Հայ գրականութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

/126/

ԻԸ. ԴԱՍ
ՊԱՆԴՈՒԽՏ ՎԱՍՊՈՒՐԱԿԱՆՑԻՆ ԻՐ ԸՆԿԵՐԻՆ

Թո՛ղ, եղբայր, թո՛ղ որ իմ սիրտը կըրակ ու բոց վառուած ըլլայ,

Թող իմ աչքը կըլկըլացող [1] պղտոր պղտոր աղբիւր ըլլայ.

Եթէ դուն ալ ունիս արցունք, եկուր ինձ հետ ու լաց ըրէ,

Մեր արցունքը թող ամպ կտրի [2], հայոց դաշտեր անձրեւ ըլլայ։

 

Թողեր ենք փոքր մեր ձագուկներ խեղճ ու կրակ` թոնրի վըրան,

Ախ ի՜մ եղբայր, անոնց արեւ [3], անոնց օրեր մենք ենք տուեր.

Թողեր ենք մեր կողակիցներ վիզը ծռած, գայլու բերան,

Կողակիցներ՝ ապրիլ որոնց հետ մինչեւ մահ ուխտ ենք ըրած:

Թո՛ղ, եղբայր, թող որ իմ սիրտը կըրակ ու բոց վառուած ըլլայ,

Թող իմ աչքը կըլկըլացող պղտոր պղտոր աղբիւր ըլլայ։

 

Քալեր ենք շատ ձոր ու սարեր, արիւն գետերն ալ ենք անցեր.

Մարդ, հըրեշտակ, քար թէ թռչուն, բոլորին ալ զարմանք տուեր.

«Ա՜խ, մեր տղա՜ք», մենք կանչելով ճամբան ամէնն ենք լացուցեր.

Ղարիպ ենք մենք աս երկրի մէջ, ուր անբաններ ենք հաշւըուեր.

Թո՛ղ, եղբայր, թող………………………………………………………

………………………………………………………………………………

 

Մեր ինչի՞ն պէտք գինին, երբ մեր զաւակներ սեւ հաց իսկ չունին.

Մեր ինչի՞ն պէտք օտարին զարդ, երբ մեր ընկերն ըլլայ բոպիկ.

Ի՞նչպէս երթանք տեսնել այն փառքն որ մեր ճակտի քրտինքն ըլլայ.

Օտարին տուն մեզ ի՛նչ շահ, երբ, մեր տունը փուտ գերան չունի:

Թո՛ղ, եղբայր, թող ………………………………………………………

………………………………………………………………………………

 

Այնքան ենք մենք խոնարհեր որ, ամէն մարդ մեզ բեռ կը դնէ.

Աս մա՞րդ է թէ անասուն, իսկի չի կայ հարց փորձ ընnղ.

Մէկ քրտինք մէկ փարայի տանք [4] նորեն շատ հեղ չի կայ առնող.

Մենք փոսի մէջ ինկած ղարիպ, մեր ձեռք բռնող հանող չի կայ.

Թո՛ղ, եղբայր, թող………………………………………………………

………………………………………………………………………………

 

/127/ Սա երկինքին հաւքերը [5] տես, ի՞նչպէս կ՚երթան ճըլվըլալով.

Որը ձագն է առեր թեւին, կուտ կը տանի որն ալ ձագին.

Մարդ ենք մենք ալ, Հայու տղայ, կեանք կ՚անցունենք ահուզարով [6].

Մենք կեանք չունինք, մահէն վախցո՜ղ, կը լեցուի մեր հողքը փուշով…

Թո՛ղ, եղբայր, թող………………………………………………………………

………………………………………………………………………………………

 

Եթէ հովեր զարնեն իրար, տեղ մը չունինք ծածկուելու.

Եթէ ամպեր թափեն կարկուտ, տուն մը չունինք պաշտպանուելու.

Եթէ երկինք պարզ ալ ըլլայ, խելքը չունինք վաստըկելու.

«Օ՜հ, այս ինչ լավ օր է», կ՚ըսենք, դըրամները տալով գինու…

Թո՛ղ, եղբայր, թող………………………………………………………

………………………………………………………………………………

 

Չորս կողմերնիս ծովերն առեր, մենք չոր կղզի ենք մնացեր.

Երբ ես կ՚ըսեմ շինենք նաւակ, դուն գինով ես թաւալգըլոր.

Կու գայ ո՛ր մէկն ալ կոտրելու՝ նաւն իմ շինած, յիմարաբար.

Օրէ օր ծով կը բարձրանայ, շատեր խեղդեց, եամա՜ն, մէկ ճար.

Թո՛ղ, եղբայր, թող………………………………………………………

………………………………………………………………………………

 

Եկուր եղբայր, եկուր մ՚ըներ այդ քու սիրտը քարի նման,

Թէ կը սիրես քու Քըրիստոս, քու պապերու սուրբ գերեզման։

Ու մեր բոլոր տըղաքն հայոց՝ «ղարիպ», պանդուխտ հաւսարապէս

Եկէ՛ք, եկե՛ք, տանք մեր քրտինք, մեր վիշտն ու ցաւ գրչի բերան,

Հաշուենք, ըսենք, «վայ է մեզի», փխրին մեր սիրտ, աչք կըլկըլայ,

Մեր արցունքներ ամպ թող դառնան, վըրան դաշտին հայոց խաղան:

 

ՏԻԳՐԱՆ ԱՄԻՐՃԱՆԵԱՆ [7]

 

ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆ. Այս քերթուածը, թեթեւ հպումով, վերածուած է արեւմտահայ աշխարհաբարի. ահա բնագրէն քանի մը տուներ։

 

ՊԱՆԴՈՒԽՏ ՎԱՍՊՈՒՐԱԿԱՆՑԻՆ ԻՐ ԸՆԿԵՐԻՆ

Գ

 

Քելեր ենք շատ սար ու ձոր, արուն գետերն էլ անցեր ենք,

Էս մարդ է, թէ հրեշտակ է, քար է թէ հաւք` զարմացրեր ենք,

Ա՜խ մեր տղերք կանչելով ճանապարհ զըմէն լացուցեր ենք,

Ղարիպ ենք էս երկրի մէջ, ուր որ անբան հեսաբւեր ենք.

Թո՛ղ ախպէր, թո՛ղ որ իմ սիրտ կրակ ու բոց վառւած էլնի,

Թող իմ աչք կլկլացող պըղտոր–պղտոր աղպիւր էլնի։

 

Դ

Մեզ ինչի՞ խամար գինի, երբ մեր տղեք սեւ խաց չունին,

Մեզ ի՞նչ պէտք օտարին զարդ, երբ մեր ընկեր պէօպիկ էլնի,

Է՞ր երթանք տեսնել էն փառք, որ մեզ ճակտի քրտինք էլնի,

Օտարին տուն մեզ ի՞նչ շահ, երբ մեր տուն փուտ գէրան չունի.

Թո՛ղ ախպէր, թո՛ղ որ իմ սիրտ կրակ ու բոց վառւած էլնի,

Թող իմ աչք կլկլացող պղտոր–պղտոր աղպիւր էլնի։

 

Զ

 

Էս երկնուց խաւքերը տե՛ս, ի՛նչպէս կ՚երթան ճլւըլալով,

Որ՝ ծեագն ի առեր թեւին, որ՝ կուտ կըտանի ուր ծրագերին,

Մենք մարդ ենք, խայու տղայ, կեանք կ՚ընցուցենք ա՜հ ու զարով.

Կեանք չունենք մահէ կըվախնանք, մեր գերեզման կ՚լցւի փշով։

Թո՛ղ ախպէր, թո՛ղ որ իմ սիրտ կրակ ու բոց վառւած էլնի,

Թող իմ աչք կլկլացող պղտոր-պղտոր աղպիւր էլնի:

 

Թ

 

/129/ Արի՛ ճան ախպէր, արի՛, սիրտըդ մ՚աներ քեարի նման,

Թէ կըսիրես քեօ Քըրիստոս, քեօ պապերու սուրբ գերեզման։

Ու զըմէն ղարիպ կուրպաթ հայու տղէք խաւuարական,

Եկէք տանք մեր քրտինքներ, մեր ցաւ ու դարդ կալմի պէրան,

Հէսապենք, վա՜յ մեզ ասենք, մեր սիրտք փխրին, աչք կլկլան,

Մեր արտասունք ամպ թող դառնան հայոց դաշտին վէրէն խաղան։

 

ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄ

 

1. Այս քերթուածին սեռը: (Օտարներուն մէջ élégie կոչուած, մեր մէջ նորերը զայն կ՚անուանեն տաղ: Յիշել մեր րօմանթիքներուն տաղերը: Հին լեզուին մէջ՝ անոր իմաստը)։

2. Ինչո՞վ կը զատուի անիկա

Ա) Գրական տաղերէն (լեզու, բացատրութեանց ձեւ, բառեր, զգայնութիւն)։

Բ) Ժողովրդական տաղերէն (այս վերջիններուն մեծ յատկանիշներն են ձեւի մեծ ժուժկալութիւն, զգացման թարմութիւն, բարբառի շեշտ հարազատութիւն։ Տեղական գոյն, պատկերներու առատութիւն, շատ քիչ` հռետորական խաղ ու գրականութիւն)։

3. Բնագրին հետ համեմատել քերթուածին քանի մը տուները, հաստատելու համար՝

Ա) Տեղական գոյն

Բ) Երաժշտական արժէքներ

Գ) Անմիջական հաղորդականութիւն

Դ) Հայեցի զգայնութիւն՝

որոնք փոխադրուած արդի աշխարհաբարին, քիչ չափով տոյժի կ՚ենթարկուին։ Ինչո՞ւ այս յաջողութիւնը։ Ի՞նչ յատկութիւններ կը միջամտեն այս արդիւնքին համար (ծանրանալ բնագրին մէջ գրական յաւակնութեան պակասին. քերթողին մեծ անկեղծութեան. ժողովուրդ տարրին գերակայութեան)։

4. Մօտեցնել այս քերթուածով արտայայտուած վիճակը

Ա) Կռունկին

Բ) Հրանդի «Պանդուխտի Կեանքէն» դրուագումներուն, հասնելու համար հաստատ եզրակացութիւններու: Կռունկէն՝ բիւրեղացած հոգեբանութիւն. Հրանդէն՝ պղտոր ու խոր զգայնութիւն ու սրտառուչ բաթէթիք:

5. Ինչո՞ւ չենք յոգնիր սա ծանրատաղտուկ չափէն, (4+4+4+4ը մեր լեզուին ամէնէն միօրինակ քերթողական տարազներէն մէկն է 5+5ին հետ)։

6. Ինչո՞ւ չենք այցուիր յանգի պահանջէն։ (Ծանրանալ՝ բուն բանաստեղծութեան եւ տաղաչափութիւն որակուած ոտանաւորին միջեւ գոյ մեծ անջրպետին)։

/130/ 7. Ո՞րչափով վերի քերթուածին մէջ ժամանակին մեծ յուզումները տեղ ունին։

8. Ինչո՞վ անիկա հանրային իր պարունակութիւնը, աւելի յաւակնոտ բացատրութեամբ՝ ձգտումը ազատած է հասարակութենէն որով վիրաւոր են այդ շրջանի այդ երակէն մեր բանաստեղծութիւնները, գրաբար թէ աշխարհաբար, մանաւանդ հայրենասիրական որակուած երգերը:

9. Քերթուածին մէջ խնամքի պակասը վնաս բերա՞ծ է անոր:

10. Մօտեցնել ձեզի ծանօթ քանի մը հայրենասիրական երգերու, օրինակ Արիք հայկազունք, Տէր կեցո, Իմ սիրելի զաւակունքս։

 

 

ՇԱՐԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

(Վերլուծման յատակագիծին երկրորդ բարակրաֆը)

Ա. ԳՐԱԿԱՆ ՏԱՂԵՐ

 

(Դուք պիտի գտնէք անոնցմէ նմոյշ այս հատորին մէջ Պէշիկթաշլեան, Ալիշան եւայլն)։

Ա) Ասոնց լեզուին բարձրութիւնը, գրաբարին անայժմէ պերճութիւնը, կեանքէն հեռու իր նկարագիրը։

Բ) Մտածում եւ զգացում տալու ընդհանուր եղանակը որ մշակուած ու կիրթ ճաշակի մը կը հպատակի անոնց մօտ։

Գ) Բառերը որոնք մեծ չափով վերացեալ են, կեանքէն հեռու:

Դ) Զգայնութիւնը՝ որ ասպարէզէն գրագէտներու մօտ յաճախ նիհար կ՚իյնայ, շատ սպառուելուն: Ներշնչումը պարապ բառ մը չէ։ Քերթողները քիչ զգացումը շատ ցոյց տալու կը ձգտին:

 

Բ. ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ՏԱՂԵՐ

 

Ա) Ձեւին ժուժկալութիւնը. (ժողովուրդը մեծ չափով կը ստեղծէ. բայց նոյն չափով ալ կը թաղէ։ Կը դիմանան ամէնէն ժուժկալ կառոյցով գործերը, քանի որ յիշողութիւնն է անոնց գիրքը. մարդ անարժէք բաները շուտ կը մոռնայ):

Բ) Զգացման թարմութիւն. (ինչ որ իբր ժողովրդային հարազատ ստեղծում եկած է մեզի, միշտ թելադրուած է հզօր յուզումներէ։ Եւ այդ յուզումները իրական են ամէն ատենի համար: Ամէն խորունկ յուզում ուշ կը պաղի ու ատոր արտայայտութիւնը եղող քերթուածն ալ երկար ատենի համար կը պահէ իր թարմութիւնը: Ասիկա այսպէս է ամէն ժողովրդական ստեղծումի համար)։

Գ) Հարազատութիւն բարբառի. (ամէն բառ փոխանորդն է հարազատ զգացումի։ Ո՛չ մէկ արուեստական յարդարանք՝ անոր գործածութեան ատեն):

/131/ Դ) Տեղական գոյնը հետեւանքն է բառին, ու ոճին՝ որ այդ բառը կը կնքաւորէ համաձայն հողին, ջուրին, oդին ու մարդ տարրին համահաղորդ մղումին։

Ե) Պատկերները կեանքէն կը բխին. ու առատ են անոնք։ Փողոցի մը մէջ, ամէն օր, ժողովուրդը այնքան փոխաբերութիւն կը ստեղծէ, որքան չեն կրնար ամբողջ տարի մը տպուած գիրքերը՝ բոլորը մէկէն, նոյն այդ ժողովուրդէն։

Զ) Ժողովուրդը խնայող է. շիտակ գիծը կը սիրէ: Ասկէ՝ զգացման պարզագոյն ձեւը, ինչպէս անոր արտայայտման ամէնէն քիչ գրականը։

Այս աշխատանքը կը շահի երբ առատ մէջբերումներով լուսաւորուին մտածումները: Կոմիտասի երգերուն՝ բնագիրները, հին ազգային երգեր, գիրքին մէջ գոյ քերթուածներ ձեզ կը ծառայեն ատաղձ։ Առանց յաւակնութեան՝ գործածել օրինակները։

Չմոռնալ բարակրաֆէ բարակրաֆ անցքի համար փոքր յարդարանքը, կամուրջը որով կը ստեղծուի անհրաժեշտ միութիւնը մեր աշխատանքին:



[1]       Կլկլացող = գլգլացող։ Խոխոչել, սուրսուրալ (գաւառաբարբառ)։

[2]       Ամպ կտրիլ = ամպ դառնալ (խոտելի ձեւ է, թրքաբանութիւն)։

[3]       Արեւ տալ = «Արեւ»ը մեր ժողովրդական ասութեանց մէջ կը մտնէ, ստեղծելով գեղեցիկ պատկերներ։ Կանանչ արեւ կը նշանակէ երիտասարդ։ Վայ արեւնակնիս՝ արտայայտելու համար խորունկ բեկում: Արեւը քեզի` մխիթարելու ատեն ննջեցեալի մը պարագաները։ Արեւով գինով՝ երգի մը տողն է։

[4]       Մէկ փարայի տալ = կ՚արտայայտէ աշխատանքին արժէքէ զուրկ  ըլլալը այդ գաւառներուն մէջ ուր մեր երիտասարդները, իրենց հողէն զրկուած, իրենց բազուկները կը ծալլէին նստելու համար իրենց հիւղերուն առջին, անօթի եւ յուսակտուր:

[5]       Հաւքեր = թռչուններ: (Հին առում):

[6]       Ահուզար = օտար բառ է, բայց այնքան շատ գործածուած է մեր ժողովուրդին կողմէ որ գրեթէ հայացած է, ինչպէս եարը, զուլումը, ճանը, օճախը։ Ինչպէս քիչ մը վար՝ եամանը։

[7]       ՏԻԳՐԱՆ ԱՄԻՐՃԱՆԵԱՆ։ Վանեցի։ Կէս գրական, կէս գեղջկական բարբառով իր ոտանաւորին մէջ, կայ խոր անկեղծութիւն, տեղական գոյն ու հայեցի նկարագիր։