/138/
Լ.
ԴԱՍ
ԿԱՂԱՆԴԻ
ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ
Պատմութիւնն
է
աս
պզտիկ
տղու
մը
nրուն
մայրիկը
մեռած
է,
բայց
որ
չի
գիտեր
թէ
մեռած
է,
եւ
կը
հարցնէ
իր
մեծ-քուրիկին
թէ
ե՞րբ
պիտի
գայ.
եւ
մեծ
քուրիկը
կը
պատասխանէ
թէ
միւս
օր
պիտի
գայ.
բայց
մայրիկը
չի
գար:
Պզտիկին
մայրիկը
մեռած
էր,
բայց
ինք
չէր
գիտեր
թէ
մեռած
էր։
Մեծ
-քուրիկը
ըսած
էր
իրեն
թէ
մայրիկը
հեռաւոր
տեղ
մը
գացած
էր,
եւ
թէ
պիտի
վերադառնար
կարմիր–կապոյտ
խաղալիքներով,
փողերով
[1]
եւ
գոյնզգոյն
հագուստներով։
Եւ
քուրիկը
կը
պատասխանէր
թէ
միւս
օր
պիտի
գար,
կառքին
մէջը
նստած
եւ
փայլուն
զգեստներ
հագած։
Պզտիկը
քուրիկին
երեսը
նայած
էր
եւ
ժպտած.
քույրիկն
ալ
իրեն
սեւ
աչքերուն
մէջ
նայած
էր
շեշտակի,
եւ
ա՛ն
ալ
ժպտած։
Ու
յետոյ,
երբ
լացած
էր,
գիրկը
առած
էր
զինքը,
վեր՝
օդին
մէջ
բարձրացուցած,
եւ
յետոյ
պագած
էր,
պագած,
մինչեւ
որ
պզտիկը
նորէն
ժպտիլ
սկսած
էր,
ու
իր
մանրիկ
բազուկները
անոր
անարատ
պարանոցին
օղակ
ըրած։
***
Միւս
օր
եղած
էր,
պզտիկը
պատուհանէն
դուրս
կը
նայէր
եւ
մայրիկին
կը
սպասէր,
որովհետեւ,
չէ՞
որ
մեծ-քուրիկը
ըսած
էր
թէ
պիտի
գար
ան,
կապոյտ–կարմիր
խաղալիքներով,
փողերով
եւ
գոյնզգոյն
հագուստներով։
—
Անանկ
չէ՞,
քուրիկ,
այսօր
չպիտի՞
գայ:
—
Հապա՛,
պիտի
գայ,
կառքով
եւ
աղուոր
զգեստներ
հագած:
Ու
պզտիկը,
խնդութեամբ,
կը
սպասէր։
—
Ո՞ւր
է,
չեկաւ
դեռ,
քուրիկ,
իրիկուն
եղաւ:
Իրիկուն
եղաւ
եւ
շքեղ
կառք
մը
մեծադղորդ,
եկաւ
կեցաւ
իրենց
տնակին
առջեւ
գրեթէ։
/139/
Փառաւոր
եւ
գեղանի
կին
մը,
որ
օղեր
ունէր
ականջին,
եւ
մանեակ
մը
կուրծքին
կատարը,
վար
իջաւ
եւ
գնաց
մտաւ
դէմի
ճոխ
բնակարանը:
Իրեն
հետ
ներս
տարած
էր
նաեւ
շատ
մը
բաներ:
Պզտիկը
ներս
դարձած
էր,
եւ
գետնին
վրայ
մերկ
սրունքը
երկնցուցած,
ձեռքին
կռնակը
աչքին,
կը
հեծկլտար:
Մայրիկը
պիտի
գար
եւ
չէր
եկած։
Ու
հեծկլտանքը
կը
սաստկանար:
Մեծ-քուրիկը
այն
ատեն
նորէն
վեր
վերցուց
զայն,
մեծ-մեծ
բացած
թեւերուն
մէջ
առաւ,
անոր
սեւ
գանգուր
մազերով
զարդարուած
գլխիկը
իր
արձակ
ու
յորդ
[2]
մազերուն
մէջ
քաշեց։
Պզտիկին
հեծկլտանքը
մեղմ
ու
անուշ
թզկանքի
մը
փոխուեցաւ:
Յետոյ
լռեց:
—
Ինչո՞ւ
կուլաս,
աղուո՛ր,
ըսած
էր
քուրիկը,
մայրիկը
պիտի
գայ
միւս
օր.
կապոյտ-կարմիր
խաղալիքներ
պիտի
բերէ
քեզի,
փողեր
պիտի
բերէ
եւ
նոր
նոր
հագուստներ։
Պզտիկը
ժպտեցաւ
նորէն,
գանգուր
սեւ
մազերով
զարդարուած
գլխիկը
մեծ-քուրիկին
լանջքին
վրայ
կռթնցուց
հանդարտիկ:
Հանդարտիկ,
մեծ-քուրիկին
մազերուն
հետ
խաղաց,
ու
անոր
շուրջը
դարձաւ:
Յետոյ
բաժնուեցաւ։
Նորէն
լացաւ,
նորէն
խնդաց։
Յետոյ
քնացաւ.
քուրիկին
գիրկին
մէջ
իր
մսկոտ
անդամները
տաքցուցած
քնացաւ։
Միւս
օր
եղաւ,
եւ
իրիկուն
եղաւ։
Պզտիկը,
պատուհանէն
մայրիկին
ճամբան
կը
նայէր։
Կառքով
պիտի
գար:
Շքեղ
կառք
մը
եկաւ
եւ
կանգ
առաւ
իրենց
տնակին
առջեւ:
Գեղանի
եւ
փառաւոր
կինը՝
որ
փայլուն
օղեր
ունէր
ականջին,
եւ
շքեղ
մանեակ
մը
կուրծքին
կատարը,
պզտիկին
նայեցաւ
բայց
չժպտեցաւ:
Վար
իջաւ
ու
գնաց
դէմի
մեծ
տունը
մտաւ։
Կանանչ
ու
նարնջագոյն
թուղթերով
ծրարներ
տարաւ
հետը:
Կաղանդները
կուգան
շքեղ
կառքերով,
բայց
չեն
հանդիպիր
բոյները
չքաւորութեան՝
որ
սակայն
անոնց
կը
սպասէ,
ակնկալութեան
գգուանքներէն
քաջալերուած։
(Ամբողջական
Գործը)
ԳԵՂԱՄ
ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
[3]
ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄ
(ՅԱՏԱԿԱԳԻԾ)
1.
Մատենագրական
տեղեկութիւն:
Կտորը
առնուած
է
Գեղամ
Բարսեղեանի
«Ամբողջական
Գործը»
հրատարակութենէն։
(Պատերազմէն
վերջ,
Բարիզ,
հրատարակչական
ձեռնարկ
մըն
է
Ն.
Գ.
Բ.
ը՝
«Նահատակ
Գրողներու
Բարեկամներ»,
որ
իր
միջոցներով
յաջողեցաւ
տասնէն
աւելի
նահատակ
գրողներու
գործերէն
հատորներ
վերատպել):
Գեղամ
Բարսեղեան
առանձին
հատոր
մը
չունի
հրատարակուած։
2.
Կտորին
տեսակը։
Պատկեր,
որ
նուազ
է
քան
վիպակը,
ու
աւելի`
քան
քրոնիկը։
3.
Աշխարհը:
Վերի
կտորին
մէջ,
ինչպէս
Բարսեղեանի
ամբողջ
գրականութեան
մէջ,
տեղի,
տեղական
գոյնի
հանդէպ
կամաւոր
տարտամութիւն
մը
կը
նշմարուի,
հաւանաբար
արդիւնք
խորհրդապաշտ
ազդեցութեան
որ
ի
զօրու
է
Բարսեղեանի
եւ
իր
ընկերներուն
իմացական
կազմութեան
մէջ
(Վ.
Թաթուլ,
Մ.
Մեծարենց):
4.
Անձերը:
Ա)
—
Անոնց
տարտամութիւնը։
Բ)
—
Խորհրդանշական
իրականութիւնը։
Գ)
—
Մարդկային
իրականութիւնը:
Դ)
—
Մանկականութիւնը:
5.
Շինել
քուրիկին
նկարագիրը.
(ծանրանալ
այն
գիծերուն
որոնք
կը
զատեն
զայն
ընդհանուր
միջինէն:
Կրնա՞ք
ձեզի
ծանօթ
դէմքերու
վրայ
սեւեռել
այդ
գիծերէն
մէկ
քանիները):
6.
Պզտիկ
տղան:
Ո՞ր
չափով
հարազատ
է
անիկա.
Ա)
—
Իր
մանկականութեանը
մէջ։
Բ)
—
Շարժումներուն
մէջ։
Գ)
—
Հոգեբանութեանը
մէջ։
Դ)
—
Խորհրդապաշտութեանը
մէջ։
7.
Ի՞նչ
կ՚ապացուցանէ
այս
գրուածքը։
8.
Ի՞նչ
է
մեր
օրերու
ընկերային
տագնապը:
(Հարուստի
եւ
աղքատի
հարցը
ընկերվարութիւնը)։
9.
Ինչո՞ւ
չէ
շեշտուած
դրամին
դերը
այս
պատկերին
մէջ։
10.
Շքեղ
կառքին
հարուստ
կինը
գրագէտի՞
յօրինում
մըն
է
թէ
կեանքի
հարկադրանք
մը։
/141/
11.
Այս
ոճին՝
Ա)
—
Պարզութիւնը,
Բ)
—
Բնականութիւնը,
Գ)
—
Արագութիւնը,
Դ)
—
Ցամաքութիւնը,
համապատկեր
մը
կը
կազմեն
Գեղամ
Բարսեղեանի
ոճին
ընդհանուր
նկարագիրներուն
հետ։
Գեղամ
Բարսեղեան
կը
փնտռէ
ազդեցութիւն,
արդիւնք.
ատոր
համար
անոր
ոճը
ծանրաբեռն
է՝
Ա)
—
Զարդարանքով,
Բ)
—
Հռետորական
միջոցներով,
Գ)
—
ԴԷպի
բռնազբօսութիւն
տանող
խնամքի
չափազանցութեամբ
մը։
12.
Ամփոփել
տասը
տողով
(տիպարները,
տագնապը,
ոգին)։
13.
Պատմումին
արժէքները.
Ա)
–
Բնականութիւն,
Բ)
—
Երազայնութիւն,
Գ)
—
Դէպի
հէքիաթը
որոշ
հակում:
14.
Ի՞նչպէս
կը
դատէք
խօսակցական
լեզուն
այս
կտորին
մէջ.
(բաւարար
չափով
հարազա՞տ
է
անիկա)։
15.
Ինչո՞ւ
ամուր
չեն
քաշուած
կենդանագիրներու
գիծերը.
(խորհրդապաշտ
թէքնիքը
վնասա՞ծ
է
այս
կտորին
գրական
տարողութեան։
Եթէ
ոչ`
ինչո՞ւ)։
16.
Ո՞ւր
կը
տարբերին
իրապաշտ
ու
խորհրդապաշտ
եղանակները
պատմումի։
ԼԱ.
ԴԱՍ
ԱՐՑՈՒՆՔՆԵՐ
Արցունքներ
կան,
շիթ
շիթ
[4],
տըրտում,
մելամաղձոտ
[5],
Որոնք
կուլան,
կաթկըթելով
այտին
վըրայ.
Ամէն
կաթիլ`
հեծկըլտանք
մը,
կոծ
[6]
մ՚է
թախծոտ.
Իր
ցօղին
մէջ
[7]
տառապանք
մը
կը
թըրթըռայ։
Արցունքներ
կան,
պայծառ
ու
ջինջ
եւ
անխըռով,
Որ
արեւու
նշոյլներով
կը
փողփողեն
[8].
Ծիրանածին
[9]
անձրեւի
պէս
հանդարտ
ու
զով,
Երբոր
տեղան,
օդը
բոյր
մը
կ՚առնի
հողէն։
/142/
Լուռ,
անշըշուկ,
խորհրդաւոր
[10]
արցունքներ
կան,
Որ
կը
բխին
հոգւոյն
խորէն՝
սիրոյ
կարoտ.
Անոնք
ցաւեր
մեզ
կը
պատմեն
երկայն,
երկայն,
Թաղուած
սէրեր,
զոր
կընքած
է
սգին
նարoտ
[11]:
Արցունքներ
կան
որոնք
քըրքիչ
ինձ
կը
թըւին,
Միշտ
գոռացող
ամպին
նըման
փոթորկայոյզ
[12].
Որ
փայլակներ
թօթափելով
ծովին,
հովին,
Մշուշի
պէս
կը
տարտղնին
կեդրոնախոյս
[13]:
Արցունք
մ՚ալ
կայ,
որ
միշտ
կ՚այրէ,
բայց
չի
կաթիր,
Հեղուկ
բոց
մը
[14],
բուռն,
ըսպառիչ,
ահեղ
կըրակ,
Ցամքած
արցունք,
որ
չի
հատնիր՝
մինչեւ
մոխիր
Կըտրին
աչքերն,
հոգին
դառնայ
կոյտ
մ՚աւերակ
[15]:
Ո՜վ
արցունքներ,
ամէնքնիդ
ալ
ես
կը
ճանչնամ,
Թէեւ
դըժբախտ
իմ
օրերուս
յուշերն
ըլլաք
[16].
Ջերմ
յուզմունքով
ըզձեզ
կ՚օրհնեմ
ես
յարաժամ,
Ձեզմով
կը
զգամ
սըրտիս
ապրիլն
ես
շարունակ
[17]:
ՏԻԿԻՆ
Զ.
Հ.
ԱՍԱՏՈՒՐ
[18]
ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄ
(ՅԱՏԱԿԱԳԻԾ)
Ա.
1.
Երկու
տուն՝
հատածներու
բաժանել։
2.
Խօսիլ
յանգերուն
վրայ։
3.
Մատենագրական
ծանօթութիւններ:
Բ.
1.
Բացատրել
հետեւեալները.
1.
Երբոր
տեղան՝
օդը
բոյր
մը
կ՚առնէ
հողէն։
2.
Խորհրդաւոր
արցունքներ:
3.
Սիրոյ
կարօտ
հոգիին
խորէն
բխող
արցունքներ։
4.
Արցունքներ
կան,
որոնք
քրքիչ
ինձ
կը
թուին։
5.
Ցամքած
արցունք
որ
չի
հատնիր:
Այս
բացատրութիւնները
պիտի
ըլլան
թափանցում։
Պիտի
մտաբերէք
թելադրուած
վիճակը,
ու
անոր
մանրամասնութիւնները
երեւան
բերէք։
Շարադրական
աշխատանք
մըն
է
կատարուելիքը։
Քերթուածէն
չբաժնուիլ։
2.
Տուներուն
ընդհանուր
գաղափարները,
առ
առաւելն
մէկ
տողով։
3.
Քերթուածին
ընդհանուր
գաղափարը,
առ
առաւելն
մէկ
տողով։
Գ.
1.
Վիճակներու
քննութիւն.
1.
Տառապանքին
արցունքը։
2.
Ժպիտին
արցունքը։
3.
Խորհրդաւոր
արցունքը։
4.
Մեծ
յուզումներուն
արցունքը։
5.
Չեկող
արցունքը։
6.
Արցունքներու
սէրը։
/144/
Ընդլայնում
այս
վիճակներուն։
Քերթուածը
գրել՝
ոչ
իբր
արձակ,
այլ
անիկա
իբր
յատակագիծ
ունենալով
ձեզի։
Փորձի
համար
կը
գրուի
մեզի
հինգերորդ
վիճակը։
5.
Չեկող
արցունքները:
Հոս
քերթուածը
կը
զատուի
իր
ընթացքէն:
Վերի
վիճակներուն
մէջ
արցունքին
նիւթական
ներկայութիւնը
մեզ
կը
կապէր
ընդհանուր
նիւթին
հետ։
Հիմա
ենթադրութիւններու
հետ
գործ
ունինք:
Չեկող
արցո՞ւնքը։
Անշուշտ
կայ
անիկա։
Ժողովուրդը
լաւ
գիտէ
դաժանութիւնը,
չարչարանքը
որոնք
աչքերը
կը
նետեն
երբեմն
մեր
վիշտին։
Քանի՜
անգամ
պատահած
է
մեզի
ներկայ
ըլլալ
խորապէս
եղերական
դրուագներու,
ուր,
վիշտին
սաստկութենէն,
աչքերուն
ճամբաները
կը
ցամքին
ու
արցունքը
չի
գար:
Մայր
մը
կը
ծեծէր
ու
կ՚անիծէր
իր
աչքերը
որոնք
ճգնաժամային
պահու
մը
քար
կտրեր
էին:
Այս
երեւոյթը
պատահական
է։
Հոս՝
կ՚ակնարկուի
այն
աչքերուն
որոնք
լալու
կարողութիւնն
իսկ
կորսնցուցած
են.
այնքան
շատ
վազած
է
այդ
կրակէ
ջուրը
որ
ա՛լ
երակները
այրած
ու
սպառած
են:
Հիմա
արցունքը
կը
ցօղոտի,
քիչ
մը
փայլ
կ՚առնէ,
կ՚արիւնի
ճերմակին
վրայ,
բայց
չի
կրնար
իր
թելերը
հաւաքել
ու
կանթեղի
վերածուիլ,
ու
ատանկ
անտես
ոստայնի
մը
նման
կը
պլպլայ։
Անիկա
պիտի
վառի
հոդ
մինչեւ
որ
աչքին
գունտերը
«մոխիր
կտրին»,
այսինքն
աւրուին
բոլորովին,
(կրնանք
մահն
ալ
տեսնել
պատկերին
տակ),
ու
մինչեւ
որ
հոգին՝
քակուած,
փլած,
իր
յոյսերուն
ու
ցաւերուն
բեռանը
տակ
կոյտ
մը
աւեր,
խորտակուած
մատուռ
մը
դառնայ:
Ատանկ
վիշտեր
կը
պատահին
կեանքին:
2.
Քննադատել։
1.
Հոմանիշներու
գործածում։
2.
Շղթայումի
թերին։
3.
Չորրորդ
տունին
չափազանցութիւնը:
4.
Վերջին
տունին
տարողութիւնը:
(Անիկա
համադրութի՞ւնն
է
վերիններուն
թէ
առանձին
վիճակ
մը։
Ձեր
դատելու
ձեւը
երեւան
կը
հանէ՞
անոր
մէջ
անբնականութիւն)։
3.
Խօսիլ
լեզուական
շնորհներու
վրայ:
1.
Ընտրութիւն
բառերու
(ի՞նչ
երանգով
ու
ինչ
ճաշակով)։
2.
Տաղաչափական
միջոցներ
(ոտանաւորին
սահունութիւնը,
փափկութիւնը)։
3.
Նոր
պատկերներ
(եթէ
կան։
Փոխաբերութիւնը
կը
մտնէ
ասոնց
մէջ)։
4.
Բաղդատել
այս
լեզուն
Թէքէեանի
լեզուին
հետ։
/145/
ԼԲ.
ԴԱՍ
ԿՈՐՍՈՒԱԾ
ՆԱՒԱԿԸ
[19]
Պզտիկ
ալիքներով
սարսռացող
ծովուն
վրայ,
նաւակը
կը
սահի
անշշուկ։
Հեռաւոր
լեռներու
վէտվէտումին
ետեւ,
ճերմակ
լուսին
[20]
մը
կը
ժպտի։
Քիչ
մը
աւելի
մօտ,
ցամաքի
սեւ
զանգուած
մը
կայ
անծանօթ,
ստուերին
վրայ
ցցուող,
որմէ
նաւակը
կը
հեռանայ
միշտ։
Ու
ալիքները
հետզհետէ
կ՚արծաթազօծուին
երկայն
ճառագայթէ
մը
որ
լուսնէն
կը
հոսի:
Մենաւոր
նաւակին
մէջ՝
որ
կը
սահի
շուքի
մը
պէս,
կին
մը,
շղարշի
ծփանքներուն
մէջ,
սպիտակ
ու
շնորհալի,
ընկողմանած
է:
Իր
երկայն
սեւ
վարսերէն,
երկու
գանգուրներ,
ճակտին
վրայ
ինկած,
տրտմութիւն
մը
կը
դնեն
իր
դէմքին
անվրդով
[21]
սպիտակութեան
վրայ։
Իր
աջ
բազկին
մէջ
որ
մերկ
դէպի
մէջքը
կը
կորանայ,
գողտրիկ
մանկիկ
մը
գլուխը
այդ
մաքուր
լանջքին
վրայ
դրած
կը
քնանայ:
Իր
թարթիչները
պզտիկին
նայած
ատեն
գոցուած
են
գուրգուրանքով
մը
որ
իր
շրթունքին
վրայ
ժպիտ
մըն
է
թողեր,
տրտմօրէն
անուշ
ժպիտ
մը։
Ճերմակ
թափանցիկ
քօղերը
իր
աղջիկի
վճիտ
ու
թարմ
մարմնին
վրայ
կը
բաբախեն
զուարթ,
լանջքին
ու
ազդրերուն
չքնաղ
կորութիւնը
թուլօրէն
կաղապարելով։
Ու
իր
մէկ
ոտքը,
նուրբ
ու
պաշտելի
շղարշի
ծալքի
մը
մէջէն
դուրս
ելած,
յասմիկի
թերթի
մը
պէս,
կուրին
[22]
տախտակին
իր
շնորհալի
ձեւը
կը
թողու
այնքան
փափկօրէն
որպէս
թէ
ճերմակ
թռիչ
ըլլար:
Ու
ալիքներէն
համբուրուած,
նաւակը
հաճոյքէն
կը
սարսռայ,
տանելով
Մայր-Սէրն
ու
Անմեղութիւնը
[23]
դէպի
անուրջքի
[24]
երկիրը:
***
Զուարթ
զեփիւռները
կը
ճլուըլան
կնոջ
մազերուն
մէջ։
Արծաթի
ալիքները՝
ճառագայթով
գինովցած՝
կ՚երգեն:
Վերը`
երկնքին
մէջ,
փալփլուն
բիւրեղներ,
պզտիկ
լոյսի
կաթիլներով
կը
զուարթացնեն
մութ
կապոյտը:
Ու
մանկամարդ
կնոջ
մաքուր
ու
միամիտ
հոգին,
երազի
մը
երանաւէտ
փթթումովը
[25]
կը
լեցուի:
***
/146/
«Քնացի՜ր,
զաւակս,
քնացիր,
երկնքին
դողդոջուն
լոյսերուն
տակ։
Հիմա
պիտի
ժպտուն
հորիզոնն
երեւի
մշտական
արշա
լոյսներու.
քնացի՛ր,
զաւակս,
մինչեւ
որ
հասնինք
երանութեան
ափունքը
[26]
։
Հրեշտակները
անմեղ
հոգիիդ
մէջ
ոսկեթել
երազներ
թող
հիւսեն,
վճիտ
քունդ
լուսաւորող։
Կուրծքիս
բաբախումը
քունդ
անո՜ւշ
անուշ
օրօրէ.
