ԱԿՆ
ԿԱՄ
ԱԿՆԱՅ
ՔԱՂԱՔ
Միթէ
կ’արժե՞ս
դու,
մեծահամբաւ
քաղաքդ,
այսքան
նեղութիւններ
կրել
տալ
քեզ
այցելու
եկողին։
Արդարեւ,
երբ
ճնշուած
քարերէ,
խորերէ,
վախերէ,
քրտնաթաթախ
եւ
արիւնաշաղախ
ելեւէջներէ,
յանկարծ
կը
տեսնես
Ակն
Ձորակի
գագաթէն,
այնքան
շքեղ
շէնքերով
եւ
գեղեցկազարդ
ծառատունկերով,
կարծես
արքայութիւն
մի
է
այն։
Իջնալ
պէտք
է
մինչեւ
կիրճին
խոր
յատակը,
եւ
երկրպագելով
Եփրատի
թագաւորութեան
պատուանդանին,
ապա
անցնիլ
կամուրջով
մը։
Յայնժամ
կը
տեսնես,
թէ
այդ
արքայութեան
հանգիստ
կարծած
քաղաքդ
քանի՜
դժուարին
եւ
անելանելի
առապար
մ’է,
ինչպէս
մարդ
պատէն
կամ
պարսպէն
’ի
վեր
ընթանայ։
Քարերու
մէջ
ենք,
քար
կը
կոխենք,
քարերն
’ի
վեր
կ’ելնենք։
Եթէ
մխիթարութիւն
մը
կայ,
քարաշար
սանդուխներն
են,
խոխոջացող
առատ
ջրեր,
եւ
ծառոց
ու
բուսոց
կանանչ
սաղարթներ,
որ
տարածուելով
փողոցներու
պատերէն
դուրս՝
գեղեցկութիւն
մը
սփռած
են։
Իջեւանեցանք
Վերին
թաղի
Ս.
Աստուածածին
եկեղեցւոյ
Առաջնորդարանը՝
Ակնցուոց
արժանաւոր
շէնք
մը՝
ընդարձակ
եւ
փառաւոր։
Քաղաքի
առաջաւոր
ազգայինները,
ժողովքներ,
խորհուրդներ,
քահանայք,
ուսումնականք
դաս-դաս
այցելեցին
շնորհքով
եւ
կարգով։
Ութն
օր
մնացինք
Ակն։
Մեծ
դիւրութեամբ
կատարեցինք
մեր
պաշտօնը,
ժողովքներ
եւ
ատենագրութիւններ
բաւական
կանոնաւոր
էին։
Առաջնորդ
չունէին,
բայց
պէտք
ալ
չունէին։
Արդէն
իրենք
իրենց
գործեր
կրնային
վարել,
թեմն
ալ
փոքրիկ
էր։
Կը
պակսէր
իրենց
քահանայ
եւ
վարժարանները
հոգալու
եւ
յառաջադէմ
վիճակի
մէջ
դնելու
հոգը։
Քիչ
մ’ալ
«Ես
ես»
էին,
սակայն
մեր
քանի
մը
դիտողութիւնները
փորձով
ցոյց
տուին,
թէ
դիւրութեամբ
կը
համաձայնին
ազգի
օգտին։
Չէինք
կրնար
աւելի
ալ
մեղադրել,
վասն
զի
Ակնայ
յետին
Հայն
անգամ
իր
ունեցած-չունեցածը
գօնսօլիտի,
բաղդի
թղթոյ
փոխարինած
էր,
եւ
ամէնուն
յայտնի
է,
թէ
այս
բաղդն
ի՞նչ
դժբաղդութիւններ
բերաւ
իրեն
յուսացողաց
գլխուն։
Եկեղեցեաց
եւ
վարժարանաց
գումարներն
ալ
մի
եւ
նոյն
հեղեղը
տարած
էր։
Արդէն
Ակն
ոչ
առեւտուր
եւ
ոչ
երկրագործութիւն
ունի,
ասոր
համար
բոլոր
Ակնածինները
սփռեալ
են
այլ
եւ
այլ
քաղաքներ
ու
աշխարհները,
շատերը
անդարձ
գաղթականութեամբ,
բայց
շատերուն
ալ
մեծածախ
տուներ
եւ
Ակնայ
ջուրն
ու
օդը
չեն
ձգած
մեկնիլ։
Ուր
որ
շրջեցայ,
Ակնցիներու
պատահեցայ։
Առածը
կ’ըսէ,
թէ
«Ակնցու
երկու
ոտքէն
կաղն
մինչեւ
Հնդկաստանը
հասեր
է,
մէկ
ոտքէն՝
մինչեւ
Չինումաչին»։
Յիշեցէք
ծիծեռնակը,
որ
իր
հոյակապ
բոյնը
կը
շինէ
քարի
մը
կող,
եւ
ինքն
արագ-արագ
կը
սլանայ
յայս
եւ
յայնկոյս,
որդն
ու
կուտ
կը
կրէ
իւր
ձագուց։
Եւ
ահա
նոյն
է
Ակնցին,
շարունակ
կ’երթայ
կու
գայ,
կը
բերէ,
կ’սպառէ,
եւ
նորէն
կը
վերադառնայ։
Ակնցի
Հայք
աւանդութեամբ
զիրենք
կը
համարին
Անւոյ
գաղթական,
իսկ
Ապուչեխն
ու
Կամրկապ,
որ
արուարձան
են
Ակնայ,
Վասպուրականի
գաղթական։
Թէ՛
աս
եւ
թէ՛
անոնք
նախարատոհմ
կը
կարծեն
զիրենք
եւ
իրենց
հետ
եկող
ժողովուրդները՝
մերձակայ
գիւղերու
մէջ
բնակած։
Այսօր
անկարեւոր
պարծանք
մ’է
տոհմականութիւն,
անշուշտ
իրենք
ալ
հասկըցած
են,
թէ
անձանց
արժանիքն
է
միայն
ճշմարիտ
ազնուականութիւն։
Այլ
սակայն
պէտք
չէ
մոռնալ,
թէ
Ակն
մեծ
Հայերու
հայրենիք
է
եղած։
Դեռ
դարուս
սկիզբները
թէ՛
Պօլսոյ
մէջ
եւ
թէ՛
գաւառները
մեծամեծ
ամիրաներ
փայլեցան,
որք
օգուտ
եւ
պատիւ
բերած
են
ազգին
իրենց
պակասութեամբ
հանդերձ,
որ
ժամանակի
կենցաղավարութեան
պտուղն
էր
եւ
տգիտութեան
արդիւնք։
Ո՞ւր
են
իրենց
ժառանգութիւններ
եւ
ժառանգները…։
Ակնայ,
Ապուչեխի
եւ
Կամրկապայ
Հայոց
ճոխ
եւ
շռայլ
կեանքը,
ծանր
եւ
մեծաբարոյ
վարմունքներ,
ճարտար
շահադիտութիւնք,
տանց
եւ
կահ
կարասեաց
մաքրութիւն
ու
շքեղութիւն,
ծառայից
բազմութիւն,
տիկնանց
պերճ
զգեստներ
եւ
ոսկեղէն
զարդեր,
ասոնց
ֆէրաճէն,
լայն
ու
երկայն
թեւերով
կապայն ,
թանկագին
մուշտակն,
գլխոց
սպիտակ
շղարշն,
գագաթակալ
թասն,
երեսնոց
եւ
գլխէն
’ի
վար
վարսերուն
խառն
փռուած
նրբաթել
ծոպեր,
արծաթէ
կոճակներ,
եւ
պարանոցն
ու
բազուկները
պճնող
մարգարիտներն,
ոսկիներն
եւ
բուստերը,
ծանրաճեմ
ու
ակնածելի
խաթունները,
եւ
այլն
եւ
այլն.
կը
ցուցնեն,
թէ
հասարակ
մարդիկ
եւ
ժամանակիս
որդիք
չեն,
բայց
ա՛լ
հարկ
է,
որ
իրենք
զիրենք
ժամանակիս
յարմարցընեն։
Նայելով
Ակնայ
կիրճին
եւ
տեղւոյն
ամրութեան՝
անշուշտ
ընտրանօք
շինած
են
հոս
իրենց
բնակարանները։
Որսորդներէ
հալածուած
թռչնոց
նման՝
անմերձենալի
եւ
անառիկ
քարերուն
ապաստանած,
ուր
արեւն
եւ
երկինք
անգամ
իրենց
երեսը
հազիւ
կը
ցուցընեն,
եւ
ո՛ր
կողմդ
դառնաս,
բարձրաբերձ
գորշագոյն
քարեր
կը
փակեն
աչքէդ
հորիզոնը։
Կամաւոր
եւ
անըմբերելի
աքսորանք
մ’է
ընդարձակ
հովիտներու
եւ
մեծ
երկնքի
վարժողի
մը
այս
տեղ
բնակիլ։
Վա՛յ
էր
ինձ,
որ
Վանայ
այգեստանին,
ծովին,
Վարագայ
հովտին,
Մշոյ
մեծ
դաշտին,
Քաղկեդոնի
շրջակայքին
եւ
Մարմարային
գեղասփիւռ
եւ
մեծածաւալ
երեւոյթներուն
վարժուած,
կը
ճնշուէի
այս
ժայռերուն
մէջ։
Քաղաքիս
անուն
ԱԿՆ,
զոր
ԷԿԻՆ
ալ
կ’անուանեն,
այլ
եւ
այլ
մեկնութիւններ
կուտան,
բայց
ստոյգն
այն
կ’երեւի,
թէ
իւր
անուն
առած
է
ջրոյ
մեծ
Ակնէն,
որ
քաղաքի
վերէն
խիստ
առատութեամբ
կը
բղխի
քարուտ
աւազանէ
մը,
եւե
ջաղացքներ
բանեցնելով
ու
բոլոր
քաղաքի
փողոցներ
եւ
տները
բաշխուելով,
տունկերը
ոռոգելով,
դեռ
մեծ
մասն
կը
թափի
յԵփրատ։
Ի՞նչ
գործարաններ
չեն
շինուիր
այս
ջրոյն
վրայ
եւ
նոյն
իսկ
Եփրատին
վրայ։
Եփրատն
իւր
օգուտները
ունի,
ձուկ
կ’ընծայէ,
իւր
ափերով
կը
զուարճացնէ,
իւր
շալակով
կը
բերէ
շէնքի
եւ
վառելու
փայտեր,
քալակով
ալ՝
ցորեն
եւ
այլ
պէտքերը։
Գեղեցիկ
է
Արեգի
թաղը՝
Ակնայ
հարաւը։
Կից
է
Արիգին
Ապուչեխն,
Կարուշլան
եւ
Կամրկապն,
որք
կրնան
մէկ-մէկ
թաղ
սեպուիլ,
ամենքն
ալ՝
ծառազարդ,
մրգաբեր։
Կամրկապն
այգիներ
ալ
ունի,
ամենքն
ալ
ջրաւէտ։
Անուանի
է
սպիտակ
թութ
համով
եւ
առատութեամբ։
Կը
նստիս
աւազանի
մը
կամ
չռիկ
աղբիւրի
մը
քով։
Վերէն
վարդենեաց,
խնծորենւոյ,
ծիրանի,
սալորի,
տանձի,
բալի
եւ
այլն,
ծառերը՝
նախ
ծաղիկներով,
ապա
պտուղներով
ծանրացած
ճղերը
ծռած,
կը
ծառանան
գլխուդ
վերեւ։
Քովերդ
ալ
տնկած
են
մեխակ,
մանուշակ
եւ
այլ
հոտաւէտ
բոյսեր
ու
զանազան
համեմները,
մանաւանդ՝
Ակնայ
սուլթան
խոշորափառ
եւ
բոսորագոյն,
կծու
եւ
գրգռիչ
կարմիր
պղպեղն։
Կեր,
արբ,
զուարճացիր,
եւ
ահա
ամբողջ
անձդ
եւ
շուրջդ
կը
փռուին
ծաղկունք
ծառոց
եւ
չոր
թութ՝
աւազանին
կամ
բաժակիդ
մէջ,
սեղանոյն
ու
գագաթանդ
վրայ
թրըխկ
կ’իյնայ
ծիրանի,
խնծորի
եւ
այլն։
Կաթուկ
մը,
կանանչ
ոստերը
եւ
հասուն
պտուղներ
սիրող
թռչուններ
քեզ
նուագաւոր
եւ
պարայած։
Ասդիէն
անդիէն
ալ
քաղցր
եւ
բարձր
ձայնիւ
պատանեկաց
ու
երիտասարդաց
խաղ
կանչելուն
արձագանքները
կը
բերեն
քեզ
քարեր։
Ակնայ
քաղաքը
երկու
Եկեղեցի
կայ
Հայոցս՝
Ս.
Աստուածածին
եւ
Ս.
Գէորգ։
Ս.
Գէորգ
նոր
շինուած
էր՝
հոյակապ
եւ
մեծածախ,
քարուկիր,
գմբէթաւոր,
բայց
իւր
քովի
վարժարանը՝
հին
եւ
անկանոն,
իսկ
վերին
թաղի
վարժարանը՝
բաւական
աղէկ։
Վերադարձիս
ուրախութեամբ
տեսայ,
որ
երկու
թաղ
միանալով՝
իրենց
վարժարանները
ծաղկոցի
վերածեր
էին
եւ
մէկ
ուսումնարան
մը
բարձր
ուսմանց
համար
սահմաներ
էին
արժանաւոր
ուսուցիչներով։
Բացման
հանդիսին
ներկայ
էի։
Կը
մնայ
իրենց
աւելի
կարեւոր
պակաս
մը,
այն
է՝
աղջկանց
վարժարան,
որոյ
յաջողութեան
յուսով
կը
մնամ։
ԱՊՈՒՉԵԽ.
Եկեղեցի՝
1.
Ս.
Նշան։
Փառաշէն,
իսկ
իւր
Վարագայ
վարժարանը՝
խարխալուած
եւ
յետին
աստիճան
անկարգ։
Ափսո՜ս
գրատան
եւ
գրքերուն,
ափսո՜ս
այս
գեղին
ու
վարժարանի
նախկին
համբաւոյն։
ԿԱՄՐԿԱՊ.
Եկեղեցի՝
2.
Ս.
Աստուածածին
եւ
Ս.
Գէորգ։
Վարժարանը
երկսեռ՝
Արամեան
եւ
Սանդխտեան։
Աղէկ
ուսուցիչներ
ունէին,
ապահով
եկամուտներ,
հետեւաբար
եւ՝
յառաջադէմ
աշակերտներ,
երկու
քահանաներն
ալ
ուսեալ։
Արժ.
տէր
Կարապետ
Երէցեանը
առաջնորդական
Տեղապահ
էր
Ակնայ։
ԿԱՐՈՒՇԼԱՅ.
Եկեղեցի՝
1.
Ս.
Աստուածածին,
եւ
մէկ
Ծաղկոց՝
խեղճ
վիճակի
մէջ։
Կարուշլայի
մէկ
կողմն
ժայռի
մը
փակած
է
Ս.
Կոզմոսի
եւ
Դամիանոսի
մատուռն,
որ
ընդհանուր
ուխտատեղի
է՝
երեք
փոքրիկ
խորանով։
Տանիքի
վրան
ալ
ունի
երեք
կիսախորան,
ուր
պատարագ
կը
մատուցուին։
Մատրան
դրան
դէմ
երկու
սենեակ
կայ
Մատաղատուն
անունով՝
ուխտաւորաց
համար։
Խաչքարեր
եւ
ծառերը
կը
զարդարեն
այս
վայրը,
որ
Կարուշլացւոց
գերեզմանատունն
է,
եւ
քանի
մը
Առաջնորդաց
շիրիմներ
ալ
կան։
Այս
մատրան
արդիւնքը
Կարուշլացիք
իրենց
սեպհականած
են,
իբրեւ
թէ
իրենց
վարձք
բերող
կալուած
մը
լինէր,
ուր
խիստ
յարմար
է
կեդրոնական
ուսումնարան
մը
շինուիլ։
Եփրատն,
այս
մատրան
տակի
ժայռը
համբուրելով,
գլուխը
կը
դարձնէ
յարեւելս։
Ապուչեխին
մօտ
է
Չերազ
թաղ
եւ
Մայրընդուրիկ,
զոր,
իբրեւ
ուղղելով,
կ’ըսեն
Մայրընդունակ,
Ագրակներու
Աստուածածին,
Ս.
Մինաս,
Ս.
Թորոս,
Ս.
Սահակ,
լեռան
Ս.
Թորոս։
Կամրկապայ
մօտ
է
Ս.
Յակոբ,
Ս.
Թորոս,
եւ
Ս.
Ներսէս։
Կաշոյ
գեղի
այգեստանք
գրեթէ
խառն
են
Կամրկապին՝
փոքր
ձորով
մը
անջրպետուած։
Կաշոյի
բնակիչքը
իբր
հարիւր
տարի
առաջ
տաճկացեալ
Հայք
են,
կ’ըսէին,
եւ
ամէն
մարդ
գիտէ,
թէ
տակաւին
թաղեր
եւ
տոհմեր
կան
Հայ
անունով։
Կը
պատմեն,
թէ
Կաշոցիք
Թրքաց
բռնութենէն
ազատելու
համար
կ’որոշեն
տաճկանալ
եւ
կը
տաճկանան։
Գեղի
քահանայն
այգին
կը
գտնուի
այս
ժամուս։
Երէցկին
կը
վազէ
գոյժ
տալ
երիցուն,
թէ,
փութա՛,
գեղացիք
ամենքը
տաճկցան։
Երէցը
կը
դառնայ
կը
պատասխանէ.
«
Վա՛յ,
գարը,
սէն
տահա
կեավուռճա՞
մը
սէօյլէրսըն,
պէն
չօգտա՛ն
Տաճիկ
օլմուշում»։
Խեղճ
երէցկինը
այլայլած,
մազերը
փետտելով՝
կը
թռի
ժայռի
մը
գլուխ,
ձայն
կ’արձակէ
Կամրկապցւոց.
«Ես
մինակ
մնացի
Հայ։
Ձեր
Աստուած
կը
սիրէք,
Կամրկապցիք,
իմ
հոգւոյն
խունկ
ծխեցէք,
աղօթք
ու
պաշտօն
կատարէք»։
Եւ
Կամրկապցւոց
աչքին
առջեւ
զինքը
կը
գահավիժէ,
Եփրատին
հոսանաց
մէջ
կը
սուզանի։
Կամրկապցիք
անոր
մարմինը
կը
հանեն
կը
թաղեն,
ամէն
տաղաւարին
անոր
գերեզմանը
կ’օրհնուի,
եւ
ամէն
կիրակամտին
Կամրկապու
մայրերը,
երբ
տանիքը
խունկ
կը
ծխեն
սոյն
աղօթքը
մրմնջելով,
«Աստուած
ողորմի
հին
ու
նոր
անցաւորաց,
անօրէնէն
սպանուածին,
ծովն
ու
ցամաքը
մեռածին,
ճամբայ
շինողին,
աղբիւր
բերողին,
կամուրջ
կապողին,
քարերը
իստակողին»
եւ
այլն։
Կը
յաւելուն
ասել.
«Աստուած
ողորմի
Կաշոյի
Երէցկին
Մամային»։
ԼԻՃՔ
գիւղ.
հինգ
ժամ
հեռի
Ակնէն։
Եկեղեցի՝
1.
Ս.
Աստուածածին։
Վարժարան՝
1,
բայց
քայքայեալ։
ՆԱՐՎԷՐ
գեղ.
չորս
ժամ
հեռի
է
Ակնէն։
Եկեղեցի՝
1.
Ս.
Մինաս։
Վարժարան՝
1։
Ասոնք
են
Ակնայ
վիճակի
հայաբնակ
գեղեր,
թէպէտ
Բենկան
ալ
Ակնայ
վիճակն
է,
բայց
քաղաքականապէս
Տիւրիկին
էր։
Նաեւ
Ձորակ
եւ
Մուշեղկայ
գեղերն
ալ
չորս
տուն
Հայ
կայ,
բայց
Հայ-հոռոմի
գեղեր
են։
Մուշեղկայ
Հայ-հոռոմոց
Ս.
Գէորգ
տաճարին
մէջ
աջակողմեան
խորան
եւ
Մկրտութեան
աւազանը
Հայոցս
է։
Վանք
Գեղի
Հայ-հոռոմոց
Ս.
Գէորգ
տաճարին
կից
բակին
մէջ
Ս.
ՍԱՐԳԻՍ
անունով
մատուռ
մը
կայ
Հայոցս,
ուր
տարին
մի
անգամ
Ս.
Պատարագ
կը
մատուցանեն
Հայք։
Գրեթէ
ամէն
գեղերու
մէջ
Թուրք
կայ։
Ամէն
եկեղեցիք
ալ
պայծառ
եւ
հոյակապ
են,
տուները
եւ
կենցաղավարութիւնները՝
քաղաքացւոց
պէս,
ամենքն
ալ
պանդխտութեամբ
կը
վաստկին,
եւ
ամէնու
տունն
ալ՝
շատ,
քիչ,
գրքեր
կը
գտնուին։
Սաղմոս
եւ
Նարեկ,
վառօդ
եւ
գնդակ
մի
եւ
նոյն
սենեկի
մէջ
կը
պահուին,
տնական
անօթ
եւ
զարդուց
զգեստ,
հրացան
եւ
սուր՝
մի
եւ
նոյն
պատէն
կախուած։
Ապահովութիւն
չկայ
առանց
զէնքի
դռնէն
դուրս
ելնել։
Պահոց,
աղօթից
եւ
աւանդութեանց
նախանձախնդիր
են,
բայց
սրտի
անկեղծութիւն
քիչ
ունին,
եւ
իրարու
որոգայթ
լարել
խիղճ
չեն
ըներ,
բայց
թէ
յայլոց
եւ
թէ
իրենցմէ
լսածներս
բաղդատելով
տեսածիս
հետ՝
շատ
բարեփոխուած
էին,
մանաւանդ
յուսատու
երիտասարդներ
կային։
Քիչ
ժամանակի
մէջ
կրնան
նախանձելի
ընել
Ակնայ
վիճակը։
Երեք
ընկերութիւն
կար
Ակնայ
մէջ՝
Ազգասիրական,
Ուսումնասիրական
եւ
Շահաբեր։
Ոմանց
դրամագլուխներ
քօնսօլիտ
են,
ոմանց՝
ոսկի։
Գեղերու
մէջն
ալ
ընկերութիւնք
կը
յառնեն
եւ
կը
ննջեն։
Ընդհանրապէս
նկատելով՝
վարժապետները
պակաս
չեն
եւ
արժանի
են
այն
պաշտօնին,
բայց
ուսանողք
քիչ
են։
Ահա
քաղաքի
եւ
գեղերու
ամբողջ
ուսանողաց
թիւ՝
762
մանկունք,
162
աղջկունք։
Եկեղեցեաց
եւ
վարժարանաց
կալուածներէն
շատը
Պօլսոյ
մէջն
են,
ինչպէս
նաեւ՝
անհատներուն
ալ։
Քանի
մը
գեղեր
կան
Հայ-հոռոմոց,
որք
են
Ձորակ,
Մուշեղկայ,
Վանք,
Շրզու,
որոց
բնակիչք
գրեթէ
երբէք
տարբերութիւն
չունին
Հայոցմէն.
իրենց
ընտանեկան
եւ
վարժարանի
լեզուն
Հայերէն
է,
նամակներ
եւ
տումարներ
Հայերէն,
վարժապետ
Հայ,
քահանայք
անգամ
Յունարէն
չգիտեն
խօսիլ,
շարունակ
յարաբերութեանց
մէջ
են
Հայոց
ժողովքներու
եւ
առաջնորդարանին
հետ։
Միայն
քահանայից
գլխարկը,
եկեղեցեաց
զգեստները
եւ
ծէսերը
Յունական
են։
Եկեղեցական
ընթերցուածքները
մաս
մը
Հայերէն
են,
զորօրինակ՝
Աւետարան,
Ճաշու
գիրք,
Ժամագիրք,
բայց
եւ
պատարագն
Յունարէնէ
Հայերէնի
թարգմանելով
կ’ընեն։
Հաւատամքն
եւ
Սուրբ
Աստուածն
Յունարէն։
Իրենց
անունները
արդարեւ
Հայ
ու
Հոռոմէն
խառն։
Յունարէն
լեզու
կամ
գիր
գիտցող
խիստ
հազուագիւտ
է։
Ասոնք
Յունական
կայսերաց
բարեպաշտութեան
արդիւնքներն
են,
Քաղկեդոնիկութեան
աւարները։
Երեւի
թէ
մի
եւ
նոյն
գեղերէն
եղեր
են
ոմանք,
որ
Հայ
մնացեր
են,
ուստի
հարկ
եղեր
է
մի
եւ
նոյն
եկեղեցին
կիսել,
զորօրինակ՝
Վանք
գեղի
մէկ
մատուռն՝
Ս.
Սարգիս,
Հայոցս,
միւսը՝
Ս.
Գէորգ,
Հայ-հոռոմոց,
եւ
Մուշեղկայ
գեղի
եկեղեցւոյ
մէկ
խորան
եւ
Մկրտութեան
աւազանը
Հայոցս
մնալը,
միւս
երկու
խորան՝
Հայ-հոռոմոց
եւ
այլն։
Մաս
մը
Հայ-հոռոմներ
ալ
Չմշկածակու
գեղերն
ունինք,
որք
մօտ
են
Ակնայ։
Կան
եւ
քանի
մը
գիւղորայք,
որոց
բնակչաց
համար
նոյնպէս
կ’աւանդեն,
թէ
Տաճկացեալ
Հայք
են,
եւ
իրենց
բարբառոյն
մէջ
Հայերէն
բառ
շատ
գործ
կ’ածեն.
տան,
այգւոյ,
թաղի,
արտի
անունները
Հայ
են
ցայսօր,
բայց
իրենք
շատ
քացախ
են։
Ահա
այս
գեղերէն
քանիներու
անունները՝
Փակեր,
Արգոյ,
Ագրակ,
Ապրանք,
Սանդուխ,
Վեց
գեղի
ագրակ,
Միջին
գեղ,
Վան,
Աղուորիկ,
Սերկեւիլ,
Գազան,
Հողդար,
Արտոս,
Աւերակ,
Հռապատ,
Թաւօք,
Ուռէք,
Հաբանոս
(իբր
թէ
կ’ըսեն
Հաբեղանոց),
Բազմաշէն,
Կեճակի,
Փշատի,
եւ
այլն։
Դարձեալ
Եփրատայ
միւս
կողմն՝
Չմշկածակու
հողը,
Ս.
Թորոս
նահիէսի
ըսուած
գաւառն,
ամբողջ
գեղաբնակները
Տաճկացեալ
Հայք
են
եղած։
Այս
ո՞րքան
թեթեւ
է
եղած
ասոնց
հաւատքը։
Մի
թէ
որոնք
որ
ցայսօր
մնացեր
են
Հայ,
պակա՞ս
բռնութիւններ
կրած
են։
Երեւի
թէ
իրենց
կրօնականներն
ալ
Կաշոյի
երիցու
երիցակիցներէն
են։
Ո՜հ,
մարդ
չկրնար
առանց
արտասուելու
լսել
եւ
դիտել
ասոնք։
Ակնայ
եւ
գեղերու
Հայ
բնակչաց
աճումն
զգալի
կերպով
նուազ
է։
Ասոր
պատճառը
իրենց
կենցաղավարութիւնն
է
մասամբ
մը
եւ
մանաւանդ՝
յաճախ
պանդխտութեան
մէջ
օրեր
անցընելն։
Շատ
ձեռագիրներ
կը
գտնուէին
յԱկն
եւ
իւր
գեղերը,
բայց
ինչ
որ
եկեղեցեաց
կը
վերաբերէր,
ընտիրները
թանգագին
անօթոց
եւ
զգեստուց
հետ
դրեր
դարանները,
պահեր
էին
պատերազմի
երկիւղէն։
Իսկ
ձեռքի
վրայ
գտնուածներուն
ցանկը
եւ
յիշատակարանաց
օրինակութիւնը
միջոց
չունեցայ
առնելու։
Ճաշու
գիրքէն
մեծ
դիրքով՝
ընտիր
մագաղաթ,
ոսկէնկար
պատկերազարդ,
երկաթագիր
Աւետարան
մը,
կողերը
արծաթապատ,
եւ
չորս
անկիւնը
չորս
մասունք
զետեղած,
ակունքներով,
մէկ
խօսքով՝
արուեստի
եւ
մեծագնի
գանձ
մը,
Ապուչեխու
եկեղեցին
տեսայ,
զոր
կ’անուանէին
Սասնոյ
կամ
Սասման
Աւետարան։
Բայց
յիշատակարանը
կ’ըսէր,
որ
Սեւաստցի
երկու
եղբարք
յօրինած
են
այն
արուեստներ
պատկերաց
եւ
կողերուն
վրայ,
ուրեմն
ինչո՞ւ
պիտի
ըսուէր
Սասնոյ
Աւետարան։
Գուցէ
լինէր
այն
սասանութեանց
կամ
Աստուածային
ցասմանց
օրերը
դուրս
հանելու
եւ
կարդալու
համար։
Ակնայ
եւ
իր
շուրջ
եղած
լերինքն
են՝
Սարը
չիչէք
եւ
Մնձուր
լերանց
շղթան,
այն
է՝
Ովաճըք,
Դուժիկ,
որոյ
մէկ
թեւն
է
Խոստա։
Ճանապարհներ
խիստ
չար
են,
քար,
կապան,
սար
ու
ձոր։
Ամբողջ
վիճակը
լեռնային
է,
եւ
Քրդեր
կամ
Գըզըլպաշներ
կը
վխտան
ամէն
ուրեք։
Թէպէտ
Հայք
բաւական
առուտուր
ունին
ասոնց
հետ,
բայց
կարի
շատ
կը
վնասուին,
կարաւաններ
կը
կողոպտուին,
անասուններ
կը
յափշտակուին,
գոյքեր
եւ
ապրանքներ
կը
գողցուին,
սպանութիւնք
տեղի
կ’ունենան։
Միայն
այս
տարբերութիւնը
կայ,
որ
Հայերն
ալ
զինեալ
լինելով
եւ
քաղաքագիտութիւն
ունենալով՝
երբեմն
իրենց
քաջութեամբ,
երբեմն
կառավարութեան
միջոցաւ,
երբեմն
ալ
բարեկամութեամբ
իրենց
աւարներ
ետ
կը
վերադարձնեն։
Գրեթէ
ամենօրեայ
դէպքեր
էին
նախիրը
տանել,
ջորիներ
խլել,
Պօլսէն
եկողները
թալանել,
մարդ
վիրաւորել
եւ
այլն։
Իբր
տարի
մը
յառաջ
Ովաճըգցի
նշանաւոր
աւազակ
մը
կը
կալանաւորուի
կառավարութենէն
եւ
կը
ղրկուի
Խարբերդ,
կը
բանտարկուի։
Այս
միջոցին
առեւտրականութեամբ
Ովաճըգի
կողմն
կը
գտնուի
Ակնցի
Պօղոս
անուն
Հայ
մը։
Քրդեր
զայն
իբրեւ
պատանդ
կը
բռնեն
եւ
Ակնցւոց
իմաց
կու
տան.
«Եթէ
մեր
մարդ
(Քիւրդն)
չազատէք,
Պօղոսը
կը
սպաննենք»։
Երկար
ժամանակ
կը
պահեն։
Քիւրդը
բանտէն
չազատուիր,
եւ
խեղճ
Պօղոսը,
որ
հնար
գտած
է
եղեր
փախչելու,
ետեւէն
կը
հասնին,
եւ
քարերու
վրայ
կը
դնեն
կը
մորթեն,
որոյ
ողորմելի
ընտանիք
ամէն
առաւօտ
երկու
ժամէն
աւելի
լաց
ու
սուգ
կ’ընէին
այն
ժամուն,
երբ
լսեր
էին
Պօղոսին
խողխողման
գոյժը։
Գաւառիս
բերքերը
կարի
նուազ
են։
Միայն
քիչ
մը
շերամ
ունին
եւ
ճէհրի։
Բոլոր
իրենց
պէտքերը
դրսէն
կը
գնեն՝
հաց,
հագուստ,
փայտ,
եւ
այլն։
Ամէն
արուեստները
տեղական
պիտոյից
համար
կը
գտնուին։
Նշանաւոր
արհեստն
է
մանիսա
գործել
եւ
կօշիկ
կարել։
Միակ
վանք
մը
ունին՝
Ս.
ՓՐԿԻՉ,
Ակնէն
5
ժամ
հեռի՝
մօտ
Լիճքին
եւ
Բենկային,
որոյ
մօտ
եղած
քարի
մը
վրայի
Ս.
Երեւումն
մատուռի
անուամբ
ԵՐԵՒՄԱՆ
վանք
ալ
կ’ըսուի։
Վանահայր
եւ
Միաբան
չունի.
Գաւառական
վարչութեան
եւ
Առաջնորդին
տեսչութեան
ներքեւն
է։
Դիրքը՝
բարձր,
հովասուն,
եւ
սքանչելի
ջուր
ունի,
շէնքերը
մեծաշէն,
այլ՝
հնացեալ։
Ծանրագին
Ս.
անօթներ
եւ
զգեստներ
ունի,
զորս
առ
ահի
Քրդաց՝
Լիճք
գեղի
մէջ
կը
պահեն
եւ
մաս
մ’ալ
Ակնայ
մէջ։
Ունի
20-ի
չափ
ընտիր
արտեր
եւ
Պօլսոյ
մէջ
կալուածներ,
եւ
այլ
եւ
այլ
նուէրներէ
տուրքեր
եւ
պտղիներ։
Վանական
խորհուրդ
անունով
7-8
անձինք
ընտրուած
էին
տեղական
վարչութենէն,
որոց
անմիջական
հսկողութեան
տակն
էր
վանքը։
Ասոնք
անցեալ
տարի,
Հրաշագործ
սրբազանը
համոզելով
կամ,
լաւ
եւս,
իրենք
անկէ
համոզուելով,
վանահայր
կարգած
էին
վանքիս,
որ
խոստացեր
էր,
թէ.
«Շատ
հարստութիւն
ունիմ
ես։
Ծերացեալ
եմ։
Ունեցածս
վանքին
կը
թողում։
Վանքը
կը
շինեմ։
Վարժարանն
կը
բանամ»
եւ
այլն,
եւ
այլն։
Քանի
մը
ամիս
նստելէն
զկնի,
կ’ելնէ
պտղիներ
կը
ժողվէ։
«Այս
իմ
իրաւունքս
է»
ըսելով՝
ծոցը
կը
ծրարէ։
Օր
մի
ալ
Բենկացի
ուխտաւոր
գալու
առթիւ
Լիճքէն
ձեռք
մը
զգեստ,
սկիհ
եւ
այլն,
բերել
կու
տայ,
պատարագ
կ’ընէ,
վար
կը
դնէ։
Կը
տեսնէ,
որ
ետ
ուզող
չկայ։
Ելէք
երթանք,
կ’ըսէ,
ո՞
զգեստք
եւ
սրբազան
անօթք,
դուք
ինծի
պէս
Սրբազանի
պէտք
ունիք,
եւ
ես
ձեզի։
Եւ
գեղէ
գեղ
ժողովք
ընելով
յանուն
Ս.
Վանիցն՝
կը
հասնի
Տիւրիկ։
Քաղաքի
մէջն
ալ
կը
ժողվէ,
եւ
վերջապէս
ժողվելով
հասած
էր
Սեւաստ,
ուր
տեսանք
զինքն
Ս.
Սարգիս
եկեղեցւոյ
սենեակը։
Ութն
ամիսէ
’ի
վեր
փռած
ու
նստած,
քանի
մ’ալ
քահանայ
ձեռնադրած
էր,
եւ
դեռ
կը
ժողվէր
եւ
կ’օծէր։
Ակնցիք
ակն
ունէին,
թէ
Ն.
Սրբազնութիւն
իրենց
վանքի
համար
ժողովածները
պիտի
առնուր
դառնար,
բայց
յանկարծ
իմացան,
որ
վանքէն
առեր
ու
տարեր
էր։
Կային
ոմանք,
որ
չէին
կրնար
հաւատալ,
թէ
Սրբազան
մը
խաբող
լինի,
տարող
լինի։
Բայց
ասիկայ
Հրաշագործն
է,
եւ
արդարեւ
Ակնցւոց
պէս
ճարտարները
խաբել
ու
կողոպտել՝
հրաշքի
մը
չափ
գործ
է։
Չէին
հաւատար
զգեստները
տանելուն՝
աւելի
իրենց
ամօթ
բերելուն
համար։
Բայց
ո՞ւր
են
զգեստները,
չկան։
Քրդերէն
պահպանած
էին,
եւ
Սրբազանի
մը
կողոպուտ
տուած…։
Ակնայ
եւ
Կարմրկապայ
ազգայնոց
ստէպ-ստէպ
թախանձանքները
չկրնալով
մերժել՝
Ս.
Պատարագ
մատուցինք
եւ
քարոզ
խօսեցանք։
Ազգային
զգացմամբ
զեղուն
անձինք
եւ
եռանդագին
երիտասարդներ
իրենց
բանախօսութեամբ
եւ
երգերով
մեծ
մխիթարութիւն
ազդեցին
սրտիս։
Վերջին
գիշերը
մեր
ազնիւ
մտերմին,
եւ
իւր
բարութեամբ
բազմաց
ծանուցեալ,
Պօլսոյ
Գատը-գեղը
բնակող
Հազարեանց
Կարապետ
աղայի
տունը
օթեցինք
’ի
Կամրկապ։
Չեմ
կրնար
չյիշել
Կովնըներ
լեռն,
յորմէ
կը
բղխին
40
ակունք
ջինջ
եւ
սառն
ջրեր,
արդարեւ
իբրեւ
ստինք
կովու,
մօտ
ընդ
մօտ,
Ապուչեխու
եւ
Կամրկապու
վերեւ։
Տեղի
զուարճալի
եւ
երանաւէտ,
ուր
կ’երթան
տաք
օդերուն
գառն
ճաշակել։
Այս
ջրերը,
առու-առու
բաժնուելով,
կ’ոռոգեն
յիշեալ
արուարձանները։
Նկատմունք
մի
եւս,
Ակնայ
քանի
մը
գեղերու
անունները
«կայ»
վերջաւորեալ
են,
ինչպէս՝
Մուշեղկայ,
Բենկայ,
Արակայ,
Աշոտկայ,
եւ
այլն.
կը
ցուցնեն,
թէ
Կայան
կամ
տուն
եղած
են
ասոնք
Մուշեղի
մը,
Բենիկի
մը,
Արայի
մը,
Աշոտի
մը,
եւ
այլն։
Գուցէ
ժողովուրդն
ասոնց
պատմութիւններ
ալ
աւանդութեամբ
պահած
ունի,
ափսո՜ս
որ
մեր
ժամեր
չէին
ներեր
հարցնելու
եւ
գրելու
այսպիսի
բաները,
որ
պատմութիւն
լուսաւորող
ճառագայթներ
են։
Ակնայ
քաղ.
կառավար.
