Թորոս աղբար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՉԱՐՍԱՆՃԱԳ
       Մեկնելով Չմշկածագէն՝ լեռնոտ ուղիով, տեղ-տեղ այլ ձորէ եւ փոքր հովիտէ անցնելով, իջեւանեցանք ’ի Յաղթուկ գեղ, որուն մօտիկ են Բրաստիկ եւ Թակէ փոքրիկ գեղերը՝ սիրուն, ջրաւէտ եւ ծառազարդ, որոնց բնակիչ Հայք թէեւ սակաւաթիւ, այլ շէնքով-շնորհքով էին, իրենց խօսքեր եւ կենցաղն՝ մարդավարի։ Աստ չենք ուզեր քրդի մը անիրաւութեանց վրայ խօսիլ, զորմէ գեղացին խնդիր տուած էր կառավարութեան. մեծ ջանք կ’ընէին եւ մեծ յոյս ունէին կառավարութեան վրայ։ Յաղթուկ գեղի մէջ մեր ասպնջականն էր Պետիկեան Յակոբ աղան՝ անկեղծ, բարեսիրտ եւ առատասեղան անձն, նահապետ՝ իւր անուան համաձայն։ Գեղացիք ամբողջ գոհութիւն կ’յայտնէին, թէ ի՛նչպէս անձնուիրաբար հասարակաց օգտին համար տիւ եւ գիշեր կը ջանայ, զոհողութիւն կ’ընէ, ու գեղի վնասիչները իրեն անձին թշնամին են եղեր՝ սպառնալիք ու վտանգ հասցնելով իրեն, բայց Աստուած պահպաներ էր զինքն եւ օրհնութեամբ լցեր էր իւր շտեմարանն եւ իւր ընտանիքն։
       Այդ երեք գիւղի հայերն ալ ժողված էին Պետիկեանին տունը եւ իրենց գիտութեամբ հոն ’ի պահ դրած էին Խարդիշարու Ս. Կարապետի վանքին եկեղեցական անօթներ եւ մատեաններ։ Ձեռագիրներու յիշատակարանները օրինակեցի, եւ ամէնքն միասին հաճեցան ընծայել ինձ մի մեծադիր Աւետարան՝ ընտիր, մագաղաթ, «գրեալ ի Հռովմկլայ, յաւուրս Հեթմոյ արքայի եւ Կոստանդին կաթողիկոսին»։ Արդարեւ, անգին պարգեւ. օրհնութիւն եւ գոհութիւն իրենց։ Այդ Աւետարանը, իբրեւ իմ յիշատակ, ես նուիրեցի Ղալաթիոյ Ազգ. Մատենադարանին՝ գրելով նուիրողաց յիշատակն եւս։
       Օգոստ. 20 էր մեր Յաղթուկէն ելած օրն։ Պահ մը ձորերու միջով գնացինք, ապա ելի եւ մացառներու կը պատահինք։ Մեր մէկ կողմն կը տեսնանք Խադիշար գեղը լեռան մը գոգը, եւ գեղի տներէն վեր յաղթ ընկուզենաց մէջէն բարձրացուցած իր ջախջախեալ գլուխը կը ցուցնէր մեզ Խադիշարու Ս. Կարապետի հռչակաւոր ուխտին հոյակապ տաճարն՝ աւեր եւ ամայի։
       Երկու ժամէն կ’իջնանք Սակէտի գեղը՝ երբեմն հայերով լի։ Այժմ 7 տուն միայն ունի։ Ընտիր հովիտ մը, զոր քրդեր եւ աղաներ տիրած են ամբողջովին, ուր կայ կարմիր քարերով աղուոր եկեղեցի մը՝ խաչքարեր, մահարձաններ իր շուրջը։ Կը վազեմ համբուրել, բայց տաճարին դուռը քարերով շարուած է. մէջը խոտ են լեցուցեր…։ Այլ եւս Չարսանճագն ենք, չարչարանաց աշխարհը։ Մեր գնացքը Խարբերդի ետեւէն է։ Կ’անցնինք Փայիկ եւ Աղզոնիկ գեղերէն, վերջնոյն մօտ կայ մի գեղեցկակերտ եկեղեցի, եւ գրեթէ կից անոր՝ մի մեծաշէն տուն, որ Եուսուֆ աղայինն է։ Ապա Ավշաքար գեղն ընդարձակ եւ վայելչադիր, ուր հանգստացանք քիչ մը՝ ուտելով համեղ ձուազ եղ եւ մածուն եւ մեղրահամ ձմերուկն։ Աստի քարուտ ճամբաներով հասանք Գոմրաշ գեղը քրդաց։ Աստ մեզ առաջնորդող ոստիկան Թէլօն յանձնարարութիւն ունէր իրեն հետ, որոցմէ որ անկ էր, եւ, զմեզ թողլով, առանձինն յառաջացաւ գեղապետ Ֆէյզօյին վրանը եւ այդ անհեթեթ յաղթանդամ քրդուն քանի մը բաներ աւանդեց։ Ֆէյզօն քաղաքավարութիւն ընելու համար եկաւ զմեզ հրամցուց, որ նստինք եւ ճաշենք։ Մենք շնորհակալութեամբ հրաժարեցանք։
       Օրը կը մթնի, եւ մենք թէպէտ կը տեսնանք գեղերը եւ Բերդակու բարձր բերդին գագաթը, բայց բաւական հեռու է Բերդակն, ուր որոշած ենք իջեւանիլ։ Րամազանի լուսինը երեքօրեայ է։ Բալուայ ջուր կամ Եփրատ սկսաւ փալփլիլ եղջերաձեւ Մահիկին լուսով։ Օ՜, ի՞նչ ոգեւորութիւն կ’ազդես յիս, ո՛ ջուր։ Բայց մենք ճամբան կորուսինք, ինկանք Հին Բերդակի աւերակաց մէջ եւ, կողմէ կողմն դառնալով, հազիւ Բերդակայ ալգեստանները մտանք։ Գիշերուան ժամ երեքին մօտ էր։ Դժուարութեամբ հայու մը դուռը զարկինք։ Տանուտէրք՝ Մանուկ եւ Գասպար ալեւոր եղբարք, հազար զգուշաւորութեամբ ներս առին զմեզ։ Պառկեցանք տանիքը։ Բերդակէն անդին մեր ջորեպան եւ ոստիկանն ճանբայ չ’գիտեն։ Պաշտօնագիրն ղրկեցի Միւտիրին եւ ձիաւոր ոստիկան մը խնդրեցի մինչեւ ’ի Փէրին։ Շատ քաղաքավարութեամբ ներողութիւն խնդրեց ոստիկան չունենալուն, բայց վստահացուց, թէ՝ երկիւղ չ’կայ, եւ թէ՝ կը ջանամ մէկը գտնել մինչեւ առաւօտ։ Առաւօտ էր։ Մենք ծառերու մէջ, ջրերու եզերքը նախաճաշիկ կ’ընէինք, կ’ըսէինք եւ կը լսէինք Բերդակցի Հայոց հետ, եւ ահա տասներկու տարեկան քուրդ տղայ մը ներկայացաւ աշխուժիւ՝ յայտնելով, թէ Միւտիրէն ղրկուած էր՝ մեզ հետ ’ի Փէրին ուղեկցելու։
       –Անունդ ի՞նչ է։
       –Սըլօ։ Ես Զաւթիա եմ։
       Քիչ մը վարանեցանք։ Նա մեծ աշխուժիւ խօսեցաւ.
       –Ես կտրիճ եմ, ճամբաները քաջ գիտեմ, կրնամ ձեզ ապահով տանիլ, այդ կողմի մարդիկը բոլորն ալ կը ճանչնամ ես։
       Զուարճացանք իր ձեւին եւ խօսելուն վրայ եւ ընդունեցինք զինքն։
       Քահանայն եւ քանի մը անձինք հետս եկան։ Ժամէ մը աւելի կը տեւէ Բերդակայ մէկ ծայրէն միւս ծայրը. տներ եւ այգիներ ցրիւ-ցրիւ տարածուած, շէն եւ աւեր։ Դիրքը ճաշակով ընտրուած է, եւ, ըստ այնմ, նաեւ դրախտներ ու բնակարաններ եղած են։ Իւր հին բերդը Բալուայ ջրոյն երկու կողմը կը գտնուի։ Այս ջուրը կը կտրէ Խարբերդի լեռները եւ Տէրսիմն իրարմէ։ Բերդակն ամուր եւ գեղեցիկ դուռն մի է համայն Տէրսիմին, եւ այդ լեռնագաւառաց բնակչաց գլխաւոր տեղին, ուր դեռ ամէն շաբթու օր մը կը ժողվուին ի վաճառ (բազար)։ Բերդակ շատ շուտ կը ծաղկի, եթէ քաղաք կամ կեդրոն մը լինի։ Իր մէջի հին շէնքեր կը ցուցանեն Բերդակայ հին բնակչաց վայելչասիրութիւնը, իսկ արդի բնակիչները հետզհետէ կ’եղծանեն մնացեալները, եւ իրենց մէջ թէպէտ շէխի, կարդացողի, թէքքէի, մէտրէսէի պէս բաներ ունին, բայց մեծաւ մասամբ զուրկ են բարի վարմունքէ։
       Հայք եւս կրթութենէ զուրկ եւ ժամանակի անտեղեակ են, ունին արտեր, այգիներ, քանի մը մանր արուեստներ, բայց աղքատ են։
       Գեղին վերին ծայրը հոյակապ տաճարն Ս. Թորոսի կանգուն կը կենայ՝ մեծամեծ վիմօք, գմբէթով, ընդարձակ եւ գեղեցկակերտ շինուած մը, որ հիացումն եւ պատկառանք կ’ազդէ մարդոյ։ Թէպէտ գմբէթն ինկած է, այլ կամարներ եւ խորանը կը կենան։ Առաջին կամարին մէջ նոր պատ մը քաշելով՝ ըրեր են եկեղեցի Հայք, որոցմէ իբր 30 տուն կը բնակին մօտ։ Ս. Տաճարի միւս մասերը լի էին քարերով, հողերով, աղբերով։ Իսկ դրսի դրան տակէն կը բղխի մեծ ակն ջրոյ սպիտակ, բարեհամ եւ սառնորակ։ Ս. Թորոս մեծ վանք է եղեր, կ’ըսեն տեղացիք, եւ ասոր թեմն է «Ս. Թորոս նահիէն»՝ այժմ Չմշկածագու գաւառ համարուած։ Այդ գեղերու Հայոց համար գրուած է արդէն, թէ տաճկացած են ժամանակաւ։ Ս. Թորոսի տաճարը կ’անուանուի նաեւ Ս. ՏԻԿԻՆ։ Ո՞ր Հայ տիկնոջ յիշատակն է արդեօք։ Կը ցուցնեն մեզ նաեւ երկու աւեր եկեղեցիներ, եւ եթէ ընդունինք՝ ամենուրեք այս գաւառիս մէջ լի էին վանքեր եւ եկեղեցիներ։ Համբուրելով զՍ. Տիկինն՝ մեկնեցանք։
       Դեռ գեղին ծառերու միջով կ’անցնէինք, եւ ահա խումբ մի մարդոց, որոց ամեհի ձիոց վրնջիւններ, անոնց վրայի արծաթեայ եւ պայծառ սարասներ, ծառաներ եւ հեծելոց հագուստն ու կապուստը կը ցուցնեն, թէ նշանաւոր անձինք են։ Արդարեւ Չարսանճագի կառավարութեան Տաճիկ եւ Հայ ազաներն եւ Հայոց առաջնորդ Յովհաննէս վարդապետն էին, որք, բողոքած լինելով իրենց գայմագամին վրայ, կանչուած էին ’ի Խարբերդ՝ դատուելու։ Տեսակցեցանք, եւ Առաջնորդն խոստացաւ փոյթ վերադառնալ։
       Հինգ ժամ անցեր էր։ Հասանք Փաշավանք գեղ, որ Իսաք պէյի սեպհականութիւնն էր, ուր կը բնակէին ութսուն տունէն աւելի Հայք, որոց տները, այգիներ, հողերը, մացառները, լեռները ամբողջ պէյին կը վերաբերէին, եւ մէկ րոպէի մէջ կրնար պէյն զիրենք հանել այն տեղէն կամ մէկին տունն ու այգին միւսին տալու։ Ասոնց վրայ պիտի խօսինք։ Ապա կը հանդիպինք Հայոց Վասկերտ գեղը՝ ծառազարդ եւ սիրուն դիրքով, ուր է մեծակառոյց տունն Քիւչիւք աղային, որ տէրն է այս գեղին։ Ժամէ մը զկնի կ’իջնանք ՄՆՁՈՒՐԻ գետը (Մունզուր սույի), որ կուգայ Մնձուր լեռնէն, ջուր յստա՛կ, երկնից օրինակ, պատուական կարմրախայտներ իր մէջ կը խայտան, իսկ վրայի կամուրջը կը յիշեցնէր վերջին դատաստանին մազէ կամուրջն՝ բեկբեկուած, կախուած, վրայէն անցնողն զինքն կը պատրաստէր յաւիտենական աշխարհին համար։ Այլ երբ անցանք, խմեցինք ու խմեցինք այդ անյագելի ջրէն, լուացուեցանք, եւ կազդուրուեցաւ մեր ողջ անձն։
       Աստի փոքրիկ ել մը ելնելով՝ մեր առջեւ տարածեալ կը տեսնենք նեղ հովիտ մը, որոյ մէկ եզերքէն կը հոսի գետակ մը։ Փէրինի մօտէն կ’անցնի այս ջուրը, բայց խիստ ծանօթ կը թուի ինձ իւր տեսքն եւ իւր համն ու հոտը։ Ջո՛ւր, դու կուգաս Տարօնոյ Ս. Կարապետի սարէն՝ Իննակնեան աղբերաց վերեւէն։ Դու Մէրգէմէրու ջուրն ես, Բինգօլի թոռն, որ Վարդոյ գաւառէն կը մտնես ’ի Քեղի եւ հոս Քեղուայ ջուր կը կոչուիս։
       Ջուր, ո՞ւր այդպէս շտապ-շտապ, փախէ փախ. հարցմունք ունիմ քեզ, պահ մի պահ, բան մի բան, ասա ինձ ու գնա։
       Կը փախչէր նա լալագին, կարծես՝ հալածիչներ ինկած էին ետեւէն, եւ կ’երթար, կը փարէր Մնձուրայ վտակին։ Երկուքը մէկէն, իբրեւ քոյր եւ եղբայր, կը մտնէին Բալուայ Եփրատին մայրենի ծոցը։
       Երեկոյեան ժամն 12 է։ Հասանք Զէրին գեղը քրդաց։ Կալւորները այս զովագին ժամուս, խաղ կանչելով, ցորեն կը կասեն, գեղին գամբռերը հաչելով վրանիս կը վազեն, քրդաց տռէք, կըճէք եւ լամուկները զմեզ կը դիտեն։ Դեռ ժամ մը կայ մինչեւ ’ի Փէրին։ Քսան վայրկեանէն հասած ենք Փէրինի այգեստանները։ Այգիներու միջով է ճանբան։ Ի՛նչ գեղեցիկ լուսնակ գիշեր, շէն այգիներ, գետակին տեսքն ու ձայնը։ Ահա Փէրինի կալերը, եւ գեղի տներէն ճրագներ իրենց շառաւիղները կը բլբլացնեն։ Նեղ ու քարուտ փողոցներէ անցնելով՝ մտանք Հայոց եկեղեցին եւ ’ի վերայ տանեաց հանգչեցանք։ Հոն էր Առաջնորդարանը։ Հետեւեալ օրը Ազգ. ժողովականներ եւ երեւելիներ կանչելով եկան ’ի տես։ Ընդհանրապէս մեծ յուսահատութեան մէջ էին. մէկ քանիներ հազիւ կ’ուզէին պատմել իրենց վիճակը եւ խստիւ կը պահանջէին, որ Պատրիարքն ու Կեդր. վարչութիւնը ունենային մեծ ոյժ, քանզի թագաւորին եւ նախարարաց քով կը նստէին, կը տեսնուէին եւ կը խօսակցէին։ Կ’ուզէին, որ հասկցնէի ասոնց կրածները Պատրիարքին եւ Վարչութեան եւ այսքան տարիէ ’ի վեր իրենց յարուցած դատը գլուխ հանէին՝ դատապարտել տալով Չարսանճագի անիրաւ բռնաւորներ, իրենց տալով մշակելու երկիրներ, տէր ընելով զիրենք իրենց տներուն եւ այգիներուն եւ այլն։
