Հայ գրականութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԻԴ. ԴԱՍ
ԾԵՐՈՒԹԻՒՆԸ

Երեք ծերունիներ էին անոնք, ու, անյիշատակ [1] ժամանակներէ իվեր կը բնակէին գիւղին մէկ ծայրը, այն մենաւորիկ հին տունը որուն կարմիր գոյնը բորբոսած բալի [2] երանգներ առած էր հիմա։ Փեղկերը գոց էին միշտ, ու յարաժամ [3] գոց նաեւ յաղթական [4] դուռը իր երկաթեայ խոշոր գամերով ու մեծազանգուած ջախջախով [5] ». դուռ ու պատուհան՝ վերջին մնացորդները հին բարքերու եւ հին ժամանակներու, երբ կեանքը՝ տան մէջ արգելափակ, դուրս նայելու կը վախնար [6], մինչ հիմա դուրս կը պոռթկայ անոնցմէ։

Ծերունիները այդ տանը յարմար բնակիչներն էին, ամէնէն պատշաճ նկարն այդ շրջանակին [7]: Ո՞րչափ ատենէ իվեր կը բնակէին հոն, ի՞նչ կ՚ընէին, ինչո՞վ կ՚ապրէին, մութ խնդիրներ՝ որոնք ամէն մարդ ուզած կերպովը մեկնել կը ջանար ու չէր յաջողեր:

Կիրակիէ կիրակի կը տեսնէին զիրենք փողոցը: Նախ տանը էրիկ մարդը, երկար սեւ ճիւպպէ [8] մը հագած, որուն մէջ կը կորսուէր իր կունտ ու կլոր հասակը, մինչեւ ականջներուն կէսը ծածկած իր ֆէսով, որուն հնաւուրց անխախտ ձեւը փայտեայ կաղապարի [9] մը օժանդակութիւնը կը մատնէր. ոտքերը մէսթ [10] /104/ ու կաշիէ լայն կալօշ [11] ՝ քառակուսի ծայրով։ Ձեռքը ունէր միշտ երկայն համրիչ մը, դեղին սաթէ գնդակներով եւ սատափէ խաչելութեամբ մը [12] ։ Թեւին տակ հաստ [13] հովանոց մը։ Իր թոմթռկած այտերը կը կախուէին երկու քովէն, եփած հողի գոյն առած [14], իրարու վրայ բարդուող խորշոմներով։ Աչքը, խռուացեալ [15] գորշ յօնքերուն տակ կորսուած, կը պահէր ծանր ու դաժան արտայայտութիւն մը: Ճերմակ առատ պեխերը, երկու կողմէն վար դարձած, կիսաբոլորակ մը կը ձեւացնէին իր հաստ շրթունքներուն վրայ։

Ինք առջեւէն կ՚երթար, ետին ձգած իր երկու քոյրերը. երկու կոկիկ պառաւներ, իրարու քիթէն ինկած [16], երկուքն ալ պարզ ու վայելուչ կերպով հագնուած, սեւ շրջազգեստ, գլուխնին սեւ քօղք մը ձգած, կռնակնին սեւ շալ մը։

Ու սրտայոյզ բան մը կար այդ երեք ծերունիներուն անցքին մէջ, կամացուկ քալելով տուներուն տակէն, ամէն քայլին ուշադրութիւն ընելով իրենց կոխած տեղին, միեւնոյն հեռաւորութիւնը պահելով միշտ իրարմէ, կարելի եղածին չափ թեթեւ կոխելով գետնին վրայ՝ ուշադրութիւն չհրաւիրելու ակներեւ [17] փափաքով մը: Անցորդները պատկառանքով կը դիտէին այդ կորաքամակ ծերունիներուն անցնիլը, գլուխնին վայրահակ, իբրեւ թէ հողը դէպ իրեն քաշէր զիրենք [18] ։ Փողոցին մէջ այդ խումբը տարօրինակ տպաւորութիւն մը կը թողուր. հին թանգարանի մը [19] պատէն վար առնուած ու կենդանացած պատկերի մը տպաւորութիւնը, վերկենցաղում մը [20] անհետացած սերունդի մը, մոռցուած բարքերու, սովորութիւններու, տարազներու, տեսակ մը յարութիւն՝ վաղընջուց քաղաքակրթութեան մը:

Եկեղեցիին մէջ իրենց տեղը անխախտ էր: Ժամկոչը ծերունիին ձեռքէն կ՚առնէր հովանոցը, ու կալօշները կը հանէր, ու մինտէր մը [21] առած, նոյն մինտէրը տարիներէ իվեր կը տեղաւորէր զանի աջակողմի գաւիթին [22] անկիւնը։ Կիները վերնատունը կ՚ելլէին, տոտիկ-տոտիկ, աղմուկ չհանելու ծայրայեղ մտատանջութեամբ մը, կանթեղին մէջ իւղ լեցնել կուտային՝ դրամը կամացուկ մը սահեցնելով ժամկոչին ձեռքը, առանց ուրիշէ տեսնուելու, ու կ՚երթային վանդակին առջեւ ծնրադրել իրենց մինտէրներուն վրայ:

Վերադարձը նոյն կանոնաւորութեամբ տեղի կ՚ունենար։ Ժամուն դուռը կեցող աղքատները վստահ էին որ երեքէն ալ զատ զատ պիտի ստանան իրենց կիրակնօրեայ բաժը… [23] ։

 

  (Աղաւնիներ)

ԼԵՒՈՆ ԲԱՇԱԼԵԱՆ [24]

 

 

/107/ ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄ

(ՅԱՏԱԿԱԳԻԾ)

 

Ա.

 

1. Գրուածքին տեսակը: Պատկեր կամ պատմուածք։ Հոս առնուած է միայն մէկ մասը: Ատիկա նկարագրական էջ մըն է:

2. Մասերը։ Ա) Արտաքին ներկայացում մը։

1. Տիպարներու

2. Վայրերու

3. Ներքնատունի

Բ) Թիփիկ ներկայացում մը դարձեալ վերի տուեալներով։

Գ) Մտածումի մասեր։

 

 

Բ.

1. Տիպարներ:

Ա) Զգեստ

Բ) ԴԷմք

Գ) Շարժումներ

Դ) Հոգեկանութիւն

Ե) Կեանք ու կենցաղ։

2. Շրջանակ (décor)։

Ա) Տուն

Բ) Փողոց

Գ) Եկեղեցի:

3. Մտածումի մաս:

Ա) Բարքեր

Բ) Ծերութիւն

Գ) Պահպանողականութիւն։

 

Գ.

Արուեստ:

1. Իրապաշտութիւն

Ա.

Իրապաշտ արուեստը ամէնէն առաջ պարկեշտ գծագրութիւն մըն է։

Ա) Գիծերու ցամաքութիւն

Բ)   Գիծերու անհրաժեշտականութիւն

Գ) Գիծերու յատկանշականութիւն

Դ) Գիծերու խորունկ փորուածք

 

Բ.

Իրապաշտ արուեստը գոյներու պարկեշտ գործածութիւն մը կը պարտադրէ։

Ա) Գոյնի հանդարտութիւն

Բ) Գոյնի անհրաժեշտականութիւն

Գ) Գոյնի հարազատութիւն

Դ) Գոյնի ժուժկալութիւն

Ե) Գոյնի հումութիւն երբեմն

 

 

Գ.

Իրապաշտ արուեստը ներքին կեանքին դէմ ալ կը տրամադրուի նոյն պարկեշտ լրջութեամբ։

Ա) Զգայութեան տուրք

Բ)   Զգացումի խորութիւն

Գ) Յուզումի զօրութիւն

Դ) Հոգեբանական յստակ կացութիւն՝

Ե) Ոչ մէկ հռետորութիւն, ներքին ու արտաքին։

 

 

/108/ Այս բարակրաֆներէն մէկին միայն ընդլայնումը։ Առնենք Գ. ը։

Ա) Զգայութեան տուրք: Բնութենէն տպաւորուելու եղանակն է այս որ մարդէ մարդ կը տարբերի։ Աշխարհէն զգայութիւններ ընդունելու համար մեզի չի բաւեր պարզ ձեւը: Երկար մարզանք ու դիտողութիւն անհրաժեշտ է որպէսզի կարողանանք զգայութիւններու խճող ցանցերէն զատել հիմնականը, լեցուիլ անով, ու անոր վաւերական զարկը, շրջապատը, անցման գիծը փոխադրել թուղթին։ Առաջին պայմա՛նը՝ իրապաշտ եղանակին։ Ասով է որ տափակութիւնը կը խնայուի ու կը հեռացուի: Վասնզի միտքը միշտ կ՚ախորժի իրական յօրինումէն ուր կրկնութիւն տեղի չունենայ։

