Թորոս աղբար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
[Կանխաբան]
       Մեծին Հայաստանի Չորրորդ Հայք նահանգի գաւառներէն մինն է Ծոփաց աշխարհ, Ծոփք մեծ, գրուած է նաեւ Ծովք, առաւել անուանի եղած՝ Ծոփք կամ Ծովք Շնորհալւոյն հօր, տոհմին եւ եղբարց բնակավայր լինելով։ Իսկապէս ծով կամ ծովիկ մը կայ (4 ժամ երկայն, 1 ժամ լայն) Խարբերդին, Արղնու եւ Մալաթիոյ լերանց միջեւ, բաժակաձեւ, բայց գաւառն Խարբերդու կը վերաբերի եւ անոր աւելի մօտիկ է, իբր վեց ժամ։ Ես կը կարծեմ, թէ Ծոփք կամ Ծովքն է Ծովիկ բառ, սա իւր մէջն ունէր դղեակ մը, ուստի եւ անուանուած է Ծովք-դղեակ։ Հոս Հայաստանեայց եկեղեցւոյ եւ ազգի Շնորհքն ծագած է։ Հոս ծնած, շնչած, լացած, երգած, գրած եւ աղօթած է Ներսէս Շնորհալին, ուստի եւ իմ այս անգամի ուղեւորութեան ամենամեծ շահս եղաւ հանդիպիլ եւ երկիրպագանել այս Ծովիկին եւ դղեկին, ջրոց եւ տաճարի աւերակին, ուր ամենայն ինչ շնորհալի էր։ Գրքիս երկրորդ մասին մէջ կը մնայ ասոր ընդարձակ եւ մանրամասն նկարագիրն, ես կը փութամ յիշատակարանէս մաս մը քաղել-դնել այս տեղ՝ իբրեւ կանխաբան եւ իբրեւ բացատրութիւն, թէ ինչո՞ւ սոյն գրքոյկս կոչեցի ԹՈՐՈՍ ԱՂԲԱՐ։
       Տիգրանակերտէն ’ի Ջերմուկ եւ ’ի Չնքուշ վերադարձած էի, ուստի Խարբերդու վրայօք պիտի անցնէի գայի։ Չնքուշէն ինն ժամ եկած էինք, կարաւանը իւր օթեւանն ըրաւ Քէյտան գեղը։ Ես անցայ, եւ ուղիղ արահետէն խոտորելով՝ բարակ ուղիով մը շատ բարձր լեռ մը ելանք։ Կ’ուզէի անպատճառ նոյն գիշերը Հայոց Ծովք գեղ կամ, ըստ Թրքաց, Կէօլճիւկ իջեւանիլ։ Բոց ու կրակ եղած էր փափաք սրտիս մէջ, կը տոչորէր հոգիս եւ մարմինս։ Այնպէս կ’զգայի, եթէ նոյն օրը չհասնիմ, չտեսնեմ, չհամբուրեմ այդ ջուրն ու հողը, պիտի մեռնիմ կարօտակէզ՝ աչքս բաց մնալով…։ Արդէն հնար չէր ձի նստել։ Կը քալեմ, կը վազեմ, կը թռիմ, եւ ահա պաղ հով մը, քայլ մի եւս, եւ ահա Ծովքն իւր ցանկալի երեսը ցցուց. …կարկամեցայ…։ Ո՞վ կարող է նկարագրել այն բուռն եւ խոր յուզմունքն, որ տիրեց իմ հոգեկան եւ մարմնական բովանդակ մասանց վրայ։ Ո՜վ իմ պաշտելի Շնորհալւոյս տուած ու առած, օրհնուած ու օրհնած, աղօթած ու երգած տեղի, տեսարան ու հանդիսարան…։ Այժմ կ’զգամ թէ մարդ ո՜ր աստիճան յափշտակութեան մէջ կը գտնուի, երբ իւր ամէնէն աւելի սիրածին հանդիպի։ Քարերու գլուխը քարացած մնացեր եմ, եւ ապա գետինը թաւալեցայ երեսացս վրայ։ Կը փարիմ, կը գրկեմ, կը պագեմ, կ’սթափիմ, եւ, այլ աչերս չվերցուցի երկինք։ Երկինքէն բարձր փառք մը գտած էի։ Աչքս ’ի ծովն, միշտ ’ի ծովն, շեշտ ’ի ծովն։