       «Մեր խնդիրը յարուցանելէն առաջ աւելի քիչ չարիք կը կրէինք, - կ’ըսէին, - այժմ տասնապատիկ ծանրացած է մեր դատն ու զրկանքն, մեր կնիկները եւ մեր աղջիկներ մեր չեն, էմլաքի տուրքը մենք կուտանք՝ կալուածն աղային է, հողային տուրքը մենք կուտանք՝ հողն աղային է, եզն ու քրտինքը մեր՝ արդիւնքն աղային է։ Աշխարհիս երեսը թռչունն ու մրջիւնն իրենց բոյն մը ունին։ Չարսանճագցի ժողովուրդն տուն ու հող չունի… Ալ մեր ինչո՞ւն համար է Պատրիարք, ինչո՞ւ Առաջնորդ, ինչո՞ւ համար էկեր ես դու հոս…»։
       Այնքան սաստիկ յուզմամբ եւ կրիւք կը խօսէին, եւ այնպիսի լեզուով մը, որ երեք օր ընդունայն եղան բոլոր իմ յուսադրութիւններս եւ յորդորներս, ապա տասնի չափ անձինք քիչ մը մեղմացուցին իրենց խստութիւնը։ Ի՞նչպէս ալ մեղադրէիր, լրագրի երես տեսած չէին, քաղաքականութենէ եւ աշխարհի ընթացքէ անտեղեակ, մերձակայ քաղաքներու հետն անգամ անհաղորդ, ուսմունք, գիրք իրենց անծանօթ, խորի՜ն կարեկցութեան արժանի։ Իրարու վրայ ալ անվստահ էին. կը վախնային, որ մէկնզմէկ մատնէր պէյին, թէ գանգատ ըրած է նա պէյին վրայ։ Եթէ այրի կին մը կամ աղջիկ մը, կամ տուն մը, կամ այգին, պէյը կը խլէր մէկէն, կուտար միւսին։ Մեծ պատճառն հայերն էին, որ կա՛մ իրենց մատնութեանց վարձքի տեղ կ’ստանային, կա՛մ աւելի գին, կաշառք, կապալ կուտային պէյին՝ խնդրելով, որ զայն առնէր Մարտիրոսէն տայր Կիրակոսին։ Կային այնպիսի կարգ մը հայեր ալ, որք իրենց այս տարօրինակ ճարտարութեամբ, կաշառք կ’առնուին ժողովրդէն, զոր կը մատնեն, պատիւ կը գտնէին պէյերէն, որ հնարքներ հնարեն։ Ոմանք եւս բողոք յարուցանել կուտային ժողովրդենէն պէյերու վրայ եւ ծախք կը ժողվէին, պարգեւ կ’ստանային պէյերէն եւ բողոքը կը խափանէին, կամ գոհութեան գրեր անգիտաբար ժողովրդեան կնքել կուտային։ Ցաւալի էր տեսնել Հայերէն շատեր արբեցող եւ հայհոյիչ, որովհետեւ գաւառը առատ գինի կը բերէ, եւ զոր կրնան փոխադրել ’ի Կարին եւ ստակ վաստկիլ, բայց լաւ համարած են խմել ամբողջ եւ անկարգութիւն ու վնասներ շահիլ անձանց։ Ցաւելով կը գրենք այս ճշմարտութիւնները։
       Գաւառիս Հայն, տգէտ լինելով հանդերձ, իր պահքին, հաւատքին աղօթքին պինտ է. յաճախ փորձ ըրած են բողոքականք եւ չեն յաջողած որսալու։ Ինչպէս բնական է այսպիսի տեղեաց, կախարդական բաներու վրայ շատ կը խօսին եւ թուղթ նայելու, թուղթ գրելու շատ կը հետեւին։ Ֆրանգ Կարապետ անուանեալ ճարտար ու զուարճախօս հայ մը կը խօսէր, թէ. «Հայր սուրբ, այս երկիր դիւանական բաներու շատ կը հաւատան, իմ խելքս, չհասնիր։ Իմ հարս հիւանդ եղաւ, ըսին դիւանական է, օր չորս գլուխ Աւետարան կարդալ կուտայի։ Զօր ըրին, թէ թուղթ հայել տուր, հայել տուի։ Ա՛յ հա՜յ, դիւանական է ըսին։ Ջին կայ։ Ո՜վ բերենք, ո՛վ չբերենք։ Թիլ գեղի Մօլլան բերենք, էնի ջիներ կը ժողվէ։ Կնիկ մարդ անխելք է, բայց խօսքը անց է, չկրցայ փողպատս (եախաս) ազատել. մօլլան բերինք։ Եկաւ, նստեր կը պտպտայ (մնջիկ կարդալ)։ Եղէգ մը ուզեց, դանակ մը հանեց, գետնէն դանակի բերնով կը ժողվէ եղէգի մէջ կը լեցնէ։ «Դօ էդ ի՞նչ է կը ժողվէս, մօլլա»։ «Ջին է, դեւ է կը ժողվեմ»։ «Ու՞ր է»։ «Ահա հա՛, - կ’ասեն ինծի, - չե՞ս տեսնար»։ «Չէ՛, աղբէր, քօռնամ, թէ բան մը կը տեսնամ»։ Աչքերս կը շփեմ, բան չկայ։ «Մենք կը տեսնանք», - կ’ասեն։ Էհ, աղէկ։ Ժողվեց, լցեց եղէգը, բերանը մոմեց, որ չփախչին, տուեց ինծի ու ասաց. «Պիտի տանիս տեղ մը խորես»։ Տեղ մը ցցուց։ «Է՛, փարայ տուր»։ «Աղէկ, թէ որ հարսս աղէկցաւ, տամ»։ «Չէ՛, փարայ տուր»։ Զօր արին։ Հանինք երկու հինգ ղուրուշնոց տուինք։ Չերթար։ Նեղեցայ։ Գնաց, որ ետքէն գայ մնացածն առնէ։ Հարսս չաղէկնար։ Էս ու էն կ’ասեն. «Դու չես հաւատար»։ «Է՛, հիմա դեւերը ժողվե՞ց մօլլան»։ «Հա՛»։ «Կեցէք», - ասի։ Եղէգը զարկեր էի առաստաղը, վար առի։ Ահ ու որոտում ինկաւ նստողներու մէջ, թէ՝ վա՜յ, դեւեր պիտի ելնեն դուրս։ Մոմը բացի, եղէգի ծայրը դրի մէջ բերնիս։ «Աղբէր դուք մի՛ վախնաք, դեւեր թող մտնեն իմ փորը»։ Բան չկայ, որ մտնէ։ Շա՛տ այսպէս խաբեբայ բաներ»։
       Պ. Գասպար, որ գիտնականութեան համբաւ ունէր, խառնակ գրերով տետրակ մը ցոյց տուաւ ինծի։ «Սողոմոնի» էր տետրակի անունը, որոյ մէջ մարդոց բաղդ կամ ճակատագիր կը նայէր։ Կենդանակերպից անուանք կարգաւ գրուած են՝ Խոյ, Կարիճ, Կշիռ եւ այլն։ Իւրաքանչիւր կենդանակերպին հանդէպ գրուած է. «Ծնեալն եթէ կին է, աչեղ լինի եւ գեղեցիկ, առաջին այրն մեռանի, երկրորդով երանելի լինի, իմաստուն եւ բաղդաւոր, այլ ’ի զաւակաց չցնծայ» եւ այլն, եւ այլն։ «Եթէ այր ծնանի, մեծագլուխ լինի, կտրիճ, ի՛նչ բանի ձեռք ձգէ, յաջողի, կնոջմէ խաբի, բայց վախճան բարի լինի։ Եթէ հիւանդանայ, ոչ մեռանի, այլ նոր բաղդի տիրանայ» եւ այլն։ Այս Խոյին։ Կարիճին ալ՝ ձախորդ կամ յաջող կերպ մը, նոյնպէս եւ Կշիռին, եւ այլն ըստ կարգին։
       Խեղճ կինը կամ այրը, հաւատալով, թէ իրեն համար նախասահմանուած է լինել աղքատ, հիւանդ, դժբախտ, կը հալի շարունակ այն վիճակին մէջ։ Ուրիշ մը, թէ՝ երիտասարդական հասակին մէջ մեռանի պիտի, թէ՝ ամուսինէն կամ ’ի զաւակաց չցնծայ եւ այլն։ Միշտ ախով ու վախով իր կեանքը կ’անցունէ։
       Անդին՝ «Գեղեցիկն, աչեղն, բաղդաւորն, իմաստունն» կը զօրէ, կը զօրէ, որ Սողոմոնի ըսածին պէս լինի եւ չկրնար։ Աւելի ձախորդն կայ, մինչեւ անգամ կը գուշակէ թէ «Այս կինն անհամեստ պիտի լինի կամ պարկեշտ, գող կամ արդար, սպանող կամ հաւատարիմ» եւ այլն։
       Տիրելով այսպիսի գաղափարը գիրը նայել տուողին երեւակայութեանը վրայ՝ կասկածներ անպակաս կը լինին տունէն։ Բայց վարպետ Սողոմոնը ադոնց դէմ գրուածներ հնարած է, որ դիմեն թուղթ նայողին եւ գիր մը գրել տան կնոջ կամ առն հաւատարմութեան համար եւ ամէն բանի համար։ Թղթի վրայ պէտք է տող մը աննշան գծեր գծել, եւ ասոր տակը Արաբերէնի պէս քանի մը բառեր, եւ այդ թուղթը կարել պէտք է այն անձին գլխոյն կամ թիկանց ծածկոյթին վրայ, կամ այլ տեղը, կամ թաղել ճանապարհի վրայ եւ այլն։ «Սողոմոնին» աւելի ընդարձակ էջերը նուիրուած են ախտից եւ հիւանդութեանց, որ կ’սկսի այսպէս. «Վասն գլխացաւի եւ փորացաւի, ծննդականի կամ թոքացաւի» եւ այլն։ Եւ ապա. «Կոչեաց Սողոմոն զդեւսն եւ ասէ. «Ասա ինձ, զի՞նչ է անուն քո»։ Ասէ դեւն. «Անուն իմ Սէրլիք է, եւ մեք թուով բազում եմք»։ Ասէ Սողոմոն. «Զի՞նչ չարիք առնէք մարդոց»։ Ասէ դեւն. «Մեք բնակիմք ’ի ջուրս եւ ’ի ջրհորս, հարկանեմք զմարդ եւ զարհուրեցուցանեմք, խաւարեցուցանեմք զաչս եւ ցաւեցուցանեմք զմէջս եւ զգլուխս, երեւիմք երբեմն ’ի ձեւ աղջկան, երբեմն ’ի կերպարանս անասնոց»։ Ասէ Սողոմոն. «Ասա՛ ինձ, ով պիղծ, զի՞նչ է ճար եւ դարման այդ ցաւոց»։ Ասէ դեւն. «Սեւ ագլօր զենուլ, արիւնով գրել զայս թլըսմ (էջ 133-ից). ’ի ջուր դնել եւ խմել, չորս գլուխ Աւետարան կարդալ, եւ Ս. Յակոբայ մոմ վառել եւ հարիւր ծունր դնել»։
       Այսպէս ամենայն ցաւոց համար մէկ-մէկ դեւ կը կանչէ Սողոմոն որք իրենց անունը կուտան, եւ թէ շատւո՞ր են, թէ սակաւաւոր, թէ ո՛ւր կը բնակին, թէ ինչ կերպարանք կը կրեն՝ որը շան, որը ձիու, որը եզան, որը գայլու, որը խոզի, որը կատուի, որը գերեզմանները կը բնակին, որը փողոցները, որը ծառոց ստուերները, որը տներու մէջը, որը տանիքը, որը այգին, որը դաշտը, որը աւերակները։ Թէ ամենայն ախտից եւ հիւանդութեանց պատճառողք սատանաներն են, բայց բարեպաշտօրէն կը յայտնեն, որ այսինչ ախտով բռնուածն այնինչ վանքն երթայ, Անարծաթ բժշկաց գերեզմանը յուխտ կը խրկեն ծննդականն, ոտքի ցաւէ բռնուողն՝ Ս. Խաչի վանքը, սրտի ցաւէ բռնուողը Նարեկ թող կարդալ տայ, եւ գլխացաւն՝ Աւետարանը, եւ այլն։
       Գիշեր մը նստեր էինք եկեղեցւոյ տանիքը, ուստի կ’երեւին դաշտ եւ արտորայք, եւ գիւղորայք զուարճալիք, եւ Քեղուայ գետն ոլորուն կը հոսէր գեղին մէկ քովէն՝ լուսափայլելով լուսնակին լուսով, որոյ ջրոց մէջ, մերթ ընդ մերթ շփուելով, հովն խոշորաձայն խշրտոցներ կը հանէր։ «Հայէ, հայէ, հայր սուրբ, - կ’ըսէ Ֆրանգ Կարապետն, - վիշապներն եկան ջուր խմելու։ Վիշապ կը լինին այն օձերը, որ եօթն տարի ադամորդւոյ երես չտեսնան, թեւեր եւ եղջիւրներ կ’ունենան։ Մեծ են, մե՛ծ հա, մարդ, գազան կը կլլեն, թէ որ Աստուծոյ հրամանքով հրեշտակներ երկաթէ զնջիլով չքաշեն երկինքը, երկրի երես մարդ չմնար, կը կլլեն։ Կը քաշեն, կը քաշե՜ն, կը թողեն հանա՛ բանձր լեռներու վրայ հազար կտոր կ’անեն»։
       Փէրինէն կէս ժամ հեռի Հոշէ անունով Հայու գեղ մը կայ աչքերնուս առջեւ՝ ջրէն անդին։ Գեղին վերեւը ճրագ մը կը վառի։ Կը ցուցնեն ինձի եւ կը պատմեն, թէ. «Տարուայ չորս եղանակի մէջ Աստուծոյ գիշեր այս ճրագը կը վառի։ Ասկէ պարզ կը տեսնանք։ Հոշեցիք չեն տեսնար։ Մարդ կը ղրկենք, որ երթան տեսնան, թէ ի՞նչ է այն։ Գեղին քով կը հասնին, ճրագը կը կորսուի, բայց միեւնոյն ժամանակ ասկէ կ’երեւի։ Սուրբի տեղ է, ի՞նչ է այն, չենք գիտեր։ Մեր պապերն ալ միշտ տեսած են»։
       Արդարեւ, ես ալ կը տեսնայի, բայց մէջ ընդ մէջ կը մարէր փարոսի նման եւ դարձեալ կը լուսէր։
       Հոշէ ինչու ըսուած է այս գեղը։ Կը պատմեն, թէ. «Տիարպէքիր չշինուած, ուզեր են այդ քաղաքը հոս շինել. ընդարձակ հիմունքներ եւ կոփածոյ մեծ քարեր կան այստեղ։ Հիմն կը ձգեն եւ ամէն օր հիմանց վրան շէնքը կը շինեն։ Առաւօտ կ’ելնեն, կը տեսնեն, որ գործիք կորսուած են։ Վարպետը կը հարցնէ. «Գործիքն ո՞ւր է»։ Կը պատասխանեն. «Հոս չէ, հոս չէ»։ Ուրեմն մեր շինելիք քաղաքին տեղը հոս չէ. տեղւոյն անունը կը մնայ հոս չէ, հոշէ։ Յառաջ կ’երթան շինողները մինչեւ կը հասնին Տիարպէքիրին տեղը։ Հոն ճարտարապետն իր գործիքը կը գտնէ։ Կրողներն են կրած։ «Աստուծոյ կամքն այստեղն է», - կ’ըսէ ու կ’սկսի քաղաքը շինել»։
       Տէրսիմի Քրդաբնակ տեղերու վրայօք այնքան շատ բաներ կը պատմեն, որ եթէ ստոյգ լինէին, յատուկ հետազօտութեան արժանի պէտք է համարել այս լեռն ամբողջ, ուր ոչնչացած եւ դեռ չոչնչացած բաներ կրնան գտնուիլ։ Պատմածներէն մաս մը հաւանական կը թուէր, կային չափազանցութիւնք եւս. մինչեւ առասպելաց կը հասցնէին։ Քանի մը գեղերու անունները տուին, որոց աւերակաց մէջէն ամաններով արծաթ եւ ոսկի դրամներ ու զարդեր գտած են Քրդեր։
       Այս, հաւանական է, ասպատակութեանց եւ մարտից օրերը թաղուած գանձեր են, որոց տէրերը կա՛մ մեռնելով, կա՛մ չդառնալով, մնացած են թաղուած տեղերը։
       Քարայրերը, կ’ըսէին, յորս լցուն հին գրքեր կան հայերէն, եւ այրերու դռները շարուած, տեղ-տեղ բացուեր եւ երբ ձեռք ձգեր են, որ գիրք մը հանեն, բոլորը փտած ու ապականուած՝ վար թափեր են մոխրի պէս։ Այս եւս կրնայ ճշմարիտ լինել դժբախտաբար, որ եւ բացատրութիւն չպահանջեր։
       Քարայրեր կամ քարուկիր շինուածքներ, կ’ըսէին, որոց մէջ սնտուկներով լեցուն են ոսկի եւ արծաթ եւ այլ կահ կարասիներ ու զէնքեր, բայց ոչ ոք կրնայ ներս մտնել կամ ձեռք կարկառել, զի աղաղակներ եւ որոտմունք կը լսուին, եւ շահէն կը մեռնին։ Մասնաւորապէս հետեւեալը պատմեցին չորս անձինք, բայց «Մենք լսողաց ենք, - ըսին, - տեսողաց չենք»։ Էրմոյեան Մանուկն, իբրեւ իր աչքով տեսած, այսպէս պատմեց. «Փէրինէն չորս ժամ հեռի՝ Տէրսիմի ներսը, Ղռան Աշիրաթէն Ապտուլլահ անուն քուրդն բլրոյ մը վրայ իրեն համար տուն մը կը շինէր ասկէ քսան տարի յառաջ։ Ղռան մեծ քաղաքի պէս տեղ է եղեր եւ ունի շատ աւերակներ։ Քուրդն իր տան հիմունքը պեղած ժամանակ քարուկիր կամարակապ ներքնաշէնք մը բացուեցաւ։ Պատուհանէն, դռնէն նայեցանք, որ կոյտ-կոյտ ոսկի եւ արծաթ դրամներ, սնտուկներ, մաքուր եւ ընտիր զէնքեր, ձիոց սանձ ու թամբեր եւ կերպ-կերպ հագուստներ։ Քրդերէն մէկը զինքն ներս նետեց եւ, սնտուկ մը գրկելով, դուրս վազեց, բայց ինկաւ մեռաւ. գանձուց պահպանող Աներեւոյթներ չարաչար զարկեր էին զինքն։ Այդ սնտուկով ոսկին Աբդուլլահին տունը կը կենայ։ Կը տեսնան, բայց չեն կրնար ձեռք տալ կամ հատ մը վերցնել, իսկոյն կը մեռնին. Աներեւոյթ պահապան կայ քով։ Աբդուլլահ իր տունը շինեց այդ կամարակապին վրայ, որ կ’ըսուի նաեւ Եղերի տուն։ Ծակեր թողած ունի. ամէն մարդ կրնայ նայիլ, տեսնալ պատմածներս, ինչպէս նաեւ տան մէջը դրուած սնտուկն ու ոսկին արծաթն»։ Այս Աբդուլլահն ուրիշ տեղերէ ալ գտած ունի եղեր հին դրամներ։ Էրմոյեան կ’ըսէր, թէ. «Նա երեք հատ ոսկի տուաւ ինծի՝ ամէն մէկն 12 տիրէմ՝ պղինձ ղուրուշնոցի մեծութեամբ։ Տարայ Խարբերդը, փոխանակեցի մէկն 1140 ղրուշի Թվէնքչեան Գէորգէն»։
       Այս ստոյգ էր, թէ հին դրամներ եւ այլ հնութիւններ բաւական կը տեսնուէին այս գաւառի բնակչաց քով, եւ շատն ալ ժողվեր էին ու կը ժողվէին շահադէտներն։ Պատմեցին նաեւ, թէ Փէրինի քովերը տաճիկ մը փորելով գանձ հանեց։ Վերցնէր պիտի, Աներեւոյթները՝ սեւ արաբ էին, չարաչար զարկեր էին զինքն, ցաւէն ու ահէն լեզուն լալ եղաւ եւ ականջները խուլ։ Անշուշտ՝ իր երեւակայութեան պտուղ։ Ծածկեալ գանձուց համար սեւ արաբք կամ աներեւոյթներու պահպանութիւնը սովորաբար ամէն գաւառի ժողովուրդը կը խօսի։ Հոս մեծ հաւատք ունէին րամի, զանազան հմայութեանց եւ այլն։ Թող առասպել լինին մեր լսածները, սակայն կը թուի, թէ այդ ամուր լերանց խորշերը, իրօք, բաներ կան յայտնուելիք։ Արշակունեաց օրերէ հետէ իբրեւ ամրոց, իբրեւ ապաստանատուն, իբրեւ դարան կրնանք նկատել Տէրսիմն, ինչպէս նաեւ լի են բերդերու, դղեակներու, վանքերու, շիրիմներու հետքերը, որք ոչ միայն Ազգ. պատմութեան, այլ նաեւ քաղաքականութեան եւ գիտութեան ալ նիւթ կը մատակարարեն։
       Ես շատ փափաքեցայ շրջել միանգամ այդ խորերը, բայց պաշտօնս չէր ներեր, եւ զօրաց բանակն ու քրդերը մեծ շարժումներ կ’ընէին։ Միայն Մեծկերտը գնացի, ուստի երեք ժամ հեռի կը գտնուէր նոյն օրը Ալի Շէֆիկ պէյն զօրաց հետ եւ հրաւիրած էր քրդաց երեւելիները, որոց առաջարկեր էր երեք պայմաններ՝ 1. տուրքեր վճարել եւ զօրք տալ, 2. մարդահամար ընել. 3. զէնքերը բերել յանձնել։ Այս երրորդ պայմանը ծանր թուած էր իրենց, եւ անհնարին խորհրդոց մէջ էին։ Մեծկերտը ունէր քարաժայռ բերդ մը, որոյ ուսին վրայ գոգաձեւ շինուած էին տուները. շէնքեր եւ աւերակները կը ցուցնէին, թէ ի՞նչ կարեւոր դիրք եւ դեր ունեցեր [է] այդ բերդաւանը, որոյ չորս կողմն լեռնապատ է, եւ խոր ձոր մը ունի առջեւ։ 7-8 եկեղեցեաց աւերակներ կը տեսնայինք եւ նշանաւոր խաչքարեր, երկու եկեղեցի ալ քարի մէջ փորուած՝ գեղէն դուրս, որ կ’ըսուէին Դալասուրբ եւ Քառսուն մանկունք։ Օդն ու ջուրը աննման։ Մեր գնալու եւ գալու ճամբուն վրայ էին Խուզուլջուխ, Կօքթափայ եւ Տամիթաղ գեղերը, հայաբնակ։ Մեծկերտն ալ հայաբնակ էր։ Իբր 25 տուն թուրք միայն կային, եւ հին՝ այլ գեղեցկաշէն գմբէթով ու մինարէով մզկիթ մը ունէին, յորում կար սուրբի մը գերեզման։ Բնակչաց կեանքը խիստ աննախանձելի էր։
       Առաջնորդ Հայր Սուրբ վերադարձած էր Խարբերդէն։ Իր ուշադրութիւնը խնդրեցի պատմական եւ իրական հնութեանց վրայ։ Նա ցոյց տուաւ ինձ փոքրիկ կուռք մը եղջերաւոր ցուլի, որ գտնուած էր Փէրինու արտի մը մէջ հօտաղի մը ձեռքով, եւ այլ քանի մը բաներ։ Նա ընծայեց ինձ տատասկ բեւեռ մը Ս. Լուսաւորչի չարչարանաց վանքէն եւ մի այլ դատասկ ունէր, որ կլոր պնդուկի մը չափ էր՝ փուշ-փուշ։ Փափագանօք համբուրեցի։
       Վիճակագրութեան չ’սկսած՝ եկեղեցիները այցելեցի. մթին եւ ողորմելի շէնքեր։ Նոյնպէս են եւ եկեղեցականները, բայց գոնէ կը գտնուին, եւ ժողովրդեան հոգեւոր պէտքերը կը հոգացուին։ Ո՞վ հոգացեր զիրենք, ո՞վ կրնայ մեղադրել զիրենք։ Օրհնեալ լինի Արարատեան ընկերութիւնը, որ մեր առաջարկութեան վրայ վարժարան մը հիմնեց ի Փէրին, զոր կը կառավարէ ցարդ Միացեալ ընկերութիւնն. մեծ բարիք մ’եղաւ այդու երկրին. ինչպէս նաեւ Չմշկածագի վարժարանն։
       Կ’ուզեմ ծանուցանել ընթերցողաց Չարսանճագի աղաներ կամ պէյեր յանուանէ, որք թուով 25 են։
       1. Փաշավանքի Իսաք պէյ։ 2. Խարէսիկի Օսման պէյ։ 3. Վասկերտի Քուչուկ աղա։ 4. Մարջամակի Իբիշ, Մահմատ եւ Աբդի աղայք։ 5. Բալէշիրի Հիւսէին, Մուստաֆայ եւ միւս եղբայր։ 6. Վերին Հաւսիկի Սալման աղա։ 7. Կալուգարի Յուսուֆ աղա։ 8. Խըռնիկի Մահմատ աղա եւ եղբայրն։ 9. Գալանդարի Աբուշ աղա։ 10. Փէրինու Սատըգ եւ Օսման աղայք։ 11. Բաղնիքի Նահիբ աղա։ 12. Ղուշչիի Օսման աղա։ 13. Սայիտլիի Իսմայիլ աղա։ 14. Ղայաչիի Զիլֆի եւ Սէֆօ աղայք եւ միւս եղբայրն։ 15։ Ձորակի Իբիշ եւ Մահմատ աղայք։ 16. Կոտարէճի Յուսուֆ եւ Թօսուն աղայք եւ միւս եղբայրն։ 17. Ուրցի Ահմատ աղա եւ եղբայրն։ 18. Կօքթափայի Ահմատ պէյ։ 19. Կորճանի Ալի աղա։ 20. Աղ-մազրայի Իբիշ աղա։ 21. Իսմայիլցիկի Սուլէյման աղա, Աբօշ աղա եւ Օսմանի որդիք։ 22. Վահնայի Իսմայիլ աղա։ 23. Զէրինի Քուչուկ աղա։ 24. Սորփիայի Ահմատ աղա եւ հօրեղբօրորդիք։ 25. Բաղշիշի Հաճի Մուստաֆա աղա։
       Ահա ասոնք են երկրին տէրերը։ Ամէնէն առաւել Իսաք պէյն է, որ ունի 36 կտոր գեղ ու մազրայ։ Անկէց վար ունեցողներ կան՝ 12, 10, 6, 4 եւ այլն կտոր գեղերը։ Ասոնք բոլոր իրենց գեղերու հողերը իրենց անուան թափու ըրած են՝ առանց բնակիչներէն հարցուելու։ Միայն Մեծկերտը եւ Սղճով գեղերու հայք եւ չնչին մաս մ’ալ Բերդակցիք իրենց վրայ թափու ունին, այլ սակայն հողային եւ կալուածական տուրքերը ինչպէս նաեւ ’ի հարկին իանէ ները գեղացիները կը վճարեն, որ կը գրուին ’ի հաշիւ աղաներուն, եւ անոնց անուան քօչաններ կը տրուին։ Անշուշտ յայտնի է, թէ գեղացին, մարաբայ լինելով, բերքերը կը բաժնեն աղայից հետ։ Առանց աղայի հաւանութեան եւ հրամանին եղած ամուսնութիւնք շատ ծանրագնի կը նստի ժողովրդեան։ Կան աղաներ ալ, որ կ’ուզեն իրենց գեղը եկեղեցի քահանայ գտնուի, գոհ ապրին, որպէս զի չփոխադրուին ուրիշ աղայի մը հող։ Այս պէյերու ահէն է, որ Տէրսիմի Քրդեր ամէն կողմ վնասներ կը գործեն, բայց Չարսանճագին վնաս մը չեն կրնար տալ։ Իսաք պէյը յաճախ ամբաստանուած է, որ թէպէտ գովելի մէկն չէ, բայց միւս աղաներն են մեծաւ մասամբ բողոքել կուտան, որպէս զի ասպարէզն իրենց մնայ, եթէ նա իյնայ, իսկ եթէ չյաջողին, Հայք պիտի նեղուին իրմէն եւ իրենց դիմեն։ Ամէն աղան իր տեղը ճշմարիտ Իսաք պէյ մի է։ Բարեխնամ կառավարութիւնը քանիցս քննիչներ ղրկած է հոն՝ օրինաց արդարութիւնը գործադրելու համար։
       Փէրինու հայերէն մաս մը, արհեստաւոր լինելով, մանաւանդ Ղալայչի եւ զինագործ, ազատ ելեւմուտ ունին Տէրսիմցւոց մէջ։ Անոնցմէ ոմանք, եւ յատկապէս ծերունի Ուսթա Յակոբն, հետաքրքրական տեղեկութիւններ տուին։ Քաղուածք մը կը դնեմ այստեղ։
       «Տէրսիմն երկու մասի բաժնուած է։ Առաջին մասն կը կազմեն Մնձուր լերինք, եւ այս է Տուժիկ ըսուածն։ Այս մասին մէջն է Ովաճուխ անուանի լեռնահովիտն՝ խոտաւէտ, ջրաւէտ եւ մացառոտ։ Երկրորդ մասն է բուն Տէրսիմն, որ կը տարածուի Քղիի, Դերջանի եւ Երզնկայի կողմը, ուր է Խուզուլջանն։ Կան ոմանք, որ Տէրսիմն երեք մասի կը բաժնեն՝ Մնձուրն ու Տուժիկը զատ-զատ առնելով, որք իրարու մօտ սրածայր լեռներ են։
       Ովաճըխի կամ Տուժիկի բնակիչ Քրդաց նշանաւոր ցեղերն են, որ աշիրաթ կ’ըսուին, Շեխհասանցիք, Փիլովանցիք, Խարաբալցիք Աբասանցիք, Քօչ-ուշաղցիք, Բազկարանցիք (այս ցեղէն են Խըռ-ուշաղի եւ Թօփուզ-ուշաղի հռչակեալ եղեռնագործք), Կավ-ուշաղցիք, Շամ-ուշաղցիք, Բահդիարցիք, Ըռուտանցիք, Շեխմահմատցիք, Խըրղանցիք եւ այլն։
       Տէրսիմի մասին բնակիչ ցեղերու նշանաւորներն են Ջըբրանցիք, Սուրանցիք, Ալանցիք, Արեցիք, Գուրէշանցիք, Շէխմահմատցիք, Հայտարանցիք, Դէմանանցիք, Յուսուֆանցիք, Լուլանցիք, Շատեցիք, Իզօղլուցիք, Ղռանցիք եւ այլն։ Կը յիշուին նաեւ Գօչար-ուշաղի, Բազկար-ուշաղի, Ասլան-ուշաղի, Բրիմ-ուշաղի, Բէթ-ուշաղի եւ այլն»։
       Տէրսիմն եւ Տուժիկն կը բաժնէ մէջտեղէն Մնձուրի գետակը՝ Մունզուր սույի, բայց ներքին միջավայրերը այս լերանց լի են այլեւայլ ջրերով, անտառներով, հովիտներով եւ զարդարուն ձորերով։ Այնքան դաժան համբաւ ունեցող եւ դրսէն խոժոռ երեւցող այս լեռները գեղեցկութեամբ լի են, եւ կը զմայլեցնեն զմարդ։ Բաց ’ի ծանուցեալ գեղերէն՝ ընդհանրապէս քուրդ բնակչաց տները ցիր ու ցան են՝ շինուած անտառի փայտերով։ Իրենց հացը կորեկ է եւ գըլգըլ, ոչխար ու կով ունին բազմաթիւ եւ ջորի։ Բոլոր տեղերը կա՛մ հետի, կա՛մ ջորիով միայն կարելի է գնալ, զի ուղիներ դիտմամբ աւրած են, եւ անտառներէ, ժայռերէ, ելեւէջներէ պէտք է անցնիլ։ Այս Քրդաց լեզուն Զազայի է, եւ կրօնքը՝ Գզըլբաշի։ Հազրէթի Ալին է իրենց մարգարէն, Առաքեալն եւ Սուրբն։ Ունին իրենց կրօնականներ եւ կրօնապետներ, որոց տոհմը սրբազան է, եւ կը կոչուին Սայիտ, Տէտէ ։ Ողեւոր մը, եթէ Սայիտ մը առնու իր հետը, կրնայ անվտանգ ամէն տեղ շրջիլ, ինչպէս կ’ընեն շատեր։ Անոնք յայտնի են ամէն տեղ, որք ունին իրենց ծուխեր, զորս կը հովուեն եւ անոնցմէ սահմանեալ հասոյթներ կը ժողվեն։ Գիր եւ մատեան չունին, բայց աղէկ բարոյական խրատներ կ’աւանդեն, եւ տարեկան տօներուն՝ ժողովուրդ համախմբուած ժամանակ, հաղորդութեան պէս արարողութիւն մը ունին հացով եւ գինիով, զորս զատ-զատ ամանի մէջ կը դնեն, եւ Սայիտն հրապարակաւ կը յանդիմանէ զմեղաւորն, որ եթէ խոստանայ այլեւս չընել մեղք, իւր խղճին կը ձգուի մերձենալ ու հաղորդուիլ։ Բայց կան անզեղջ մեղաւորներ ալ, զորս կը զրկէ Սայիտն հաղորդելէ եւ իր այցելութիւն կը կտրէ այնպիսիներէ՝ յայտարարելով հասարակութեան, որ անոնք ալ յարաբերութիւն չունենան եւ անոր հացէն չուտեն։ Ամուսնական սրբութեան կարի նախանձախնդիր են։ Չունին յատուկ աղօթատեղի, բայց տեղ-տեղ սուրբ Տէտէներու գերեզմանները գմբէթով շինած են եւ աղօթողներ կարգած, ուր ուխտի կ’երթան։ Յաճախ ուխտ կ’ընեն նաեւ Հայոց շէն կամ աւեր տաճարներուն, որոց քարերը կը համբուրեն, խունկ կը ծխեն, մոմ կը վառեն, մատաղ կը կտրեն, հիւանդաց վրայ Աւետարան կարդալ կուտան եւ երկիւղածութեամբ կը համբուրեն զայն։ Եկեղեցւոյ զգեստ եւ անօթ կը գողնան, բայց Աւետարանը կը համբուրեն։ Կնաթողութիւն չունին, եւ բացառութիւն է մէկէ աւելի կին ունենալ։
       Սայիտներ կամ Տէտէներ թէ՛ այցելած գեղերը եւ թէ՛ տօնի օրերը երգելով կը կարդան, կան որ սազ մը կը չալեն հետը եւ յափշտակեալ ոգեւորութեամբ, սրտաճմլիկ եղանակաւ կ’երգեն Աստուծոյ արարչագործութիւնը, կամ Աբրահամի պատարագելը իւր որդին, կամ Յակոբ նահապետը, կամ Յովսէփ Գեղեցիկը եւ այլն։ Բայց միշտ Ալիի անունը կը խառնեն մէջը։ Խորին տպաւորութեան տակ ունկնդրութիւն կ’ընեն միւսները։ Այս երգոց մէջ կը յիշատակուին Ադամայ հետ Եւան, Աբրահամու հետ՝ Սառան, Յակոբայ հետ՝ Ռաքէլ, Յովսէփայ հետ՝ իւր ողջախոհութիւնն, որոց բարոյականն, երկու սեռին եւս օգտակար կերպով կը բացատրեն։ Հայ քահանաներ եւ վարդապետները կը պատուեն։ Ինձ ալ պատահեցաւ, որ ծունկս եւ կուրծքս կը համբուրէին եւ աղօթք կը խնդրէին։ Հայ քահանայի մը յիշատակը կ’ընեն ոմանք, որ ասոնց մէկ մեծ Սայիտը ազատեր է հաւատոյ հալածչաց ձեռքէն՝ պահելով զայն իր տանը մէջ եւ անոր փրկանքին համար իր եօթն զաւակները զոհեր է։ Երգ մը կամ շարական մը յօրինած են քահանային օրհնութեան յիշատակին, յորմէ մաս մը թարգմանելով կը դնեմ այստեղ.
       «Մտիկ ըրէք, Աստուծոյ մէկ գործը պատմեմ։
       Հայ քահանան իր եօթն որդիք նահատակել տուաւ,
       Ողբալով օրհնենք անոնց յիշատակը։
       Սայիտ Հիւսէյին, սպանիչներէն հալածեալ,
       Հայ քահանային ապաստանեցաւ։
       Քահանայն իր եօթն որդիք զոհեց,
       Սայիտ Հիւսէյինն ազատեց։
       Աստուած օրհնէ Հայ քահանայն։
       Նա ’ի վերջոյ ’ի բանտ մատնուեցաւ։
       Սայիտ Ջաֆար բանտը մտաւ ծածուկ,
       Համբուրեց Հայ քահանային օրհնեալ աջը
       Եւ անոր օրհնութիւնն առաւ։
       Բանտին մէջ կ’աղօթէր Հայ քահանայն.
       Անոր աղօթքը երկինքը կը հասներ։
       Վերջին դատաստան պիտի ընէ Յիսուս,
       Հասան եւ Հիւսէին Յիսուսի քով պիտի կենան,
       Չարերուն պատիժ պիտի խնդրեն, բարիներուն վարձք։
       Յիսուս լոյս է, Ալին՝ ճառագայթ,
       Լուսեղէն կարմիր թագով պիտի պսակեն մեր գլուխը։
       Նա դրած է իր գլուխը կարմիր թագ,
       Բոցի պէս կարմիր, կարմիր վարդի նման,
       Կարմիր ձիու վրայ, աղեղն ’ի ձեռին լարուած։
       Օրհնենք Հայ քահանային յիշատակը…»։
       Այս բարոյական ունեցող Սայիտներու հովուած ժողովրդեան մէջ, զարմանալի է, որ կը գտնուին այնքան անագորոյն սպանիչներ եւ աւազակներ։ Կը պատահի երբեմն ալ մարդ յափշտակել տանիլ։ Բայց կը սպաննեն, երբ դիմադրութիւն տեսնուի կամ գնտակ արձակուի իրենց վրայ, ապա թէ ոչ՝ կողոպտանքով կամ կամաւոր տուրքով մը կը բաւականանան, զոր իրենց իրաւունք կը համարին Աստուծոյ սահմանեալ։ Եւ եթէ իրենցմէ մարդ սպաննուած լինի կամ բանտարկուած, որոց ձեռքով որ եղած է, անոնց գեղէն ու ցեղէն մեծ վրէժները կը հանեն, մարդ կը յափշտակեն, մինչեւ նոյն գեղացիք իրենց բանտարկեալն արձակել տան, կամ սպանելոյն ծանր փրկանք վճարեն։ Ապա թէ ոչ՝ իրենց տարած անձն չարչարելէն եւ մեռցնելէն զկնի, երկար ոխ կը պահեն եւ քանի մը անձինք ալ կ’սպաննեն։ Զօրքերէ սաստիկ կը սարսափին, բայց գեղացի ու քաղաքացի Հայն եւ Տաճիկ մէկ հաշիւ են իրենց քով։ Երբեմն նաեւ իրենց մէջ ցեղ ցեղի դէմ ալ կռիւներ կ’ընէ։ Այդ ցեղերը բաշխում ըրած ունին գեղերը իրենց վրայ, եւ իւրաքանչիւրն իր գեղերէն տարեկան տուրք կ’երթայ կ’առնու, նոյն իսկ Ակնայ վանքն եւ բոլոր գիւղորայք Ակնայ, Արաբկիրի, Չմշկածագի եւ այլն։ Բենկայ գեղացիներ եւ Արմուտաններ իրենց քաջութեամբ ազատ են այս հարկէն, յորս Քուրդն չհամարձակիր մուտ գործել։ Կան քանի մը այսպիսի տեղեր, բայց անոնք իբրեւ պագայա կը հաշուեն։ Տուրքերն են թիւթիւն, տրեխ եւ քանի մը հարիւր ղուրուշ դրամ՝ ըստ բնակչաց, թեթեւ բաներ։
       Պատահեցանք անգամ մը Հասոյին գեղի մը մէջ եւ հարցուցինք, թէ. «Ի՞նչ բանի համար տուրք կապած են, երբ Աստուած հրամայած է միայն թագաւորին տուրք տալ»։ «Մենք ալ Աստուծոյ հրամանաւ կ’առնունք, - ըսաւ Հասոն, - զի երբ Աստուած հազրաթի Ալին աշխարհ ղրկեց, պատուիրեց թէ. «Գնա՛ քարոզէ։ Քեզմով հաւատացողներն իմ զինուորներս են, զէնքով պէտք է ապրին»։ Հազրաթի Ալին ըսեր [է]. «Եա՛ Խուտայ, հապա ո՞վ անոնց համար հաց ու հագուստ պատրաստէ»։ Աստուածը ըսեր [է]. «Անոնք, որ քեզմով չեն հաւատար ինձ, իրենց վաստակէն հաց ու հագուստ թող տան, իմ զինուորներս ալ թող անոնց պահապան լինին»։ Մենք կը պաշտպանենք եւ զոհ կուտանք մեր անձը տուրք վճարողներուն, բայց չվճարողները կողոպտելով, սպաննելով՝ Աստուծոյ կամքը կը կատարենք։ Իսկ գողութեան համար աղօթքով կը խնդրենք յԱստուծոյ, որ արդար վաստակներու չհանդիպինք, այլ որք խաբէութեամբ, տոկոսով, անիրաւ եւ զօրաւոր միջոցներով ունեցած են հարստութիւն, թէ՛ դրամ լինի, թէ՛ ապրանք, թէ՛ անասուն, զանոնք ղսմաթ ընէ մեզ։ Այսպէս մեր ձեռք բերածները Աստուծոյ յաջողութիւնն է, որոյ արդարութեան գործիքն ենք»։
       Անշուշտ, ամբողջութիւն չեն կրնար կազմել մեր գրածները Տէրսիմին եւ իւր բնակչաց վրայ, բայց մենք այսքան կրցանք ձեռք բերել։
       Այժմ անցնինք Չարսանճագի Առաջնորդութեան թեմի վիճակագրութեան։
       ԹԵՄ Ա.
       ՓԷՐԻՆ. գիւղաւան, ուր կը նստի գայմագամն, եւ առաջնորդն (վիլայէթ Խօզադ)։ 1 եկեղեցի՝ Ս. Աստուածածին։ Վարժարան՝ Աշակերտ՝ 100, ծախք վարժարանին՝ տարեկան 300 ղուրուշ։ Այժմ Միացեալ ընկերութեան նախակրթարան։ Բնակիչք՝ Հայ, Թուրք եւ Քուրդ։ Տունք Հայոց՝ 318։
      
       ԹԵՄ Բ.
       ՄԵԾԿԵՐՏ. Աւան. գայմագամութիւն. վիլայէթ Կարին. (այժմ միւթէսարիֆութիւն. վիլայէթ Խօզաթ). Փէրինէն հեռի 5 ժամ։ 2 եկեղեցի՝ Ս. Աստուածածին եւ Ս. Յակոբ։ Տունք Հայոց՝ 80։
      
       ԹԵՄ Գ.
       ԽՈԶԱԴ. Աւան, այժմ՝ վիլայէթի կեդրոն, որ հետզհետէ սիրուն քաղաք մը կը ձեւանայ։ 1 եկեղեցի՝ Ս. Փրկիչ։ Տունք Հայոց՝ 19։
      
       Բնակիչք խառն են գրեթէ ամէն գեղի մէջ Թրքաց եւ Գզլբաշ Քրդերու հետ, տեղ-տեղ ալ հայախօս Ասորիք կը գտնուին, որք անխտիր խնամութիւն կ’ընեն Հայոց հետ, եւ անոնց կրօնական կարգեր Հայ քահանայք կը կատարեն։ Հայաբնակ փոքրիկ գեղերէն քանիները մէկ քահանայ ունին, որ այցելութեամբ կը հովուէ։ Ժողովուրդ մաքուր Հայերէն կը խօսի, Քուրդն, Թուրքն ալ Հայերէն գիտեն։
       Վանքեր։ Գաւառիս բազմաթիւ վանքերէն միմիայն ՀԱԼՒՈՐԻԿԻ Ս. ԿԱՐԱՊԵՏԻ ՎԱՆՔԸ ողջ է՝ Փէրինէն 18 ժամ հեռի դէպի Երզնկայ։ Մօտ է նաեւ Չմշկածագին՝ շրջապատեալ Քրդերով եւ անտառներով։ Տուն մը Հայ կայ բնակեալ վանքին մէջ երկար ժամանակէ հետէ, որք թէ՛ կը մշակեն վանքին հողեր եւ թէ՛ որդւոց յորդի իրենցմէ վարդապետ մը կամ քահանայ մը վանահայրութիւն կ’ընէ։ Մեր օրովն էր տէր Պօղոս քահանայն, որոյ գերդաստանը կը բաղկանար 65 անձերէ։ Վանքին աղան կամ տէրն էր Սայիտ Իպրահիմ, որոյ ցեղին տարէց տարի վանքն կուտայ 30 քիլայ ցորեն (քիլան 100 հօխա էր)։
       ԵՐԿԱՆԻ կամ ԵՐԿԱՆ ԸՆԿՈՒԶԻ Ս. ԿԱՐԱՊԵՏԻ վանքն ալ աւելի հոյակապ եւ մեծագործ շէնք է, բայց քանի մը մասեր քայքայուած, ընտիր ճարտարապետութիւն, որոյ ձեւն եւ քանդակներն Եւրոպացի ուղեւորաց իսկ հիացումն պատճառեր, եւ օրինակած են ոմանք։ Վանքը շինուած է Հայոց Ն. Ի. Դ. թուին։ Տաճարն Ս. Աստուածածնի անունով է, որոյ դրան ճակատին վրայէն օրինակուածն է հետեւեալը, զոր Առաջնորդէն ստացայ. «Այս է խորան մօր տեառն, յորմէ ծնաւ Յիսուս Քրիստոս ’ի յայրն Բեթղէհէմ. յորովայնի հաճեցաւ, եւ ’ի սրտին բնակեցաւ, եւ Ս. Հոգին հովանացաւ, աղաչեմ զքեզ Ս. Աստուածածին բարեխօսեա վասն ծառայի քո մեծ Մխիթարիս զորդիդ քո Աստուած մեր դաւանելոյ», եմ ’ի թիւ… ման… գանձէ… թշնամւոյն, որ առաքեալք մեր նահատակեցան Քրիստոս վասն քո սուրբ ծննդեանդ, եւ զկնի զխորանս շինեցի, ’ի թուին Ն. Ի. Դ. »։
       Յիշենք քանի մը աւերակ վանք եւ եկեղեցիք։ Փէրինու քով՝ ջրին եզերքը, Կարմիր վանք եւ Ս. Լոյս վանք, եկեղեցի մը եւս Ասքանդ ըսուած տեղը։ Լուսաւորիչ գեղին քով՝ բլրի վրայ, Ս. Քառասուն մանկունք վանք հոյակապ։ Փաշավանք գեղին քով՝ բլրի վրայ Ս. Յովհաննէս ընդարձակ վանք։ Բերդակայ Ս. Թորոս կիսաւեր վանք շքեղակերտ, որ եւ Ս. Տիկին։ Ձորակ գեղին քով՝ ձորոյն մէջ, Ս. Վառվառ եւ Ս. Աստուածամայր։ Ղուշջի գեղին քով՝ Ս. Անտօն։ Հոշէի քով՝ Ս. Պօղոս։ Բաշխիշի քով՝ Ս. Սարգիս։ Մեծկերտի քով՝ Ճերմակ վանք , Ս. Փրկիչ, Պօղոս Պետրոս, Ս. Գէորգ, Ս. Աթանաս, Ս. Եղիա, Ս. Սարգիս, Ս. Մեսրովբ։ Լամք գեղին քով՝ Ս. Աստուածամայր եւ Ս. Թորոս։ Մասդանի քով՝ Ս. Կիրակոս եւ Ս. Յուղիդայ։ Խոզընգեղի մօտ՝ Ս. Յուսիկի կիսաւեր վանքն։ Դաշտակի մօտ՝ Ս. Թումաս։ Սին, Թուրուշմակ եւ Փախ գեղերու մօտերը՝ մէկ-մէկ եկեղեցեաց աւերակ։ Խոզադու Քրդաբնակ Ին գեղին մէջ Ինն սրբոց իննեակ եկեղեցեաց աւերակք։ Հագէզին մօտ՝ չորս եկեղեցիք։ Չուխուրին մօտ՝ Վանքակ վանքն։ Հալւորի գեղը՝ 12 եկեղեցիք աւերեալ եւ այլն։