գայմագամութիւն
է՝
Խարբերդի
մեծ
միւթասարիֆութեան
ներքեւ։
Գայմագամն
իւր
ձեռքի
տակն
ունէր
ինն
ոստիկան…
Հեռագիր
չկայ
Ակն,
որուն
անչափ
պէտք
ունին։
Ուրախութեամբ
կը
լսեմ,
թէ
Պօլիս
գտնուող
Ապուչեխի
Հայ
որդիք
նոր
ընկերութիւն
մը
կազմեցին՝
բարեկարգ
եւ
յառաջադէմ
վիճակի
մէջ
դնելու
իրենց
գեղին
վարժարանը։
Ահա
գեղեցիկ
նախանձ։
1865-ին
Ակնայ
մէջ
Նահապետական
անունով
ընկերութիւն
մը
կազմուելով,
քանի
մը
տարի
ետքը
գեղ
մը
գնեցին
Մշոյ
դաշտին
մէջը
իմ
ձեռքովս։
Այս
ընկերութեան
հիմնադիր
կը
համարուի
Թիմուրեան
Միսաք,
որ,
իբր
առաջարկութիւն
առ
իւր
ընկերս,
տետրակ
մը
հրատարակած
է։
Տետրակի
պարունակութենէն
մաս
մը
յառաջ
կը
բերեմ
հոս,
որով
կը
հասկցուի
Նահապետականաց
նպատակն։
Ահաւասիկ.
«…Ամենաբարին
Աստուած
մեզի
սորվեցուց
եւ
պատուիրեց,
թէ.
«Քրտամբ
երեսաց
քոց
կերիցես
զհաց
քո,
եւ
թէ՝
գործեսցես
զերկիր»
եւ
այլն։
«…Տես
երկրագործը
իր
երկիր
բրելուն
արօրը
անզգայ
հողոյն
կը
զարնէ
եւ
քաղաքացւոյն
անկէց
բերք
կամ
ուտելիք
կը
հանէ։
Տե՛ս
քաղաքացին
ալ
թէ
ի՛նչ
կ’ընէ,
երկու
ծայրն
ալ
սուր
գործիք
մը
ձեռքն
առած,
կերպ-կերպ
խորամանկութիւններով,
նենգութիւններով
եւ
չարագոյն
հնարքներով
նախ
իր
հոգւոյն
եւ
հետեւաբար
ընկերին
կը
վնասէ։
Երկրագործը
իր
ժողված
բերքերը
ո՛րքան
առատապէս
քաղաքացւոյ
կ’ընծայէ
ու
ինքը
միայն
աւուր
պարէնով
կը
բաւականանայ։
Տե՛ս
նաեւ
քաղաքներուն
բազմաթիւ
մարդիկները,
միլիոնաւոր
դատարկաշրջիկները
անոնց
աշխատանքովը
կը
կերակրուին,
պալատները
եւ
մեծամեծ
տուները
երկրագործին
աշխատութեամբը
կը
զարդարուին,
եւ
մեծամեծ
ամարանոցները
եւ
վաճառանոցները
դարձեալ
երկրագործին
քրտնաջան
աշխատութեամբը
կը
լեցուին։
Այս
ամէն
բաներու
վրայ
տե՛ս
ինչ
կերպ
վարմունքով
կը
վարուի
քաղաքացին
երկրագործին
հետ,
անանկ,
որ
զանոնք
տեսնալն
անգամ
նախատինք
կը
սեպէ
իրեն,
որն
որ
արդէն
միշտ
անոնց
մատուըներովը
ժողվուած
արդիւնքներն
եւ
անոնց
աշխատութեան
արգասիքներն
են,
որ
ինքը
առատաբար
կը
վայելէ։
Թողումք
ասոնք,
մտածեմք
անգամ
մը
ու
տեսնանք,
թէ
ի՛նչ
գործ
որ
բռնենք
նէ,
մեր
ընկերին
վնաս
մը
տուած
չենք
ըլլար։
Ինչ
ալ
ըլլայ
նէ,
ամէն
մարդ
կը
ջանայ,
որ
իւր
բաղդը,
իւր
շահը
եւ
օգուտը
ընկերոջը
վնասին
մէջը
փնտռէ։
Զորօրինակ՝
եթէ
գնող
եմք,
ծախու
առնելու
բաներնիս
թեթեւ
գնով
մը
կամ
արժէքէն
շատ
մը
վար՝
կէս
գնով,
առնել
կը
ջանամք,
իսկ
եթէ
վաճառող՝
ծախելիք
բաներնիս
կ’սկսիմք
գովել,
զանիկայ
հազուագիւտ
բան
մը
ցուցնել,
որպէս
զի
իր
արժէքէն
տասնապատիկ
աւելի
գնով
ծախելու
կարենամք
համոզել։
Տեսնանք
երկրագործինն
ալ
ասա՞նկ
է։
Ո՛չ։
Հապա
իւր
հողին
մէջ
ինչ
սերմ
որ
դրաւ
նէ,
’ի
հարկէ
նոյնը
պիտի
հնձէ։
Ահա
այս
է
քաղաքացւոյն
եւ
երկրագործին
մէկ
մէկու
դէմ
ընթացքնին։
Տեսնենք,
թէ
որո՞ւն
ընթացքը
Աստուծոյ
կամացը
համաձայն
կրնանք
գտնալ։
Ամէն
բերան
կը
խոստովանի,
որ
երկրագործինը
համաձայն
է,
եւ
մարդկային
ընկերութեան
շահաւէտ
եւ
օգտակար։
…Աստուծոյ
ահաւոր
դատաստանէն
սարսելով
եւ
ժամանակիս
կենաց
համար
ալ
դիւրին
կեանք
մը
անցունելու
տաժանաւոր
հոգերէն
ազատելու
համար՝
ցանկացինք
Նահապետական
անուն
Ընկերութիւն
մը
կազմելու,
որպէս
զի
անով
կարենանք
երկրագործական
արդար
վաստակոց
համար
աշխատիլ
եւ
միջոց
ձեռք
բերել։
Այս
ալ
մեր
քաղաքին
դրիցը
(Ակնայ)
չհամեմատելով՝
մէյմը
որ
քաղաք
տեղ
չըլլար
անոր
համար,
եւ
մէկ
մ’ալ
բաւական
հող
չգտնուելուն
համար,
ուստի
ասանկ
հաճութիւն
տրուեցաւ,
որ
քանի
մը
անձինք
երթանք
Հայաստանի
մէջ
մեր
Օսմանեան
Տէրութեանը
հողերուն
արգաւանդ
տեղ
մը
գիւղ
մը
կազմել
եւ
անդ
միակերպ
ըստ
թուոյ
ընկեր
ըլլացող
տանց
պարզ
տուներ
շինել,
եւ
պատրաստել
ամէն
երկրագործական
վերաբերեալ
գործիքները,
տեղւոյն
կուսակալի
հաճութեամբ
’ի
Կոստանդնուպօլիս
դիմել
եւ,
Տէրութեան
Բարձրագոյն
Դռնէն
հրաման
առնելով,
քանի
տուն
որ
ընկէց
եղած
ենք
նէ,
գաղթենք
’ի
Նոր
Հայ
անուանուած
գիւղը՝
քանի
մը
տուն
այս
կողմի
խեղճերէն
տանելով
եւ
քանի
մը
տուն
Հայազգի
մշակներ
’ի
գիւղ
բերել
բնակեցնելու
մեր
դրամը
եւ
քաղաքականութիւնը
անոնց
աշխատութեանը
հետ
խառնելով,
բնական
ընթացքով
մեր
աստի
կենաց
պիտոյքը
հոգալով
եւ
բարոյականութեամբ
ալ
մեր
հոգւոյն
պէտքերը
պատրաստելով,
տանելով
հետերնիս
մաքրակենցաղ
քահանայ
մը
եւ
Աստուածային
երկիւղով
զարգացած,
իմաստուն
վարժապետ
մը,
հոգեւոր
պաշտօնէիւն
զՍուրբ
Եկեղեցին
զարդարել
ամենայն
փառաւորութեամբ՝
թէ՛
նիւթականաւ
եւ
թէ՛
զինուորեալ
եկեղեցեաւ,
եւ
իմաստուն
վարժապետաւն
ալ
թէ՛
մանչ
եւ
թէ՛
աղջկանց
մտքերուն
անդաստանը
սերմանել
զբանս
Սուրբ
գրոց,
եւ
ուսուցանել
անոնց
ճշմարիտ
բարոյականութիւն
Քրիստոսի
կամաց,
Քրիստոնէութեան
Աստուածահաճոյ
ուսում
եւ
ընկերահաշտ
քաղաքականութիւն՝
աւելորդ
սեպելով
անօգուտ
ուսումները,
որ
մեր
ընթացքին
եւ
պարզ
վարուցը
չեն
վերաբերիր։
Ինչպէս
որ
ըսինք,
թէ
տուները
միակերպ
ըլլայ
պիտի
եւ
զարդարանք
ալ
չունենայ
պիտի,
նոյնպէս
մեր
հագուստներն
ալ
համեստ
ու
պարզ
ըլլալու
է՝
բաւական
համարելով
բրդէ
եւ
բամբակէ
զգեստները,
որոնք
որ
մեր
մարմինը
պիտի
պատսպարեն,
ինչպէս
որ
մեր
նախնի
Սուրբ
Հարք
եւ
առաքինի
անձինք
այս
կերպ
պարկեշտ
հագուստներով
ինքզինքնին
կը
պատսպարէին,
ասոնց
պէս
նախնի
Սպարտացիք
եւ
իմաստուն
փիլիսոփայք
ալ
խորին
կռապաշտութեան
ատենները։
…Ասոնց
նման
կերակուրնիս
ալ
պարզ
եւ
բնականի
յարմար
ընել,
ինչպէս
որ
բնութիւնը
պարգեւեր
է
մեզի՝
աւելորդ
սեպելով
արուեստաւոր
զեղխութիւնէն
յառաջ
եկած
ամէն
բաները,
որոնք
որ
օգուտ
չունին
ու
վնասակար
են։
Հերիք
սեպել
մեր
աշխատանքովը
մեր
հողէն
ելած
բերքերը,
որ
Աստուած
կը
պարգեւէ,
ոչխարին
կաթը,
մեղուին
մեղրը,
ցորենին
պարզ
հացը,
ծառի
պտուղները,
ծովին
ձուկերն
ու
օդին
թռչուններն
միթէ
չի՞
բաւեր
մեզի,
պարզապէս
եփելունը
եփել,
չեփածն
ալ
չեփած
ուտել,
որ
տեսակներն
ալ
կը
փոխենք
ու
հազարումէկ
տեսակ
խմորեղէններ
ալ
կը
հնարենք։
Եւ
մեր
անդաստանին
պտուղներուն
մշակութեան
աշխատանաց
արդեանցը
եւ
ընտանի
անասուններու
ու
վայրենի
ընտանեաց
տուած
վաստակներովը
բաւական
ըլլալով՝
յօտարութիւն
չգնալ,
եւ
մէկզմէկէ
վաստկելու
միջոցները
խափանելով՝
անանկ
կանոն
մը
հաստատել,
որ
չըլլայ
թէ
պանդխտութեան
երթալու
կարօտ
ըլլանք,
վասն
զի
շատ
կը
վնասուիմք
եւ
կը
տանջուիմք,
որովհետեւ
մարդկային
սրտին
դէմ
է
եւ
ընտանեացմէ
զատուիլը
անտանելի
է։
Այսպէս
ըլլալով
մէկ
մէկու
օգնականութենէ
զուրկ
կ’ըլլան
թէ՛
առն
եւ
կնոջը,
թէ՛
հօր
եւ
թէ՛
որդւոցն։
Տեսէ՛ք,
ահա
երկրագործը
ազատ
է
այս
անտանելի
վիճակէն
եւ
երջանիկ
է
եւ
Աստուած
ալ
չուզեց,
որ
ասանկ
ըլլայ։
Աստուծոյ
պարգեւ
ըրած
եւ
մեր
աշխատութենէն
քաղած
արդիւնքէն
կամ
արմտիքներէն
նախ
տէրութեան
տասանորդը
արդարապէս
հանել
տալու
է,
եւ
երկրորդ՝
մէկ
բաժինն
ալ
գիւղին
հասարակութեան
ընծայել
առաքինութիւն
վաստկելու
նպատակաւ,
եւ
երրորդ
ամէն
տուն
իւր
տարեկան
պիտոյքը
անթերի
լեցունելէն
ետեւ՝
աւելցածն
ալ
աւուր
արժէքի
գնով
ծախել
եւ
կամ
ծախելու
խրկել,
ամենեւին
չպահել,
թէ
սուղ
ծախենք,
որ
աւելի
վաստակ
ըրած
ըլլամք,
վասն
զի
ասանկով
մարդկային
ընկերականութեանը
մեծ
վնաս
տուած
կ’ըլլամք
եւ
Աստուծոյ
ժողովրդեան
անէծքը
կ’ընդունիմք,
ըստ
այնմ
թէ՝
«Ցորենը
պահողին
ժողովուրդը
անէծք
կու
տայ»։
Կանանց
հագուստի
զարդերն
համեստութեան
փոխել,
փուճ
ու
մուճ
բաներ
շինելու
ու
կարելու
տեղն՝
բամպակ
ու
բուրդ
մանելու
կրթել
եւ
զբաղեցնել,
որոնք
կտաւի
եւ
վերարկուի
գործածելու
համար
թէ՛
տունի
եւ
թէ՛
յատկացեալ
գիւղին
մէջէն
գործուի։
Գիւղին
գործածութիւնները
չորս
անձանցմէ
բաղկացեալ
Տեսչական
ժողովի
մը
ձեռօք
տեսնելու
համար
չորս
անձինք
ընտրուելով
առաքինի
եւ
ալեօք
պատկառելի
ըլլան,
որոնք
ամէն
խնամքները
ընելու
աշխատին
գեղին
հասարակութեան
օգուտին
համար
եւ
այնպէս
կառավարեն
գիւղի
ժողովուրդը,
որ
ո՛չ
վէճի
պատճառ
ըլլայ
եւ
ո՛չ
տարաձայնութեան։
Վէճի
պատճառ
չըլլար
երբոր
հասարակութեան
միօրինակ
խնամք
տանին
եւ
դատաստան
տեսնալու
գործ
մը
պատահի
նէ՝
զարմանալով
մը
իրաւունք
չունեցողին
ըսել,
թէ
ընկե՛ր,
ինչպէս
վստահացար,
որ
այդպէս
ըրիր,
ուրեմն
մեղանչեցիր
ըսեն.
