Հայ գրականութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

/45/

ԺԲ. ԴԱՍ
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ

Սիրեցինք քեզ նախ դրօշակի մը պէս…

Մեզ ըսեր էին, երբ փոքր էինք դեռ,

Թէ լերանց կատարն էիր պանծացեր,

Թէ ծալլեր, նետե՜ր էին հիմա քեզ,

Բայց թէ պիտի գար այն օրն ուր նորէն

Պիտի ծեծուէի՜ր դուն լայն հովերէն,

Ու լուսաւորէ՜ր պիտի ցոլքըդ մեզ…

Սիրեցինք քեզ նախ դրօշակի մը պէս…:

 

Իբրեւ ուռենի՛ մը քեզ սիրեցինք…

Հերարձակ գըլուխդ կ՚օրրէիր մեղմիւ,

Նայելով կոտրած ճիւղերուդ անթիւ…

Կ՚անցնէին քովէդ ժանտադէմ անձինք՝

Հաստաբուն կոճղիդ զարնելով կացին..

Օ՛հ, քեզ մեր աչքերը ծով-ծով լացին՝

Երբ այլք ոստերէդ շինեցին սըրինգ…

Իբրեւ ուռենի՛ մը քեզ սիրեցինք…

 

Սիրեցինք ըզքեզ, վրիժառու դանա՛կ…

Հողին տակն էիր՝ երբ ձեռք մը անտես

Քեզ մէջտեղ հանեց, շողացուց ըզքեզ…

Դահիճը ըզգաց քեզ կոկորդին տակ

Եւ պահ մը դողաց, բայց պահ մը միայն…

Կոտրեցար, ժանգո՛տ դանակ, նոյն հետայն,

Եւ քեզ ծաղրելո՜վ թողուցին մինակ…

Սիրեցինք ըզքեզ, վրիժառու դանա՛կ…։

 

Կը սիրենք քեզ արդ, գերութեան շղթա՛յ,

Որ ըմբոստացման կը մըղես ըզմեզ…

Մեր միսերուն մէջ, մեր վիզին շուրջն ես

Եւ ամէն շարժում զոր կ՚ընենք հիմա՝

Մեզ կը գալարէ ցաւերով անգութ…

Բայց պիտի սիրենք հետքն ալ վէրքերուդ

Այն օրն ուր ըլլաս Դուն կապ մը ծաղկեայ…

Կը սիրենք քեզ արդ, գերութեան շղթա՛յ…։

 

1901

(Հրաշալի Յարութիւն)

ՎԱՀԱՆ ԹէՔԷԵԱՆ

 

/46/

ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ։ Արեւմտահայ ժամանակակից բանաստեղծութեան մեծագոյն դէմքերէն մէկը։ Գրագէտ եւ կորովի հրապարակագիր։ Հրատարակած է բանաստեղծութեանց հատորներ. վարած օրաթերթեր եւ հանդէսներ: Վահան Թէքէեան զուսպ յուզումին, վերապահ գոյներուն, ազնուական մտածումին միակ բանաստեղծն է մեր մէջ։ Իր քերթուածները, որքան խիտ ու լեցուն իմաստով, նոյնքան մաքուր իրենց ձեւին ժուժկալութեամբը, կ՚արտայայտեն իմացական յուզումներ, ուղեղային վայելքներ ու սրտի լուռ ձայներ՝ պատկերուն եւ քաղցրաշունչ լեզուի մը մէջ։

 

ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄ

(ՅԱՏԱԿԱԳԻԾ)

1. Մատենագրական տեղեկութիւններ. (Այս քերթուածը առնուած է Հրաշալի Յարութիւն անուն հատորէն)։ Կրնա՞ք յիշել Վահան Թէքէեանի միւս հատորները:

2. Կարդալ սա քերթուածը.