Բ) Զգացումի խորութիւն։ Մեր զգացական կեանքը ամէն ատեն նոյն ուժգնութիւնը չունի։ Երբեմն կ՚անցնինք բազմատեսակ զգայութիւններու մէջէն, առանց որ ատոնք տպաւորեն մեզ։ Արուեստի երթալիք ամէն զգացում պէտք է անցած, վեր ըլլայ այս տարրական վիճակէն։ Ու ատոր հասնելու համար միշտ ինչ որ ըրինք զգայութեանց համար, պարտաւոր ենք ընելու զգացումներուն համար ալ: Պէտք է մեկուսացնել զգացումը, որ կը խորանայ, կը ծանրանայ ու երբ մեր տողերուն կուգայ, արդէն գիտէ ինքզինքը պարտադրել։ Վերի կտորին մէջ միակ զգացում մըն է տիրականը, բայց իր ճնշումը կը զգանք հատուածին ամէնէն հեռակայ մասերուն մէջ անգամ։ Շատցուցէք, չափազանցեցէք այդ վիճակը, այլեւս ձեր արուեստը դուրս կ՚ելլէ իրապաշտ կալուածէն։

Գ) Յուզումի չորութիւն: Յուզումը հազուադէպ է ինչպէս կեանքի նոյնպէս արուեստին մէջ։ Բայց արուեստին հիմնական նպատակը այդ ցանցառ վիճակները արտադրելն է: Իրապաշտ է յուզումը երբ առանց դուրսէն ազդեցութիւններու, ինքն իրեն կը բխի դէպքերէն ու անձերէն: Իրականութեան արու անդրադարձը՝ որ մինակը կը բաւէ երբեմն քան ծեքծեքումով, շարժումներով, չափազանցումներով, իրագործուած յուզական վիճակ մը։ Առանց արցունքի կարելի է հասկնալ դէմքի մը վրայ ներքին ողբերգութիւնը գուցէ աւելի խոր, քան երբ արցունքը աւելնար այդ տպաւորութեան յառաջ գալուն։

Դ) Իրապաշտ արուեստը տրուած հոգեբանական վիճակէ մը կ՚առնէ անոր կարելիութիւնը: Որչափ պարզ ըլլայ կացութիւնը, այնքան խոր պէտք է տրուի ան։

Ե) Ա՛լ չենք խօսիր արուեստական այն միջոցներուն վրայ որոնք գրելու գիտութեան թարմատար միջոցներէն կը մնան:

 

ՀՐԱՀԱՆԳՆԵՐ

 

1. Բաղդատել՝ Կամսարականի, Հ. Ասատուրի, Բաշալյանի ընդունակութիւնները.

1. Արտաքին աշխարհը

2. Մարդու մը ֆիզիքականը

3. Կենդանագիր մը իրացնելու տեսակէտէն:

 

/109/ 2. Ամփոփել դասը առ առաւելն հինգ տողի մէջ։

3. Հանել դասին մայր մտածումը:

 

ՇԱՐԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Արդի բնակարան մը

 

Թելադրութիւններ:

1. Դիրք, թաղ։ (Փողոցը՝ երբ անհրաժեշտ կը կարծէք)։

2. Շրջապատ (գետին, պարտէզ, տուներ)։

3. Առաջամաս (պարտէզ, սալարկ, ածու, կողմնակի հովանոցներ (pavillon) եթէ կան)։

4. Շէնքին ճակատը: (Ոճ, գոյն)։

5. Արտաքին տպաւորութիւն (շահագործել կեանքին ալ տուած ծանօթութիւնները)։

6. Ներքին նկարագրութիւն (եթէ պատեհութիւն ունեցած էք տեսնելու)։

 

Ա.

Նկատի ունենալ.

1. Իրականութիւն։

2. Երկար ու մանրամասն թափանցում:

3. Ժուժկալութիւն։

4. Մարդերն ու նիւթը իրարու մօտ բերելու փորձեր։

5. Որոշ տունի մը վրայ հիմնուիլ:

6. Տնեցիներուն ճաշակներուն եւ սովորութեանց բարձրանալ։

 

Բ.

Երեւան հանել.

