/110/
ԻԵ.
ԴԱՍ
ԱՅԳԵԿՈՒԹՔ
[1]
Աշունը
որչա՜փ
առատ
եղաւ
այս
տարի…
Իր
արեւներն
ու
օրհնութիւնը
դիւցազնական
[2],
Մեր
ցաւերէն,
մոխիրներէն
[3]
ու
մահերէն
յետոյ՝
Անհունօրէն
[4]
դաշտ
ու
հովիտ,
գիւղ
ու
քաղաք,
Անքննելի
ճոխութիւններով
պարուրեր
[5]
են։
Կը
գրեմ
քեզ՝
այն
տեսիլքը
[6]
տարօրինակ
զոր
ես
տեսայ…։
Այգեկութքի
արշալոյսն
էր
այս
առաւoտ.
Հին
օրերու
նոյն
աղբիւրն՝
[7]
հնձանին
[8]
դէմ,
Մեր
մանկութեան
հայելին
[9]
եղած,
աւազանին
մէջը
կ՚երգէր
Այնպէս
երգ
մը
որ
մի
միայն
որբութիւնը
[10]
կը
հասկնայ…։
Այգիներուն
մէջ,
ողկոյզները
որթերէն
վար
Տարագրին
ճամբաներուն
դէմ
սպասող՝
Յոյսէն
վառուած
[11]
սրտերուն
պէս
կ՚այրէին…:
Եւ
բիւրաւոր
հատիկները
ամենօրհնեալ
խաղողին,
Հայրենիքիդ
կապոյտին
տակ
վերածաղկող՝
Գիշերներու
աստղերուն
չափ
էին
անթիւ…:
Թթենիին
կատարէն,
կարօտակէզ
կռունկներ,
Իրենց
կանչը
երգելով
դէպի
արտերը
իջան։
Այգիներուն
խորերէն
ցնծութեան
ձայնը
կը
զեղուր
[12],
Արտերուն
մէջ
իրենց
հնձած
ցորեանին
շուրջ
Հայ
հարսները
կալերուն
դէմ
ամբողջ
օրը
պարեցին…։
Այգեկութքի
առաւօտն
այս՝
մեր
առաջին
զարթօնքն
էր
[13]
…
Տարիներու
մեր
սոսկումէն
եւ
սուգէն
ետք
[14]
՝
Յարութիւնն
էր
կարծես
այսօր
ե՛ւ
մարդերուն
ե՛ւ
բրնութեան…:
Այս
աշխատանքի
եւ
գինովութեան
օրէն
յետոյ,
Երբ
գիշերը
թաւիշներու
[15]
նման
ինկաւ…
Եւ
ոսկեղէն
ողկոյզները
կը
հանգչէին
դաշտերուն
մէջ
բլուր
բլուր,
Աղբիւրին
քով
ուր
դուն
ինձմէ,
առաւօտ
մը,
համբոյրով
մը
բաժնուեցար…։
Ես
քու
քոյրդ՝
վճիտ
աչքով
Որբուհի
[16],
Յանկարծօրէն,
կարծես
մեր
վախճանած
հայրը
տեսայ…։
Ես՝
սարսափէ
դողդոջուն…
ինք
գորովէն
զիս
գրկելով,
Իր
ձեռքերն
մազերուս
մէջ
մխրճելէն…
Ցնծութենէն
կամ
հին
յոյսէն
հեծեծելով
ըսաւ
ինծի.
—
Աղջիկ,
թերեւս
դուն
չի
կրնաս
զիս
ճանչընալ…
/111/
Բայց
իմ
հոգուս
ու
սրտիկիս
սուրբ
պտուղն
ես…
Շատերուն
պէս,
ես
ալ
օր
մը,
ձեր
բոլորին
համար
մեռայ
[17]
…
Եւ
ծնած
օրէդ
եւ
արեւէդ
մինչեւ
այսօր,
Այս
այն
տարին
է`
առաջին,
Ուր
հայութեան
այգիներուն
որթատունկերը
կարմիր,
Գըրէ
եղբօրդ,
առանց
արեան
են
ծըլեր
[18]
…
Հին
քաղցրութեանց
ըստուերըն
այս՝
յստակ
աչքերըս
թրջեց,
Եւ
մութին
մէջ,
իր
պատանքովն
աստղերուն
տակ
հեռանալէն
[19]
Ուրուականը
ետ
դառնալով՝
—
իրա՞ւ,
արդեօք
մեր
հայրն
էր
—
Ուրուականը
ետ
դառնալով`
այգեկութքէն
դարձողներու
թափօրներուն
եւս
ըսաւ.
—
Հին
օրերու
դրացինե՛ր,
եւ
ուխտաւորնե՜ր
աշխատանքի,
Օրհնեա՛լ
ըլլաք,
երգեցէ՛ք,
օրհնեալ
ըլլաք
բոլորդ
ալ,
Եւ
հատացէք
աւետիսիս,
գարուններու
[20]
ձեր
նոր
գինին
Արդարութեան
եւ
ձեր
կամքին
օրէնքին
տակ
[21]
Այսուհետեւ
ձեր
սափորէն
կամ
արծաթէ
դաշխուրանէն
[22]
Հաւատացէ՛ք,
առանց
արեան
պիտի
խմէք:
(Ամբողջական
գործը,
Հայրենի
Հրաւէր)
ԱՏՈՄ
ԵԱՐՃԱՆԵԱՆ
[23]
ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄ
Ա.
1.
Քերթուածին
տեսակը:
Դասական
տարազ
մը
չունինք
ասոր
համար:
Անշուշտ
ստեղծում
է
այս
կտորը,
բայց
հեռի
մեզի
ծանօթ
երակներէն
ու
կաղապարներէն։
Անշուշտ
մարդկային
հոգիին
մեծ
ու
յաւիտենական
զարկերը`
վիշտի,
սիրոյ,
յոյսի,
երազի
ու
երանութեան
ետեւէն
ծարաւի
տարրեր,
մուտք
ունին
հոն։
Ասոնցմէ
դուրս,
գործողութեան,
կռիւի
մթնոլորտ
մըն
ալ
կը
պարուրէ
եւ
այս
ամէնը:
2.
Ձեւը:
Սիամանթօ
այս
ձեւը
կիրարկած
է
սկիզբէն
մինչեւ
վերջը։
Օրինական
կաղապարով
շատ
քիչ
էջեր
ունի։
Այս
ձեւը
ինքնահնար
չէ։
Ֆրանսական
բանաստեղծութեան
մէջ
լայնօրէն
փորձուած,
վերջին
շրջանին
(Սէնպօլիսթներէն
մէկ
քանիին
մօտ),
անիկա
կը
տարբերի
նաեւ
ազատ
չափ
ըսուածէն
ալ։
Երկար՝
մինչեւ
քսան
ոտքով
տողեր,
որոնք
մակբայներու
վրայ
հեծած
կը
քալեն։
Բանաստեղծին
շունչը
այնքան
զօրաւոր
է
որ
կը
հասնի
այդ
բառաշարը
շարժելու:
Ազատ
ու
լայն
այս
ձեւին
առաւելութիւններն
ու
թերութիւնները
պիտի
ճշդուին
աւելի
վերջը։
/114/
Բ.
1.
Քերթուածին
կմախքը:
1.
Այգեկութք
մը
(տեսիլք):
2.
Հոգեդարձ
մը
(տեսիլք)։
3.
Անձեր:
4.
Խորհուրդ։
ա)
Այգեկութք:
Առատ
աշուն
մը:
(Մի
մոռնաք
որ
տեսիլք
է
պատմուածը)։
Հնձան
ու
աղբիւր:
Ողկոյզներ։
Կռունկներ։
Հարսեր։
Ու
անարիւն
բերքը
դէպի
տուն։
Սիամանթօյի
ստեղծումին
նկարագիրն
է,
իրականութեան՝
վերէն,
կողմնակի,
պատահական
մօտենալ։
Ուրեմն
պէտք
չէ
նեղուիլ
այն
ընդհատներուն
համար
որոնք
կեանքը
կ՚ընդմիջեն։
Ընդհակառակն
բարիք
մըն
է
այս
միջամտութիւնը։
Այլապէս
քերթուածը
պիտի
դատապարտուէր
տափակ
եւ
ուղիղ
իրապաշտութեան
մը,
եղելութեանց
կանոնաւոր
շարայարումի
մը
որուն
ընդունակ
է
ամէնէն
հասարակ
գրողն
անգամ։
Այո՛։
Աշնան
արեւ
մը.
բայց
անոր
օրհնութիւնը
մէկէն
կը
դիւցազնանայ։
Այո՛։
Աշնան
աղբիւր
մը.
բայց
որուն
երգը
որբերը
միայն
կը
հասկնան։
Ահա
այս
ճիգով
է
որ
քերթուածին
միօրինակ
հէնքը
շարունակ
կը
պատռտուի,
որուն
բացուածքէն
գիւտն
ու
անակնկալը
իրենց
շողարձակ
ծաղիկները
կը
նետեն
մեր
նայուածքին։
Այսպէս
ուրեմոն
Սիամանթօյի
բոլոր
շահագործումները
հայ
իրականութենէն՝
աւելի
գերազանց
նպատակի
մը
համար
են։
Իրականութիւնը
հարուածել,
մանրել,
հատուածել՝
որպէսզի
երազին
մթնոլորտը
կարելիութիւն
դառնայ:
Ասիկա
առաջին
միջոցներէն
մէկն
է
իր
թէքնիքին։
Պէտք
է
աւելցնել
որ
այս
ձեւով
իրագործուած
էջերը
շատ
աւելի
տպաւորիչ
կարկառով
ու
լիութեամբ
կ՚արձանացնեն
դէպքերը
քան
սովորական
ու
հաւատարիմ
թուումով։
Յետոյ՝
պատկերները,
հակառակ
իրենց
խոշորցուած
հանգամանքին,
չեն
վիրաւորեր
մեզ։
Արտաքին
աշխարհը
միշտ
այս
նպատակներով
օգտագործուած
է
անկէ։
բ)
—
Հոգեդարձ
մը:
Քերթուածին
մէջ,
պատմող
որբուհիին
հայրն
է
որ
կուգայ։
Սիամանթօյի
թէքնիքին
մեծ
միջոցներէն
մէկն
ալ
մեռելներու,
ուրուականներու
շահագործումն
է։
Ու
դիտելի
է
որ
իրականութիւնը
ձեւազեղծող
նոյն
արուեստն
է
որ
երազը,
ուրուականը
մարդկային
ընծայելու
կը
ձգտի։
Հետեւեցէք
հօրը
շարժումներուն.
քիչ
անգամ
անոնք
կ՚օգտուին
իրենց
մեռելային
կարելիութիւններէն։
Ուրեմն՝
1.
Արտաքին
ձեւերը
երազով
աղօտել,
2.
Ներքին
բխումները
իրականութեամբ
թանձրացնել.
ահա
Սիամանթօյի
արուեստին
երկու
միջոցները։
գ)
—
Անձերը:
Անոնք
կը
հպատակին
նոյն
մեծ
օրէնքներուն:
Հոս
որբուհին
ուրուաձեւ
կ՚երեւի։
Փոխարէն՝
հայրը
կենդանի
նահապետն
է
հայ
տունին։
Չես
հաւատար
անոր
մեռած
ըլլալուն։
Իր
բառերը,
ցուցմունքները,
կեանքին
տռամը
ու
կոչերը
տրուած
են
պարկեշտ
իրականութեամբ
մը։
/115/
դ)
—
Խորհուրդը։
Սիամանթօյի
մօտ
խորհուրդը
գրական
պատրաստտութեան
մը
չի
հպատակիր։
Չունի
զարգացում
ու
խորութիւն:
Մէկ
անգամէն,
ընդհանրապէս
առաջին
իսկ
տողերէն
կը
խուժէ
մշուշոտ
ալիքներով։
Բայց
թափանցիկ
է։
Բայց
անոր
հոսանուտին
մէջ
քերթուածին
մարմինը
ձեւէ
չելլար:
Տեսակ
մը
այլուրութի՛ւն՝
որ
չի
փոխեր
առարկաներուն
ու
անձերուն
դիմագծութիւնը,
բայց
որ
կ՚աղօտէ,
կ՚ընդհանրացնէ։
Մանրամասնութիւնները
ջնջելու
այս
վտանգը
մեծագոյն
աղէտը
կը
դաւանին
իր
գործին,
անոնք
որ
դրական,
նիւթական
շփում
մը
անհրաժեշտ
կը
կարծեն
կեանքին
եւ
անոր
արուեստով
վերարտադրութեան
մէջ։
Այս
քերթուածին
մէջ
անիկա՝
խորհուրդը,
կայ
մինչեւ
վերջը։
Անշուշտ
այս
խորհուրդը
անակնկալով,
խռովքով
ու
խորութեամբ
չի
պարուրեր
տեսիլը:
Բայց
անոր
կ՚ընծայէ
աւելի
դիւրահաղորդ
մթնոլորտ
մը։
Այս
իսկ
պատճառով
անոր
թափանցումը,
ճառագայթումը
ամբոխէն
ու
դէպի
ամբոխը,
տեղի
կ՚ունենայ
առաջին
շփումով։
Հոս
է
գաղտնիքը
իր
ժողովրդականութեան։
Վասնզի
այդ
խորհուրդը
իր
անձէն
չի
բխիր։
Դուրսէն,
մթնոլորտէն
կը
հաւաքուի
ու
կ՚ընդելուզուի
տողերուն
մէջ։
Ու
ընթերցումը,
աւելի
ճիշտ,
արտասանութիւնը
անմիջապէս
կը
թափէ
իրմէն
այդ
եկամուտ
հոսանուտը
որ
Սիամանթօյի
խորհուրդը
կ՚անուանենք։
2.
Քերթուածին
արուեստը։
Սիամանթօյի
գործը
կը
պահէ
գործադրող
միջոցներու
նոյնութիւն
մը։
Այնպէս
որ
իր
մէկ
քերթուածին
տարբաղադրումը
պիտի
տար
մեզի
այն
գլխաւոր
եղանակները
որոնք
իր
արուեստը
կը
յօրինեն։
Ահա
քանի
մը
նոր
միջոցներ
որոնք
կ՚աւելնան
վերը
աչքէ
անցածներուն։
1.
Տարտամութիւն:
2.
Անկատարութիւն:
3.
Թելադրականութիւն։
4.
Ուժգնութիւն:
5.
Փոխաբերութեանց
յանդգնութիւն
եւ
առատութիւն:
6.
Հռետորութիւն։
7.
Օգտապաշտութիւն։
8.
Բռնութիւն։
Երկար
պիտի
ըլլար
ասոնց
մանրամասնութեանց
իջնելը։
Բայց
տարտամ
են
իր
քերթուածները
խորհրդապաշտ
թէքնիքին
սիրած
ճամբաներով։
Ամբողջ
գործէն
չէ
կարելի
որոշ
անկիւն
մը
հանել
ուր
մեր
երկիրը
զետեղել
կարելի
ըլլար։
Անկատար
է
ամէն
բան
իր
մօտ։
Անձեր
ու
տեսիլ,
յուզում
ու
երանութեան
պապակ
հազիւ
կ՚ուրուագրին։
Անոնք
կը
հոսին,
առանց
կենալու,
խորնալու
ու
իրականութեան
վերածուելու։
Բայց
ինչպէս
դիտուեցաւ
վերը,
անոնք
չեն
վիրաւորեր
մեզ,
ընդհակառակն
կը
թելադրեն
մեզ,
տեսնելու
իր
մեծ
գիծերուն
մէջ
ինչ
որ
մտադրած
է
հեղինակը։
Թելադրական
միջոցները
անձէ
անձ
կը
տարբերին։
Երբեմն
թեթեւ,
սողոսկուն
ու
հեռաւոր
ազդեցութիւններ
կը
գոր/116/ծածուին
այդ
արդիւնքին
համար
(Վահան
Թէքէեան
եւ
Միսաք
Մեծարենց)։
Երբեմն
անմիջական,
ուղղակի,
կոշտ
բազուկն
է
որ
մեզ
կը
բռնէ
ու
կը
նետէ
տեսարանին
սիրտը։
Այս
զօրութիւնը
կ՚անցնի
մեզի
ու
մենք
կը
քալենք
մեր
առջին
պարզուող
տեսիլքին
հետ
ու
ետեւէն։
Մեզի
ներուած
չէ
հոս
ու
հոն
դեգերիլը,
նոյնիսկ
գանգատիլ,
կամ
պահանջել
մեր
ուզածները։
Ահա
թէ
ի՛նչ
է
բռնութիւնը:
Դարձեալ,
մինակ
ուժի
երեւոյթներ
չեն
որ
կը
տիրեն։
Բացի
նիւթին
ներքին
մղումէն,
բանաստեղծը
մեզի
կը
ներկայացնէ
նաեւ
խոշոր
ու
կախարդ
հայլիները
պատկերներուն,
եւ
փոխաբերութիւններ`
որոնք
անդադար
կը
հարուածեն
մեր
զգայարանքները
ու
կը
խթանեն
մեր
թմբիրը:
Հոս
երեւակայութեան
հարստութեան
չափ
կը
նպաստեն
արտաքին,
սորվուած,
կամաւոր
միջոցներ,
հռետորութիւն
եւ
ֆրազ,
չափ
ու
ներքին
մասնայատուկ
յօրինումներ
(մակբայներու
զետեղում,
աներեւոյթներու
երկարաձգում,
ուերու
յաճախում,
բառերու
գիտուն
ընտրութիւն,
ձայնական
բաղադրութիւններ)։
Այս
ամէնը
եթէ
երբեմն
շինծու
հով
մը
կը
բերեն
ու
քերթուածէն
կը
հեռացնեն
անմիջականութիւն,
բնականութիւն,
պարզութիւն,
բայց
չեն
տապալեր
զայն:
Ընդհակառակն
կը
փրկեն
անոր
այն
մասերը
ուր
սեւեռում,
խորացում,
թափանցում
քիչ
եղած
են,
ուր
ներշնչումը
պակսած
է
(սովորական
բացատրութիւն
մը
գործածելով)։
3.
Քերթուածին
չափը։
Փոխ
առնուած
է
ֆրանսական
դպրոցէ
մը։
Ազատ
չափը
չէ
անիկա։
Տեսակ
մը
կշռաւոր
արձակ
որ
կը
հպատակի
ներքին
երաժշտութեան
մը։
Հատածներուն
լայնքը
չանցնիր
սովորականը:
Բայց
անոնց
թիւը
ընկալեալ
կաղապարէն
կը
պակսի,
կ՚աւելնայ
երբեմն։
Այս
չափին
առաւելութիւնները։
1.
Երաժշտական
տարրը
միօրինակ
կէտերու
շուրջը
չի
դեգերիր:
(Ազատ
չափէն
փոխառութիւն
մըն
է
այս
պարագան):
2.
Պատկերը
կը
ղեկավարէ
բառերը:
3.
Տողերուն
գնացքը
կը
հպատակի
ընդհանուր
ճնշումի
մը
որ
քերթուածին
խորերէն
կը
բխի։
4.
Յանգի,
հատածի,
թուական
չափի
մտահոգութիւններ
չեն
միջամտեր
շարժումին:
Այս
առաւելութիւնները
կ՚ըստուերոտին
1.
Սանձարձակութեամբ
մը
որ
կը
ծաւալի
տողերուն
վրայ։
2.
Թարմատար
տարրերով
որոնք
վերադիրի
ձեւով
կը
ծանրանան,
ու
կը
ծանրացնեն
պատկերը:
3.
Անփութութեամբ
մը
որ
նախադասութիւնները
կը
լքէ
իրենց
բախտին։
4.
Ուռուցիկութեամբ
մը
որ
պօռացող,
ցուցամոլ
բան
մը
կը
դնէ
տողերուն
մէջ։
[1]
Այգեկութք
=
այս
քերթուածը
առնուած
է
«Հայրենի
Հրաւէր»
գործէն
որ
կը
բաղկանայ
տարագիր
հայութեան
ուղղուած
տասերկու
Կոչերէ։
Սիամանթօ
(Ատոմ
Եարճանեան)
Այգեկութքը
պատրուակ
կը
նկատէ
երջանկութեան
տեսիլներ
ուրուացնելու
հայրենիքէն
հեռացած
մեր
երիտասարդներուն
աչքին։
Անոր
բոլոր
քերթուածները
այս
ոգիին
կը
հպատակին։
[2]
Դիւցազնական
օրհնութիւն
=
աշնան
մէջ
դիւցազնական
շեշտ
մը
տեսնել
քիչ
մը
դժուար
է։
Բայց
նկատի
ունեցէք
որ
Սիամանթօ
մեր
վերջին
յիսնամեակը
կ՚երեւակայէ
դիւցազնական
ոլորտի
մը
մէջ։
Անոր
մարդերը,
ինչպէս
նաեւ
հողի
պատկերները,
փաթթուած
են
հզօր
շունչի
մը
մէջ
որ
մեր
յեղափոխութիւնը
կը
սնուցանէ,
ինքն
ալ
անկէ
սնանելով
փոխադարձաբար։
Դիւցազնութիւններուն
շքեղն
է
անշուշտ
ափ
մը
ժողովուրդի
համար
սուրին
փաթթուելու
այն
մեծ
ժեսթը
որով
դղրդեցաւ
մեր
մտաւորականութիւնը
ամէնէն
առաջ։
Այս
լոյսին
տակ
աշնան
օրհնութիւնը
բացի
բարութեան
իր
հովէն,
կրնայ
նաեւ
ունենալ
դիւցազնականն
ալ։
[3]
Մոխիր
=
բանաստեղծը
կ՚ակնարկէ
այն
դէպքերուն
որոնք
երեսնամեայ
շրջանի
մը
մէջ
(1880-1910)
մեր
երկիրը
մոխիրի
վերածեցին։
[4]
Անհունօրէն
=
Սիամանթօյի
արտայայտութեան
ամէնէն
յատկանշական
մօթիֆներէն
մէկը.
մակբայերու
այս
տեսակը
նախադասութիւնը
քշելու
կամ
քաշելու
ուժ
մը
ունի
իր
մէջ։
Շարժումի
զսպանակ՝
որ
հաշւուած
իր
երեւումը
կ՚ընէ
տողերու
ընթացքին
ու
կը
մեծցնէ
անոնց
թաւալը,
երկար
ու
արձագանգող
բան
մը
տալով
անոնց։
(Այս
ձեւը
փոխառութիւն
մըն
է
ֆրանսական
բանաստեղծութենէն)։
[5]
Պարուրել
=
շուրջանակի
փաթթել:
Գգուանքի,
խնամքի
երանգ
մը՝
այս
բառին
մէջ։
[6]
Տեսիլք
=
մեր
հին
գրականութեան
մէջ
յարգի
միջոց
մըն
է
տեսիլքով՝
իրականութիւն,
երբեմն
անցեալը
ցայտուն
ձեւով
մը
ներկայացնել։
Մեր
մեծ
մատենագիրները
ունին
անոնցմէ։
Սիամանթօ՝
կը
հպատակի
նոյն
աւանդութեան։
Իրականութիւնը
ձերբազատել,
որպէսզի
աւելի
տպաւորիչ
ըլլայ
ան,
զայն
յարմարցնել
մեր
մտադրութիւններուն,
ստուարացնել
այդ
ներկայացումին
մէջ
այն
ամէնը
զոր
կ՚ուզենք
վերցնել,
բարձրացնել:
Բանաստեղծները
միշտ
չեն
յաջողիր
այս
ճիգին
մէջ։
[7]
Աղբիւր
=
ամէն
տուն
իր
աղբիւրը
ունի
գաւառին
մէջ
(ոչ
անշուշտ
ամէն
գիւղի)։
[8]
Հնձան
=
երբեմն
հողին
մէջ
կը
փորեն
հնձանը,
երբեմն
փայտի
հաստ
կոճերու
մէջ։
Երկու
պատկերն
ալ
(աղբիւրն
ու
հնձանը)
տեսիլքին
իրականութիւն
բաշխող
տարրեր
են:
[9]
Հայելին
=
ջուրին
երեսը։
[10]
Որբութիւնը
=
այս
երգը
տեսիլքին
մէջ
կը
լսէ։
Ու
ահա՛
երազին
ու
իրականութեան
այս
ձեռնումն
է
որ
կարելի
կ՚ընէ
այս
կարգի
գեղեցկութիւններ։
Բանաստեղծը
միշտ
դիւրութիւն
ունի
իրականութենէն
երազը
անցնելու
գրեթէ
նոյն
տողին
մէջ։
[11]
Յոյսէն
վառուած
=
աչքի
առջեւ
բերէք
կարմրորակ
ողկոյզները
որոնց
մէջէն
արեւը
կը
թափանցէ
ու
անոնց
ներսը
իսկական
բոց
մը
կը
նետէ։
[12]
Զեղուլ
=
առատութենէն
դուրս
թափիլ։
Ուլ
վերջացող
շատ
քիչ
հայ
կը
գործածենք
աշխարհաբարին
մէջ.
թողուլ,
հեղուլ,
զբօսնուլ,
յենուլ
եւ
դեռ
քանի
մը
հատ։
[13]
Զարթօնք
=
հայահալած
քաղաքականութիւնը
որ
սկիզբ
կ՚առնէ
1890էն,
դադար
մը
ունեցաւ,
առժամեայ
1910ին։
Քերթուածը
այդ
միջոցին
գրուած՝
միամիտ
յոյսը
կը
պատմէ
անարիւն
զարթօնքին։
Հետագայ
դէպքերը
ահեղ
հեգնութեամբ
մը
հերքեցին
այս
քաղցր
բանդագուշանքը:
[14]
Սուգն
=
տարիներով
մենք
լացինք
միայն
(1890–1910)։
[15]
Թաւիշ
=
գոյն,
փափկութիւն
միանգամայն
կը
խտանան
այս
նմանութեան
մէջ։
Գիշերը
թաւիշ
է
երբ
կը
նստի
սա
դաշտերուն,
դէմի
բլուրներուն
երեսին:
Գիշերը
թաւիշ
է
երբ
կը
դպի
իր
հովին
աղու
աղուամազովը
երեսներուդ
ու
մորթիդ։
[16]
Որբուհի
=
«Հայրենի
Հրաւէրներ»ը
զանազան
բերանների
ուղղուած
են։
Այս
քերթուածին
մէջ
վճիտ
Որբուհին
է
խօսողը:
Ուրիշներու
մէջ
Մայրը,
հոգեվարք
Հայրը,
Եղբայրը,
Որդին,
Հարսը
եւ
այլն։
[17]
Ձեր
բոլորին
համար
մեռայ
=
նահատակուիլը
հայ
ցեղին
անդրագոյն
ճակատագիրն
էր։
[18]
Ծլեր
=
անշուշտ
նիւթական
ճշդութեամբ
պիտի
չմօտենանք
այս
բառին։
Ծլիլը
բողբոջիլն
է,
մինչդեռ
ինք
այգին
կը
ներկայացնէ
կութքի
օրով։
Բանաստեղծը
կրնայ
արագ
թեւերով
անցնիլ
այդ
միջոցներէն:
[19]
Հեռանալէն
=
Սիամանթօյի
քերթողականին
կարեւոր
մոթիֆներէն
մէկն
ալ
աս
բացառական
աներեւոյթներն
են:
Շարժում,
լայնք
կը
բերեն
տողերուն:
[20]
Գարուն
=
զարթօնքի
իմաստով։
[21]
Կամքի
եւ
արդարութեան
օրէնք
=
արեւմտեան
գաղափարներուն
հետ
շփումի
մտնող
սերունդը
ամէնէն
աւելի
ընդվզեցաւ
այն
գերութեան,
անարդար
զրկանքի
րէժիմին
դէմ
որ
պարտադրուած
էր
մեր
ժողովուրդին:
Ու
կամքի,
ուրիշ
խօսքով
յեղափոխութեան
պաշտամունք
մը
ներշնչուեցաւ
մեր
զաւակներուն։
[22]
Դաշխուրան
=
խեցեղէն
կոնք,
զոր
տէրվիշները
կը
կախեն
իրենց
թեւերէն։
Նաեւ՝
տաշտագուրան։
[23]
ԱՏՈՄ
ԵԱՐՃԱՆԵԱՆ
(ՍԻԱՄԱՆԹՕ)։
Արուեստագէտ
սերունդին
մեծ
բանաստեղծներէն։
Իր
գործը
կը
լեցուի
ժամանակակից
մեր
դժբախտութիւններով,
կոտորածով
ու
հրդեհով,
ու
այս
վիճակին
հետեւող
բոլոր
զարհուրանքներով։
Նոյն
ատեն
ճակատագրին
դէմ
ելլելու
սրտառուչ
հաւատք
մը
չի
լքեր
բանաստեղծը,
որ
ամէն
սարսափի
ճիչէ
մը
ետք
չի
մոռնար
աչքը
ուղղել
յոյսին
եւ
արդարութեան
հորիզոններուն։
Սիամանթօյի
ազգայնականութիւնը
կը
սնանի
քաղցր
իրապաշտութեամբ
մը։
Ու
իր
քարոզներուն
ներքեւ
կարելի
է
նշմարել
մեր
կեանքին
կարգ
մը
գիծերը,
հայրենի
երկրին
անուշութիւնները
ու
երջանիկ
առտուները։
Իր
երեւակայութիւնը,
պատկերներ
դարբնելու
իր
դիւրութիւնը,
զգացումներու
հետ
խաղալու
իր
մարզանքները
ու
խոշորցնող
իր
արուեստը
զինքը
ըրած
են
ժամանակակից
ամէնէն
ժողովրդական
բանաստեղծը։