Հայ գրականութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԷ. ԴԱՍ

***

Կը տեսնեմ ահա. լուռ երեկոյին

Բարակ ծուխ կ՚ելնե իմ հօր օճախէն.

Եւ ուռիներըս մարմանդ [1] ՝ կ՚օրօրուին,

Ծըղրիթը կ՚երգէ անտես խորշերէն…

 

Մեղմ ճըրագի տակ նըստել է տըխուր,

Ծերունի մայրըս՝ մանկիկըս գըրկին.

Մուշ-մուշ քընել է մանկիկըս՝ անդորր,

Ու աղօթք կ՚անէ մայրիկըս՝ լըռին.

 

«Ամէնէն առաջ թող ինքը հասնի`

Ամէն հիւանդի, հեռու ճամբորդի.

Ամէնէն յետոյ թող ինքը հասնի

Քե՛զ, իմ խեղճ որդի, իմ պանդո՛ւխտ որդի»։

 

/70/ Անուշ ծուխ կ՚ելնէ իմ հօր օճախէն,

Մայրըս կ՚աղօթէ՝ մանկիկըս գըրկին.

Ծըղրիթը կ՚երգէ անտես խորշերէն

Եւ ուռիներըս մարմանդ՝ կ՚օրօրուին։

(Հայրենի Աղբիւրից)

ԱՒԵՏԻՔ ԻՍԱՀԱԿԵԱՆ [2]

 

 

 

 

 

ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄ

 

ԳԼԽԱՒՈՐ ՄԱՍԵՐ։ 1. Քերթուածին շրջանակը։ 2. Անձերը: 3. Խորհուրդը։

Ա ՔԵՐԹՈՒԱԾԻՆ ՇՐՋԱՆԱԿԸ։ Գիւղանկար, հատուածական կողմով։ Աւելի ճիշտ պիտի ըլլար զայն անուանել տան մը ներքնամասը։ Քանի մը տարտամ գիծեր՝ ներկայացնելու համար հիւղակը, վասնզի՝ քերթուածին գնացքը նկարչական չէ, ինչպէս է շատ յաճախ պարագան նկարագրական այդ կարգի ոտանաւորներու մէջ։ Կը թելադրուինք մտապատկերել զայն բարակ ծուխի մը սիւնակով, որ կը փակուի ու կը քակուի, առանց կործելու, հայրենի կտուրին վերեւէն. (երբեմն բանաստեղծները կրնան մասը ամբողջին տեղը գործածել)։ Ու դժուար չէ մեզի համար բաւականանալ այդ տարրական ցուցմունքով, քանի որ տեսարանը ինքնին պարզ է խորապէս իր ամբողջութեամբը: Ուրեմն ճշդենք Գիւղական տնակ մը, (իր ծխանին խոյակովն ու գարգմանակովը ու ծուխին հեւքոտ տրոփիւնովը)։ Ու, ծառեր։ Բանաստեղծը կ՚անուանէ զանոնք ուռիներ: Հաւատալու համար այս յիշատակութեան պէտք է մոռնալ, ինծի կուգայ թէ, գիւղացիին օգտապաշտ նկարագիրը, որուն շահագործող բնազդը քիչ անգամ տեղ կուտայ, մանաւանդ իր անմիջական շրջափակին մէջ, անպէտ ծառերու: Ի՞նչ արժէք կը ներկայացնէ այդ թերի ծառը: Անոր շուքը՝ փոշոտ ու թրթուրոտ՝ հազիւ կարելի կ՚ըլլայ շահագործել աշնանը։ Փա՞յտը։ Բայց ամէնէն նիհար կրակը անորն է դեղին ծառերէն։ Ու ճիշտ այդ պատճառով է որ անիկա գիւղացիին կողմէ կը վռնտուի, իրաւացի, առուներու ափը, ձորակներու անբեր ու ազազուն երիզներուն։ Եթէ ասիկա ճիշտ է գեղջուկին համար, բայց անմարսելի է նոյն ատեն դասական բանաստեղծներուն համար որոնք չեն կրնար հրաժարիլ անոր վարսագեղ ճիւղերուն, լալկան տերեւներուն տրտում հրապոյրներէն։ Հիմա /71/ կը բացատրուի ուրեմն որ խեղճ ու տգեղ այդ ծառը տեղի կամ անտեղի ցցուի քերթուածներու մէջ։ Չենք ուրանար որ մեզ շահագրգռող հիւղակին մօտ ուռենիներ կրնան գտնուիլ։ Բայց անոնց կցուած «մարմանդ» պիտակը կը մատնէ անոնց նկարագիրը։ «Բանաստեղծական» երակէն բուսած ծառեր՝ որոնց իրականութեանը ներելի է կասկածիլ։ Տեսարանին կ՚աւելնայ ձայնին տարրը, ծղրիթին տխուր երգը:

Բ ԱՆՁԵՐԸ։ Բնութեան պատկեր մը հոգեւորուելու համար պէտք ունի մանաւանդ մարդկային տարին։ (Շատ քիչ անգամ, ու ան ալ շատ մեծ բանաստեղծները միայն, կը յաջողին մեզ շահագրգռել արտաքին գեղեցկութիւններու, երբ մարդ չեն բերեր տեսարան։ Արուեստի գործերը կուղղուին մարդոց հոգիին, ու անկէ է որ կ՚առնեն իրենց գոյութեան իրաւունքը)։ Ուրեմն՝ ա) Մայրը, բ) Մանկիկը, գ) Դժբախտներ, դ) Բանաստեղծը, կը լեցնեն այդ պահանջը: Քննենք ատոնք։

ա) Մայրը: Ամէնէն համակրելի դէմքը պատկերին։ Մէկ տող միայն, ու ատիկա բաւական է որ մենք կարենանք տեսնել ու հասկնալ յաւիտենական այն պատկերը որ մօրն է եղած։ Ու պզտիկ վերադիր մը (ծերունի) զայն կը ճշգրտէ արձանի մը նման. մեծ մա՛յր. ան՝ որ ընտանիքին խարիսխն իսկ է գիւղերուն համար։ Իրաւ է թէ մայրն է որ զաւակներ կուտայ տունին։ Բայց՝ մեծ մայրն է զանոնք շահողը, պարտկողը, ոտքի հանողը եւ ազատողը կանխահաս մահէն, որ գեղացի պզտիկներուն մօտենալու համար պէտք չունի շատ ձեւակերպութեան։ (Էջեր պէտք են լրիւ տալու համար այս պատկերը մեծ-մայրիկին)։ Հոս՝ տխուր է անիկա։ Եւ, ո՞ւր է որ տխուր չէ հայ կինը։ Անիկա հեռու է իր հասակաւոր զաւկէն՝ հասկնալի պատճառներով, որոնք հայ երիտասարդները վանեցին իրենց հայրենի բնակարաններէն, դէպի օտար ափեր։ Ոչ մէկ աւելորդ երակ կամ երանգ որ յաւակնէր պառաւի այս դէմքը նկարելու: Որքան անհանդուրժելի պիտի ըլլար նման փորձ մը։ Վասնզի պզտիկ այս քերթուածին մէջ ամէն գիծ իր կշիռը ունի ու երբ անհրաժեշտ չէ՝ կը ճնշէ եւ կը պղտորէ: Ուրեմն տխուր վերադիրը ընդհանուր ներդաշնակութեան մօթիֆ մըն է եւ կը ճշդէ քերթուածին ամբողջական զգայնութիւնը, գեղեցկապէս պատշաճելով երկինքին, իրերուն, հոգիներուն եւ զանոնք փորող, քայքայող մտածումներուն հետ։ Չէք մոռնար հարկաւ որ երեկոյ է: Այսինքն՝ պա՛հը, ուր աշխարհ սգաւոր բան մը կը դառնայ, ու մեր ամէնէն անուշ զգացումներն անգամ թեթեւ ու սեւ շղարշով մը կը քօղուին։ Ու ահա բոլոր տխրութիւններուն ամէնէն սրտառուչը՝ ծղրիթին երգը որ աշնան մօտերը կը սկսի, ու, մեռնելիք բնութեան, արեւ օրերուն հրաժեշտի հեծկլտանքը կը թուի այդպէս միօրինակ, այդպէս յամառ ու սիրտ սեղմող։ Պահն է մեծ-մայրիկին որ պզտիկները հաւաքած, թեթեւ շունչ կ՚առնէ օրուան հոգերէն, մտնելու համար մութին մեծ հոգին մէջ: Հոդ է ահա որ տեսարան կուգայ ծղրիթին երգին դէմ բռնող, նոյնքան հիւանդ, հեւացող բոցը ճրագին որ լոյսը չէ, բայց խաւարն ալ չէ, կեանքին ու մահուան մէջտեղերը բան մը։ Որ կը դողացնէ առարկաները ու ճմռթկուած շղարշի մը պէս ծեր կ՚ընէ մաքուր երեսը պզտիկին։ Ու այդ ուրուացումին տակ մեծ-մայրը որ կը վախնայ լոյսէն (անոր աչքերը տկարացած են ա՛լ), մութէն որուն ծոցը ով գիտէ ի՛նչ գազաններ կը պառկին։

բ) Մանկիկը: Իր անմեղութեան մէջ «մուշ-մուշ» քնացած։ Տղաքը կանուխ կը պառկին։ Տղաքը աւելի ուշ պէտք է հաղորդուին մեծերու ցաւին։ Այս խաղաղութիւնն ու այս տրտմութիւնը գրական հակադրու/72/թիւն մը չեն, արդիւնք ձեռք բերելու համար հնարուած։ Այսպէս է ե ղած մեր կեանքը գուցէ դարերով։ Յիշեցէք մօտիկ անցեալը (պանդուխտները):

գ) Դժբախտներ: Մանաւանդ պառաւին համար դժբախտութիւնը օդէ բառ մը չէ։ Ան կ՚ապրի անոր հետ, ամենօրեայ ընտանութեամբ մը։ Վերցուցէք իր կեանքին մեծ ծածկոյթը, իր յիշատակներուն կողքը։ Ձեր տեսածը միշտ սեւ էջեր պիտի ըլլան կողմով մը։ Բայց հիմա, ծերութեան դուռներուն առջեւ, անիկա կը հագնի տեսակ մը իմաստութիւն, թափանցամտութիւն, պարզ ու խորունկ, զոր ապրողները միայն կ՚ունենան։ Զրկանք, անօթութիւն, հոգեկան մեծ բզկտումներ անոր սովրեցուցած են ինչ որ աշխարհի մեծ իմաստունները սովրեցան ուրիշ կամ նման ճամբաներէ։ Ուրեմն մնայուն, անխուսափելի ցաւերու կողքին՝ ամէնէն սրտակեղէքներէն մէկը՝ հիւանդին համար զգացուած ցաւն է։ Ձեզի համար թերեւս բառը չունի այն ահաւոր խորութիւնը զոր կը պիտակէ ան կափարիչի մը նման, գեղերուն մէջ։ Ո՛վ որ գեղացի եղած է, ան միայն գիտէ թէ ի՛նչ ըսել է հիւանդ մը: Նախ՝ հիւանդ ու մահ հոմանիշ են գրեթէ: Վասնզի՝ այն հիւանդութիւնները որոնք մահացու չեն, գիւղացիէն չեն իսկ հասկցուիր։ Անոնք ոտքի վրայ կը տարուին ու կ՚անցնին։ Բայց եթէ հիւանդը պառկի անգամ մը, Աստուծոյ ուժը պէտք է զայն ոտքի հանելու համար (Աւետարան, Տէր-Ողորմիա, Նարեկ, մատաղներ)։ Այս պատճառով է որ հիւանդութիւն մը համայնական դէպք է գեղին մէջ: Բոլոր պառաւները գործի են։ Ու եղերականը հոն է որ անոնք չարաշուք, անդառնալի փորձառութիւններ ունեն, ու մահը կը վճռեն բժիշկէ մը աւելի ստոյգ։ Հեռուէն ու մօտէն բոլոր ծանօթները եւ ո՞վ իրար չի ճանչնար գեղերուն մէջ այսինքն ամբողջ գիւղը կը փութայ վերջին այցելութիւնը տալու մեկնողին։ Քահանան, եկեղեցին։ Ու այս տագնապներուն վրայ աւելցուցէք կսկծագին միւս պատկերը՝ հիւանդին թողուցած եղերական ժառանգութիւնը։ Գիտէ՞ք որ հիւանդները միշտ ու միշտ երիտասարդներ ու չափահասներ են միայն։ Թէ՝ ծերերը չեն հիւանդանար. անոնք սպասուած օր մը կը քաշուին փողոցէն, ուրիշ օր մը կը մտնեն անկողին, ու Աստուծոյ հաշիւովը կը գոցեն իրենց աչքերը, շատ շատ շաբաթ մը պառկելէն վերջը։ Անոնց համար մարդ չանցնիր իրար: Անոնք մախրեր են՝ իրենք իրենց մարող ու գեղացին գրեթէ զուարթ կը սիրէ թաղել՝ իր լոյսը ամբողջ տուած ու հանգչած կեանքը։ Ահա թէ որքան պատկերներ կը պահուըտին այդ պարզուկ բառին՝ հիւանդ բառին տակ։ Ու գերազանցապէս հայկական է որ իր տառապանքին մէջ ատանկ կորաքամակ մայրը աղօթէ մանաւանդ, ԱՄԷՆԷՆ ԱՌԱՋ ամէն հիւանդի համար: Յետո՞յ։ Հեռու ճամբորդը: Աս ալ սովորական բառ մը չէ։ Կա՞յ մեր երկրին մէջ աւելի դժնդակ բան մը, քան ճամբորդութիւնը։ Ձգեցէք նիւթական դժուարութիւնները, ճամբաներու անկանոնութիւնը, յաճախ չգոյութիւնը եւ խորհեցէք միայն ապահովութեան։ Ամէն քար, ծառի ամէն հասակ, մացառի ամէն հանգոյց իր ետեւը դարանի չէ՞ կանչած մահը: Հապա բնութեան խստութիւնները: Հապա ձիւնին անսպառ ու անողոք մտրակումը ու անոր խարդախ փափկութիւնները։ Ու դուք կրնաք աւելցնել տակաւին շատ բան։ Կը հետեւի այս ամէնէն թէ ինչ հեռանկարներ կը պահուին այս պարզ յիշատակումին ետին։

դ) - Բանաստեղծը: Պանդուխտ է անիկա։ Ու դուք կը հասկնաք այս բառը։

 

/73/ Գ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ։ Կը խտանայ տունի մը մէջ (երրորդ)։ Ու անիկա հայկական է հիմնովին։ Արեւ չտեսած ժողովուրդի մը բարոյակա՛նը՝ որ իրաւ է թէ չընդգրկեր այսօրուան մեր հասարակութիւնը ամբողջովին, բայց գոնէ երեւան կը բերէ անոր լաւագոյն, ամէնէն քիչ խաթարուած տարրին գիւղացիին հոգին։ Մի զարմանաք ուրեմն երբ պառաւը երկնային օգնութիւնը աղերսէ ամէնէն առաջ հիւանդին, հեռու ճամբորդին: Ասոնք վտանգի ծայրագոյն աստիճանները կը ներկայացնեն։ Անշուշտ պանդխտութիւնը նուազ ահաւոր աղէտ մը չէ: Բայց մահուան անմիջական թաթը չէ կշռուած դեռ պանդուխտին վրայ։ Ու ահա թերեւս լիովին չթափանցուած այդ հեռազգածութիւնն է որ կուտայ աղօթքին այդքան համամարդկային լայնք։ Այլասիրութիւն, ուրիշին հասնիլ, ուրիշին ցաւը իրը ընել, ասիկա մեր ժողովուրդին հիմնական յատկութիւններէն մէկն է, որուն անխառն ձեւը կենդանի է դեռ գիւղերու մէջ։ Ու այս խելօք քաղցրութիւնը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ հայկական խորհուրդ ըսուած եղերաբախտ առաքելութիւնը մեր ժողովուրդին:

 

ՇԱՐԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Մեծծ-Մայրիկը

 

Թելադրութիւններ։

Հասկնալի է որ ամէն տղայ նիւթ առնէ իր մեծ-մայրիկը։ Այդ բախտէն զրկուածները իրենց շատ ծանօթ ազգական կամ դրացի տարւօք կին մը նկատի կ՚ունենան։ Էականը գրելու ատեն օդին մէջ չըլլալն է:

1. Արտաքին պատկեր. (Դէմք, գոյն, մորթ, զգեստ, մասնաւորող գիծեր, քիթ, աչք, քիչ մը կուզ, քիչ մը կաղ եթէ կայ նման պարագայ մը)։ Մեծ ուշադրութիւն ընել որպէսզի այս տարրերը իրարու ետեւէ չներկայանան մեզի։ Նկարագրութեան մէջ ճարտար ընդհատներով, վերադարձներով, խաղերով պիտի տարտղնէք այդ բոլորը, կեանքը, շարժումը խառնելով անոնց կայունութեան:

2. Բնաւորութիւն եւ սովորութիւններ: Բարոյական ամէն գիծի խառնեցէք արտաքին տարր մը։

3. Ձեր եւ մեծ մայրիկին յարաբերութիւնները:

ա. Թոյլ է անիկա թոռներուն հանդէպ բ. Ի նպաստ ձեզի, կը միջամտէ միշտ մայրիկին, յաճախ հայրիկին կարգադրութեանց։ գ. Իր հոգածութիւնը, կորովը, հիւանդութեան մը պարագային՝ լրջութիւնն ու չյոգնող խնամածութիւնը։ դ. Իր պզտիկ մենագարութիւնները, հովէն, ցուրտէն զգուշութիւնները։ Աղօթքները։ Սուրճը, սիկառը։ Ակնոցը, ընթերցումները։ Իր վերյիշումները: Իր մանկութեան վրայ իր գուրգուրանքը, ներկան չհաւնիլը: Կատուին հետ իր խօսակցութիւնները եւ այլն եւայլն։



[1]       Մարմանդ = հին լեզուին եւ արեւմտահայերէնի մէջ կը նշանակէ արoտ, կանաչ։ Արեւելահայերուն մօտ՝ նաեւ՝ զով, աղուոր իմաստով։

[2]       ԱՒԵՏԻՔ ԻՍԱՀԱԿԵԱՆ։ Արեւելահայ ժամանակակից բանաստեղծ։ Փորձած է քնարերգութիւնը, մասնաւորաբար ընտանի, գեղջուկ տարրով քնարերգութիւնը։ Փորձած է նաեւ աշուղական կաղապարներ եւ մօթիֆներ։ Այդ մարզին վրայ իր երգը՝ պարզ ու հաճելի, առանց արուեստի յաւակնութեան, կը հասնի վիրաւոր գեղեցկութեան մը։ Ունի հէքիաթներ, (արձակ ու ոտանաւոր)։