Հայ գրականութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

/56/

ԺԵ. ԴԱՍ
ԱՒԵՐԱԿՆԵՐՈՒ ՄԷՋ

Ա՜, ալ հիմա աւերակներուն վրայ ենք. ինքնամփոփման ու երկիւղածութեան [1] տարտամ [2] զգացում մը կը գրաւէ զիս։

Պարիսպներուն [3] շարքին մէջ, ամրոց մը [4], կոր [5] ու գլանաձեւ, ամէնէն աւելի անվթար [6] մնացած է իր սոսկավիթխար [7] հիմնաքարերուն [8] վրայ, նման շանթահարեալ հսկայ ծառի մը որ այրիլ մրկելէն [9] ալ յետոյ, իր սպիացեալ [10] հաստամարմին իրանը կը յամառի դեռ ցցուեցնել [11] իր կոճղին [12] վրայ: Բայց այս ամրոցը, ռօմանական [13] ոճով կառուցուած միակտուր ու սպիտակ քարերէ, անհուն ու ձիւնաթոյր [14] պարանոցի մը տեսքն ունի մանաւանդ, ուրկէց գլուխը կտրեր փրցուցեր են. եւ վիմակերտ [15] այդ պարանոցին տակ՝ աւերակներուն կոտրտուքը՝ հոն ինկած կուտակուած, քարեղէն փրփուր մը [16] կը ձեւացնեն, հսկայ այդ վիզին շուրջը, հսկայ մարգարիտներու մանեակ մը ձեւացնելով կարծես [17] ։

Կոր շրջափակ [18] մըն է ամրոցը, խոշոր, ահռելի ջրամբարի մը տեսքով։ Սակայն ջրի հեղուկին [19] տեղ անզուսպ, լեռնատունկ [20] ու քստմնելի [21] փշենիներ [22] վայրենացեր, ապաստաներ են անոր մէջ, գծելով կանանչի ալիքներ [23], ծածանուտ, դիւրախտիղ [24], հովին ամէնէն մեղմիկ գգուանքին տակ. ամրոցն ամէն օր քար մը կը նետէ, իրմէն բեկոր մը` այդ անսանձ տատասկներուն [25] վրայ, առանց անոնց խօլ ուռճացումը [26] խափանելու. եւ ի տես [27] կանաչի այդ կատաղի յարձակումին [28], կը փորձուիս կասկածիլ թէ բնութիւնը քէն [29] պահած ըլլայ այդ մարդկային անարգ ձեռակերտին դէմ, որ իր անոտնակոխ [30] սարերուն կուսութիւնը կը պղծէ [31] հոն. այդ աւերակներուն վրայ է նետեր իր բոյսերն ու տունկերը որք [32] կը պլլուին անոր որմերուն, վեր վեր կը սողոսկին [33], երկու քարերու միջեւ ամէնէն փոքր ճեղքն իսկ պատրուակ մը ընելով, իրենց հաստաբուն արմատները զետեղելու անոնց մէջ։

Բայց սանդուղին միջին աստիճաններուն վրայ ենք: Բարեկամս կը կեցնէ զիս յանկարծ, մատնանիշ [34] ցոյց տալով ինձ վարը, ամրոցին շրջափակին տակ դռնակ մը` աննշմար, ծածուկ որ ատեն մը ամրոցէ ամրոց գաղտնի հաղորդակցութեանց իբր միջոց ծառայած է անշուշտ. տարի մը առաջ, կը յարէ բարեկամս, զգածեալ [35] ձայնով մը, հոն այդ դրան մէջ ածխա/57/ցեալ դիակ մը գտնուեր է. միջադէպը [36] պաղ կը թողու զիս սակայն, բոլորովին անտարբեր. այդ ոճիրը հոս, այս բերդերուն մէջ որ մարդոց մէկ սպանդանոցն է եղած ատենօք՝ եղեռնի [37] մանրուք-դրամ մը կ՚երեւնայ ինձ սոսկ։

 

(Հովկուլը պատմուածք)

ՏԻԳՐԱՆ ԿԱՄՍԱՐԱԿԱՆ [38]

 

/59/ ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄ

(ՅԱՏԱԿԱԳԻԾ)

 

1. Հանել գրուածքին յատակագիծը . Ամրոցին դիրքը: բ. Շրջավայրը։ գ. Միջադէպ մը)։ Այս խորքին վրայ գրագէտը կը փորձէ գրելու իր կերպին (թէքնիկ) մէկ քանի առաքինութիւնները.

1. Ժուժկալ գծագրութիւն մը որ առարկաները կը պահէ խոշոր գիծերուն հասողութեանը տակ ու չի մոլորիր աւելորդ մանրամասնութեանց մէջ։

2. Նոյնքան ժուժկալ արտայայտութիւն մը որ ամէն բառի ծանրութիւն մը կը հաղորդէ եւ զայն (բառը) անհրաժեշտ կ՚ընէ նախադասութեան կազմին:

3. Մարդկայնականութիւն մը որ կ՚ընկերանայ շարունակ տեսարանին։ Զուտ, նկարչական նկարագրութիւնը պիտի պահանջէր աւելի արուեստ, ինքզինքը արժեցնելու համար: Մարդկային տարրին այս միջամտութիւնը մթնոլորտ կը ստեղծէ ու քարերն ու տունկերը կը դադրին պարզ անուանումներ ու թուումներ ըլլալէ։

ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆ. Այս հատուածը վերցուած է «Հովկուլը» անուն պատկեր-պատմուածքէ մը։ Իզմիրէն անցած ատեն Գրագէտը փափաք կ՚ունենայ այցելելու քաղաքը կռնակող պարիսպներու գետնաթաւալ շղթան։ Կը տեսնէ աւերակները եւ անոնց մէջ մնացած հովկուլը (որ հով կուլ կուտայ)։

 

ՇԱՐԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Շարադրել նման ՊԱՏԿԵՐ ՄԸ

Թելադրութիւններ:

1. Տեղը: (Անշուշտ յատուկ անուն մը։ Բոլոր մեր տղաքը փորձառութիւնը ունին նման տեղերու: Աւերակին տեսակը պարիսպ, եկեղեցի, մատուռ, գիւղ, եւ այլն –։ Մեծ գիծեր։ Պատճառներ որոնք ձեզ հոն տարած են)։

2. Պահը: (Եղանակ, օրուան ժամը: Ասոնց ազդեցութիւնը տեսարանին վրայ։ Այս գիծերը ըլլալու են արագ, կտրտուած ու բաժնուած։ Նոյն ատեն մասնաւորող: Այսինքն՝ անոնցմէ որոնք յատուկ ըլլան միայն այդ տեղին ու պահին: Առաջին ու վազող ակնարկ մը պիտի չհասնէր անոնց սեւեռումին: Պարտք կը ներկայանայ ուրեմն թափանցումի որ ենթակայ է միշտ խոր ու զննող ուշադրութեան)։

3. Մտածման մաս մը։ Ձեր տեսնելու եղանակէն կախում ունի այս մտածումին նկարագիրը: Աւերակին ձե՞ւը, ընդարձակ լքուածութի՞ւնը, անոր հանդէպ բնութեան անզգածութի՞ւնը, շիջած քաղաքակրթութեան մը մասին անոր տրտմօրէն գեղեցիկ ու թելադրող վկայութի՞ւնը, անոր մէջն ու դուրսը /60/ օր մը խաղցած կենդանութի՞ւնը, զայն հիմակուան այդ քայքայումին դատապարտող ճակատագրական հարուա՞ծը, կեանքե՞րը որոնք ով գիտէ ինչ տռամաթիք եղերգութեան մը մէջ յօշուեցան անոնց կործանած սեղաններուն վրայ, արիւննե՞րը որոնց քալած գիծերէն հիմա խոտեր կը բուսնին: Ուզածնուդ չափ կրնաք ընդլայնել այս երեսը: Յետոյ, այդ ամէնէն քակուող ընդհանուր տպաւորութիւնը, որ ամէն ծուէնի հետ կը ծլի ձեր մէջ ու կը մեծնայ: Անշուշտ կը գուշակէք թէ ձեր աշխատութեան կեդրոնը այս մասն է:

 

Նկատի ունենալ,

ա. Արագ ուրուաձեւ մը, որ պիտի հայթայթուի խոշոր ու ամուր քաշուած գիծերով որոնք մէկ անգամէն մեր աչքերուն բերէին շրջավայրը, իր ուրուացումին մէջ։

բ. Տարբերութիւնները, որոնք տեսարանէն կ՚անջատուին ու զայն կ՚որոշադրեն:

գ. Նմանութիւնները, որոնք գաղափարներու զուգորդութեամբ կ՚արթննան ձեր մէջ, ու կրնան շահագործուիլ ի նպաստ ձեր նիւթին։

դ. Միջամտութիւնները, որոնք գան, այդ պահուն ապրող էակներէ։ Թռչունի մը թեթեւ երգը՝ աշտարակի մը թեւէն։ Մողէզ մը որ կը քնանայ իր գոհարազարդ կռնակը տուած արեւին։ Բոյսեր որոնք մտածեն ու չհասկնան տեղին խորհուրդը: Հիւղակ մը որ հեգնէ դարերուն փառքը: Հովիւ մը որ կապէ մարդկային տարազը արքաներու ծիրանիին. Հարկ չկայ երկարելու։ Ի՛նչ որ կեանքին յաւիտենական առեղծուածը կը դնէ այդ լռութիւններուն ու մեռեալ փառքերուն վրայ։

ե. Մասնաւոր դրուագ մը, որ կրնայ երեւակայուիլ կամ ոգեկոչուիլ։



[1]       Ինքնամփոփում ու… = բնութեան արտակարգ տեսարանները, մարդկային հսկայ ձեռակերտները եւ անոնց աւերակոյտները մեզ կը տպաւորեն, թելադրելով մեզի մեր խեղճութեան ու փոքրութեան շատ սուր գիտակցութիւն մը։ Ատկէ՝ ամփոփում մը՝ մենք մեր վրայ, ու վախ մը, պատկառանք մը մենէ վեր ուժերուն հանդէպ:

[2]       Տարտամ = անորոշ, վասնզի իր ծնունդին մէջն է դեռ զգացումը: Հետզհետէ պիտի ճշդուի անիկա ու պիտի պարուրէ հանդիսականին հոգեկան դաշտը ամբողջութեամբ, ինչպէս է արդէն պարագան գրուածքին վերջերը:

[3]       Պարիսպ = Իզմիրի շուրջը պարիսպ կար: Միջին դարուն, բոլոր կարեւոր քաղաքները պարսպապատ էին, յայտնի պատճառներով։ Կտորին մէջ յիշուածը մնացորդ բեկորներ են հին պարիսպին որ ամբողջական աղեղ մը կը ձեւէր քաղաքին կռնակէն:

[4]       Ամրոց = ամուր բառէն. տեղ մը՝ ուր կ՚ամրանան։ Հիմա ընթացիկ է ամրութիւն։

[5]       Կոր = ծուռ, շեղ(ած)։ Իբր գոյական՝ կարիճ։

[6]       Անվթար = առանց աղարտուելու, աւրուելու։ Մօտեցնել մթար (= աչքին աղտերը)։

[7]       Սոսկավիթխար = վիթխարի՝ շատ անհեթեթ, խոշոր, որմէ վախի տպաւորութիւն ալ կ՚առնենք:

[8]       Հիմնաքար = ամրութեանց հիմնաքարերը մեծազանգուած ժայռի կտորներ կ՚ըլլան ընդհանրապէս, եթէ ուղղակի ապառաժէն չեն ձեւուած։

[9]       Այրիլ մրկել(էն) = երբեմն, ընտանի լեզուով, նոյնահոլով բառերուն վերջինը միայն մասնիկ կ՚առնէ:

[10]     Սպիացեալ = սպի՝ վէրքին ետքը մարմինին վրայ։ Հոս՝ այրելէն պրկուած, եփած: Ապառաժը կնճռոտ երես ունի։

[11]     Ցցուեցնել = արմատը ցից, բայը՝ ցցել, որ համազօր է ցցուեցնել խորդ ձեւին եւ նախընտրելի:

[12]     Կոճղ = ծառին բունը ուրկէ առնուած ըլլան ճիւղերը։ Դիմացկունութեան երանգ մը կայ բառին խորը։ Փոխաբերաբար՝ արմատ:

[13]     Րօմանական = ա. Լեզուներու այն խումբը որ լատիներէնէն, հռովմէական (romain) մայր արմատէն սերած են (ֆրանսերէն, սպաներէն, իտալերէն եւայլն)։ բ. Ճարտարապետութիւն՝ որ հռովմէական ոճը կը խառնէ արեւելեան ոճերու: Զարգացման շրջանն է Ժ-ԺԳ դարերը։ Հաստութիւնը, զանգուածը իր յատկանիշները կը մնան բաղդատմամբ գոթականին որ թեթեւ է եւ սլացիկ։ գ. Րօմանթիք (գրականութեան մէջ)։

[14]     Ձիւնաթոյր = ձիւնի գոյն։ Հոմանիշ թոյրին՝ երփն, երանգ:

[15]     Վիմակերտ = քարով կերտուած, շինուած։

[16]     Քարեղէն փրփուր = նկարող բացատրութիւն։

[17]     Հսկայ մանեակ = նկարող բացատրութիւն։

[18]     Շրջափակ = ա. Գետին մը որուն շուրջը փակուած է։ բ. Փակող նիւթն իսկ։

[19]     Ջրի հեղուկ = մէկը աւելորդ։

[20]     Լեռնատունկ = լերան տունկ: Նորատունկ` նոր տնկուած։

[21]     Քստմնելի = արմատը քիստ, ցորենի հասկին մազերը: Քստմնել՝ մազերը սուտ սուր ցցուիլ։ Ունինք նաեւ փուշ փուշ ըլլալ (Մեծ սոսկումներու պատահող վիճակ)։

[22]     Փշենի = ընդհանուր բառ՝ ցոյց տալու համար այն ծառերը, որոնք կ՚ախորժին ապառաժուտ վայրերէ, եւ սպառազէն ճիւղեր ունին։

[23]     Կանաչի ալիք = նկարող բացատրութիւն:

[24]     Դիւրախտիղ = դիւրին խտղող, խտղիլ՝ ծալք կապել։ Մօտեցնել՝ ակնախտիղ։

[25]     Տատասկ = դժնիկ: Սուր ու կարծր ասեղներով փուշ մը որ կը ծառանայ երբեմն, յարմար հողի վրայ։

[26]     Խօլ ուռճացում = խենթ աճում։ Կը բացատրէ մարդերու միջամտութենէն զերծ բուսական այն աճումը որ յատուկ է կոյս անտառներուն:

[27]     Ի տես = Ի՝ գրաբար նախադրութիւն որ կը դադրի տակաւ գործածուելէ արդի լեզուին մէջ։

[28]     Կատաղի յարձակում = (բոցերու)՝ նկարող բացատրութիւն:

[29]     Քէն = քէնը գործողութիւն չենթադրեր հոս:

[30]     Անոտնակոխ = անկոխ, կոյս, անայց, անմատոյց, անմատչելի եւն. ։

[31]     Կուսութիւնը պղծել = մաքրութիւնը աւրել:

[32]     Որք = աւելի գործածական՝ որոնք, որ:

[33]     Սողոսկում = նկարող բացատրութիւն։

[34]     Մատնահիշ = մատով նշան ընել, մատով ցոյց տալ։

[35]     Զգածեալ = չշփոթել զգաց ձեւին հետ։

[36]     Միջադէպ պատահար որ մեծ գործողութեան մը մէջտեղ կը պատահի։

[37]     Եղեռն = ոճիր, մեծ չափի վրայ:

[38]     ՏԻԳՐԱՆ ԿԱՄՍԱՐԱԿԱՆ։ Արեւմտահայ գրագէտ։ Գրելը սկսաւ «Վարժապետին Աղջիկը» վէպով որ սկսնակի գործ մը ըլլալուն հակառակ ունի որոշ յաջողուած մասեր։ Իր գործին մնացեալ մասը կը մատնէ լրագրական նկարագիր, բացատրութիւնը գործածելով իր ազնուագոյն տարողութեամբը (մեր գրականութեան համար)։ Փորձած է թատրոն եւ քննադատական պզտիկ ուրուագիծներ։ Առաւելապէս տուած է ան պատկերներ, խիստ ու կարծր գծագրութեամբ մը։ Աշխատուած իր ոճը կը յարմարի իրապաշտ այդ յօրինումներուն, բացատրութեանց ճշդութեամբը, քիչ մը ազատ ժուժկալութեամբր։ Անոնցմէ կը զատուի կեանքի տեսիլ մը որ կը դիմանայ: Սիրող (amateur) գրագէտի քիչ մը ամուլ ու ինքնավստահ իր տաղանդը, գրեթէ փնտռուած իր ոճը, ռամկավար իր ըմբռնողութիւնը, պայքարի ընդառաջում մը մեր լաւագոյն հրապարակագիրներու դասին մէջ իրեն կուտան արժանաւոր տեղ մը։ Գրագէտով երկրորդուած լրագրողն է ան, հակառակ՝ բուն խմբագիրներուն նման, ինքզինքը ամբոխին տրամադրած ըլլալուն։