չեմ
գիտեր
շրթունքիդ
վարդերը
ինչե՛ր
կը
փսփսան։
***
Հեռուն՝
ջինջ
սպիտակութիւններու
մէջ,
ծիրանի
լեռներ
թաղուած
կը
խոկան
[27].
արթնցիր,
զաւակս,
արթնցիր։
Արշալոյսը
փառքի
ովկեան
մըն
է.
հոն
ալ
բլուրներու
վրայ
լոյսերը
կ՚երգեն:
Ու
լոյսով
ողողուած
լեռները
բուրումներ
կը
մխան.
յաւիտենական
ծաղկումին
ու
մշտափթիթ
դալարներուն
մէջ
անուրջքի
երկիրը
կը
դողայ։
Հոն
ծաղիկները,
կանանչները
ու
դաշնակաւոր
[28]
թռչունները
պիտի
ընկեր
ըլլան
քեզի.
արթնցիր,
մանկիկ,
ու
ժպտէ՛։
Այն
թարմ
մարմանդներուն
մէջ
որոնց
վրայ
գոյնզգոյն
ծաղիկները
ծիածաններ
կը
ցանեն,
ոսկի
թիթեռնիկ
մը
պիտի
ըլլաս,
սիւքերուն
պէս
երջանիկ…»:
Ու
երազը՝
ալիքներուն
երգէն
օրօրուած՝
քնացաւ:
***
Լուսինը՝
տրտմելով՝
վար
իջած
է
լեռներուն
ետեւէն:
Ծովը
մթնցած
է
ամփոփուող
թախծութեան
մը
պէս։
Հեռաւոր
ալիքներուն
վրայ
թռչունի
թեւի
մը
պէս
կ՚երեւայ
մանրցած
նաւակը։
Երկնքին
մէջ,
որ
մտածկոտ
ջուրերուն
վրայ
կը
հակի,
փափուկ
լոյսերը
կը
մեռնին
մելամաղձօրէն։
Ու
յանկարծ,
ծովուն
խորութիւններէն,
որպէս
թէ
յանկարծ
ցաւ
մը
ինկած
ըլլար
հոն,
կը
բարձրանայ
անհուն
ձայն
մը
ողբական,
խորո՜ւնկ
հեծեծանքի
մը
պէս…։
***
Այդ
գիշերէն
ի
վեր,
վերջալոյսէն
ետքը,
երբ
ալիքները
/147/
կը
սեւնան
մթութեամբ,
շատ
անգամ
ծովեզրին
աւազներուն
վրայ
ստուեր
մը
կը
թափառի,
ժամերո՜վ։
Իր
քայլերուն
ձայնը
չի
լսուիր,
որպէս
թէ
սեւ
փետուր
մը
ըլլար,
հովէն
տարուբեր:
Բայց,
երբեմն,
յանկարծ,
գլուխը
երկնցուցած,
անխլիրտ
[29],
մտիկ
կ՚ընէ
ալիքներուն
տարօրինակ
երգին,
եւ
յետոյ՝
խորո՜ւնկ
խորո՜ւնկ
կը
նայի
անորոշ
հեռաւորութիւններուն
ուր
գնաց
նաւակը,
որ
տարաւ
ծաղկահասակ
Մայր–Սէրն
ու
Անմեղութիւնը…։
ԱՂԵՔՍԱՆԴՐ
ՇԱՔԼԵԱՆ
[30]
ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄ
(ՅԱՏԱԿԱԳԻԾ)
1.
Մատենագրական
տեղեկութիւն:
Կտորը
առնուած
է
«Ծաղիկ»
հանդէսէն
1895
թ։
Այս
դարու
սկիզբը
Շաքլեան
հիմնադիրն
է
«Վաղուան
Ձայնը»
անունով
երիտասարդ
պարբերաթերթի
մը
ուր
իր
կատաղի
եւ
զօրաւոր
տաղանդին
առաջին
նուաճումները
պիտի
ընէր
Սուրէն
Պարթեւեան։
Գրական,
ազգային,
քաղաքական
նշմարանքները
այս
տղուն,
կը
մնան
ուշագրաւ,
շրջանին
մտայնութենէն,
1910ին,
հիմնած
է,
իր
սեփական
միջոցներով,
«Իզմիրի
Դաշինք»
օրաթերթը։
Առեւտրական
մըն
էր։
2.
Կտորին
տեսակը։
Դժուար
է
որոշ
վերադիր
մը
գործածել
բնորոշելու
համար
այս
գրութիւնը
որ
հէքիաթ
մըն
է,
արձակ
քերթուած
մըն
է,
այլաբանական
էջ
մըն
է
հաւասար
չափով։
Պէտք
է
յիշէք
որ
խորհրդապաշտ
շարժումին
մեր
մէջ
սկզբնաւորութեան
հետ
(1895-1900)
սերտօրէն
կապուած
է
բախտը
արձակ
քերթուած
որակուած
գրելու
կերպի
մը,
ուր
կշռական,
ձայնական,
քնարական
տարրերը
եղած
են
գերակշիռ,
իրականութենէն
անդին
նայող
գեղեցկագիտութեան
մը
հպատակ։
Մեր
արուեստագէտ
սերունդը
անով
զառածեցաւ,
մեզի
ձգելով
հնչուն
եւ
ոսին
բառերէ
կազմուած
շեղջակոյտ
մը։
Նորոյթին
դիւրութիւնները
(յանգի,
ճշմարիտ
կշռոյթի
պակաս)
գրգիռ
մը
եղած
են
որպէսզի
ամէն
մարդ
զբաղի
իր
արձակ
քերթուածը
կառուցանելու:
Վերի
կտորը
մէկն
է
ցանցառ
յաջողուածներէն։
3.
Ամփոփում՝
բարակրաֆ
առ
բարակրաֆ,
որ
չանցնի
հինգ
տողը:
4.
Պիտակել
գրուածքին
գլխաւոր
մասերը
(բնանկար,
մարդկային
տարր,
պահ,
խորհուրդ)։
5.
Հանել՝
Ա)
—
Բնանկարի
մեծ
գիծերը:
Բ)
—
Պահին
երանգները։
Գ)
—
Կնոջ
դիմագիծը:
Դ)
—
Խորհուրդին
թելադրանքը:
6.
Լուսնալոյսին
եւ
ներկայացուած
պատկերներուն
մէջ
(պայծառութեան,
մանրամասնութեան
հանդէս)
կա՞յ
հակասութիւն:
Եթէ
այո՝
ինչպէ՞ս
արդարացնել
զայն։
/149/
7.
Խորհրդապաշտ
նկարագրութիւնը
կրնա՞յ
արհամարհել
իրականութեան
հարկադրանքը
(այս
կնոջ
պատկերը՝
դիտուած
լուսնալոյսով,
եւ
տրուած՝
կտորին
մէջ
ընդարձակ
մանրամասնութիւններով,
որպէսզի
ըլլայ
ընդունելի,
պէտք
է
դադրին
իրականութեան
օրէնքները:
Երազանք
մը,
մտքի
թափառումներ,
որոշ
չափով
զերծ
են
այս
պարտքէն։
Հէքիաթը
կը
շեղի
ընթացիկ
պատմումէն
շատ
յաճախ։
Այնպէս
որ
այս
կտորին
ընդհանուր
վրիպանքը
կը
փորձենք
փրկել,
զայն
տեսնելով
ինքն
իր
մէջ։
Պահ
մը
լուսինը
կրնայ
չքանալ
մեր
մտքին։
Ատով
կտորը
կը
վերածուի
այլաբանական
պատկերի
մը:
Այս
գործողութեամբ
հակասութիւնները
կը
դադրին,
եւ
մենք,
տրուած
պատկերներուն,
երանգներուն,
կէս
շարժումներուն
գնահատումը
կ՚ընենք
առանց
նեղուելու):
8.
Կնոջ
երգը`
Ա)
—
Իբր
երաժշտութիւն։
Բ)
—
Իբր
մտածում։
Գ)
—
Իբր
զգացում:
Դ)
—
Իբր
մտապատկերում:
9.
Մօտեցնել
նկարագրելու
այս
ձեւը՝
Ա)
—
Բաշալեանի։
Բ)
—
Սիպիլի։
Գ)
—
Հրանդի:
Դ)
—
Խրիմեանի։
10.
Ընդհանուր
գաղափարը։
11.
Խորհրդապաշտ
եղանակին
մէջ
դիտելի
տկարութիւններ
(նկարագրութեանց
առատութիւն,
իրականութեան
նուազում,
ձայնէ,
գոյնէ
զեղծանում,
բառերէ
տարուիլ,
անաւարտութիւն,
ուզուած
տարտամութիւն)
ո՞րչափով
կը
զգաք
ներկայ
կտորին
մէջ։
12.
Բացատրել՝
Ա)
—
Լուսնի
ժպտիլը։
Բ)
—
Ալիքներուն
արծաթազօծուիլը։
Գ)
—
Տրտմօրէն
անոյշ
ժպիտ
մը։
Դ)
—
Քօղերուն
բաբախումը:
Ե)
—
Ճերմակ
թռիչ
մը։
Զ)
—
Ալիքներէն
համբուրուիլ։
Է)
—
Մայր-Սէրը
եւ
Անմեղութիւնը։
Ը)
—
Մշտական
արշալոյս։
Թ)
—
Երանութեան
ափունք։
Ժ)
—
Խոկացող
լեռներ։
ԺԱ)
—
Փառքի
ովկէան
արշալոյս
մը։
ԺԲ)
—
Երգող
լոյսեր։
ԺԳ)
—
Դողացող
երկիր:
ԺԴ)
—
Ցանուող
ծիածան:
ԺԵ)
—
Տրտմող
լուսին:
13.
Դատել
երգի
մասերը։
14.
Դատել
նկարագրող
տարրը։
15.
Ո՞ւր
է
այս
կտորին
տիրական
արժանիքը
(գոյնի՞,
շարժումի՞,
ձայնի՞,
խորհուրդի՞
տարրերուն
մէջը):
/150/
16.
Թարմութիւնը,
փափկութիւնը,
դաշնակութիւնը,
գունագեղութիւնը
սա
ոճին,
նպա՞ստ
են
թէ
ծանրաբեռնում։
ՇԱՐԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Նաւով
պտոյտ
մը
1.
Տեղ։
2.
Պահ:
3.
Մարդեր։
4.
Հոգեկան
վիճակ։
5.
Մտածման
բաժին։
ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆ.
—
Անոնք
որ
ծովէն
հեռու
կ՚ապրին
եւ
չեն
ունեցած
պատեհութիւն
մը
նաւակ
նստելու,
կ՚առնեն
անտառ
մը,
բուրաստան
մը,
դաշտավայր
մը
եւայլն։
Երկու
պարագային
ալ
պահանջուածը
անձնական
վկայութիւն
մըն
է։
Խուսափելու
համար
տափակութեան
վտանգէն,
ծանրանալ
ոչ-հասարակ
մանրամասնութեանց
վրայ։
Զգուշանալ
տեղն
ու
պահը
ոսկեզօծելէ:
Զգուշանալ
մարդերը
լուսանկարելէ։
Ըլլալ
համեստ,
հոգին
պատմելու
վտանգին
առջեւ։
Աւելի
համեստ՝
երբ
պիտի
մտածէք
բնութեան
մեծ
պատկերներուն,
պիտի
խռովուիք
անոնցմէ
եկած
հազար
ու
մէկ
թելադրանքներէն։
Մոռնալ
գիրք
հոտող
ամէն
մանրամասնութիւն։
Վստահիլ
միմիայն
անձնական
զգայութեանց։
ԼԳ.
ԴԱՍ
ԱՒԱԶՆԵՐՈՒՆ
ՄԷՋ
Էօզպէքիէի
[31]
պարտէզին
մէջ,
իրիկուան
առաջին
ստուերներուն
հետ՝
կը
սկսէր
հասնիլ
ճեմողներու
բազմութիւնն,
աւազին
վրայ
հազիւ
լսելի
յուշիկ
քայլերով,
կազդուրուելու
համար
օրուան
տապէն:
Արաբական
եւ
անգլիական
նուագածութիւնք
փոխն
ի
փոխ
կենդանութիւն
կուտային
այդ
խաղաղիկ
զբօսավայրին,
ուր
ամէն
ազգ
եւ
ամէն
երկիր
ղրկած
էր
իր
հարուստներն
ու
հիւանդները
[32]
։
Զոյգ
զոյգ
կամ
առանձին՝
կը
մտնէին,
կը
ցրուէին
այս
ու
այն
կողմ,
իրենց
յարմար
անկիւններ
ընտրելով,
անգլուհիներ,
ամերիկուհիներ,
ռուս
կիներ,
երիտասարդներ՝
հին
ու
նոր
աշխարհէն,
ու
դողդոջուն
ծերունիներ։
/151/
Եւ
այդ
համազգային
բազմութիւնը
կը
սփռէր
իր
արդուզարդի
ճաշակը,
իր
պերճանքը,
իր
սեթեւեթն
[33]
այդ
պարտէզին
մէջ
որ
ամէնքը
կը
գերազանցէր
իր
իսկ
գեղեցկութեամբը։
Բնութիւնն
ալ,
մարդուն
պէս,
իր
ներկայացուցիչներն
ունէր
հոն.
հնդկական
ծառեր,
չինական
տունկեր,
կովկասեան
բոյսեր,
հեռաւոր
կլիմաներէ
փոխադրուած
ծաղիկներու
եւ
դալարեաց
[34]
հաւաքածոյ
մը՝
որ
զմայլանք
կ՚ազդէր։
Եւ
աւազն,
հոն՝
իր
բնավայրին
մէջ,
առատ,
անսպառ,
կ՚իշխէր
ամէնուն
վրայ,
ամենուրեք։
Աքասիաներու
[35]
տակ
պատսպարուած
նստարանի
մը
վրայէն,
Տրդատ
լիաթոք
կը
վայլէր
մեղմ
սիւգը,
զոր
գիշերուան
մօտ
միայն,
հազուագիւտ
բանի
մը
պէս,
կը
պարգեւէ
բնութիւնն
եգիպտական
հորիզոնին
տակ։
Բայց
հովէն
ու
զովութենէն
աւելի,
հեշտ
էր
իրեն
համար
պարտէզին
համայնապատկերը,
որուն
մէջ
արուեստը
կրցած
էր
միացնել
ամէն
բնական
հրապոյրներ՝
քարաժայռը,
ծառուղին,
պուրակը,
լճակը,
եւ
հազար
ու
մէկ
հրաշալիք։
Բերայի
[36]
պարտէզները,
զորս
իր
երեւակայութեան
առջեւ
կը
բերէր,
հիմակ
այնքան
նեղ
ու
աննշան
կ՚երեւէին
իրեն,
որքան
Վոսփորն
[37]
ու
իր
հովերը
վեհապանծ
ու
հրաշալի՝
այդ
տաք
կլիմային
հանդէպ:
Նոր
թողած
էր
Պոլիսը,
առանց
հրճուանքի
ու
առանց
տխրութեան,
անփոյթ,
անտարբեր,
դժնդակ
հարկի
մը
առջեւ,
—
բժիշկներուն
խորհրդով։
Պէտք
չունէր
անոնց
զննութեան
արդիւնքն
hարցունելու,
իր
հիւանդութիւնը
գիտնալու
համար։
Ձմեռուան
մօտ
զինքը
Եգիպտոս
[38]
կը
ղրկէին,
այսքանը
բաւական
էր։
Ու
աշնան
այդ
մելամաղձիկ
իրիկունը,
վերջալոյսին,
ծառաստանի
մը
տակ
առանձնացած,
կը
խորհէր
իր
դժբախտ
կեանքին
վրայ
որ
դատապարտուած
[39]
էր։
Ծնողացը
բարեկեցիկ
վիճակը,
շատ
շատ,
դիւրութիւն
պիտի
տար
իրեն՝
հանգիստ
հիւանդ
մը
ըլլալու,
ճամբորդելու,
մեծ
բժիշկներու
դիմելու,
առանց
նիւթական
մտածման:
Բայց
կեանքը
ա՛լ
հրապոյր
չունէր
իրեն
համար:
Ու
միայնակ
եւ
տխուր
էր
այդ
մեծ
ոստանին
մէջ,
որ
չէր
հետաքրքրեր
զինք։
………………………………………………………………………………………………………
Պարտէզին
հեռաւոր
մէկ
անկիւնը,
արհեստական
խոշոր
ժայռի
մը
տակ,
ուր
լապտերներուն
լոյսը
դիցաբանական
[40]
տեղւոյ
մը
երեւոյթը
կ՚ընծայէր,
փոքրիկ
խումբ
մը
կար
մարմարէ
սեղանի
մը
առջեւ,
երբ
հոն
հասան:
Հազիւ
տոքթորը
արտասանած
էր
ներկայացման
սովորական
բառերը
«Կինըս։
—
Պոլսեցի
բարեկամս
որուն
վրայ
խօսած
եմ»,
Տրդատ
այլայլում
մը
ունեցաւ.
մանկամարդ
ֆրանսուհին
ձեռքը
կարկառեց
դողդոջուն,
/152/
ինքն
ալ
չկրնալով
բառ
մը
արտասանել։
Երկուքն
ալ
արձանացած
կը
մնային:
Խարտիշագեղ
ֆրանսուհի
մըն
էր
Անժէլիք
[41]
՝
տոքթորին
կինը,
կապոյտ
երազուն
աչերով,
մանկան
մը
անուշութիւնն
ու
կնոջ
մը
ծանրութիւնը
[42]
միացնելով
իր
դէմքին
վրայ,
որ
այնքան
ներդաշնակ
էր
իր
փափուկ
ու
դիւրաթեք
[43]
հասակին
հետ,
—
վալսելու
[44]
համար
կարծես
ստեղծուած։
Խօսուածքն,
որ
կ՚ոգեւորէր
զինքը
ամէն
մէկ
շեշտին,
նոր
հրապոյր
մը
կուտար
իր
անձին.
կը
խօսէր
առանց
ճիգի,
այն
յոգնած
շնորհալի
երեւոյթով
որուն
գաղտնիքը
քիչ
կիներ
ունին։
Տրդատ
պէտք
չունէր
զննելու
այդ
դէմքը,
այդ
նայուածքը.
ինք`
իր
սրտին
խորը
կը
պահէր
զայն
արդէն,
մաքուր,
անաղարտ,
սուրբ
յիշատակի
մը
պէս,
հակառակ
տասը
տարիներուն
որք
[45]
սահած
էին:
ՏԻԳՐԱՆ
ԱՐՓԻԱՐԵԱՆ
[46]
ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄ
(ՅԱՏԱԿԱԳԻԾ)
1.
Մատենագրական
տեղեկութիւն:
Այս
կտորը
առնուած
է
«Աւազներուն
մէջ»
խորագրուած
վիպակէ
մը՝
լոյս
տեսած
Հրանդ
Ասատուրի
եւ
Զօհրապի
«Մասիս»ին
մէջ
(1892–93)։
Տիգրան
Արփիարեանէ
որ
եւ
է
հատոր
չունինք։
Իր
քրոնիկները,
հաւաքուած
պարագային,
շրջանի
մը
վրայ
(1885–1910)
պիտի
ներկայացնէին
արժէք
մը՝
հաւասար
մեր
Մամուրեան
«Հայկական
Նամականի»ին։
2.
Աւազներուն
մէջ:
Վիպակը
պատմութիւնն
է
Տրդատ
անունով
Պոլսեցի
երիտասարդին
կեանքին։
Անժէլիքը
անունն
է
այն
աղջկան
որ
առաջին
եւ
մաքուր
սիրով
սիրած
է
այդ
թեթեւաբարոյ
երիտասարդը,
ու
լքուած
անկէ՝
յետոյ
դառնալու
համար
կինը
ֆրանսացի
բժիշկի
մը։
Անոր
ամուսինը
Գահիրէի
Հելուան
արուարձանին
մէջ
կը
պաշտօնավարէ
իբրեւ
բժիշկ։
Տրդատի
եւ
բժիշկի
ծանօթութիւնը
կ՚առաջնորդէ
անոր
կնոջ
ծանօթութեան։
Տրդատ
կը
յիշէ
երիտասարդութիւնը,
անոր
սխալները,
հիմա
երջանիկ
Անժէլիքի
պատկերին
առջեւ,
որ
խորապէս
յուզուած
ի
տես
այդ
քայքայուած,
դիակնացած
երիտասարդին,
ակամայ
փղձկում
/154/
մը
կ՚ունենայ
անոր
մեկնումէն
վերջը։
Արփիարեանի
պատմումը
պարզ
է,
դէպքերը
արագ,
ողբերգութիւնը
բնական։
Քիչիկ
մը
այդ
օրերու
իրապաշտութեան
նախասիրած
նկարագրականները
կը
ծանրաբեռնեն
գրուածքը,
առանց
զայն
կործանել
յաջողելու։
3.
Նկարագրող
տարրը
այս
կտորին
մէջ
եւ
անոր
յատկանիշները.
Ա)
—
Պարզութիւն։
Բ)
—
Ժուժկալութիւն։
Գ)
—
Գոյնի
հարազատութիւն։
Դ)
—
Մարդկայնութիւն
(տեսարանները
կուգան
ոչ
թէ
իրենք
իրենց
տարագեղ
շնորհներուն
ցուցադրումին
համար
այլ
մարդկայինը
աւելի
հասկնալի
ընելու
նպատակով)։
Ե)
—
Իրապաշտութիւն։
4.
Կտորին
մարմինը.
Ա)
—
Հանրային
պարտէզը։
Բ)
—
Հիւանդ
մը։
Գ)
—
Պահ
մը։
Դ)
—
Պարտէզին
մէջ
անկիւն
մը։
Ե)
—
Անժէլիք։
5.
Չորրորդ
բարակրաֆի
իւրաքանչիւր
մասը
ամփոփել
երեք
տողը
չանցնող
նախադասութեանց
մէջ։
6.
Հանել
գիծերը՝
Ա)
—
Տրդատին։
Բ)
—
Անժէլիքին։
7.
Ըսել
գաղտնիքը
որով
այդ
անունները
ձեր
մտքին
մէջ
կը
մնան
ընդմիշտ
սեւեռուած։
8.
Ո՞րչափով
հարազատ
է
ենթ-արեւադարձային
քաղաքէ
մը
(Եգիպտոսի
Գահիրէն)
տրուած
սա
ուրուագիծը։
Կրնա՞ք
ձեր
ալ
փորձառութեամբը
այդ
տպաւորութիւնը
արժեւորել.
կը
յիշէ՞ք
քաղաքներ
ուր
արեւելքն
ու
արեւմուտքը
ըլլան
այսպէս
տիրական
կերպով
նուաճուած։
9.
Ի՞նչ
է
պատճառը
որպէսզի
ծառերը
չանձնաւորուին։
10.
Հանրային
պարտէզին
նկարագիրները.
(մերձեցնել
տրուածը
ձեր
ապրումներուն):
11.
Դատել
այս
ոճը։
12.
Տրաման։
13.
Ո՞րչափը
նոր
է
այս
պատմումին։
Ո՞ւր
կը
կարծէք
թէ
անիկա
կը
թուի
հինցած։
14.
Ինչո՞ւ
շարժումները
քիչ
են:
15.
Ի՞նչ
է
ինքնավերլուծումը:
ՇԱՐԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Հանրային
պարտէզ
մը
1.
Տեղ,
դիրք։
2.
Բուսականութիւն։
3.
Արհեստական
յօրինումներ
(լճակ,
ջրվէժ
եւայլն)։
/155/
4.
Կեանքը։
5.
Նուագախումբ
(եթէ
կայ)։
6.
Սեփական
կնիք։
7.
Կը
սիրէ՞ք
հոն
պտոյտը։
8.
Ամփոփ
եզրակացութեան
մը
մէջ
խտացնել
ձեր
տպաւորութիւնը.
Ա)
—
Իբր
գիծ
եւ
շարժում:
Բ)
–
Գոյն
եւ
կեանք։
Գ)
—
Թելադրանք։
ԼԴ.
ԴԱՍ
ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔ
[47]
«…Եկեալքս
ի
մտանել
արեգականն
տեսաք
ըզլոյս
երեկոյի…»
[48]
Յուշիկ
[49]
փախչող
իրիկուան
ծիրանի
լոյսն
է
զըւարթ
[50],
Ոսկի
թելեր՝
պըլլըւած
խունկի
թաւիշ
[51]
մըշուշին.
Կապոյտ
ծոպեր
[52],
ծիածան,
ծըփուն
ձայներ,
միստի՜կ
[53]
վարդ
[54],
Լոյսէ
արցունք
մոմերու՝
որոնք
հանդարտ
կը
մաշին։
Խունկի
ծարաւ
իմ
հոգիս
կը
ծըծէ
պահն
այս
հանդարտ,
Ոսկէկըրակ
աչքերով
բուրվառներ
երբ
կը
ճօճին,
Պակուցում
[55]
մը
հոգեգրաւ
[56]
հոն
կը
թողու
զիս
անթարթ,
Կը
զգամ
համբոյրն
իմ
հոգիս
պարուրող
[57]
բիլ
[58]
մարմաշին
[59]:
Մեղեսիկի
[60]
երանգներ
կ՚օծեն
պարոյրը
[61]
խունկին.
Խորհուրդին
[62]
եմ
ծնրադիր
բազուկներըս
խաչանիշ՝
Ու
կը
սպասեմ
որ
ծագի
հոգւոյս
պայծառ
կիրակին…։
Ջահերն
հիմակ
կ՚երազե՜ն
համակ
զիւմրիւթ
[63]
ու
թարշիշ…
Կամարներէն,
խորանէն
կը
ծագին
լոյս
ու
ծիծաղ,
Հոգիս
քիչ
քիչ
կը
թաղուի
անուրջին
մէջ
այս
չքնաղ։
Յուշիկ
փախչող
իրիկուան
ծիրանի
լոյսն
ի
զըւարթ…:
Մ.
ՄԵԾԱՐԵՆՑ
[64]
/157/
ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄ
(ՅԱՏԱԿԱԳԻԾ)
1.
Մատենագրական
տեղեկութիւն:
Այս
քերթուածը
առնուած
է
Մ.
Մեծարենցի
«Ծիածան»
հատորէն.
Երբ
ողջ
էր,
իր
միջոցներով
հրատարակած
է
«Նոր
Տաղեր»ու
Բ.
հատորիկը՝
ան
ալ
քերթուած։
Պատերազմէն
վերջ
Թ.
Ազատեան
հաւաքած
է
անոր
ամբողջ
քերթուածները
դուրս
ձգելով
միայն
սկսնակ
շրջանի
ոտանաւորներ։
Դարձեալ՝
հրատարակած
է
անոր
արձակները՝
«Ոսկի
Արիշին
տակ»
վերնագրով։
Մ.
Մեծարենց
այն
բախտաւոր
բանաստեղծն
է
որ
ողջուց
չարաչար
հալածուելէ
յետոյ
արժանացաւ
յետ
մահու
ընդարձակ
փառքի
մը,
այնքան
որ
արեւելահայերը
անոր
քերթուածներուն
ամբողջական
հրատարակութիւնը
ըրին
ընդարձակ
յառաջաբանով
եւ
լայն
ծանօթագրումներով։
2.
Վերնագրի
թելադրանք:
Այս
քերթուածը
իբրեւ
գաղափար,
իբրեւ
վիճակ,
սխալ
չըլլար
մօտեցնել
«Ներաշխարհ»ին
մէջ
մանրամասնօրէն
վերլուծուած
շաբաթ
իրիկուան
մը։
Տիրան
Չրաքեան,
այդ
օրերուն
(1906-1908)
ամէնէն
տիրական
դէմքն
է
արեւմտահայ
գրականութեան,
եւ
իբր
այդ
ունի
մեծ
ազդեցութիւն
սկսնակներուն
վրայ։
Ասկէ
անկախաբար,
գաւառէն
Պոլիս
փոխադրուող
ամէն
պատանի
ատեն
մը
պիտի
շարունակէ
մնալ
հաւատարիմ
իր
երկրորդ
մանկութեան
զգայութիւններուն։
Գաւառին
ու
մանաւանդ
գիւղերուն
մէջ,
շաբաթ
իրիկունը
ամէնէն
անուշիկ
պահն
էր
կիրակին
հանդերձող։
Մեր
եկեղեցւոյ
երեկոյեան
արարողութիւնները
տխրանոյշ
իրենց
մթնոլորտով,
ամոքիչ
բան
մը
ունին
մանաւանդ
մեծ
քաղաքներու
մէջ
տառապող
հոգիներուն
մատչելի։
3.
Քերթուածին
մարմինը.
Ա)
—
Տաճար
մը։
Բ)
—
Ձայներ։
Գ)
—
Գոյներ։
Դ)
—
Խորհուրդ։
Ե)
—
Բանաստեղծը։
Եթէ
ուզենք
բանալ
այս
սեղմ
տարազները
պիտի
տեսնենք.
Ա)
—
Նուազութիւն
ճարտարապետական
ձեւերու
եւ
տպաւորութեանց,
թերեւս
անոր
համար
որ
արեւմտահայերու
եկեղեցիները
զուրկ
են
ճարտարապետական
ճոխ,
տպաւորիչ
խոյանքէ,
արդիւնք՝
մեր
հոգիին
մէջ
տեղաւորուած
վախին՝
թուրքէն
եւ
իր
նախանձէն։
Այլապէս,
հաւատացեալը՝
գաղջ
կամ
զօրաւոր
զգացումներով,
պարտաւոր
է
մեծ
եկեղեցիներու
ճարտարապետական
զօրաւոր
տպաւորութիւնները
անտես
չընել։
Բ)
—
Գոյնի
անսովոր
առատութիւն.
պարագայ՝
որ
կը
բացատրուի
Մ.
Մեծարենցի
տաղանդին
հիմնական
մէկ
յատկանիշով։
Չրաքեանէն
վերջ
անիկա
մեր
գրականութեան
ամէնէն
նրբատես
աչքն
է։
Մեծարենցի
գոյները
կուգան
բնութէնէ,
/158/
մետաղներէ
(թերեւս
այս
վերջին
հակումը
կուգայ
անգլիացի
գրող
Օսկար
Ուայլտէ՝
որու
գործերուն
խոր
հիացող
մըն
էր
Մեծարենց)։
Գ)
—
Արտաքին
եւ
ներքին
աշխարհներուն
ներդաշնակ
շաղապատում՝
որով
այդ
գոյները
կը
դադրին
նկարչական
իրենց
դերէն
ըլլալու
համար
հոգեղէն
արտադրութիւն։
Դժուար
է
երեւակայել
«հոգին
համբուրող
կտաւին
կապոյտ
շրթունքները».
բայց,
ոչ
անկարելի։
Դժուար
է
«հոգիի
պայծառ
կիրակի»
մը
տեսնել,
բայց
զուարթութիւնը
կիրակիին
մարմինն
իսկ
է
ամէն
պատանիի
հոգիէն
ներս։
Ա՛յսպէս,
տեսնուած
այս
գոյները
կ՚ըլլան
հոգիի
մասեր։
Ասով
Մեծարենցի
նկարագրութիւնը
կը
զատուի
շրջանի
ընդհանուր
հիւանդութենէն։
1900ին
մարդիկ
էջեր
կը
յատկացնէին
կնիկ
մը,
աղբիւր
մը,
արշալոյս
մը
նկարագրելու
նկարչական
արարքին։
Մեծարենցի
սեղմումը
(գոյները
իբրեւ
զուտ
գոյն
գործածելու՝
նկարչի
յատուկ
զբաղմունքէն)
եղած
է
օգտակար
նախ
իրեն
եւ
յետոյ
ուրիշներուն։
Դ)
—
Խորհուրդին
հարազատութիւնը,
որ
չէ
ճարուած
գրական
միջոցներով,
խոշոր
բառերով
եւ
մութ
մտածումներով։
Անիկա
ուղղակի
խտացումն
է
պահին,
տեղին,
ասոնցմէ
վեր
կամարուող
անծանօթին
եւ
տառապող
մարդուն։
4.
Բացատրել՝
Ա)
—
Փախչող
իրիկուն։
Բ)
—
Զուարթ
լոյս:
Գ)
—
Ոսկի
թել։
Դ)
—
Թաւիշ
մշուշ։
Ե)
—
Ծփուն
ձայն։
Զ)
—
Մոմէ
արցունք։
Է)
—
Պահ
ծծել։
Ը)
—
Ոսկէկրակ
աչք։
Թ)
—
Հոգին
պարուրող
բիլ
մարմաշ։
Ժ)
—
Մեղեսիկով
օծուած
պարոյր։
ԺԱ)
—
(Հոգիի)
կիրակիի
ծագումը։
ԺԲ)
—
Երազող
ջահ։
ԺԳ)
—
Զիւմրիւթ
եւ
թարշիշ
երազ։
ԺԴ)
—
Ծագող
ծիծաղ։
5.
Արտաքին
աշխարհ։
6.
Ներքին
աշխարհ։
7.
Առաջին
տունէն
երրորդ
տողը
ի՞նչ
տպաւորութիւն
կը
թողու
ձեր
վրայ
(ձայնական
տեսակէտով)։
8.
Այս
ոտանաւորին՝
Ա)
—
Զգացական
տարողութիւնը։
Բ)
—
Նկարագեղ
(pittoresque)
տարողութիւնը:
Գ)
—
Խորհրդի
ծանրութիւնը,
մարդկայնութիւնը։
Դ)
—
Երկնայնութիւնը։
Ե)
—
Նորութիւնը։
Զ)
—
Սեղմութիւնը։
Է)
—
Թելադրականութիւնը։
Ը)
—
Խորհրդանշանական
արժէքը։
Թ)
—
Դէպի
բռնազբօսութիւն
իր
հակումը։
/159/
Ժ)
—
Գրական
ճաշակի
մը
վաւերագրական
արժէքը։
ԺԱ)
—
Մեծարենցի
ընդհանուր
նկարագիրներուն
մէջ՝
տեղը
(«Ծիածան»ը
կը
պարունակէ
դեռ
ինքզինքը
չը
տիրապետած
արուեստագէտի
մը
փորձերը)։
ԺԲ)
—
Հասունութիւնը:
ԺԳ)
—
Անկեղծութիւնը։
ԺԴ)
—
Տեղը
մեր
գրականութեան
մէջ։
ՇԱՐԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
1.
Նկարագրել
շաբաթ
գիշերուայ
եկեղեցի
մը.
Ա)
—
Շէնք։
Բ)
—
Պահ։
Գ)
—
Արարողութիւն։
Դ)
—
Մարդեր։
Ե)
—
Ընդհանուր
տպաւորութիւն։
2.
Գտնել
այն
հոգեկան
վիճակը
որով
կը
զատուի
այդ
շաբաթ
գիշերը
ուրիշ
օրերու
ձեր
ներկայ
եղած
արարողութիւններէն։
3.
Ինչո՞ւ
տրտում
է
պահը։
4.
Կա՞յ
կապ
մը
եկող
գիշերին
եւ
կիսաստուեր
ժամուն
ձեզի
թելադրած
պատկերին
մէջ։
ԼԵ.
ԴԱՍ
ՏԱՐԱԳՐՈՒԱԾ
ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ
ՏԻԿԻՆՆԵՐԸ
[65]
Ա.
…
Իսկ
երանելի
առաքինիներուն
[66],
կապուածներուն,
պատերազմի
մէջ
ինկողներուն
կիները
ես
չեմ
կրնար
բոլորն
ալ
թուել
հոս.
վասնզի
ինծի
անծանօթները
աւելի
շատ
են
քան
ճանչցածներս։
Մինակ
հինգ
հարիւրը
յականէ
յանուանէ
[67]
կը
ճանչնամ։
Անոնք
միայն
աւագներէն
չէին,
այլ
կրտսերներէն
[68]
ալ:
Ամէնքն
ալ՝
վառուած
[69]
երկինքով՝
վար
չմնացին,
ճգնութեան
մէջ,
անոնցմէ՝
որոնք
աշխարհին
համը
չառին
[70]
։
Աւագ
թէ
կրտսեր,
անոնք
հաւատքի
նոյն
առաքինութիւնները
հագան։
Ամենեւին
չյիշեցին
իրենց
տոհմիկ
ազատութիւնը
[71],
այլ
այն
մարդոց
նման
որոնք
գեղջուկ
կեանքի
տաժանքներուն
վարժուած
են
իրենց
ծնունդէն
իսկ,
յանձն
առին
վիշտերու
համբերել,
այս
վերջիններէն
առաւել
աստիճանով
մը:
/160/
Ոչ
միայն
իրենց
ներսէն
մխիթարեցին
զիրենք
յաւիտենական
յոյսին
աներեւոյթ
զօրութեամբը,
այլ
մարմնական
չարչարանքներով
կեանքին
ծանր
բեռը
տարին
աւելի
չափով
մը։
Թէպէտեւ
ամէն
մէկը
իր
ձեռնասուն
սպասաւորները
ունէր,
կարելի
չէր
որոշել
թէ
ո՞րն
էր
Տիկինը
[72],
ո՞րը՝
նաժիշտը
[73]
։
Նոյն
էր
անոնց
զգեստը,
ու
գետնախշտի
[74]
կը
պառկէին։
Մէկը
միւսին
անկողին
չէր
ձգեր,
վասնզի
խոտերն
[75]
անգամ
չէին
զատեր
իրարմէ։
Փսրաները
[76]
նոյն
թուխ
գոյնով
էին
եւ
սնարի
բարձերուն
նոյն
էր
սեւութիւնը։
Անոնց
համար
առանձին
համադամ
եփող
չկար
ու
ազնուականներու
օրէնքներուն
համեմատ,
որոշուած
հացարարներ
չունէին
անոնք։
Շաբաթամուտը
[77]
ընդհանուր
էր
անապատականներուն
մէջ
եղածին
նման։
Մէկը
միւսին
ջուր
չէր
թափեր
ձեռքերուն,
ոչ
ալ
պզտիկները
մեծերուն
դաստառակներ
[78]
կը
մատուցանէին։
Փափկասուն
կիներուն
ձեռքը
օշնան
[79]
չինկաւ,
ու
չունեցան
անոնք
ուրախարար
իւղը
օծումին։
Անոնց
առջեւ
մաքրափայլ
սկուտեղներ
[80]
չդրուեցան
եւ
ուրախութեան
օրերու
բաժակակալներ
[81]
չբերուեցան։
Մէկը
նուիրակ
[82]
չսպասեց
անոնց
դուռներուն
առջեւ
եւ
անոնց
հարկինքներուն
[83]
չհրաւիրուեցան
ազնուականներ:
Ոչ
մէկը
յիշեց
թէ
բնակաuնունդ
[84]
դայեակներ
կամ
սիրելի
հարազատներ
ունէր:
Նորեկ
հարսներու
սրահակները
[85]
եւ
սրսկապանները
փոշոտեցան
եւ
ծխոտեցան.
ու
անոնց
առագաստի
սենեակներուն
մէջ
սարդի
ոստայններ
հիւսուեցան.
անոնց
տաճարներուն
[86]
բարձրագահերը
[87]
կործանեցան
ու
անոնց
կոչունքներուն
(երախանք)
սպասները
խանգարուեցան։
Ինկան
անոնց
ապարանքները
եւ
անոնց
ապաստան
ծառայող
ամրոցները
աւերակի
վերածուեցան:
Անոնց
ծաղկանոցներուն
[88]
բուրաստանները
ազազեցան
[89]
ու
չորցան.
տաշտախիլ
[90]
եղան
որթերը
անոնց
գինեբեր
այգիներուն։
Իրենց
աչքերով
տեսան
իրենց
ինչքերուն
[91]
յափշտակումը,
եւ
իրենց
ականջներով
լսեցին
իրենց
սիրականներուն
չարչարանքները։
Անոնց
գանձերը
արքունիքէն
[92]
գրառուեցան:
Ու
իրենց
զարդերն
իսկ
չմնացին
իրենց
երեսին:
(Պատմութիւն
Նահատակութեան
Վարդանանց
Պատերազմին)
ԵՂԻՇԷ
ՇԱՐԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Պատասխան
նամակ
մը
1.
Կանչուած
էք
ձեր
թաղին
մէջ
(ստնտու,
սպասուհի,
որբուհի)
ծառայող
կնոջ
մը
(տարիքը,
հանգամանքը,
կացութիւնը
նկատի
առէք)
կողմէ,
խմբագրելու
պատասխանը
նամակի
մը
զոր
ստացած
է
իր
տունէն։
2.
Լիակատար
ազատութիւնը
տունէն
հասած
նամակը
երեւակայելու
ձեր
կողմէն։
3.
Ձեր
պատասխանը
պիտի
գոհացնէ
տունի
նամակին
բոլոր
պահանջուածները,
նաեւ
պիտի
հաղորդէ
լայն
մանրամասնութիւններ,
գրողին
կողմէն։
ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆ.
—
Ստիպուած
էք
գործածելու
շատ
պարզ
լեզու
մը,
ուր
սակայն
պէտք
չէ
թոյլատրուին
օտար
բառեր:
Ամէնէն
ուղիղ
ճամբան
պիտի
ընտրէք
մտածումներ
արտայայտելու
ատեն։
Չափ
պիտի
պահէք
երբ
կարգը
կուգայ
յուզումներէ
պատմելու։
Լաւատեսութիւնը,
յոյսը,
ապրելու
կորովը
բարեխառնութիւն
պիտի
ստեղծեն
ձեր
պատասխան-նամակին
մէջ։
Սէր,
կարօտ,
տեսակցելու
քաղցրագին
հեռանկարը.
սպասումին
հարկը
կրնան
անցողաբար
շահագործուիլ։
Բոլոր
վիճակները
միանգամայն
ներկայ
ունեցէք
ձեր
մտքին
մէջ,
գրելէ
առաջ։
Յետոյ
դասաւորեցէք։
Վերի
1.
բարակրաֆին
մէջ
թելադրուած
պարագաները
իբր
ներքին
տարր
պիտի
գործածէք:
Այս
աշխատանքը
երկու
շարադրութիւն
կ՚ընդգրկէ։
Միշտ
մեր
տողերը
արձագանգը
պիտի
ըլլան
առաջինի
մը։
[1]
Փող
=
դրամ,
նաեւ՝
խողովակ.
քիչ
մը
լայնկէկ
խողովակ,
ուրկէ
օդը
կը
թափանցէ
թոքերուն
մէջ։
[3]
ԳԵՂԱՄ
ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ։
Արուեստագէտ
սերունդի
կրտսեր
խումբին
կը
պատկանի
անիկա։
Խմբագրական
իր
աշխատանքին
քովն
ի
վեր
տուած
է
գրական
էջեր,
տպաւորապաշտ
թէքնիքով։
Պատկերներ,
երազներ,
նորավէպեր,
բոլորն
ալ
գրուած
1900ի
խնամուած,
կայծկլտուն
ոճով։
Վերի
պատկերը
նոր
եղանակ
մըն
է
իր
գրականութեան
մէջ,
պարզ
որքան
իրական։
1915-ի
զոհերէն։
[4]
Շիթ
=
կաթիլ։
Այդ
իմաստով
նաեւ
կայլակ,
ոլոռ:
[5]
Մելամաղձոտ
=
թախծոտ,
տրտում,
տխուր,
(հոս՝
աւելորդ
գործածութեամբ)։
[6]
Կոծ
=
լացի
ձայն:
Մօտեցնել՝
կոչ,
կանչ։
Կական
նոյն
իմաստով։
[7]
Ցօղ
=
արցունքի
տեղ:
Այս
գործածութիւնը
հասարակցած
է
ալ։
[8]
Փողփողել
=
փայլիլ։
Փող՝
մօտեցնել
փաղփ,
փայլ
ձեւերուն։
Հոմանիշները
գիտէք
արդէն։
[9]
Ծիրանածին
=
ծիրանի
գօտիէն
ծնած։
Ծիածանը
գիտէք։
Ծիրանածին՝
նաեւ՝
թագաւորի
տղոց
կ՚ըսենք։
Ծիրանի`
թագաւորական
պատմուճան։
Անոր
տակ
ծնունդները։
[10]
Խորհրդաւոր
=
ընդարձակ
բայց
անորոշ
տարողութիւն
ունի
այս
բառը։
Հոս՝
թափանցումը
դժուար,
գաղտնիքով
լեցուն։
[11]
«Զոր
կընքած
է
սուգին
նարoտ»
=
նարoտ՝
մոմէ
մանրադիր
խաչ
զոր
կը
կապեն
հարս
ու
փեսին
գլուխը։
Կը
նշանակէ
ատկէ՝
հարսնութիւն։
Սուգին
նարօտը
մահուան
կնիքն
է։
Սիրելիներ
որոնք
թաղուած
են
հիմա,
եւ
որոնց
սիրոյն
նարօտը
հիմա
սուգի
նշան
մըն
է։
[12]
«Միշտ
գոռացող
ամպին
նըման
փոթորկայոյզ»
=
ամբողջ
այս
տողը
չափազանցուած
գնացք
մը
ունի
ու
չի
պատշաճիր
արցունքին
ո՛չ
ձայնին,
ոչ
ծաւալին։
[13]
Կեդրոնախոյս
=
որ
խոյս
կուտայ
կեդրոնէն։
Հականիշ՝
կեդրոնաձիգ։
[14]
Հեղուկ
բոց
=
յաջող
պատկեր։
[15]
Աւերակ
կոյտ
=
հոգին
այսպէս
թանձրացեալ
տալու
ճիգը
մօտիկ
է
բռնազբօսութեան։
[16]
«Թէեւ
դըժբախտ
իմ
օրերուս
յուշերն
ըլլաք»
=
քերթուածին
մէջ
արցունքները
միշտ
տրտմութեան
խորք
մը
չունեցան։
Անոնք
ուրախութեան
օրերն
ալ
յիշեցուցին։
Ու
հիմա
այս
ընդհանրացումը
տեսակ
մը
հակասութիւն
կը
բերէ։
[17]
«Ձեզմով
կը
զգամ
սըրտիս
ապրիլն
ես
շարունակ»
=
վիշտին
մէջ
միայն
ապրելու
այս
հաստատումը
բացարձակ
է
շատ։
[18]
ՏԻԿԻՆ
ԶԱՊԷԼ
Հ.
ԱՍԱՏԷՐ։
Արեւմտահայ
քերթողուհի
եւ
վիպագիր։
Իր
դերը
մեծ
եղած
է
արդի
աշխարհաբարին
կանոնաւորման
մէջ։
Իր
վիպակները
քնքուշ
ու
կանացի
մթնոլորտ
մը
կը
ստեղծեն
ընթերցողին
մէջ։
Իր
ոտանաւորները
ճարտար
հիւսք
ու
փափուկ
գոյներ
ունին։
Քիչ
զգացում,
առատ
նրբերանգ։
Տիկին
Զապէլ
Ասատուր
ցարդ
կը
մնայ
մեր
կիներուն
մէջ
լաւագոյն
տաղաչափը։
[19]
Կորսուած
նաւակը
=
վերնագրի
թելադրանքը
յաճախ
կտորը
կը
պաշտպանէ։
Հոս
խորհրդապաշտ
թէքնիքին
յաջող
մէկ
կիրարկութիւնն
է
«Կորսուած
նաւակը»
որուն
նման
շատ
մը
վերնագիրներ
ընթացիկ
էին
եւրոպական
խորհրդապաշտ
գրականութեան
մէջ։
[20]
Ճերմակ
լուսին
=
կ՚ակնարկէ
լիալիր
պայծառութիւնը
ամբողջ
լուսնկային,
սանկ
գիշերուան
կէսերուն։
Դուք
գիտէք
որ
վերջալոյսէն
յետոյ
լուսինը
ունի
ոսկիի
մօտեցող
փայլ
մը։
Հեղինակին
մտքին
մէջ
երկու
այս
երանգները
կ՚աշխատին
իրենք
զիրենք
պարտադրել։
Ամբողջ
կտորին
մէջ
լոյսի
այս
խաղերը
յոգնեցնելու
աստիճան
առատ
են։
[21]
Անվրդով
=
առանց
վրդովման,
խանգարման։
[22]
Կուր
=
փոքր
մակոյկ.
ունինք
նաւը,
նաւակը,
առագաստանաւը,
տափանաւը,
(գետերու
մէջ
գործածելի),
շոգենաւը:
Մեր
օրերուն,
պատերազմական
նաւեր
պիտակող
շատ
մը
բառեր
ընդհանրացած
են։
Զրահաւոր,
յածանաւ,
յածաւորակ,
խորտընկէց,
նաւաձիգ
եւայլն։
[23]
Մայր-Սէրն
ու
Անմեղութիւնը
=
խորհրդանշուած
գաղափարներ
են
այս
պատկերները։
Գլխագիրը
անոնց
իմաստը
կ՚ընդարձակէ։
Խորհրդանշուած
պատկերները
(երբ
ընդարձակ
կերպով
իրագործուին)
երբեմն
կը
յիշեցնեն
հիներու
այլաբանութիւնը
որմէ
խօսած
ենք
արդէն։
[24]
Անուրջք
=
աշխարհաբարի
մէջ
կը
գործածուի
անուրջ
ձեւով,
կը
նշանակէ
երազ:
[25]
Փթթում
=
արմատն
է
փթիթ:
Բոյսերու,
պտուկներու
(աչքերու)
առաջին
բացուիլն
է։
[26]
Երանութեան
ափունք
=
նոյն
խորհրդապաշտութիւնը
հոս
ալ։
Երանութիւնը
երջանկութիւնն
է։
[27]
Խոկալ
=
մտածել.
ունինք
խորհիլ,
խորհրդածել։
Մտքին
մէջ
գաղափարներ
դարձնելու
վիճակը`
անդաջել։
Իմաստասիրական
մտածումը,
խորհուրդը
յատկանշող
բառերուն
մէջ
դեռ
չէ
ստեղծուած
կայուն
առում:
Տրամաբանել,
տրամախոհել,
դատել,
տարբեր
տարբեր
իմացական
գործողութիւններ
են։
[28]
Դաշնակաւոր
=
ունինք
համազօր
ներդաշնակը։
Ծանօթ
է
դաշնակ
գոյականը
նոր
առումով։
[29]
Անխլիրտ
=
խլիրտ՝
թեթեւ
շարժումը
սողուններու:
Ունինք
խլուրդը
որ
դաշտային
ծանօթ
մուկն
է:
Խլիրդ
անունին
տակ
ատեն
մը
կը
հասկնայինք
քաղցքեղին
(քանսէր)
ուռը։
Անխլիրտ՝
առանց
շարժումի։
[30]
ԱՂԵՔՍԱՆԴՐ
ՇԱՔԼԵԱՆ։
Իրապաշտներէն
վերջը
մեր
մէջ
սկսող
գրական
շարժումին
ամէնէն
տաղանդաւոր
եւ
խոստմնալից
անուններէն
մէկն
է,
որ
վաղաժամ
դադրեցաւ
իր
դերէն,
կանխահաս
մահով
մը։
«Պէրպէրեան»էն
շրջանաւարտ,
այդ
դպրոցին
ազնուական
(գրականութեան
մէջ)
աւանդութիւններուն
հաղորդ
այս
երիտասարդը
հրապարակագրի
զօրաւոր
խառնուածքին
կը
միացնէր
գեղապաշտ
նկարագիրներ։
Գրած
է
քրոնիկներ,
պատկերներ,
լրագրական,
քննադատական
յօդուածներ,
բոլորն
ալ
ցիրուցան՝
ժամանակի
թերթերուն
մէջ։
Ոչ
մէկ
հատոր։
[31]
Էօզպէքիէ
=
Գահիրէի
մէջ
թաղապետական
պարտէզ։
[32]
Հիւանդները
=
ծիւրական
ախտով
վարակուածները,
այս
դարուն
սկիզբը,
ընդհանրապէս
Եգիպտոս
կը
ղրկէին,
հաւատալով
տաքին
բուժիչ
յատկութիւններուն։
Այսօր
այդ
հաւատքին
սխալը
ստիպած
է
պաշտպանուած
լեռնաձորերուն
մէջ
կառուցանել
այդ
կարգի
հիւանդներուն
համար
ապաքինարաններ,
սանաթօրիում
անուանուած։
Եգիպտոսի
աւազի
աննշմարելի
հատիկները
օդին
հետ
թոքերուն
մէջ
մտնելով
հոն
կը
ստեղծեն
տեսակ
մը
սղոցում,
որ
հիւանդութիւնը
կը
զայրագնէ։
Ալպեաններու
մէջ
անխառն
օդը,
ունի
հակառակէն
ազդեցութիւն:
[33]
Սեթեւեթ
=
ծեքծեքում,
բռնազբօսութիւն,
թացիկ
ձեւերը
խօսքի,
գիրի,
հագուածքի,
քալուածքի,
շարժումներու։
Սեթեւեթեալ
գրականութիւն,
բռնազբօսիկ
գրականութիւնն
է։
[34]
Դալարեաց
=
դալարիքներու:
1893ին
այս
ձեւ
յոգնակիներ
տակաւին
հանդուրժելի
էին։
[35]
Աքասիայ
=
աւելի
ուղիղ
տառադարձութիւնն
է
ակակիա։
Թանձր
ճիւղերով,
փշուտ
ծառ
մըն
է,
հոտաւէտ
ծաղիկներով
ողկուզաձեւ
շարուած,
տաք
երկիրներու
յատուկ:
[36]
Բերա
=
Պոլսոյ
արուարձաններէն
մէկը,
Եւրոպական
մասը
քաղաքին.
հոն
է
արեւմտահայոց
մեծ
եւ
միակ
մատենադարանը:
[37]
Վոսփոր
=
բառական
իմաստով
կը
նշանակէ
եզան
ոտք,
անշուշտ
խորհրդանշելով
տեղին
նեղութիւնը:
Վոսփորի
նեղուցը
ունի
դարձուածքներ
500
մէթրի
հասնող
լայնքով
մը:
Այս
կտորին
մէջ
բնական
տեսարաններու
շատ
գեղեցիկ
համապատկեր
կ՚ուզուի
թելադրել:
Անոր
վրայէն՝
Պոլսոյ
զբօսավայրերը։
[38]
Եգիպտոս
=
տե՛ս
ծանօթութիւն
623։
[39]
Դատապարտուած
=
կանխող
դարու
վերջերուն,
ծիւրախտը
անդարմանելի
հիւանդութիւն
մըն
էր։
Այսօր
անիկա
մեղմացած
գնացք
մը
ունի
եւ
չի
դատապարտեր
ենթական,
եթէ
երբեք
առողջապահական
պայմաններ
յարգուին
եւ
բժշկական
դարմանումը
քանի
մը
տարուան
վրայ
անպակաս
ըլլայ
հիւանդին։
[40]
Դիցաբանական
=
աստուածներու
վրայ
խօսող։
Կանխող
դարուն,
բառը
ունէր
ընդարձակ
գործածութիւն։
Այսօր
կը
զգուշանանք
մեր
գրուածքներուն
մէջ
այդ
աստուածները
ոգեկոչել։
Այս
կտորին
մէջ
բառը
կը
թելադրէ
հէքիաթունակ
իրականութեանց
աշխարհ
մը։
[41]
Անժէլիք
=
անունն
է
այս
պատմուածքին
մէջ
այն
աղջկան
որուն
հետ
պատմութեան
հերոսը՝
Տրդատ,
ունեցած
է
անդրանիկ
սիրոյ
ձայները
իր
հոգիին
մէջ,
զայն
սիրած,
յետոյ
յոգնած
իրմէ,
ինքզինք
տուած
աժան
ու
թեթեւ
հաճոյքներու,
որոնք
իրեն
արժած
են
այն
անդարմանելի
հիւանդութիւնը
որուն
համար
Եգիպտոս
է
ղրկուած։
[42]
Ծանրութիւն
=
լրջութիւն:
[43]
Դիւրաթեք
=
դիւրին
թեքուող,
ճկող։
[44]
Վալսել
=
ֆրանսերէն
արմատի
մը
վրայ
բայակերտ
մասնիկի
մը
յաւելումով
կազմուած
սա
բայը
խժդժութիւն
մըն
է
հայ
լեզուին
դէմ։
[45]
Որք
=
որոնք,
այսօր
անգործածելի։
[46]
ՏԻԳՐԱՆ
ԱՐՓԻԱՐԵԱՆ։
Եղբայրը
Արփիար
Արփիարեանի։
Երկար
տարիներ
ծառայած
է
հայ
մամուլին,
խմբագրելով
օրաթերթերու
մէջ,
վարելով
հանդէսներ,
որոնք
օրուան
ընթացիկ
ճաշակներուն
վրայ
ձեւուած
աշխատանքներ
են։
Իր
քրոնիկները
(գրական,
քաղաքական,
ազգային)
ունին
որոշ
համ։
Միակ
նորավէպն
է
վերի
կտորը
ուր
բնական
պատկերացումը
կեանքի,
եւ
հոգեկան
ճշմարտութիւն,
իրարու
կը
միանան,
մեր
գրականութեան
մէջ
այդ
կտորը
կորուստէ
փրկելու
համար։
[47]
Կիրակմուտք
=
կիրակի
մտնելու
պահը։
Ունինք
նաեւ
կիրամուտք
ժողովրդական
ձեւը։
Գրական
հին
ձեւ՝
կիւրակէ,
որ
կուգայ
յունարէնէն։
[48]
«Եկեալքս…»
=
մէկ
մասը
շաբաթ
երեկոյեան
արարողութենէն
մեղեդիի
մը։
[49]
Յուշիկ
=
մեղմ։
Յուշ
կամ
յիշատակ
բառերուն
հետ
կապ
չունի։
[50]
Զուարթ
=
վերը
յիշուած
մեղեդիին
սկիզբը՝
«Լոյս
զուարթ»,
տուած
է
այս
ածականը։
Կը
նշանակէ
զուարճ։
«Թ»ի
եւ
«Ճ»ի
եւ
անոր
ազգական
գիրերուն
(ջ,
չ)
իրարու
հետ
փոխանակումը
լեզուական
երեւոյթ
մըն
է
մեր
հին
լեզուին
մէջ։
Լուրթ
=
լուրջ։
Աղօթք
=
աղաչանք։
[51]
Թաւիշ
=
հոս
մշուշին
փափկութիւնը
կ՚որակէ։
[52]
Ծոպ
=
զգեստներու
եզերքներէն
կախ
գանգրաձեւ
թելերը:
[53]
Միստիկ
=
միստիկ
կը
նշանակէ
խորհրդաւոր՝
կրօնական
իմաստով։
Օտար
բառ
մըն
է:
[54]
Վարդ
=
հաւանաբար
ծակէ
մը
թափանցող
արեւի
կտոր
մը,
որ
խորանին
կիսամշուշին
մէջ
խորհրդաւոր
վարդի
մը
տպաւորութիւնը
կը
թողու,
թերեւս
Աստուածամօր
նկարին
կուրծքին։
Չմոռնալ
որ
իրիկնամուտ
է
եւ
արեւմուտքէն
ճառագայթներ
եկեղեցիին
արեւելքը
կազմող
խորանին
կ՚ուղղուին։
[55]
Պակուցում
=
սքանչացումով
խառն
հիացում,
վախ,
վսեմի
ստեղծած
վիճակը:
[56]
Հոգեգրաւ
=
հոգին
գրաւող։
«Ի»
վերջաւորութեամբ
նախաբառի
մը
մէջ
յօդակապը
կը
վերածուի
«ե»ի։
Որդի
—
որդեսէր։
[58]
Բիլ
=
բաց
կապոյտ:
Ունինք
այդ
գոյնին
մօտիկ՝
խաժ,
ծաւի:
Գոց
կապոյտ՝
լուրթ,
լուրջ,
մոյգ։
[59]
Մարմաշ
=
նուրբ
շղարշ:
[60]
Մեղեսիկ
=
թանկագին
քար
մը՝
մանիշակագոյն։
Ուրիշ
քարեր՝
կարկեհան
(մուգ
կարմիր),
տպազիոն
(դեղին),
յակինթ
(դեղին),
զմրուխտ
(կանաչ)։
[62]
Խորհուրդ
=
ա.
չհասկցուելիք
իրողութիւն:
բ.
Եկեղեցական
արարողութեանց
թաքուն
իմաստը:
Հոս՝
տիեզերքին
գաղտնիքը:
[63]
Զիւմրիւթ
=
զմրուխտ։
Թարշիշ
=
կանաչ
դեղին
քար
(եագութ):
[64]
ՄԻՍԱՔ
ՄԵԾԱՐԵՆՑ։
Արուեստագէտ
սերունդի
մեծ
բանաստեղծներէն
մէկը։
Վաղամեռ։
Ունի
քնարական
բանաստեղծութիւններ
եւ
արձակ
էջեր։
Իր
քերթուածներուն
մէջ
ուշագրաւ
են
աչքի
եւ
ականջի
զգայութիւնները:
Իր
գործը
կազմուած
է
բնութեան
տեսարաններէն,
ատոնց
մեր
հոգիին
վրայ
ունեցած
անդրադարձէն։
Շատ
խնամուած
իր
ոճին
մէջ
յաճախ
բնականութիւնը
կը
տառապի։
Փնտռուած
բառեր
եւ
ըսելու
կերպեր
չեն
կրցած
սակայն
խորտակել
մեծ
գեղեցկութիւնը,
հաղորդական
յուզումը
իր
բազմաթիւ
քերթուածներուն։
[65]
Տարագրուած
նախարարներ
=
Աւարայրի
ճակատամարտէն
յետոյ
պարսիկները
Վասակ
Սիւնիի
օգնութեամբը,
ո՛րը
երդումով,
ո՛րը
բռնութեամբ
ձերբակալեցին
ապստամբ
նախարարները
ու
տարագրեցին
Արքայից
արքային
դուռը,
ուր
մնացին
անոնք
դատուելու,
յետոյ
պարսից
աքսորավայրերը
քշուելու
համար։
Այս
բանտարկութիւնը
տեւեց
տասնըվեց
տարի։
Իրենց
ամուսիններուն
այս
աքսորանքին
ատեն
անոնց
կիներուն
կեանքը
կը
ներկայացուի
այս
ու
յառաջիկայ
գլուխներով։
[66]
Առաքինի
=
բառը
հին
լեզուին
մէջ
աւելի
ընդարձակ
իմաստ
ունէր։
Անոնք
երանելի
ալ
էին։
[67]
Յականէ
յանուանէ
=
աչքով,
անունով։
Գրաբար
բացատրութիւն՝
որ
անցած
է
աշխարհաբարի
մէջ։
Այս
կերպ
գործածումներ
կամաց
կամաց
կ՚արմատանան,
մինչեւ
որ
օր
մը
կորսուի
իրենց
ծագումին
օտարութիւնը։
Ի
յայտ
գալը
արդէն
ընդունուած
է:
Ի
խնդիրը
կը
գործածեն
նոյն
իսկ
ամէնէն
մաքրապաշտները
(puriste)։
[68]
Աւագ
եւ
կրտսեր
=
աւագ
տիկինները
աւագ
նախարարներու
կիներն
են։
Տիկին
Հայոցը
կը
նշանակէ
թագուհի։
Կրտսեր
տիկինները՝
կրտսեր
նախարարներու
կիներն
են։
Աւագ
նախարարութիւնները
քիչ
էին
թիւով։
Կրտսերները
կ՚անցնէին
քանի
մը
հարիւրը։
Դասակարգին
մէջ
հաւանաբար
կը
մտնեն
ասպետները,
սեպուհները,
ազատները։
[69]
Երկինքով
վառուած
=
բնագիրը
կը
գործածէ
երկնաւոր
նախանձ
բերել
ոճը։
Երկինքի
արժանի
ըլլալու
համար
եռանդագին
աշխատիլ,
մրցումով
նոյնիսկ։
[70]
Աշխարհի
համը
չառնող
=
գիրքերուն
մէջ
ընդարձակ
է
իմաստը,
կը
տարածուի
ճգնութեան
բոլոր
ձեւերուն։
Ժողովուրդը
մասնաւորած
է
զայն
ու
կը
գործածէ
չամուսնացած
ու
սուրբ
մեռնողները
որակելու։
[71]
Ազատութիւն
=
դասակարգային
բառ,
ինչպէս
են
դրանիկը,
ազնուականը,
ազատը,
ազատանին,
սեպուհը,
նախարարը,
բդեշխը
եւ
այլն։
[72]
Տիկին
=
Տի
+
կին:
Հայոց
աշխարհին
Տիկինը
մայր
թագուհին
էր։
Հին
ատեն
աւելի
ընդարձակ
էր
իմաստը։
Հիմա
ամուսնացած
կիներուն
տրուած
վերադիր
մըն
է։
[73]
Նաժիշտ
=
ազնուական
կիներու՝
ազնուական,
պատուակալ
սպասուհի։
[74]
Գետնախշտի
=
գետին
+
խշտի
=
խշտի,
խշտիք,
խշտեակ՝
պառկելու
տեղ,
անկողին։
[75]
Խոտ
=
անկողինները
լեցնող
խոտը։
[76]
Փսրայ
=
նաեւ
փրիսա
(պարսկերէն)
չոր
խոտով
անկողին։
[77]
Շաբաթամուտ
=
ծոմ
պահել։
Տարագիրները
ճգնաւորական
կեանք
մը
կ՚ապրէին,
մինչեւ
շաբաթ
օր
ծոմ
պահելով։
Շաբաթամուտ
է
նաեւ
ուրբաթ
իրիկունը՝
շաբաթին
մտնող։
[78]
Դաստառակ
=
ձեռքի
(դաստ[ակ])
սրբիչ։
Յիշել
Ս.
Դաստառակը։
[79]
Օշնան
=
խոտ
մը
որով
կը
լուացուին
(օճառի
պէս
փրփուր
կու
տայ)։
[80]
Սկուտեղ
=
ափսէ:
Նաեւ՝
անիւ.
նաեւ՝
մաղզմայ
(սկիհին
բերանը
դրուած
փոքր
սկուտեղ):
[81]
Բաժակակալ
=
գինի
բաժնող,
գինի
բաժնելու
ափսէ։
[82]
Նուիրակ
=
ա.
Հրաւիրող
(հանդէսներու
եւ
սեղաններու):
բ.
Պատուիրակ
(կրօնական):
[83]
Հարկինք
=
բնագիրը
կը
գործածէ
տաճար
բառը
(որու
մասին՝
քիչ
վարը)։
Խնջոյք,
հանդէս։
[84]
Բնակաuնունդ
=
ընտանի
սիրով
մը
հոգացող:
[85]
Սրահակ
=
ա.
Պզտիկ
բակ։
Բ.
Վարագոյր,
պատի
զարդ.
հոմանիշ՝
վիժակ,
օթոց։
Սրսկապան՝
ա.
Հարսի
սենեակ
բ.
Վարագոյր՝
որ
կը
զատէ
սենեակները։
Հիմա՝
մժեղարգել։
[86]
Տաճար
=
բացի
ծանօթ
իմաստէն՝
ա.
Պալատ։
բ.
Խնջոյք
գ.
Ուրախութիւն
(սեղանի
վրայ)։
դ.
Խորհուրդի
սրահ։
ե.
Վանք,
հիւրանոց
(պարսկերէն):
[87]
Բարձրագահ
=
բարձր
աթոռ։
[88]
Ծաղկանոց
=
ծաղկաստան
(բնագիրը՝
ծաղկոց):
[89]
Ազազել
=
նիհարել,
վատել,
չորնալ:
[90]
Sաշտախիլ
=
ճիւղերը
խլելով
քանցել։
[91]
Ինչք
=
բնագիրը
կը
գործածէ
արար.
ի՛նչ
որ
մարդ
իր
ձեռքովը
կ՚ընէ,
կը
շինէ։
[92]
Արքունի
գանձ
=
պարսիկ
պետութիւնը
հայ
նախարարները
իրեն
պաշտօնատարներ
կը
նկատէ,
ու
զանոնք
պատժելու
ատեն
անոնց
կալուածները
կը
գրաւէ: