարզութեան մէջ արտայայտիչ բացատրութիւն։ Ժողովուրդը կը գտնէ ատոնցմէ վասնզի մահուան խորհուրդը  զայն դղրդող մեծագոյն ազդակներէն մէկն է։

[23]     Աղեբեկ = մէջը ճերմակ ինկած մազ։

[24]     Որ = երբ։

[25]     Թնճկոտ = Թնճուկով։ Թնճուկ` իրար անցած մազ, զոր դժուար է քակել։ Խառնակ մտածումները կը ներկայացնեն թնճուկով։

[26]     Խորհուրդ մը ճմրթկել = գիծ գիծ խառնըշտկել ուղեղը:

[27]     ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ (Թլկատինցին)։ Արդիւնաւոր ուսուցիչ եւ գաւառիկ գրականութեան մեծ վարպետը։ Պատկերներ, թատրերգութիւններ, սակաւաթիւ քերթուածներ կը կազմեն իր գրական ժառանգութիւնը որ հարազատութեան տեսակէտով միակն ու առաջինն է արդի հայ գրականութեան մէջ։ Մարդերը տեսնելու եւ տալու մանուածապատ ձեւ մը որ մամուկի մը թելերուն նման կը կնճռոտի բայց կը կարանէ անպատճառ առարկան։ Գաւառի կեանքին ամէնէն յատկանշական կողմերուն ցայտուն ցուցադրումը։ Գոյնի եւ պատկերի հարազատ ու ճարտար տնտեսում։ Համով չարութիւն, հեգնութիւն ու գիւղական հոգեբանութեան խորունկ թափանցում։ Իր ոճը, չարչարուած բայց միշտ ինքնատիպ հասած է այս ամէնուն։ (1860-1915)։