երբ
ներում
խնդրէ՝
ներեն,
ալ
բնաւ
չը
յիշելու
պայմանաւ,
վասն
զի
Քրիստոս
այսպէս
կը
հրամայէ։
Եւ
տարաձայնութեան
պատճառներն
ալ
վերցունելու
փոյթ
ունենան։
Ինչպէս
տուները
միաձեւ
ըսինք,
որ
միւսն
չը
ցանկայ,
նոյնպէս
ալ
զգեստները
միօրինակ
համեմատ
ըլլալու
է։
Աս
ալ
գիտնալու
է,
որ
թէպէտ
աղքատը
հարուստին
հագածին
չի
կրնար
կարողանար
հասնելու,
բայց
հարուստը
կրնայ
աղքատին
համեմատիլ։
Ասոնց
պէս
տէրութեան
օրինաց
համեմատ
արքունական
տուրքերը
առանց
ուշացընելու
վճարելու
փոյթ
եւ
ջանք
պիտի
ունենայ
Տեսչական
ժողովը,
անանկ
որ
ուզած
ատեննին
մարդ
մը
գայ
ուզէ
նէ,
եկած
օրն
կամ
միւս
օրն
անմիջաբար
տան
ու
ճամբեն։
Ասով
իրենց
հաւատարմութիւնը
տէրութեան
իբրեւ
մշտավառ
ճրագ
մը
փայլեցնեն,
եւ
դրացի
գիւղերուն
հետ
ալ
ամենայն
իմաստութեամբ
եւ
սիրով
վարուելու
միջոցներ
ձեռք
բերելու
ենք,
որպէս
զի
երբ
դուրսէն
անծանօթ
թշնամի
մը
պատահելու
ըլլայ,
ստիպուին
դրացի
գիւղացիք
ալ
պաշտպանելու
զմեր
գիւղը,
կը
պարտաւորիմք
նաեւ
դրացի
գիւղացւոց
մարդասիրութեամբ
խնամք
տանել
եւ
անոնց
մտաւորական
եւ
նիւթական
պիտոյքներ
ընծայել,
որով
առաքինութիւն
ըրած
ըլլամք։
Ասանկ
կացութեամբ
թշնամի
բնաւ
չենք
ունենար
եւ
մէկը
մեզի
հակառակ
չի
կենար,
ինչու
որ
նախապէս
Աստուած
հաշտ
կ’ըլլայ
ժողովրդեան
հետ։
Աստուած
այն
ժողովրդին
վրայ
հաճ
եւ
հաւան
եղած
ատենը՝
ո՛վ
կրնայ
չարիք
հասցնել
անոր։
Այլ,
ինչպէս
որ
կ’ըսէ
Սուրբ
Գիրքը,
«Օրհնեալ
զանդս
եւ
զանդաստանս
եւ
զբերս»,
արդարեւ
Աստուծոյ
ողորմութիւնը
եւ
օրհնութիւնը
անանկ
տեղեր
անպակաս
կ’ըլլայ
միշտ։
Նաեւ
կրօնականի
վերաբերեալ
հոգերուն,
եկեղեցական
պաշտօնեայն
իւր
ընկեր
բարեկիրթ
վարժապետը
ուսումնասէր
անձամբ
կրնան
ժողով
մը
կազմել
եւ
ամենայն
բարեկարգութեան
միջոցներով
ձեռք
բերել
եւ
ծաղկեցունել
ամենայն
փառաւորութեամբ։
Մեր
փառասիրութեան
բաղձանքը
առաքինութիւն
գործել
եւ
Սուրբ
եկեղեցինիս
փառաւորապէս
զարդարել
պիտի
ըլլայ,
վասն
զի
պիտի
ըսենք.
«Մի՛
մեզ
Տէր,
մի՛
մեզ
այլ
անուան
քում
տուր
զփառս»։
Այսպիսի
գեղեցիկ
կարգադրութեամբ
եւ
համաձայն
Հայաստանեայց
Սուրբ
Եկեղեցւոյ
եւ
մեր
Լուսաւորչական
դրութիւնները
եւ
աւանդութիւնները
պահելով՝
ի՜նչ
զանազան
առաքինութեան
պտուղներ
կ’երեւի
եւ
ինչ
մաքուր
վարքեր
կը
փայլէ
անդ։
Աս
ասանկ
ըլլալէն
ետքը
շատ
մը
բարի
մարդկանց
նախանձելի
եւ
բարի
օրինակ
մը
կրնայ
ըլլալ,
եւ
ո՛վ
չի
փափաքիր
թէ՛
հոգեւոր
եւ
թէ՛
մարմնաւոր
երջանկութեան
պատճառ
եղող
միջոցին
ձեռք
զարնել,
որ
արդարեւ
ստուգապէս
նոր
մարդ
եւ
Նոր
Հայ
գիւղ
անուանելու
իրաւունք
կ’ունենայ…»։
Արդարեւ,
նախանձելի
եւ
բարի
օրինակ
լինելու
արժանի
ձեռնարկութիւն,
ոչ
միայն
Ակնայ
Հայոց
համար,
այլ
պէտք
է
ըսել,
թէ
եւ
Պօլսեցւոց
եւ
այլ
շատ
տեղերու
համար։
Այն
գեղը
(Շքաւդիան),
զոր
ես
գնեցի
այս
ընկերութեան,
իբր
100
ոսկի
վճարելով,
ունի
իրեն
լեռնային
եւ
դաշտային
մասն,
անտառ,
արօտնոց,
ուստի
առատ
խոտ
կը
հնձուի,
աղբիւրներ
եւ
արտեր,
Ս.
Կարապետի
վանքի
հողերուն
գրեթէ
կից,
15
երկրագործ
տուն
կրնայ
բաւականանալ
ընդարձակօրէն։
Թիմուրեանի
պարզասիրութիւնն
ու
հաստատամտութիւնը
չունեցան
միւս
ընկերներն.
ո՛րը
եկաւ
ու
վերադարձաւ,
ո՛րը
երբէք
չեկաւ,
ո՛րը
իւր
կողմէն
ուրիշ
մարդ
ղրկեց,
իսկ
ինքն
Թիմուրեան
յետ
քանիցս
անձամբ
գալուն
ու
գնալուն,
վերջապէս
ընտանեօք
հաստատուեցաւ
Մշոյ
մէջ։
Անշուշտ
չկրնալով
ՆՈՐ
ՀԱՅ
գեղն
մինչեւ
ցայսօր
Նահապետական
բաղձացեալ
վիճակին
վերածել՝
թէ՛
առանց
ընկերաց
մնալուն
եւ
թէ՛
երկրին
ու
քաղաքականութեան
պատահաբեր
դժուարութեանց
համար։
Փափաքելի
էր,
որ
մեր
դրամատէր
Հայեր
իրենց
ուշը
դարձնէին
Հայաստանի
մէջ
հողեր
գնելու։
Հոն
Լորտի
պէս
ճոխ
պիտի
ապրին,
Հայ
մշակի
պէս
առողջ,
եւ
մեծ
ազդեցութիւն
պիտի
ազդեն
տեղական
կառավարիչներուն,
Թուրք
եւ
Քիւրդ
պէյերուն
վրայ,
իբրեւ
օրէնսգէտ
եւ
քաղաքագէտ
անձինք,
եւ
Հնդկաց
Ռաճայի
մը
չափ
հարուստ
պիտի
լինին
հողով,
բերքերով,
ձիերով
եւ
բազմաթիւ
անասուններով։
Թող
չսարսափին
այնչափ
Հայաստանէն
հասած
չարիքներէն,
միթէ
պակա՞ս
են
նոյն
իսկ
Եւրոպիոյ
եւ
Մայրաքաղաքիս
մէջ
աւելի
չարաչար
չարիք,
միթէ
նոյն
իսկ
թագաւորներ
եւ
պաշտօնակալներ
չե՞ն
զարնուիր։
Միթէ
շուկայի
խանութներ,
տուները
ամէն
օր
գողոց
ձեռքը
չե՞ն,
միթէ
Բերայի
փողոցներուն
մէջն
անգամ
մարդիկ
չե՞ն
կողոպտուիր,
եւ
թաղերու
մէջ՝
իրենց
տանց
մէջ
չե՞ն
սպանուիր։
Թողունք
ինչ
որ
ախտն
ու
մոլեգնութիւն
կ’սպանեն,
եւ
այլն,
եւ
այլն։
Հայաստանի
ամենամեծ
չարիքը
իւր
կարող
որդւոց
հեռի
մնալն
է
եւ
զանի
աղքատ
ու
անպաշտպան
ձգելը։
Պէտք
է
հողեր
գնել,
պէտք
է
տեղ-տեղ
փոքրիկ
պանք
հաստատել,
որոնք
գոնէ
Հայը
պանդխտութեան
դիմելէ
ետ
կը
կեցնեն,
պէտք
է
օրէնսգէտներ
եւ
բժիշկներ
երթան
հոն.
այս
երկու
դասուն
ալ
մեծ
ասպարէզ
կայ
Հայաստանի
մէջ,
որոցմով
կը
պաշտպանուին
գոյից
եւ
կենաց
զոհեր։
Հայաստանի
մէջն
է
բուն
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
խնդիրն,
եւ
մեք
Պէրլինի
մէջ
կ’որոնենք
զայն…։