Հայ գրականութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԻԹ. ԴԱՍ
ԳՐԱԳԷՏԸ ԽՐԻՄԵԱ ՆԻ ՄԷՋ

Բայց [1] կայ բան մը որ պիտի տեւէ ընդերկար, որուն մէջ Հայրիկի անունն ու հոգին պիտի ապրին մշտապէս. լոր գրական գործե՛րն են անոնք։ Լաւագոյն եւ մեծագոյն Յիշատակարանը [2] որ պիտի անմահացնէ Խրիմեանի յիշատակը, է ա՛յն՝ զոր ինքն իսկ կերտեց իր գրիչովը, իր գրականութիւնը:

Իր զոյգ Հրաւիրակները [3], իր Արծիւն ու Արծուիկը [4], Մարգարիտն [5] ու Խաչի Ճառը [6], Վանգոյժն [7] ու Հայգոյժը [8], Ժամանակն ու Խորհուրդ իւրը [9], Դրախտի Ընտանիքը [10], Սիրաք եւ Սամուէլը [11], Պապիկն ու Թոռնիկը [12] հայ մատենագրութեան [13] ազգայնական [14] բաժինին մէջ պիտի ունենան իրենց ինքնուրոյն տեղը, եւ անմոռաց պիտի թողուն Խրիմեանի անունը։

Այս գործերուն ամբողջական մէկ հրատարակութիւնը` միօրինակ ձեւով, քանի մը հատորներու մէջ, պատշաճ յառաջաբանով եւ ծանօթութիւններով ուսումնասիրուած, պիտի երեւան բերէ անոնց մէջ զգացման եւ մտածումի անսպառ գեղեցկու/132/թիւններ, որոնք մեր արդի գրականութեան ամէնէն անգին հարստութիւններէն պիտի նկատուին իրաւամբ։

Խրիմեան անոնց մէջ պիտի զգացուի ճիշտ ա՛յնպէս՝ ինչպէս իր այս կամ այն ասպարէզին կամ պաշտօնին մէջ. քանի մը ձեւական թերութեանց տակ աւելի աչքառու՝ [15] նոյնիսկ աւելի գրաւիչ դարձած մեծութիւն մը։

Ընթերցողը անոնց մէջ պիտի գտնէ ո՛չ թէ նրբարուեստ գրագէտը, այլ խորհուրդով եւ զգացումով յորդ հայրենասէր մատենագիրը, որ ամէն մէկ էջին վրայ, նոր, սիրուն խորհրդածութիւն մը ունի կամ այլաբանութիւն [16] մը, կրօնքին ու հայրենիքին սէրը աւելի քան արծարծելու համար սիրտերուն խորը:

Ու անփոյթ ոճի [17] կամ լեզուի եւ կրկնաբանութեանց մակերեսային թերութիւնները, որոնց կը հանդիպիք ուրեք ուրեք, հազիւ թէ զգալի պիտի ըլլան գործին ներքին արժէքին յանկուցիչ [18] տպաւորութեան տակ։

Աւելի կարեւոր ձեռնարկ մը պիտի ըլլայ հրատարակումը Խրիմեանի Նամակներուն եւ ինքնագիր կոնդակներուն [19], որոնց մէկ չնչին մասը միայն լոյս տեսած է դեռ, այլ եւ այլ պատեհութիւններով, թերթերու մէջ ցիրուցան։

Գրի առնուած կենդանի բառեր են ատոնք։ Իրենց մէջ է Հայրիկ, որչափ բեմի` նոյնքան մտերմութեան մարդը, հրապարակախօսն ու բարեկամը, միշտ Հայրենիքի խորհուրդէն տարուած, միշտ ազգային կեանքի ընդհանուր եւ առօրեայ հարցերով համագրաւուած։

Պիտի ապրի այդ գրականութիւնը: Արցունքով եւ սփոփանքով պիտի կարդան զայն ապագայ սերունդները, վասնզի հայ հոգւոյն ամենահարազատ ցոլացումն է ան, բազմակողմանի շնորհներով գեղեցկացած իմացականութենէ մը պրիսմակուած [20] ։

Ամէնքը անոր մէջ պիտի տեսնեն հինաւուրց ցեղի մը ամէնէն ազնուական տիպարներէն մին, որ գաղտնիքն ունի սիրտերը հմայելու:

Մէկը` անոր վրայ պիտի ճանչնայ իր երազին մտապատկերին առջեւ ունայնացած [21] տէրվիշը [22], միւսը՝ Աստուածաշունչի ներգործութեամբը առլցուն եւ տեսիլքէ տեսիլք [23] յափշտակուող Մարգարէն [24], ոմանք` պատուական Ուսուցիչը [25], ուրիշներ հայրենանուէր Գործիչը [26] եւ անառիկ Գաղափարի մը [27] անկեղծ Առաքեալը [28], ու ամէնքը՝ գութի, սիրոյ, բարութեան եւ խանդաղատանքի մարմնացեալ Անհատականութիւնը, որ միակ անուն մը ունեցաւ, Ազգին ծոցէն, ժողովուրդին սրտէն փրթած բառ մը. ՀԱՅՐԻԿ:

/133/ Այս անունը ամէնուն մտածութեանը մէջ պիտի գծագրէ քաղցրութեամբ օծուն դէմք մը, շրջանակուած խորհրդապատկերներու [29] շարքով մը, որուն կազմիչ տարրերը պիտի ըլլան խաչքարի [30] մը շուքը, կաթողիկէի [31] մը կիսաստուերը, հովիւէն գրկուած գառնուկ [32] մը, արօրի մը մաճը [33], փետուրէ գրիչ մը [34] որ արծուեկտուց [35] կաղամարի մը մէջ թաթխուած է, եւ խաչանիշ արտախուրակներ [36] ։

Իր գիրքերէն հատուածներ պիտի կարդացուին եկեղեցւոյ մէջ։ Իր մահուան օրը պիտի յիշատակուի կրօնքին ու ազգին երախտաւոր գործիչներու շարքին մէջ։

Ու նայելով Սփոփուած Հայաստանի [37] պատկերին, զոր ամէն հայ պիտի ունենայ իր տան մէջ Հայրիկի պատկերին դիմացը, ամէնքը պիտի ըսեն իւրովի.

Վա՜խ որ չհասաւ այս օրերուն:

 

(Խրիմեան Հայրիկ)

ԹՈՐԳՈՄ ԱՐՔԵՊՍ. ԳՈՒՇԱԿԵԱՆ [38]

 

/136/ ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄ

(ՅԱՏԱԿԱԳԻԾ)

Ա.

 

1. Մատենագրական տեղեկութիւններ:

2. Գրուածքին տեսակը։

 

Բ.

 

1. Գրուածքին երկու կարեւոր մասերը պիտակել։

2. Ընդլայնել երկրորդ մասը (տարրեր։ 1. Գործիչ։ 2. Ժողովրդավար. 3. Յեղափոխական. 4. Հայրիկ)։

3. Ընդլայնել խորհրդապատկերներու շարքը:

 

Գ.

 

1. Գաղափարներու վերլուծում (1. Գրագէտը եւ իր գործերուն տեղը մեր մատենագրութեան մէջ։ 2. Ի՛նչ ըսել է անսպառ գեղեցկութիւն, ձեւական թերութիւն, զգացումով յորդ, ներքին արժէք, ինքնաբուխ արտայայտութիւն: 3. Ճի՞շտ է որ Խրիմեանի գործը հայ հոգիին ամենահարազատ արտայայտութիւնն ըլլայ։ 4. Մտապատկերին առջեւ ունայնանալը ընդլայնել, ձեր տեսածներէն փաստեր բերելով)։

2. Այս կենդանագիրը իրակա՞ն թէ քիչ մը խոշորցուած կը կարծէք։ (Դիմել ձեր ընթերցումներուն։ Կարդալ նաեւ մէկ երկու գրքոյկ առ նուազն. աչքէ անցընել կենսագրութիւններ։ Ու ըսել ինչ որ ճշմարտութիւն կը կարծէք)։

3. Ստուգել պրիսմակուած բացատրութեան յարմարութիւնը։

 

Դ.

 

1. Ո՞ւր է այս ոճին 1. Լիութիւնը. 2. Պարզութիւնը. 3. Համը. 4. Հրապոյրը։

2. Մտածումներուն եւ ոճին իրարու յարմարութիւնը (գտնել ձեր կարդացած հատուածներէն ոճ մը որ չհասնի մտածումներուն պարագրկումին։ Գտնել դարձեալ ոճ մը ուր զարդը գայ առաջին գիծի)։

 

ՇԱՐԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Ազատ նիւթ մը

 

Թելադրութիւններ:

Ա. Ազատ նիւթի մը առջեւ վաղանցուկ շուարում մը պիտի ունենաք։ Շատ մը նիւթեր միանգամայն կը ներկայանան մեզի։ Բայց ձեր առաջին ընելիքը կենալն է մէկին վրայ։ Հոս պէտք է սորվիք որ նիւթին ընտրութիւնը միշտ կարողութիւն մըն է։ Չէք կրնար օրուան մէջ պատահած ամէն դէպք, խօսակցութիւն, շարժում առարկայ ընել ձեր ընտրութեան։ Հետեւաբար զեղչելը կը պարտադրուի ձեզի։ Զեղչել շատ բան: Այսինքն անկարեւոր է հասարակ, ամէնուն ծանօթ կէտեր ու կողմեր մութին մէջ ձգել։ Ազատել նիւթը, առանձնացնելով զայն խճողուն այն շրջանակէն զոր կեանքը կը դնէ ամէն եղելութեան շուրջը:

Բ. Բնականաբար ազատ նիւթը պիտի վերցնէք ձեր փորձառութեան լայնօրէն ենթարկուած գետինէ մը։ Պիտի մեկնիք սա տեսակէ/137/տէն. Ի՛նչ որ կը պատմէք, արժանի է պահուելու։ Պտոյտ մը, տեսարան մը որ դեռ կը յուզէ ձեզ, վտանգ մը, արցունքի պահեր, ուրախութիւն, վերջապէս այն հազար ու մէկ պատահարները որոնք կը շինեն մեր անցեալը, նիւթ պիտի ըլլան անկեղծ ու լուրջ վերարտադրութեան մը։ Գրելէ առաջ այդ անցեալին մանրակրկիտ քննութիւնը անհրաժեշտ է, մինչեւ որ նիւթին մէջ թաթխուիք լիութեամբ, ազատիք ներկայէն ու ձեր գիտակցութիւնը բոլորովին գրաւուի անցեալով։ Յետոյ կը սկսիք յօրինումը, իրականութեան կարելի չափով հաւատարիմ մնալով։ (Պատահարներու կարգը շրջել, աւելի ուշ ներելի յանդգնութիւն է ձեզի)։ Զեղչելը մեծ կանոն է հոս: Հոգ տարէք մեզի ըսելու միայն այն բաները որոնք կը կարծէք թէ մենք չենք կրնար գիտնալ։ Ատով կ՚ազատէք մեզ ձանձրոյթէն, ու կը ստեղծէք շահեկանութիւնը՝ որեւէ գրուածքի տարրական առաքինութիւնը։

Գ. Պատմում: Ոչ մէկ յաւակնութիւն։ Ձեր բոլոր բառերը պիտի ըլլան բոլորովին պարզ, ձեր ներկայացուցած վիճակին համար միակ կարելին։ Ոչ մէկ փնտռտուք ու ոչ մէկ շպար: Ձեզի սպառնացող վտանգը, տափակութիւնը կրնաք չեզոքացնել ծայրագոյն չորութեամբ: Ձեր բոլոր դրուագները, գիծերը, կէտերը պիտի պաշտպանուին անփոխարինելի իրականութեամբ մը։ Ու հոս ալ չմոռնաք զեղչումը։ Նետեցէք գործողութեան մը ծանօթ, ընթացիկ մանրամասնութիւնները։ Ոչ մէկ չափազանցում։ Ոչ մէկ ճիգ՝ տպաւորութիւն թողելու։ Ձեր բառացանկը թող վերածուի պարկեշտ պարզութեան մը։

Դ. Գաղափարներու բաժին: Մի տարուիք բառերէն, ու դէմ դրէք անոնց թելադրանքին։ Առաջ՝ գաղափարը, խարիսխը, այն չոր գիծը որով պիտի շինուի նախադասութիւնը։ Յետոյ կրնաք խորհիլ գիծը հագուեցնելու աշխատանքին որ պէտք է մնայ բոլորովին տարրական։ (Ածականն ու մակբայը ձեզ սխալ կ՚առաջնորդեն)։ Գաղափարը պէտք է առնէք նորէն համեստ սահմանի մը մէջ։ Ամէն ի՛նչ որ կեանքէն, զգայարանքներէն, ձեր ապրումներէն ձեր մէջ կ՚արթննայ անմիջական ձեւով մը։ Զգուշացէք գիրքերուն մէջ պառկած գլխագիր գաղափարէն որ ձեր փորձառութենէն չէ անցած։ Ամէն մտածում զգայութենէ կը մեկնի գրեթէ։ Մի՛ զատէք զայն պատճառէն։

Ե. Ոճ: Ասով դուք պիտի գրէք միսոտ, շօշափելի, յաճախ ուրեմն թանձրացեալ բառեր որոնք միշտ նիւթ մը բռնեն մեր մտքին դէմ ու պարպեն իրենց իմաստը մէկ անգամէն։ Ժլատօրէն գործածեցէք վերացեալ բառերը։ Կասկածով մօտեցէք քաղցրահունչ ու գունագեղ վերադիրներուն: Ջնջեցէք ամէն բառ որ ձեր ոճին համար անհրաժեշտ չէ։

Զ. Ծրագիր։ Ձեր գրելիքը իր մեծ բաժանումներուն մէջ պէտք է յայտնի ըլլայ ձեր մտքին մէջ։ (Աւելի լաւ է զայն թուղթին յանձնել այդ ուրուային ձեւով)։ Ու հոս հոգ տարէք որ մայր գիծ մը, երակ մը բոլոր այդ մասերէն անցնի, զանոնք իրարու կապէ, անոնցմէ չխղդուի։

Է. Համեմատութիւն։ Պահեցէք չափը։ Ձեր նիւթը համեմատական զարգացումով պիտի յառաջանայ։ Ամէն նպաստ, կողմնակի յաւելում միշտ պիտի ենթարկուի մայր երակին։ (Զեղչումի կանոն)։

Ահա քանի մը թելադրութիւններ: Նախասիրութիւնն ունեցէք ազատ նիւթերու։ Անով պատեհութեան հետն էք գոնէ անձնական, իրաւ, ապրուած բաներ ըսելու մեզի։ Դեռ պիտի տեսնէք ուրիշ առաւելութիւններ։ Անկեղծութիւնը առաջին շահն է ձեր։ Անձնապէս աշխատելու հաճոյքը գերազանց դրդում կը բերէ:



[1]       Այս հատուածը վերջաբանէն առնուած է «Խրիմեան Հայրիկ» անուն գիրքի մը, ուր հեղինակը համբաւաւոր կաթողիկոսին կեանքն ու գործերը ուսումնասիրելէ յետոյ յանգած է այդ ընդհանուր տողերուն։

[2]       Յիշատակարան = ունինք նաեւ «յիշակերտ» նոյն իմաստով։ Գրական եւ նիւթական առումով կը գործածուի: (Գիրք մը, որքան արձան մը)։

[3]       «Զոյգ հրաւիրակներ» = անունը Հայրիկի երկու հատորիկներուն: Առաջինը հրաւէր մըն է տարասփիւռ հայութեան՝ իր հայրենիքը դառնալու: Արարատի դաշտը, Վաղարշապատ եւ Անի, Էջմիածին, Եփրատ, Մանեայ Այր, Օշական, Շաւարշան, Վասպուրական, Աղթամար ու այս անուններուն կապուած պատմական յիշատակները նիւթ կ՚ըլլան ոգեկոչական էջերու: Այդ օրերու գրականութիւնը յատկանշող այս կերպը պիտի շարունակուէր մինչեւ մեր օրերը: (Տեսնել Սիամանթօյի Հայրենի հրաւէրը)։ Երկրո՛րդը՝ Երուսաղէմ ուխտագնացութենէ մը վերջ «հոգեգրուած»` Հրաւիրակ Երկրին Աւետեաց, կրօնական ներշնչումներու ամփոփոյք մըն է։

[4]       Արծուի եւ Արծուիկ = անունները այն հանդէսներուն զոր խմբագրած է Խրիմեան։ Արծուի Վասպուրականը, առաջին անգամ լոյս տեսած է Պոլիս, միմիայն իր խմբագրութեամբ։ Յետոյ՝ Վան, որ իրեն կը միանան Սրուանձտեանց եւ Ռաֆֆի որ Պարսկաստանէն Վան էր անցած ուսուցչութիւն ընելու։ Արծուիկ Տարօնոյ կը հրատարակուի Մուշի Ս. Կարապետ վանքին մէջ։ Երկու թերթերուն ալ ձգտումը լոյսի անհուն ըղձանք մըն է։ Իր ժողովուրդին օգտակար ըլլալու այս ոգին կը փոխարինէ բոլոր այն միամտութիւնը, որով կը յատկանշուի այդ գործունէութիւնը:

[5]       Մարգարիտ (արքայութեան երկնից) = աւետարանական, մասնաւորաբար «Լեռան քարոզ»ին ազդեցութեան տակ գրուած գրքոյկ մը, միշտ ազգային պատմութեան ու ժամանակակից կեանքի թելադրութիւններուն բացուած ոգիով մը։

[6]       Խաչի ճառը = պզտիկ գրքոյկ մը, ուր ոգեկոչական ոճով Յիսուսի տնօրինական (Աւագ) շաբաթը կը նկարագրուի:

[7]       Վանգոյժ = 1876ին, Վանի շուկան, որ հայերուն կը պատկանէր, զոհ կ՚երթայ հրդեհի։ Խրիմեան, Գուզկունճուքէն (Պոլիս) ուր քարոզիչ է կարգուած, կ՚երգէ իր հայրենիքին աւերումը։

[8]       Հայգոյժ = 1878-ի ռուս եւ թորք պատերազմին ատեն սահմանակից գաւառներուն` աղէտները կ՚ողբայ այս քերթուածով։

[9]       Ժամանակ եւ խորհուրդ իւր = քաղաքական դէպքերէ ներշնչուած, (1876ի Օսմանեան Սահմանադրութեան անակնկալ հռչակումը) ու քաղաքական ձգտումներով միամիտ փորձ մըն է այս հատորիկը պատմական իմաստասիրութեան։

[10]     Դրախտի ընտանիք = բարոյալից ճառերու հաւաքածոյ մը, բայց շատ իրական պարունակութեամբ մը կեանքի ամէնէն կարեւոր հարցերու շուրջը պարզուկ խորհրդածութիւններ, «Ընտանիքին գիրքը»:

[11]     Սիրաք եւ Սամուէլ = «Բարի հօր կրթական դասերը» աս է հատորի կին ենթատիտղոսը։ Կեանքին շուրջը ընդհանուր ու քիչ մը պրկուած մտածումներ կը պատմէ ան։

[12]     Պապիկ եւ Թոռնիկ = Խրիմեանի գրքոյկներուն վերջինը եւ ամէնէն կատարեալը: Բուն գիւղացի տարրին ուղղուած, անոր սրտին խօսող յօրինուածքով մը, ուր հողը, մարդը, կենդանին ու աւանդութիւնները իրարու կը հիւսուին բնական ու ինքնաբուխ արուեստով։

[13]     Հայ Մատենագրութիւն = կ՚ընդգրկէ մօտաւորապէս 1500 տարուան շրջան մը։ Երկու գլխաւոր բաժանումներ ունի. Ա. հին՝ որ կը սկսի Ե. դարէն ու կը հասնի մինչեւ կէսը ԺԹ. դարուն, Բ. նոր՝ որ 1850էն ասդին կը փորձուի գլխաւոր երկու կեդրոններու մէջ (Արեւելահայեր եւ Արեւմտահայեր):

[14]     Ազգայնական = այս բառը մեր գրականութեան մէջ կրկին տարողութիւն ունի։ Ա. ՝ ողբական ու երկնապաստան։ Բ. ՝ Վրիժալից եւ յեղափոխական։

[15]     Աչքառու = ժողովրդական բարդութիւն։ Գրականը՝ աչառու, տարբեր իմաստ ունի։

[16]     Այլաբանութիւն = գրական ձեւ մը ուր փոխաբերութիւնը կ՚երկարաձգուի, բառերէն ելլելով տարածուելու համար ամբողջական հատուածներու վրայ։ Հիները յաճախակի կը գործածէին զայն։ Առակները պարզագոյն ձեւն են այլաբանութեան։

[17]     Անփոյթ ոճ = ուր խնամքը կը պակսի։

[18]     Յանկուցիչ = իրեն քաշող։

[19]     Կոնդակ (յունարէն) = ա. յորդորակ (արագ քալող երգ)։ բ։ Հայրապետական նամակ։

[20]     Պրիսմակուած (ֆրանսերէն) = պրիսմակէ անցած։

[21]     Ունայնացած = ունայն (պարապի) վերածուած։ Մտահայեցութիւնը (contemplation) վիճակ մըն է ուր կեանքի մանաւանդ շարժուն արտայայտութիւնները կը դադարին։

[22]     Տէրվիշ (պարսկերէն) = արեւելեան կրօնքներու մէջ դասակարգ մը կրօնաւորներու, որոնք կամաւոր աղքատութեան նուիրուած՝ կը շրջին երկրէ երկիր։ Ֆաքիրը մէկ փոփոխակն է անոնց: Բազմատեսակ կազմակերպութիւններ ունին:

[23]     Տեսիլք = մեր հին մատենագրութեան մէջ պատմիչները կ՚ախորժին տեսիլքէն որ հոն գերբնական ազդեցութիւններու կը հպատակի: Բաց աչքով տեսնուած ուժգին երազանք մըն է ան ուր երեւակայութիւնը կը ղեկավարուի մեր անգիտակից մղումներէն, եւ պատկերներ կը թաւալէ մեր մտքին դաշտերէն։ Այդ տեսիլքներուն գուշակող նկարագիր մը տալու համար նեղութիւն չեն քաշեր ներշնչուած մարդերը:

[24]     Մարգարէները = որոնք խօսելու, ոգեւորելու, պարսաւելու զօրաւոր տուրքեր ունին իրենց վրայ։ Մարգարէն՝ ներշնչուածն է, բանաստեղծն է, ամբոխին առջեւէն քալող նուիրուածն է, որ գաղափարի մը կրակը իր մէջ ընդունած է։ Ֆիզիքական մասնաւոր երեւոյթներու ենթակայ էր երբեմն անոնց մարմինը։ Կային նաեւ սուտ մարգարէներ: Դպրոցներու մէջ կ՚աւանդուէր այս խորհրդաւոր արուեստը։

[25]     Ուսուցիչ = ակնարկութիւն Խրիմեանի ուսուցչական գործունէութեան։ Նաեւ՝ նմանութիւն աւետարանչական գործին:

[26]     Գործիչ = մեր մտաւոր զարթումին ու քաղաքական ազատագրումին համար աշխատող դասակարգ մը, որ նոր է։

[27]     Գաղափար (անառիկ) = ազատագրութեան աննուաճ գաղափարը:

[28]     Առաքեալ = ղրկուած։ Որ աննկուն յամառութեամբ ու մեծ շնորհներով իր վարդապետութիւնը կը տարածէ ամբոխներէն ներս. նուիրուածութիւնը գերագոյն ձիրքն է դասակարգին:

[29]     Խորհրդապատկեր = պատկեր մը որ խորհուրդ մը խտացնէ։ Խորհրդանշան։ (Վարդ՝ գեղեցկութիւն եւ այլն)։

[30]     Խաչքար = հայ դաշտանկարին ամէնէն սիրուն խորհրդանշաններէն, մէկը։

[31]     Կաթողիկէ = մայր եկեղեցի՝ գմբէթով։ Առանձին՝ գմբէթը։ Նաեւ՝ զանգակատուն։

[32]     Գառնուկ = սրբազան նկարչութեան յաճախող մօթիֆներէն մէկը։

[33]     Մաճ = արօրին կոթը։ Կը խորհրդանշէ Խրիմեանի գուրգուրանքը հողային աշխատանքին։ Հայրիկի լաւագոյն գիրքը՝ Պապիկ եւ Թոռնիկ, հողին պաշտամունքը կը պանծացնէ: Այդ գիրքին մէջ է որ Պապիկ, հոգեւարքի դուռներուն, հոգէառ հրեշտակին հետ կը վիճի երկինքին մէջ արտի եւ դաշտի համար:

[34]     Փետուրէ գրիչ = հին ատեն գրիչի ծայրերը գոյութիւն չունէին։ Կը՝ գործածուէին եղէգը եւ փետուրը։

[35]     Արծուեկտուց կաղամար = ակնարկութիւն երկու հանդէսներու՝ (Արծուի):

[36]     Արտախուրակ = կամ արտախոյր = թագին կապը (դուրսէն)։ Ծածկոց (խորանի) Հոմանիշ՝ ապարoշ, վիժակ։

[37]     Սփոփուած Հայաստան = հակադրութիւն դժբախտ Մայր Հայաստանի խորհրդապատկերին։ Մայր Հայաստանի արդի ընտանեցած պատկերը իր նախատիպը կ՚առնէ հռովմէացի զօրավարներու փորագրութիւններէն եւ դրամներէն որոնք Հայաստանը կը ներկայացնէին կապուած եւ պարտուած։

[38]     ԹՈՐԳՈՄ ԱՐՔԵՊՍ. ԳՈՒՇԱԿԵԱՆ։ Գրագէտ եկեղեցական: Ըրած է թարգմանութիւններ։ Գրած՝ ուսումնասիրութիւններ, ճամբորդի տպաւորութիւններ։ Թորգոմ Սրբազանի ոճը՝ կազմուած մեր հին մատենագրութեան յաճախանքին մէջ, հաճելի ձեւով մը հաղորդ է արդի աշխարհաբարի լաւագոյն յատկութիւններուն։ Շնորհ, ժուժկալութիւն ու ճշդութիւն նկարագիրներն են իր գրելու ձեւին։ Ունի ընդարձակ ու բազմակողմանի զարգացում: