Թորոս աղբար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՅԻՇԱՏԱԿ
       1879 Ապրիլ 26։ Երեկոյ։ Կ. Պօլսոյ Գատը գիւղի Ազգ. Արամեան վարժարանի սրահին մէջ ընթրիք մը պատրաստուած էր։ Այդ սեղանին շքեղութիւնն ու պերճանքը ոչ բազմատեսակ խորտիկներ եւ ըմպելիներ էին։ Այդ բաները կարի համեստութեամբ կարգադրեալ էր, այլ անոր իսկական շուքն էր գեղին պատուաւոր, զգայուն եւ ուսեալ Ազգայնոց՝ նոյն սեղանոյն շուրջ խմբուիլն, տարեւորն եւ երիտասարդն։ Արդարեւ քաղցր էր նկարագրել սրահին պատշաճաւոր հանդերձանքն եւ հանդիսականաց արժանիքն ու անուանքը, բայց թոյլ տուեալ չէ ինձ, զի ադոնք կը կազմեն այն դասն, որոց գործքերը վայելեր ու կը վայելէ Ազգն, եւ որք փոյթ չունին հռչակելու իրենց անձնը։ Ահաւասիկ այդ է իրենց ճշմարիտ արժանիքն։ Հոն եղողները ամէնքն եւս Հայ էին իսկապէս։
       Ուղեւորելու հանդէս կը կատարուէր այն ընթրիքով. կրօնաւոր մը կը ճամբէին, որում կը յանձնէին իրենց իղձեր եւ բարեւներ, սիրտեր եւ փափաքներ, հոգեկան ընծաներ եւ աւանդներ։ Անծանր եւ քաղցր բեռն։
       Աննկարագրելի են, արդարեւ, այն բանախօսութեանց խանդն ու համը, այն մրմնջանաց հագագն ու ձայնից ընդհատումն, ափ ծափն ու հառաչանքն, որ իրարու կը յաջորդէին։
       Միթէ մարդու մը լա՞լ կամ գոռա՞լ պէտք է բարձրաձայն՝ իր զգացածը յայտնելու համար։ Սակայն բուռն զգացողք չեն կրնար լալ. կը կարկամին եւ կը ցամքին այնպիսեաց արցունք՝ իբրեւ աղբիւր մը, որ շատ անգամ փոխանակ ակնէն դուրս հոսելու, երկրի երակաց մէջ պատռուածքէ մը ’ի խոր կը սուզանի։ Եւ այս կը պատահի գարնանային օրերը՝ ձիւներու հալուցքին, երբ բնութիւն անհանդուրժելի անձկութեամբ կը դիմէ գարնանանալ գեղալից գեղեցկութեամբ, ջուրեր կը յորդին հողին թոքերէն։ Այսպէս որը հեղեղօրէն կ’ըղձաբանէր, որը բարբառն ու աչքը միանգամայն կը խցէր, բայց ամէնուն հոգին զեղուն էր ներքուստ։ Պանդուխտ էին։
       Շատ բարեւ կը ղրկէին իրենց տառապեալ մօրը, կարօտ՝ իրենց եղբարց եւ քոյրերուն, անձո՜ւկ՝ իրենց հօրենական տան վրայ ծագող արեւուն, համբո՜յր՝ հողին, ջրոյն, քարին, խաչքարին, տաճարին, ողջո՜յն՝ ողջ մնացողին, խո՛ւնկ՝ հանգուցելոց գերեզմանին։ Անոնցմէ մինն ալ հացիկ մը տուաւ, որ տանիմ կուտ տամ իմ «Թորոս Աղբար» թռչունին։
       Ահա ա՛յս էր մեր ընթրիքն, ա՛յս էր մեր խորտիկն ու խառնելին ասոնցմով յագեալ էինք։
       Ո՜վ երեկոյ խորհրդաւոր, ո՜վ սեղան եւ սեղանակիցք անմոռացք։ Ես հաւատարիմ եղայ Ձեր եւ իմ ուխտին, ես մատուցի Ձեր բարեւներն ու համբոյրներն տեղն ’ի տեղը։ Մխիթարուեցան Ձեր մայրն եւ Ձեր ազգականները։ Այցելեցի Ձեր Նախնեաց տան ու տաճարին, գտայ հողակոյտներու տակն ու վրան Ձեր Հարց դամբարանները, գրեցի գեղերու եւ տեղերու անունները, ջրեր եւ լեռներ, որք հաւատարմապէս կը պահեն իրենց կոչումն եւ յիշատակներ։
       Շրջեցայ այն երկիրները, որ պարապ տեղ մը չունի առանց հայու նշանի, եւ եթէ ուրեք-ուրեք բնակիչքը փախած կամ փոխուած են, դեռ հողին երեսը կամ աւերակաց ներքեւ աւանդութիւններ թողած են։ Իսկ այն տեղերը, ուր կան եւ կ’ապրին հայեր, կ’երգուի Շարական, կը կարդացուի Աւետարան, կ’օծուի եւ կը պաշտուի խաչն, կը պսակուին Հարսն ու Փեսայն, կոչնակին ձայնը կը լեցնէ պրակներն ու բլրակները, վանքերը ուխտի կերթան, սրբոց խունկն ու մատաղը կը նուիրուին, քահանայն կը պատարագէ, մամիկներ կ’աղօթեն, կը ծնրադրեն, կը յուսադրեն, կը վիպեն։ Այսպէս շէն է Ձեր հօրենական տունը, այսպէս կեանք, սէր եւ հաւատք ունին Ձեր արենակիցք։
       Եւ իմ աւետարանութիւնս էր իրենց, թէ՝ Լուսաւորուեցէք եւ կը նորոգուիք, աշխատեցէք եւ կ’ապրիք, սիրեցէք եւ կը փրկուիք։
       Կը փրկուիք Աստուծով, կը փրկուիք ձեզմով. աչքերնիս յերկինս, աչքերնիս Ազգին, աչքերնիս Օսմ. մեր Վեհափառ Սուլթանին։