1. Ցեղային գիծեր. (հայ, թուրք, եւրոպացի, հրեայ, արաբ տարբեր ճաշակ ու տուներ ունին)։

2. Բաղդատել քանի մը ճաշակներ։



[1]       Անյիշատակ = որուն յիշատակը կորսուած է։ Կը գործածուի նախնի դարերն ու ա՛լ մոռցուած շրջանները որակելու։ Հոս, մարդկային կեանքի մը համեմատութեանը մէջ, բառը խիստ չի գար: Այնքան շուտ կը ջնջուի կեանքը ու յիշատակն ալ՝ անոր հետ:

[2]       Բորբոսած բալ = բորբոս = մգլածութիւն որ կը յայտնուի աղոտ ժանգի մը երանգով կամ կտրուած գոյնովը։ Բալ՝ պտուղին գոյնը: Տու ին ներկերը խառնուած են բորբոսին երանգներովը: Առաջուան առողջ միօրինակ կարմիրը կեղերով ծածկուած է հիմա իր շատ մը կէտերուն վրայ ու ամբողջ երեսին՝ զարնուած, կտրուած, առնուած բան մը որ հնութեան, փտութեան հով մը կուտայ շէնքին։

[3]       Յարաժամ = միշտ: Հոմանիշները՝ հանապազ, ցանգ, ցանկ։

[4]       Յաղթական = հին տուները ունէին այդ հսկայ դուռերը, որոնք յաղթական կամարի մը պէս պատին մէջ կը փորէին իրենց նոյնքան հսկայ թեւերը։ Անոնք հին փառքերու մնացորդ վկաներ էին։ Ու պատկառանք կար իրենց վրայ։ Դիւրին չէր ատոնք բանալը։

[5]       Ջախջախ = բնաձայն բառ: Մաքուր հայերէնը՝ ուռնակ, դուռին վրայ մետաղեայ ուռի ձեւով գործիքներ որոնք բախելու կը ծառայեն։

[6]       Երբ կեանքը արգելափակ, դուրս նայելու կը վախնար = խոր ու խիտ նախադասութիւն։ Զանազան էին պատճառները, որոնք կեանքը այդպէս կը փակէին ներսը։ ա. Քաղաքական. քրիստոնեայ իրենց հանգամանքովը մեր նախորդ սերունդը, ամիրաներն ալ մէջը ըլլալով, պարտաւոր էին ծածկուիլ նախանձին աչքերէն։ Տիրող տարրին պատերազմիկ ու աւարառու բարքերը չէին հանդուրժեր օտար այդ պերճանքը։ բ. Ներքին. քաղաքներու հայ բարքերը իւրացուցած էին շրջապատի սովորութիւններ: Փակուելու, իր կինը, հարստութիւնը, աղջիկները ամրապէս պահպանելու համար լաւագոյն միջոցներ էին հսկայ դուռներն ու պատերը որոնք անջրպետ մը կը ստեղծէին ընկերութեան եւ ընտանիքին մէջտեղ։ գ. Շրջանի ազդեցութիւնները որոնք կը դիմանան երբ փոփոխութիւնը մտած է ա՛լ։ Պահպանողական տարրը իր իրաւունքները կը պահէ աւելի սրտառուչ կորովով ու հաւատարմութեամբ։

[7]       Շրջանակ = արտաքին շրջապատը կը նմանցուի նկարի մը շրջա նակին: Ու նկարին անձերը՝ հոս կը փոխարինուին երեք ծերերով։

[8]       Ճիւպպէ (թուրքերէն) = երկար վերարկու (մեր պարեգօտին մօտ բան մը): ԺԹ. դարու կէսերուն միայն մեր տարազին մէջ փոփոխութիւն մը երեւան եկաւ: Անկէ առաջ կը հագնէին տիրող ցեղին տարազովը։ Տարբերութիւնը որ կը պահանջուէր, գոյներով միայն կը պահուէր: Քրիստոնեաները չէին կրնար օրինակի համար կարմիր կօշիկ գործածել։

[9]       Կաղապար = ֆէսը կանգուն պահելու համար, տունին մէջ կը գործածուէր կաղապարը։

[10]     Մէսթ (թուրքերէն) = հողաթափ։

[11]     Կալօշ (ֆրանսերէն) = կօշիկի ձեւ մը։

[12]     Խաչելութիւն = խաչի պատկեր որ կը կախուի վարդարաններուն (համրիչ) ծայրէն:

[13]     Հաuտ = այս ածականը ամբողջ դրութիւն մը կը ծածկէ: Պահպանողականը երբեք չանդրադառնար թէ ի՛նչ փոփոխութիւններ տեղի կ՚ունենան իր շուրջը: Իր բարի, երբեմն ալ թթու արհամարհանքին մէջ, կը  շարունակէ իր կեանքը իր գիտցած ու սորված ձեւով։ Ի՜նչ հոգը անոր երբ հովանոցները լքած են իրենց փայտեայ հաստ կոթերը եւ մետաղեայ նրբին ձողիկներ ունին հիմա: Անիկա պիտի գուրգուրայ իրեն տաղաւարեայ գաւազանին վրայ, զայն անութին տակը պիտի առնէ յայտնի հպարտութեամբ։

[14]     Եփած հողի գոյն = նկարող բացատրութիւն։ 

[15]     Խռուացեալ = խռիւ՝ չոր խոտ, ծղօտ, խռուանալ՝ իրար անցնիլ ճիշտ ինչպէս խոտերն ու ծղօտները իրարու կը խառնուին։

[16]     Քիթէն ինկած = թուրքերէն ոճի մը հայացած ձեւը։ Յար եւ նման:

[17]     Ակներեւ = աչքի երեւցած, յայտնի։ Մեկին, ակնյայտ, ակնյայտնի հոմանիշներ են։

[18]     Հողը քաշել = պատկերուն բացատրութիւն. գերեզմանցու իմաստը ունինք անոր մօտ։ Հողը քաշել աւելի հեռաւոր ու խորունկ բացատրութիւն մըն է: Երբ մէկը տարիներով կը հեռանայ իր բնիկ տեղէն ու կու գայ հոն մեռնելու, կըսենք հողը քաշեց:

[19]     Թանգարան = թանգ + արան։ Թանգ (պարսկ. սուղ։ Թանգարան՝ սուղ բաներ դնելու տեղ: Աւելի կ՚ընդհանրանայ եւրոպական ձեւը՝ միւզէ։

[20]     Վերկենցաղում = վերապրում, Կենցաղը՝ բարքի իմաստ մը ունի այլեւս արդի լեզուին մէջ։

[21]     Մինտէր = լաթէ շինուած բազմոց։ Եկեղեցին, փայտեայ նստարաններէն առաջ ծածկուած էր մինտէրներով, բոլորն ալ անհատական:

[22]     Գաւիթ = եկեղեցիին մէջ, նաւէն դուրս մասը որ բակ ալ կ՚ըսուի: Երկաթեայ ցանկապատով կը բաժնուի եկեղեցիին մարմինէն:

[23]     = պատկերը կը շարունակուի։ Ծերունին իր յառաջացած տարիքին մէջ սէր կ՚ունենայ աղաւնիներու զոյգի մը վրայ։ Ատոնք կը խնամէ։ (Հեղինակը ճարտարութեամբ կը շահագործէ տիպարին հոգեկան ուժերը որոնք չեն մաշած, քանի որ կինն ու տղաքը կանուխ մեռած են)։ Հրդեհի գիշեր մը, ամէն բան կը լքէ ազատելու համար աղաւնիները։ Հարուածը զօրաւոր է սակայն, ու յաջորդ օրերը կը տեսնան ծերունին որ մոխիրներուն մէջ պակսող աղաւնի մը (դիակը) կը փնտռէ։ Խենթեցած էր։

[24]     ԼԵՒՈՆ ԲԱՇԱԼԵԱՆ։ Խմբագիր եւ վիպասան։ Գրական լուրջ շարժումի մը ստեղծիչներէն ու տարածողներէն։ Արփիար Արփիարեանի հետ աշխատած է մեր րօմանթիկ գրականութեան մէջ մտցնել իրապաշտ շունչը։ Այդ տեսակէտով, իր գործը՝ իր ճշդութեամբը, ժուժկալութեամբը, դժգունութեամբը լաւագոյն արդիւնքը կը մնայ շարժումին։ Իր տիպարները, վերցուած համեստ խաւերէ, ունին յաջող կարկառ ու անթերի իրականութիւն։ Առանց մեծ իրադարձութիւններու, առանց հարդարանքի ու յերիւրանքի անիկա նկարած է մարդերուն արտաքին գծագրութիւնը, անոնց հոգիին քանի մը ալքերը, միշտ մնալով զուսպ, իրական, մարդկային: Խմբագրի իր գործունէութիւնը նոյնպէս եղած է իրապաշտական, այսինքն օգտապաշտ։ Իրապաշտ սերունդը՝ մեր նոր գրականութեան ամէնէն պատկառելի անունները կը համրէ իր մէջ։ Ու Բաշալեան արժանաւոր իր տեղը ունի խումբին մէջ։