Հայ գրականութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

/23/

Զ. ԴԱՍ
ՍԷՊԻԼԻ ՎՐԱՆՆԵՐՈՒՆ ՏԱԿ

Տարագրութեան [1] արհաւիրքներէն՝ յիշողութեանս մէջ անջնջելի մնացած սարսռեցուցիչ եղերապատկերներէն [2] մին է մանուկներու վաճառումը ՍԷպիլի վրաններուն տակ:

Սէպիլ… այդ անունը ի՞նչ անդոհական [3] սարսափով կը համակէր հէգ տարագիրներու հոգիները: Հալէպէն [4] մէկ ժամ հեռու, դէպի Արեւելք, ընդարձակ դաշտ մըն էր Սէպիլը ուր կը ղրկուէին Հալէպ հասնող տարագիրները, հոնկէ ալ Տէր-Զօր [5] քշուելու համար: Դէպի դժոխք տանող առաջին կայարանն էր ան։

1915 Դեկտեմբերի վերջերը երբ հասայ Սէպիլ, դաշտը ծածկուած էր հազարաւոր վրաններով՝ որոնց մէջ խճողուած էին տարագիրները, Խարբերդի, Մալաթիոյ, Տիգրանակերտի, Պարտիզակի, Ատա–Բազարի, Պրուսայի, Ա. Պոլսոյ [6], Ռոտոսթոյի, Ատանայի, Այնթապի, Քիլիսի, Գոնեայի եւ Էնկիւրիի կողմերէն [7] քշուած։ Շատերը ճամբան կողոպտուած էին Քիւրտերու, Արաբներու կամ Թուրք չէթէներու [8] կողմէ, եւ ոմանք մնացած էին մօրէ մերկ վիճակի մէջ։

Թիֆիւսը [9], թանչքը [10], ջերմը կատաղօրէն կը հնձէին օրական 5-600 կեանքեր: Աղբահաւաք կառքերը առտուընէ մինչեւ իրկուն, վրանէ վրան կը պտտէին՝ մեռել ժողվելու: Ամէն 20 մէկ կառքի մէջ 10-12 դիակ կը դիզուէր: Եւ կը պատահէր որ՝ հոգեվարքներ մեռելներու հետ խառն ի խուռն կառք կը նետուէին, իրենց իսկ տէրերուն հաւանութեամբը: Շատ բարակը նայելու ատենը չէր… քանի մը ժամէն անանկ ալ պիտի մեռնէր, անանկ ալ… մութը կը կոխէր ու կառքերը պիտի դադրեցնէին իրենց երթեւեկը. պէտք էր օգտուիլ առիթէն։

Եւ որովհետեւ հագուստի ու ճերմակեղէնի պէտք կար, մեռելները կը մերկացուէին ու այնպէս կը նետուէին կառքերու մէջ։ Ու այս ահռելիօրէն եղերական բաները կ՚ըլլային ամէնուս աչքին առջեւ, անբանացած [11] անտարբերութեան մը մէջ։

Բայց ամէնէն սոսկալին՝ մանուկներու վաճառումն էր։ Գնորդները կառքով Հալէպէն կուգային եւ ընդհանրապէս արաբ եւ հրեայ կիներ էին: Կառքէն կ՚իջնէին ու վրանները կը շրջէին՝ հարցնելով.

- Ծախու տղայ կա՞յ

/24 / Մայրեր որոնք տակաւին պատառ մը հաց ունէին ուտելիք, սոսկումով կը վանէին զանոնք, բայց ուրիշներ` անօթիներ, լացուկոծով, անէծքով իրենց զաւակները կը յանձնէին քանի մը մեճիտիյէի [12] փոխարէն։ Գնորդները, որոնք հետերնին նարինջ, ու սիմիթ բերած էին, փոքրիկ աղջկան ձեռքը նարինջ մը կուտային որովհետեւ այդ կիները միշտ աղջիկներ ծախու կ՚առնէին [13] ու խեղճ անօթի փոքրիկը կը յարձակէր նարինջին վրայ ու կը սկսէր կեղեւովը միասին կրծել: Իսկ սիմիթը ցոյց կուտային միայն, ու կ՚ըսէին,

Այս սիմիթն ալ կառքին մէջը կ՚ուտես:

Ու սովահար աղջնակը, գառնուկի մը պէս որ բուռ մը խոտին ետեւէն կ՚երթայ, կը հետեւէր կիներուն, մանաւանդ սիմիթին, լալով, եւ ատեն ատեն, ետին՝ մայրիկին նայելով…:

Քանի՜ քանի անգամներ խելայեղ [14] մայրը իր զաւակը վաճառելէ ետքը, վազած ու կառքին մէջէն ետ յափշտակած էր զայն, դրամը գնորդներուն երեսին նետելով։ Բայց աւելի յաճախ գոհացած էր ցաւին մէջ գալարուելով, եւ թողած՝ որ կառքը հեռանայ իր մայրական սրտին ու աղիքներուն վրայէն թաւալելով։

Տեսայ մայր մը որ իր երկու զաւակները վաճառելէ քիչ վերջը խենթեցաւ. եւ ստիպուեցան հիւանդանոց փոխադրել:

Տարագրութեան չարչարանքներուն ամէնէն տաժանականը մանուկներու այս խլումն էր իրենց մայրական ծոցերէն: Եւ այն մայրերը որոնց զաւակները յափշտակած էին բռնի, այնքան չէին ազդուած՝ որքան անոնք որ, իբր թէ կամովին, իրենց տղաքը կը վաճառէին:

Անոնք որ տարագրութեան այս ահարկու կեանքը ապրեցան՝ կրնան ըսել Երեմիա [15] Մարգարէին պէս. «Ես այն մարդն եմ որ Տառապանքը տեսայ»։ [16]

(Ամէնուն Տարեցոյցը)

ԵՐՈՒԱՆԴ ՕՏԵԱՆ [17]

/26/

ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄ

(ՅԱՏԱԿԱԳԻԾ)

Ա.

1. Գրուածքին մասերը։

Ա) Ընդհանուր պատկեր մը։

Բ) Մասնակի դրուագ մը:

(Փնտռել ընդհանուր պատկերին մէջ ա) Կարաւաններուն ցուցմունքները. բ) Հիւանդութեանց աւերը. գ) Անզգած արտայայտութեան պատճառները: Ինչո՛վ մասնակի է երկրորդ մասը)։

2. Գրուածքին նկարագիրները. ա) Անուններու վաւերականութիւն. բ) Անուններու յատկանշական տարողութիւն (ըլլայ տեղի, ըլլայ մարդոց համար). գ) Գերագոյն վիճակներու սովորականացում. դ) Ծայրայեղ ժուժկալութիւն մը. ե) Արու եւ սգաւոր յուզում։

Բ.

1. Մայրերը (ընդհանրացում)։

2. Զաւակները (ընդհանրացում)։

3. Գնորդները (մասնաւորում)։

Գ.

1. Ի՞նչ է անունը գրելու այս ձեւին։ (Յիշատակ կամ Յիշողութիւն՝ Mémoire):

2. Ինչո՛վ կը տարբերի անիկա պատմութենէն։

3. Ինչե՛ր կը պահանջուին յուշագիր խմբագրողներէ։ (Վերի պզտիկ պատկերը ձեզի առաջնորդ կրնայ նկատուիլ: Ուշադիր ընթերցում մը ցոյց պիտի տայ ձեզի այդ տարրերը):

Դ.

1. Օտեանին Ոճը: ա) պարզութիւն. բ) սեղմութիւն. գ) տոկունութիւն (երբ քրքրել ուզէք, կը դիմանայ), դ) անզգածութիւն (ուրիշներ այս յատկութիւնը կ՚անուանեն անանձնականութիւն). ե) դասականութիւն։



[1]       Տարագրութիւն = աքսորել: Բառը յատուկ անունի հանգամանք ունի հոս, նշանակելու համար 1915ի բռնագաղթը զոր թուրքերը պարտադրեցին իրենց սահմաններուն մէջ ապրող մեր ժողովուրդին։ Իր նկարագիրը այն դաժան շնականութիւնն է որով կը զատուի մեր պատմութեան նման պատահարներէն։ Պարսիկներն ու յոյները որոնք քանի մը անգամներ այդ միջոցը գործադրեցին, գիտէին իրենց նպատակի կէտը։ Թուրքերը՝ մտապատկերեցին անլուր նրբութիւնը չարչարանքին, պտտցնելով ու անօթի ոչնչացնելով մօտ մէկուկէս միլիոն բազմութիւն։ Մարդերու պատմութիւնը գազանութեան այս աստիճանը չի արձանագրած:

[2]       Եղերապատկեր = լացնող, ողբի ու երգի մղող պատկեր, տեսարան։

[3]       Անդոհական = տագնապեցնող։

[4]       Հալէպ = Սուրիոյ հիւսիսային մեծ քաղաքը: Հիները կ՚ըսէին Բերիա։ Տարագրութեան ատեն կարեւոր կեդրոն մըն էր կարաւաններուն։

[5]       Տէր-Զօր = Միջագետքի եւ Սուրիոյ մէջտեղ տարածուած անապատին մէջ քաղաք մը, Եփրատի վրայ։ Մռայլ ու չարաշուք համբաւի հասաւ իբր կայան տարագրուածներուն: Անապատին, անօթութեան, հիւանդութեան պակաս թողածը Փոքր-Ասիայէն գաղթողներուն վրայ ի գործ դրաւ հոդ պաշտօնական իշխանութիւնը, երկու անգամէն կոտորելով ու այրելով մօտ 150, 000 հայեր։

[6]       Ա. Պոլիս = Ադրիանապոլիս, այժմու Էտիրնէն։

[7]       Յատուկ անուններու այս թուումը պատահական չէ։ Արեւմտեան Անատոլուի բոլոր կեդրոնները կը յիշուին. իսկ հայաբնակ նահանգներուն անունները կը պակսին, վասնզի անոնցմէ ոչ ոք ազատած էր գրեթէ: Հայաբնակ նահանգներու բնակչութիւնը կա՛մ իր գիւղերուն մէջ այրեցաւ, մարագներու մէջ թխմուելէ ետքը, կամ քաղաքներէն դուրս կիրճերու խորը մորթուեցաւ։

[8]       Չէթէ = թուրքերէն՝ հրոսակ: Այսպէս կոչուեցաւ այն կազմակերպութիւնը որ գոյացաւ թրքական բանտերու մահապարտներէն։ Կառավարութեան կողմէ անոնք զինուեցան ու ղրկուեցան կարաւաններու վրայ: Մարդկութիւնը բառ չունի այդ դասակարգը որակելու:

[9]       Թիֆիւս = ֆրանսերէն անունն է հիւանդութեան մը որ կը ճարակի մասնաւորաբար կուտակուած մարդերու մէջ։ Ոջիլը զայն ծաւալող բնական ազդակն է: Մահացու՝ երբ չխնամուի։ Թիֆիւսը թուրքերուն բնական դաշնակիցը եղաւ անոնց պայքարին մէջ։ 

[10]     Թանչք = աղիքի հիւանդութիւն մը որ յառաջ կուգայ աղտոտ ջուրերու գործածութենէն։ Տարափոխիկ եւ սպառիչ։ Մահացու՝ երբ չը խնամուի

[11]     Անբանացած = բանականութիւնը կորսնցուցած, անասնացած:

[12]     Մէճիտիյէ = թրքական արծաթ դրամ

[13]     Միայն աղջիկ = Սուրիոյ մէջ ու դէպի Եգիպտոս դեռ կը տիրէ գերիի դրութիւնը: Աղջիկները լաւ գերուհիներ կը մնան։

[14]     Խելայեղ = խելքը թափած, փախած։

[15]     Երեմիա = մեծ մարգարէներէն մէկը Հրէաստանի, վեց դար Քրիստոսէ առաջ։ Երուսաղէմը Նաբուգոդոնոսորէն նուաճուած պահուն բանտն էր: Նշանաւոր է իր Ողբը: Սովորութիւն է Երեմիական անուանել անծայր ողբերը:

[16]     Տառապանքը (գլխագիր) = երբ բառի մը տարողութիւնը ուզենք ընդլայնել, զայն կը գրենք գլխագիր։ Ասոր յաճախումը զեղծում մըն է որ ընդհանրացած է մեր գրականութեան մէջ, մանաւանդ 1900ի շրջանին: Հոս քիչ իսկ կուգայ-պատկերը տալու մեր դժոխքին:

[17]     ԵՐՈՒԱՆԴ ՕՏԵԱՆ։ Վիպագիր, երգիծաբան եւ հրապարակագիր։ Գրել սկսած է շատ կանուխէն։ Դասական հմտութեամբ մեր մտաւորական լաւագոյն ուժերէն մէկն է։ Իր վէպերը ժամանակակից բարքերու ընդմէջէն կը քալեն դէպի մռայլ հեգնութիւն մը որ կասկածի տակ կ՚առնէ մարդկային բոլոր ուռուցիկ առաքինութիւնները։ Իր երգիծանքը, երբեմն ծայրայեղ նրբությամբ, կը հասնի իր շրջանին ընդհանուր պարագրկումին։ Պարոնեանին նման ստեղծած է տիպեր: Իբր հրապարակագիր, Օտեան կը ներկայացնէ ողջմտութիւն մը որ չունի արհեստէն խմբագիրներու յատկութիւնները։ Իր ոճը պարզ, առանց գրական մշակումի, մատչելի է լայն զանգուածներու: