ՊԱՖՐԱՅ
ՔԱՂԱՔ
Անձամբ
չկրնալով
այցելել
այս
քաղաքը՝
Սեբաստացի
Առաքելեան
Գաբրիէլ
էֆ.
յանձն
առաւ
իմ
կողմանէս
երթալ,
որոյ
գրած
մէկ
նամակէն
տեղեկութիւնները
կը
դնեմ
հոս։
Վիճակագրութեան
վրայ
խօսելէն
զկնի՝
կը
յաւելու.
«…Տեղւոյս
դպրոցին
վիճակը
խեղճ
գտայ.
գծուծ
տեղ
մը,
լայն
շալվարով
եւ
բոկոտն
դասատուի
մը
քով՝
աղտոտ
տախտակամածի
վրայ
ծնկաչոք
շարուած
հարիւրի
մօտ
երկու
սեռէ
խառն
աշակերտներ
նոյնպէս
աղտոտ
վարտիքներով,
բոկոտն
եւ
գլխիբաց,
դէմքերնին
եւ
ոտքերնին
կարծես
տարիներէ
’ի
վեր
ջուր
չտեսած.
ասոնց
ողորմելի
վիճակը
մեր
ազգի
ներկայ
կացութիւնը
միտքս
բերաւ,
եւ
արցունքներ
աչկունքս
կոխեցին։
«Դպրոցին
մէջը
հասարակ
ընթերցումէ
եւ
գրէ
զատ՝
ուրիշ
ուսմունք
չկայ.
ասկէ
առաջ
մի
քանի
դասատուներ
գացած
են
հոն,
բայց
եւ
ոչ
հետք
մը
ձգած
են
անդ.
Պաֆրայի
պէս
անմշակ
եւ
անհոգ
թողուած
տեղ
մը
չէի
տեսած
բնաւ։
«Թաղ[ական]
Խորհուրդը
հինգ
տարիէ
ի
վեր
ցրուած
է
եղեր,
եւ
ազգին
գործերը
ըստ
դիպաց
կը
կատարուէին։
Եկեղեցին
մօտ
800
ոսկիի
դրամագլուխ
մը
ունի,
որ
այլ
եւ
այլ
անձանց
քով
շահու
դրուած
է,
բայց
ոչ
շահը
վճարող
կայ
եւ
ոչ
մայր
գումարը։
Տեղւոյն
երեւելիները
եւ
Թաղ[ական]
Խորհրդոյ
անդամները
բռնած
են
այս
ստակը.
ժողովրդեան
հասարակ
մասը
զայրոյթէն
յուզուած
էր
նոցա
դէմը,
եւ
դպրոցին
ու
եկեղեցւոյն
անխնամ
թողուելու
պատճառները
ասոր
կու
տային։
Հոս
յիշեմ,
որ
բաւական
վայելուչ
եկեղեցի
մը
ունին։
«Հասկցայ,
որ
աշխատել
պէտք
էր,
ուստի
եւ
զարմանալի
գործունէութիւն
ցոյց
տուի,
ժողովրդեան
ինձ
ցոյց
տուած
համակրութիւնը
օգնութեան
առնելով։
Շատ
անգամ
գումարներ
ըրի,
խօսեցայ,
քաջալերեցի,
եւ
եկեղեցւոյն
մէջ
հաւաքուած
ժողովրդեան
հաւանութեամբ
եւ
ստորագրութեամբ
Թաղ[ական]
Խորհուրդը
վերակազմեցի,
նաեւ
Ընթերցասիրաց
ընկերութիւնը
կազմաւորեցի։
Ուրիշ
տեղ
դժուարութիւն
կը
ցուցնեն
ազգային
գործերու
խառնուիլ,
հոս
երիտասարդները
բուռն
զօրութեամբ
ճիգ
կ’ընէին
Ընթերցասիրաց
ընկերութեան
գործադիր
անդամ
ըլլալ։
Տեսնելու
բան
էր
երիտասարդութեան
հրաւէր
կարդացած
ատենս՝
այն
խեղճ
դպրոցի
տղայոց՝
ժողովրդենէն
բաժնուելով
դողդոջուն
ձեռքով
գալ
ստորագրելնին,
որովհետեւ
շարունակ
իրենց
բարեաց
համար
կը
խօսէի։
Ճանապարհին
վրայ,
տուներուն
մէջ
երախտագէտ
շարժումներով
զիս
կը
շրջապատէին։
Ժողովրդեան՝
աղջկանց
եւ
մանչ
տղայոց
դպրոցներու
համար
ունեցած
եռանդը
քաջալերական
գտայ.
վերջապէս
գործը
իրենց
ձեռքով
կարգադրելու
համար
ամէն
հարկաւոր
սկզբունքները
ճանչցուցի…։
Պաֆրայի
հողը
խիստ
զօրաւոր
է.
բիւրաւոր
կենդանիներ
կ’արածին
հոն
լեռներու
եւ
դաշտերու
մէջ։
Բնակչաց
հարստութիւնն
ալ
կենդանիներն
եւ
ծխախոտն
է։
Չէրքէզը
առհասարակ
գողութեան
եւ
աւազակութեան
կը
պարապին,
ուստի
եւ
քրիստոնէից
ձեռքէն
կենդանիները
միշտ
կը
յափշտակուին.
տեղական
կառավարութիւնը
անկարող
է
եւ
կամք
չըներ
չարեաց
առաջքն
առնուլ.
մինչեւ
իսկ
երթեւեկութիւնը
վտանգաւոր
դարձած
է
աւազակներու
վախէն։
Պաֆրայի
ժողովուրդը
զօրաւոր
է,
բայց
կրթութենէ
ու
լուսաւորութենէ
զուրկ։
Յոյնք
երկսեռ
դպրոցներ
ունին,
եւ
քիչ
շատ
հոգ
կը
տանին.
Հայք
եւ
Տաճիկք
կրթութեամբ
իրարմէ
չեն
զանազանիր։
Ալիս
գետը
քաղաքին
հիւսիսային
կողմէն
կռնակը
ծեծելով
կ’անցնի,
արեւմուտքէն
արեւելք
կը
հոսի,
ճամբուն
վրայ
բոլոր
գետերը
ընդունելով
կը
մեծնայ,
կը
լայննայ։
Պաֆրայի
առջեւ
կամուրջը
քանի
մը
տեղաց
միջակտուր
ըրած
տարած
է.
ընդարձակ
տարածութիւն
մը
ունի,
մէկ
կողմէն
միւս
կողմը
լաւ
հրացան
մը
հազիւ
կրնայ
գնտակ
հասցնել
կամ
չկրնար։
Հասակաւոր
մարդ
մը
միւս
եզերքին
վրայ
տղայի
մը
մեծութեամբ
կ’երեւնար։
Գետը
պղտոր
եւ
սրընթացութեամբը
սպառնական
երեւոյթ
մը
ունէր.
աւազէ
կղզիներ
կան
իր
սրտին
վրայ
ցան
եւ
ցիր։
Եթէ
երկու
եզերքը,
հաստատուն
թումբերով
սղմուին,
նեղնան,
թէ՛
քաղաքը
վտանգէ
կ’ազատի
եւ
թէ՛
նաւարկութիւն
կրնայ
ըլլալ։
15
մղոն
անդին
ջրվէժ
մ’ալ
ունի։
Այս
երկիրը
շատ
կարեւորութիւն
ունի
եւ
հարստութեան
աղբիւր
մը
կրնայ
ըլլալ.
պէտք
է
կառավարութիւնը
ասոր
յարգը
գիտնայ.
պէտք
է
մասնաւոր
ուշադրութիւն
արուի
այս
երկրին։
Իմ
ճամբորդութենէս
հասկըցուեցաւ,
որ
եթէ
Սամսոն
մայր
մի
է,
ազգային
տեսակէտով
կ’ըսեմ,
Պաֆրան
նորա
ստինքներէն
կախուած
մանուկ
մի
է,
որ
հոգ
տարուելու
պէտք
ունի…։
Քաղ[աքի]
կառավար[ութիւն]
Գայմագամ[ութիւն]
Սամսոնի
Միւթասարիֆութեան
ներքեւ։
Եկեղեցի
Հայոց
1.
Ս.
Կարապետ։
Վարժարան
1։
Ծախք
վարժարանին
Եկեղեցիէն
10.
000
ղուրուշ։
Թիւ
Հայոց՝
794։
Ուսանողք՝
մանկունք
81,
աղջկունք
17։
Բողոք[ական]
եւ
Կաթոլ[իկ]
Հայք՝
27։
Մաղագործ
Հայք՝
290։
Պաֆրայի
հայաբնակ
գիւղեր.
Ալաչամ.
թիւ
Հայոց
8։
Գուլչալար,
----------
86։