Դ.
ԴԱՍ
ՍՈՎԻ
ՄԸ
ՆԿԱՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ
Անկէ
յետոյ
կը
սկսէր
կործանարար
սովը
[1]:
Ու,
Արարատեան
աշխարհին
ծնունդները
[2],
գունատ
ու
լքուն,
դիակներու
նման,
կը
դանդաչէին
[3]
քաղաքներու,
գիւղերու,
ագարակներու
մէջ։
Ու
հարուստներէն
շատեր՝
օրուան
պարէնին
համար,
քիչ
քիչ
վատնելով
իրենց
ստացուածքները
կը
հասնէին
յետին
տնանկութեան,
աղքատութեան
ու
կարօտութեան
[4]:
Ու
անոնց
կէսը,
սովէն,
խոտաբուտ
[5]
կեանքի
մը
հարկադրուած`
դիպուածով
մոլեխինդ
[6]
կամ
ուրիշ
վնասակար
բանջարեղէններ
ճարակելով
կ՚ենթարկուէին
մահուան
ապականութեան,
վասնզի
սովին
վտանգը
զանոնք
կը
ստիպէր
ամէն
բան
ուտելու:
Ոմանք
ալ
իրենց
սիրելի
որդեակները
շատ
չնչին
ռոճիկով
մը
[7]
թշնամիներուն
ծախելով,
չէին
յիշեր
ծնողական
աղեկոտոր
[8]
խնամքները:
Ու
պատուական
[9]
կիներ,
կարօտութեան
ստիպումէն՝
քօղերը
վերցուցած
իրենց
գլուխներէն,
ու
զգեստները՝
իրենց
անդամներէն,
առանց
ամչնալու,
մուրալով
կը
պտտէին
հրապարակներու
վրայ։
Ուրիշներ`
ծիւրած,
ծնգած,
ցամքած
[10],
unվին
սարսափներուն
մէջ,
մեռեալ
արձաններու
[11]
նման
կը
դանդաչէին,
ու,
անօթութեան
պատճառով
հոս
ու
հոն
իյնալով,
իրարու
բախելով,
զիրար
կը
տապալէին։
Ուրիշներ՝
բազմակոյտ
դիակներու
նման,
հրապարակներու
վրայ
ինկած
ու
լքուած,
շունչերնին
հատնելու
վրայ,
կ՚աղերսէին
անցորդներուն
որպէս
զի
կտոր
մը
հաց
կարկառէին
ու
իրենք
այդպէս
մեռնէին։
Իսկ
եթէ
հարուստները
անոնց
ողորմութիւն
մը
տային,
քիչ
ետքը
կը
վերադառնային
իրենց
կարծրասիրտ
ու
անողորմ
բարքերուն
[12]
վասնզի
կը
վախնային
թէ
իրենք
ալ
կրնային
ենթարկուիլ
անոնց
/17/
վիճակին:
Վերցուած
էր
սեղան
շտկելու
սովորութիւնը,
վասն
զի
սաստիկ
պէտքին
առջեւ,
ցորենը
դեռ
չաղցուած
կամ
ալիւրը
չթրուած
կ՚ուտէին։
Ուրիշներ
աղահումը
[13]
կրակարաններէն
յափշտակելով
կը
լափէին։
Ու
ինչ
որ
ձեռք
կը
ձգէին,
չարչարանքի
կերակուր
մըն
էր,
տաժանելի
[14]
եւ
ողորմելի:
Դողում
ու
սոսկում
ու
սարսափ
[15]
զիս
կը
պատէ
[16]
հոս
այն
բանին
համար
որ
պիտի
ըսեմ:
Բայց
արժանահաւատ
[17]
անձեր
ստուգեցին
ասոր
ճշդութիւնը:
Այսինքն
թէ
մայրերէն
ոմանք
իրենց
սովամահ
որդիներուն
մարմինները
իրենց
կերակուր
պատրաստեցին,
եւ
ուրիշներ,
իրենց
ընկերակիցները
գաղտակծութեամբ
[18],
ոչխարի
նման
սպանդանոց
տանելով,
անոնցմէ
կերակուր
շինեցին
իրենց:
Ու
անոնք
որ
գիրկերով
գրկուած
ու
գգըուած
էին,
կը
թարթափէին
ու
կը
թաւալէին
աղբիւսներու
մէջ,
աղբերը
գրկելով,
իբր
կերակուր
ուտելով
զանոնք:
Դիեցիկ
[19]
մանուկներու
լեզուները,
ծարաւէն,
փական
իրենց
քիմքերուն,
որովհետեւ
մայրերը
կաթ
չունէին:
Տղաք
չորացեկ
հաց
կ՚աղերսէին
ու
արցունքը
կը
վազէր
անոնց
ծնօտներէն
ու
չկար
մէկը
որ
հաց
տար
անոնց։
Ու
այսպէս
հատած,
քաշքշուած,
հոգինին
ելած
իրենց
մօրը
ծոցերուն
վրայ,
կ՚իյնային
ցրիւ
ու
ցնդած,
թէ
ծնունդները,
թէ
ծնողները`
անոնց
հետ:
Այսպէս
ապականութեան
մատնուեցան
ահա
մեր
ժողովուրդին
զաւակները
մեր
անօրէնութեանց
երեսէն
ու
քիչ
ատենի
մէջ
ճռաքաղ
[20]
եղան:
…
Ու
մերկ
մարմինները
նետուած
կը
մնային
փողոցներու
եւ
հրապարակներու
վրայ,
եւ
սարսափելի
ու
անարգ
տեսիլ
մը
կը
ներկայացնէին
դիտողներուն,
այնպէս
որ
նոյնիսկ
թաղել
կարելի
չէր
ատոնք:
Ու
կեր
կ՚ըլլային
շուներուն,
շաղղակեր
[21]
գազաններուն
եւ
թռչուններուն:
Այսպէս
վարժուելով՝
առատացան
գիշամուխ
[22]
գազանները,
զօրացան
ու
բազմացան
աշխարհակեր
գայլերը,
եւ
անկէ
յետոյ
դիակի
փոխարէն
ողջ
մարդերը
անբան-անասուններու
նման
իրենց
ժանիքներովը
մանրելով,
աղալով
[23]
կ՚ուտէին:
Ու
այդ
գազաններուն
ճիրաններէն
կը
հնձուէին
հաւասարապէս
ազնուականն
ու
անարգը։
[24]
…
Այսպէս
տարածուեցաւ
մահը
եւ
լիզաջինջ
[25]
ըրաւ
Ասքանազեան
ազգը
[26]
։
(Պատմութիւն
Հայոց)
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ
Ե.
ՊԱՏՄԱԲԱՆ
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
[27]
/19/
ՇԱՐԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Անօթի
տղեկ
մը
Թելադրութիւններ:
1.
Զետեղել
տղան
որոշ
տեղ
մը։
Շրջապատին
վերարտադրութիւնը
կատարել
առանց
կեղծիքի:
Ըսել
կ՚ուզեմ
սենեակին
խորէն
երեւակայուած,
տարտամ
ու
գրեթէ
չտեսնուած
տեղի
մը
պիտի
չկապէք
ձեր
տղան։
Ոչինչ
այնքան
զօրաւոր
է
եւ
տպաւորիչ
որքան
իրականութիւնը:
Դրէք
ձեր
տղան
տեղի
մը
մէջ
որ
շատ
ծանօթ
է
ձեզի,
որ
ազդած
է
ձեր
վրայ։
Կրնայ
ատիկա
ըլլալ
աղբիւրի
մը
մօտ,
եկեղեցիի
մը
դուռին,
պողոտայի
մը
ափին:
Էականը
հարազատ
անկիւնն
է
որ
կ՚ուզենք:
2.
Արտաքին
նկարագրութիւն:
Զգուշացէք
թուումէն
որ
չի
նկարեր,
այլ
կը
դիզէ:
Երբեք
կանոնաւոր
գնացքով
մը
մի՛
սկսիք
մազերէն,
ճակատէն,
աչքերԷն,
դէմքէն,
քիթէն:
Ատիկա
ձանձրոյթն
իսկ
պիտի
ըլլար
մարմնացած։
Այդ
բոլոր
տարրերը
կրնաք
շահագործել,
բայց
զանոնք
հալեցնելով
ընդհանուր
ամբողջութեան
մը
մէջ
որ
անօթութեան
պատկերացումն
է
հոս:
Հետեւաբար
ամէն
գիծ
պիտի
խառնուի,
բարեխառնուի
կեանքի
շունչով։
Արտաքին
նկարագրութիւնը
միշտ
օժանդակ
պիտի
նկատէք
ու
անոր
մէջ
չափը
պահելու
համար
միշտ
պիտի
ընդհատէք
անոր
քալուածքը:
Բայց
մի
մոռնաք
որ
բոլոր
ընդհատումները
նպատակ
ունին
ձեզ
նետելու
ձեր
բուն
նիւթին,
որ՝
/20/
3.
ԿԵԱՆՔՆ
Է
ամէն
գինով։
Ուրեմն
դուրսէն
քաշուած
ամէն
գիծ
պիտի
պատասխանէ
ներքին
յուզումի
մը,
խռովքի
մը:
Գոյն,
զգեստ,
նայուածք,
դողացող
ձեռքեր,
խռիւ
մազեր
իրարու
պիտի
կապուին
միակ
ու
զօրաւոր
կեդրոնի
մը
վրայ
որ
անօթութիւնն
է
դուրսէն
ու
ներսէն
դիտուած։
4.
Անձնական
փորձառութեան
մը
հաւանական
նպաստը։
Գուցէ
պատահած
ըլլայ
ձեզի
անցած
ըլլալ
նման
վիճակէ
մը։
Այդ
ատեն՝
ազատ
էք
շահագործելու
ձեր
փորձառութիւնը։
Պիտի
ծանրանաք
մանաւանդ
ֆիզիքական
տառապանքին,
ու
ատոր
հետ
արթնցող
զանազան
կարգէ
զգայութիւներուն,
ինչ
նկարագիր
ալ
ունենան
անոնք:
5.
Չտարածուիլ։
Կրկնութիւններէ
զգուշանալ։
Չկռթնիլ
հոմանիշ
վիճակներու:
Նախադասութիւնները
պահել
ամփոփ։
[1]
Սով
=
այս
կտորը
առնուած
է
պատմաբան
Յովհաննէս
կաթողիկոսի
Պատմութիւն
Հայոց
գիրքէն:
Յուսուփ
ոստիկանին
անխնայ
հալածանքներովը
ու
ջարդերովը
Հայաստանի
բնակիչները
կը
նուազին:
Հետեւանք՝
մշակութիւնը
կը
դադրի.
Ողջ
մնացողները
չեն
համարձակիր
իրենց
ծերպերէն
ու
անառիկ
ամրոցներէն
վար
իջնել։
Ու
սովը
կը
սկսի
(Ժ.
դար
918)։
–
Պատմաբանը
հռետորական
ընդլայնումներով
նկարագրած
է
սովը։
Այս
ոճը
ինք
քերթողական
կ՚անուանէ:
Հակառակ
այս
զարդարանքին,
խորքը
հաստատ
դէպքերու
շարք
մըն
է։
Մանրամասնութիւնները
տուժած
են
անշուշտ։
[2]
Ծնունդ
=
ա.
ծնելու
գործը
բ.
ծնածները։
[3]
Դանդաչել
=
ա.
ասդին
անդին
տատանիլ
բ.
Բանդագուշել։
[4]
Կարօտութիւն
=
հոմանիշներու
այս
կուտակումը
մեր
հին
մատենագրութեան
մէջ
շատ
յարգի
ձեւ
մըն
է:
[5]
Խոտաբուտ
=
խոտ
+
բուտ,
բուտ՝
կեր,
բոյծ
=
խոտով
սնանող:
[6]
Մոլեխինդ
=
թունաւոր
բոյս
մը,
հովանոցաւորներու
ընտանիքէն:
Կը
նմանի
ազատքեղին,
գոյնը
մուգ
կանաչ.
հոտը
պժգալի։
Անկէ
հանուած
թոյնով
կը
մեռցնեն
մահապարտները
(Աթէնք)։
Թունաւորումը
կ՚ազդէ
ջիղերուն
(թմրութիւն,
գլխու
պտոյտ)։
Կ՚ըսուի
նաեւ
մոլախինդ։
[7]
Ռոճիկ
=
թոշակ.
ամսական
վարձք։
Հոս՝
դրամ,
պարէնագին:
[8]
Աղեկոտոր
=
աղիք
+
կոտոր։
Աղիքը
հիներուն
համար
կեդրոն
կը
նկատուէր
գութի
զգացումներու։
Այսպէս՝
աղեգալար,
աղեխարշ,
աղեկէզ,
աղիողորմ
եւայլն։
Աղեկոտոր՝
ուրիշ
ձեւով
ալ
աղեկտուր՝
աղիքները
կտոր
կտոր
ընող։
[9]
Պատուական
=
հին
իմաստը՝
ազնուական,
մեծայարգ։
[10]
Ցամքած
=
տե՛ս
ծանօթութիւն
91:
[11]
Արձան
=
կուռք։
Հոս՝
մարմին:
Պէտք
չէ
գայթակղիլ
որ
արձանները
կը
շարժին։
Պատմաբանը
իր
եռանդին
մէջ
այդ
կարգի
անբնականութիւններ
չի
տեսներ:
[12]
Բարքեր
=
պատմաբանին
համար
հարուստներու
բնական
վիճակը,
բարքը՝
անգթութիւնն
է։
[14]
Տարժանելի
=
տաժանելի,
չարչարագին:
(Ր)ն
կ՚իյնայ
երբեմն,
երբեմն
կ՚աւելնայ։
[15]
Սարսափ
=
տե՛ս
ծանօթութիւն
91։
[16]
Պատել
=
երբեմն
եզակի
բայը
յոգնակիի
տեղ
եզակի
կը
դրուի
երբ
ենթակաները
հոմանիշ
ըլլան:
[17]
Արժանահաւատ
=
բնագիրը
կը
գործածէ
հաւատարիմ՝
որուն
իմաստը
բաւական
տարբեր
է
ներկայ
լեզուին
մէջ:
[18]
Գաղթակծութիւն
=
նենգութիւն,
խաբէութիւն,
խարդաւանք:
[19]
Դիեցիկ
=
կաթով
ապրող։
(Դիեցնել,
դիեցում,
ստնդեաց):
[20]
Ճռաքաղ
=
ճուռ
+
քաղ՝
Ճուռ՝
ողկոյզի
ճուտեր
որոնք
այգեկութքէն
յետոյ
կը
մնան
որթերուն
վրայ։
Ասոնց
քաղումը
աղքատներէն՝
ճռաքաղ։
Նոյնը,
ցորենին
համար,
հասկաքաղ։
[21]
Շաղղակեր
=
շաղիղ
+
կեր։
Շաղիղ՝
դիակ:
[22]
Գիշամուխ
=
գէշ
+
մուխ
=
գիշ՝
դիակ:
Մուխ՝
մխել
բային
արմատը:
Գիշամուխ՝
դիակներու
մէջ
մխուող,
մխող
(ճիրան,
ժանիք)
կտուց
եւայլն):
[23]
Աղալով
=
ահաւոր
ճշդութիւնը
պատկերին:
Ու
հեգնութի՜ւնը:
[24]
Անարգ
=
ա,
ստորինս
բ.
Դասակարգային
բացատրութիւն
մը
ոչ
ազնուականներուն
յատուկ,
ռամիկ,
գեղջուկ
եւ
այլն:
[25]
Լիզաջինջ
=
լիզել
եւ
ջնջել
բայերուն
արմատները։
[26]
Ասքանազեան
ազգ
=
հայկական
ազգ:
[27]
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ։
Թ.
դարու
գրագէտ-կաթողիկոս:
Գրած
է
Հայոց
Պատմութիւն
մը,
սկսելով
աշխարհի
ստեղծումէն,
ինչպէս
սովորութիւն
էր
այն
շրջանին։
Իր
գործին
այն
մասը,
ուր
ականատես
է
ինքը,
շահեկան
է
իր
կենդանութեամբը,
նոյնիսկ
չափազանցութիւններովը։
Դէպքերուն
շատ
մօտէն
կապուած
(իր
կաթողիկոսի
դիրքը
պատճառն
է
այդ
կացութեան),
իր
անձին
վրայ
զգալով
ահաւոր
բռնակալութեան
մը
(արաբական
ոստիկանները
եզական
մնացին
այդ
գետինին
վրայ)
ամբողջ
նրբացած
վայրագութիւնները,
ան
նկարագրած
է
իր
երկրին
ճակատագիրը,
անողոք
անկարողութեամբ
մը,
այդ
օրերու
մեր
իրերամարտ,
խամաճիկ
արքաներուն
գձձութիւններն
ու
հերոսական
զոհաբերումները,
արաբական
արշաւանքները
իրենց
տակաւին
չպաղած
զայրոյթին
թափովն
ու
մեր
դիմակալումին
ոչնչութեամբը,
բոլորը
հռետորական,
զարդարուն
ոճով
մը
որուն
խորքը
դժբախտ
դէպքերուն
դժոխքը
կ՚եռայ
ու
կ՚եռայ։