Ե.
ԴԱՍ
Ի
ՄԱՀ
[1]
ՅԱԿՈԲԱՅ
ՉԱՄՉԵԱՆ
Եկու
քընար
[2]
աղեկըտուր
թելերով
Զուարթ
պըճնած
երբեմն
անոյշ
վարդերով.
Ոհ,
այն
փունջեր
թափթըփեցան
իմ
չորս
դին
Զի
սիրելին
իմ
գոցուեցաւ
ի
շիրիմ:
Եկու
կապեմ
ճակտիդ
նոճեայ
մի
պըսակ
[3],
Սեւ
տխրութեանց
ոգիք
զարնեն
քու
նըւագ
[4].
Քու
մըրմընջիդ
հետ
խառնուած
զեփիւռիկ՝
Թող
փըչէ
ցուրտ
հոն
ուր
հանգչի
Յակոբիկ։
Ազնիւ
հոգի
ու
սիրեցեալ
ամէնէն
Ի՛նչպէս
շուտով
ելար
կենաց
պարտիզէն
[5].
Ու
հասակիդ
ծաղիկներով
զարդարուած
Ա՞յդպէս
կանուխ
իջեր
ի
հող
տխրամած.
Ամբողջ
գարուն
մի
չի
տեսած
այս
կեանքին,
Մըթին
գաղտնիք
շիրմին
ըզքեզ
պատեցին.
Քոյդ
մըտերմաց,
որոց
էիր
քաղցրիկ
սէր,
Տես
ի՞նչ
աւանդ
թողուցիր՝
սեւ
կսկիծներ։
Գերեզմանին
դրռնէն
մըտար
դու
երկինք,
Ուր
անթարշամ
կենաց
բազմիս
ի
հարկինք
[6].
Հոգիդ
սլացաւ
մաքուր
մարմնիդ
առ
Աստուած
/21/
Ինչպէս
անուշ
hnտ
մը
ծաղկէն
բաժնըուած.
Փափուկ
գըրկէն
հէք
քուրերուդ
սըգաւոր
Թըռեար
ի
ծոց
վաղամեռիկ
հօր
եւ
մoր.
Բայց
մինչ
քեզմով
խնդան
հայրիկդ
ու
մայրիկ
Ահ,
ի՞նչ
կ՚ընեն
եղբարք
ու
քորք
[7]
նազելիք:
Ելլէ
լուսնակ
գերեզմանաց
այցելու
Քօղ
մի
դէմքին
ձըգած
ճերմակ
ամպերու,
Մութ
կամարին
վերայ
տժգոյն
թափառկոտ,
Տես,
գայ
շիրմիդ,
զերդ
տըխուր
կոյս
ամըչկոտ
Մինչ
զովագին
փըչէ
հովիկ
անուշակ
Ու
չորս
կողմէն
բուրեն
յասմիկ
մանուշակ.
Ո՛հ,
մօտ
եկուր
յայնժամ
առ
սիրտըս
ցաւած
Հեզիկ
թեւով
հսկէ
ի
քուն
սիրելեաց։
Ծաղկէ
նաեւ
հոն
միշտ
շուշան
ըսպիտակ
Անմեղութեան
սրտիդ
ամբիծ
նըշանակ.
Վարդըն
կարմրիկ
ծաղկէ
հոն
սուր
փուշերով
Յայտնել
ինչպէս
քու
կեանքդ
էր
լի
խոցերով.
Խանդաղակաթ
տեսեր
ըզմահ
ծընողաց
Դառն
հարուածով
մահուն
եւ
դու
զարնըւած
Մընաս
բարով
ըսիր
կենացդ
արեւուն
Եւ
մանկութեան
ծիծաղադէմ
օրերուն:
(Տաղք
եւ
Թատրերգութիւնք)
ՄԿՐՏԻՉ
ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ
[8]
/22/
ՀԱՐՑԱՐԱՆ
1.
Ճի՞շդ
է
աղեկտուր
թելերով
քնարը:
2.
Ի՞նչ
կ՚արժէ
վարդերով
պճնած
քնարին
պատկերը։
3.
Բացատրել
նոճեայ
բառին
յաճախակի
գործածութիւնը
Արեւմտահայ
գրականութեան
մէջ։
4.
Ի՞նչ
իմաստ
կուտաք
տխրութեան
ոգիք
բացատրութեան։
5.
Ի՞նչ
է
գործը
զեփիւռիկ
բառին:
Բացատրել՝
Հասակի
ծաղիկ.
Կեանքի
գարուն.
Շիրիմի
գաղտնիք
փոխաբերութեանց
արժէքները՝
Գտնել
անդրարշաւ
բառին
հոմանիշները՝
6.
Ինչո՞ւ
հայրիկն
ու
մայրիկը
կը
խնդան
Յակոբին
մահուան։
7.
Ի՞նչ
գործ
ունին
լուսինը,
հովը,
յասմիկը,
մանիշակը,
այստեղի
Դ.
տունին
մէջ:
8.
Ի՞նչ
դէմք
կը
շինէք
ձեր
մտքին
մէջ
այս
քերթուածէն։
(Այս
տղան
տարիք
ունի՞:
Այս
աղջիկները
իրակա՞ն
են:
Այս
հայրն
ու
մայրը
կը
խօսի՞ն
ձեզի):
9.
Այսօր
կարելի՞
է
նման
քերթուած
մը
գրել
առանց
ծիծաղելի
ըլլալու:
10.
Այդ
օրերուն
մարդիկ
ինչո՞ւ
խանդավառ
էին
նման
քերթուածներով։
ՇԱՐԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Ոգեկոչել
շատ
սիրելի
մեռեալ
մը
որ
տարիքովը
ըլլայ
մօտիկը
քու
զգացումներուդ։
[1]
Վաթսունական
թուականներուն
ընտանի
քնարերգութիւնը
շատ
յարգի
էր
ի
վնաս
բանաստեղծութեան:
Պէշիկթաշլեանի
գործին
գրեթէ
մեծ
մասը
այդ
տեսակ
ճակատագիր
մը
ունի:
[2]
Քնար
=
հոս
կը
նշանակէ
բանաստեղծութիւն,
որուն
խորհրդանշանն
է
արդէն։
[3]
Պսակ
=
հելլէն
գրականութեան
մէջ՝
պսակը
գերագոյն
վարձատրութիւնն
էր:
[4]
Նուագ
=
ա.
երգ,
բ.
քերթուած:
[5]
Կենաց
պարտէզ
=
մաշած
շրջաբանութիւն
մը`
ըսելու
համար
աշխարհ։
[6]
Հարկինք
=
խրախճանք,
կոչունք
(ժողովրդական
ծագումով)։
[8]
ՄԿՐՏԻՉ
ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ.
ԺԹ.
դարու
մեր
մեծ
քնարերգակներէն
մէկը։
Վենետիկի
մէջ
ստանալով
իր
ուսումը,
դարձած
է
Պոլիս
ու
նուիրուած
վերազարթումի
գործին։
Գրած
է
քերթուածներ
(երգ,
քնարական
հատուածներ,
թարգմանածոյ
կամ
նմանողութեան
էջեր),
թատրերգութիւններ,
ճառեր
եւայլն։
Պէշիկթաշլեան
իր
վրայ
կը
միացնէ
գրողի
եւ
գործիչի
կրկին
հանգամանքները։
Հայ
կաթոլիկ
եւ
լուսաւորչական
հարուստներուն
միջեւ
աշխատած
է
միութեան
կապ
մը
ըլլալ։
Իր
ոտանաւորներէն
ոմանք
(լաւագոյնները
գրաբար)
ունին
դասական
յղկում,
ժուժկալ
ու
ազնուազգի
ներշնչում,
անկեղծութիւն
եւ
ջերմութիւն,
կարեւոր
թիւ
մը
իր
աշխարհաբար
քերթուածներէն
երգուած
են
այդ
շրջաններուն։
Պէշիկթաշլեան
ամէնէն
շատ
ուսումնասիրուած
դէմքն
է
մեր
բանաստեղծներէն:
(1828-1868)։