Հայ գրականութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

/117/

ԻԶ ԴԱՍ
ՀՈՎՈՒԵՐԳՈՒԹԻՒՆ [1]

Հօ՛, հօ՛, հօ՛։

Մութը հազիւ, հազիւ հազ սկսած է նօսրնալ բարձունքներուն վրայ, երբ տակաւին գիւղը ամբողջ առտուան ստուերներուն տակ ծածկուած է. եւ գեղացին մշիկ մշիկ իր վերջին անուշիկ քունը կը քաշէ. հեռուէ՛ն, փողոցին ծայրէն, խուլ արձագանգի մը պէս տկար ձայն մը կը լսուի, որ հետզհետէ կը զօրանայ, կը թանձրանայ, կ՚երկարի եւ իր խռպոտ գալարումներովը ամբողջ փողոցը կը լեցունէ:

Հօ՛, հօ՛, հօ՛։

Մարտիկ ախպոր ձայնն է ասիկա, եւ Մարտիկ ախպար գիւղին կովերուն հովիւն է։

Եթէ գիւղին մէջ Մարտիկ ախպարէն կանուխ ելլող մէկը կայ, ան ալ իր պառաւ մայրն է՝ Մարթա ապլան [2], որ առաջին հաւախօսին [3] կ՚արթննայ, եւ անկողնին մէջ կ՚սպասէ որ աքաղաղներն երկրորդ անգամ մըն ալ խօսին. մանաւանդ շատ լաւ կը ճանչնայ իրենց կարմիր խօրօզին ձայնը որ երբեք չի խաբեր։ Կարմիրը երբ շուտ շուտ կրկնել կը սկսի իր կուկուլիկուները, ա՛լ եւս լուսնալու մօտեցած է: Ուստի Մարթա ապլան անկողնէն կ՚ելլէ, ճրագը կը վառէ, օճախը [4] կը մաքրէ, մարած կրակին կտորները մէկմէկու կը մօտեցնէ եւ կը բռնկցնէ. ապուրին պտուկը վրան կը դնէ եւ կ՚իջնայ վար, աւանակին առտուան կերը կու տայ, տղուն տրեխները եւ պարկը կը պատրաստէ, նորէն վեր կ՚ելլէ եւ օճախին անկիւնը կծկտելով կը սկսի իլը մանել, չմոռնալով սակայն վայրկեանը անգամ մը արեւելքը դիտելու: Երբ տեսնէ որ հորիզոնին վերօքը աստղերը կը սկսին նուազիլ, եւ խորէն բղխած լոյսի շառագոյն ցոլքեր դէպ ի վեր տարածուին, անմիջապէս տղուն քով կը վազէ ըսելով.

Ե՛լ, տղա՛ս, ե՛լ, ետքը ճերմկիլ [5] սկսաւ:

Մարտիկ ախպար, «Փառք քեզ Աստուած» ըսելով՝ անկողնէն կ՚ելլէ, զգեստները բարձին տակէն հանելով կը հագնի, եւ վար կ՚իջնայ, տրեխները ոտքը կը կապէ եւ պարկն ալ կռնակը, պատին կռթնած հովուական խոշոր ցուպն առնելով, դռնէն դուրս կ՚ելլէ իր միօրինակ կոչը սկսելով.

Հօ՛, հօ՛, հօ՛։

/118/ Հազիւ 22-23 տարեկան կայ Մարտիկ ախպար, հասակը կարճ եւ լայն, մսի գէր զանգուած մը, երեսները բաց արեւուն՝ սեւ խաւ մը առած, որոնց վրայ խիտ առ խիտ շարուած են ծաղիկի [6] փոսիկները. կարճ ու տափակ քթին տակը ցանցառ ու կտչուլ [7] պեխեր. շրթունքները՝ սեւ ու թանձր, միաձայն «ho հօ»ներէն, սրնգի կլոր բերնին ձեւն առած են։

Իրենց տունը գիւղին վարի ծայրն է, եւ ինք կը սկսի գիւղին շրջանը ընել, անվերջ անդադրում «hoho»ներովը, երբեմն երբեմն ձեռքի ցուպովը դռներուն եւ պատերուն զարնելով։

Երբ կը հասնի գիւղին կեդրոնը՝ շուկան, հոն գտնուած աղբիւրէն երեսները կը լուայ, եւ կը սրբէ էնթարիին [8] փէշովը. եկեղեցիին կողմը դառնալով երեք անգամ կը խաչակնքէ երեսը ու նորէն կը շարունակէ իր գնացքը։

Հասնելով գիւղին միւս ծայրը, երկար շունչ մը կ՚առնէ: Արդէն լուսադէմ եղած է, գիւղացիներն արթնցած են, դռները բացուած, եւ փողոցներուն մէջ ժամւոր կիներու եւ աշխատաւոր գիւղացիներու թիւը հետզհետէ կը շատնայ: Մարտիկ ախպար հիմա կը սկսի յետադարձ շրջան մը: Բաց դռներէն կովերը դուրս կը խուժեն փողոցը. ինք անոնք մէկիկ մէկիկ կը ժողուէ, շատ անգամ անձամբ կը մտնէ տուն մը եւ կովը կը քակէ իր պախուրցէն [9] ։ Իր դարտակ պարկն ալ կը լենայ հիմակ, հոս՝ կին մը կակուղ հաց մը կուտայ, հոն՝ ուրիշ մը ծրար մը աղի ձուկ [10], անդին՝ մէկն ալ աման մը րէչէլ [11]: Իրենց տունը հասնելով հոն կը դարտկէ պարկը, թողլով իրեն կակուղ հաց մը եւ քիչ մ՚ալ խաթիխ [12]. մայրը չի մոռնար սակայն գինիին չօթուռան [13] տեղաւորել պարկին մէջ, որ հիմակ Մարտիկին կռնակէն կը փոխադրուի աւանակին կռնակը. ոտքի վրայ կը լկէ [14] մօրը եփած ապուրը, եւ աւանակը հօտին առջեւէն, ինքն ալ ետեւէն, կ՚երթան դէպի դաշտը, ու տակաւ կը նուաղին ու բացաստաններուն մէջ կը մարին անոր ձայնին վերջին արձագանգները:

Հօ՛, հօ՛, հօ՛։

 

(Նշխարներ)

ՎԱՀԱՆ ՄԱՆՈՒԷԼԵԱՆ [15]

 

ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄ

(ՅԱՏԱԿԱԳԻԾ)

 

1. Հանել այս գրուածքին կմախքը առ առաւելն հինգ տողով։

2. Բաժնել մասերու։

3. Մարդերու ցամաք գիծերը։

4. Շարժումներուն պարզութիւնը, մեղմութիւնը, հարազատութիւնը։

5. Գիւղական կեանքին ուրուային պատկերացումը։

/120/ 6. Մարդոց, անասուններուն եւ բնութեան իրարու մէջ դաշնաւորումը։

7. Գիւղական բարքեր։

8. Խօսակցութեան, ձայնական տարրին կնիքը:

9. Մարդերը՝ գործողութեան մէջ։

10. Այս գործողութեանց արտաբերումին մէջ ժուժկալութիւն, անհրաժեշտութիւն։

11. Նկարագրող կերպը (բաղդատել զայն քնարական խորքով ուրիշ եղանակներու հետ)։

12. Լեզու (ի՞նչպէս փրկել թրքերէն բառերը: Տեղական գոյնի համար ներելի՞ են այս օտար բառերը)։

13. Ոճ

Ա) Բնականութիւն։

Բ) Ծայրայեղ պարզեցում։

Գ) Գծագրական նկարագիր:

Դ) Նիւթին վրայ ձեւուած ըլլալու արժանիք:

14. Դիտելու ուժը:

15. Այս իրապաշտութիւնը զետեղել իր շրջանին մէջ (1890), երբ մեր իրապաշտները յաջողած էին րոմանթիզմը ընդմիշտ հեռացնել մեր արուեստէն։

16. Վահան Մանուէլեանի թողած կտորները ամփոփուած են Նշխարներ հատորիկի մը մէջ որ իր մահէն յետոյ իր համակիրներուն ջանքովը լոյս տեսաւ։

17. Պուլկարիա՝ Ֆիլիպպէի մէջ, իր յիշատակին Միութիւն մը գոյութիւն ունի, «Գեղարուեստասիրաց» անունով։

 

ՇԱՐԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Առտու մը

 

1. Ճշդել մասնաւոր առտու մը (լուր կամ տօնի)։

2. Առաջին զգայութիւններ (փողոց, օդի վիճակ, պատկերներ)։

3. Դէպի շուկայ (դէպի պազար, եկեղեցի, դպրոց, հայրիկին խանութը, իրականութիւնը պայման է միշտ)։

4. Կեա՛նքը՝ որ հետզհետէ սկիզբ կ՚առնէ մեր շուրջը (առաւօտեան յատուկ տեսարաններ, կաթնավաճառ, բանջարեղէնի վաճառորդներ, բանւորներ, դպրոցականներ, ինչ որ նկարագիր կը բերէ պահին)։

5. Աշխատա՛նքը որ լարուած է ա՛լ։ Որ իր մասերէն միայն տեսանելի, անզգալի իր կշռոյթին մէջ առած է նաեւ ձեր ալ միտքը:



[1]       Հովուերգութիւն = գրականութեան մէջ սեռ մըն է ուր կը գործեն դաշտի մարդեր: Դաշտային տեսարաններ, հովիւներ, հօտեր, եղանակներու պարզած պատկերները յատակը կը կազմեն այդ սեռին։ Ընդհանրապէս ոտանաւոր: Բառը կը թելադրէ նաեւ պզտիկ պատմութիւններ, որոնց մէջ դեր ունին միամիտ ու խանդավառ տղաք, երկու սեռէ:

[2]       Ապլա (թուրքերէն) = քոյր: Այսպէս կը կոչուին տարիքը առած բոլոր կիները այդ գիւղերուն մէջ։

[3]       Հաւախօս = աքաղաղին գիշերային կանչը։ Խուլ այդ գիշերուան մէջ այս ձայնը արժէք ունի իբր ժամու յայտարար։ Տարիքը առած մարդոց անքուն պահերու վարժութիւններ։

[4]       Օճախ = հաստ պատերու մէջ փորուած կրակատեղի ուր կը վառեն փայտ եւ աթար։

[5]       Ետքը ճերմկիլ = արեւելքի կողմից առաջին լուսաւորումը գիշերէն վերջ։ Կ՚ըսուի նաեւ՝ աղօթարանը բացուիլ։

[6]       Ծաղիկ = հիւանդութիւն՝ որ մորթին վրայ մանրիկ պալարներով եւ ջերմով կը յատկանշուի։ Վարակիչ՝ մեծ չափով։ Պալարները երբ քերուին մորթը սպի սպի կը ծակծկեն։ Որմէ՝ փոսիկներ: Ժողովուրդը այդպէս մաղ մաղ երեսները կ՚որակէ քռթած: Ատենին պատուհաս մըն էր, մեծ մահացութեամբ։ Պատուաստը զայն վերածած է աննշան հիւանդութեան մը, հետզհետէ անհետանալու դատապարտուած։

[7]       Կտչուլ = կտոր կտոր բուսած ծաղիկին սպիներուն ներքեւ մազային արմատները մեռած ըլլալուն, պեխերը այդպէս անհաւասար կը բուսնին։

[8]       Էնթարի (թուրքերէն) = մեր պարեգօտը։

[9]       Պախուրց = սանձ, լկամ։

[10]     Աղի ձուկ = լճային մարզերու բնակիչները ձուկերու գարնան պարսէն կ՚օգտուին, զանոնք որսալով մեծաքանակ եւ աղելով։ Այդպէս պատրաստուած, այդ կողմերուն գլխաւոր սնունդը կը կազմէ անիկա։

[11]     Րէչէլ (թուրքերէն) = քաղցուեղէն, ինչ որ շիրայով եւ որեւ է պտուղով կը պատրաստուի։

[12]     Խաթիխ (թուրքերէն) = հացի հետ ուտուելիք չոր սնունդ (ձիթապտուղ, պանիր, հաւկիթ, կարագ եւայլն)։

[13]     Չօթուռա (թուրքերէն) = փայտէ փոքր տակառիկ։ Կայ դդումի տեսակէ մը պատրաստուածը՝ տոլ։

[14]     Լկել = լափել։ Շուներուն լակելու ձայնը։

[15]     ՎԱՀԱՆ ՄԱՆՈՒԷԼԵԱՆ։ Պոլսամերձ գիւղերէ։ Որ իննսունական շրջաններուն պատկերներ ստորագրեց այդ վայրերու բարքերէն, Կարապետ Տօղրամաճեան անունով, դիտողութեամբ ու հարազատութեամբ ուշագրաւ։ Քաղաքական դէպքեր (1896ի ջարդը՝ Պոլիս) զինք նետեցին Պուլկարիա, ուր սեւեռեց այդ գաղթին քանի մը տխուր տեսարանները նոյն եղանակով։ Նահատակուեցաւ Սասուն, Վահան Մանուէլեան անունին տակ յեղափոխաշունչ կտորներ գրելէ ետքը։