       Ծո՜վ, դու է՞ր չես ծիծաղիր։
       Բաներ կ’որոնեմ իւր մէջ՝ չցուցըներ, հարցումներ կ’ընեմ իրեն՝ չպատասխաներ։ Իւր ափանց ալիքներ, որ կը ծփծփան առանց հողմակոծութեան եւ առանց փոթորկի, նշան է թէ փոթորիկը զանի այնքան վեր ու վայր յուզած է, որոյ կուրծքը ուռչած է եւ ծոցոյն խորերը կոծով լի, նման թշուառ դշխոյի մը, որոյ գլուխն ու դէմքը փայլուն երեւի ադամանդներով, ոսկեհուռ ճեղենակներով, բազմեալ բարձրաշուք փղոսկրէ գահոյից վրայ, արտաքուստ երեւոյթ երանելի եւ նախանձելի, բայց շարունակ արտասուեն իւր աչերը, ցաւն ու կսկիծը կրծէ ներսէն անոր սիրտն, լայ ու հեծեծէ, քանզի կորուսած է նա իւր երկու աչաց լոյս երկու զաւակները, երկուքն ալ թագակիր գլուխներ, մին՝ փառք եկեղեցւոյ, միւսն՝ փառք դիւցազնութեան։ Ծովիկն աչքի ձեւ ունի, կոյսի մը աչքին պիտի ըսէի, բայց ա՛լ ճիշդ՝ մանկամարդ այրւոյ մը կը նմանէր, խորհրդաւոր գեղեցկութեամբ եւ շնորհքով զեղուն ականողի մը, զոր արտասուքն աւելի հրապուրիչ կը գործեն, լերանց շրջանակի մը մէջ ամփոփուած, եւ ինչպէս սեւ ոսպ մը՝ աչքին բիբը, այնպէս կը մնայ եւ կ’երեւնայ սեւ ու քայքայուած շէնք մը այս ծովուն մէջ, կղզեակ-դղեակին վրայ Ս. Նշանի տաճարին աւերակն։ Ո՜ աւերակ, որ քան զերկինս բարձր ես եւ մեծավայելուչ իմ սրտիս համար…։ Գիշերը անքուն անցուցինք, արշալուսին նաւ նստեցանք՝ կղզին երթալու։ Աւա՜ղ աչերուս. սեւ ու սպիտակ քարեր ցիր ու ցան՝ խարխալեալ որմունք եւ եթ կան…։
       Համբո՜յր քարերուն, համբո՜յր հողերուն, համբո՜յր փլատակաց վրայ բուսած խոտերուն։ Եւ ցօղն՝ Հայաստանի հոգւոյն արցունքն, որ ամէն առաւօտ կ’իջնէր շաղախել կղզեկիս փոշիներ ու քարերու խիճերէն ծլած թուփերը, լզեցի, կրծեցի, ճաշակեցի՝ իմ ալ ցօղերս թափելով հոն։ «Դեռ 50 տարի յառաջ աստ կը բնակէինք Ծովեցի Հայքս, եւ նախ թերակղզի էր. մեզմէ շատերը այս աւազանը մկրտուած են» եւն, կ’ըսէին իմ նաւիչներս։ Լուսատիպ մը պէտք էր ճիշդ այս պահուս, սոյն Աստուածաբնակ աւերակին եւ Աստուածարեալ Ծովկին տխուր ու վսեմ տեսիլն տպէր. պատկեր, զոր աւելի կը կենդանացընէր արեւուն ծագման քնքոյշ ճառագայթն եւ լերանց ու ծառոց ստուերները կը կախէր երկնափայլ ծովուս բիւրեղեայ ծոցոյն մէջ. այս պահուս, երբ ձկունք երամով կը կայտռէին, երբ թռչունք թիռ-թիռ կը թռէին։ Բայց ինչո՞ւ ամենքն ալ անձայն էին։ Վա՛հ, երբ լռեր էր Ներսէսին քնարը «Զարթիք փառք իմ» երգելէն, զոր կը նուագէր Զուարթն հոգւով «Ընդ զուարթունս նոր երգս առեալ Նորոգողին», եւ կը կրկնէին այս թեւաւոր ալախօսիկ տիրացուք «Ալէլուիա՛», այն օրէն ալ լռած էին թռչնոցս դայլայլիկք։
       Ո՜վ կրնայ բաժնուիլ ձեզնէ, ափ ու աւեր Ս. Նշանայ։ Ո՜վ կրնայ թողուլ զձեզ, քարինք եւ ալիք Ծովկ-դղեկիս։ Արդեօք որքա՞ն պիտի ապրինք դուք կամ ես. տա՞յր ինձ երկինք այն երջանիկ առիթն կրկնելու անյագ համբոյրս եւ անհատ արցունքս ’ի ձեզ։
       Լերինք եւ եթերք Ծովկիս, ձեզ, որ արձագանք տուած ու առած էք շնորհալի երգոց եւ մեղեդեաց Շնորհալւոյն։
       Ջուրք եւ թռչունք, ձեզ, որ զուարթ խայտանօք ազդած ու շարժած էք երկնային Աշուղին զգացմանց քնարին հոգեղէն թելերը։
       Աստեղք եւ արեգ, ձեզ, որ պայծառ եւ շքեղ ճառագայթներով ոգեւորած էք պայծառ հոգին Հոգենուագին «Առաւօտ լուսոյ, արեգակն արդար, առ իս լոյս ծագեա» գեղգեղողին։
       Դեռ ցամաքը չելած, հաւք մը կը տեսնեմ, սեւորակ փետուրով, բարակ վզիկով, գլորիկ գլխով, զոր ծռած էր մէկ քով, թխորակ աչերով, սպիտակ լանջով, ծնկները ծալած ջրոյն ալեաց վրայ կ’երերայ, սգաւորի մը կամ անգին կորուստ ունեցողի մը կը նմանի, բնութեան եւ առաւօտեան բոլոր գեղեցկութիւնն ու զուարթութիւնը իրեն վրայ չազդեր, անփոյթ հայեացք մը կը ձգէ աչքի ծայրով դէպ ’ի մեզ երբեմն։ Մինակ միայնակ է ինքն բոլորովին։ Յանկարծ ծովուն յատակը կ’իջնէ, կ’անհետանայ, խորերը կը յուզէ, եւ ահա ջրոյն երեսը կ’ելնէ պարապ եւ ունայն, մի եւ նոյն տխուր տիպով ու դիրքով…։
       Ի՞նչ կ’որոնես, խե՛ղճ հաւուկ։
       Ի՞նչ է աս թռչնոյն անունը, - հարցուցի ծովացի ընկերներէս։
       Պատասխանեցին.
       ԹՈՐՈՍ ԱՂԲԱՐ է իւր անուն։
       Թորո՜ս աղբար, ա՛ռ նոր զարկ մը սրտիս… Արդեօք որո՞յ անձնաւորութիւնն էր այն։
       Ա՛յ Թորոս աղբար, որ կը յուզես ծովուս խորերը, կը յուզես սրտիս անդունդները։ Թորո՜ս աղբար, ո՛ր մէկ կորուստներդ կը խնդրես, արդեօք տաճարի՞ն եթէ դահլիճին, Լեւոնեա՞նց եթէ Ներսիսեանց, Հեթումեա՞նց եթէ Գրիգորիսեանց, խո՞յրն եթէ սաղաւարտն, խա՞չն եթէ գայիսոնն, փետուրի՞կն եթէ պողովատիկն, դրո՞շմն եթէ դրօշակն, Աստուածաբան մատեա՞նն եթէ գահոյք արքունական, ծիրանի՞ն եթէ եմիփորոնն, Վկայասիրին բուրվառն ու աղօթամատո՞յցն եթէ Թորոսի սո՛ւրն վրիժուց։
       …Է՛յ Թորոս աղբար, թռի՛ր ինձ հետ, թռի՛ր զքեզ տանիմ հայրենիքէն հեռացեալ Հայոց ’ի տես, ’ի յոյզ եւ ’ի յոյս…։
       Բայց դու կը մերժե՜ս, չե՛ս համոզուիր, եւ ոչ տեղէ՛դ կը բաժնուիս։
       Այո՛, դու ուղիղ ես, յուզէ, խնդրէ, որոնէ ա՛յդ տեղ. ԿՈՐՈՒՍՏԸ՝ ԿՈՐՍՈՒԱԾ ՏԵՂԸ…։