Հայ գրականութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

/163/

ԼԶ. ԴԱՍ
ՏԱՐԱԳՐՈՒԱԾ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ՏԻԿԻՆՆԵՐԸ

 

Բ.

 

Հայոց աշխարհին փափկասուն տիկինները որոնք գրգացած [1] ու փայփայուած կ՚ապրէին, իւրաքանչիւրը իր դեսպակին [2] կամ գահաւորակին [3] մէջ, հիմա միշտ հետի ու բոպիկ կ՚երթային աղօթատուն, անձանձրոյթ պաղատելով, ուխտեր ընելով, որպէս զի կարողանան դիմանալ այդ մեծ նեղութեան։ Անոնք որ իրենց մանկութենէն իսկ զուարակներու [4] ուղեղով եւ երէներու ամիճներով սնած էին, մեծ ուրախութեամբ կ՚ընդունէին, վայրենիներու նման, խոտակեր կեանքի մը կերակուրները եւ ամենեւին չէին յիշեր իրենց վարժուած փափկութիւնները: Սեւնալով ներկուեցան անոնց մարմիններուն մորթերը, վասնզի ցորեկները կ՚այրէին արեւէն, ու գիշերները կը խորտակուէին գետինէն։ Մշտամրմունջ սաղմոսներ կային անոնց բերանը. ու մարգարէներուն ընթերցումը լիակատար մխիթարութիւն էր անոնց համար։ Զոյգ զոյգ միաբանեցան, համահաճ ու հաւասար ամոլներու նման, արքայութեան ակօսը ուղիղ վարելով, որպէս զի առանց վրէպի հասնին խաղաղութեան նաւահանգիստը։

Մոռցան կանացի տկարութիւնները, եւ, առաքինի այրեր եղան հոգեւոր պատերազմին մէջ մարտնչեցան կարեւոր մեղքերու դէմ, ու կտրեցին հանեցին անոնց մահաբեր արմատները: Միամտութեամբ [5] յաղթեցին խորամանկութեան, եւ նախանձին կապուտ ներկուածքները [6] լուացին սուրբ սիրով։ Կտրեցին ագահութեան [7] արմատները, եւ անոնց ճիւղերուն մահառիթ պտուղները չորցան։ Խոնարհութեամբ կռփեցին [8] ամբարտաւանութիւնը [9], ու նոյն խոնարհութեամբ հասան երկնաւոր բարձրութեան։ Աղօթքներով բացին երկինքին փակուած դուռները, ու իրենց փրկութեանը համար, սուրբ խնդրուածքներով, հրեշտակներ իջուցին երկինքէն։ Հեռուներէն աւետիսը լսեցին եւ փառաբանեցին Աստուածը բարձունքներու մէջ։

Անոնց մէջէն այրիները վերստին հարս եղան առաքինութեան, եւ իրենց անձէն վերցուցին այրիութեան նախատինքը [10] ։

Կապեալներու կիները իրենց կամքովը կապեցին մարմնաւոր ցանկութիւնները [11], ու սուրբ կապուածներու չարչարանք/164/ներուն մասնակից եղան։ Իրենց կեանքին մէջ մեռնող քաջ նահատակներուն նմանեցան, եւ հեռուէն մխիթարող վարդապետներ [12] եղան բանտարկեալներուն։ Իրենց վաստակովը [13] կերակրուեցան ու արքունիքէն իրենց յատկացուած ռոճիկը տարեկան թոշակի ձեւով կ՚առնէին ու կը զրկէին (տարագիրներուն), մխիթարելու համար զանոնք։ Անարին ճպուռներու նմանեցան, որոնք իրենց երգին քաղցրութեամբը կ՚ապրին առանց ուտելու, եւ կենդանի կը մնան, օդ միայն ծծելով, նմանելով անմարմին հրեշտակներուն:

Շատ ձմեռներու սառնամանիքներ հալեցան։ Գարունը հասաւ։ Նոր ծիծառները եկան։ Տեսան եւ ուրախացան կենցաղասէր [14] մարդիկ: Ու կիները չկրցան իրենց անձկալիները [15] տեսնել: Գարնան ծաղիկները անոնց յիշեցուցին իրենց պսակասէր [16] ամուսինները, բայց անոց աչքերը կարօտ մնացին անոնց երեսներուն գեղեցկութիւնը տեսնելու: Որսի բարակները [17] սպառեցան եւ որսորդներու արշաւանքները կուրացան խցուելով [18] ։ Իրենց գիրերովը [19] յիշատակուեցան անոնք, եւ ոչ մէկ տարեդարձի տօն [20] զանոնք ետ չբերաւ հեռուներէն։ Նայեցան անոնց ճաշատեղերուն [21] եւ արտասուեցին. ու ամէն ատեաններու [22] մէջ անոնց անունները յիշեցին։ Անոնց անունով շատ մը արձաններ կանգնուած էին ու իւրաքանչիւրին անունը գրուած էր վրան։

Ու երբ իրենց միտքը ամէն կողմէ ալեկոծ էր այսպէս, բնաւ չթուլցան երկնաւոր առաքինութենէն: Դուրսէն սգաւոր ու չարչարուած այրիներու կը նմանէին, ու իրենց ներսը զարդարուն էր եւ մխիթարուած՝ երկնային սիրով։ Ա՛լ մոռցան հեռուէն եկողներուն հարցնել թէ, ե՞րբ պիտի տեսնեն իրենց սիրելիները։ Ու Աստուծմէ մէկ բան միայն կը փափաքէին աւարտել, երկնաւոր սիրով, ինչ որ սկսած էին այնքան քաջութեամբ:

 

(Շարունակութիւն եւ վերջ)

ԵՂԻՇԷ [23]

 

ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄ

(ԼԵ. ԵՒ ԼԶ. ԴԱՍԵՐԸ ՄԻԱՍԻՆ)

Ա.

 

1. Մատենագրական տեղեկութիւններ: Այս հատուածները առնուած են Եղիշէի Վարդանանց նահատակութիւնը ներկայացնող հատորէն: Ութերորդ յեղանակին վերջաւորութիւնը կը կազմեն անոնք: Բանասէր/166/ները այս կտորներուն խմբագրութեան մէջ փոխառութիւններ կ՚ուզեն նշմարել Գ. եւ Դ. դարու օտար թարգմանութիւններէ, նաեւ Ե. դարու հայ մատենագիր Ղազար Փարպեցիէ։

2. Գրուածքին տեսակը: Որոշ սեռի մը տակ չիյնար անիկա։ Իբր վերջաբան հատորի մը ուր պատմական դէպքեր, աստուածաբանական նկատումներ, դաւանաբանական թուղթեր, վկայաբանութիւն, բանաստեղծութիւն, բարոյախօսական մտածման փորձեր իրարու կը խառնուին: Դժուար է ճիշտ պիտակով մը որոշել այս էջերուն նկարագիրը: Գրելու այս ձեւը՝ շատ հաճելի մեր պատմիչներուն, թերեւս կուգայ Դ. եւ Ե. դարերու քրիստոնեայ (յոյն եւ ասորի) մատենագիրներէն որոնք հակառակը գործած ըլլալու համար հին հեթանոս դասական ըմբռնումներուն, աւրած են շրջանակները, օրէնքները, եւ կը գոհանան երբ կեանքի ու արուեստի ամէն արտայայտութիւն մխրճուի սրբազան մատենագրութեան մթնոլորտին մէջ։ Անոնց հոգը չէ թէ երբեմն այդ ոլորտին մէջ ձեւազեղծումներ անխուսափելի են, ոչ ալ կը մտահոգուին երբ շատ խորունկը կը մխեն։ Սրբազան տարրին այս միջամտութիւնը պիտի չը պակսէր մեր մատենագրութեան բոլոր դարերէն, խղդելու համար իր խաւերուն մէջ արուեստի ամէն վէտ. (բացառութիւնները քիչ են, ու յաջող ա՛յն ատեն, երբ նոյն այդ բարեխառնութիւնն է որ կը մշակուի ինքն իրեն համար. Շարական, Նարեկացի, Շնորհալի):

 

Բ.

ԽՈՐՔԻ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆ

 

1. ՀԻՄՆԱԿԱՆ ԳԱՂԱՓԱՐ.

Տարագիրներու կիներուն կեանքը երկրին մէջ: (Հատուածին մէջ նկատի առնուած են, շատ յաջող տնտեսումով մը, այգ կեանքը սուրբ ընող բոլոր ազդակները: Նոյն ատեն յուզիչ իրապաշտութիւն մը կը պաշտպանէ այդ հոգեկան յայտնութիւնները)։

2. ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ ԳԱՂԱՓԱՐՆԵՐ.

Ա. Թիւը կիներուն: (Հինգ հարիւրի չափ միայն հեղինակին ճանչցածները։ Ու տակաւին՝ անոր ծանօթ չեղողները։ Գիրքին ընթացքին, Եղիշէ, տարագրուող նախարարներու համար այդքան թիւ չի տար: Յայտնի է թէ պատմական ստուգութիւնը առաջին տողերէն իսկ խախուտ է, եւ հեղինակին ձգտումը՝ ուրիշ բան)։

Բ. Անոնց ազնուականութիւնը: (Ծագումով զբաղիլը, արդիւնք, տպաւորութիւն ձգելու ճիգ մըն է։ Դիտեցիք հարկաւ որ պատկերը կ՚ուժովնայ դիմաւորուելով գեղացի կիներու նկարէն։ Ասիկա ճարտար եղանակ մըն է յուզում առաջ բերելու։ Մնաց որ գիւղացի տարրը իր դժբախտութեամբը նոյնքան յուզիչ է։ Մեր հին մատենագիրները արդէն կը զգուշանան ոչ-ազնուական տարրը նախատալի ներկայացնելէ)։

Գ. Անոնց կեանքին արտաքին երեսները: 1. Կը շփոթուին իրենց սպասուհիներուն հետ. 2. Անոնց անկողինները, բարձերը. 3. Անոնց ուտելիքները. 4. Արդուզարդը (օշնան, իւղ, ջուր): 5. Սեղանը (ուրախ օրերու)։ Եղիշէ այս մանրամասնութիւնը կուտայ ոչ թէ կեանքի մը ճշգրիտ նկարագրութիւնը ընելու, այլ մանաւանդ անոնց բացակայութեանը առաջ բերելիք ժխտական տպաւորութիւնը շահագործելու՝ բարոյական պատկերացումի իր ծրագրին վրայ։

/167/ Դ. Շարունակութիւն վերի գիծերուն: 1. Հարսներուն առագաստները. 2. Սեղան (կրկնութիւն). 3. Պալատ. 4. Ամրոցներ. 5. Աւարումի տեսարաններ։ Հոս այլեւս դուրս ենք ընդհանուր իրականութենէն: Ու գրողը, ճիշտ այդ պատճառով, ինքզինքը կը կրկնէ տեղ տեղ: Բայց գրուածքը մեզ չի վիրաւորեր իր այդ հանգամանգին համար։ Մուտքը ըրած ենք անիրական աշխարհին. զիջումը՝ սկսած, ու պատմութենէ աւելի՝ վիպական էջ մը կարդալու տրամադրուած՝ կը հաւանինք հեղինակին իր տարտամութիւնը։

Ե. Շարունակութիւն եւ կրկնութիւն։ 1. Ծնունդ. 2. Սնունդ։ Զուգահեռականութիւն մը կը միջամտէ հոս, կարելի չափով փրկելու այս կրկնութիւնները։ Հակադրութեամբ կը շահագործուին անոնք։ Հեղինակը կորսնցուցած է իր հեռակէտը։ Ու սկիզբին վերադարձով մը կը ջանայ գտնել մեկնումի մղումը, որ,

Զ. Ներքին կեանքի լայն, չափազանց պատկերացում մըն է։ 1. Սրբազան ընթերցումներ. 2. Արքայութեան ակօսին ամոլ. 3. Առնականութիւն՝ հոգեւոր պատերազմին մէջ. 4. Առաքինութիւններ եւ մոլութիւններ հակադրօրէն (անկեղծութիւն խորամանկութիւն. սէր նախանձ + ագահութիւն. խոնարհութիւն ամբարտաւանութիւն. ժուժկալութիւն պայքար մեղքին եւ ցանկութեան դէմ): 5. Ճպուռին նմանութիւնը։ Այլ եւս դուրս ենք պատմութենէն։ Հետեւաբար դուրս՝ նաեւ իրականութեան գետինէն։ Բայց հասկնալի հակասութեամբ մը, հեղինակը աւելի հո՛ս կը յաջողի իրական մնալ։ Վասնզի չէք մոռնար հարկաւ թէ մեր ներքին կեանքը գրեթէ նոյն տարրերէն շինուած է: Թէ՝ մեղք մը կամ շնորհ մը հոգին կը հագուեցնեն այնպէս, ինչպէս կտաւ մը կամ կերպաս մը, մարմինը: Ու մանաւանդ՝ վասնզի գրագէտին հիմնական գիծը, հոս, բարոյան խօսի, քարոզողի այս ընդունակութիւնն է, որ ճարտարութեամբ կը մեկուսացնէ մեղքերն ու անոնց հականիշները, ու ատոնք կը կեցնէ մեր առջեւ, տպաւորիչ ու պարզ, իրապաշտ մանրամասնութեանց նպաստը վերածելով իր ծայրագոյն չափին, դիտողութիւնը պաշտպանող հաստատ հողաբաժիններուն: (Իրողութիւն է որ յաջողութիւնը ցանցառ է։ Ֆրանսացի մեծ բարոյախօսները (ԺԷ. դար) տարիներով դիտողութեան պէտք ունեցան քանի մը խորունկ վերբերումներու համար)։

Է. Արտաքին ու ներքին կեանքերու համադրում։ Հոս ալ, զուգակշռութիւնը կը մնայ գլխաւոր եղանակ։ 1. Ձմեռ գարուն + ծիծառ. 2. Ծաղիկներ գեղեցկութիւն (ամուսիններու). 3. Որսի յիշատակներ եւ տարեդարձի տօներ. 4. Արձաններ. 5. Դուրսէն՝ սգաւոր, ներսէն ուրախ վիճակ մը. 6. Վճռական մխրճում իրենց երազին մէջ։ Ահա այն գլխաւոր գիծերը, որոնք ծառայած են կազմելու այս գեղեցիկ հատուածը։

3. ԿԱՌՈՒՑՈՒՄ. Գրագէտի հիմնական տուրքերէն.

Ա. Գաղափարներու շղթայում։ Կտորին մէջ յարգուած է այս կարեւոր օրէնքը։ Ոչ մէկ տեղ չի կոտրիր կապը որ սկիզբն ու վերջը կը շաղկապէ։ Բոլոր գաղափարները իրար կը պատրաստեն:

Բ. Գաղափարներու համեմատականութիւն: Եղիշէ չէ մեղանչած նաեւ այս օրէնքին դէմ։ Գաղափարները չափաւորուած՝ փոխադարձութեան սկզբունքով։ Ոչ մէկը կը տարածուի, ի վնաս միւսին։ Ու այս ղեկավարումին կ՚ենթարկուին նաեւ կեանքի վիճակները (ներքին ու արտաքին)։ Զուգակշռականութիւնը ամէնէն սովորական միջոցներէն մէկն է այս ձեւին։ Երկարաձգում մը շինծու հով մը պիտի տար։ Հոս իբր գիրքը փակող հատուած՝ լաւագոյն տպաւորութիւնը կ՚ընէ։

/168/ Գ. Գնացք: Անշուշտ հետեւանք է շղթայումի բնազդին։ Բայց մի՛ մոռնաք որ շղթայումը մեր մէջ կը գոհացնէ ամէնէն առաջ տրամաբանական պահանջ մը։ Մինչդեռ գրութիւնները կը քալեն ուրիշ յատկութիւններէ թեւ առած, որոնք միշտ ալ մտքին, տրամաբանող իմացականութեան կալուածներէն չեն սնանիր։ Յուզումի, կեանքի, բնազդի, աւելի թանձր պատկերով մը` արիւնի մղումներ պէտք է ընկերանան բառերու կարաւանին։ Ու ատոնք կան հոս։ Ու այս գրուածքը կը քալէ ոչ թէ գիտուն, հաշիւի արդիւնք յառաջխաղացումով, այլ զգացական, ինքնաբուխ ուժերով։ Արուեստի գործերուն նկարագիրը հոս է որ կը զատուի ուրիշ իմացական գործունէութիւններէն։

 

Գ.

ՁԵՒԻ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆ

 

ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆ. Թարգմանուած կամ փոխադրուած կտորներու վրայ ձեւի վճռական քննութիւն մը չափազանց պիտի գար: Կը փորձենք անոր համար որ բառական թարգմանութիւնը գործադրուած է կտորին վրայ, ու մանաւանդ ջանք թափուած՝ հեղինակին կշռոյթը փոխադրել մեր աշխարհաբարին մէջ։ Այս ձգտումին արդիւնքն է որ գրեթէ բառերն ու նախադասութեանց կերտը ամփոփոխ պահուած են, ու միջամտութիւնը եղած է շատ քիչ կէտերու վրայ, պարզապէս հասկնալի մնալու համար։

1. Փոխաբերութիւններ։ Դասական լեզուները ժուժկալ են փոխաբերութիւն գործածելու մէջ։ Եղիշէ ունի յանդգնութիւններ որոնք աչքի կը զարնեն։ Այս հատուածին մէջ, կարճ անջրպետներով անիկա կը յաջողի գործածել յաճախ ինքնատիպ փոխաբերութիւններ (ամբարտաւանութիւնը կռփել, նախանձին կապուտցած արմատները լուալ սուրբ սիրով, առաքինութեան հարս երթալ, համահաճ ամոլն ըլլալ արքայութեան ակօսին)։ Իսկ շրջանին ընթացիկ ձեւերը (առաքինութիւն հագնիլ, մեղքերու դէմ պայքարիլ, ցանկութեան արմատները կապել), գիտէ թարմացնել ու անձնական դարձուածքով մը փրկել անոնց հասարակնալու ձգտումը։

2. Ազնուականութիւն։ Իր ընդհանուր թափովը ազնուական է այս արձակը։ Ներքին բխում, թէ արտաքին յարդարանք, ոճի բնազդ թէ զգացման զեղում, կտորը թաթխուած է տրտում քաղցրութեան մը մէջ որ խմորէն գրողներուն արօմն (նրբագին բոյր եւ համ) է կարծես։ Նախադասութեանց քալուածքը, բառերուն կտրուածքը, ածականներուն պատշած աղերսը ձայնի եւ երանգի կէտերուն շուրջ (գրաբարը քաղցրահնչութեան յարմարագոյն գործիք մըն է գործածողին ձեռքը), իրարու կ՚աւելնան ու գրուածքին կը ճարեն ազնուական վայելչութիւն մը որուն նմանը գրեթէ կարելի չէ գտնել մեր հին մատենագրութեան մէջ։

3. Ինքնատպութիւն՝ որ բացատրութեանց ու պատկերներու զարտուղութեամբը, ինքնեկութեամբը միայն չի պայմանաւորուիր հոս։ Տարրերը տեղաւորելու, զգացման ստեղները ոտք հանելու ու ատոնց ամբողջական հոսումներն ու քաղցրութիւնները, անոնց ներքին իսկութիւնը շահագործելու մէջ, Եղիշէ կը զատուի շրջանի ընդհանուր կաղապարէն։ Այո՛, անոր բառերն ու ասոնց փոխանորդած պատկերները հասարակաց են: Բայց իրն է, ատոնք այնքան քաղցր, սրտառուչ, գրեթէ կանացի ընող արուեստը։

/169/ 4. Արուեստը որ մանաւանդ հազուադէպ է շրջանին համար։ Դասական (հեթանոս) արուեստը խորունկ արհամարհանքի ենթակայ է այդ օրերուն, իբր սատանայի միջոց, իբր հեթանոսական բխում։ Դեռ չկայ քրիստոնեայ արուեստ մը, բիւրեղացած ու իր ճարտարապետութեան վրայ ամրօրէն ոտքի։ Ու քրիստոնեայ գրականութեանց մեծ հայրապետները ուժն ու վայրագութիւնը բաւական կը համարին ընկերութիւնը ջախջախող իրենց մեծ պարսաւագրերուն համար։ Հայկական Մատենագրութեան մէջ, մանաւանդ սկսումի այդ օրերուն, ոչ ոք կը խորհի արուեստին։ (Բիւզանդ, միամիտ ու նախնական բանաստեղծ մըն է։ Եզնիկ, խղդուած է քերականական ձեւերու իր նախասիրութեանց մէջ։ Դուք պիտի տեսնէք քիչ ետքը վերի վիճակը ժամանակակից աւելի կարող գրագէտի մը գրիչէն՝ Փարպեցիէն)։

5. Հռետորութիւն որ կտորին չէ վնասած, քանի որ անմիջական է։ (Նոյն այդ պատկերը շահագործած է Թ. դարու մատենագիր՝ Յովհաննէս Ե. Պատմաբան, անտաղանդ հռետորութեամբ մը։ Քիչ վարը զայն կը դնենք)։

 

ՏԱՐԱԳԻՐՆԵՐՈՒ ԿԻՆԵՐԸ

  Նոյնպէս եւ այն կիները որոնց ամուսինները նահատակուեցան մարտիրոսութեամբ, եւ ուրիշներ՝ որոնց այրերը շղթայի էին կապուած Հրեւի մէջ (պարսկական նահանգ մը), առաքինութեամբ կը մրցէին իրարու հետ։ Մարգարէին խօսքերուն համեմատ անոնք կենդանի մարտիրոսներ էին…: Փափուկ կիներ, նախարարներու աղջիկներ, աւագներու կիներ, նաշիհի (լաւագոյն ճերմակ ալիւր) փոխարէն կորեկ կ՚ուտէին, ու, մաքուր, անխառն գինիի տեղ ջուրն իսկ չափով կը խմէին։ Կերպասեայ ոսկեհուռ զգեստներու փոխարէն՝ խոշոր ու հաստ բուրդէ զգեստներ կը հագնէին եւ բազմատեսակ անկողիններու փոխան գետինին վրայ տարածուած կը պառկէին: Ու անոնք որ առաջ քունի մէջ կ՚ուշանային, կը դանդաղէին (բնագիրը կ՚ըսէ՝ յամրանային), հրեշտակներու նման վարժուեցան անքուն ըլլալու: Չօծուեցան իւղով, սանտրով չվայելչացուցին իրենց գլխուն մազերը, ու ինչ որ անհնար է կիներուն համար յաղթել՝ շատախօսութեան, ու քօղին տակէն աչքերը չպտտցնել ասդին անդին ըրին ատիկա, ու աւելորդ խօսքերէ քաշեցին իրենց լեզուն։

 

(Պատմութիւն Հայոց, Դրուագ Բ. Գլուխ ԿԱ. )

ՂԱԶԱՐ ՓԱՐՊԵՑԻ

 

/170/

ԱԶՆՈՒԱԿԱՆ ԿԻՆԵՐԸ

Ու կիներն ու ազնուական տիրուհիները, բռնուելով գերողներէն . դարու արաբ զօրքերը Հայաստանի մէջ), ա՛լ աւելի վերցուցին իրենց վրայ նեղութեանց ծանր բեռը. (հանդուրժեցին), չյիշելով բնաւ իրենց մայրենի ազատութիւնը (գիտէք այս բառին իմաստը)։ Ոմանք խաւարչտին տեղեր բանտարկուած, գրեթէ քուրձ ու անհեթեթ խոշորութեամբ զգեստներ կը հագնէին, կապուած՝ չքաւորութեամբ, ու կարօտ՝ օրուան պարէնին։ Ու ազատը (ազնուականը) վշտահար գեղջուկէ մը աւելի լաւ չէր ապրեր։ Ու յղի մայրեր, անկարելի չարչարանքներու մէջ մահամերձ՝ իրենց զաւակներուն գերեզմանը կ՚ըլլային։ Ուրիշներ՝ դժնդակ ու մահագին դառնութեամբ սպառելով իրենց կենդանութիւնը, չէին տարբերեր անոնցմէ որ աշխարհին համը չառին: Այսպէս մեր երկրի աղջիկներուն կապերը չքակուեցան, ու վշտահար կիներու գլուխէն օր մը իսկ չթափեցաւ փոշին որ հնոցի մոխիրին նման կը պատէր զանոնք: Ու տանջուեցան անոնք հեծութեամբ ու տոյժով։ Անոնց զարդի սապատները (կողով, սէփէթ) սուգ հագան։ Ու անոնց երախանքներուն (խնջոյք) սպասները արուեցան։ Ու անոնց առագաստի սենեակներուն մէջ սարդի ոստայններ ձգուեցան ու անոնց սրահակներն ու սրսկապանները ծխոտեցան։ Այսպէս զօրացաւ մահը ու շատեր կլլեց:

 

(Պատմութիւն Հայոց)

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ Ե. ՊԱՏՄԱԲԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

 

 

Այս երկու յաւելուածները կը լուսաւորեն Եղիշէի կտորը։ Առաջինը՝ իբր նախատիպար, ուր կոշտ, ժուժկալ պատմող մը, երեւոյթները արձանագրելու մտահոգութեամբ, կ՚ըսէ միայն անհրաժեշտը։ Երկրորդը՝ իբր խեղաթիւրուած օրինակում մը, ուր գրողը կարկտան դնելու իր ճարտարութեանը մէջ չի յաջողիր պարտկել իր գողութիւնները:

 

/171/

ԼԷ. ԴԱՍ
ՄԱՍԻՍԵԱՆԻ [24] ՆԿԱՐԱԳԻՐԸ

 

Մասիսեանի խանութը եւ նրա ամբողջ առեւտրական գործավարութիւնը [25] ոչ սակաւ [26] ուշադրութեան արժանի էին իրենց ինքնուրոյնութեամբ [27] ։ Խանութը, որ աւելի նման էր մի ամբարի, ներկայացնում էր ամէն տեսակ իրեղէնների մի խառնաշփոթ մթերանոց։ Այնտեղ կարելի էր գտնել ամէն ինչ, սկսեալ մանուֆակթուրայի [28] ամենանուրբ գործուածներից [29], սկսեալ գալանտերական [30] թանկագին իրեղէններից, մինչեւ դարբինների համար երկաթի շերտեր, մինչեւ կօշկակարի համար կաշիներ, նաւթ [31], շաքար, թէյ, երեխաների խաղալիքներ եւ այլն: Այնտեղ կարելի էր տեսնել ձուկը, սալեանի տօշը [32], Մոսկուայի քաղցրաւենիքի [33] հետ մի կարգում դարսուած [34] ։ Այնտեղ կարելի էր գտնել զանազան եւրոպական խմելիքներ եւ տեղային արաղ [35] ։ Այնտեղ կարելի էր ամէն բան գտնել: Ծիծեռնակի կաթը [36] միայն պակաս էր այնտեղ։ Խոհարարը իր խոհանոցի համար կարող էր ձուաներ [37] եւ ձաւար գտնել, իսկ պճնասէր տիկինը՝ իր մազերի համար, անուշահոտ իւղեր։ Այնտեղ պակաս չէր հիւանդների համար խինայի [38] փոշի եւ անանուխի իւղ։ Այս բոլորը այնպէս խառնափնթոր կերպով ածած [39] էին մինը միւսի հետ, որ Մասիսեանի խանութը, ամբողջ գաւառի մէջ, առակ էր դարձել, ամէն մի խըճըճւած [40] եւ խառնաշփոթ բանի համար ասել, թէ դա պարոն Մասիսեանի խանութն է։

Ինքը` Մասիսեանը, անգրագէտ մարդ էր:

Գիրը նրան այնքան ատելի էր, որքան սատանան: Հաշուապահութիւն ասած բանը չկար նրա խանութում: «Առ-եւ-տուր» այս բառի իմաստը նա լաւ էր հասկացել , մի ձեռքով առնել, միւսով տալ. այսպէս էր հասկանում նա վաճառականութիւնը։ «Նիսիայի» [41] հետ գործ չունէր նա։ Հաշիւ, ասացինք, չէր պահում. նրա ամբողջ առեւտրական գործողութիւնների հաշուետոմարը իր գլուխն էր: Մի զարմանալի յիշողութիւն իշխում էր ամէն բանի վրայ։ Նա գիտէր քանի տեսակ ապրանքներ կան իր խանութում, այսինչ տեսակից ո՛րքան է ծախուել, ո՛րքան մնացել, ի՞նչ է իւրաքանչիւրի գինը, քանիո՞վ պէտք է ծախել որ վաստակ մնայ բոլորը գիտէր նա: Գիրը նա գործ էր դնում միայն պարտականների համար, երբ չար մար/172/դիկ սովորեցրին նրա պարտամուրհակներ առնել։ Այս բանի մէջ նրա յիշողութիւնը նոյնպէս հրաշայի գործ էր կատարում: Երեւակայեցէք ձեզ մի արկղիկ, լցուած հազարաւոր թղթերի կտորտանքով. դրանք բոլորը զանազան անձերի պարտամուրհակներ են, որոնք խանութի ապրանքների նման անկարգ խառնուած են միմեանց հետ։ Բայց Մասիսեանը բոլորը ճանաչում էր, թէ՝ որը ումն է պատկանում, թէեւ ինքը կարդալ չգիտէր։ Եւ երբ յայտնուում էր մի պարտական, նա իսկոյն ջոկում [42] էր շատերի միջից նրա մուրհակը, եւ առանց կարդալ տալու, ասում էր, թէ ո՛րքան էր անցել ժամանակից, ո՛րքան կը լինի տոկոսը, ո՛րքան՝ իսկական գումար եւ այլն։ Ոչ միայն այդ, այլ տասն տարուայ հնացած մի հաշիւ նա կարող էր կօպէկներով [43] տեղն ի տեղը ասել: Եւ իր կեանքի մէջ պատահած բոլոր անցքերը նա կարող էր մանրամասնաբար պատմել, թէ ի՛նչպէս, կամ ո՛րտեղ պատահեց, ո՛ր թուին, ո՛ր օրը, ո՛ր ամին, ո՛վ կար այնտեղ, ի՛նչ խօսեցին եւ այլն։ Յիշողութիւնը նրա մէջ այն աստիճան զարգացել էր, որ գերբնական բնաւորութիւն էր ստացել։ Եւ այս պատճառով նա հաշուապահութեան կարօտութիւն չէր զգում. երբ մի բան պակաս էր խանութից, կամ մի բան գողացուել էր, անկարելի էր որ նրա նկատողութիւնից անյայտ մնար։

 

(Ոսկի Աքաղաղ)

ՌԱՖՖԻ [44]

 

 

ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄ

(ՅԱՏԱԿԱԳԻԾ)

 

1. Մատենագրական տեղեկութիւն։

Վերի կտորը առնուած է «Ոսկի Աքաղաղ» վէպէն, որ Ռաֆֆիի իրապաշտ եղանակին ամէնէն կարկառուն իրագործումն է։ Այդ վէպը դպրոց մը կը ստեղծէ արեւելահայոց մէջ, ըլլալով երկրորդ սերունդին (իրապաշտ) ուղեցոյցը։ Շիրվանզատէ, Մուրացան, Նարդոս, այն մեծ գրողներն են որոնք կը պատկանին այս խումբին։ Ռաֆֆիի ռօմանթիք վէպերը ունին դարձեալ մեծ տեղ մը արեւելահայ գրականութեան մէջ։ «Խենթը», «Կայծեր»ը, ժամանակակից հայ տառապանքին շատ pathétique պատկերացումը կ՚ընեն։ «Շէյխ Ճելալէտտինի Արշաւանքը» (1878ի ռուսօթուրք պատերազմէն դրուագ) հիմը կը դնէ ռօմանթիք /174/ վէպին անոնց մէջ։ «Սամուէլ»ը չորրորդ դարէն քաղուած պատմական մեծ վէպ մըն է։ «Խամսայի մելիքութիւններ»ը (հինգ մելիքութիւններ) ԺԷ. եւ ԺԸ. դարու Սիւնեաց աշխարհի կիսանկախ իշխանապետութեանց վիպախառն վերապրումը կ՚ընէ։ Ռաֆֆին կը նկատուի հայրը հայ յեղափոխութեան։

2. Գտնել երկու հիմնական մասերը այս կտորին։

3. Մասիսեանի խանութը։

4. Մասիսեանի նկարագիրը։

5. Այս կտորին մէջ բարքի մթերքը։ Ճշդել թէ կեանքի նոր կողմեր զգալի՞ են հին կեանքին սա պատկերացման ետին կամ մէջը:

6. Արեւելք, ո՞րչափով։

7. Ռուսական ազդեցութիւն, ո՞րչափով։

8. Օտար բառերը ի՞նչ կը թելադրեն մեզի, լեզուական խստապահանջութեան տեսակէտով։

9. Այս ոճին՝

Ա) Պարզութիւնը։

Բ) Ճշգրտութիւնը։

Գ) Ժողովրդականութիւնը։

Դ) Մաքրութիւնը։

Ե) Շեշտուած չափով տեղական գոյնը։

Զ) Հաղորդականութիւնը։

Է) Շահեկանութիւնը։

Ը) Իրապաշտութիւնը։

10. Բաղդատել այս ոճը՝

Ա) Հրանդի:

Բ) Խրիմեանի։

Գ) Սրուանձտեանցի։

Դ) Դուրեանի ոճերուն հետ։

Ձեր փնտռելիքը կը կազմեն լեզուական (գրաբար–աշխարհաբար), գրական (զարդարուն ու պարզ ոճի մտահոգութիւններ) որոշ տարբերութիւններ։

11. Ո՞րն աւելի կենդանի կը թուի ձեզի, գրուածքին մէջ խանութի՞ն թէ մարդուն նկարագրութիւնը։ Ընտրութիւնը պէտք է պատճառաբանուի։

12. Կա՞յ չափազանցութիւն՝

Ա) Գոյնի։

Բ) Նկարագրի։

Գ) Տիպարի:

13. Այս լեզուին մաքրութիւնը բաղդատուած արեւելահայ ուրիշ վիպողներու լեզուին հետ։

14. Ի՞նչ է ձեր դատաստանը Ռաֆֆիէն ձեր կարդացած գործերուն վրայ իբրեւ տպաւորութիւն։

 

ՇԱՐԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Երկաթագործի խանութ մը:

 

/175/

ԼԸ. ԴԱՍ
ՀՐԱԺԵՇՏԻ ԳԱԶԷԼ [45]

Ամէն վայրկեան սիրով տրտում, ասում եմ ես մնաս բարով.

Բորբ արեւին՝ իմ բոց սրտում, ասում ես մնա՜ս բարով։

 

Մնաք բարով ասում եմ ես բոլոր մարդկանց՝ չար ու բարի,

Տանջւող ու որբ Ադամորդուն ասում եմ ես մնա՜ս բարով։

 

Մնաք բարով ասում եմ ես ընկերներիս՝ մօտ ու հեռու,

Ոսոխներիս՝ չար ու արթուն, ասում եմ ես մնաք բարով:

 

Երկնի մովին [46], կանաչ ծովին, անտառներին խոր ու մթին,

Գարնան ամպին լոյս ոլորտում ասում եմ ես մնա՜ս բարով։

 

Մարգարտաշար իմ յուշերին, իմ գիշերին, իմ փշերին,

Արտուտներին՝ ոսկի արտում, ասում եմ ես մնաք բարով։

 

Ծաղիկներին՝ դեռ չբացւած, հոգիներին՝ դեռ չը կիզւած,

Մանուկներին՝ վառ–խըլըրտուն, ասում եմ ես մնա՜ք բարով:

 

Գընում եմ ես մի մութ աշխարհ, հեռու երկիր, էլ չեմ դառնայ,

Բարի յիշէք ինձ ձեր սրտում, մնա՜ք բարով, մնա՜ք բարով։

 

ՎԱՀԱՆ ՏԷՐԵԱՆ [47]

 

ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄ

(ՅԱՏԱԿԱԳԻԾ)

 

1. Մատենագրական տեղեկութիւն։

Վ. Տէրեան, իր միջոցներով, հրատարակած է «Մթնշաղի Անուրջներ»ը: Իր մահէն յետոյ Խորհրդային Հայաստանի մէջ հրատարակուած է իր գործերուն ամբողջական հաւաքածոն։

2. Վերնագրի թելադրանք:

Ոտանաւորին բովանդակութիւնը կասկած չի ձգեր այն վիճակէն որուն մէջ գրուած է քերթուածը։ Հետաքրքրական պիտի ըլլար զայն մօտեցնել Դուրեանի «Տրտունջք»ին, Պէշիկթաշլեանի «Յետին Հառաչք»ին, Նարպէյի «Հիւանդին Մրմունջը»ին, Ռ. Սեւակի «Երթալ»ին։ Չորսն ալ վերլուծուած, դասին շարունակութեանը մէջ։ Այս բաղդատութիւնը քեզ պիտի առաջնորդէր հետեւեալ կարեւոր ցուցմունքներուն, մեր զոյգ նոր գրականութիւնները կերպադրող։

Ա) Վճիտ պարզութիւնը արեւելահայ զգայնութեան՝ երբ անիկա կու գայ հարազատ բանաստեղծի մը ջիղերով, որուն ճիշտ ներհակն է որ կը հաստատենք արեւմտահայ քերթողութեան մէջ, ուր զարդը, ներկը, փայլուն բառը, փնտռուած քնքշութիւնը գրեթէ կը խղդեն զգայնութեան հարազատութիւնը:

Բ) Անխառն երաժշտականութիւնը արեւելահայ ոտանաւորին՝ երբ անիկա շատ փորձ արուեստագէտի խնամքէն դուրս կուգայ, մինչ արեւմտահայ քերթողութիւնը գրեթէ բնաւ չի մտահոգուիր երաժշտականութեամբ, գրաւուած ըլլալով պատկերի, փոխաբերութեան, հռետորութեան, լեզուական խնամքի այլամերժ ախորժակներով (Պէշիկթաշլեանի երաժշտութիւնը թեթեւ կշռոյթ մը ունի, գրաբարի քիչ մը մեղմ հնչականութեամբը պաշտպանուած. Մեծարենցի եւ Որբերեանի տողերուն մէջ կայ որոշ չափով երաժշտականութիւն)։

Գ) Նախնականութիւն՝ որ հասկնալի է արեւելահայոց մօտ, իբր ուղղակի հետեւանք անոնց գրականութեան մայր ձգտումնե/177/րուն, ժողովուրդին ապրած պայմաններուն, շատ ամրախարիսխ օգտապաշտութեան, որոնք բոլորը մէկ, անոնց ոտանաւորը կ՚ընեն նախնական։ Արեւմտահայերուն համար նման բախտ մը չունի գոյութիւն, տրուած ըլլալով որ ամենաբարդ գրքունակութեամբ գրաբարէ մըն է որ կուգան իրենց բանաստեղծութեան առաջին փորձերը։ Ալիշանեան նախնականութիւնը (Հայրունիին աշխարհաբար մասը) լեզուական է ու քիչ մըն ալ արդիւնք անբաւականութեան։ Քսան տարուան ընթացքին, արեւմտահայ ոտանաւորը, յանձին Դուրեանի, գտած էր արդէն նրբահիւս, բարձրաթռիչ, չափազանց փափկացած կաղապար մը: Այս գլխաւոր ցուցմունքները կարելի է տարածել երկու գրականութեանց ուրիշ ալ սեռերուն վրայ։

3. Այս քերթուածին տիրական արժանիքը. (ճիշտ բառի մը տակ զետեղել ձեր անկէ առած ամէնէն զօրաւոր տպաւորութիւնը որ նոյն ատեն կ՚ըլլայ թերեւս քերթուածին արժանիքը):

4. Հանել հայկական գիծը. (որո՞նք են տողերը, որոնց մէջ ամէնէն աւելի կը տրոփէ հայկական շեշտը):

5. Ո՞ւր է գաղտնիքը սա ծանրածանր չափը տանելի ընող արուեստին։

6. Մարդկայնութիւնը յատկանշող տարրեր (ծաղիկ, չկիզուած հոգի, վառ մանուկ, բարեյիշատակ, անդարձ մեկնում). ինչո՞ւ այս ռօմանթիզմը մեզ կը յուզէ:

7. Բացատրել՝

Ա) Բոց սիրտ։

Բ) Որբ ադամորդի։

Գ) Մարգարտաշար յուշ:

Դ) Գիշեր (իմ)։

Ե) Փշեր (իմ)։

Զ) Ոսկի արտ։

8. Բաղդատել այս կտորը՝

Ա) Տրտունջք

Բ) Յետին Հառաչք

Գ) Հիւանդին Մրմունջը

Դ) Երթալ քերթուածներուն հետ։

Գտնելու համար՝

Ա) Մահուան դառն կսկիծը։

Բ) Մահուան քաղցրութիւնը:

Գ) Մահուան անխուսափելիութեան համոզումը։

Դ) Մահուան կապուած յուզումները։

Ահա Տրտունջք քերթուածը։

 

/178/

ԼԹ. ԴԱՍ
ՏՐՏՈՒՆՋՔ [48]

Է՜, մընաք բարով, Աստուած [49] եւ արեւ,

Որ կը պըլպըլաք իմ հոգւոյս վերեւ…

Աստղ մ՚ալ ես կ՚երթամ յաւելուլ [50] երկնից։

Աստղերն ի՞նչ են որ եթէ ոչ ամբիծ

Եւ թըշուառ ոգւոց անէծք ողբագին,

Որք թըռին այրել [51] ճակատն երկնքին.

Այլ այն Աստուծոյն՝ շանթերո՜ւ արմատ՝ [52]

Յաւելուն զէնքերն ու զարդերն հըրատ [53]

Այլ, ո՜հ, ի՜նչ կ՚ըսեմ… շանթահարէ՛ զիս

Աստուա՛ծ, խոկն հսկայ փշրէ՛ հիւլէիս՝ [54]

Որ ժպրհի [55] ձգտիլ՝ [56] սուզիլ [57] խորն երկնի,

Ելնել աստղերու սանդուխքն անալի [58]

Ողջո՜յն քեզ, Աստուա՛ծ դողդոջ էակին [59],

Շողին, փըթիթին, ալւոյն ու վանկին [60],

Դու որ ճակտիս վարդն [61] ու բոցն [62] աչերուս

Խըլեցիր, թրթռումս՝ շրթանց [63], թռիչն՝ հոգւոյս,

Ամպ տըւիր աչացս, հեւք տըւիր սըրտիս,

Ըսիր մահուան դուռն ինձ պիտի ժըպտիս,

Անշուշտ ինձ կեանք մը պահած ես ետքի,

Կեանք մ՚անհուն շողի, բոյրի, աղօթքի.

Իսկ թէ կորընչի պիտի իմ հուսկ [64] շունչ

Հոս մառախուղի մէջ համր անշըշունչ,

Այժմէն թող որ շանթ մ՚ըլլամ դալկահար [65],

Պըլլուիմ [66] անուանդ, մռնչեմ անդադար,

Թո՛ղ անէծք մ՚ըլլամ ու կողըդ խըրիմ [67],

Թո՛ղ յորջորջեմ քեզ. «Աստուա՛ծ ոխերիմ» [68]:

 

Ո՜հ, կը դողդոջե՜մ, տժգոյն եմ, տժգո՜յն,

Փըրփըրի [69] ներսըս դըժոխքի մ՚հանգոյն…

Հառա՛չ մ՚եմ հեծող [70] նոճերու [71] մէջ սեւ,

Թափելու մoտ չոր աշնան մէկ տերեւ [72]

Ո՜հ, կայծ տըւէք ինձ, կա՛ յծ տըւէք, ապրիմ…

Ի՜նչ, երազէ վերջ գրկել ցուրտ շիրի՜մ…

Այս ճակատագիրն ի՜նչ սեւ է, Աստուա՛ծ,

 

/179/ Արդեօք դամբանի մրուրո՞վ [73] է գըծուած…

Ո՜հ, տըւէք հոգւոյս կրակի մի կաթիլ [74],

Սիրե՜լ կ՚ուզեմ դեռ, ՚ւ ապրիլ ու ապրիլ.

Երկնքի աստղե՛ր, հոգւոյս մէջ ընկէ՛ք,

Կա՛յծ տըւէք, կեա՛նք՝ ձեր սիրահարին հէք:

Գարունն ո՛չ մէկ վարդ [75] ճակտիս դալկահար,

Ո՛չ երկնի շողերն ժըպիտ մ՚ինձ չեն տար.

Գիշերն միշտ դագաղս, աստղերը՝ ջահեր [76],

Լուսինն յար [77] կուլայ, խուզարկէ վըհեր [78].

Կ՚ըլլան մարդիկ որ լացող մը չունին,

Անոր համար նա դըրաւ այդ լուսին։

Եւ մահամերձն ալ կ՚ուզէ երկու բան.

Նախ կեա՜նքը, յետոյ լացող մ՚իր վրան։

 

Ի զո՜ւր գըրեցին [79] աստղերն ինծի «սէ՜ր»,

Եւ ի զո՜ւր ուսոյց [80] բուլբուլն [81] ինձ «սիրել»,

Ի զո՜ւր սիւգեր «սէ՜ր» ինձ ներշնչեցին,

Եւ զիս նորատի ցուցուց ջինջ ալին [82].

Ի զո՜ւր թաւուտքներ [83] լըռեցին իմ շուրջ,

Գաղտնապահ տերեւք չառին երբեք շունչ,

Որ չը խըռովին երազքըս վսեմ,

Թոյլ տըւին որ միշտ ըզնէ [84] երազեմ.

Եւ ի զո՜ւր ծաղկունք` փըթիթներ [85] գարնան,

Միշտ խնկարկեցին խոկմանցըս խորան [86]

Ո՜հ, նոքա ամէնքը զիս ծաղրեր են…

Աստուծոյ ծաղրն է աշխարհն ալ արդէն…

 

Պ. ԴՈՒՐԵԱՆ [87]

 

ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄ

(ՅԱՏԱԿԱԳԻԾ)

 

1. Մատենագրական տեղեկութիւն։

Կտորը առնուած է Պ. Դուրեանի «Տաղք եւ Թատրերգութիւնք» հատորէն։ Վերնագրին տակ բնագիրը ունի «մերձ ի մահ գրուած» ծանօթութիւնը, հաւանաբար ինքնագիր: Այս քերթուածէն վերջ իբր անոր արձագանգ կայ հետեւեալ բանաստեղծութիւնը՝ «Զղջում» վերնագրուած։

 

ԶՂՋՈՒՄ

Երէկ երբ պաղ քրտանց մէջ

Սեւ մըրափ մը կ՚առնէի,

Եւ թօշնած զոյգ մը վարդեր

Այտերուս վրայ կ՚այրէին,

 

Անշուշտ ճակտիս վրայ, մահու

Դալկութիւն մը կը պլպլար,

Եւ մահու թռիչ մ՚ունէի,

Լըսեցի մօրս հեծեծում…

 

Բացի աչերըս խոնջած,

Մօրըս արտoսրը տեսի՜…

Ո՛ հ, ճշմարիտ գորովի

Մարգարիտներ լոյծ ու կեղծ…

 

Մայրըս անհուն ցաւ մ՚ունէր.

Այն սեւ ցաւը ե՛ս էի…

Ա՜հ, գըլուխըս փոթորկեց,

Այն սեւ հեղեղն տըւի դուրս.

 

Ո՛, ներէ ինձ, Աստուած իմ,

Մօրըս արտo՜սրը տեսի…

 

1871

 

«Հետաքրքրական է քերթուածին սկզբնական ձեւը բաղդատել վերինին հետ, տեսնելու համար Դուրեանով իսկ կատարուած սրբագրումը)։

Ահա սկզբնականը.

 

Երէկ երբ պաղ քրտանց մէջ

Ցուրտ մըրափ մը կ՚առնէի,

Զոյգ մը վարդից ելեւէջ

Այտերուս վրայ այրէին.

 

/185/ Վերայ ճակտիս իմ, մահու

Դալկութիւն մը պլպըլար,

Վերայ հոգւոյս սիրարկու,

Անկաւ շունչ մօրս որ կուլար…

 

Բացի աչերըս խոնջած,

Գըթոյն արտօսրը տեսի՜…

Համբոյրն յերեսըս հանգչած

Սուրբ յիշատակ մը վերջի…

 

Յոր մայրս անհուն ցաւ մ՚ունէր.

Այն սեւ ցաւը ե՛ս էի…

Ա՜հ, գըլուխըս փոթորկեց…

Այն սեւ հեղեղն դուրս տըւի…

 

Ո՛հ, ներէ՛ ինձ, Աստուա՛ծ իմ,

Մօրըս արտo՞սրը տեսի…:

 

Ինչպէս կ՚երեւայ, ասոնք կը կազմեն բանաստեղծին վերջին տողերը: Թէ՛ «Տրտունջք»ին, թէ՛ «Զղջում»ին մէջ, ուշագրաւը՝ արտայայտման յաճախուող յանդգնութեանց եւ նորութեանց քով, գոյութիւնն է որոշ տկարութեան մը, թուլութեան մը որոնք պէտք չէ զարմացնեն։ Իր վերջին եզրերուն վերածուող սա ողբերգութեան մէջ որ Դուրեանի հիւանդութիւնն է իմացական շնորհներու, կորովի, մինչեւ վերջին րոպէն իր մեծ գիծերուն մէջ անայլայլ մնալը, քիչ անգամ պատահող հրաշքներէն մէկն է գրի արուեստին։

2. Քերթուածին մասերը։

3. Իւրաքանչիւր մասին հիմնական նկարագիրը։

4. Կառուցման քննութիւն (մասէ մաս անցնելու հարց):

5. Քերթուածը լեցնող զգայնութեան զանազան երանգները։

6. Քերթուածով տրուած վիճակին մէջ բնականին, անբնականին, նորին, սովորականին յարաբերութիւնները։

7. Քերթուածին արտասովոր ոյժը։

8. Եղերականութիւնը։

9. Մարդկայնութիւնը։

10. Ռօմանթիզմը։

11. Ինչո՞վ ամէնէն նրբենի բառերը կը նուաճուին, արտայայտելու

համար ամէնէն բուռն զգացումները։

/186/ 12. Ինչո՞ւ մուտք ունեցող նուաղումները, անբնականութիւնը, չեն վիրաւորեր քերթուածը։

13. Պետրոս Դուրեան հիւանդին եւ Պետրոս Դուրեան բանաստեղծին միջեւ կարելի զանազանութիւն մը կը ներկայանա՞յ ձեր մտքին, երբ քերթուածը կ՚աւարտէք։

14. Ինչո՞ւ «Հրաժեշտի Գազէլ»ին բնականութիւնը չերեւար հոս. (մտածել երկու գրականութեանց հիմնական նկարագիրներուն եւ ասոնց տարբերութեան)։

15. Սեւակի եւ Նարպէյի քերթուածներուն մէջ մահուան իրականութիւնը ո՞րչափով կը պաշտպանէ անոնց արուեստի արժանիքները, կամ կը վտանգէ։

16. «Հիւանդին Մրմունջը»։ Ռօմանթիք բանաստեղծութիւնը կը տառապի ա՛յն բառերով իսկ որոնք Դուրեանի մօտ շնորհի աղբիւրներ են։ Սիւք, թռչուն, առուակ, ծաղիկ, նոյնութեամբ գոյութիւն ունին երկու քերթուածներուն մէջ ալ։ Ի՞նչն է որ կը միջամտէ որպէսզի մէկուն մէջ անոնք ըլլան գրականութիւն, միւսին մէջ մենք չմտածենք նման մեղքի մը։

17. Ո՞ւր է «Տրտունջք»ի ոճին՝

Ա) Ուժգնութիւնը։

Բ) Յանդգնութիւնը։

Գ) Նորութիւնը։

Դ) Ինքնատպութիւնը։

Ե) Քնարականութիւնը։

Զ) Հարազատ բանաստեղծութիւնը։

Է) Երիտասարդութիւնը։

Ը) Խռովքն ու հրապոյրը։

Երբ բաղդատուի «Հրաժեշտի Գազէլ»-ի ոճին

Ա) Պարզութեան։

Բ) Երաժշտայնութեան։

Գ) Տարտամութեան։

Դ) Քաղցրութեան։

Ե) Հաղորդականութեան։

Զ) Ժողովրդայնութեան հետ։

Երբ բաղդատուի «Յետին Հառաչք»ի ոճին

Ա) Դաշնաւորութեան։

Բ) Պարբերականութեան (միակերպ թաւալումի տպաւորութիւն տուող յատկանիշ)։

Գ) Գրաբարով պաշտպանուած երաժշտայնութեան (որ տարբեր բան է դաշնաւորութենէն)։

Դ) Հռետորականութեան։

Ե) Խնամուածութեան հետ։

/187/ Երբ բաղդատուի «Հիւանդին Մրմունջը»ի ոճին

Ա) Սովորականութեան։

Բ) Հետեւակութեան։

Գ) Տաղաչափական սեթեւեթին։

Դ) Լեզուական ճարտարանքին հետ։

Երբ բաղդատուի «Երթալ»-ի ոճին

Ա) Փնտռուած պարզութեան։

Բ) Կամաւոր թուլութեան։

Գ) Գրական տարտամութեան։

Դ) Թերի նկարչագեղութեան։

Ե) Խնամուած նախնականութեան հետ։ Որոնք բոլորը մէկ, կարծես հակադրութիւն կազմելու դերը ունին դառնօրէն յուսահատ, սառնօրէն գիտուն սկեպտիկութեան մը հետ որ բժիշկէն կուգայ։ Սեւակի երգը հոգեկան հիւանդութեան մը անդրադարձն է. ատով աւելի՛ տխուր, աելի՛ խոր։

18. Առանց նախապաշարումի, միայն ձեր զգայութիւններուն հպատակ ըլլալով, դասաւորել քերթուածները «ըստ արժանեաց», ինչպէս կ՚ըսեն։

 

ՇԱՐԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Ձեր նախընտրած քերթուածին արդարացուցիչ պատճառները։

 

ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆ. Պիտի չբաղդատէք, այլ ձեր ընտրութիւնը պատճառող կարեւոր ազդակները, ինչպէս,

Ա) Անկեղծութիւն,

Բ) Պարզութիւն,

Գ) Նորութիւն,

Դ) Կատարելութիւն,

Ե) Խորութիւն,

Զ) Ինքնատպութիւն,

Է) Հարազատութիւն,

պիտի անցնին ամփոփ վերլուծումէ: Հինգ քերթուածներն ալ յատակ կը ծառայեն ձեր դիտողութեանց։ Անոնց հակադրումովը կը ճշդուին վերի ազդակները։

 

 

/188/

ՅԵՏԻՆ ՀԱՌԱՉՆԵՐ [88]

  Ինչպէս մէկն օրհասական՝ [89] ցաւերուն իր անկողինէն

Կը թըռցընէ [90] վերջին ողջոյնն ու կարօտներն` արփւոյն լոյսին,

Ծովուն, արօտներուն, դաշտավայրին եւ հովիտին,

Անտառներու ըստուերներուն, ու վըտակին զովութեան,

Զարդով, գեղով, դաշնակութեամբ [91] խայտուն [92] ամէն բաներուն,

Փայլող, հնչող, ու նըւագող ու խնդացող բաներուն [93],

Նման անոր, իմ ալ ողջոյնն ու կարoտներն հըրատոչոր [94]

Կը սըլանան դէպ քեզ, ո՛վ կոյս, թոյլ տուր ինծի վերջին անգամ

Նայիլ քեզի, պշնուլ [95] դէմքիդ, լողալ լոյսին մէջ աչքերուդ,

Խոպոպներուդ [96] մէջ ծածանիլ, նման անոնց այտերդ ի վար,

Եւ հեռանալ վերջն անոնցմէ, սրտակըտուր [97] զատուիլ քեզմէ,

Ոտներուդ տակ լըքելով պըսակն ալ իմ երջանկութեան՝ [98]

Ընդունեցի զոր ես քնքուշ քու ձեռքերէդ ու գորովէդ,

Զոր պահեցի սրտիս կրակով, աչքիս ցօղովն ոռոգեցի.

Եւ որ հիմա՝ թափո՜ւր՝ գեղէն [99], լուսափըթիթ իր թերթերէն։

Ա՛ռ… քուկդ էր ընծան։ Տե՛ս ինծի տուա՞ծդ է անիկա:

Կը հեռանամ քեզմէ, ու դուն չես տար նայուածքդ ինծի յուղարկ [100],

Տեսնել թէ ո՛ւր ան կը դիմէ, որբ ու պանդուխտ ու դալկահար.

Կ՚երթամ քենէ, ու դուն գըլուխդ աղաւնակերպ շարժելով

Չես արձակեր իմ ետեւէս վուվուդ [101] թէ «ո՜ւր՝ ով թշուառիկ»:

………………………………………………………………………………

………………………………………………………………………………

Լսէ, Հրանոյշ [102], բարձր ամպեր՝ խաւար թեւով սեւ ճիւաղներ,

Պարըսպեցին շուրջը լուսնին, ու լըռութիւնն աներերուն [103]

Տուաւ տեղի հոծ խաւարին. հողապատեան կայանս [104] էր ցուրտ.

Ու թօթուելով հողը շիրմիս, եկայ փնտռել քեզ, Հըրանոյշ.

Զի ո՛չ մահուան երեսը ժանտ, ոչ գերեզմանն անդնդափոս,

Քեզ չկրցան կորզել երբեք տաքուկ գրկէն իմ հոգիին…

Յաւիտեանին խորքերն իսկ ոչ զիս զատեցին երբեք քեզմէ։

Թըռաւ արեւն իմ օրերուս, զարնուած ինկայ երիտասարդ։

Այլ ունէի պինդ սէրը քու, հետս էր քու սէրդ երբ իջուցին

Զիս մութ աշխարհն ըստուերներու, մոռացութեան, աղջամուղջի [105]:

Ըսէ՛, Հրանոյշ. ինչո՞ւ չես տար նըւաղ ձայնին իմ պատասխան.

Կենդանի չեմ։ Ինչո՞ւ փակել աչերըդ զիս չըտեսնելու.

Կենդանի չեմ: Ինչո՞ւ խոժոռ կը դարձընես դէմքըդ անդին։

Չեմ եկեր գիշերազբօս ձեր գգուանքին դնել կրճիմ [106],

 

/189/

ՅԵՏԻՆ ՀԱՌԱՉՔ
(ԳՐԱԲԱՐ)

Որպէս այր օրհասական՝ ի յանկողնոյն իւր ի ցաւոց

Ըզհուսկ ողջոյն եւ ըզկարօտ թըռուցանէ առ լոյս արփւոյն,

Առ ծով, առ մարգարօտս, առ դաշտավայր եւ առ հովիտ,

Առ հովանիս անտառակին, առ զովութիւնս վըտականւոյն,

Առ ամենայն որ խայտայ զարդու, գեղով, դաշնակութեամբ,

Առ ամենայն` որ շընչէ, ցոլայ, ժըպտի եւ նըւագէ,

Հանգոյն եւ ես զիմ հուսկ ողջոյն, զիմ հուսկ կարօտ հըրատոչոր,

Տամ սըլանալ առ քեզ, ո՛ կոյս, թոյլ տուր յետին եւ այս նըւագ

Հայել ի քեզ, պըշնուլ ի դէմսդ, եւ աչերոյդ լուղիլ ի լոյս,

Ի քոյդ խոպոպս գընալ ծածան, որպէս եւ այնք յայտիցդ ի վայր,

Յետոյ մեկնիլ ի նոցունց, սըրտակըրտո՛ւր մեկնիլ ի քէն,

Ըզպըսակն երջանկութեան իմոյ առ ոտըս քո եդեալ,

Զոր ի քնքուշ ձեռանէդ եւ ի գըթոյդ ես ընկալայ,

Զոր պահեցի սըրտիս կրակով, ցօղով աչացս ոռոգեցի.

Եւ արդ թափուր յիւր ի գեղոյն եւ լուսափթիթ կայ ի թերթիցն:

Ա՛ռ. քո ընծայն էր այն, աւա՜ղ, տե՛ս, իցէ՞ նոյն զոր ինձ ետուրդ…

Մեկնիմ ի քէն, եւ դու ինձ ո՜չ զանճառ նայեացսդ յուղարկ դիցես,

Տեսանել թէ յո՛ գընայ այն դալկահարն եւ որբ պանդուխտ.

Մեկնիմ ի քէն, եւ դու ըզգլուխըդ շարժելով աղաւնակերպ,

Վուվուս ըզհետ իմ չարկցես թէ «յո՞ գընաս ա՛յ թըշուառիկ»…

………………………………………………………………………………

………………………………………………………………………………

Լո՛ւր ինձ, Հրանոյշ, ամպք բարձրադէզ զերթ սեաւ ճիւաղ թեւօք խաւար

Պատեցան ըզլուսնիւ, եւ լըռութիւն աներերուն,

Տեղի տըւեալ մըթութեան, հողապատեան կայանս էր ցո՛ւրտ.

Եւ թօթափեալ ըզհող շիրմիս՝ քեզ ի խընդիր եկի, Հրանոյշ.

Զի ոչ մահուն ժանտ երես, ոչ գերեզմանն անդընդափոս

Կորզել ըզքեզ ինչ կարացին ի սերտ գըրկաց իմ ոգւոյս.

Խորութիւնք յաւիտենից զիս ոչ ի քէն անջատեցին:

Արեւ կենացս իմ թըռեաւ, հարեալ անկայ երիտասարդ:

Այլ պինդ ըզսէր քո ունէի, այն ընդ իս էր երբ իջուցին

Զիս յաշխարհ ըստուերաց մոռացութեան եւ մըռայլից։

Լո՛ւր ինձ, Հրանոյշ… այլ է՞ր նըւաղ ձայնիս չըտա՛ս դու դարձըւած.

Չե՛մ կենդանի. եւ է՞ր փակես զաչսըդ զիս ոչ տեսանել,

Չե՛ մ կենդանի. եւ է՞ր ի բաց խոժոռ ըզդէմսըդ շըրջես:

Եկեալ չեմ գիշերազբօս ձեր գըգուանաց դընել կըրճիմն,

/190/ Ոչ ալ համայն զօրութեամբը մեռելութեան եւ դամբանին,

Անբաւութեան փոխան սիրոյս, քենէ քու սէրը պահանջել։

Ինչ որ ողջոցս զըլացար ինձ, շնորհե՞ս պիտի իմ մեռելիս…

Լսէ՛, Հրանոյշ, կուգամ հարցնել. ալ գո՞հ ես դուն եւ երջանիկ.

Բոցատերեւ [107] եռանդն ու խանդը կը ծաղկի՞ն դեռ քու դէմքին.

Խնծիղ [108], զուարթութիւն, կը փայլակե՞ն դեռ քու դէմքին.

Ինձ դիպելէ [109] զերծ քու աչքեր կը շողշողա՞ն աւելի ջինջ.

Տերեւիկն ալ չորաբեկ յիշատակիս քու սրտիկէդ

Վանեցի՜ր դուն որպէսզի մուտք տաս, անարգել ու ընդարձակ

Նոր իղձերու որ քեզ եկան ճամբաներէն գերեզմանիս…

Անհամբեր ցատկեցի՞ր դուն, անկէ վազել ծոցն ուրիշին.

Ու կենդանի, մոռցա՞ր դուն զայն որ մահուան մէջն իսկ կ՚յիշէ քեզ։

Այո՛, Հրանոյշ, քեզ կը յիշեմ, հոգիս սիրովդ է խարուկուած [110],

Սէրը պատեց զայն թեւերուն անմահութեան իր ներքեւ.

Չի հանդարտիր մշտատոչոր բոցին ահեղ բռնութենէն.

Արագագոյն աստղերը քան ու սայլը քան հրաշէկ գնդին [111],

Ան կ՚արշաւէ անոլորտ ասպարէզէն տիեզերքին,

Իր սըլացքին մէջ աւելի բոցն այն վառուած կը բորբոքի։

Այո՛, Հրանոյշ, քեզ կը յիշեմ, ու հետը մօրս ուրուականին,

Կը խօսիմ միշտ քու վըրայով. կ՚ըսեմ իրեն ասոնք ամէնն.

«Ներէ՛ ինձ, մա՜յր, որ որբացած քեզմէ` կրցայ ես դեռ ապրիլ,

Բայց գերեզման ինկաւ արեւս երբ մընացի որբ ես իրմէ…

Ըսքանչելի, կոյսն այն էր, մա՛յր, «Քան զամենայն ըսքանչելիս» [112],

Ինչ որ երկինք ու բընութիւն ունին զարդեր ու լոյս ու գեղ,

Ամփոփ կային բիբին, դէմքին. - կը ցոլային անկէ ինծի։

Մազն ու շրթներն ունէին մեղր, սրտի բոլոր խոց–վէրքերուն.

Կարծես թէ, մա՜յր, անդարձ ինձմէ հըրաժեշտի քու վայրկեանին,

Դուն խնդրեցիր երկինքէն, ղրկել ինծի ամէնէն

Տարփելի [113] ու գգուելի ու մանկագոյնն ու զըւարթունն

Որ ըլլար փոխան քըրոջ, փոխան մօրկանս ու սփոփանքի…

Սիրոյ հրեշտակ ես կարծեցի, մա՜յր, հըրեշտակ էր ան մահուան»։

 

Թարգմ. Գրաբարէ

Յ. ՕՇԱԿԱՆ

 

Մ. ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ [114]

 

 

 

/191/ Եւ ոչ՝ համայն զօրութեամբ մեռելութեան եւ դամբանին,

Ամբաւութեան իմոյ սիրոյս փոխան ըզսէր քո պահանջել.

Զոր կենդանեաuս ինձ զըլացար, միթէ մահո՞ւս տացես շնորհ:

Լուր ինձ, Հրանոյշ, գամ հարցանել թէ երանեալ իցէ՞ս եւ գոհ.

Բոցատերեւ աշխոյժք եւ խանդք քեզ ընդ ոտիւք փըթթի՞ն դարձեալ.

Զըւարթութիւն եւ խընծիղ դեռ փայլակե՞ն ի դէմըս քո.

Առաւել վըճիտ շողա՞ն աչկունքըդ զերծք ինձ դիպելոյ.

Ըզչորաբեկ տերեւիկս յիշատակիս ի քոյին սիրտ,

Քաջիկ ի բաց վարեցե՜ր, զի անարգել եւ ընդարձակ

Մուտ տացես նորոգ բաղձից դիպեալ յուղւոջդ իմ տապանին.

Անժոյժ ոստեա՞ր ըզնովաւ յայլում ի ծոց սլանալ շոյտ.

Դու կենդանիդ մոռացա՞ր զայն՝ որ ի մահուն իսկ յիշէ զքեզ.

Այո՛, Հրանոյշ, յիշեմ ըզքեզ, հոգիս սիրո՛վդ է խարուկեալ,

Ընդ թեւովք անմահութեան իւրոյ պատեաց սէրըն զայն.

Ոչ հանդարտէ մը մըշտատոչոր ահեղ բոցոյն բռնութեան,

Արագագոյն քան զաստեղս եւ քան ըզսայլ հրաշէկ գընդին

Ընդ անոլորտ ասպարէզ տիեզերաց սըրարշաւէ,

Եւ ի սլացս իւր առաւել բոցն այն վառեալ բորբոքի։

Այո՛, Հրանոյշ, յիշե՛մ ըզքեզ, եւ ընդ ուրուի մօրն իմոյ,

Հանապազ ըզքէն խօսիմ, եւ զայսոսիկ ասեմ նըմա.

«Ներեա՛ ինձ մայր, թէ որբացեալ ի քէն՝ սակայն եւ ապրեցայ,

Եւ որբ կացեալ ի նըմանէ` հատաւ արեւս ի գերեզման.

Ըսքանչելի էր, մա՛յր, կոյսն այն քան զամենայն ըսքանչելիս.

Զոր ինչ երկինք եւ բընութիւն ունին զարդեր եւ գեղ եւ լոյս,

Յիւր դէմս ՚ւ ի բիբսն հին ամփոփ, յիս ի նոցունց ցոլանային.

Շըրթունքն եւ վարսք մեղր ունէին վասըն բոլոր սըրտիս վիրաց:

Թըւէ՜ր ինձ, մայր, յանդարձական լինէն ի քում հըրաժեշտին,

Դու բարեգո՛ւթ, մաղթեցեր զերկինս յըղել յիւր զըւարթնոց

Քան զամենայն տարփելին եւ գըգուելին եւ մանկագոյնն,

Ինձ մօր եւ քեռ լինել փոխան, փոխան ամէն ըսփոփանաց.

Սիրոյ հրեշտակ ես կարծեցի, մահուան հրեշտակ էր նա, մա՛յր իմ»:

 

ՄԿՐՏԻՉ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ

 

ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄ

(ՅԱՏԱԿԱԳԻԾ)

 

1. Մատենագրական տեղեկութիւն:

Քերթուածը առնուած է «Տաղք եւ Թատրերգութիւնք» Մ. Պէշիկթաշլեանի հատորէն։ Թարգմանուած է աշխարհաբարի Յ. Oշականէ, բնագրին բառերուն եւ կշռոյթին կարելի հաւատարմութեան ջանքով մը։ Նոյն քերթուածը աշխարհաբար արձակով կը գտնենք Արշակ Չօպանեանի հրատարակած գրքին մէջ ուր Պէշիկթաշլեանի բոլոր գործը վերածուած է աշխարհաբարի։

2. Դասական ընդլայնում, որ Մխիթարեան ազդեցութեան արդիւնքն է իր մօտ։ Անհանդուրժելի պիտի ըլլար այս ընդլայնումը առանց Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի ճշգրտօրէն բանաստեղծ զգայնութեան, որ կը միջամտէ, պատկերները կը գունաւորէ եւ անոնց կուտայ եղերական տրտմութիւն, բոլորովին այլ հարազատ հեղինակին հոգեբանութեան։ Ընդլայնումի սա եղանակը, հանդարտ լայնացումը, մանրամասնութեանց մայր վիճակին յարակցումը քերթուածը կ՚ընեն մասերու ամուր հանդէս մը։ Այսպէս՝ 1-6 կայ պատկերը աշխարհէն բաժնուողին. 6-11 կը փոխանորդէ իր անձը այդ անձին։ 12-16 պսակին լքումը։ 17-20 հրաժեշտը։ Ասիկա քերթուածին առաջին մասն է: Քերթուածին երկրորդ մասը՝ 20-37, գերեզմանէն ելլելու պահը, պատճառը: Այդ պատճառը սէ՞րն է զոր հետը տարած է հողին տակը։ Դարձեալ /194/ իրականութեան արձագանգն է զոր կը կարծենք տեսնել այդ հարցումներուն մէջ պատասխանի սպասող ու այդ պատասխանը չունեցող: 37–54՝ սիրային տագնապին պատմութիւնը կայ։ 55էն մինչեւ վերջ, մօրը ուրուականին հետ կը խօսի, ներկայացնելով անոր սքանչելի կոյսը որուն վրայ կը խտացնէ երկնքին ու երկրին բոլոր գեղեցկութիւնները, եւ, որ մահուան սակայն հրեշտակն է ի վերջոյ։ Քերթուածը կառուցանելու սա դասական շնորհը, դժբախտաբար չէ պաշտպանուած զգացական համազօր վիճակներէ։ Ռօմանթիզմը` հեղինակը այս վրիպանքին։

3. Ռօմանթիզմը Պէշիկթաշլեանի բանաստեղծութեանց մէջ հեղինակն է մեծ գեղեցկութեանց ինչպէս մեծ կորանքներու: Այդ ռօմանթիզմն է (որուն տակ կ՚իյնայ երեք չորրորդը իր երգերուն) որ տկարացուցած է անոր հոգիին ձայնը, զայն կոտորակելով, սովորական կեանքի հազար ու մէկ պահանջները դիմաւորելու համար։ Մ. Պէշիկթաշլեանի երգերը բեռ մըն են իր յիշատակին, բացի մէկ քանիներէն։ Այդ ռօմանթիզմը դարձեալ կը միջամտէ իր սիրոյ երգերուն՝ ընդհանրապէս գրուած գրաբար։ Հոս անիկա միակ պատճառն է որ այս ներդաշնակ մեղեդին անընդունելի վիճակներու արտայայտման կը գործածուի. դժուար կը հաշտուինք սիրոյ մը խորութեան, իրաւութեան երբ անիկա մեզի պիտի թելադրուի մահէն վերադարձով մը։ Աւելի՛ դժուար՝ երբ այդ վերադարձը մասնաւորուի անհատական իրադարձութեանց սա ու նա փշրանքներով։ Անշուշտ սքանչելի տողեր կան քերթուածին մէջ որոնք թէ՛ իբրեւ զգացում, թէ՛ իբրեւ պատկեր ամէնէն գեղեցիկներն են մեր լեզուին, բայց որոնք խղդուած են անկարելի վիճակներու տագնապին մէջ։ Այս է պատճառը որպէսզի մեր տպաւորութիւնը տկարանայ կամ ենթարկուի դառն փորձերու, փորձանքներու: Յաջողած տողերը ես կը վերագրեմ իր խառնուածքին, վրիպածները՝ իր գրական կրթութեան։

4. Դաշնակութիւնը այս ոտանաւորին։ (Բնագրին վրայ փնտռել այս իրողութիւնը։ Ճի՞շտ է որ գրաբարի սեփական երաժշտութիւնը տեղ մը, դեր մը ունի այս յաջողուածքին մէջ։ Աշխարհաբար թարգմանութիւնը մատնա՞ծ է քերթուածը, ըսել կ՚ուզեմ, կործանա՞ծ է անոր երաժշտականութիւնը: Այն պարագային որ կայ այդ վրիպանքը, պատասխանատուն թարգմանիչն է։ Այլապէս յաջողուածքը հեղինակի՞ն թէ թարգմանիչին կը վերագրուի, թէ չէ ատոնց երկուքէն ալ վեր՝ մեր աշխարհաբարին)։

5. Զգայնութիւն: (Ո՞րչափով աղօտած է ասիկա բանաստեղծին ձախորդ կարգադրութեամբը քերթուածին շրջապատը փոխադրելով անիրական տեղ մը, զգացումներու պայքարը նետելով մահէն անդին): Այս նկատումներէն դուրս, հակառակ ասոնց, ըսել թէ ինչո՞ւ անհաւասար այս քերթուածին մէջ խռովիչ գեղեցկութեամբ ու վերջնական քանդակով տողեր գոյութիւն ունենան։

6. Մահը այս քերթուածին մէջ: Կարդալ հետեւեալը.

 

/195/

ՄԵՐՁ Ի ՄԱՀ ԳՐՈՒԱԾ

 

Այո, այդ տեղն է առանձին, եւ անվեհեր կ՚իջնեմ ես հոն

Եւ մեռելոց հովը երբ գայ աճիւններս խըլըրտելու

Ճերմակ ճակատս՝ ոռնումին մէջ ձմեռնային մրրիկներու,

Պատանքը ետ պիտի նետէ, ու ես նստած շիրմիս վըրայ,

Եկո՛ւր, գոչեմ պիտի անոր, չե՛մ ան որմէ կը խորշէիր.

Տես, զիս ինչպէ՜ս գեղեցկացուց մահը, ըրաւ զիս տարփելի։

Մի՞թէ նորէն պիտի ատես զիս ու շիրմէս ալ դեռ անդին.

Ո՜վ զառանցանք, ան չի լսեր ու չի յիշեր ոչինչ այլեւս:

Պիտի մտնեմ ընկողմանիմ նորէն հողի հանգըստիս մէջ,

Ու վըտակին խոխոջանքով պիտի յիշեմ խաղաղութիւնն

Իմ հեզաշարժ oրoրոցիս, ու մանկութեանս արեգակին

Որ կը ցոլար դաշտիս վըրայ, նաեւ խաղերս ու վազվըզուքս

Ծառաստանին մէջ որ գլխուս վրայ տերեւներն իր կը թափէր,

Եւ ուր պահուած սոխակն ինծի իր գորովոտ երգը կ՚երգէր:

Զմայլահար իմ հոգին հոն երբեմն գայ պիտի այցի,

Պիտի գտնի մարգը, պուրակն ու երգեցիկ այն թռչուններ

Ու քեզ ալ, քաղցր իմ բարեկամ, որ զիս յիշես պիտի ու լաս:

 

Թարգմ. Գրաբարէ . Թէքէեան)

 

(Տե՛ս նոյն քերթուածը, Օշականի թարգմանութեամբ, «Առ Զեփիւռն Ալէմտաղի» քերթուածին վերլուծման մէջ)։ Կը դնենք բնագիրը Պէշիկթաշլեանէ.

 

ՄԵՐՁ Ի ՄԱՀ ԳՐՈՒԱԾ

 

Այո՛ վայրն է առանձին եւ անվեհեր իջանեմ անդ,

Եւ երբ հողմըն մեռելոց գայցէ զաճիւնն իմ խըլըրտել,

Ըսպիտակն իմ ճակատ ձըմեռնական մրրկաց ի մռունչ

Ի բաց զպատանսն արասցէ, եւ բազմելով շիրմիս վերայ

Ե՛կ, գոչեցից առ նա, ե՛կ, չեմ նոյն յորմէ խորշէիր դու.

Տե՛ս զիա՜րդ գեղեցկացոյց զիս մահ, արա զիս տարփելի.

Միթէ դարձեալ ատիցե՞ս զիս եւ անդրագոյն քան ըզշիրիմ…

Ո՜վ բանդագուշանք, նա ոչ լըսէ` ոչինչ յիշէ

Ի հանգիստն իմ հողոյ մըտից անդրէն ընկողմանեալ,

Եւ ի խոխոջ վըտակին ի յուշ ածից զխաղաղութիւն

Իմ հեզաշարժ oրoրոցիս, եւ զարեգակըն մանկութեանս

Ոտ ի դաշտիկն իմ ցոլայր, զանոյշ իմ խաղս եւ զարշաւանս

Ընդ հովանեաւ ծառաստանին որ զիւր տերեւս թափէր յիմ գլուխ

Եւ ուր սոխակըն թագուցեալ երգեր առ իս զիւր երգ գորով.

Ո՜հ, մերթ հոգիս ըզմայլեալ գայցէ վայրացն այն այցելու.

Գտցէ ըզմարգ, գտցէ զպուրակ եւ զերգեցիկըն թըռչնիկ,

Եւ զքեզ, քաղցրի՜կ բարեկամ, որ զիս միայնդ յիշես եւ լաս:

 

/196/ Կան նաեւ ուրիշ քերթուածներ այդ դիւանին մէջ, այդ վիճակէն խօսող։ Ձեր կարդացած երկու քերթուածները ո՞րչափով կը նուաճեն մահուան տագնապը, խռովքը, կարելի գեղեցկութիւնը. նկատի ունեցէք տողերը ուր այդ վիճակը տրուած է մեզի վճռական պայծառութեամբ։ (Անշուշտ այդ աշխատանքը կը կատարէք այս դասը կանխող քերթուածներուն բարեխառնութեանը մէջէն)։

7. Ստո՞յգ է որ մահը կրնայ գեղեցկացնել դէմք մը։ Գեղեցկութիւն բառը հարազա՞տ է հոս, նման վիճակ մը պատկերելու համար։

8. Դատել «Մահը զիս սիրելի ըրաւ» բացատրութիւնը։

9. Ամէնէն յուզիչ մասը քերթուածին ո՞ւր է։ Այդ յուզումը գրակա՞ն է թէ բնական։ Գրական է յուզումը երբ արտայայտման միջոցներով կը ստեղծուի։ Բնական՝ երբ կը բխի նիւթին իսկ խորքէն։

10. Ինչո՞վ կ՚ազատէք այս անկանգնելի ռօմանթիզմը իր ծիծաղելիութենէն։

11. Կրնա՞ք 1860ի գրական ճաշակները պաշտպանել. (եթէ երբեք նիւթը անցնի շրջանին ախորժակներէն քիչ մը անդին ու կը խօսի մեզի նաեւ ա՛յսօր):

12. Ապրող տարրը այս քերթուածին մէջ։

13. Մեռած տարրը այս քերթուածին մէջ։

14. Իւրաքանչիւրին պատճառաբանումը։

15. Կա՞յ Պէշիկթաշլեան հիւանդը այս քերթուածին ետեւը։ Եթէ չկայ՝ ինչո՞ւ. (բաղդատութիւն «Երթալ»ին հետ ուր հիւանդը կը պակսի եւ ուր մահը աւելի քան ստոյգ է)։

16. Ռօմանթիքները կ՚ախորժին մահ խաղալէ։ Նման վիճակ մը կը նշմարէ՞ք հոս։

17. Պատկերի, փոխաբերութեան եւ երաժշտութեան հարցեր։

18. Վիճակներու ճշդութիւն։

19. Ի՞նչպէս կը դատէք մեռնելէն ետ գալու սա յանդգնութիւնը: Կ՚արդարանա՞յ։ Ի՞նչ ընելու կուգայ: Ի՞նչ մտածումներ եւ միջոցներ պէտք է գործածուին այս ետդարձը հանդուրժելի ընելու. (նախա՞նձ, ծայրայեղ սէ՞ր, աշխարհի կարօ՞տ)։

20. Մեծ բանաստեղծ մը կը գտնէ՞ք այս քերթուածին մէջ։

 

ՇԱՐԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Սերունդ մը առաջ

 

1. Պէշիկթաշլեան՝ հիւանդի անկողնին մէջ։

2. Պահ եւ շրջանակ։

3. Այցելուներ (ժամանակի կարեւորագոյն դէմքերը՝ պատրիարք, եպիսկոպոս, գրող, ուսուցիչ, աշակերտուհի օրիորդ Վահանեանը, Գրիգոր Օտեան)։

4. Հիւանդը մինակ (երազանք եւ ոգեկոչում):

5. Ձեռքը բարձին տակը` թաշկինակը առնելու շարժումով։

6. Ծրար մը (50 ոսկի)։

7. Գրիգոր Օտեանի օգնութիւնն էր ատիկա հիւանդ բանաստեղծին:

8. Բանաստեղծին յուզումը։

9. Սերունդ մը առաջ այսպէս բարիք կ՚ընէին մարդիկ։

10. Այսօր։

 

/197/

ՀԻՒԱՆԴԻՆ ՄՐՄՈՒՆՋԸ [115]

 

Գարնանային սիւք ցօղաթեւ

Ահա վերջին տուաւ բարեւ

Ջեռnտ [116] աւուրց [117] հասաւ խորշակ [118],

Թառամեցոյց [119] զխեղճ մանիշակ.

Վարդ եւ շուշանըն գեղաթոյր [120]

Ահա զանոյշ [121] կորուսին բոյր,

Եւ իմ աչքեր արտասուագին

Հետզհետէ կը նըւաղի՜ն…

Թռչնիկ իմ սիրուն,

Մօտեցաւ աշուն,

Երբ հասնի ձըմեռ,

Ողջ զիս գըտնե՞ս դեռ։

 

Ո՜հ, ալ չունի սիրտս ո՛չ մի լոյս,

Մարի ճըրագ թըշուառ հոգւոյս,

Եւ տերեւոց մէն մ՚ի [122] թօթափ [123]

Կարծես աւուրց իմ պակսի չափ.

Իմ կարճ կենաց մէն մի վայրկեան,

Քայլ մ՚ալ վարէ զիս ի տապան [124]

Բայց, ո՜հ, կ՚ուզեմ ես դեռ ապրիլ,

Կ՚ըղձամ նորէն տեսնել զԱպրիլ։

Թռչնիկ իմ սիրուն…

 

 

Երբ նորաբոյս գարուն զըւարթ

Գայի ճակատ պըսակազարդ,

Պիտի կրկնես դու հրճուագին

Ըզճըռուողիւն քո զառաջին.

Պիտի տեսնես բլուրն ու անտառ

Եւ ոստոստես ծառ ի ծառ,

Բայց ես ՚տի [125] ո՛չ տեսնեմ, աւա՜ղ,

Ո՛չ վարդ, առուակ, եւ ոչ քո խաղ…

Թռչնիկ իմ սիրուն…

 

Սիրուն թռչնիկ, քիչ օրէն, ա՜հ,

Յիմ սիրելեաց կը բաժնէ մահ…

Վերջի՜ն անգամ քո դայլայլիկ

/198/ Ես կը լըսեմ մելամաղձիկ…

Գուցէ քընած հողոյս վերեւ

Ուրուր ՚ւ [126] ագռաւ սաւառնեն թեւ.

Լըսուին բուին գուցէ եղերք [127],

Այլ սրտառուչ, ա՜հ, ո՛չ քո երգ…

Թռչնիկ իմ սիրուն

Երբ գաս ի գարուն,

Մարդիկ զիս մոռնա՜ ն…

Յիշէ՜ զիմ տապան։

 

Խ. ՆԱՐՊԷՅ [128]

 

/199/ ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄ

(ՅԱՏԱԿԱԳԻԾ)

 

1. Մատենագրական տեղեկութիւն։

Խորէն Նարպէյ, իր միջոցներով, հրատարակած է «Վարդենիք», «Ստուերք Հայկականք», «Քնար Պանդուխտին» քերթողական դիւանները։ Վերի քերթուածը՝ մահուան մօտ գրուած, չերեւար անոնց մէջ։ Յիշուած հատորները քնարական կտորներէ կը բաղկանան, եւ կը պատկանին ժամանակի մտայնութեան, եւ ատով՝ այսօր զուրկ են մեր վրայ ազդեցութենէ մը։ Վերնագիրները կը թելադրեն հատորներուն պարունակութիւնը։ «Ստուերք Հայկականք»ը այս երեքէն ամէնէն քիչ հինցածն է, թէեւ ժամանակին հռետորութեամբը եւ ռօմանթիզմով ծանրօրէն վիրաւոր։

2. Քերթուածին մարմինը:

3. Քերթուածին մէջ տիրական վիճակը։

4. Թռչունը։

5. Քերթուածին մթնոլորտը:

6. Ո՞րչափով իրական են թելադրուած զգացումները:

7. Կա՞յ այս քերթուածին ետին անկեղծութիւն, հարազատութիւն:

8. Տալ այն պատկերները որոնք ձեզի կը թուին հինցած։

9. Ճշդել բաժինը տաղաչափական հնարքներուն, ու դատել զանոնք։

10. Ինչո՞ւ գրաբար ձեւեր. (յիշել 1880ի լեզուական շարժումը, որուն վարիչներէն էր Նարպէյ: Ուրիշներ, օրինակի համար Գուրգէն, Եղիշէ եպս. Դուրեան, Ռեթէոս Պէրպէրեան, աւելի՛ յետոյ թօթափեցին գրաբարի բոլոր հետքերը, գրելու համար մաքուր աշխարհաբար։ Ինչո՞ւ, Նարպէյ, մահուան մօտիկ (1893) չէ կրցած աշխարհաբարը գործածել սա իր վերջին քերթուածին համար)։

11. Ընդգծել բոլոր այն բառերը, որոնք մեր ռօմանթիզմը կը յատկանշեն (սիւք, վարդ, շուշան, բոյր եւ այլն)։

12. Ի՞նչ կը հասկնաք գրական կեղծիք բացատրութեամբ։ Այս քերթուածը կ՚իյնա՞յ այս որակումին ներքեւ։ Կ՚ազատի՞ անկէ։ Երկու պարագային ալ՝ փաստեր, կտորէն վերցուած։

13. Այս ոտանաւորը յապաղած իր ռօմանթիզմով ի՞նչ կ՚ապացուցանէ։

Ա) Նարպէյէն:

Բ) Արեւմտահայ գրականութեան շրջափոխութենէն։

14. Շինել Նարպէյի դէմքը (եկեղեցական գործիչ, քնարերգակ բանաստեղծ)։

 

ՇԱՐԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Հիւանդի այցելութիւն մը

(Առանց երեւակայութեան դիմելու: Լաւ է որ հիւանդը ընտրուի ձեր տարիքէն)։

1. Տպաւորութիւններ՝

Ա) Պառկողէն։

Բ) Շրջանակէն։

Գ) Պահէն։

Դ) Ընդհանուր շէնքէն։

2. Մտածման եւ զգացման բաժին, որոնք պարտաւոր են իրական ըլլալ, այսինքն բխիլ նիւթէն։

 

/ 200/

ԵՐԹԱԼ [129]

Երթա՜լ, երթա՜լ, երթա՜լ անձայն, անհանդէս [130].

Երթա՛լ աւուի՛ն պէս՝ մարգերու տակ անտես.

Կապոյտին մէջ` հեզ, հողմնավար ամպին պէս…

 

Երթա՜լ՝ առա՛նց գիտնալու թէ դէպի ո՞ւր.

Երթա՜լ՝ հեռու ոստաններէն [131] այս տըխուր.

Երթա՜լ՝ խաւար գիշերին մէջ թաքթաքուր [132]

 

Երթա՜լ, երթա՜լ, երթա՜լ առանց ճըրագի.

Երթա՛լ` առանց սուգի, լացի, փափաքի.

Երթա՜լ` առա՛նց սովի, պապակի…

 

Երթա՜լ` մարդոց կոյտին մէջէն լըռելեայն.

Օտար մընալ իրենց ցաւին, Գիտութեան [133].

Երթա՜լ տըգէ՛տ, խուլ, հա՜մըր, կո՛յր յաւիտեան…

 

Չըգիտնա՛լ որ հոս Իտէալը [134] չի կա՜յ…

Ուխտագընա՜ց երթալ ափերն հեռակայ [135],

Դէպի ուղին Երջանկութեան մշտակայ [136]

 

Աննիւթանա՜լ, անրջանա՜լ [137], վըսեմ, վէ՜ս [138].

Երթալ անցա՜յգ [139], անա՜յգ [140], երթա՛լ վերջապէս

Աչքերը գոց` ցայգաշրջիկ խեղճին պէս…

 

Երթա՜լ, երթա՜լ, չը ճանչնալ Մարդ ու Աստուած,

Զո՜յգ երթալ` ձեռքըդ քո՜յր ձեռքի մէջ դըրած

Անրջանքի՜ն [141] ու Սիրոյն [142] պէս Աքսորուա՜ծ [143]

 

Ռ. ՍԵՒԱԿ [144]

 

 

ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄ

(ՅԱՏԱԿԱԳԻԾ)

 

1. Մատենագրական տեղեկութիւն:

Սեւակէն յետ մահու հրատարակութիւն է Բժշկին գիրքէն փրցուած էջերը ուր, աշխոյժ եւ հաճելի ոճով մը, բժշկական տեսութիւններով պաշտպանուած պատմում մը կը փորձէ։ Կարմիր գիրքը հաւաքածոյ մըն է որ ուղղուած է ներկայ տառապանքը դատելու եւ մեղմելու նպատակներու։ Իրմէն՝ անտիպներ կ՚ըսուի թէ կան: Իր քերթուածները, ցրուած արեւմտահայ մամուլին մէջ, կը սպասեն խնամոտ ձեռքի մը, ամփոփուելու համար հատորի մը մէջ, որ կրնայ Սեւակի դէմքը իբրեւ բանաստեղծ արժեւորել։ Վերի քերթուածը առնուած է Շանթ կիսամսեայ հանդէսէն։

2. Մահուան սա փափաքը ո՞րչափով բնական կը թուի մեզի։ Զայն նիւթացնող պատկերները (առու, ամպ), ինչո՞վ կը փրկեն իրենց ռօմանթիզմը։

3. Խաւարին մէջ մտնելու սա կերպը ինչո՞վ կ՚ազատի նման փափաքներու, շարժումներու թատերականութենէն։

4. Ի՞նչ է նկարագիրը նոր Ստոյիկեանութեան։

/202/ 5. Կ՚արդարացնէ՞ք մարդերուն ցաւին օտար մնալու փափաք մը Սեւակի մէջ։

6. Կ՚արդարացնէ՞ք մարդերու գիտութեան դէմ իր արհամարհանքը։

7. 12րդ տողը դատել, իւրաքանչիւր վերադիրը (տգէտ, խուլ եւայլն) բանալով։

8. Ինչո՞ւ չգիտնալ թէ հոս իտէալը չի կայ: Կա՞յ անիկա։ Պէտք կա՞յ այդպէս փափաքներ, կարօտներ ստեղծելու մեր մէջը։

9. Հեռակայ ափեր ուխտագնացութիւն մը ի՞նչպէս կը մարդկայնանայ։

10. Ի՞նչպէս կը դատէք մշտակայ երջանկութեան ճամբան։

11. Գտնել տողերը, որոնք զգացում ըլլալէ աւելի ձեզի բառեր կը թուին։

12. Գտնել տողերը, որոնք հակառակը թելադրեն։

13. Կ՚արդարանա՞յ Մարդ ու Աստուած չճանչնալու սա կեցուածքը։

14. Ի՞նչ պէտք քոյր ձեռքի մը մասին մտածել, եւ ո՞վ է այդ քոյր ձեռքը երբ Մարդ ու Աստուած չկան։

15. Վերջին տողի անրջանքը եւ Սէրը ի՞նչ դեր ունին. բան մը կ՚ապացուցանե՞ն։ Բանալ աքսորուած տարազի տարողութիւնը:

16. Խօսիլ այս ոտանաւորին կշռոյթէն։

17. Զայն մօտեցնել «Հրաժեշտի Գազէլ»ին, փնտռելու համար անշուշտ նմանութիւններ եւ հակադրութիւններ։

18. Փրկուա՞ծ է քերթուածին անկեղծութիւնը։

19. Մօտեցնել «Տրտունջք»ին եւ ըսել թէ երկուքէն որո՞ւն կ՚երթայ ձեր համակրութիւնը (մի մոռնաք 40 տարին որ կը բաժնէ երկու քերթուածները)։

20. Մօտեցնել «Հիւանդին Մրմունջը»ին, գտնելու համար այս վերջինին մէջ՝

Ա) Թեթեւ անբնականութիւն մը։

Բ) Գրական սնոտիք մը։

Գ) Լեզուական սեթեւեթ։

Դ) Հոգեկան տարբեր աշխարհ մը։

 

ՇԱՐԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Դատել Սեւակի քերթուածը

 

1. Իբր մտածում։

2. Կշռոյթ։

3. Զգացում։

4. Գրական շրջանէ մը վկայութիւն։

5. Քնարականութիւն։

6. Յոյզ։

7. Յաջողած մասին կշիռը անյաջողին հետ, եւ տալ պատճառները։



[1]       Գրգացած = արմատը՝ գիրգ = փափուկ։ Գրգանալ՝ բայը։ Նաեւ գրգալ՝ որ չի գործածուիր հիմա։

[2]       Դեսպակ = բնագիրը կը գործածէ բաստեռունք՝ աթոռ, գահոյք։

[3]       Գահաւորակ = գահ՝ շարժական, զոր կը կրեն ուսերու վրայ:

[4]       Զուարակ = մատաղ ցուլ, մոզի։

[5]       Միամտութիւն = պարզամտութիւն, ապահովութիւն, հաւատարմութիւն, ապուշութիւն։

[6]       Կապուտ ներկուածք = նախանձը ինքզինքը կրծող ախտն է մեր մէջ։ Հեռաւոր ցո՛լք մը` շրթունքները կրծոտելու վիճակի մը ուր ակռաներուն հետքը երեւայ կապուտ կապուտ:

[7]       Ագահութեան արմատ = մոլութիւնները անձնաւորելու այս կարողութիւնը ստեղծագործ երակէն կուգայ։ Հակառակ դասականներու ժուժկալութեան, Եղիշէ բաւական ունի այդ կարգի բացատրութիւններ։

[8]       Կռփել = կռուփ + ել = կռուփով ծեծել (Նկարող բացատրութիւն)։

[9]       Ամբարտաւանութիւն = ամբարհաւաճութիւն, սոնքանք, խրոխտանք։

[10]     Այրիութեան նախատինքը = հին ժողովուրդներու մէջ այրիութիւնը նախատուած էր։

[11]     Կապել = տեսակ մը գրական բառախաղ կը փորձէ Եղիշէ կապել բայով։

[12]     Վարդապետ = ուսուցանող:

[13]     Վաստակ = շահ. նոյն ատեն զայն ունենալու համար թափուած յոգնութիւնը:

[14]     Կենցաղասէր = աշխարհիկ կեանքէն ախորժող, հեշտասէր:

[15]     Անձկալիներ = անձկութեամբ, տագնապով սիրուածներ, սպասուածներ։

[16]     Պսակասէր = իրեն պսակուածը (ամուսինը) սիրող։

[17]     Բարակ = քերծ է. որսկան շուն։ Խումբը՝ պառական, նաեւ` պառականի։

[18]     Խցուիլ = խիցով գոցուիլ. արգիլուիլ։ (Նկարող բացատրութիւն)։

[19]     Գիրեր = գրաբարին մէջ ըսուած է բնագիր:

[20]     Տարեդարձի տօն = գրաբարին մէջ՝ տօն տարեկանաց։

[21]     Ճաշատեղ = յիշել Ա. դասին մէջ բազմիլ եւ բազմականը:

[22]     Ատեան = հրապարակ, բեմ, դատարան։

[23]     ԵՂԻՇԷ։ Հեղինակ Վարդանանց Պատմութիւն անուանուած գիրքի մը։ Մատենագրութիւնը որոշ տեղեկութիւններ չունի իր կեանքին վրայ . դար)։ Հակառակ գրողին ականատեսի հաւաստումներուն, գիրքը տպաւորութիւն կ՚ընէ հեռուէն դիտուած ներկայացումի մը։ Կարծողներ կան թէ Տիզբոնի մէջ դրան երէց էր, (այսինքն պալատին քրիստոնեաներուն երէցն էր։ Դուռը՝ Արքունիքն է Արեւելքի մէջ։ Յիշել Բարձրագոյն Դուռ բացատրութիւնը)։
Գիրքին նիւթն է Վարդանեաններու նահատակութիւնը, նախարարներու տարագրութիւնը, Ղեւոնդեաններու նահատակութեան յուզիչ դրուագները։ Պատմութիւն ըլլալէ աւելի բանաստեղծական նկարագրութիւններու, բարոյախօսութեան եւ հռետորական ընդլայնումներու շարայարում մըն է գիրքը։ Իր ոճը՝ ներդաշնակ ու թափանցող, կը ծածկէ իր բոլոր թերիները։

[24]     Մասիսեանի նկարագիրը = այս անունով կը ճանչցուի Ռաֆֆիի ամէնէն յաջող վէպին՝ «Ոսկի Աքաղաղ», աւագ դերակատարը։

[25]     Գործավարութիւն = արեւմտահայերը կ՚ըսեն գործառնութիւն: Գործավար բառը պատերազմէն վերջը գործածուած է թրքական նախարարաց խորհուրդին անդամները նշանակող իմաստով մը։ Իբրեւ այդ՝ չէ ընդհանրացած։

[26]     Սակաւ = քիչ: Նոյն իմաստով սուղ. կայ նաեւ «խուն»ը՝ շատ քիչ գործածուած։

[27]     Ինքնուրոյնութիւն = արեւմտահայերը կ՚ըսեն ինքնատպութիւն, որ հասարակաց գիծերէն զարտուղումներ կը թելադրէ։ Գրականութեան մէջ ինքնատիպը գրողն է որ իր համար գրելու ձեւեր կը ստեղծէ: Չափազանցութիւնն է բռնազբօսիկը։

[28]     Մանուֆակթուրա = ձեռքով շինուած ապրանք, բառական իմաստով. աւելի յետոյ, ձեռքին մեքենայով փոխանակուելուն իբր արդիւնք, նշանակեց ճարտարարուեստ: Նեղ իմաստով՝ զգեստեղէնը։

[29]     Գործուած = արեւմտահայերը կ՚ըսեն, ծանրաբեռնելով բառը, տարազագործուած։ Կը նշանակէ հիւսուած (զգեստեղէն)։

[30]     Գալանտերական = galanterieի վերաբերեալ ապրանք, ընդհանրապէս կանանց զարդեղէնը եւ զգեստեղէնը։

[31]     Նաւթ = չը զտուած քարիւղ։

[32]     Սալեանի տoշը = Սալեան՝ գաւառ մը Կասպից Ծովու արեւմուտքը, Երասխ եւ Կուր գետերու միջեւ։ Տօշ՝ լանջ, կուրծք։ Այդ կողմերը որսացուող մեծղի ձուկը սալեան կը կոչուի։ Զայն երկուքի կը կիսեն վերէն վար։ Կռնակի մասին զուրկէլ կ՚ըսեն, կուրծքի մասին՝ տoշ: Աղցուած՝ կը կախեն որ կարմրի։

[33]     Քաղցրաւենիք = անոյշի պատրաստութիւններ։

[34]     Դարսվիլ շարուիլ, դասաւորուիլ, որուն աղաւաղուած ձեւն է բառը։

[35]     Արաղ = օղիին ժողովրդականը։

[36]     Ծիծեռնակի կաթ = կը նշանակէ անգտանելի բան մը։

[37]     Ձուա եւ ձաւար = հաւկիթ եւ ծեծուած ցորեն։

[38]     Խինա = ներկատու կեղեւ զոր աղալով կը ծախեն։ Արեւելքի կիները սովոր են ոտքի եւ ձեռքի մատները եւ գլխու մազերը ներկել անոր խիւսովը։

[39]     Ածած = մենք կ՚ըսենք բերուած: Ածել վերապահած ենք երաժշտական գործածութեան (դաշնակ, սրինգ, եղանակ եւ այլն):

[40]     Խըճըճւած = բոլորովին խառնակուած (դերձանի կծիկներ):

[41]     Նիսիայ = ապառիկ գործառնութիւն։

[42]     Ջոկել = զատել։

[43]     Կոպէկ = ռուսական ռուպլիին (դրամական միութիւն, մօտաւորապէս երկու «շիլին» արժողութեամբ) ստորաբաժանումն է։

[44]     ՌԱՖՖԻ։ Արեւելահայ բազմարդիւն գրագէտ։ Ունի վիպակներ, վէպեր, տեղագրութիւններ, պատմական ուսումնասիրութիւններ, լրագրական բազմատեսակ յօդուածներ։ Եղած է ամէնէն շատ կարդացուած հեղինակը ամբողջ հայութեան մէջ։ Բարքերու իր խոր ճանաչողութիւնը, տիպարներ ստեղծելու իր տիրական ոյժը, գործողութիւն վարելու իր ճարտարութիւնը, ինչպէս նաեւ հայկական տառապանքին իբր դարման իր երազած ազատութեան համար յեղափոխական պայքարը, իր դէմքին կուտան մեծ գրագէտի անկորնչելի արժանիք։ Չունինք իրեն չափ լայն խաւերէ ներս թափանցող գրագէտ։

[45]     Գազէլ = արաբերէն ոտանաւորի ձեւի մը անունը: Նման ձեւեր են՝ «քաuիտ», «մուխամմազ», «մուրապպա», որոնք մեր աշուղներուն կողմէ գործածուած են։ Տէրեանի գազէլը հեռու է արաբական բնատիպարին ուղղափառ ձեւէն։ Իսահակեանի քաuիտը՝ նմանապէս։ Մուխամմազը հնգտողեան ոտանաւորն է։ Մուրապպան քառատող քառեակն է. աւելի ծանօթ որակումով՝ «Ռիւպայեաթ» ըսուածը, որով գրուած են Օմար Խայեամի, Նահապետ Քուչակի քառեակները։ Գազէլ կը նշանակէ նաեւ եղնորդ: Թուրքերէնի մէջ անունն է եղանակի մը: Արեւելահայերը՝ քիչ մը անտեղի արեւելապաշտութեամբ (արեւելեան ներշնչումներու եւ ձեւերու պաշտամունք), նման բառեր եւ ձեւեր կը գործածեն անճահ կերպով։

[46]     Մով = կապոյտ:

[47]     Վ. ՏԷՐԵԱՆ։ Արեւելահայ քնարերգակ բանաստեղծ որ պատերազմէն առաջ ուդագրաւ դարձաւ իր իրաւ եւ անկեղծ քնարական շեշտովը, արեւմտեան արուեստի ձեւերուն մէջ կազմուած զգայնութեամբը, ինչպէս նաեւ իր ժողովուրդին (որ արեւելքն է) քնքոյշ թախիծովը տոգորուն քերթողութիւն մը առաջին անգամ մշակելով, քիչ մը հաստ ազգայնական, քիչ մը տափակ ժողովրդական անոնց բանաստեղծութեան մէջ, դնելով նուրբին, փափուկին, հազուադէպին, բարակ ձայներուն եւ հեծքերուն քաղցրամրմունջ մեղեդին։ Այս որակումներուն ներքեւ դժուար չէ զգալ արեւմտահայ նոյնաթախիծ եւ զգայնութեամբ նոյնասարուած պատանին՝ Մեծարենցը, որուն ազդեցութիւնը խոր է Տէրեանի վրայ։ Խառնուած է իր ժամանակի քաղաքական եւ ընկերային մեծ շարժումներուն, (առաւելապէս ռուսական)։ Մեռած է հիւծախտէ։ Բացի քնարական փափուկ, ներդաշնակ տաղերէն, ունի նաեւ համամարդկային տարողութեամբ երգեր։

[48]     Տրտունջք = վերնագիրն է Դուրեանի մահամերձ վիճակի մէջ գրած մէկ քերթուածին։

[49]     Աստուած = տարօրինակ է քիչ մը այս բառը այդ տողին մէջ։ Հաւանական է որ գիշերուան մէջ գրուած այդ քերթուածը սկզբնական մեկնում ունի պատուհանէն տեսնուած աստղակառոյց երկինքը. այնպէս որ աստուած բառին կէսը՝ աստ, գրեթէ մարմինն է աստղ բառին, որոնց, ինչպէս նաեւ արեւին (ամբողջ քերթուածը մսող, առողջ մարմինին պաղատանքն է դէպի կրակը, դէպի արեւը) մնաք բարով մը հասկնալի է: Թերեւս բանաստեղծը մտածած ըլլայ աստղերուն, եւ գրած ըլլայ աստուած բառը, որ նոյնքան հզօր իրականութիւն մըն է այդ պահուն անոր մտքին վերեւ տիրական։ Կը պատահի այս վիճակը, իր մտածումին ճիշտ հակառակը գրելու, ծանր տագնապներու մէջ տառապող մտքին համար։ Եթէ ներուի մեզի կարդալ այդ տողը «Է՜, մնաք բարով աստղեր ու արեւ», այս անբնականութիւնը ինքնին լուծուած կ՚ըլլայ, քանի որ յաջորդ տողին տիրական բառը՝ պըլպըլալը, աստղերու լոյսը յատկանշող բացատրութիւն մըն է: Եթէ նկատի առնենք երրորդ տողին մէջ աստղ մ՚ալ յաւելումը, վերի ենթադրութիւնը կը թուի աւելի քան հաւանական։ Այսպէսով կը լուծուի հակասութիւնը որ կայ Աստուծոյ ուղղած մնաս բարովին մէջ։ Մարդ մնաս բարով չըսեր անո՛ր՝ որուն քովը պիտի երթայ։ Անշուշտ այս բացատրութիւնը մեզի համարձակութիւն չի տար սրբագրել բանաստեղծին բառը։

[50]     Յաւելուլ = քերթուածին գրուած շրջաններուն (1871) այս ձեւ գրաբար կազմով բայեր, չէին վիրաւորեր լեզուական միօրինակութեան պահանջ մը որ իր վճռական ձեւը պիտի առնէր 1890էն ետքը։ Չշփոթել այս վիճակը այն միւսին հետ որ գիտակցուած, կորովով հետապնդուած շարժում մըն էր 1880ական թուականներուն, մեր աշխարհաբարը պատուաստելու գրաբարին կարգ մը ձեւերովը. եւ որ տեղի տուաւ ծանր վէճերու: Մէկ կողմէն Մատաթիա Գարագաշ (որ կը ներկայացնէր Վիէննական դպրոցը), Յակոբ Գուրգէն, կրտսեր ռօմանթիքները (որոնք կը ներկայացնէին Պոլսական դպրոցը), միւս կողմէ իրապաշտները մեծաքանակ մելան սպառեցին իրենց տեսութիւնները պաշտպանելու համար։ Պայքարը վերջացաւ աշխարհաբարեաններուն յաղթանակով (1890)։

[51]     Ամբողջ տողը՝ 6րդ՝ որուն կեդրոնական բառը այրիլն է, յանդուգն պատկեր մըն է աստղերու լոյսը փոխաբերող։ Ըստ բանաստեղծին, անոնք Աստուծոյ ճակատը խարանելու սահմանուած անէծքն են աշխարհի վրայ տառապողներուն բերնէն արձակուած, որոնք կը շարունակեն իրենց այրումը տակաւին երկնքի ճակտին։ Այս պատկերուն բացատրութիւնը այն օրերուն համակ նորութիւն, ինքնատիպ ռօմանթիզմ մըն է, որուն չափազանցութիւնը չի նեղեր մեզ:

[52]     Շանթերու արմատ = բացատրութիւնը հաւանական վերյիշում է դիցաբանական ընթերցումներուն։ Արամազդը՝ աստուածներու հայրը, դիցաբանութեան մէջ կը ներկայանայ շանթաձիգ աստուած մը։

[53]     Հրատ = կրակի մէջ կտրուած։ Կը նշանակէ նաեւ կրակէ կտրած, կրակէ ինկած, տժգոյն։ Նաեւ՝ մոլորակ մը։ Բանաստեղծը աստղերու գունատ լոյսը տեսակ մը յաւելում, տեսակ մը զարդ կ՚ընդունի իր մտապատկերած Աստուծոյն։ Մարդկային անկարողութիւնը հզօրապէս երեւան կուգայ աստուածայինին դէմ առ դէմ հանած։ Այս մտածումն է, որ պիտի առաջնորդէ բանաստեղծը զղջումի:

[54]     Հիւլէին հսկայ խոկը փշրել = գրական հակադրութիւն մըն է որ այդ օրերուն շատ յարգի դարձուածք մըն էր ֆրանսական ռօմանթիքներէն մեզի անցած։ Միւս կողմէն նոյն հնչումներու (խոկ, հսկայ, հիւլէ) յարդարանքն ալ ուրիշ ենթադրական արժանիք։ Այս նկատումները՝ դիցաբանական ու գրական այս ծիծաղելին Դուրեանի մէջ, չեն զգալի՝ քերթուածը լեցնող տիրական վիճակին ահաւոր եղերականութեանը պատճառաւ։

[55]     Ժպրհիլ = յանդգնիլ (լրբութեան երանգ մը կայ բառին մէջը)։

[56]     Ձգտիլ = ձիգ + տ + իլ: Ձիգը երկարիլն է։ Տը՝ թարմատար գիր մըն է, որուն համազօրն է դ։ Այսպէս՝ գերի, որմէ՝ գերդաստան. սպանանել, որմէ` սպանդ:

[57]     Սուզիլ = այսօր պիտի ըսէինք սուզուիլ։

[58]     Աստղերու անալի սանդուխքը = Դուրեանը սրբագրող վարժապետ՝ Սիմոն Ֆէլէկեան հայկաբանը, անալին վերածած էր ահալիի, սպաննելով շքեղ պատկերը բանաստեղծին երեւակայութեան։ Թէեւ քիչ մը դժուար, բայց ո՛չ անկարելի է, հետեւիլ Դուրեանի մտքի թռիչքին՝ աստղակառոյց սանդուխին, որ երկինքն է իր գլխուն վերեւ, ուր միջոցին խաղաղութիւնը, անալի վիճակը, թերեւս կուգան աստուածային ներդաշնակութեան հսկայ ճնշումէն այդ ամէնուն վրայ։

[59]     Դողդոջ էակ = Դուրեանին յատուկ բացատրութեան կերպ մը։ Ունի այսպէս երկնքի որդեգիր, թուխ թիթեռ (նոճիներու), դալկահար, եւ այլն։ Բառը կատարեալ հայելի մըն է հիւանդութեամբ ստեղծուած պատկերին, որ դողացող երիտասարդն է ցուրտէն, կրակէն (տենդէն), յոյզէն ու արցունքէն:

[60]     Տասնըչորսերորդ տողը (շող, փթիթ, ալիք, վանկ = ձայն) բառական ռօմանթիզմի շքեղ օրինակ մըն է։ Պ. Դուրեան գաղտնիքը ունի այդ բառերուն ծիծաղելին անզգալի ընելու: Աւելի՛, անոնցմով ստեղծելու՝ դժուար բայց զմայլելի ներդաշնակութիւն մը։ Քովէ քով դրէք հզօր Աստուածը, որ նոյն ժամանակ դողացող էակին, խուսափուկ ճառագայթներուն, վախցող կոկոնումին, սուտ երազին պէս սահող ջուրին, եւ հովտէ հովիտ նուաղող ձայներուն Աստուածն է. ու կը հասկնաք թէ ինչ սրբազան արուեստ մը այս բոլորը կը միաձուլէ նրբութեան եւ փափկութեան, ինչպէս ոյժի եւ կրակի հրդեհին մէջ, որ ահա սկիզբ կ՚առնէ քերթուածին կէսերուն մօտ։

[61]     Ճակտի վարդ = երիտասարդութիւն: Նկատել որ վարդը երիտասարդ աղջիկներու ճակտին զարդն է ամէնէն առաջ։ Անհեթեթ պիտի ըլլար տղու մը ճակատը տեսնել վարդերով զարդարուն։ Բանաստեղծը կ՚անգիտանայ իրականութեան պահանջները երբեմն, ու կը գրէ զայն հակասող բառեր, որոնց խորը հոգեկան ճշմարտութիւն մը կը բաբախէ՝ նիւթական հակասութիւնը լիովին հակակշռող։ Մենք չենք փնտռեր վարդով ստեղծուելիք գեղեցկութիւնը ճակտի մը, ու կը տարուինք վարդին ետեւ թելադրուած երիտասարդութեան սրտառուչ պատկերին, որ այդպէս մեղրամոմ, բարձին խորը քրտնասոյզ կը սպասէ մահուան։

[62]     Աչքերու բոց = իրականութիւնը ճիշտ հակառակն է Դուրեանի տուածին։ Հիւծախտէն մաշած դէմքին վրայ միակ կենդանի մասը կը մնան աչքերը որոնց խորը տենդին կրակը, մահուան անձուկը կը վառին անօրինակ փայլով, երկարած, գեղանի ցանցին մէջէն թարթիչներուն, ու նուաղուն բայց տարօրէն կենդանի պաշտամունքի մը պէս կը տպաւորեն դիտողը։ Կարծես մարմնին բովանդակ բոցը ապաստան ըլլայ գտած աչքերուն խորը։ Այս է իրականութեան պատկերը եւ թելադրանքը։ Պ. Դուրեան աչքերու բոց բացատրութեամբ կը հասկնայ երիտասարդութեան կրակը։ Այս հակասութիւնը սակայն դարձեալ կը դառնայ անզգալի, քերթուածին ընդհանուր հրաբխային հանգամանքին մէջ։

[63]     Շրթանց թրթռումը = նոյնն է դիտողութիւնը։ Հիւծախտաւորին շրթունքները մնայուն թրթռման մէջ կ՚ապրին։ Անոնց նիհար մաշկը շատ արագացած շնչառութեան մը բախումովը կը թուի ընդմիշտ թրթռալ: Դուրեան՝ թրթռումը կ՚առնէ իբրեւ երիտասարդութեան համազօր բացատրութիւն։ Նոյնն է պարագան հոգւոյն թռիչքին համար որ իբր թէ կը խլուի: Իրականութիւնը ճիշտ հակառակն է։ Հիւծախտը՝ սպառելով մարմնոյն կարելի թռիչքները, կ՚արձակէ հոգին անհուն արձակութեամբ մը։ Մտապատկեր, երազ, երեւակայութիւն այնպէս մը կը միանան իրարու որ կարենան պաշտպանել մարմնոյն աւերակը եւ դիմացնել կեանքին պատրանքը: Իզուր տեղը չէ որ զայն անուանած են յոյսին, կապոյտին հիւանդութիւնը: Բոլոր այս հակասութիւնները՝ վերլուծման հետեւանքով երեւան եկած, անզգալի են քերթուածին մէջ քանի որ անոնց երկրորդ երեսը՝ երիտասարդութեան խորհրդանշան ըլլալու հանգամանքովը, կուգայ Դուրեանի մտքին մէջ առաջին գիծի։

[64]     Հուսկ = վերջին։

[65]     Դալկահար շանթ = զմայլելի ճշգրտութեամբ եւ իրականութեամբ շատ յանդուգն փոխաբերութիւն։

[66]     Պլլուիլ = ժողովրդական նկարող բացատրութիւն որ պատկեր կը ստեղծէ։

[67]     Կողը խրիլ = տե՛ս 749 դիտողութիւնը։

[68]     «Աստուա՛ծ ոխերիմ» = ռօմանթիքներու յատուկ էր չափազանցումը, զայրագնումը, դժբախտութիւնը ուռեցնելու միտումը, անէծքի, սպառնալիքի կեցուածքը։ Ասոնցմէ է վերի բացատրութիւնը։

[69]     Ներսին փրփրիլը = հիւանդութեան թելադրած մէկ շատ յաջող պատկերն է ասիկա։ Վերջին շրջանին, թուքը՝ թարախի վերածուած, փրփուրի ձեւով կ՚ելլայ հիւանդի կոկորդէն։ Դժուար չէ ցաւի, տագնապի, ջերմութեան, նողկանքի զգայութիւններ իրարու խառնել արդարացնելու համար դժոխքը որ կ՚եռայ հիւանդին կուրծքին տակ։

[70]     Հեծող = Դուրեանի ինչպէս Պէշիկթաշլեանի սիրական բառերէն մէկն է։

[71]     Նոճ = նոյնն է նաեւ այս բառին պարագան։

[72]     Աշնան տերեւ = դասական ու հինցած նմանութիւն, որակելու համար հատնելու մօտ կեանքի մը պատկերը։

[73]     Դամբանի մրուր = պարտաւոր էք մտքի առջեւ բերել դամբանի մը խորը դիզուած խառնուրդը՝ հողի, միսի, իւղի շաղախը։ Յետոյ այդ մրուրէն յօրինել մատիտը, որուն գրող խմորը գէթ ձեւական, կազմական նմանութիւն մըն ալ ունի մրուրին հետ։ Այսպէս յօրինելէ յետոյ գործիքը, գրել անով ճակտի գիրը։ Յանդուգն այս երեւակայումը, զինքը արդարացնող յատակ ունի բանաստեղծի անսահման դժբախտութիւն մը որ դարձեալ կը հակակշռէ մտապատկերին տարօրինակութիւնը։

[74]     Կրակի կաթիլ = շքեղ փոխաբերութիւն եւ հակադրութիւն նոյն ատեն։ Կրակն ու ջուրը քով քովի չեն գար սովորական իրականութեան մէջ։ Բանաստեղծին համար այդ մերձեցումը աւելի քան իրական է սակայն։

[75]     Գարուն, վարդ, ճակատ, դալկահար = ռօմանթիք բառարանին ինչպէս նաեւ Դուրեանի ամէնէն քնքոյշ ծաղիկները կը մնան։ Ինչպէս դիտեցիք, վերէն վար, իբրեւ վիճակ եւ արտայայտութիւն, ամէնէն խոր ռօմանթիզմ արտաբուրող այս քերթուածին մէջ, մեզի չայցելեց կեղծին, փչուածին, անհեթեթին մտածումը։ Այս պարագան միսմինակ կ՚ապացուցանէ քերթողին տարօրինակ մեծութիւնը։

[76]     Աստղերը ջահեր = քերթուածին մէջ չորս հինգ անգամ կրկնուող այս բառը պարզ իր ռօմանթիզմով չէ որ ուշագրաւ է. ասիկա բանաստեղծին ամէն անգամ առիթ կուտայ իրարմէ աղուոր փոխաբերութիւններ վերցնելու։ Մնաց որ մահը, թաղումը, դագաղը եւ զայն շրջապատող  տեսիլքը ժամուն մէջ, մօտ ատենէն կատարուելիք թաղման արարողութիւնը, անոր մտքին տիրական պատկերներ են։ Մտքին օրէնքներէն է որ զինքը խորապէս խռովող վիճակներ, վերխուժեն ընթացիկ տպաւորութեան դէզին ընդմէջէն, եւ լեռնանան։

[77]     Յար = միշտ։

[78]     Վիհեր խուզարկել = աստղին չափ կարեւոր բառ մըն է ռօմանթիզմին մէջ լուսին ը։ Բանաստեղծը անոր կը վերագրէ անդունդներ փնտռելու, մարդկային սիրտերը իջնելու, մարդոց չափ ու պէս լալու դերեր։ Շարունակութեանը մէջ անիկա պաշտօն մըն ալ պիտի առնէ լացող չունեցողները լալու։ Ի՞նչն էր թելադրանքը իր հօրմէն, մօրմէն, եղբայրներէն, ազգականներէն գուրգուրագին շրջապատուած սա հիւանդին երբ ինքզինքը վրան լացող չունեցող մը կ՚երեւակայէ։ Պատասխանը կուտայ քերթուածին վերջին մասը։ Հոն՝ սիրող էակի մը (տուէք այս բառին ամուսնական իմաստ) հանդէպ իր ամբողջ ծարաւը ի յայտ կուգայ իրարմէ գեղեցիկ, սրտառուչ, խոր պատկերներու շարքով մը, բոլորն ալ փրկուած իրենց անտանելի ռօմանթիզմէն, անհուն տաղանդովը այս պատանի բանաստեղծին։

[79]     Գրել = ճակատագրել:

[80]     Ուսոյց = սորվեցուց։

[81]     Բուլբուլ = 1870ի բախտաւոր թռչունը։ Մեր հին մատենագրութեան ընթացիկ թեման։ Մեր ժողովրդական բանահիւսութեան մէջ կռունկին հետ կը կազմէ արժանաւոր զոյգ մը։

[82]     Ալի = ալեակ։ Ալիք։ Հոս հայելիի իմաստով։ Դուրեանի տաղերուն մէջ շատ անգամներ պիտի հանդիպինք այս նմանութեան։

[83]     Թաւուտք = պզտիկ մացառ, ուր կը սիրեն ապաստան գտնել հիւանդներ, սիրողներ, տրտմահարներ։ Պոլսական բնանկարին քաղցրագոյն մէկ տարրն է ասիկա։

[84]     Զնէ = զնա։ Այս իգականը փորձ եղած է ընդհանրացնել, դեռ մինչեւ վերջին ժամանակները։ Վրիպած է այս ջանքը։

[85]     Փթիթ = Դուրեանի սիրական բառերէն մէկը: Նոր բողբոջներ՝ գարնան շունչերուն, բուսական աշխարհին մէջ. կը խորհրդանշէ կեանքը, ծլարձակումը եւ անոր լայն խորհուրդը։

[86]     Խնկարկել խոկումներու խորանը = ոչ միայն յանդուգն, նոր պատկեր մը կը նուաճուի բառերու սա շարքին մէջ այլ կը տրուի փաստը բացառիկ այն կարողութեան, որով, մեր լեզուին ամէնէն թանձր հնչումէն, բանաստեղծը կը յաջողի, այն օրերուն շատ սիրելի նմանաձայնութիւնը իրագործել։

[87]     ՊԵՏՐՈՍ ԴՈՒՐԵԱՆ. (Տե՛ս կենսագրութիւնը՝ ծանօթ. 181)։

[88]     Յետին Հառաչներ = Յետին Հառաչք վերնագրով քերթուած մըն է Պէշիկթաշլեանի դիւանին։ Այս զգայնութեամբ եւ հոգեկան բարեխառնութեամբ մէկէ աւելի գրաբար քերթուածներ այդ դիւանին կուտան տիրական գեղեցկութիւն։

[89]     Օրհասական = մահամերձ։ Օրը հասած՝ պատկերող բառ մըն է:

[90]     Կը թռցնէ = պիտի ըսէինք կ՚արձակէ։ Ընտրած ենք բառը հաւատարիմ մնալու համար, կրցածնուս չափ, հեղինակի բառերուն։

[91]     Դաշնակութիւն = արդի աշխարհաբարի մէջ աւելի ընդհանրացած է ներդաշնակութիւնը որ սակայն նուազ յարգի բառ մը կը թուի, ինչպէս է պարագան ընդհանրապէս ներ մասնիկով ածանցումներուն, ուր այդ մասնիկը աւելի յաճախ թարմատար բեռ մըն է քան թէ իրական երանգ մը ճշդող տարր։

[92]     Խայտուն = խայտացող: Շէն։ Զուարթ։ Զուարճ եւ այլն։

[93]     Վեցերորդ տողը (փայլող, հնչող, նուագող եւայլն բաներ) Պէշիկթաշլեանի ռօմանթիզմին պատկերը կուտայ ինչպէս դուք տեսաք զայն Դուրեանի «Տրտունջք»ին մէջ (կեանք մը շողի, բոյրի, աղօթքի. եւ շողին, փթիթին, այւոյն ու վանկին թըւումներուն մէջը):

[94]     Հրատոչոր = կրակէն այրած։ Ունինք՝ հրակէզ, այրեցաւեր եւ այլն։

[95]     Պշնուլ = սառած նայիլը մէկու մը դէմքին։ Բայը այն քիչերէն է որոնք իրենց ուլ վերջաւորութիւնը դեռ կը պահեն արդի աշխարհաբարի մէջ (թողուլ, զբօսնուլ եւ այլն)։

[96]     Խոպոպ = ունինք՝ խոպոպիկ, խոպոպի ձեւերը։ Գանգուր մազերու փնջիկներ։

[97]     Uրտակտուր = սիրտը կոտրած։ Կտոր՝ որմէ կտուր։ Գրական ձեւն է՝ կոտոր՝ որմէ կոտրել, կոտորել:

[98]     Տասնըերկուերորդ տողը կը խօսի երջանկութեան պսակի վրայ։ Երեւակայուած այդ պսակը, ինչպէս ենթադրուած այդ երջանկութիւնը, Պէշիկթաշլեանի կեանքին մէջ տեսակ մը ողբերգական պարագայ կը կազմեն։ Բանաստեղծը սիրահարուած էր իրմէն դաս առնող Սրբուհի Վահանեան օրիորդին, այն՝ որ յետոյ Տիկ. Տիւսաբը պիտի ըլլար արեւմտահայ գրականութեան։ Օրիորդ Վահանեան, Պոլսոյ ազնուական դասակարգէն, օտար կրթութեամբ սնած, խոր արհամարհանք մը ունեցած էր իր մայրենի լեզուին եւ գրականութեան հանդէպ: Պէշիկթաշլեանի ազդեցութեան տակ այդ արհամարհանքը կը վերածուի զօրաւոր սիրոյ։ Ուսուցչի եւ աշակերտի այս յարաբերութիւնները կը յանգին յուսահատ սիրոյ մը որմէ անտեղեակ է բոլորովին օրիորդ Վահանեան։ Օրիորդ Վահանեանի նշանուիլը լայն կը բանայ յուսահատութեան դռները Պէշիկթաշլեանի հոգիին առջեւ. այդ նշանին խզումը, տարիներ ետքը, ծնունդ կու տայ ուրիշ պատրանքներու, ու այս իրադարձութեանց ընթացքին, բանաստեղծը կը մօտենայ իր մահուան (օրիորդ Վահանեան, բանաստեղծին մահէն յետոյ պիտի ամուսնանար Տիւսաբ փաշայի հետ որ պալատի նուագախումբին պետն էր)։ «Յետին Հառաչք»ի այս տողերը պէտք է ընդունիլ գրական իմաստով մը, այսինքն երեւակայուած ազատութեան մը, հաւանականութեան մը թելադրանքը իբրեւ։ Մինչեւ քսաներորդ տողը, պսակի այս պատկերը, անոր գետին ձգուիլը, իր հեռանալը, իր սիրուհիին անտարբեր մնալը եւ այդ հեռացումը դիտելը գրական հնարողութիւն մը՝ (fiction), ներելի՝ ամէն գրագէտի։ Իրականութեան սա ձեւ այլայլումը դիտել կուտանք, մանաւանդ հասկնալի ընելու համար ամբողջ քերթուածին մէջ տեւող անբնականութիւնը, անհամաչափութիւնը, հակասութիւնը։ Մենք մեր երազները դժուար կը կառավարենք։

[99]     Գեղ = գեղեցկութիւն։ Ժողովրդական առումով՝ գիւղ։

[100]    Յուղարկ = ճամբու դնել = յուղի արկանել: Բառը գրեթէ մասնաւորուած է յուղարկաւոր իմաստին մէջ, նշանակելով մեռելները իրենց հանգստին առաջնորդող մարդերը։

[101]    Վուվու = աղաւնիին ձայնը: Ահա քանի մը ձայներ։ Դայլայլ, գեղգեղ՝ սոխակինը։ Ճռւող, ճճուանք՝ ճնճղուկինը։ Կառաչ՝ ագռաւինը։ Կռինչ՝ արծիւնը։ Կրկռոց՝ կռունկինը, եւայլն։

[102]    Հրանոյշ = երեւակայական անուն, որուն իրականը ըսուած է վերը։

[103]    Աներերուն = անշարժ: Ճիշտ չէ շարժումը հերքելու համար ժխտական մասնիկները գործածել։

[104]    Հողապատեան կայան = հողով ծածկուած կայան` կենալու տեղ։ Նոյն արմատէն ունինք՝ կայք, տեղի իմաստով, կայարան` որուն իմաստը ծանօթ է ձեզի։

[105]    Աղջամուղջ = կրկնաւոր բարդբառ: Աղջ + ա + մ + ուղջ: Առաջին արմատն է որ եղանակաւորուելով կրկնուած է վերջաբառին մէջ։ Մ–ը՝ թարմատար։ Բառը կը նշանակէ խիտ մշուշ: Մէգ: Մառախուղ։ Բալ։ Աղջ, հոմանիշներ են։

[106]    Կրճիմ = արգելք։ Խանգարում:

[107]    Բոցատերեւ եռանդ = կը թելադրէ երիտասարդութեան կրակէ զուարթութիւնը: Բոցատերեւը՝ պատկեր կը ստեղծէ:

[108]    Խնծիղ = խինդ։ Բերկրանք։ Հրճուանք։ Խայտանք։ Ուրախութիւն։ Հրճիւ եւայլն։

[109]    Դիպիլ = ա. Յարմարիլ։ բ. Հանդիպիլ։ Աշխարհաբարի մէջ այս վերջին ձեւն է որ կը գործածուի։

[110]    Խարուկուիլ = խարոյկի վրայ այրիլ։

[111]    Հրաշէկ գունդ = արեւ։ Անոր սայլը՝ համաստեղութիւնը:

[112]    Ահա բնագիրը: «Ըսքանչելի էր, մա՛յր, կոյսն այն, քան զամենայն սքանչելիս»:

[113]    Տարփելի = սիրելի։ Հին լեզուի մէջ այս բառը չունի աշխարհիկ երանգը։ ԺԲ. դարու մատենագիր՝ Ներսէս Լամբրոնացի, Աստուծոյ հանդէպ սէրը կ՚որակէ տռփալ: Ունինք՝ տռիփը, տարփանքը որոնք աշխարհիկ սիրոյ վիճակներ կ՚որակեն։ 

[114]    Մ. ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ։ (Տե՛ս կենսագրութիւնը՝ ծանօթ. 122)։

[115]    Մրմունջ = մեղմ ձայն։

[116]    Ջեռոտ = տաք + ջերին։

[117]    Աւուրց = օրերու: Այս քերթուածը ուշացած նմոյշ մըն է 1880ի ընթացիկ լեզուին, իր գրաբարաձեւ դարձուածքներով, գրաբար հոլովներով, նախդիրներով։

[118]    Խորշակ = տաք եւ վնասակար հով։ Ունինք սիւք, սղոխ, զեփիւռ, հողմ, հողմիկ, մեղմ հովերու համար։ Քամի՝ ձմեռային ցուրտ հով։ Փոթորիկ, մրրիկ, ամպրոպ, ուրական (ասիկա ֆրանսերէն է), թաթառ, աստիճանական բարձրացող ուժգնութեամբ հովերու անուններ են։ Արեւելահայերուն պորանը չէ ընդունուած մեզմէ: Բուքը ձիւնախառն հովն է:

[119]    Թառամեցոյց = աշխարհաբարի մէջ պիտի ըսէինք թոռմեցուց: Թառամիլին հոմանիշներն են թօշնիլ, խարշամիլ, թարշամիլ եւայլն։

[120]    Գեղաթոյր = գեղեցիկ գոյնով։

[121]    Զանոյշ = անոյշ։ «Զ»ն գրաբար նախդիրն է, որուն գործածութիւնը դադրած է աշխարհաբարի մէջ։

[122]    Մէն մ՚ = ամէն մէկ, իւրաքանչիւր, անձնիւր։

[123]    Ի թօթափ = թօթուել։

[124]    Տապան = գերեզման, շիրիմ, հանգստարան, քնարան, դամբարան, դամբան, հողք, հողուըրտիք:

[125]    ՚Տի = «պիտի»ին սղուածը. վանկ մը շահելու համար։ Բանաստեղծական ազատութիւն կ՚ըսուի ասիկա։

[126]    ՚ւ ագռաւ = ու ագռաւ. նոյն վերի կանոնը։

[127]    Եղերք = լաց. չը շփոթել «եղերերգ»ին հետ, որ այդ լացին բառերը կուտայ: Եղերամայր՝ կիներ, որոնք մեռելները կուլային։

[128]    ԽՈՐԷՆ ՆԱՐՊԷՅ։ Զարթօնքի սերունդին ամէնէն գործօն շրջանին ազգային կեանքին մէջ կարեւոր դեր կատարած, եկեղեցական, գրագէտ. գրած է քերթուածներ, թատրերգութիւն, դասագրքեր, լրագրական յօդուածներ։ Անդամակցած է 1878ի Պերլին ղրկուած պատուիրակութեան: Իր ոճը՝ գրքունակ, չէ կրցած զուտ աշխարհաբար ըլլալ։

[129]    Երթալ = այս քերթուածը հատորի չէ մտած։

[130]    Անհանդէս = առանց հանդիսութեան, ցոյցի։

[131]    Ոստան = կեդրոնական քաղաք, աւելի մեծ բան շէնը, աւանը, գիւղը, քաղաքը, գիւղաքաղաքը։ Մասնաւոր երանգ՝ բարգաւաճումի եւ հարստութեան կեդրոն։

[132]    Թաքթաքուր = թաքուն, գաղտնի։

[133]    Գիտութիւն = գլխագրուած, կը թելադրէ մարդկային ծանօթութեանց ամբողջութիւնը։ Այսպէս ընդարձակուած այդ բառը ունի իրեն հականիշ հաւատքը։

[134]    Իտէալ = ֆրանսերէն բառն է որ նոր լեզուին մէջ դարձած է գործածական, նպատակ, գերագոյն կատարելութիւն իմաստները թելադրելով։

[135]    Հեռակայ ափեր = անհունութեան մէջ տեղեր կը թելադրէ։

[136]    Մշտակայ երջանկութեան ուղին = բանաստեղծը կը հաւատայ թէ անմահ երջանկութիւն մը կայ, տիեզերքին մէջ տեղ մը, եւ ունի իր ճամբան ուր կ՚ուզէ ուղղել ան իր քայլերը:

[137]    Անրջանալ = երազային դառնալ:

[138]    Վէս = սէգ, գոռոզ, հպարտ, ամբարհաւաճ, յոխորտ եւ այլն։

[139]    Անցայգ = առանց գիշերի։

[140]    Անայգ = առանց ցորեկի, արշալոյսի։

[141]    Անրջանք = երազ։ Գլխագրով ընդարձակուած իր իմաստը մօտ է կրօնքներով խոստացուած յաւիտենականութեան։ Հոս՝ նիւթական աշխարհէն հեռու աշխարհներ։

[142]    Սէր = գլխագրուած, կը ձգտի թելադրել ամէնէն մեծ օրէնքներէն մէկը տիեզերքին, որով իրար կը ձգտին, կը ձգուին (կը քաշուին) մարմինները։

[143]    Աքսորուած = կը թելադրէ դրախտէն տարագրուիլը նախածնողներուն. արարքին ետին նոր դրախտ մը փնտռողի ուրիշ ալ թելադրանքով մը։

[144]    Ռ. ՍԵՒԱԿ։ Արուեստագէտ սերունդի կրտսեր թեւէն գրագէտ։ Ունի քերթուածներ, արձակ էջեր, վիպակներ։ Իր քերթողութեան նկարագիրը՝ համամարդկային տառապանքը երգելու ձգտումներ կը պարզէ։ Նահատակուած՝ երիտասարդ՝ 1915ին։