Հայ գրականութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

/121/

ԻԷ. ԴԱՍ
ԱՌՋԻ ԻՐԻԿՈՒՆԸ

Պանդխտութեան պատրաստուող անձերը, ծածկամտութեամբ, իրենց մեկնելու օրը գաղտնի կը պահեն, որպէս զի տան մէջ սուգ ու տխրութիւն կանխաւ չմտցնեն։

Ուղեւորը պարտական է այցելել մերձաւոր բարեկամներուն ու դրացիներուն, անոնց վերջին «մնասբարով»ը ըսել, անոնց կարօտներուն, յանձնարարութիւններուն թարգման ըլլալ ամուսիններու, եղբայրներու, զաւակներու քով [1], «շատ բարեւներ»ը մատուցանել որոնց որ ապսպըրուած [2] է։ Ազգականներն ալ փոխադարձաբար կ՚այցելեն ուղեւորին տունը, կերպով մը մխիթարելու համար սգաւորները [3] ։

Այս անհրաժեշտ պարտքը կատարելէ ետք, ուղեւորը կ՚այցելէ իր ձեռատունկ պարտէզն ու այգին, կը յիշէ անոնց փթթումը, պտղաբերութիւնը, քանի մը վայրկեան կը նստի անոնց շուքին մէջ, կ՚աղերսէ ծառերուն որ շատ պտղաբերին, միշտ պտղաբերին, մինչեւ գետին խոնարհեն իրենց ոստերը, որպէս զի դեռաբուսիկ մանկիկներ կարօտ չմնան, գան քաղել իրենց ձեռքերով ու մոռնան իրենց հօրը կորուստին ցաւը:

Հոն՝ բնութեան ծոցին մէջ կը թափէ իր հառաչն ու լալիքը, կը բանայ վշտերուն լեզուն, կը յիշէ անցեալը, յետոյ կաթոգին համբուրելով հողն ու քարը, թուփն ու տերեւը, ծառն ու ծաղիկը՝ զորս իր մատներն են մշակեր, վերջին ակնարկ մըն ալ իր կանանչագեղ դարաստանին [4] վրայ կը նետէ, ու կը բաժնուի արտասուաթոր:

 

***

Վերջին իրիկունն է։ Լրացեալ լուսինը ծագեր է Վարագայ լեռնէն վէր Այգեստանին [5], ու իր արծաթ շողերով սիրուն տեսարան մը կազմեր է: Վճիտ առուն [6] պարտէզին մէջ կը թաւալի խոխոչով մը որ անմոռանալի է, ու իր կոհակներուն մէջ կը խաղցնէ լուսնին ու աստղերուն կրկնապատկերը։

Վարդենիներով շրջափակուած, առուակներով շղթայուած, խնձորենիներով ու ընկուզենիներով հովանաւորուած սաքուին [7] կեդրոնը սարքուած [8] է ընթրիքի սեղանը։ Սգաւոր մայրիկը, եղբայրներ, քոյրեր, մէյմէկ անկիւն սքլած [9] կը հեծկլտան։ Ազգա/122/կաններ մէյմէկ բան կը տնօրինեն, ուտելիքներ կը տեղաւորեն, կը կապեն, կը քակեն, ղարիպներուն ղրկուելիք տոպրակներու երեսներուն վրայ կը գրեն, կը ջանան որ պակաս բան չմնայ։

Բաժակներ կ՚առաջարկուին տխուր, սրտաճմլիկ ճառերով. «Աստուած բարի ճանապարհ տայ, բարով դառնաք, մեզի չմոռնաք, Աստուած կրկին արժանի ընէ, այս շուքերուն տակ, այս անձկալի բարեկամներով բոլորուած սեղանին շուրջը նստինք ուրախանանք. գացողին բարի յաջողութիւն, մնացողներուն համբերութիւն»։

Բարեկամներ, որոնք լաւատես են, քաջալերելէ չեն դադրիր: Լուսնակը յառաջացեր է մինչեւ երկնակամարին կէսը. ա՛լ պէտք է հանգստանալ, որովհետեւ մինչեւ երեսուն օր [10] ճանապարհի տառապանք կայ։ Պանդուխտը կը պառկի նոյն իսկ այդ հովասուն պարտէզին մէջ, շաղերու, շողերու, բոյրերու, խոխոջներու տակ [11] ։

Ամէնքն ալ՝ վշտերու ծանրութեան տակ կքած՝ կը նիրհեն: Միայն մէկը կայ որ քուն չունի, պանդուխտին մայրն է, չոքած [12] իր զաւկին սնարը, մատներովը կը շոյէ զաւկին խոպոպիքը, այրող համբոյրներով կը ծածկէ անոր դէմքն ու ճակատը, տաք արցունքներով կ՚ողողէ անոր երեսները։ Բանաստեղծ դարձած՝ աղու, սրտառուչ օրօր կը մնչէ, զոր սիրտը կը հիւսէ, ու հիւծեալ ձայն մը կ՚արտաբերէ, թարմ վշտերու հետ խառն.

Որդեա՛կ, որդեա՛կ, թէ գաս բարով, ձիերով,

«Մէրի՜կ» կանչես, ասեն՝ մեռա՜ւ կարօտով,

Աստուած սիրես իմ գերեզման չըմոռնաս,

Կաթիլ մ՚արցունք չոր հողերուն ընծայ տաս։

Օրօր, որդեակ, օրօր կտրիճ իմ սիրուն,

Մէրիկ մեռնէր, որ քեզ չտեսնէր այդպէս քուն։

 

***

 

Արշալոյսը ծագեր է. երանի՜ թէ շուտով չծագէր: Սոխակներ կը հիւսեն իրենց երգը, անցորդներ իրենց մեներգը, պառաւ մամիկներ իրենց օրհներգը։ Հողը մեղմիկ կը տարուբերէ վարդալից վարդենիքը եւ անոր շուքին տակ քնացող երիտասարդին մազերը։

Կին մը՝ գունաթափ, մերկ ամէն զարդէ, ձեռքը ծոցը, վիզը ծռած, սիրականին դիմացը նստեր՝ մէկ կ՚ըսէ, հազար արցունք կը թափէ. աղբիւր դարձեր են աչքերը.

/123/ Հովերն անուշ, քունն անուշ,

Քնացի՛ր իմ սիրական,

Եւ ընկեր քո սեւաւոր

Քեզ ասէ մեղմիկ օրօր։

Ան ալ պանդուխտին վշտահար ու սգաւոր կինն է։

 

ՇԱՔԱՐԵԱՆ [13]

 

/124/ ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄ

(ՅԱՏԱԿԱԳԻԾ)

1. Գրուածքին մասերը.

Ա) Այցելութիւններ

1. Մարդոց։

Հոգեկան վիճակ

2. Պարտէզներուն։

 

Բ) Ընթրիքը

1. Պահ, լիալուսին։

2. Տեղ, սաքու, պարտէզ։

3. Մարդեր ու ասոնց հոգեբանութիւնը:

4. Բաժակներ ու խօսքեր։

Գ) Քուն

1. Պանդուխտը ծառերուն տակ:

2. Անոր մայրը։

3. Ողբը։

Դ) Առտու

1. Առտուան պատկերներ:

2. Պանդուխտին կինը:

3. Իր ողբը։

2. Կառուցում.

Ա) Այդ մաuերուն յարաբերութիւնը:

Բ) Ծանրութեան կեդրոնը։

Գ) Յառաջատու նկարագիր կտորին։

3. Բնութիւն.

Ա) Հովուերգական շեշտ աչք մը կը տեսնէ այդ պատկերները որոնք բախտին հարուածովը, կը վերածուին ողբերգական տեսիլի:

Բ) Ժուժկալութիւնը գոյներուն:

Գ) Իրականութիւնը գիծերուն։

Դ) Տեղական գոյն։

Ե) Մարդկայնական տարրը այդ բոլորին խորը:

4. Մարդերը.

Ա) Պատահականները եւ ասոնց սիլուէթային կողմը։ (ինչո՞վ մեր ուշադրութիւնը կը կապեն իրենց)։

Բ) Պանդուխտը։

1. Օտարներու այցելած միջոցին։

2. Իր ձեռատունկ պարտէզներուն մէջ։

3. Քուն:

Գ) Մայրը:

Դ) Կինը։

5. Յուզումը.

Ա) Անոր ծաւալուն նկարագիրը:

Բ) Ո՞ւր կը հասնի իր ծայրագոյն կէտին։

Գ) Որո՞նք են գլխաւոր զսպանակները անոր:

6. Լալկան գրականութեան հարց.

Ա) Այս մեղադրանքը կշիռ ունի՞ սա կտորին դէմ։

/125/ Բ) Ի՞նչ է բռնի յուզելու կերպին եւ ասոր տարբերութիւնը։

Գ) Ժուժկալութիւն, սեղմութիւն, խորութիւն։

7. Ոճ.

Ա) Անձնականութիւն (մերձեցում ուրիշ գաւառիկ ոճերու)։

Բ) Ինքնայատուկ համ, հոտ, որոնք հողինն են որքան մարդոց։

Գ) Պարզութիւն (ինչո՞վ կը փրկուի տափակութենէ):

Դ) Հաղորդականութիւն (ինչո՞վ կը փրկուի հռետորականութենէն)։

8. Գաւառական գրականութեան մէջ սա երակը.

Ա) Մեր գաւառիկ գրողները։

Բ) Յուզումը անոնց մէջ (ծանրանալ Հրանդի եւ Թլկատինցիի վրայ)։

Գ) Կեանքին բաթէթիքը (որ վրիպած է միւսներէն որոշ չափով)։

 

ՇԱՐԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Բաժանումը

 

Ա) Անիկա կրնայ պատահած ըլլալ մեզի։ Այդ պարագային՝

Ա) Քանի մը տող՝ պատճառին։

Բ) Պահ, տեղ, մասնակի վիճակներ։

Գ) Յուզումը (հաճոյք, ցաւ) կեդրոն ձեր գրուածքին։

Դ) Մարդեր, խօսքեր, յանձնարարութիւններ։

Ե) Մնացողներուն վրայ մեր վերջին նայուածքը։

Զ) Դուրս ձեր բոյնէն։

Է) Ճամբայ։

Բ) Այն պարագային երբ չէք անցած զգացական այդ փորձառութենէն՝

Ա) Փնտռել ծանօթներու շրջանակէն դրուագ մը որ հաւանական է միշտ։

Բ) Պատմել ատիկա իբր հանդիսատես, ուշ դնելով՝

1. Վերի շարադրութեան յատակագիծին գնացքին։

2. Խխառնել անձնական տարր տրուած պատկերներուն։

3. Ճիշտ գիծեր քաշել քանի մը մարդերէ եւ զգայութիւններէ։

Գ) Փնտռել յուզումը որ ըլլալու է՝

1. Զուսպ։

2. Իրական։

Դ) Ճարել ընդհանուր ոլորտ որ ամէն բաժանումի կ՚ընկերանայ մեր մէջ։

Ե) Մտածման փոքր բաժին մը։



[1]       Ամուսին, եղբայր, զաւակ = մեկնող պանդուխտը բոլորողները կը պատկանին ամէն տարիքի ու սեռի։ Որը՝ մանկամարդ կին, իր ամուսինին կը ղրկէ իր արցունքն ու կարօտը: Որը՝ մատաղ տղայ, իր մեծ եղբօրը կը ղրկէ իր սպասումը, ցաւերը: Որը՝ տարիքն առած հայր կամ մայր, իր զաւկին կը ղրկէ իր սիրտը:

[2]       Ապսպրել = ամէն մեկնող, մնացողներէն ունի յանձնարարութիւն։

[3]       Սգաւոր = արդարեւ պանդուխտին տունը տարբեր չէ, այդ գիշեր, մեռել- տունէ։

[4]       Դարաստան = դար՝ կը նշանակէ ա. ժամանակ. բ. թափ, հողին շեղ էջքը կամ ելքը, որմէ ունինք դարիվեր ու դարիվար, ու ասոնց սղումը՝ դարվար, դարվեր. գ. տարիք, հասակ. դ. ջուխտ, (անզոյգը՝ կոճ). ե. «Դարիւ դարիւ խփելով» երգի տողին մէջ՝ գետեզրին շեղ էջքը դէպի ջուր: Դարաստան՝ այն պարտէզները որոնք դար հողերու վրայ կը յօրինուին։ Նոյն իմաստով՝ դարաւանդ։

[5]       Այգեստան = Վանայ մէկ արուարձանը։

[6]       Առու = ամէն տուն կը մտնէ ու կ՚ելլէ այդ ջուրը։

[7]       Սաքու (թուրքերէն) = թումբ։ Հողէ բարձր ու երկայն յօրինում, պատերուն տակով։

[8]       Սարքել = պատրաստել։ Բառին մէջ լեզուական սխալ մըն է քն։ Ճիշտը՝ սարել: Որմէ՝ սարուած։ 

[9]       Սքլիլ = գաւառական բառ, Պոլսեցիները ունին սմքիլ։

[10]     Երեսուն օր = Վանէն մինչեւ մօտակայ նաւահանգիստը հետոտն քալող մը այդքան մը օր դնելու է ճամբու։

[11]     Շաղ, շող, բոյր, խոխոջ = բանաստեղծական այդ բառերը չեն նեղեր մեզ, վասնզի իրենցմէ աւելի է իրականութիւնը արդէն։

[12]     Չոքած = ծնրադիր։ Թուրքերէն բառ՝ որ խոտելի է։

[13]     ՇԱՔԱՐԵԱՆ։ Վանեցի գրող, որուն պատկերները գաւառէն ինչպէս Պոլսէն, ունին տոհմիկ ջերմութիւն, ինչպէս հարազատութիւն։ Յուզումը, բնականութիւնը, պարզութիւնը նկարագիրներն են անոր գրելու կերպին։ Երկար ատեն Պոլիս իբրեւ ուսուցիչ գործելէ վերջ վերադարձած է Վան եւ նահատակուած՝ 1896ի ջարդերուն։ Շատ գեղեցիկ հատորիկ մը կրնայ կազմուիլ, թերթերու մէջ ցրուած իր կտորներէն։ Զինքը կրնանք նկատել գաւառիկ շունչով երրորդ գրողը Վանէն (Խրիմեան, Սրուանձտեանց), ինչպէս նաեւ աւելի վերջ 900ական շրջաններուն ընդհանրացող գաւառիկ գրականութեան հարազատ մէկ գործաւորը (Զարդարեան, Թլկատինցի)։