 

ՆԵՐԿԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ

 

Ներէ՛ որ քէն ըրի քեզի քիչ մը ատեն

Մինչեւ երէկ ու դեռ տաք չեմ բոլորովին…

Բայց կը խըլէ շունչըդ ինձմէ կայծեր արդէն՝

Չըփայլած հին ու փայլելիք բոցին հաշուին…։

 

Սրտէս առաջ մի՛տքս յարեցաւ, փարեցաւ քեզ…

Սիրտը ունի յիշողութիւն մ՚աւելի խոր,

Եւ չէ՜ր կրնար ան չըյիշել Սո՛ւրբն ողջակէզ

Խարոյկին վրայ ուրկէ՝ փիւնիկ` ծընար դուն նոր…:

 

Ու գոհացաւ մի՛տքըս քեզմով, ըսփոփուեցաւ,

Ուրախացա՜ւ մինչեւ անգամ. քեզի դիմեց

Ու կը դիմէ հիմա՝ ինչպէս գանձի մը մեծ…

 

Տարբե՞ր ես դուն մեր երազէն. աւելի՛ լաւ.

Աւելի լաւ՝ կ՚ըսեմ, այո՛, անզիղջ, անգութ,

Զի դատակնիքն է չեղածին` փա՛ստն ըլլալուդ…։

 

(Սէր) 1933

ՎԱՀԱՆ ԹէՔԷԵԱՆ

 

3. Ոգիի ի՞նչ տարբերութիւն երկու քերթուածներուն մէջ։ (Նկատի ունենալ քերթուածներուն ստեղծման թուականը՝ 1900ը խոշոր երազներու եւ մեծ կսկիծներու զուգորդ պատկեր մըն է Վ. Թէքէեանի երիտասարդութեան զգացումները կաղապարող: Այդ թուականին ոչ ոք /47/ կրնար մտքէն անցընել 1915ի սպանդը, մեր դաւաճանուիլը 1919ի՝ Աւագներէն (Խաղաղութեան Ժողովի պաշտօնակալները), եւ յաջորդ դէպքերը որոնք յանգեցան ներկայ Հայաստանի պատկերին։ Երեսուն տարի՝ երկու հոգեբանութեանց միջեւ, բաւական թելադրիչ է։ Այդ է պատճառը որ վերջին հնչեակը այնքան տարբեր զգայութիւններ արթնցնէ մեր մէջ)։

4. Դրօշակ եւ իր թելադրութիւնը։ (Առաջին տունին 8 տողերը պատմական պատկեր մը կը շինե՞ն ձեր մտքին մէջ։ Ի՞նչպէս պատմութիւնը բանաստեղծութեան կը վերածուի: Իրականութիւնը ինչի՞ պէտք է ենթարկուի որպէսզի ստեղծագործուած բանի մը տպաւորութիւնը տայ մեզի)։

5. Ինչո՞ւ ուռենին։ Ո՞րքան ճշդութիւն։ Լալկան ուռենին տեղ մը ունի՞ այս քերթուածին մէջ։ Ի՞նչպէս կը բացատրէք երկրորդ տունին 7րդ տողը:

6. Բաղդատել առաջին եւ երկրորդ տուները իբր՝

Ա) Խիտ պատկեր

Բ) Խոր թելադրանք

Գ) Պատմական ոգեկոչում

Դ) Իրականութիւն

Ե) Թախիծ

7. Ընդլայնել վրիժառու դանակ բացատրութիւնը: (Ինչո՞ւ հողին տակն էր)։

8. Ո՞վ է անտես ձեռքը:

9. Երրորդ տունին 4րդ տողը ո՞ր աստիճան կը համապատասխանէ պատմական իրականութեան (1895ի զսպումները)։

10. Ի՞նչ կը նշանակէ նոյնհետայն: Արձակի մէջ ներելի՞ է գրաբար այս մակբային գործածութիւնը:

11. Երրորդ տունին մէջ կա՞յ ազատագրական շարժումին խորհրդանշանը։

12. 1900ը ի՞նչ մտածումներու դուռ կը բանայ ձեր մտածումներուն մէջ։

13. Ծաղկեայ կապը ո՞րչափով մաս կը կազմէր 1900ի սերունդին հոգեբանութեան։

14. Խօսիլ այս քերթուածին.

Ա) Ցամաքութեան

Բ) Խտութեան

Գ) Պարզութեան

Դ) Խորութեան

Ե) Լաւատեսութեան

Զ) Հայրենասիրութեան թելադրանքներուն վրայ։

 

ՇԱՐԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Ի՞նչ են քու զգացումներդ այսօրուան Հայաստանի մասին: