/203/
Խ.
ԴԱՍ
ՕՐՈՒԱՆ
ԿԵԱՆՔԸ
Ժողովուրդ,
դեսպան,
Դուռ
[1]
իրարու
կը
խառնուին
Միրի-Քելամի
դագաղին
շուրջը։
Նորադարձ
բողոքական
մը՝
այդ
Միրի-Քելամը,
որուն
մարմնին
թաղումը`
Պոլսոյ
Էտիրնէ-Գաբուի
[2]
գերեզմանատունը,
հայոց
կրօնասիրական
զգացումներուն
մահաբեր
հարուած
կը
համարուի.
իսկ
մերժումը՝
նուազում
անգլիական
դեսպանատան
շուքին։
Դեսպանը,
որուն
հայրենիքը
կաթոլիկ
ու
բողոքական
անգլիացիներուն
կը
զլանայ
քովէ
քով
հանգչելու
արտօնութիւնը,
կրնա՞ր
ազատութեան
աւելի
լայն
տրամագիծ
մը
պահանջել
արեւելցիին
ուղեղէն։
Քաղաքական
նկատումը
գանկաբանութեան
[3]
շատ
բարեկամ
չէ.
ուրեմն
առանց
բարակը
փնտռելու,
դեսպանը,
Միրի-Քելամի
դագաղը
բրիտանական
դրօշին
[4]
հովանաւորութեան
տակ
կը
հռչակէ։
Գերեզմանատունն
ալ
հայ
ջրհանկիրին
կաշեգօտիին
[5]
խնամակալութեանը
կը
յանձնուի։
Դեսպանը
կը
պնդէ,
հայ
ժողովուրդը
«ոչ-կարեմք»ը
կը
դնէ։
Դեռ
Խրիմի
[6]
վաղորդայնը,
Անգլիա
Թիւրքիոյ
մէջ
իր
ազդեցութեանը
գագաթնակէտը
հասած,
ափ
մը
խեղճուկ
հայերու
առջե՞ւն
էր
որ
պիտի
ընկրկէր։
Ի
հարկին
«զարնելու»
ազդարութիւն
կ՚ընէ
Դրան։
Ու
այդ
«հարկը»
անխուսափելի
կը
դառնայ:
«Եւ
եղեւ
երեկոյ,
եւ
եղեւ
վաղորդայն,
օր
չորրորդ»
[7],
կը
գրէին
ժամանակին
թերթերը։
Չորս
օր
դիակը
աստանդական
կը
թափառի.
վերջացնելու
է:
Հայ
ջրհանկիրը,
հայ
բեռնակիրը,
հայ
արհեստաւորը
ծառը
թառած,
գերեզմանաքարին
վրայ
կանգուն,
գիշերն
ու
ցորեկը
իրարու
խառնած
կը
հսկեն
որպէսզի
յանկարծակիի
չի
գան.
բայց
ահա
ուրիշ
յանկարծակի
մը:
Սպարապետ
Րիզա
փաշան,
զօրքին
գլուխը
անցած,
կու
գայ
գործադրել
դեսպանական
պահանջումը.
իր
հրահանգները
բացորոշ
են.
բերանացի
ազդարարութիւն
ժողովուրդին
որ
ցրուի:
Անսաստութեան
պարագային՝
խօսքը
հրացանին
ու
սուինին:
Հայը
ուսերը
վեր
կը
թօթուէ,
ու
անխռով,
գնդակին
դէմ՝
քարը,
սուինին
դէմ՝
կաշեգօտին
ցոյց
կուտայ։
Ազդարար
շեփորը
կը
հնչէ.
ահեղ
վայրկեան,
զինուորը
/204/
կը
շեշտէ
զէնքը
հայը՝
անխռով։
Եւ
ահա
սրարշաւ
կը
վազէ
կուգայ
կը
հասնի
կառք
մը,
մէջը՝
խոժոռադէմ
մարդ
մը.
դժնէհայեաց
աչքերուն
մէջ
դարերու
ատելութեան
բոցը
կը
փայլի.
կուրծքին
վրայ՝
«մահիկն
ու
թուրան»
[8],
եւ
զայրոյթէն
թրթռացող
ձայնով
կը
հարցնէ։
—
Ի՞նչ
կ՚ընես։
—
Պիտի
զարնեմ:
—
Ժողովո՞ւրդս։
—
Այո՛։
—
Անզէ՞ն
ժողովուրդս։
Րոպէական
վարանումէ
ետքը,
զինուորականը,
կմկմալով։
—
Այո՛։
—
Ա՛ռ։
Ու
ձեռքովը
կուրծքէն
կը
քաշէ,
կը
փեռեկտէ,
կը
հանէ,
փաշային
ոտքին
տակ
կը
նետէ
շքանշանները.
—
Քեզի
ըլլան,
առաջ
հո՛ս
զարկ,
տեղ
բացի։
Փաշան
խելայեղ
երեսին
վրայ
կ՚իյնայ,
կը
վերցնէ,
կը
համբուրէ,
ճակտին
կը
դնէ
իր
տիրոջը
պատկերը
մարմնացնող
Մահիկ-թուրա
նշանը.
—
Փաթրի՛ք
[9],
ի՞նչ
կ՚ընես,
խենթեցա՞ր։
—
Չէ՛,
չի
խենթեցայ:
Ոտնակոխ
ըլլան
այդ
նշանները
եթէ
անոնք
ժողովուրդս
պաշտպանելու
համար
կուրծքիս
վրայ
պիտի
չկրեմ։
Եթէ
դուն
թագաւորը
կը
ներկայացնես,
ես
ալ
ա՛ն
կը
ներկայացնեմ։
Քեզի՝
զինուորը,
ինծի՝
ժողովուրդը
յանձնուած
է:
Չե՞ս
ճանչնար
իշխանութիւնս,
նախ
զա՛րկ
ինծի։
Րիզա
փաշա,
թիւրք
բայց
զինուոր,
հիացած,
ապշած,
—
եւ
ամօթահար
—
ձեռքովը
Սարգիս
պատրիարքին
կուրծքը
կը
կախէ
նշանները,
ու
զօրքերը
առած
ետ
կը
դառնայ։
Գերեզմանատան
սահմանագլխէն
դուրս,
քսան
մէթր
անդին
կը
թաղուի
Միրի-Քելամ։
Ու
Սարգիս
պատրիարքն
ալ,
օր
մը,
մօրուքէն
փետտուելով,
աթոռներու
տակ
ջախջախուած,
պատրիարքարանէն
դուրս
կը
նետուի:
ՀՐԱԶԴԱՆ
[10]
ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄ
(ՅԱՏԱԿԱԳԻԾ)
1.
Այս
կտորը
մէկ
մասը
կը
կազմէ
Արփիարի
մէկ
քրոնիկին։
Արփիարեան
գրական
սեռի
մը
վերածած
է
այդ
համեստ
տեղեկատուական
պատառիկները,
ազգային
կեանքին,
անոր
անցեալին
խոր
ծանօթութեամբը
գունաւորելով
ներկան։
2.
Ուշադիր
ըլլալ՝
Ա)
—
Մտայնութիւնները,
մթնոլորտը
քանի
մը
գիծերով
կերպադրելու
սա
տուրքին։
Բ)
—
Հիւմէօռին
որ
հեգնութիւնը
չէ
Պարոնեանին
այլ
/206/
աւելի
խոր
ու
տրտում
վիճակ
մը
դառն
ժպիտի
մը
մէջէն
տրուած։
Գ)
—
Ժողովրդական
մնալու
եղանակին՝
որ
հեռու
է
լրագրական
հասարակութենէն
ու
հռետոր
ճիգերէն:
Դ)
—
Մարդեր
շարժելու
սա
կարողութեան։
Ե)
—
Յուզում
հանելու
ճարտար
սա
կառուցումին։
3.
Ո՛ր
գլխաւոր
գաղափարները
կը
հանէք
այս
դրուագէն։
4.
Նշանակել՝
Ա)
—
Այն
տոլերը
ուր
հեգնութիւն
կայ։
Բ)
—
Այն
տողերը
ուր
ծայրագոյն
յուզումը
(բաթէթիք
ըսուածը)
կը
խտանայ։
5.
Բացատրել
արագութեան
պատճառը
խօսակցութեան
(պատրիարքին
եւ
սպարապետին
միջեւ)։
6.
Յատկանշական
գիծերու
գաղտնիքը։
7.
Հերոսութիւն։
8.
Պատրիարքին
կենդանագիրը։
9.
Սպարապետին
10.
Հին
օրերու
հոգեւորականը:
11.
Հայեցի
տարրը
կտորին
մէջ։
12.
Ի՞նչ
է
անէքդոտը։
13.
Արփիարեանի
ո՞ր
յատկութիւնները
կը
հաստատէք
վերի
հատուածին
մէջ։
14.
Ծանրանալ
Արփիարեանի`
Ա)
—
Ժողովրդապաշտութեան։
Բ)
—
Հայրենասիրութեան։
Գ)
—
Անցեալն
ու
ներկան
համախառնելու
իր
շնորհին
(իր
քրոնիկներու
գեղեցկութիւնը
պտուղն
է
այս
բացառիկ
տուրքին)։
Դ)
—
Մխիթարեան
շունչին։
Ե)
—
Յեղափոխական
խառնուածքին։
Զ)
—
Վիպական
կարելիութեանց։
15.
Ինչո՞ւ
չունինք
Արփիարեանէն
մեծաշունչ
գործ
մը
արուեստի:
/207/
ԽԱ.
ԴԱՍ
ՁԻԹԵՆԵԱՑ
ԼԵՌԸ
[11]
Երեք
անգամ
համբարձայ
[12]
Համբարձման
այդ
սանդուղքէն,
ու
եթէ
երեք
հարիւր
անգամ
ալ
ելնեմ՝
պիտի
չյագենամ,
զի
կրօնապէ՛ս,
աշխարհագրապէ՛ս
ու
բանաստեղծօրէն`
սքանչելի
է
այդ
կախաղնաւոր
ամբարտակը
[13],
նիւթացո՜ւմ
[14]
մը
աւետարանական
սուրբ
բանաստեղծութեան:
Առաքեալներէն
մինչեւ
Հերոնիմոս
[15],
Յուստինոս
[16],
ասոնցմէ
մինչեւ
Տանկրէտ
[17],
քանի
մը
հայ
հայրապետներ,
Իգնատիոս
Լոյոլա
[18],
միջին
դարու
սուրբեր
եւ
անտի
ցայսօր
բոլոր
մեծ
վկաները
[19],
սուրբերը,
նուիրական
կարաւաններ,
հայրապետներ
ու
վանապետներ
հո՛ն
ելած,
պաղատած,
համբուրած
եւ
աստուածարած
[20]
են՝
առնելով
«սուրբ
խանդն՝
արփւոյն
կաթումն,
երկնից
համբոյրն
յողջոյն
գեղոյ»
[21].
առնելով
նովին՝
[22]
հոգի
կրօնից
եւ
հոգեկեցոյց
[23]
հաստատութեանց
համար
սուրբ
եւ
խաղաղ
թելադրութիւններ։
Ինք՝
սիրոյ
կրօնքին
անմահ
Հայրը՝
ստէպ
այդ
լերան
վրայ
կը
մեկուսանար,
կ՚աղօթէր,
կը
մարգարէանար
եւ
կը
քարոզէր
վսեմ
բանը:
Խանդի,
սիրոյ,
գեղոյ
եւ
խաղաղութեան
այդ
քնարերգական
լոյս
օթեւանը`
կը
բարձրանայ
Երուսաղէմի
արեւելակողմն`
իբրեւ
կէս
մղոն
հեռաւորութեամբ
եւ
անբացատրելի
խոնարհ
գեղեցկութեամբ
մը,
զոր
միա՛յն
նկարչական
վրձինով
հնա՛ր
է
պատկերացունել:
Գեթսեմանիի
[24]
նուիրական
պարտէզէն
եւ
Կեդրոնեան
[25]
վաղեմի
ձորէն
մինչեւ
ի
կատարն
Ձիթենեաց՝
իբրեւ
քսան
վայրկեանի
զառ
ի
վեր
ճանապարհ
մըն
է՝
անկիւնաւոր
պարտէզի
մը
երկու
կողմէն,
որ
կը
գրաւէ
իբր
ամբողջ
սիրտը
լերան
առաջին
կատարին:
Այդ
անկիւնակալ
[26]
ճանապարհներուն
շուրջը
կը
զարդարեն
ռուսական,
լատինական,
յունական
պարտէզներ
ու
եկեղեցիներ,
որոնց
իւրաքանչիւրը
կը
ցուցադրէ
իրենց
ցեղական
յատուկ
ճարտարապետութեան
ցոլքերը`
շրջապատեալ
ցանցառ
ձիթենիներէ
ու
եբրայական
ընդարձակ
գերեզմանատունէ
մը։
Լերան
առաջակողմի
կատարը՝
նկարչօրէն
[27]
բունած
են
արաբական
գիւղ
մը,
ռուսական
եկեղեցի
մը
եւ
մզկիթ
[28]
մը,
ու
ահագին
զանգակատուն
մը,
որ
ամբողջ
շուրջի
[29]
շէնքերն
ու
պարտէզներն՝
հանդերձ
լերան
այդ
կատարովն՝
երկինքէն
կախուածի
նման
կը
ցուցնէ։
Այդ
կախածոյ
կատարը՝
հին
ու
նոր
դարերու
աչքերով՝
/208/
ուղղակի
կը
նային
արեւելքէն
Մովաբի
[30]
լեռներուն,
հովիտներուն
եւ
վաղափուլ
[31]
աստուածաշնչական
վայրերուն,
որ
երեսուն
եւ
աւելի
դարերու
աղի
ու
ծծմբոտ
խոնաւութեամբ
շաղուած
մշուշով
մը
սքօղած
կ՚ըլլան
յաճախ։
Ռուսական
մեծ
եկեղեցիին
մօտ
համբարձեալ
ահագին
զանգակատունէն
վեր
կ՚ելնենք`
272
նեղ
երկաթի
ոտքերով
սանդուղքէ
մը,
որ
զետեղուած
է
ինը
քառակուսի
մէթր
լայնութեամբ
եւ
60է
աւելի
մէթր
բարձրութեամբ
այդ
աշտարակին
մէջ։
Կը
յաջողինք
մէկ
շունչով
վերելակել՝
[32]
մեր
72էն
երկու
վարդապետներու
հետ`
այդ
272էն,
եւ
ահա
կը
գտնենք
ինքզինքնիս
ճշմարտապէս
համբարձման
մը
բարձրութեան
մէջ՝
ճօճուն
երերուն
եւ
մոլորուն
[33],
ուր
գլուխը
կը
դառնայ,
իրանը
կը
դեդեւի,
եւ
աչքն՝
անսովոր
պարզուած
լայն
ու
ահեղ
վայրին՝
կը
կարօտի
նորագոյն
եւ
մարդկայինէ
վե՛ր
զօրութեան,
վայրին
Տէրը
զօրութեանց
կ՚օգնէ
մեզի
հո՛ն
ալ,
եւ
քանի
մը
վայրկեանի
ոստուցիկ
շփոթներէ
ետք`
կրնանք
չափել
միտքով
եւ
աչքով՝
Պաղեստինի
ամէնէն
սուրբ
եւ
յարգի
այս
բարձանց
վրայէն՝
երկօրեայ
[34]
անհարթ
ընդարձակութիւն
մը
եւ
զայն
ընդգոգող
ընդարձակագոյն
հորիզոն
մը.
արեւելեան
կողմն`
Համբարձման
լեռնէն
մինչեւ
ի
ծովն
Մեռեալ՝
[35]
խիտ
խիտ
լերկ
ու
ամայի
բլուրներ,
խանձեալ
[36]
ձորեր,
անհրապոյր
ելեւէջներ`
կը
պարզեն
տժգոյն
անհարթութիւն
մը,
ուր
աչքը
զուր
կը
հետազօտէ
վայր
մը
կանաչ
կամ
գեղջուկ
հովանի
մը
դիւրիչ
[37].
ո՛չ
երթեւեկ
մը
նշանակելի,
ո՛չ
երամակն
այծերու
կամ
ուղտերու,
ո՛չ
իսկ
շարժում
մը
կենդանական,
կրնա՛նք
ըսել։
Ասիոյ
այս
եղերական
ցամաքներուն
վրայ
ափրիկեան
դրացի
տապն
եւ
շնչմունք
[38]
անապատական՝
իրենց
պարբերական
հոսանքով՝
դրոշմած
բնակացուցած
են
սահարայական
[39]
գոյն
եւ
բնութիւն
մը
անժպիտ։
Այդ
խոպան
բլուրներուն
անջրպետներէն
է՝
որ
ուրեք
ուրեք
կը
ցոլան
Մեռեալ
ծովուն
աղափայլ
պատառիկները,
եւ
կը
խուսափին
հուպ
ընդ
հուպ՝
[40]
անիր
[41]
կրկներեւոյթներու
մը
պէս՝
տեղի
տալով
մովաբեան
հսկայաշար
լեռներու
երեւոյթին,
որ
կը
բռնէ
բովանդակ
հորիզոնն
արեւելեան՝
անտեղիտալի
սահմանագլուխի
մը
պարփակումով։
Անո՛նց,
անո՛նց
մէջն
է
ցանկալին
Նաբաւ
[42],
զոր
եւ
կը
նշմարենք
միօրեայ
այն
հեռաւորութենէն
իսկ՝
զատուցեալ
գագաթի
մը
շրջանակեալ
սրբութեամբը:
Մովաբեանց
Հիւսիսային
ստորոտն
են
Երիքովի
[43]
ցածուն
դաշտագետինն
ու
երագավազ
[44]
Յորդանանը
[45],
որ
կ՚ընթանայ
ջրբեր
սուրհանդակի
մը
փութկոտ
անձնանուիրութեամբ`
երկուստեք
ջերին
[46]
եւ
անջրդի
ափանց
բաշխելով
փակագծեալ
խոնաւութիւն
մը
բուսաբեր։
/209/
Այսչափ
մը
կը
ցուցընէ
մեզի
առ
այժմ
Ձիթենեաց
նուիրական
կատարն՝
արեւելակողմէն,
ուր
երբեմն
գունդ
գունդ
հին
ցեղեր
կը
բնակէին`
գաղթեալ
նախապատմական
ժամանակներէ
հետէ:
Եւ
ատոնց
համար
էր
թերեւս՝
որ,
սողոմոնեան
քաղաքականութեամբ
մը,
իր
հրաշակերտ
տաճարը
Մորէա
[47]
լերան
վրայ
կառուցանելէն
ետեւ,
ինք`
իմաստուն
եւ
խաղաղագործ
որդին
Դաւիթի,
Ձիթենեաց
լերան
վրա՛յ
ալ
շինել
տուաւ
սեղաններ՝
Քամովսի
եւ
Ամոնացւոց
[48]
աստուածոց,
իբրեւ
«զբարձունս
սիրողաց»,
ըստ
սովորութեան
հեթանոսաց
եւ
«անտառ
ու
բարձունք»
պաշտող
հեթանոսացեալ
իսրայէլացւոց։
Ըստ
այդմ
նաեւ
այդ
լեռն
ի
հնումն
ամբողջակի
ծածկուած
ըլլալու
էր
անտառներով,
շա՛տ
հաւանաբար
ձիթենեաց
անտառներով,
որոնց
ջոջ
յիշատակարաններէն
քանի
մը
հատ
կը
կենան
դեռ
ստորոտները`
մինչեւ
1000
տարուան
մօտ
հնութեամբ
ձիթենիներ:
(Ալէլուիա
յԵրուսաղէմ)
Յ.
ՄՐՄՐԵԱՆ
[49]
ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄ
(ՅԱՏԱԿԱԳԻԾ)
1.
Մատենագրական
տեղեկութիւն:
Այս
կտորը
առնուած
է
«Ալէլուիա
յԵրուսաղէմ»
հատորիկէն
ուր
Մրմրեան
Երուսաղէմ
ուխտի
մը
տպաւորութիւնները
հաւաքած
է
բաւական
թափանցուն
բայց
որոշ
հռետորութեամբ
ոճով
մը։
Մրմրեանի
իննեակ
իմաստասիրական
քերթուածները
1900ին
ընթացիկ,
դժբախտ
սեռի
մը
կը
պատկանին
(արձակ
քերթուած)
սա
տարբերութեամբ
որ
պարունակութիւնը
փոխանակ
ըլլալու
աշխարհիկ,
է
ոգեղէն
եւ
կրօնական։
Իր
ուսումնասիրութիւնները
մարդերէ,
շրջաններէ,
երաշխաւորուած
են
որոշ
հմտութեամբ։
Լրագրական
իր
յօդուածներուն
մէջ
ունի
զգօն,
չըսելու
համար
հայեցի
շեշտ։
Կը
նկատուի,
թերեւս
ոչ
իրաւամբ,
Եղիային
հետ,
արեւմտահայ
նշանաւոր
«stylist»ը
(ոճաբան)։
2.
Գրուածքին
տեսակը:
Ուղեւորի
տպաւորութիւններ:
Մեր
գրականութեան
մէջ
քիչ
են
այս
կարգի
գործերը
(Գուրգէն,
Չրաքեան,
Զօհրապ,
Զարեան)։
/212/
3.
Այս
նկարագրումին՝
Ա)
—
Տարտամութիւնը։
Բ)
—
Պղտորութիւնը։
Գ)
—
Ոգեղինացման
ձգտումին
մէջ
անյաջողութիւնը։
Դ)
Յատուկ
անուններով
տպաւորութիւն
գործելու
նախապաշարումը։
Ե)
—
Անօսրութիւնը։
Զ)
—
Ինքնատպութիւնը։
Ի՞նչ
տարրեր
կը
միջամտեն
որպէսզի
կտորը
ազատի
բառակոյտ
մը
ըլլալու
ընդհանուր
մեղքէն,
որով
վիրաւոր
են
այս
կարգի
գրուածքներ
1900ին
(տպաւորութեանց
խորութիւն,
որոշ
վերապահութիւն
գոյնի
զեղծումին
դէմ,
ականատեսի
առաւելութիւն,
պատմական
հաստատ
գետին
որուն
խնայուած
ըլլայ
հմտական
չորութիւն,
որոշ
զգայնութիւն
ուր
ըլլայ
գիծը
բանաստեղծական
յոյզի)։
5.
Ինչո՞ւ
չէք
նեղուիր
յատուկ
անուններու
շարանէն։
Հոս
հմտութի՞ւն
թէ
պատմական
յաճախանք։
6.
Քանի
մը
հայ
վարդապետներ
—
ինչո՞ւ
չէ
անուանած
զանոնք,
եւ
գոհացած՝
այդ
տարտամ
յիշատակութեամբ
(եղած
է
շրջան
ուր
70է
աւելի
հայ
վանքերու
գոյութիւնը
վկայուած
է
Ս.
Երկրին
մէջ։
Սրտառուչ
իրականութիւն
մըն
է
Համբարձման
լերան
վրայ
փառակերտ
հայ
եկեղեցիի
մը
սպառսպուռ
կործանումը,
լատին
եւ
յոյն
նախանձի
մը
արդիւնք։
Մինչեւ
այսօր
սիւներէն
փլատակներ
կը
վկայեն
նախորդ
դարու
սկիզբները
կատարուող
այդ
ոճիրը)։
7.
Բացատրել`
Ա)
—
Արփւոյն
կաթումն։
Բ)
—
Հոգեկեցոյց
հաստատութիւն։
Գ)
—
Նկարչական
վրձին։
Դ)
—
Ահեղ
վայր։
Ե)
—
Անժպիտ
բնութիւն։
Զ)
—
Անտեղիտալի
սահմանագլուխ։
Է)
—
Ցանկալի
Նաբաւ։
Ը)
—
Ջրբեր
սուրհանդակ:
Թ)
—
Փակագծեալ
խոնաւութիւն։
8.
Գտնել
ու
կարդալ
Լամարթինի
էջը
որ
Մորէա
լերան
վրայ
կատարուած
եղբայրական
սիրոյ
անուշիկ
դրուագ
մը
կը
պատմէ։
9.
Ի՞նչ
գիտէք
ծառերու
երկարակեցութեան
վրայ
(Մամբրէի
կաղնին
Քեբրոնի
մէջ։
Սողոմոնեան
տաճարին
ատաղձ
տուող
Լիբանանեան
եղեւնիներէն
կ՚ըսեն
թէ
այսօր
կ՚ապրին
300
ծառ):
10.
Մերձեցնել
այս
ոճը
Զօհրապի,
Չրաքեանի
ուղեգրութեանց
ոճին:
11.
Խօսիլ
Մրմրեանի
գործին
վրայ։
ՇԱՐԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Արշաւանք
մը
1.
Ձեզի
ամէնէն
մօտ
բարձունքին
վրայ
արշաւանք
մը:
2.
Զգուշանալ
ամէն
բան
տեսնելէ
(այսինքն
գրելէ)։
3.
Ստեղծել
տեղական
գոյն։
4.
Զգուշանալ
շարժումներ
տալէ
որոնք
անհրաժեշտ
չեն։
/213/
ԽԲ.
ԴԱՍ
ՍՐԻՆԳԻՍ
[50]
Անապատն
ու
հովն
ըզքեզ
կ՚ընդունին,
Ունջն
[51]
ամայութեան
ու
շունչն
անհունին.
Ու
այդ
երկուքէն
ժառանգած
ես
դուն
Մենաւոր
խոկումն
ու
շռինչն
[52]
անանուն
[53]:
Անշարժ
մեծութեան
[54]
յատակին
[55]
վըրայ
Շարժուն
ծըղօտիդ
շուքն
ամենօրեայ՝
Տագնապումներով
տենդի
մ՚անորակ
[56],
Գիծերու
գաղտնիքն
ուրուագրեց
արագ:
Այսպէս
յըղացար
արուեստը
գըրչի՝
Որ
սեղմ
կողիդ
մէջ
սաղմնած
[57]
կը
թաքչի
[58].
Ու
փըչումներուն՝
որ
փողէդ
[59]
անցան՝
Պահեցիր
քու
մէջդ
ոլորակն
[60]
ու
ձայն։
Եղե՜գ՝
հիմա
Սրինգ
եղար
խորոտիկ
[61],
Երբ
լուռ
խոկացող
կուրծքի
մը
մօտիկ
Շուրթերէ
յորդող
շունչ
մը
հըրավառ
Արթընցուց
հորձքերդ
[62]
ու
երգդ
ոգեսպառ։
Բայց՝
թէ
քեզ
պակսի
հոգի
մ՚ունկընդիր…
Դու
նորէն,
ծրարա՜ծ
սոյլերդ
ու
թըրթիռ,
Ընտրէ
անապատն
ու
հովն՝
որ
ունին
Ունջն
ամայութեան
ու
շունչն
անհունին։
Ե.
Ե.
ԴՈՒՐԵԱՆ
[63]
ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄ
(ՅԱՏԱԿԱԳԻԾ)
1.
Մատենագրական
տեղեկութիւն:
Այս
կտորը
մուտքը
կը
կազմէ
Հովուական
Սրինգ
սրբազան
բանաստեղծութեանց
դիւանին։
Երուսաղէմի
Ս.
Յակոբեանց
տպարանը
Սրբազան
Քնար
ընդհանուր
տիտղոսին
տակ
համախմբած
է
Դուրեան
Սրբազանի
քերթողական
ամբողջ
վաստակը`
ինքնագիր
որքան
թարգմանածոյ։
Դուրեան
Սրբազանի
արժէքաւոր
երկասիրութիւններէն
են
Ուսումնասիրութիւնք
եւ
Քննադատութիւնք
անունին
տակ
մեր
հին
մատենագրութեան
եւ
պատմութեան
ուսումնասիրումին
նուիրուած
մենագրութիւնները՝
Իզմիրլեան
յանձնաժողովին
ներկայացած
գործերուն
վրայ
իր
դատումները
պարունակող։
Պատմութիւն
Հայ
Մատենագրութեանը
եւայլն։
2.
Այս
քերթուածին
կմախքը։
3.
Սրինգ
վերնագրին
թելադրանքը։
4.
Ամայութեան
ունջ
պատկերը
նիւթացնել
(բառէն
պէտք
է
անջատել
նիւթական
տարրը
եւ
տեսնել
անապատին
գետինը,
յատակը,
որպէսզի
հասկնալի
ըլլայ
արձագանգին
եւ
անհունի
շունչին
իմաս/215/տը,
ուր
կը
ստանան
իր
խօսքերուն
եւ
մեծ
մտածումներուն
հանդէպ
մարդոց
սովորական
անընկալչութիւնը,
չըսելու
համար
արհամարհանքը։
Քերթուածին
թաքուն
տարողութիւնը
մեզի
այսպէս
կը
թելադրուի
տեսակ
մը
գիտակցուած
վերապահութեան
մէջ,
որով
կ՚ընդունուին
այս
կարգի
յուզումներ
եւ
խռովքներ
մեր
օրերու
զանգուածներէն։
Քերթուածին
վերջին
քառեակին
մէջ
այդ
տրամադրութիւնը
աւելի
կը
պայծառանայ,
երբ,
բանաստեղծ
սրբազանը
իր
սրինգը
կը
հրաւիրէ
վերադառնալ
դէպի
անապատը
ուրկէ
եկած
է
արդէն։
Եկեղեցական
գործիչներու
հանդէպ
հետզհետէ
պակսող
յարգանքին
դէմ
սա
լուռ
բողոքը
մթնոլորտը
կը
կազմէ
այս
քերթուածին։
5.
Մենաւոր
խոկումնը
եւ
անանուն
շռինչը
ո՞րչափով
հարազատ
են
սրինգին
ինչպէս
եկեղեցական
բանաստեղծութեան։
6.
Անշարժ
մեծութիւն
եւ
շարժուն
ծղօտ
կշիռին
դատումը.
[անապատին
մէջ
բուսնող
եղէգ
մը
—
շարժուն
ծղօտ
—
անշուշտ
իր
մէջ
ունի
բաժին,
մասնիկ
անշարժ
տարածութենէն,
որ
անապատինն
է։
Դուրեան
Սրբազան
հովէն
դողացող
եղէգին
հոգին
կը
յօրինէ
նախ
ինքը
իրեն՝
ապա
ուրիշներուն
համար։
Եղէգին
տագնապներ
վերագրելը՝
ձեզի
ծանօթ
արարողութիւնն
է
բնութեան
անձնաւորման։
Ուրիշ
գրական
միջոց
մըն
է
կեանքի
սովորական
երեւոյթներուն
մէջ
տեսնել
իրենցմէ
անդին
թելադրանքներ.
այսպէս,
հովէն
օրրուող
եղէգէն
շինուած
գրիչն
է
որ
պիտի
կանչուի
գիծերը
եւ
իրենց
գաղտնիքը
ուրուագրելու
ճերմակ
յատակին
թուղթերուն։
Իրողութենէն
դէպի
մտածում
եւ
մտածումէն
դէպի
խորհուրդ
եւ
իրողութիւն
սա
ակընթարթային
փոխադրումները
եւ
անցումները,
խորհրդապաշտ
եղանակը
կը
յատկանշեն։
Դուրեան
Սրբազան,
Մեծարենցի,
Թէքէեանի,
քիչ
մըն
ալ
Սեւակի
հետ
(Վահրամ
Թաթուլ
եւ
Սիամանթօ
կրնան
ներս
առնուիլ
այս
պարունակէն)
Սէմպօլիսդ
այս
եղանակին
համար
ունին
որոշ
հակում։
Ամբողջ
քերթուածին
մէջ
այս
զուգահեռականութիւնը,
իրականութեան
եւ
մտածումին
թաքուն
թելադրութեան
եւ
սովորական
իրերուն
սա
աղերսը,
կը
կազմեն
քիչ
մը
մութ
հրապոյր,
որմէ
պէտք
չէ
խրտչիլ]։
7.
Գրչի
արուեստը
նախապէս
եղէգով
էր
որ
կ՚իրագործուէր։
8.
Եղէգին
կողին
մէջ
պահուըտած
մտածումը։
9.
Ի՞նչ
կը
թելադրէ
11րդ
տողը։
10.
Սրինգի
եւ
գրչի
զուգակշիռը:
Դուրեան
Սրբազան
երկուքին
ալ
մարդը
եղաւ:
11.
Դատել
4րդ
տունը
(բան
մը
կ՚աւելցնե՞ն
14,
15,
16րդ
տողերը:
Բան
մը
կը
պակսեցնե՞ն)։
Ի՞նչ
կը
հասկնաք
անհրաժեշտութիւն
բանաստեղծութեան
մէջ
տարազէն։
12.
5րդ
տունին
մէջ
ձեր
գտած
խորունկ
մտածումը՝
որ
պիտի
խորհրդանշէ
Ա)
—
Դուրեան
Սրբազանի
փառքէն
խուսափող,
մենութեան
սիրահար,
անապատին
եւ
անհունին
սպասարկող
իմաստունին
դէմքը,
ինչպէս՝
Բ)
—
Հայ
եկեղեցականի
հանդէպ
մեր
օրերու
քիչ
մը
ընդհանուր
անտարբերութիւնը:
/216/
13.
Բացատրել՝
Ա)
—
Անորակ
տենդ։
Բ)
—
Խոկացող
կուրծք։
Գ)
—
Արթնցող
հորձք։
Դ)
—
Սոյր
ու
թրթիռ
ծրարել։
14.
Փորձեցէք
այս
քերթուածին
խորհուրդը
արտահանել,
էջը
չանցնող
պատկերացմամբ
մը,
ուր
ձեր
դնելիքը
պիտի
ըլլայ,
եկեղեցականի,
գրագէտի
քիչ
մը
ազնուական
կեցուածքը
հանդէպ
ամբոխային
գնահատման
կամ
անտարբերութեան։
Մեծութիւնը
ո՛չ
արհամարհանքի
մէջ
է,
ո՛չ
ալ
ինքնավստահութեան։
Իր
ժողովուրդէն
անջատուիլը
կը
պատժուի
ուշ
կամ
կանուխ,
ինչպէս
այդ
ժողովուրդը
աւելորդ
տեղը
շոյելը,
շփացնելը
կ՚առաջնորդեն
հոգեկան
տրտմութեան,
կը
վիրաւորեն
արժանապատուութիւնը
ամէն
գործիչի
մէջ։
ՇԱՐԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Մեր
օրերու
եկեղեցականը
1.
Քահանայ,
վարդապետ,
եպիսկոպոս,
(ազատ
էք
ընտրելու
ձեր
ուզածը։
Պահանջուածը
այդ
ընտրութիւնը
ընելն
է
գիտակցութեամբ,
որպէսզի
կարողանաք
ձեր
տիպարը
իրագործել)։
2.
Ֆիզիք
նկարագիր
(շատ
զգուշութեամբ
մօտենալ
անոր
տարրերուն,
գործադրելով
բաշխումի
եղանակը
որուն
ծանօթ
էք
արդէն,
ըսել
կ՚ուզեմ
ֆիզիք
գիծերը
տարտղնել
բարոյական
նկարագրին
մէջ)։
3.
Բարոյական
նկարագիր
(եկեղեցականէն
պահանջուած
յատկանիշները)։
4.
Մասնակի
կողմեր:
5.
Դատում
(որ
եզրակացութիւն
մը
ըլլալէ
աւելի
տեսակ
մը
բարեխառնութիւն
է
ձեր
գրելիքին
համար):
ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆ.
—
Անշուշտ
ամէն
դասակարգ
պայմանաւոր
է
սեփական
յատկանիշներով։
Քահանայ
մը
եպիսկոպոսի
մը
դերը
չի
յաւակնիր
կատարել.
ինչպէս
եպիսկոպոս
մը
չի
գոհանար
իր
հօտին
հետ
նոյնանալու
աստիճան
ընտանի
տէրտէրի
տիպարով։
Անոնց
դերին
սա
տարբերութիւնն
է
որ
վերջ
ի
վերջոյ
կը
յօրինէ
անոնց
նկարագիրը,
շեշտելով
իւրաքանչիւրին
մէջ
էականը,
աղօտելով՝
երկրորդականը։
Չէք
կրնար
պահանջել
որ
մեր
ծխատեր
քահանան,
եկեղեցւոյ
բեմէն,
գտնէ
խօսքի
այն
գեղեցկութիւնը
զոր
եպիսկոպոս
մը
հարկին
տակն
է
ստեղծելու,
ամէն
գինով,
իր
հովուած
հօտին
մէջ,
վայելելու
համար
արժանափառ
հեղինակութիւն:
/
217/
ԽԳ.
ԴԱՍ
ՆՈՐ
ԼԱԹ
[64]
Տուն
հասնելուն,
գրեթէ
կատաղութեամբ,
բիրտ
յաճախանքէ
[65]
մը
ազատելու
պէս,
վրայէն
հանեց
նետեց
նոր
լաթերը.
—
Էօ՜ֆ
պէ,
աս՛
ի՜նչ
փորձանք
է
գլխուս
եկաւ…
Երկու
օրէ
ի
վեր
աս
ի՞նչ
էր
քաշածը.
իր
բոլոր
սովորութիւնները
բարձի
թողի
ըրած,
բոլորովին
նորեր
հագած,
մոռցած
էր
քալելը,
շարժիլը,
իր
խմե՜լը
[66]
…
եւ
բոլոր
ասոր
վրայ՝
իբր
թէ
չէր
օգտեր
[67],
իր
ընկերներուն
քրքչոտ
ծաղրը,
որուն
արձագանգը
դեռ
կը
հնչէր
ականջներուն,
բազմալեզու
մտրակի
մը
երկարաձգուող
շաչիւնին
[68]
պէս,
որ
մինչեւ
տունը
հալածեր
էր
զինքը…
Յանկարծ,
պատին
վրայ,
այն
դիրքին
մէջ
որով
կախեր
էր
զանոնք,
աչքին
հանդիպեցան…
Ա՜հ,
անոնք
էին,
իր
լաթերը,
ճանչուոր
ու
բարեացակամ։
Իրեն
գլուխ
երերցնելու,
նշան
ընելու
ի՜նչ
մտերմական
ձեւ
մը
ունէին
հիմա,
եւ
իրենց
ծամածռութիւններուն
ու
ծալքերուն
մէջ
որքա՜ն
յանդիմանութիւն
կար
եւ
տխրութիւն,
ի՜նչ
պանդուխտ
երեւոյթ
մը:
Զանոնք
տեսնալով,
այդ
վայրկենին,
ա՛յնքան
լիովին
ըմբռնեց
ու
վերզգաց
իր
երբեմնի
լայնածաւալ
հանգիստն
ու
անկաշկանդ
ազատութիւնը,
այնքա՛ն
սաստկօրէն
ու
կարօտով
յիշեց
իր
մարմնոյն
ու
կեանքին
հին
սիրական
սովորութիւնները
զորս
կարծես
այդ
լաթերը
կը
ծրարէին,
որ,
տակնուվրայութիւն
մը
տեղի
ունեցաւ
իր
ներսիդին,
խորհրդաւոր
շարժումը`
տեղափոխուած
հոգեկան
ուժերու,
որոնք
կը
սկսին
իրենց
մակընթացիկ
վերադարձը
դէպի
նախկին
նախանձը…
Գաղափար
մը
անցաւ
միտքէն.
նոր
տափատին
գրպանը
խօթեց
ձեռքը.
—
նայիմ
ի՜նչ
խըտար
[69]
փարա
մնաց…
հազիւ
4-5
դահեկանի
գումար
մը,
զոր
բազմոցին
վրայ
փռեց,
մէթալիքներու
[70]
եւ
ղրուշնոցներու
ցիրուցան
խեղճութեամբ։
Ի՜նչ
պիտի
ըլլար,
երեք
օրէ
աշխատած
չունէր
որ…
Մենծ
աղայութիւն
[71]
…
Հետեւեալ
իրիկունը,
երբ
սրճարանին
մէջ
ամէն
մարդ
հետաքրքրութեամբ
կը
սպասէր
Մէրկէրի
գալուն
կամ
չի
գալուն…
ճիշտ
սովորական
ժամուն,
երկաթագործը
ներս
մտաւ
իր
սկզբնական,
իր
ճշմարիտ
կերպարանքովը,
իր
հին
լաթերուն
մէջ…
ու
ներս
մտած
չի
մտած՝
/218/
—
Բարի
իրիկուններուն՝
«տղա՛ք»
պոռաց,
«ե՛ս
եմ՝
ամէն
ատենուան
Մէրկէրը…
այս
գիշեր
ալ
եկէք
ա՛ս
լաթերը
թրջենք
[72]
…»
Կարճ
զարմացումէ
մը
ետքը,
քրքիչներ
ու
հարցումներ
թռան
ամէն
կողմէ.
—
Է՛,
նոր
լաթե՞րը,
նոր
լաթ
ե՞րը…
—
Նա՛
[73],
հոս
է,
ըսաւ
Մէրկէր,
եւ
տափատին
գրպանին
մէջ
հնչեցնելէ
ետքը՝
յաղթականօրէն
դուրս
հանեց
եւ
սեղանի
մը
վրայ
շառաչաձայն
թափեց
բուռ
մը
ստակ,
որուն
տեսքը
սքանչացումի
ա՜
մը
խլեց
ներկաներէն…
—
Նա՛
նոր
լաթերը,
ծախեցի՜,
ծախեցի,
տղա՛ք…
աս
գիշեր
հարուստ
եմ…
ուզածնուդ
չափ
խմեցէ՛ք,
կերէ՛
ք…
ծօ՛,
Կիրակոս,
բե՛ր
նայինք,
բեր,
ինչ
կ՚ուզեն
նէ
բեր…
փարան
ինէ…
կեցցեն
մեր
թաղական
աղաները…։
Ա՛լ
անկէ
ետքը,
Մէրկէր
հանգիստ
ապրեցաւ
իր
հին
լաթերուն
հետ,
առանց
ոեւէ
փափաքի,
—
բերնին
համը
առած
ըլլալով
իրագործուած
փափաք
ըսուող
կերակուրէն,
որ
շատ
անգամ
այրած
կ՚ըլլայ,
ա՛յնքան
սաստիկ
է
իրականութեան
կրակը…:
Մ.
ԿԻՒՐՃԵԱՆ
[74]
ՀԱՐՑԱՐԱՆ
1.
Ինչո՞ւ
կատաղութեամբ
կը
նետէ
նոր
լաթերը։
2.
Ինչո՞ւ
բիրտ
է
յաճախանքը։
3.
Այս
խօսակցութեանց
լեզուին
վրայ
մեր
կարծիքը։
Ինչո՞վ
կը
փրկուին
ասոնք
գռեհկութենէ։
Ե՞րբ
կը
հանդուրժուին։
4.
Բացատրել
հին
լաթերուն
ա)
Բարեացակամութիւնը,
բ)
Ծամածռութեանց
մէջ
յանդիմանութիւնը,
գ)
Պանդուխտ
երեւոյթը:
Խորհրդաւոր
շարժումը՝
տեղափոխուած
հոգեկան
ուժերու։
5.
Ինչո՞ւ
չէր
աշխատեր:
6.
ԶԻնքը
սպասողներուն
հետաքրքրութիւնը։
7.
«Կեցցեն
մեր
թաղական
աղաները»:
Ինչո՞ւ:
8.
Ո՞րն
է
այս
գրուածքին
բարոյական
հետեւութիւնը:
9.
Խօսեցէք
այս
ոճին՝
Ա)
—
Պարզութեան,
Բ)
—
Բնականութեան,
Գ)
—
Նիւթին
պատշաճելու
առաքինութեան,
Դ)
—
Իրապաշտութեան
վրայ:
ՇԱՐԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Ալքոլը
եւ
իր
վնասները
1.
Նոր
ժամանակներու
ամենամեծ
պատուհասը։
2.
Կը
քայքայէ՝
1.
Անհատը։
2.
Ընկերութիւնը։
3.
Ցեղը։
3.
Կ՚անասնացնէ։
4.
Ոճիրի
կը
մղէ։
5.
Հակ-ալքոլական
պայքարը
ամբողջ
աշխարհի
մէջ։
6.
Պատանեկան
տարիքը
եւ
զօրաւոր
ուխտերու
շրջանը։
7.
Ով
որ
մարդ
է,
թշնամի
ըլլալու
է
ալքոլին։
Ամփոփ
այս
գիծերուն
մէջ
դուք
պիտի
մօտենաք
մեր
ժամանակները
զբաղեցնող
ամէնէն
մեծ
հարցերէն
մէկուն։
Պատերազմին,
սիֆիլիզին,
քաղցկեղին
եւ
ծիւրախտին
հետ
նոյն
գիծի
եկող
այս
աղէտը
կը
տարբերի
չափով
մը
միւսներէն,
որովհետեւ
խուսափելի
է։
Ձեր
առողջութեան
ու
բարոյական
վարկին
վրայ
ծանրագոյն
հակահարուածը
դուք
պիտի
ընդունիք
անկէ։
Որքան
ցանկալի
է
որ
հզօր
ուխտով
մը
ձեզ
ձեր
այդ
տարիքէն
իսկ
զինէք
ահաւոր
ախտին
դէմ։
/220/
ԽԴ.
ԴԱՍ
ՍՐՏԻ
ԽՈՐԵՐԷՆ
ԱՍՏՈՒԾՈՅ
ՀԵՏ
ԽOՍՔ
[75]
Ա
Սիրով
ընդունէ՛,
հզօր
Տէր
Աստուած,
ինծի
պէս
դառնացածիս
[76]
աղաչանքը։
Գթութեամբ
մօտեցի՛ր
ամօթահարիս
[77].
ո՛վ
ամենապարգեւ,
փարատէ
պատկառանքի
[78]
տխրութիւններս
[79].
վերցուր
վրայէս,
ով
ողորմած,
անտանելի
ծանրութիւններս
[80].
աւարի
տո՛ւր,
մշտայա՛ղթ,
խաբող
գրգանքները
[81],
հեռացուր
ինձմէ,
ո՛վ
հնարաւոր
[82],
մահացու
մղումները
[83].
անդին
տա՛ր,
ո՛վ
վերնային,
կատղածին
[84]
մառախուղը.
մի
թողուր,
ո՛վ
կեցուցիչ,
որ
կորուսիչը
[85]
վրաս
վազէ.
ցիրուցան
ըրէ,
ո՛վ
ծածկատես,
ըմբռնողին
[86]
ծուղակները
[87].
ետ
մղէ,
ո՛վ
անքընին
[88],
կռուողին
դիմեցումները
[89].
անունովդ
տեառնագրէ
[90]
երդիքիս
լուսամուտը
[91].
ձեռքովդ
պահպանէ
սրահիս
[92]
առաստաղը.
արիւնովդ
գծագրէ
սենեակիս
սեմը
[93].
խաչիդ
ձեւը
[94]
դիր
աղօթողիս
ճամբուն
վրայ.
աջովդ
պահպանէ
հանգստեանս
խշտին,
թակարդներէ
մաքրէ
անկողինիս
ծածկարանը
[95],
կամքովդ
հովանաւորէ
տառապած
հոգիս.
անվնասելի
ըրէ
մարմինիս
շնորհած
կենդանութեան
շունչդ.
երկնային
զօրքիդ
հոյլը
շրջափակ
[96]
կեցուր.
դեւերուն
խումբերուն
դէմ
շարէ
զանոնք.
խորունկ
գիշերուան
մէջ
բերկրալից
հանգիստ
տուր
մահահանգոյն
[97]
քունիս,
Սուրբ
Աստուածածինիդ
ու
բոլոր
սուրբերուն
բարեխօսութեամբը։
Տեսութեանս
պատուհանները
[98],
որոնք
մտքին
զգայարանքներն
[99]
են,
այնպէս
մը
շրջապատէ՛,
պարուրէ՛
որ
անսասանելի
պահպանուին
խռովայոյզ
ծփանքներէ
[100],
կենցաղական
[101]
հոգերէ,
անրջական
երազներէ
[102],
խօլական
ցնորքներէ,
ու
Քու
յոյսիդ
յիշատակովը
պահպանուին
անվնաս։
Որպէսզի
երբ
ծանր
քունէս
արթննամ,
ամենազգաստ
ու
հոգենորոգ
զուարթութեամբ
առջեւդ
կեցած,
ո՛վ
անճառելի
[103]
փառքերու
ամենօրհնեալ
թագաւոր,
փառաբանող
երկնագումար
խումբերուն
երգակցելով,
կարենամ
հաւատքի
բուրումով,
դէպի
երկինք`
Քեզի
ուղղել
իմ
մաղթանքին
ձայնը։
Վասնզի
Դուն
Քու
բոլոր
արարածներէդ
փառաւորուած
ես,
յաւիտեանս
յաւիտենից
[104]
։
(Նարեկ,
Բան
ԺԲ.
Հատուած
Գ.
)
/221/
Բ
Ո՜վ
Տէր,
երկնքէն
զուարթ
քաղցրութեամբ
նայէ
տառապեալիս
հանդիպած
ամենակործան
վտանգին
վրայ,
ու
ազատէ
եւ
հանգստացուր
զիս
այս
բազմատագնապ
հեծութիւններէս
[105],
ու,
իմ
վրայ
խուժող
սատակիչներուն
[106]
խումբերը
—
թէ
չարութեան
զէնքերով
սպառազինուած,
զօրեղ
պատերազմողներու
դիւական
գունդերն
ըլլան
անոնք
կամ
թէ
գարշելի
մեղքերու
զանազան
տեսակներ,
կամ
մահացուցիչ
դաւեր
կամ
մարմնական
հարուածներ
—
ամէնքն
ալ
մերժէ՛,
հանէ՛,
վանէ՛
եւ
վերստին
հալածէ
անդարձ
հեռացումով.
ու
խաչիդ
նշանը
իբրեւ
կեանքի
նպատակ
ու
ամուր
պարիսպ
կանգնէ
Քեզի
ապաւինածին
համար:
Ահաւորիդ
մեծութեան
այս
անպարտելի,
անխաբելի,
անվանելի
սքանչելագործութիւններուդ
[107]
շնորհիւ,
թող
լուծուին,
քակուին
[108]
սատանայական
գաղտնածածուկ
որոգայթները.
կապտուին
[109]
մեքենաները.
ցրուին
գայթակղութիւնները.
խայտառակուին
թակարդներուն
կազմածները
[110].
յայտնուի
որոգայթին
ձեւը
[111].
գտնուին
նենգողին
ծուղակները.
վերցուին
վարմին
ծածկոյթները
[112].
այրուին
որոմներուն
բոյսերը.
նզովուին
բռնաւորին
[113]
չարաբանութիւնները
[114].
կտրուի՛`
մեռցնելու
համար
որսացողին
խաբէութեան
լարը.
պարսըւին
[115]
պատրողին
[116]
բանսարկութիւնները
[117].
պակսին
զրպատողին
զէնքերը,
իյնան
մահաբերին
սուրերը.
չքանան
սադրողին
[118]
պատրաստութիւնները.
քակուին
տագնապեցնողին
չուանները.
այլայլի
կեղծաւորին
սուտ
կերպարանքը.
ետ
մղուին
խրոխտացողներուն
խիստ
յարձակումները.
պառակտուի
յափշտակիչներուն
միաբանութիւնը.
ցրուի
աւազակներուն
սերունդը.
քայքայուին
բարբարոսներուն
հոյլերը
[119].
քանդուին
ապստամբներուն
ամրոցները.
արգիլուին
յանդուգն
ամպրոպները
[120].
փարատին
փորձիչին
անձրեւները
[121].
hալի,
ցամքի
աղանդաւորին
[122]
եղեամը,
խորտակուի
գոռոզին
եղջիւրը
[123].
խորտակուին
կուռքի
պատկերներուն
պատուանդանները.
փշրուին
հպարտացածներուն
ամբարհաւաճութիւնները.
նահանջուին
ճակատողներուն
յարձակումները.
քակտուին
Բելիարի
[124]
անմարմին
եւ
մարմնաւոր
[125]
զօրքերուն
գործակցութիւնները.
մէկ
ճամբու
շաւիղէն
եկողները
եօթը
կողմ
փախչին.
ինծի
համար
փորած
գուբերուն
մէջ
իրենք
իյնան.
դեւին
ձմեռները
ամառուան
փոխուին
[126].
կտրուի
մշտական
աւազակին
կցորդութեան
կապը.
նողկանք
ազդէ
շողոքորթին
համբոյրը.
ընդհատուին
եւ
ջնջուին
նեղիչին
նետաձգութիւնները.
սասանի
խորտակողին
նաւը,
արմատախիլ
ըլլան
խածնողին
ատամները։
(Նարեկ,
Բան
Ղ.
Հատուած
Գ.
)
ԳՐԻԳՈՐ
ՆԱՐԵԿԱՑԻ
[127]
/225/
ԸՆԿԱԼ
ՔԱՂՑՐՈՒԹԵԱՄԲ
Ընդունէ
քաղցրութեամբ,
ո՜վ
Տէր
Աստուած
իմ
հըզօր,
Աղաչանքը
դառնացողիս.
Մօտեցիր
գըթութեամբ,
դէմքով
քեզի
պատկառեալին.
Փարատէ,
Պարգեւատու,
տխրութիւններս
ամօթական.
Վերցուր
ինձմէ,
Ողորմած,
ծանրութիւններն
անկըրելի.
Անջրպետէ,
Հընարաւոր,
վարժութիւնները
մահաբեր.
Աւարի
տուր,
մի՛շտ
Յաղթող,
հաճութիւնները
Խաբողին.
Ինձմէ
հեռո՛ւ
տար,
Վերնային,
մառախուղը
Մոլորեալին.
Կնքէ,
Կեցուցիչ,
ընթացքները
Կորուսչին.
Ցրուէ,
Ծածկատես,
չար
հընարքներն
Ըմբռնողին.
Խորտակէ,
Անքննին,
մղումները
Մարտնչողին։
Տեառնագրէ
քու
անունովդ
լուսանցոյց
երդն
իմ
յարկին,
Պարփակէ
քու
ձեռքովդ
առաստաղն
իմ
տաճարին,
Գըծագրէ
քու
արիւնովդ
մուտքը
սեմին
սենեակիս,
Կերպացուր
քու
նըշանդ
հետքին
վըրայ
մաղթողիս,
Ամրացուր
քու
աջովդ
իմ
հանգստեանըս
խըշտին,
Մաքրագործէ
հաղբերէն
ծածկարանն
իմ
անկողնոյն,
Պահպանէ
քու
կամքովդ
տառապեալ
անձն
իմ
հոգւոյս,
Անխարդախ
ընծայէ
շունչը
շնորհուած
իմ
մարմնոյս,
Կեցընես
ինձ
շրջափակ
խումբը
զօրքիդ
երկնային,
Կարգես
արգելք
դեւերու
դաստակներուն
ալ
ընդդէմ:
Ուրախութեան
տուր
հանգիստ
մահահանգոյն
իմ
քունին
խորութեան
մէջ
գիշերիս,
Բարի
խօսքովն,
հայցուածովն
Աստուածածին
սրբուհւոյն
եւ
ընտըրեալ
սուրբերուդ։
Ամփոփեալ
պարուրէ
պատուհաններն
իմ
աչքին
—
Ըզգայարանք
իմացման
—
Անզարհուրելի
զետեղմամբ,
խըռովքներէ
մշտածուփ,
Ըզբաղմունքէն
առօրեայ,
անրջական
երազէն,
Ցընորքներէն
խօլական,
Յիշատակովը
յոյսիդ
անվնասելի
պաշտպանուած:
Ու
ըսթափած
վերստին
ծանրածանր
ննջումէն,
Ամենազգաuտ
արթնութեամբ,
Հոգենորոգ
զուարթութեամբ
Դէպ
քեզ
արձանացած,
Ձայնն
այս
մաղթանքին
հաւատքի
բուրմամբ
Քեզ`
ամենօրհնեալ
Արքայ
փառքերու,
Երկինք
առաքել,
Քեզ
փառաբանող
ու
երկնագումար
խումբին
երգակից,
Զի
դուն
փառաւորուած
ես
բոլոր
արարածներէն
Յաւիտեանս
յաւիտենից
ամէն։
/226/
ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄ
(ՅԱՏԱԿԱԳԻԾ)
1.
Զետեղել
երկու
հատուածները
իրենց
գլուխներուն
մէջ,
փնտռելով
կապերը
(եթէ
կան):
Ծանօթացնել
գիրքը
իր
մեծ
գիծերով։
2.
Խօսիլ
—
1.
Առատութիւն,
2.
Կուտակում,
3.
Ուժ,
4.
Յանդգնութիւն,
5.
Թռիչ
բառերուն
վրայ
որոնք
յատկանիշներն
են
գրելու
այս
ձեւին։
3.
Գտնել
հատուածներուն
1.
Մայր,
2.
Երկրորդական
գաղափարները։
4.
Ի՞նչն
է
ամէնէն
առաջ
մեր
ուշադրութիւնը
գրաւողը
այս
ոճին
մէջ։
5.
Ի՞նչ
կը
խորհիք
Նարեկացիի
երեւակայութեան
մասին։
6.
Ինչո՞ւ
Նարեկացին
բանաստեղծ
կ՚անուանեն:
7.
Բաղդատեցէք
Ալիշանի
եւ
Նարեկացիի
կրօնական
զգայնութիւնը.
(Ալիշան՝
1.
Շնորհ,
2.
Խելօք
ու
համակերպուն
տրտմութիւն,
3.
Հանդարտ
ու
քիչ
մըն
ալ
պուրժուա
յոյս,
4.
Հայ-քրիստոնեայ։
Նարեկացի՝
1.
Վայրագութիւն,
2.
Ահաւոր
անդոհ,
3.
Անապատականի
նիհար
յոյս,
4.
Հայ-քրիստոնեայ
(ոչ
արդի
առումով)։
ՇԱՐԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Ցաւակցութեան
նամակ
մը
1.
Ինչպէս
միշտ,
հոս
ալ
մասնաւորել
անձը
որուն
պիտի
ուղղէք
ձեր
նամակը։
Ձեզի
շատ
լաւ,
իր
բնաւորութեան
բոլոր
կողմերովը
ծանօթ
մէկը
ընտրեցէք:
Կընայ
այդ
անձը
ըլլալ
ձեզի
տարեկից
կամ
ձեզմէ
մեծ։
Թելադրող
զգացումը
նոյնը
կը
մնայ։
Արտայայտութեան
քանի
մը
տարազներ
կը
փոխուին
շատ
շատ։
2.
Կորուստին
գովեստը:
Գացող
ամէն
բան
անուշ
կ՚ըլլայ։
Գովեստը
այդ
մասին
անտեղի
չի
գար։
Ձեր
նամակը
կարդացողը
արդէն
զինաթափ՝
(մուտքի
բարակրաֆին
մէջ
ցոյց
տրուած
մտերմութիւնը
մեծ
դեր
ունի
այս
պատրաստութեան
մէջ)
պիտի
հետեւի
ձեր
մղումին,
դառնալու
համար
մտածումներու
այն
զառիթափին
որ
ընդունուած
ճշմարտութիւններէն
ու
անձնական
ցնցումներէն,
յուզումներէն
զինքը
պիտի
տանի՝
3.
Իրականութեան:
Մահուան
հետ
երկարաձգուող
մտերմութիւն
մը
վնասակար
է
միշտ։
Կեանքը
պարտականութիւն
մըն
է։
Ուրեմն
շատ
իրաւացի
կերպով
մը
դուք
կրնաք
ձեր
վշտահար
բարեկամը
հրաւիրել
օրուան
իրականութեան։
Ճարտարօրէն
դրէք
անուններ,
գործեր,
ձեռնարկներ
որոնք
պէտք
ունին
անոր
կորովին
ու
աշխատութեան։
4.
Ընդհանուր
խօսքեր
որոնք
մահն
ու
կեանքը
շօշափեն,
առանց
տափակ
ըլլալու:
5.
Բոլորովին
մասնաւոր
պարագայ
մը,
իրական
ու
պատեհ,
մէջտեղ
դնել
յանկարծ:
6.
Մաղթանքներ
որոնք
հասարակ
տեղիք
չըլլան
ու
նամականի
չհոտին
մանաւանդ։
/227/
ԽԵ.
ԴԱՍ
ՓԱՐՒԱՆԱ
I
Բարձրագահ
[128]
Աբուլն
ու
Մթին
[129]
սարեր
Մէջք
մէջքի
[130]
տըւած
կանգնել
վեհափառ,
Իրենց
ուսերին,
Ջաւախքից
[131]
էլ
վեր՝
Բըռնած
պահում
են
մի
ուրիշ
աշխարհ։
Ասում
են`
էնտեղ,
արծըւի
նման,
Ծիծղուն,
կապուտակ
երկընքի
ծոցում
[132],
Նստում
էր
էն
սէգ
[133]
սարերի
արքան
Իրեն
Փարւանայ
ճերմակ
ամրոցում:
Փարւանայ
[134]
արքան
մի
աղջիկ
ուներ,
Ու
ոչ
մի
որսկան
դեռ
իրեն
օրում
[135]
Էնքան
գեղեցիկ
եղնիկ
[136]
չէր
տեսել
Իր
որսն
անելիս
Մըթին
սարերում:
Աշխոյժ
մանկութեամբ
զարդարում
էր
նա
Ծերութեան
օրերն
ու
սարերն
իր
հօր,
Ու
ապրում
էր
ծեր
արքան
Փարւանայ,
Իրեն
են
քնքուշ
ծաղկով
բախտաւոր:
Մեծ
բախտը
[137]
սակայն
առջեւըն
էր
դեռ:
Եկաւ
էն
օրն
էլ
հասաւ
երջանիկ,
Ու
ղրկեց
արքան
ուրախ
դեսպաններ
Ամէն
մի
ամրոց,
ամէն
արքունիք։
—
Ո՜րտեղ
է,
ասաւ,
էն
քաջը
թէ
կայ,
Իմ
չընաշխարհիկ
դըստերն
արժանի.
Թող
առնի
իր
ձին,
իր
զէնքն
ու
զըրահ
[138]
Գա՜յ,
ցոյց
տայ
իրեն,
իր
բախտը
տանի…
II
Հագած,
կապած
զէնք
ու
զրահ,
Ձիանք
հեծած
ամեհի,
/228/
Ահա
եկել
հաւաքւել
են
Կըտրիճները
Կովկասի
[139],
Ծեր
Փարւանայ
թագաւորի
Ապարանքի
յանդիման
[140],
Կազմ
ու
պատրաստ
ըսպասում
են
Մօտիկ
ժամին
մրցութեան
[141]:
Ըսպասում
է
ողջ
աշխարհքը՝
Եկած,
կիտուած
Փարւանա,
Թէ
ո՞ր
կտրիճն
արդեօք
պիտի
Էն
սիրունին
տիրանայ։
———
Հնչեց
փողը:
Ահա
փունջ-փունջ
Դըրանիկներ,
նաժիշտներ,
Ահա
աղջիկն
իր
նազելի
Ու
թագաւորն
ալեհեր
[142],
Հայրը՝
ինչպէս
մըռայլ
մի
ամպ,
Աղջիկն՝
անուշ
մի
լուսին,
Ամպ
ու
լուսին
իրար
փարւած`
Դուրս
են
գալի
միասին։
Հառաչում
է
ողջ
[143]
աշխարհքը,
Կտրիճները՝
քարացած,
Երազների
մէջ
են
ընկնում՝
Էս
աշխարհքից
վերացած:
———
(Հոս
կը
խօսի
թագաւորը
իր
աղջկան
եւ
կը
ներկայացնէ
թեկնածուները։
Աղջիկը
պիտի
ընտրէ
ամէնէն
քաջը
եւ
իր
խնձորը
պիտի
տայ
անոր։
Բայց
աղջիկը
չախորժիր
կռիւէն):
—
Գուցե,
հայրի՛կ,
տկար
լաւին
Յաղթի
մի
վէս
տըմարդի
[144],
Բայց
չի
կարող
լինել
երբեք
Նա
սիրելին
իմ
սըրտի…
Ու
տղաքը
կը
կրկնեն.
—
Գա՞նձ
ես
ուզում,
ոսկի՞,
արծա՞թ,
Անգին
քարեր
ու
գոհա՞ր.
Ա՞ստղ
ես
ուզում,
էլ
երկընքից
Վար
կը
բերենք
քեզ
համար։
/229/
Բայց
աղջիկը
կ՚ուզէ՝
Անշէջ
հուրը
սրբազան
[145],
Ո՛վ
կը
բերի
անշէջ
հուրը
Նա
է
ընտրած
իմ
փեսան…
Ասաւ
աղջիկն,
իրար
անցան
Կըտրիճները
քաջարի,
Ձիանք
հեծած
թըռան
հապճեպ
Դէպի
չորս
կողմն
աշխարհի.
Թըռա՜ն,
շուտով
գըտնեն,
բերեն
Անշէջ
հուրը
աղջըկան.
Բայց…
տարիք
[146]
են
գալի՜ս,
գընո՜ւմ,
Նըրանք
չըկան
ու
չըկան։
———
—
Հայրի՛կ,
ինչո՞ւ
ետ
չըդարձան
Էն
քաջերը
սիրատենչ
[147].
Միթէ,
հայրիկ,
ինձ
մոռացա՞ն,
Էլ
չեն
բերել
հուրն
անշէջ:
—
Ո՛չ,
իմ
դըստրիկ,
կըգան
անշուշտ,
Ու
կը
բերեն
էս
տարի։
Կըռիւներով
արիւնըռուշտ
Լիքն
է
ճամբէն
քաջերի։
Ո՜վ
իմանայ
[148],
պէտք
է
անցնեն
Մութ
աշխարհքից
[149],
Սեւ
Ջրից
[150],
Ո՜վ
իմանայ,
պէտք
է
փախցնեն
Եօթ
գլխանի
դեւերից
[151]:
Անց
է
կենում
դարձեալ
տարին։
Նայում
է
կոյսն
ամեն
օր.
—
Ո՞ւր
է,
հայրիկ,
ե՞րբ
կըգայ
նա,
Սարից
թըռած
ձիաւոր:
Միշտ՝
երազում,
ես
տեսնում
եմ
Էն
հերոսին
ապագայ,
Հուր
կարօտով
թըռած
իմ
դէմ.
Լուսանում
է…
ու
չըկայ։
—
Կըգայ,
դիստրիկ
իմ
թանկագին
/230/
Հեշտ
[152]
չի
բերւում
հուրն
անշէջ,
Շատ-շատ
անգամ
բերող
հոգին
Ինքն
է
այրւում
նըրա
մէջ…
Անց
է
կենում
դարձեալ
տարին։
Նայում
է
կոյսն
ամեն
օր.
Ոչ
մի
սարից,
ոչ
մի
ճամբում
Չի
երեւում
ձիաւոր:
—
Հայրի՛կ,
հայրիկ,
մի՞թէ
չըկայ
Էս
աշխարհքում
անշէջ
հուր.
Թառամում
է
սիրտըս
ահա
Պաղ
է
այս
կեանքն
ու
տըխուր…
Էլ
չի
խօսում.
մըռայլ,
տըրտում,
Լուռ
է
արքան
ալեւոր.
Սեւ-սեւ
ցաւերն
իրեն
սըրտում՝
Միտք
է
անում
[153]
գլխակոր:
IV
Էսպէս
անցան
շատ
տարիներ.
Տըխուր
աղջիկն
արքայի,
Նայե՛ց,
նայե՜ց
սարերն
ի
վեր,
Ճամբաներին
ամայի.
Յոյսը
հատաւ…
ու
լաց
եղաւ.
Էնքան
արաւ
լաց
ու
կոծ,
Որ
լիճ
կտրեց
արտասուքը,
Ծածկեց
քաղաքն
ու
ամրոց։
Ծածկե՜ց,
կորա՜ն,
ինքն
էլ
հետը…
Այժըմ
էնտեղ
տըրտմաշուք
Խոր
Փարւանայ
լիճն
է
ծըփում,
Յըստա՜կ,
ինչպէս
արտասուք,
Ու
էն
վըճիտ
ջըրերի
տակ
Ցոյց
են
տալի
մինչ
էսօր
Ծեր
արքայի
ճերմակ
ամրոցն
Ու
շէնքերը
փառաւոր
[154]:
***
Ասում
են,
էն
թիթեռները,
/231/
Որ
գիշերուայ
խաւարում,
Որտեղ
ճըրագ,
որտեղ՝
կըրակ,
Որտեղ
լոյս
է
հէնց
վառւում,
Հաւաքւում
են,
շուրջը
պատում,
Մէջն
են
ընկնում
խելագար,
Ասում
են
թէ
էն
Փարւանայ
Ջահիլներն
[155]
են
սիրավառ:
Ըշտապելուց
թեւ
են
առել,
Դարձել
թեթեւ
թիթեռներ,
Ու
տակաւին
հուր
տեսնելիս՝
Մէջն
են
ընկնում
անհամբեր.
Ջանք
է
անում
ամէն
մինը
Շուտով
տանի
տիրանայ…
Ու
այրւում
են,
այրւո՜ւմ
անվերջ
Կըտրիճները
Փարւանայ:
(Բանաստեղծութիւններ)
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ
ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ
[156]
ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄ
Ա.
1.
Քերթուածին
տեսակը՝
չափուած
զրոյց։
Նկարագիրներ՝
1.
Նախնականութիւն։
2.
Խորք։
3.
Բարքեր։
4.
Արուեստի
տարր:
Բ.
2.
Քերթուածին
մասերը՝
1.
Շրջանակ։
2.
Տիպարներ։
3.
Գործողութիւն։
4.
Խորհուրդ։
(Քերթուածին
գնացքը
չի
հետեւիր
այս
մասերուն
պահանջներուն)։
/234/
Ա)
—
Շրջանակ։
Շրջանակը
շատ
զուսպ
գիծերու
մէջ
զետեղուած
է։
Պատճառը՝
սեռին
պահանջն
է։
Նախնական
այս
քերթուածները
չեն
կրնար
դանդաղիլ
նկարագրելու
համար
մանաւանդ
արտաքին
բնութիւնը։
Մշակուած
դիւցազներգութիւնները
արտօնուած
են
այդ
շռայլութեանց։
Զրոյցի
ամբողջ
ընթացքին
քանի
մը
ցուցմունքներ
պիտի
բաւեն
որպէս
զի
կտորը
օդին
մէջ
առկախ
ձեւ
մը
չունենայ։
Թումանեան,
իր
պզտիկ
միջոցներով,
յաջողած
է
նորէն
մեզի
պատկերել
իր
զրոյցին
գետինը։
Յատուկ
անունները
մեծ
նպաստ
են
ատոր։
Բ)
—
Տիպարներ։
Զրոյցներու
մէջ
զեղջումի,
պարզումի
դարաւոր
աշխատանք
կայ
կատարուած։
Այնպէս
որ
տիպարներէն
այնքան
բառ
կ՚առնուի,
որքան
անհրաժեշտ
է
գործողութեան։
(Մի՛
մոռնաք
որ
գործողութիւնը
մեծագոյն
առաքինութիւնն
է
բոլոր
ժողովրդական
յօրինումներուն)։
ա)
—
Ո՞վ
է
այս
արքան:
Զայն
կը
տեսնենք
իր
ծերութեան
օրերուն:
Ոչ
մէկ
մանրամասնութիւն՝
որ
զայն
անհատի
մը
շնորհին,
խստութեանց,
իրականութեան
մօտեցնէր։
Ածական
մը
միայն`
մռայլ,
կուգայ
անոր
թագաւորի
շուք
տալու:
Նոյնիսկ
ատեն
չունի
վշտաբեկ
հայր
մը
ըլլալու
երբ
ճակատագիրը
այնքան
անողոք
տարտամութեամբ
կը
հարուածէ
զինքը
իր
աղջկանը
բախտին
մէջ։
Այս
անորոշութիւնը
մեզ
չի
վիրաւորեր
սակայն։
Մենք
գոհ
ենք
տրուածով։
Վասնզի
իր
անձը
տիրական
դէմքը
չէ
հէքիաթին։
բ)
—
Ո՞վ
է
այդ
աղջիկը:
Ծերութեան
ծաղիկը
Փարւանայ
Արքային։
Մանրամասնութի՞ւն։
—
Անշուշտ
աւելի՝
քան
ինչ
որ
տեսանք
թագաւորին
մօտ։
Բայց
նորէն
անիկա
զուրկ
է
այն
գիծերէն
որոնք
աղջիկ
մը
իրական,
տեսանելի
կ՚ընեն։
Մարդկային
է
անիկա
իր
երկար
ու
յուսահատ
սպասումին
մէջ։
Մարդկային
է
դարձեալ
երբ
իր
արցունքներով
ծով
կը
շինէ,
ու
ինքզինքն
ու
ամրոցը
կը
թաղէ։
Կին
է՝
իր
հետաքրքրութիւններով։
Քիչ
մը
տիրացու՝
ուժին
դէմ
իր
հեստութեամբը։
Յատկութիւններու
այս
թուումը
անկէ
չառներ
հէքիաթի
իրականութիւն
մը,
ոչ
ալ
անոր
կ՚ապահովէ
մարդկայնական
տոկունութիւն
մը։
Այս
ամէնը՝
վասնզի
զրոյցները
շատ
ժուժկալ
են։
Ու
հոս
է
իրենց
հրապոյրներուն
կարեւոր
գաղտնիքներէն
մէկը։
գ)
—
Նոյն
հարցումը
նաեւ
կտրիճներուն
համար։
Բայց
ասոնք
արդէն
կը
միջամտեն
իբր
գործողութեան
դերակատարներ,
ու
կը
մնան
ամէնէն
կենդանի
խումբը
անձերուն
մէջ։
Անոնք
խօսիլ,
հարցնել,
սուզուիլ
գիտեն։
Ու
մարդ
են
անոնք
իրենց
անխելքութեան,
ինչպէս
հերոսութեան
գիծերով։
Հէքիաթը
կը
գոհանայ
երբ
երիտասարդ
մը
անխելք
ու
բարի,
ասպետ
ու
զոհուող
նկարէ։
3.
Գործողութիւն:
Զրոյցները
կ՚ապրին
գործողութեամբ։
Նախնական,
այո՛,
բայց
արագ,
կենդանի,
իրական
ու
ժողովրդային
թափով
մը,
գոհացում
տալու
համար
միամիտ
հետաքրքրութեանց
որոնց
ուղղուած
էր
ան։
Այս
քերթուածին
ամէնէն
յաջող
կողմն
է
այս
պրկուած
ու
քալուկ
գործողութիւնը։
Անիկա
կը
պակսի
մուտքին
մէջ
միայն
ուր
բանաստեղծը
բացատրող
ըլլալու
ստիպուած
է,
ճիշտ
թատրերգութեան
մը
առաջին
արարին
նման։
Մնացեալ
մասերուն
մէջ
անիկա
պէտք
չունի
ուրիշ
կողմնակի
միջոցներու։
Տիպարներու
պարզումն
ու
շրջանակին
սղումը
աւելի
ցայտուն
կ՚ընեն
անոր
քալուածքը։
Մի
մոռնաք
որ
Թումանեանի
քերթուածներուն
շատ
շատը
այս
արուեստով
գրուած
են։
/235/
4.
Խորհուրդ։
Երբեմն
շատ
որոշ,
երբեմն
շատ
տարտամ,
ժողովրդական
ամէն
յօրինում
իր
մէջ
կը
ծածկէ
իմաստութեան
ծուէն
մը։
Հոս՝
երազին
ետեւէն
անհաշիւ
վազքն
է
մեր
սրտին
որ
կը
պատուհասուի։
Գ.
Քերթուածին
արուեստը:
1.
Պատմական։
Նոր
սկսող
գրականութիւնները
շատ
կ՚ախորժին
այս
ձեւ
յօրինումներէ։
Ռուսահայ
գրականութիւնը
պատեհութիւն
ունէր,
իբր
այդ,
օգտուելու
հանգամանգներէն։
ա)
—
Ժողովուրդ
որ
շատ
աւելի
հարազատ
պահած
է
իր
մէջ
ազգային
նկարագիրը։
բ)
—
Շրջավայր
որ
մեր
պատմական
հայրենիքն
է,
ու
մեր
հոգիին
գերագոյն
գետինը
կը
շինէ։
գ)
—
Զրոյցներ
որոնք
կենդանի
եւ
հարազատ
են
քանի
որ
նման
յատկութիւններով
տոգորուն
իրականութեան
մը
վերեւ
կը
սաւառնին։
դ)
—
Միջոցներ
որոնցմէ
գլխաւորը՝
լեզուն,
ընդունակ
է
այդ
սկսող
նկարագիրը
լիովին
ընդգրկելու
եւ
տալու։
ե)
—
Իմացական
ճնշում
որ
շատ
մօտիկն
է
հէքիաթին
կարելիութեանց։
(Արեւմտահայ
գրականութիւնը
շատ
շուտ
յեղաշրջուեցաւ,
ու
իր
փորձերը
հարազատ
գործ
մը
տալու
վրիպեցան
դժնդակ
ձախողանքի
մը
մէջ)։
2.
Նկարագիրներ:
ա)
—
Նախնականութիւն:
Դասական՝
յօրինում
ու
խորքով։
բ)
—
Ցեղային:
Հարազատութիւն:
գ)
—
Բանաստեղծականութիւն։
Իրականութիւնը
լուսաւորել
երազով:
դ)
—
Հրաշալի։
Անհրաժեշտ
մթնոլորտը
որ
կը
հաւասարակշռէ
հէքիաթին
բոլոր
տարրերը
ու
կարելի
կ՚ընէ
անոր
երեսները:
ՇԱՐԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Զրոյց
մը
Թելադրութիւններ:
1.
Զգուշանալ
երկար
պատմումէն:
2.
Երբ
հէքիաթը
շինուած
չի
գար
մեզի
ժողովուրդէն,
հրաժարիլ
զայն
փոփոխելէ։
3.
Ատանկ
պարագայի
մը՝
ծանրանալ
աւանդութեան,
տեղի
մը
հետ
կապուած
նախապաշարումի
մը
վրայ:
Արդի
արարողութիւնները
ձեզ
կ՚առաջնորդեն
գտնելու
համար
զրոյցին
ցեղային
կէտը։
4.
Շատ
աւելի
պարկեշտ
գործ
է
կեդրոնանալ
գոյ
անունի
մը
մէջ։
(Աղբիւր
մը,
ծառ
մը,
ջրհոր
մը,
մատուռ
մը
միշտ
աւելի
վաւերական
են)։
5.
Զգուշանալ
գռեհիկ
պատմութիւններէն։
6.
Զանազանել
ինչ
որ
օտարէն
կուգայ։
[1]
Դուռ
=
Պոլիս,
Բարձրագոյն
Դուռ
կը
կոչուէր
այն
շէնքը
ուր
նիստ
կ՚ընէր
պետական
աւագանին։
Բացի
շէնքէն
բառը
կը
խորհրդանշէր
նաեւ
իշխանութիւնը։
[2]
Էտիրնէ-Գաբու
=
Պոլսոյ
հին
պարիսպին
դուռներէն
մէկը։
Այդ
դուռներուն
մօտիկ
կազմուած
թաղերը
կոչուած
են
այդ
անուններով։
[3]
Գանկաբանութիւն
=
ենթադրական
գիտութիւն,
գանկին
կազմով՝
խելքը
գիտնալ
յաւակնող։
[4]
Դրօշ
=
դրօշները
հայրենիքէն
դուրս
կը
ներկայացնեն
երկիրը:
Հոս՝
անգլիական
կայսրութիւնը։
[5]
Կաշեգօտի
=
ջրհանկիրներուն
յատուկ
երկաթեայ
մասերով
գօտի
որ
դասակարգին
զէնքն
էր
նոյն
ատեն։
(Տե՛ս
այս
գիրքին
մէջ
Օհան
Րէիզ,
Մ.
Չերազի
կտորը,
էջ
27):
[6]
Խրիմ
=
թերակղզի՝
Սեւ
եւ
Ազովի
ծովերէն
կազմուած։
1854ին
անգլիացիք
եւ
ֆրանսացիք
թուրքերուն
միացած,
պատերազմեցան
ռուսերուն
դէմ,
այդ
թերակղզիին
մէջ։
[7]
«Եւ
եղեւ
երեկոյ…
=
յիշատակութիւն՝
«Ծննդոց
Գիրք»ի
առաջին
էջէն։
[8]
Մահիկ
եւ
թուրա
=
մահիկը
թրքական
դրօշին
զինանշանն
է։
Թուրա՝
պետական
զինանշանը
թուրքերուն։
Կ՚ըսուի
թէ
կը
կրէ
գիծերը
սկզբնական
ստորագրութեան
առաջին
սուլթաններուն
որոնք
գիրի
տեղ
իրենց
թաթը
կը
թաթխէին
մելանին
ու
կը
զարնէին
թուղթին
իբր
կնիք։
[10]
ՀՐԱԶԴԱՆ։
Կեղծանուններէն
մէկը
Արփիար
Արփիարեանի։
Ուսումը
առած
Մխիթարեան
հաստատութեան
մէջ
(Մուրատ-Ռաֆայէլեան)
ու
Պոլիս
դառնալով՝
հետեւած
Պէշիկթաշլեանի
եւ
այլոց
աւանդութեան։
Հիմնադիրներէն
մէկը
Արեւելք
օրաթերթին
որ
մեր
լրագրութեան
մէջ
արդիական
ուղղութիւն
մը
մտցուց։
Խմբագրած
է
ուրիշ
թերթեր
եւ
հանդէսներ
(Մասիս,
Հայրենիք,
Նոր
Կեանք,
Մարտ,
Հայ
Հանդէս,
Ներկ
եւ
այլն),
գրական
եւ
հրապարակագրական
ձգտումներով։
Մեր
կորովի
հրապարակագիրներէն
մէկն
է
եղած,
ստեղծելով
շարժում
եւ
յուզումներ:
Գրական
իր
վաստակը
կը
բաղկանայ
վիպակներէ՝
որոնցմէ
մէկ
երկուքը
գլուխ-գործոց
(Կարմիր
Ժամուց,
Ոսկի
Ապարանջան),
քրոնիկներէ՝
Օրուան
Կեանքը,
Հողուըրտիք
ընդհանուր
տիտղոսներով,
երգիծական
յաջողակ
կտորներէ՝
որոնց
մէկ
կարեւոր
մասը
ստորագրած
է
Սկեպտիկ
կեղծանունով։
Արփիարեանին
գործը
կը
մնայ
մեծ
մասով
ցրուած
մամուլի
էջերուն։
Ն.
Գ.
Բ.
ը
հրատարակած
է
հատոր
մը
միայն
անկէ։
Վիպակներէն
մաս
մը
տպուած
էր
իր
ողջոցը։
Սպաննուած
է
եղբայրադաւ
գնդակէ
Գահիրէի
մէջ
(1852-1908)։
[11]
Ձիթենեաց
լեռ
=
խոնարհ
բլրակ
մը՝
Երուսաղէմի
արեւելեան
կողմը։
Այսօր
զուրկ
բուսականութենէ,
հաւանաբար
Յիսուսի
ժամանակ
բլուրը
ծածկուած
էր
ձիթենիի
ծառերով։
Նշանաւոր
սրբավայրերէն
մէկն
է
Քրիստոնէութեան,
իբր
Համբարձման
վայր
Քրիստոսի։
Միջցեղեան
նախանձը
(տնօրինական
տեղերու
տիրացման
պայքար
է
մղուած
գլխաւորաբար
հայերու,
յոյներու
եւ
լատիններու
միջեւ)
արգիլած
է
տեղին
վրայ
յիշատակարանի
մը
փառքը։
Համբարձման
քարը
«մեշճիտ»ով
մը
ծածկուած
է
(իսլամական
մատուռ)։
[12]
Համբառնալ
=
երկինք
բարձրանալ:
Հեղինակը
տեսակ
մը
բառախաղ
կը
փորձէ
լեռ
բարձրանալը
մօտեցնելով
պատմական
Հրաշքին,
թելադրուած
տեղին
անունէն։
[13]
Կախաղնաւոր
ամբարտակ
=
ակնարկութիւն
Բաբելոնի
առկախեալ
պարտէզներուն։
Նմանութիւնը
չ՚արդարանար,
քանի
որ
այդ
տեսակ
պատկեր
մը
չի
թելադրեր
տեղը։
Ամբարտակ՝
բարձրութիւն
որ
կը
թուի
անջատուիլ
մեծղի
զանգուածէ
մը։
[14]
Նիւթացում
=
բանաստեղծութիւնը
կը
մարմնանայ
ամբարտակի
ձեւով։
[15]
Հերոնիմոս
=
չորրորդ
դարու
քրիստոնեայ
հայրապետ՝
որ
գրած
է
առաջին
համաբարբառը։
Հալածուած
պաշտօնական
եկեղեցիէն։
Նշանաւոր՝
իր
թարգմանութիւններով
եւ
ինքնագիր
գիրքերով։
[16]
Յուստինոս
=
հեղինակը
Քրիստոնէական
կրօնքի
ջատագովականի
մը։
Լարուս
[17]
Տանկրէտ
=
խաչակրութեան
նշանաւոր
ասպետներէն
մէկը՝
որուն
Երուսաղէմ
յաղթական
մուտքը
նիւթ
տուած
է
բանաստեղծական
մշակման։
[18]
Իգնատիոս
Լոյոլա
=
նշանաւոր
սպանիացի
վանական,
հիմնադիրը
Յիսուսեան
կրօնաւորական
կարգին,
որ
բողոքականութեան
դէմ
պայքարելու
դերը
ստանձնեց
եւ
ԺԶ.
դարէն
սկսեալ
մինչեւ
ԺԹ.
՝
իր
ձեռքին
տակ
պահեց
կաթոլիկ
երկիրներու
եկեղեցին։
Կը
նկատուի
մեծ
հոգեբան,
առաջնակարգ
զինուոր
եւ
մեծագոյն
դէմքերէն
մէկը
բոլոր
ժամանակներու:
[19]
Վկայ
=
կը
կոչուէին
քրիստոնեաները՝
որոնք
հեթանոսութեան
հալածանքներու
ժամանակ
անվախ
կը
վկայէին
Քրիստոսի
Աստուածութիւնը,
նահատակուելու
ստոյգ
որոշմամբ։
Երկու
բառերը,
նահատակ
եւ
վկայ,
զիրար
կը
փոխանորդեն։
[20]
Աստուածարած
=
ունինք
աստուածարեալ
անցեալ
ընդունելութիւն
ածականը։
Բային
միւս
ձեւերը
(խոնարհման)
չեն
գործածուիր։
[21]
Յողջոյն
գեղոյ
=
գեղեցկութեան
ողջոյնով։
Մրմրեան
կը
պատկանի
գրողներու
այն
խումբին
որոնք
Մ.
Գարագաշեանի
գլխաւորութեամբ
նպատակ
ունեցան
արդի
աշխարհաբարին
մէջ
գրաբարի
քերականական
ձեւեր
պատուաստել։
Շարժումը
ձախողեցաւ
իրապաշտներու
կորովի
հակազդեցութեամբ:
[22]
Նովին
=
նոյնի
գործիականը
=
անով։
[23]
Հոգեկեցոյց
=
հոգին
ապրեցնող
(վանքեր,
սրբավայրեր):
[24]
Գեթսեմանի
=
Երուսաղէմի
արեւելեան
կողմը
ձորակի
մը
երկու
կողմերն
ի
վեր
պարտէզներ։
Արեւելեան
կողմը
կը
կազմէ
Ձիթենեաց
լերան
զառիթափը։
[25]
Կեդրոն
=
անունն
է
վերի
ձորին
երբ
ան
կը
շարունակուի
դէպի
Երուսաղէմի
վարերը,
չափազանց
վայրագ,
այրեցաւեր
տեսարաններ
յօրինելով,
այնքան
որ
եբրայական
աւանդութիւնը
զայն
մուտքը
կը
համարէ
գեհենին։
[26]
Անկիւնակալ
=
անկիւն
բռնող։
[27]
Նկարչօրէն
բունել
=
բոյնի
պէս
զետեղուիլ։
Նկարչօրէն՝
«pittoresque»
բառն
է
որ
կը
նշանակէ
նկարելու
վայել,
ընտրեալ
պատկեր։
[28]
Մզկիթ
=
արաբերէն
«մէշճիտ»
բառին
հայացումը։
[29]
Շուրջ
=
նախադրութիւն
մըն
է
գրեթէի
իմաստով։
Հոս՝
ածական՝
շրջանակի
իմաստով։
[30]
Մովաբ
=
անունը
լեռներուն
որոնք
Մեռեալ
ծովի
արեւելեան
ափունքն
ի
վար
կ՚երկարին։
[31]
Վաղափուլ
=
հին
ատեն
փլած,
ակնարկութիւն`
Մեռեալ
ծովը
գրաւող
քաղաքներու
կործանումին
(Սոդոմ,
Գոմոր).
(չմոռնալ
վաղին
միւս
իմաստը՝
շուտ,
կանուխ)։
[32]
Վերելակել
=
սանդուխէ
վեր
ելլել։
Այժմէական
գործածութեամբ՝
«ասանսէօր»ով
բարձրանալ։
[33]
Ճոճուն,
երերուն
եւ
մոլորուն
ածականները
կը
թելադրեն
բարձր
աշտարակներու
մէջ
տպաւորութիւններ:
Մոլորունը
տեղի
զգայնութեանց
աղաւաղումն
է
մեր
մէջ։
[34]
Երկօրեայ
=
երկու
օրուան
տեւողութեամբ
տարածութիւն։
[35]
Մեռեալ
Ծով
=
Երուսաղէմի
արեւելքը
եւ
Մովաբի
ստորոտը
խորունկ
փոս,
աղտաղտին
եւ
մեռած
ջուրերով։
Երկայնութիւն`
8
ժամ:
Առաւելագոյն
լայնք՝
1-
2
ժամ։
Ծովի
մակերեսէն
մօտ
400
մէթր
ցած
մակերես։
Առաւելագոյն
խորութիւն
370
մէթր։
Իր
ջուրը
35%
կը
պարունակէ
աղային
նիւթեր,
որով
կը
ներկայանայ
աշխարհի
ամէնէն
աղի
ջուրը:
Արդի
ճարտարարուեստը
կը
շահագործէ
անոր
զանազան
կարգի
հանքային
հարստութիւնները։
[36]
Խանձեալ
ձորեր
=
այրուած։
Տեղական
գոյն
տուող
պատկեր
մըն
է։
[38]
Անապատական
շնչմունք
=
անապատէն
փչած
հովեր,
տաք
եւ
խղդող,
կանոնաւոր
(պարբերական)
ժամանակներով։
[39]
Սահարայական
=
Ափրիկէի
կեդրոնական
անապատը՝
Սահարա՝
որ
կը
նկատուի
ցամքած
ծովի
մը
յատակը,
Եւրոպայի
կէսէն
աւելի
ընդարձակութեամբ։
[40]
Հուպ
ընդ
հուպ
=
իրարու
ետեւէ։
[41]
Անիր
=
մենք
պիտի
ըսէինք
անիրական։
[42]
Նաբաւ
=
լեռը՝
ուր
կ՚ըսեն
թէ
Մովսէս
մեռաւ
–
Երուսաղէմի
արեւելքը:
[43]
Երիքով
=
Մեռեալ
Ծովուն
մօտ
այսօր
գիւղակ
մը,
պատմական
քաղաքին
աւերակներովը։
[44]
Երագավազ
=
արագավազ։
[45]
Յորդանան
=
Սուրիոյ
լեռներէն
բխող
(Հերմոն)
ջուրի
ընթացք,
որ
կազմելէ
յետոյ
Գեննեսարեթի
լճակը,
կը
մտնէ
իր
անունով
կոչուած
հովիտը։
2-3
մէթր
խորութեամբ,
20-30
մէթր
լայնքով
այս
գետակը
ձմրան
կը
դառնայ
ընդարձակ
հեղեղ։
Կը
թափի
Մեռեալ
Ծով։
[47]
Մորէա
լեռ
=
Երուսաղէմի
արեւելքը
բլրակ,
որուն
վրայ
աւանդութիւնը
կ՚ընդունի
Իսահակի
զենումին
վայրը:
Հոն
Սողոմոն
կանգնեց
Եհովայի
տաճարը։
Այսօր
նոյն
տեղը
կայ
Օմարի
մզկիթը։
[48]
Քամովս
եւ
Ամովնա
=
Իսրայէլէն
առաջ
Պաղեստինի
երկրածնունդ
ցեղերը։
[49]
Յ.
Գ.
ՄՐՄՐԵԱՆ։
Արեւմտահայ
գրագէտ։
1870ական
թուականներու
ոգիին
երկարաձգումն
է
անիկա
1900էն
վերջ։
Գրած
է
արձակ
քերթուածներ,
ճամբու
տպաւորութիւններ,
գրական
եւ
պատմական
ուսումնասիրութիւններ,
մենագրութիւններ։
Իր
ոճը՝
հնադրոշմ,
քիչիկ
մը
հռետորաշունչ՝
ունի
իրեն
յատուկ
հրապոյր
մը։
Շատ
են
անունները
իր
գիրքերուն։
[50]
Սրինգիս
=
Հովուական
Սրինգ
անունով
ծանօթ
քերթողական
դիւանի
մուտքի
ձօնն
է
այս
քերթուածը։
Սրինգ
կը
խորհրդանշէ
հովիւը,
փոխաբերաբար՝
եկեղեցականը:
Յունարէն
բառ
մըն
է։
[51]
Ունջ
=
գետին,
յատակ։
Նաեւ՝
մուր:
Ունչ`
քիթ։
Ընչացք`
քիթին
տակի
մազերը։
Ժողովրդական
ձեւն
է
պինջ,
որմէ
ունինք
քիթէն,
պինջէն
գալ
ոճը`
չըմարսելու
իմաստով՝
փոխաբերաբար,
կը
նշանակէ
իր
ըրած
չարիքին
պատիժը
կրել։
[52]
Շռինչ
=
բնաձայն
բառ
մըն
է։
Կը
նշանակէ
քիչ
մը
աններդաշնակ
ձայն։
Սրինգին
հետ
այս
բառին
սա
գործածումը
քիչ
մը
կը
թուի
անհարազատ։
[53]
Անանուն
=
զոր
կարելի
չէ
որակել։
[54]
Անշարժ
մեծութիւն
=
կ՚ակնարկէ
անապատի
անխլիրտ
ընդարձակութեանը։
[55]
Յատակ
=
գոգաւոր
տարածութիւնը
անապատներուն։
[56]
Անորակ
=
զոր
կարելի
չէ
որակել,
անուանել.
աւելի
ընթացիկ
ձեւն
է
անորակելի։
[57]
Սաղմնիլ
=
սաղմն
վիճակի
մէջ
ըլլալ:
Կենդանական
գործածութեան
դէմ
կայ
բոյսերու
յատուկ
բառը՝
բեղմն:
Երկուքէն
ալ
ունինք
սաղմնաւորիլ,
բեղմնաւորիլ
բառերը։
Աւելի
ընթացիկ՝
սերմ:
[58]
Թաքչիլ
=
պահուըտիլ։
Թաքուն՝
ածականը։
Թաքթաքուր՝
հոմանիշը։
[59]
Փող
=
խողովակ։
Գիտէք
միւս
նշանակութիւնները:
[60]
Ոլորակ
=
պարոյր,
կլորութիւն,
դարձուածք։
[61]
Խորոտիկ
=
գաւառական
բառ,
աղուորիկ
իմաստով։
[62]
Հորձք
=
յորձանքին
բարոյական
առումը։
Գործածութեան
մէջ
այս
երանգը
յաճախ
չի
յարգուիր։
Նոյն
դիւրութեամբ
կը
գրենք
կիրքերու
հորձքը
կամ
յորձանքը։
[63]
ԵՂԻՇԷ
ԵՊՍ.
ԴՈՒՐԵԱՆ։
Արեւմտահայ
գրականութեան
ականաւոր
դէմքերէն
եւ
հայ
եկեղեցւոյ
մէծ
պաշտօնատարներէն
(Պոլսոյ
եւ
Երուսաղէմի
պատրիարքութիւնները
վարած
է)։
Բազմահմուտ
բանասէր,
թափանցող
քննադատ
ու
նուրբ
բանաստեղծ։
Եղբայր՝
հանճարային
տղուն՝
Պ.
Դուրեանի։
Գրած
է
քերթուածներ,
բանասիրական
աշխատութիւններ,
մատենագրական
ուսումնասիրութիւններ։
Բոլորին
մէջ
ալ
երեւան
բերելով
առաջնակարգ
յատկանիշներ
մտածման
եւ
զգացման։
[64]
Նոր
լաթ
=
վերջաբանն
է
այս
հատուածը
պատմուածքի
մը,
ուր
հեղինակը
տիպար
մը
կը
ներկայացնէ։
Մէրկէր,
ձեռք
մը
զգեստի
փոխարէն
իր
օգնութիւնը
կը
տրամադրէ՝
թաղականական
ընտրութեան
մը
ատեն՝
աղաներու,
ու
կը
ստանայ
իր
վարձքը:
Նոր
զգեստին
մէջ
անիկա
կը
տառապի
մինչեւ
որ
յուսահատ
կը
ծախէ
զանոնք,
դառնալու
համար
հին
իր
զգեստին։
Լաթը
ժողովրդական
գործածութիւն
ունի:
[65]
Յաճախանք
=
բանէ
մը
յաճախ
այցուիլ։
Ամէն
րոպէ
միտքին
մէջ
ունենալ։
Յաճախուած
տուն՝
վայր՝
ուր
նախապաշարումը
ոգիներ
յաճախել
կուտայ։
[67]
Օգտել
=
բաւել,
(ժողովրդական)։
[68]
Շաչիւն
=
մրրիկին
ձայնը
(տուէք
ուրիշ
ձայնի
անուններ):
[69]
Ինչ
խըտար
=
որքան։
Այս
թուրքերէնները
տեղական
գոյնի
համար
կը
գործածուին։
[70]
Մէթալիք
=
ղրուշին
մէկ
չորրորդը։
(Մետաղեայ)։
[71]
Մենծ
աղայութիւն
=
թուրքերէն
աղա
բառէն։
[72]
Թրջել
(լաթ,
տուն,
պաշտօն
եւայլն)
=
նոր
բանի
մը
առիթով
կերուխում
ընել։
[74]
Մ.
ԿԻՒՐՃԵԱՆ։
Արեւմտահայ
գրագէտ։
Գրած
է
երգիծական
յաջող
վիպակներ,
քրոնիկներ,
թատրերգութիւններ
(աշխատակցութեամբ
Տ.
Կամսարականի
եւ
Երուանդ
Օտեանի։
Վարած
է
հանդէսներ։
Սուր,
հնգնող
իր
ոճը,
նկարուն
ինչպէս
նրբահիւս,
1900էն
վերջը
եղաւ
ուշագրաւ:
Մինչեւ
այսօր
չէ
դադրած
գրելէ
թերթերու
մէջ։
[75]
Սրտի
խորերէն
Աստուծոյ
հետ
խօսք
(Ի
խորոց
սրտի
խօսք
ընդ
Աստուծոյ)
=
ընդհանուր
վերնագիրը
Նարեկի
բոլոր
աղօթքներուն։
[76]
Դառնացած
=
բնագիրը
կը
գործածէ
դառնացող
որ
կը
նշանակէ
ա.
Ժանտ,
լեղի,
խեռ:
բ.
Աստուած
բարկացնող։
—
Արդի
լեզուին
մէջ
դառնացածը
տարբեր
իմաստ
ունի։
[77]
Ամօթահար
=
բնագրին
մէջ՝
պատկառեալ
դիմօք:
Պատկառանք՝
ա.
խպնիլ։
բ.
Ամօթ։
Պատկառիլ`
ամչնալ։
Արդի
լեզուին
մէջ`
ակնածիլ,
քաշուիլ։
(Մեղմացում
իմաստի)։
[78]
Պատկառանք
=
տե՛ս
վերը։
[79]
Տխրութիւն
=
ամօթալից
գործքերուն
հետեւող
տրտմութիւնը։
[80]
Ծանրութիւն
=
ճնշում՝
որ
կիրքերուն,
ցանկութիւններուն,
մեղքերուն
արդիւնքն
է
մեր
մէջ։
[81]
Գրգանք
=
բնագիրը
կը
գործածէ
խաբողին
հաճութիւնները.
խաբողը՝
սատանան։
Հաճութիւնք՝
հաճելի
ու
դիւր
ձեւեր
որոնցմով
կը
յաջողի
մեզ
գրաւել։
Գրգանքը
գիտենք
արդէն։
[82]
Հնարաւոր
=
ա.
Հնարք,
միջոցներ
ունեցող։
բ.
Կարելի:
[83]
Մահացու
մղում
=
բնագիրը
կը
գործածէ
«մահացու
կրթութիւն»:
Կրթութիւն՝
վարժութիւն,
հրահանգ,
փոյթ։
Սովորութիւններ
որոնք
մահուան
կը
տանին։
[84]
Կատղած
=
սատանան։
Հատուածին
սկիզբէն
մինչեւ
վերջը
բոլոր
այս
կարգի
ածականները
սատանան
կ՚որակեն։
[85]
Կորուսիչ
=
կորուստի
տանողը՝
սատանան։
[86]
Ըմբռնող
=
բռնող։
(Սատանան)։
Արդի
լեզուին
մէջ՝
մտքով
բռնող։
[87]
Ծուղակ
=
վարմ,
որոգայթ,
թակարդ,
հաղբ,
ուռկան։
Բոլոր
այս
բացատրութիւնները
կ՚աշխատին
փորձութեան
մեծ
սարսափը
զգալի
ընել
որով
տառապեցան
մենակեացները
Միջին
դարուն։
[88]
Անքնին
=
ան
+
քնին։
Անքննելի։
[89]
Դիմեցում
=
վազք,
տեղ
մը
դիմել։
[90]
Տեառնագրել
=
խաչով
օրհնել։
Երեսը
խաչ
հանել:
[91]
Երդին
լուսանցոյցը
=
երդին
մէջ
փորուած
պզտիկ
պատուհան։
Զայն
ծածկող
առարկան։
Երդ՝
տանիք։
[92]
Սրահ
=
բնագիրը
կը
գործածէ
տաճար
որուն
ծանօթ
ենք
արդէն:
[93]
Սեմ
=
նախապաշարումներու
մէջ
սեմը
մեծ
հմայք
մը
ունի։
Կախարդներուն
առաջին
գործն
էր
սեմերը
կապել։
(Սեմին
տակը
պահ
դնել
կախարդական
հմայքներ)։
Սեմ
պահել`
հեթանոսական
տարողութեամբ
ոճ
մը
կը
թուի:
[94]
Խաչիդ
ձեւը
դիր
աղօթողիս
ճամբուն
վրայ
=
Սարսափի
զգայութիւնը
տուող
զօրաւոր
բացատրութիւն։
Դեւերէ
այս
սոսկումը
հիմա
դիւրաւ
ըմբռնելի
չէ
մեզմէ։
Բայց
Միջին
դարուն
անիկա
ողողած
է
երկինքն
ու
երկիրը։
Ոչ
միայն
քաղաքացին
ու
հասարակ
ժողովուրդը
կը
տառապի
անկէ,
այլ
մանաւանդ
միանձնները,
անոնց
գերագրգռուած
երեւակայութենէն
շատ
անգամ
զգայախաբութիւններ
ալ
առաջացնելով։
Ամբողջ
գլուխը
դեւերու
դէմ
հզօր
մաղթանք
մըն
է:
«Մաղթանք
զօրաւորք
արհաւրանաց
գիշերոյ»
վերնագիրը
արտայայտիչ
է
շատ։
Մնաց
որ
գիրքին
ամէն
էջին
վրայ
դեւերու
այս
աղջը
կը
հարուածուի
աղօթքին
կայծակովը
մշտապէս:
[95]
Ծածկարան
=
ծածկուելիք,
ծածկոց։
Սարսափի
նոյն
զգայութիւնը
որով
մենաւորը
իր
անկողնի
ծածկոցին
մէջ
իսկ
ծուղակներ
կ՚երեւակայէ
սատանայէն
լարուած։
[97]
Մահահանգոյն
քուն
=
մահուան
նմանող
քուն։
Ժողովուրդը
կ՚ըսէ
«քունն
ու
մեռելը
մէկ
է»։
[98]
Տեսութեան
պատուհան
=
աչք։
[99]
Իմաստի
զգայարանք
=
աչքի
իմաստով:
Նարեկացին
չի
մտահոգուիր
բառերուն
ճիշտ
գործածութեամբ։
Իրեն
համար
բառերը
աւելի
ձայնական
արժանիք
ունին,
ինչպէս
է
պարագան
կարգ
մը
ինքնատիպ
բանաստեղծներու
մօտ։
Այսպէս,
կարդանք
բնագիրը
«…Ամփոփեալ
պարուրեա
զպատուհան
տեսութեան
զգայարանացս
իմաստից
անզարհուրելի
զետեղմամբ,
ի
ծփական
խռովութեանց…»
չափուած
այս
արձակը
բառերը
կը
գործածէ
ձայնական
վայելքներու
ի
խնդիր։
Քիչ
անդին
կարդալ
նոյն
աղօթքին
չափաբերուած
աշխարհաբարը:
[100]
Ծփանք
=
երազանքի
մօտ
վիճակ
ուր
գիտակցութիւնը
կը
տարտամի
ու
միտքը
կը
ծփայ,
յուզումներու
մատնուած։
[101]
Կենցաղական
=
աշխարհիկ,
հաճոյական։
[102]
Անրջական
երազ
=
անրջական՝
երազի
մէջ
խօսուած։
Անրջական
երազը
այն
է
ուր
մարդ
կը
խօսի։
[103]
Անճառելի
=
որուն
վրայ
կարելի
չէ
խօսիլ։
[104]
Յաւիտեանս
յաւիտենից
=
ժամանակի
անհունութիւնը
բացատրող
տարազ։
[105]
Հեծութիւն
=
հեծկլտալ:
Հոմանիշներ՝
կոծ,
ողբ,
աշխարում,
կական,
հեծեծանք,
հառաչանք,
հծծանք,
ափսոսանք,
հեկեկանք:
[106]
Սատակիչներ
=
դեւերուն
խումբը։
[107]
Սքանչելագործութիւն
=
հրաշագործութիւն։
[108]
Քակուին
=
լուծուին,
քակուին։
Նարեկացի
մեր
հին
մատենագիրներուն
նման
կ՚ախորժի
կուտակումէ։
[109]
Կապտուիլ
=
կողոպտուիլ.
հոմանիշներ՝
թալլել,
գերբել,
թալանել,
գերել
եւ
այլն։
[110]
Կազմած
=
ամբողջութիւնը
մեքենայի
մը
մասերուն,
զայն
լրացնող
գործիքներուն։
[111]
Յայտնուի
որոգայթին
ձեւը
=
նկարուի,
գիծ
դառնայ,
ձեւ
դառնայ
որոգայթը։
[112]
Ծածկոյթ
=
վարմը
աչքէ
ծածկող
նիւթեր։
[113]
Բռնաւոր
=
սատանայ։
Նարեկը
անհուն
թիւ
մը
ունի
սատանան
որակող
ածականներու։
Ատկէ
աւելի
է
սակայն
թիւը
այն
բառերուն
որոնց
պաշտօնն
է
Աստուածը
որակել։
[114]
Չարաբանութիւն
=
չար
խօսք,
յիշոց։
Նաեւ`
հերետիկոսներու
խօսքերը
որոնք
հանդիսաւոր
նզովքի
կ՚ենթարկուէին։
[115]
Պարսըւիլ
=
պարսատիկով
զարնուիլ։
(Շատ
յանդուգն
փոխաբերութիւն)։
Նոյն
բայը՝
չէզոք՝
խոյանալ,
ցատկել։
[116]
Պատրող
=
խաբող
(սատանայ)։
[117]
Բանսարկութիւն
=
խօսք
խառնել,
քսութիւն։
[118]
Սադրող
=
գէշ
խրատ
տուող։
Սադրել՝
թելադրել,
օգնել,
ապսպրել։
[119]
Հոյլ
=
խումբ.
արդի
լեզուն
աւելի
քնքուշ
խումբերու
յատկացուցած
է
բառը
(ծաղիկ,
աստղ)։
[120]
Յանդուգն
ամպրոպները
=
բնագիրը
կ՚ըսէ
«յանդուգններուն
ամպրոպները»:
Հոս,
ինչպէս
նաեւ
վերի
բոլոր
որակումները,
նկատի
ունին
սատանաներու
զօրութիւնները
(զօրքերը)։
Բանաստեղծը
կ՚երեւակայէ
սատանաներու
բանակ
մը
որ
ամպրոպի
մը
թանձրութիւնը
եւ
ուժն
ու
աղմուկը
ունի։
[121]
Փորձիչին
անձրեւները
=
նոյն
մտածումը՝
տարբեր
պատկերով։
Ինչպէս
անձրեւին
պարանները
կախուած
կ՚ըլլան
սեւ
ու
անհուն
կծիկներէ
(ամպեր),
այնպէս
ալ
սատանաները
իժերու
կապոցի
մը
նման
նետուած
են
միջոցին
մէջ
ու
իրենց
թելերը
կը
ձգեն
վար,
անձրեւի
նեարդներուն
նման։
Շատ
խիտ
է
այս
պատկերուն
բացատրութիւնը։
[122]
Աղանդաւոր
=
ուղիղ
հաւատքէն
շեղող։
Հոս՝
սատանա՛ն՝
որ,
ըստ
աւանդութեան,
ապստամբեցաւ
Աստուծոյ
դէմ,
հերձուած
(=
աղանդ)
կազմեց
ու
պատերազմի
ելաւ
անոր
դէմ։
Աղանդաւորին
եղեամը՝
շարունակութիւնն
է
վերի
պատկերին։
Նախ
ամպրոպ՝
այսինքն
փոթորիկը՝
որմէ
անձրեւը
պիտի
փրթի:
Անձրեւէն
յետոյ
եղեամը
բնական
կերպով
մը
կը
ներկայանայ
բանաստեղծին
մտքին։
[123]
Եղջիւր
=
դասական
մատենագրութեան
մէջ
ա.
Առատութիւն:
բ.
Հպարտութիւն
կը
խորհրդանշէ։
«Եղջիւր
փրկութեան»,
Ս.
Գրական
բացատրութիւն,
որ
կը
յիշեցնէ
Տաճարին
մէջ
դրուած
եղջիւրը,
որուն
ապաւինողը,
ազատ
կը
մնար
դատապարտութենէ։
[124]
Բելիար
=
սատանաներուն
զօրապետը,
Սադայէլ,
Բեհեղզեբուղ։
Ժողովուրդին
մէջ
մանաւանդ
կը
գործածուի
գոյնին
սաստիկ
սեւութեամբը։
[125]
Անմարմին
եւ
մարմնաւոր
զօրքեր
=
դեւեր
ու
կախարդներ։
[126]
Դեւին
ձմեռները
ամառուան
փոխուին
=
մեր
երկրին
ահաւոր
ձմեռն
է
որ
այսպէս
կ՚անդրադառնայ
բանաստեղծին
վրայ։
Զարմանալի
չէ
երբ
ժողովուրդը
սուրբեր
կը
ստեղծէ
որոնց
պաշտօնն
է
օգնութեան
հասնիլ
ձիւնէ
բռնուածներուն։
[127]
ԳՐԻԳՈՐ
ՆԱՐԵԿԱՑԻ։
Ժ.
դարու
մատենագիր։
Գլուխ
գործոցն
է
Աղօթամատեան
մը
որ
ժողովուրդին
կողմէ
կ՚անուանուի
Նարեկ։
Գրած
է
աղօթքներ,
մեկնութիւն,
տաղեր,
ներբողներ
սրբազան
նիւթերու
վրայ։
Ունի
չափով
գեղեցիկ
քերթուածներ։
Նարեկը
աղօթքի
գիրք
մըն
է,
նշանաւոր՝
լեզուին
ու
պատկերներուն
յանդգնութեամբը,
բացատրել
ուզած
զգացումներուն
չափազանցումովը,
անսպառ
պատկերացմամբն
ու
թուումովը
Մեղքերուն։
Լեզուն
դուրս
է
քերականական
օրէնքներէն։
Անհատնում
հոմանիշ,
հականիշ
իրարու
կը
յաջորդեն։
Էջերով
ածականներ,
վերադիրներ,
ակնարկութեամբ
հասկցուելիք
պատկերներ՝
միակ
զգացում
մը
կամ
մտածում
մը
արտայայտելու
համար։
Իր
քերթուածներն
ալ
ունին
նոյն
գեղեցկութիւններն
ու
չափազանցումները։
Նարեկացի
կը
կոչուի,
Նարեկի
վանքին
միաբան
ըլլալուն:
[128]
Բարձրագահ
=
բարձրաթոռ:
Սարերը
կը
ներկայացուին
իբրեւ
իշխողներ
բարձր
գահերու
վրայ:
[129]
Աբուլ
եւ
Մթին
=
կ՚ըսուի
նաեւ
Ապուլ։
Ջաւախքի
բարձրագոյն
գագաթն
է։
Երկու
կատարներ,
իրարմէ
22
մէթր
բացուածքով,
կը
կազմեն
Ապուլը
(3900
մէթր
բարձրութիւն)։
Փոքր
Ապուլի
լանջքին
կ՚երեւան
բերդի
աւերակներ։
Երկու
գագաթներուն
մէջտեղ
կը
գտնուի
Ապուլի
լիճը,
այն՝
զոր
Յովհաննէս
Թումանեան
Փարւանա
կ՚անուանէ
հէքիաթին
պէտքերուն
համար։
[130]
Մէջք
մէջքի
տալ
=
երկու
կատարներուն
այս
առընթերադրութիւնը
զօրաւոր
պատկեր
մը
կը
ստեղծէ,
ժողովրդական
կենդանի
բացատրութեան
օգնութեամբը։
[131]
Ջաւախք
=
Հայաստանի
հիւսիսային
նահանգներէն
մէկը,
սահման
Վրաստանի։
Կ՚ըսուէր
հինին
մէջ
Գուգարաց
աշխարհ։
Հիմա՝
Ախալքալաք։
[132]
Երկնքի
ծոցում
=
իր
անփոյթ
ձեւին
տակ
նկարչական
մեծ
տարողութիւն
ունի
այս
պատկերը։
Դիտեցէք
ատանկ
ամրոց
մը
լերան
կատարէն։
Թող
անոր
ճարտարապետութիւնը
կապոյտէն
ձեւէ
ինքզինքը
ու
տեղաւորուի
այդ
բարձրութիւններուն
խորը։
Այն
ատեն
հասկնալի
կ՚ըլլայ
ամբողջ
քաղցրութիւնն
ու
նկարչական
ճշդութիւնը
այդ
երկու
բառերուն։
[133]
Սէգ
=
հպարտ,
գոռոզ,
ամբարտաւան,
խրոխտ,
վէս,
եւայլն։
[134]
Փարւանա
=
պարսկերէն
բառ՝
թռչուն,
դարձդարձուն
իմաստով։
Ժողովրդական
բարբառը
փարւանա
(փէրվանէ)
կը
կոչէ
այն
գիշերային
թիթեռները
որոնք
լոյսին
շուրջը
կը
դառնան
ու
կը
դառնան
փէրվանէի
պէս։
Այս
յատուկ
անունը
հնարովի
ըլլալ
կը
թուի։
Պատմութիւնը
Ապուլ
անունով
կորակէ
այս
լիճը
որ
Յովհաննէս
Թումանեանի
գրիչին
տակ
կը
փոխէ
անունը։
Թերեւս
տեղական
պզտիկ
աւանդութիւն
մը
արտօնած
է
բանաստեղծը
այս
փոփոխումին։
[135]
Իր
օրում
=
օր՝
ամբողջ
թագաւորութեան
մը,
տարիքի
մը,
շրջանի
մը
համազօր
է
երբեմն։
[136]
Եղնիկ
=
հոս՝
աղջիկ:
[137]
Բախտ
=
աղջիկներուն
համար
խորհրդաւոր
բառը։
Մայրերը
ամէն
օր
իրենց
լեզուին
վրայ
ունին
այս
բառը,
մինչեւ
որ
ամուսնացնեն
իրենց
աղջիկը։
[138]
Զրահ
(պարսկերէն)
=
երկաթի
թերթով
կամ
թելով
պահպանակ
զոր
կը
գործածէին
հիները
պատերազմի
մէջ։
Երբեմն
վերէն
վար
հիւսուած
շապիկ
մըն
էր
ան։
Երբեմն
անջատ
կտորներ՝
որոնք
կարաններով
կը
կապուէին
մարմինին
ամէնէն
նշաւակ
մաuերուն։
[139]
Կովկաս
=
Սեւ
եւ
Կասպից
ծովերուն
միջեւ
զօրաւոր
գօտի։
Աշխարհը
որ
իր
ոտքերուն
կը
տարածուի,
կ՚ըսուի
Կովկաս։
Մանր
ազգութիւններու
խառնուրդ
մը
գրաւած
էր
դարերով
այդ
գօտիին
բազմաթիւ
ծալքերը,
կիրճերը,
սարահարթերը։
Մեր
պատմիչները
հիւսիսական
ազգերու
խառնարան
կը
կոչեն
զայն։
Կովկասեան
որսկումը
կ՚ընդգրկէ
հնդեւրոպական
ցեղախումբերը։
[140]
Յանդիման
=
դիմաց։
Ներկայութիւն։
Հին
լեզուին
մէջ
յանդիմանել
(յանցաւորը)
իշխանին
ներկայութեան
հանելուն
կ՚ըսէին։
Ատկէ՝
բառին
ներկայ
իմաստը։
[141]
Մրցութիւն
=
մենք
կը
գործածենք
մրցում։
[142]
Ալեհեր
=
ալիք՝
մազի
իմաստով։
Հեր՝
մազ։
Ալեհեր՝
ծերացածի
ճերմակ
մազեր։
Եւ
սակայն
հին
մատենագրութեան
մէջ
ալիք
քանիցս
կը
գործածուի
երիտասարդ
դիւցազուններու
գանգուրները
որակելու։
Բառին
ներկայ
իմաստին
ի՛նչպէս
գալը
յայտնի
չէ։
[144]
Sմարդի
=
կոշտ,
մարդու
ոչ
վայել։
[145]
Սրբազան
հուր
=
հուրը
երկար
ատեն
պարսիկներու
եւ
հաւանաբար
նաեւ
մեր
կողմէ
նկատուած
է
Սրբազան:
Հէքիաթներու
մէջ
անիկա
կը
գտնէ
իր
այդ
նախահայրական
իմաստը:
Լոյսին
մասին
ալ
նման
ծագումներ
ունին
կարգ
մը
հէքիաթներ։
[147]
Սիրատենչ
=
սէր
փափաքող,
տենչացող։
[148]
Ով
իմանայ
=
ոք
գիտէ։
[149]
Մութ
աշխարհք
=
հէքիաթին
ախորժած
աշխարհը։
Բոլորն
ալ
քիչ
ու
շատ
տեղ
կուտան
այդ
աշխարհին։
Նշանաւոր
է
իր
դեւերովը,
սեւ
ու
ճերմակ
ոչխարներովը,
սեւ
ու
ճերմակ
թռչուններովը,
պառաւներովը,
աղջիկներովը։
Ուր,
մատով
մութը
կրնաս
փրցնել,
ինչպէս
ամանէ
մը՝
թանձրացած
կուպրը։
[150]
Սեւ
ջուր
=
այդ
մութ
աշխարհին
ջուրերը,
աղբիւր,
գետ,
լիճ,
ծով,
իր
կրակէ
ձուկերով
եւ
ճերմակ
աղջիկներով,
որոնք
ազատարարի
կը
սպասեն։
[151]
Եօթ
գլխանի
դեւ
=
դեւ՝
առասպելին
ոգիները,
նչանաւոր
իրենց
անհեթեթ
մեծութեամբը
եւ
անհնարին
փոքրութեամբը։
Կան
որ
մինչեւ
երկինք
հասնող
շրթունքներ
ունեն,
ու
կան
որ
համրիչի
մը
ծակին
մէջ
կը
սեղմուին։
Կան
եօթը
գլխովները,
քառսուն
գլխովները։
Անոնց
դէմ
պայքարի
կ՚ելլեն
ընդհանրապէս
քաջ
արքայազուններ:
Հէքիաթը
կ՚ախորժի
այս
վերջինները
պարտուած
տեսնելէ
եւ
յաղթութիւնը
կը
կամենայ
պարզ,
աղքատիկ
մարդերու։
Այս
կարգադրութիւնը
աւելի
հարազատ
կուգայ
մեր
հոգեբանութեան,
քանի
որ
արքաներ
չունինք
շատոնց։
[152]
Հեշտ
=
արեւելահայ
բարբառով՝
դիւրին։
Մեր
մէջ՝
քաղցր,
հեշտալի։
[153]
Միտք
անել
=
մտմտալ։
Կ՚ըսեն
նաեւ
մտքի
ծովն
իյնալ:
[154]
Շէնքեր
փառաւոր
=
անցեալ
քաղաքակրթութեամբ
հարուստ
երկիրները
պատրաստ
նիւթ
ունին
այս
կարգի
կառուցումներու։
Հրաբուխներ,
երկրաշարժներ,
երկրի
հոսումներ,
ջուրերու
բարձրացումներ
եւ
ուրիշ
աղէտներ
երբեմն
հսկայական
քաղաքներ
կը
թաղեն
իրենց
տակ։
Անոնց
աւերակներուն
նայելով
այսօր
չենք
կրնար
մտապատկերել
այս
աստիճան
մեծ
աղէտներ։
[155]
Ջահիլ
=
անփորձ,
մատաղ
երիտասարդ։
Արաբերէն
բառ՝
տգէտ
իմաստով։
Երիտասարդը
կեանքէն
անգէտ
է
արդէն։
[156]
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ
ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ։
Արեւելահայ
բանաստեղծ։
Գրած
է
քնարական
երգեր,
զրոյցներ,
պօէմաներ,
դիւցազներգական
փոքրիկ
կտորներ։
Ունի
թարգմանութիւններ։
Յովհաննէս
Թումանեան
մեր
նոր
գրականութեան
միակ
դասական
բանաստեղծն
է։
Իր
գործին
նիւթ
տուած
են
մեր
երկիրը,
մանաւանդ
իր
բարձր
կարկառներով,
մեր
հերոսները
որոնք
հեքիաթին
խոշորացումէն
չեն
հրաժարիր,
մեր
աւանդութիւնները,
իրենց
անդրագոյն
խորհուրդովը,
ժամանակակից
լեռնական
կենցաղը,
հովուերգական
սիրուն
ու
իրական
գունագեղութեամբ
եւ
բանաստեղծական
շունչով։
Իր
քառեակները
ընթացիկ
իմաստութիւններ
կը
պատգամեն։
Յովհաննէս
Թումանեան
այս
աշխատանքը
կատարած
է
մեծ
պարկեշտութեամբ։
Իր
արուեստը
կը
յարմարի
իր
նիւթերուն`
իր
պարզութեամբը,
մաքրութեամբը։
Աշխատած
է
մանաւանդ,
մանկական
գրականութեան
մը
ստեղծումին
ու
զարգացումին։
Ունի
ազգային
երանգ։
Համով
հեգնութիւն։
Արեւելահայերուն
Ազգային
մեծ
բանաստեղծը։