ԹՕՔԱԴ
ՔԱՂԱՔ
Մայիս
29։
Զիլէէն
ելանք։
Անպատմելի
գեղեցկութեամբ,
ճերմակ,
դեղին,
կարմիր
ու
կանանչ
գոյներով
պճնազարդեալ
է
Զիլէի
շրջապատ
հովիտն,
խաշխաշներու
ծաղիկներով,
հասկած
ցորեններով
եւ
հասած
խոտերով.
տեղ-տեղ
ալ
թիւթիւնի
արտեր
են։
Հարթ
ուղի
է
մինչեւ
Թօքադ՝
կլոր-կլոր
հովիտներու
բաժնուած,
զորս
կը
սահմանափակեն
մանր
լեռներ։
Անմշակ
երկիրներ
բաւական
կան՝
առատ
արօտներով,
այլ
անջրդի։
Լեռնակաց
ստորոտները
Թուրքի,
Չէրքէզի
եւ
Քրդաց
գեղեր
են,
դաշտաց
մէջ
անդեայք
խուռներամ
կը
ճարակին։
Հինգ
ժամ
յառաջ
երթալով՝
կը
հասնինք
Ղազի
կէօլ
ըսուած
եղէգնուտ
շամբը,
ուր
կը
թառին
եւ
կը
թռին
անթիւ
սագեր,
բադեր,
արագիլ
եւ
զանազան
թռչունները։
Օդը
կարի
տօթ
է
եւ
տապագին։
Բզէզներ,
մոծակներ
եւ
խոշոր
ու
խայթող
ճանճեր
գունդագունդ
կը
յարձակին,
կը
խոցեն
խեղճ
անասունները
եւ
ուղեւորները,
ձիոց,
կովուց
եւ
եզանց
պոչն
ու
գլուխ
շարունակ
կը
շարժին,
ձիերը
անհանգիստ
իրենց
պարանոցը
կը
ցնցեն,
իսկ
էշերը
իրենց
խոշոր
ականջները
կը
տատանեցնեն
եւ
կարճուկ
ագիները
անդադար
կ’երերցնեն,
եւ
մերթ
ամենքը
մէկանց
շեփորներու
շառաչիւնը
կ’արձակեն,
այլ
’ի
զուր.
անսասան
կը
մնայ
թշնամեաց
ստուար
փաղանգը,
եւ
արիւնախոց
կ’ընեն
չորքոտանի
հերոսները։
Մարդիկ
իսկ
պէտք
է
փաթթեն
իրենց
երեսները
եւ
պաշտպանեն
զիրենք
այս
անվախ
բանակին
դէմ։
Կրիաներ,
օձեր,
եւ
այլ
եւ
այլ
զեռունք
ու
սողունք
կը
վխտան
հոս,
միայն
արագիլներէն
կը
խուսեն։
Իբր
թէ
հերիք
չէին
ասոնք
ուղեւորը
տառապեցնելու,
աւազակ
մարդիկներով
ալ
լի
է
այս
վայրը։
Ղազկէօլի
մէկալ
ծայրէն
կը
նշմարուի
Թուրհալայի
դիրքը,
որ
կիրճի
մը
բերանն
է,
ուր
կը
մտնէ
Իրիս
կամ
Թօգատի
գետը,
եւ
ձորերու
միջով
կ’ընթանայ
յԱմասիա։
Ութն
ժամ
տեւեց
մեր
գնացքը,
եւ
հասանք
Բազար
գեղը
Թուրքաց,
որ
ծառաւէտ
եւ
այգեւէտ
փոքր
աւան
մ’է,
ուր
օթեցինք
գիշերը։
Հետեւեալ
առաւօտեան՝
թէպէտ
օդոյն
տապը
չափազանց,
բայց
վազուն
առատ
ջրերու,
ծառոց
հովանեաց,
եւ
վայելչագեղ
գեղերու
կը
հանդիպինք,
ուր
Հայ
բնակիչներ
ալ
կան։
Սոյն
գիւղերն
են,
որ
Սեւաստին
կը
մատակարարեն
այնքան
ճոխ
ու
համեղ
զանազան
միրգեր,
խաղող
եւ
գինի։
Մեր
ձախակողմն
կ’երեւին
Քրդաց
նկուղաձեւ
անշուք
եւ
անտունկ
գեղեր,
որոց
բնակիչքը
իրենց
խաշինքներով
մեկնած
են
հովասուն
լեռները։
Տեղ-տեղ
շինուած
աղբիւրներ
կան,
խաներ
եւ
նշանաւոր
շէնքեր՝
ընտիր
սրբատաշ
քարերով
կերտուած,
այլ
ամայի,
լքեալ
ու
աւերակ։
Ասոնց
համար
կ’ըսէին,
թէ
Սուլթան
Մուրատ
Բաղդատի
վրայ
գնալուն
եւ
գալուն
շինել
տուած
է
եղեր՝
ապահովութեան
եւ
հանգստութեան
համար։
Ուրեք-ուրեք
ալ
Թէքքէ
անունով
քարակոյտներ
եւ
ուխտատեղի
եղած
գերեզմաններ
կան,
ուր
տաճիկները
կը
բերեն
իրենց
հիւանդները,
սուրբ
ծառեր,
որոց
ոստերու
վրայ
բժժանքներ
են
կապեր։
Թօքատին
ժամ
ու
կէս
մնացած՝
քարաշէն
մեծ
կամուրջն
է,
որ
կը
միացնէ
Թուրհալայի
ուղին
Զիլէի
ուղւոյն։
Այս
կամուրջն
ալ
Սուլթան
Մուրատի
շէնքն
է։
Ասիա
ուղեւորող
մը
յաճախ
կը
հանդիպի
այս
երջանիկ
Սուլթանին
աշխարհաշէն
գործոց՝
մեծամեծ
եւ
հոյակապ
կամուրջներու,
խաներու,
ճանապարհներու,
պահնակներու
եւ
այլն,
որոց
շատերը
անեղծ
եւ
պիտանի
են
դեռ։
Ամէն
բերան
կ’օրհնէ
այսպիսի
թագաւորի
մը
յիշատակ,
որ
իր
երկիրն
ու
ժողովուրդը
շէն
ու
անդորր
պահելու
հոգեր
հոգացեր
է,
եւ
երանի՜
կը
կարդայ
այն
ժամանակին,
որ
եղեր
է
ժամանակ
շինելոյ,
ժամանակ
տնկելոյ,
ժամանակ
ծնանելոյ,
ժամանակ
բժշկելոյ,
ժամանակ
ծիծաղելոյ
եւ
կաքաւելոյ,
ժամանակ
քարինս
ժողովելոյ
եւ
կարկատելոյ,
ժամանակ
խնդրելոյ
եւ
պահելոյ,
ժամանակ
խօսելոյ
եւ
սիրելոյ,
ժամանակ
գիրկս
արկանելոյ
եւ
խաղաղութեան,
երբ
կը
բաղդատեն
ներկայիս
հետ,
որ
է
ժամանակ
մեռանելոյ,
խլելոյ,
սպանանելոյ,
կոծելոյ,
ցրուելոյ,
կորուսանելոյ,
արտաքս
հանելոյ,
պատառելոյ,
լռելոյ,
ատելոյ,
հեռանալոյ
եւ
պատերազմի։
Քիչ
մը
եւս
յառաջ
երթալով՝
պարզ
կը
ցուցնէ
իր
զանգակատունն
Հայոց
Ս.
Յովակիմ-Աննայի
վանքն՝
գետոյն
միւս
երեսը,
բարձրադիր,
քաղաքի
այգեստանեայց
կատարը,
ծառաստաններու
միջէն։
Հովիտը
սպառելու
վրայ
է,
խոր
գոգ
մը
կը
բացուի,
շրջապատեալ
լեռներէ։
Գետն
ոլոր-մոլոր
կը
հոսի՝
երկու
կողմն
դրախտներ
ունենալով.
այգեստանքն
են
ասոնք,
որ
իրենց
մէջն
ունին
բազմատեսակ
մրգեղինաց
ծառեր
եւ
երանգ-երանգ
վարդեր,
որոց
սքանչելի
գոյնը
եւ
երանաւէտ
անուշահոտութիւնը
կ’զմայլեցնեն
զմարդ։
Խիտ-խիտ
ծառերէն
’ի
վայր
կախուած
են
կոյզ-կոյզ
կեռասներ՝
պարարտ
ու
գէր,
սպիտակ
ու
կարմիր,
եւ
դաստակները,
որ
ոստոց
միջէն
կը
պարզին
կթելու
զանոնք,
նոյնքան
սիրուն,
զգեցեալ
նրբաթել
շղարշներ
’ի
գոյն
սպիտակ
եւ
բոսոր։
Սոքա
դստերք
են
Թօքատու,
խառն
ասոնց
հետ
երամովին
ելեւէջ
կ’ընեն
գունեղ
ու
փափկափետուր
թռչունք
թեւաբախիկ
ու
կարկաչաձայն,
մրցելու,
խլելու
իրենց
կտուցներով
քաղցրահամ
կեռասն
աւարող
ձեռներէն։
Իսկ
վարդենեաց
տակն
ու
վրան
կը
բզզայ
մեղուաց
պար,
կը
գեղգեղէ
պուլպուլն
սիրահար,
եւ
մանկտին
փունջեր
կը
կապէ
թուփերու
հովը
նստած՝
պուլպուլին
երգոց
եւ
մեղուին
տզտզոցին
խառնելով
իւր
ճըլվլունք։
Այսպէս
սխրալի
անցքով
մը
մտանք
բուն
Թօքադ
քաղաքը,
որ
ճնշուած
է
լեռներու
եւ
ժայռերու
մէջ։
Անտանելի
է
արեւուն
տաքն
ու
տապ.
բնակիչքը
գրեթէ
ամենքն
ալ
ելած
էին
այգիներն
ու
գեղերը։
Քաղաքիս
մէջ
առատ
են
ջրեր։
Փողոցները՝
լայն
ու
նեղ,
մաքուր
եւ
անմաքուր,
հարթ
եւ
ելեւէջ,
շէնքերը
հում
աղիւսով
են,
այլ
’ի
ներքուստ
բռեալ
եւ
շքեղ,
կահ
կարասիք
եւ
զգեստուց
ձեւերը
պերճ
ասիական,
խիստ
քիչ
է
եւրոպական։
Հին
բերդ՝
հիւսիսակողմն
ապառաժին
վրայ
է,
աւերակ։
Քաղաքի
մէջն
ալ
կան
քանի
մը
աւերակներ,
որոց
մնացորդներէն
եւ
դրանց
ու
ճակատուց
վրայ
եղած
շքեղ
քանդակներէն,
ձեւերէն
ու
գրերէն
կ’երեւին
թէ
շքեղ
շէնքեր
են
եղած
երբեմն.
այսպէս
է
Թիմարհանան,
քանի
մը
մզկիթ,
խան
եւ
այլն։
Կայ
եւ
մի
հնագոյն
գմբէթ,
որ
թրծած
աղիւսով
է
շինուած,
խարխալեալ,
որոյ
գագաթան
վրայ
բոյն
դրած
էին
զոյգ
մը
արագիլներ
եւ
իրենց
ծիրտրեով
ներկեր
էին
այդ
յարկը,
որոց
ներքեւ
հող
կտրած
կ’ամփոփուէր
աշխարհասասան
Լենկթեմուրին
մէկ
որդին։
Ո՛վ
ժամանակ…։
Թօքատու
շուկան
ճոխ
է,
բայց
անկանոն,
խանութները՝
ցիր
ու
ցան։
Ամէնէն
նշանաւոր
արուեստն
է
պղնձագործութիւն։
Արղնու
մատէնէն
եւ
Կապան
մատէնէն
ելած
պղինձները
հոս
կը
հալուին
եւ
կը
ձուլուին,
եւ
ասկէ
կը
բաժնուին
այլ
եւ
այլ
կողմեր։
Հոս
կը
շինուին
նաեւ
ամէն
տեսակ
պղնձի
անօթ։
Երբեմն
քաղաքիս
բնակչաց
մեծ
մասն
այս
արուեստով
կը
շահուէին,
բայց
այժմ
պակսած
է։
Աւելի
ծաղկեալ
եւ
ծաղկելու
վրայ
է
պասմաճիութիւն,
կտաւեղինաց
վրայ
գունաւոր
տիպ,
բազմոցի
եւ
բարձի
երես
ու
սփռոց,
վերմակի
պորտ,
վարագոյր,
կերպ-կերպ
եազմա
ներ
խամ
եւ
խաս
զորս
բաւական
քանակութեամբ
կը
վաճառեն
ուրիշ
գաւառաց,
սոյնպէս
եւ
մանիսա,
եւ
այլն։
Արուեստաւորք
Հայք
են։
Իբր
երեք
տարիէ
հետէ
սկսած
էին
խաշխաշի
մշակութիւն։
Քաղաքի
շուրջ
եղած
արտերը
եւ
մօտակայ
գեղերը
գրեթէ
ամբողջովին
սերմանած
էին
այս
բոյսը,
եւ
հասած
էր
աֆիոնը
ճըղելու
եւ
ժողովելու
օր.
ո՞րքան
գործ
բացուած
էր
երկրագործաց,
այր
եւ
կին,
աղջիկ
եւ
մանուկ,
գեղացին
եւ
քաղաքացին
զբաղեալ
էին
ասով,
եւ
աղքատները
աղէկ
օրական
կը
շահէին։
Կային
ոմանք,
որ
իրենց
այգին
անգամ
քակեր
ու
խաշխաշ
ցաներ
էին։
Մեծ
քանակութեամբ
թիւթիւն
կը
մշակեն
Թօքադ
եւ
իւր
գեղերը,
առատ
ճէհրի
ունին
եւ
այլ
շահաւէտ
բերքեր։
Իրիս
գետը
քաղաքիս
շրթնէն
կը
հոսի,
իր
վրայ
ունի
քարաշէն
գեղեցիկ
կամուրջ
մը։
Այգեստանեայց
մեծ
մասն
յայնկոյս
գետոյն
կը
տարածին՝
իբրեւ
ժամու
մը
գնացք։
Վայելուչ
ճաշակով
տնկուած
ու
յարդարուած
են
վարդենեօք
եւ
պէս-պէս
պտղոց
ծառով,
եւ
ի
միջի
որթ
խաղողոյ։
Շատերն
ունին
առանձին
աւազան,
ուր
մշտահոս
կը
թափին
ջուր։
Ունին
նաեւ
ամառուան
բնակութեան
համար
շնորհքով
հովանոցներ
(քէօշկ)։
Ասոնք
կը
ցուցընեն
Թօքադցւոց
զուարճասէր
կեանք
եւ
ունեւոր
վիճակը,
թէպէտ
այժմ
նոյն
չէին։
Թօքադ
իր
այս
դրախտներով
եւ
այգեստաններով
արդարեւ
գերազանց
ու
շքեղ
է
այն
կողմերու
քաղաքաց
մէջ,
իր
հռչակին
արժանի։
Այլ
սակայն,
ո՛
գեղանիդ
քաղաք,
քո
այսքան
վայելչութեամբ
հանդերձ
չես
կարող
հրապուրել
Վանայ
այգեստանցին։
Դու
միշտ
անբաղդատելի
կը
մնաս
իմ
հայրենեաց
հետ.
քեզ
կը
պակսին
Վարագայ
աղբերակունք
եւ
անմահութեան
ծաղկունք,
ո՞ւր
են
քո
պարզ
այերք
եւ
պսպղուն
աստղունք,
ի՜նչպէս
կարելի
է
զուգել
քո
մշտապղտոր
Իրիսին
խոժոռ
երեսը՝
մեր
վճիտ
ծովուն՝
ծփծփուն,
ծիծաղող,
անուշ
պատկերին.
ո՞ւր
քո
ընդարձակ
փողոցները,
եւ
անոնց
աջ
ու
ձախ
գլգլացող
առուները,
եւ
’ի
գնացս
ջուրց
տնկել
սաղարթախիտ
հովասփիւռ
ծառերը,
վերջապէս
ո՞ւր
են,
եւ
ես
չեմ
յիշեր
մեր
բերդին
հրաշալիքներ,
եւ
հայկական
անուան,
փառաց
եւ
շինից
վայրեր
ու
նշմարները։
Տեղդ
կեցիր
դու,
Եւդոքսիոյ
կերտուածդ,
քեզ
չեմ
կարող
տալ
օրինակ
եւ
ոչ
մեր
Արտամէտն
միայնակ։
Թօքատու
մէջ
եօթն
եկեղեցիք
կան
Հայոց,
պայծառ
շինուածով
եւ
ճոխ
զգեստներով,
արծաթի
եւ
ոսկի
զարդերով
ու
անօթներով։
Քանիներ
աւելի
հարուստ
են
դրամագլխով
եւ
եկամուտներով,
իրարու
գրեթէ
կից
են
Ս.
Երրորդութիւն,
Ս.
Մինաս
եւ
Ս.
Աստուածածին,
իսկ
Ս.
Լուսաւորիչ
եւ
Ս.
Կարապետ
զատ
թաղերու
մէջ։
Ս.
Գէորգ
եւ
Ս.
Քառասուն
մանուկ՝
քաղաքի
երկու
թեւոց
ծայրերը
շինուած։
Թէպէտ
ժողովուրդ
քիչ
է,
բայց
իւրաքանչիւր
թաղեցի
իր
եկեղեցին
ունի
եւ
ամուր
բռնած
է,
կարծես
մի
եւ
նոյն
ժողովուրդ
եւ
մի
եւ
ազգի
եկեղեցիներ
չեն։
Մայր
եկեղեցին
է,
Ս.
Աստուածածին,
որոյ
մօտ
շինուած
է
Առաջնորդարանը։
Առաջնորդարանի
դուռն
քիչ
անգամ
բաց
կը
մնայ,
եւ
ոչ
օր,
եւ
ոչ
որոշեալ
անձինք
կային՝
ժողովք
կազմելու։
Առաջնորդ
Յակոբ
եպիսկոպոս
Ճգնաւորեանն
աւելի
կառավարութեան
անդամ
էր,
քան
թէ
Ազգին
Առաջնորդ.
դռները
փակելով,
բանալին
գօտին
զարկած՝
կ’երթար
կառավարութեան
դուռը
մինչեւ
երեկոյ։
Եւ
իր
Ճգնաւոր
կոչման
համաձայն,
ամէն
առաւօտ
եկեղեցիէն
դառնալով,
Սաղմոս
եւ
Նարեկ
կը
քաղէր։
Այս
ժամուս՝
գեղերէն
եւ
թաղերէն
բազմախուռն
խնդրամատոյցներ
կ’սպասէին
իրեն,
զորս
ետեւէն
ձգելով,
կամ
իրմէն
առաջ
ու
ետքը
զրկելով,
կ’առաջնորդէր
կառավարութեան։
Խիստ
թեթեւ
էր
ազգային
ժողովոց
գործը,
մանաւանդ
մարդ
կարող
է
ըսել,
գործ
չէր
թողուր
անոնց։
Ինքն
Սրբազան,
բնիկ
լինելով
Թօքադու,
յաճախակի
իւր
օրերը
եւ
ժամերը
կ’անցընէր
եղբօր
տունը
եւ
կը
մշակէր
եղբօր
այգին։
Եւ
Յովակիմ-Աննայի
վանքը
կ’երթար,
ուր
եղբօր
ընտանիք
եւ
ուրիշ
քանի
մը
ընտանիք
կը
բնակէին
ամրան
ամիսները։
Սրբազանը
տղայի
պէս
հաճոյք
կ’զգար
ինքզինքը
գովելու,
գրեթէ
ամէն
օր
իւր
մեծագործութիւններ,
իւր
մեծախօսութիւնները՝
վերակրկնելով
կը
պատմէր։
Դատապարտուած
էի
մի
եւ
նոյն
բաները
միշտ
լսել,
զորս
իրմէ
զատ
ուրիշ
ոչ
ոք
չէր
պատմեր.
իւր
առաքինութիւնները՝
երիտասարդական
հասակէն
’ի
վեր,
եպիսկոպոսանալու
համար
Էջմիածին
գնացած
ատենը՝
վեհափառ
Կաթողիկոսէն
եւ
համայն
միաբանութենէն
գտած
ընդունելութիւնը,
իւր
հանճարոյն
եւ
արժանեաց
վրայ
անոնց
ունեցած
հիացումն,
իւր
քաղցրանուագ
ձայնը,
իւր
մինչեւ
այսօր
Պօլիս
չտեսնելուն
պարծանքը,
իւր
անպտուղ
ազգասիրութիւնները,
եւ
այլն,
եւ
այլն։
Մինչեւ
անգամ
չզրկեց
զմեզ
ըսելէ,
թէ
գիրք
նայելով՝
գողօնքներ
գտած
է
եղեր
եւ
գիտէ
գաղտնի
գիտութեանց
արուեստը
եւ
այլն։-
Ի՜նչ
մեծ
արժանիք
եպիսկոպոսի
մը
կամ
Առաջնորդի
մը։
Եւ
սակայն
իրական
գործքերը,
որ
իւր
պաշտօնն
կը
պահանջէր,
չտեսանք։
Քաղ[աքական]
եւ
Կրօնական
ժողովներ
անուանական,
Ուսումնական
եւ
Տնտեսական
խորհուրդ
չկայ,
տումարներու
եւ
արձանագրութեանց
երեսը
չտեսանք.
ընկերութիւններ
լքեալ,
վարժարանները
փակեալ։
Անտարակոյս
ամէն
բանէ
յառաջ
վարժարաններն
էին
մեր
տեսութեան
փափագ
եւ
ուշադրութիւնը
գրաւող։
Ո՞վ
կրնայ
պատմել
զգացածս
ցաւը,
երբ
իմացայ
թէ
վարժապետաց
թոշակ
չվճարելուն
համար
ցրուած
էին
ուսանողք
եւ
ուսուցիչք։
Երբ
մեր
յաճախակի
խնդրանաց
վրայ,
հազիւ
արժանի
եղանք
Քաղ[աքական]
ժողովոյ
Ատենապետ
էֆէնտիին
երեսը
տեսնելու
եւ
երբ
յուզեալ
կը
խօսէինք
վարժարանաց
վիճակին
վրայ,
’ի
կարգս
շատ
մը
պատճառաբանութեանց,
Ատենապետ
էֆէնտին
’ի
ներկայութեան
Ս.
Առաջնորդին
համարձակեցաւ
ինձ
ըսելու,
թէ
Վարժարանները
անաստուածութեան
տուներ
են,
եւ
այլն։
Այս
էֆէնտին
մի
եւ
նոյն
ժամանակ
կը
պատմէր,
թէ
ինքն
ներհուն
է
մոգական
գիտութեանց,
վեցհազարեակի
վարպետ
եւ
Դաւիթ
Անյաղթի
անունով՝
Ա.
Բ.
Գ.
ի
թուահամարով
կը
թափանցէր
ամէն
գաղտնեաց՝
յերկինս
եւ
յերկրի
եւ
’ի
սիրտ
մարդոյ,
ունի
եղեր
Աղաւէր
գիրք,
որով
ամենայն
ինչ
կը
գուշակէ,
եւ
այլն
եւ
այլն։
Ահա
այսպիսի
մէկն
էր
Իփէկեան
Յօհ.
էֆէնտին,
որոյ
ձեռքը
յանձնուած
էր
Թօքադու
Ազգային
վարչութիւնը,
որ
յամենայնի
համընթաց
կը
թուէր
եւ
համամիտ
Ս.
Առաջնորդին։
Երանի՜
այդ
քաղաքին։
Խռովութիւն
չյարուցանելու
համար,
կ’ըսէին
ասոնք,
թոյլ
տուած
ենք
ազգային
վիճակը
այս
վիճակին
մէջ,
մեր
եկեղեցիներ
ու
թաղեցիները
ապստամբ
են
եւ
մեր
իրաւասութիւնը
չեն
ճանչնար։
Կը
յիշեցընէին
ինձ,
թէ
երբեմն
Տ.
Փիլիպպոս
եւ
Տ.
Կիւրեղ
վարդապետները
իբրեւ
քննիչ
հոս
եկած
եւ
ծեծ
կերած
էին.
ծե՛ծ,
կը
շեշտէին՝
ծե՛ծ,
ի՞նչ
էր
իրենց
միտքը…։-
Բայց
եթէ
քննութեան
առնուէր
այդ
ծեծը,
տակէն
ո՞վ
դուրս
կու
գար
արդեօք։
-
Եթէ
դուք
հրաւիրէք
զանոնք
յանուն
օրինաց,
եւ
բացատրէք
իրենց
օգուտը,
դարձեալ
խռովութի՞ւն
կը
յառնէ.
եւ
ի՞նչ
պիտի
լինի
այդ
խռովութեան
վախճանը,
առ
առաւելն
հրաժարումն
Ձեր
պաշտօնէն.
մի՛
վախնաք,
բուն
ձեր
փառք
պիտի
լինի
այդ։
Սակայն
ժողովուրդն
ասոնց
պէս
չէր
խօսեր.
երես
առ
երես
կ’ըսէին,
թէ՝
Սրբազան,
դուք
եկեղեցւոյ
բեմէն
կ’որոտաք
վարժարանաց
բացման
համար,
կը
յորդորէք,
բայց
չէք
իրականացըներ։
Ժողովուրդ
եւ
թաղականք
պատրաստ
են,
բայց
դուք
չէք
հրաւիրեր։
Դուք
խօսելով
կ’ուզէք
արդարացընել
Ձեր
անձը,
բայց
գործադրելն
է
բուն
Ձեր
պաշտօնը,
եւ
այլն
եւ
այլն։
Երկուստեք
շատ
մը
խօսքեր։
Թէպէտ
եկեղեցեաց
բակերը
Ծաղկոցներ
կան
եղեր,
բայց
նշանաւոր
ուսումնարանն
էր
Վարդանանց
անունով
ընդարձակ
շէնքն։
Փասպանեան
Գ.
էֆէնտին,
որ
առաջին
ուսուցիչն
էր,
եւ,
մեր
գալուստը
լսելով,
փութացեր
էր
իր
կամաւոր
տարագրութենէ,
գեղերէն,
գալ,
եռանդոտ
եւ
արժանաւոր
անձն
այդ
պաշտօնին.
Անձնուէր
ընկերութեան
առաջնորդութեամբ
Ս.
Առաջնորդն
ալ
միասին,
Վարդանանց
դռներն
բացուեցան,
եւ
գնացինք
թափուր
սրահներու
եւ
գրասեղաններուն
այց
առնել։
Սոյն
յարկին
ներքեւ
թէ՛
իբրեւ
ուսուցիչ
եւ
թէ՛
իբրեւ
Անձնուէր
ընկերութեան
հիմնադիր
եւ
վարիչ,
շատ
եռանդ
եւ
քրտինք
թափեր
էր
քանի
տարի
առաջ
Փօրթուգալեան
Մկրտիչ
էֆ.,
որոյ
ճշմարիտ
անձնուիրութիւնը
ազգի
լուսաւորութեան
ամէն
բարեկամաց
ծանօթ
է։
Անոր
հոս
եղած
ժամանակ
Թօքադ
նախանձելի
քայլեր
առեր
է
ազգային
ոգւոյն
եւ
ժամանակի
յառաջադիմութեան,
բայց
չար
նախանձու
դեւը
դրդեր
է
քաղաքիս
ոսկիով
զօրաւոր
անձինք.
բանը
հոն
հասեր
էր,
մինչեւ
Փօրթուգալեանը
կապանօք
ի
Սեւաստ
տարուած
էր,
ամբաստանուելով,
թէ
Հայոց
թագաւորութիւնը
վերականգնելու
ջանքեր
կ’ընէ
սա
…………
Վալին,
դիտելով
զամբաստանեալն
եւ
լսելով
անոր
վրայ
դրուած
քրէական
եղեռն,
այսպէս
վճռած
է.
Գնացէք
բաներնուդ,
միթէ
կը
կարծէք,
թէ
այնքան
դիւրին
է
թագաւորութիւն
մը
կանգնել,
եւ
այն՝
Հայոց
պէս
ազգի
մը,
այն
ինչ
500
տարիէ
հետէ
Ալի-օսման
թագաւորութիւնը
չէ
կրցեր
հաստատուն
հիմ
մը
դնել
իրեն։
Այսու
ամենայնիւ
ծանր
տպաւորութիւն
թողած
է
երիտասարդաց
վրայ
այս
սարսափելի
մատնութիւնն,
եւ
մինչեւ
ցայսօր
կը
դողային
այն
անձինքներէն։
Փօրթուգալեանի
օրով
ու
ջանքով
սկսուած
էր
նաեւ
աղջկանց
վարժարան
մը,
որ
այժմ
մարած
էր։
Այն
ինչ
այսպիսի
յիշատակներով
կը
յուզուէր
մեր
հոգին.
ահա
Վարդանանց
զրկեալ
եւ
ցրուեալ
սաներէն
երկու
պատանեակներ
հետեւեալ
գիրը
մատուցին,
զոր
ընթերցողաց
խղճին
եւ
զգացման
կը
յանձնեմ։
«Հայրենանուէր
Հայրիկ.
Դպրոցը,
որ
կ’այցելէք,
ամայի
եւ
աւերակ
կը
ներկայանայ
Ձեզ։
Այն
վայրը,
որ
երբեմն
յիսնաւոր
Վարդանեան
աշակերտօք
կը
զարդարուէր,
այժմ
սարդի
ոստայններով
տխուր
տեսարան
մը
կ’ընծայէ.
հովիւ
զարնուած,
ոչխարներ
ցրուած
են,
երգերու
եւ
դասախօսութեանց
գողտրիկ
դայլայլիկներուն
կը
յաջորդեն
ամայութիւնն
ու
լռութիւնն։
Յաճախ
կու
գանք,
ո՛
սիրելի
Հայրիկ,
կու
գանք
աւերակաց
մէջ
թափառող
բուի
մը
պէս
մեր
դպրոցական
փոշոտ
գրասեղանները
արտասուօք
թրջել,
այլ
աւա՜ղ,
ոչ
ոք
կը
գթայ
մեզ.
մեր
ծնողք
տգէտ,
ազգայինք
անգութ
եւ
Վարչական
իշխանութիւն
մեր
դահիճն
են։
Նոքա
կարծես
հաճոյք
կ’զգան՝
մեր
արցունքներ
տեսնելով.
ծարաւի՞
են
արդեօք
մեր
արտասուաց։
Դու
ո՛
Հայր,
կ’աղաչենք,
գէթ
դու,
որ
Հայաստանի
սիրահար
հովիւ
մի
ես,
մի՛
անկարեկիր
մնար
երկու
խեղճ
Հայ
ուսանողներու
արտասուագիր
խնդրանաց,
եւ
երբ
Քու
պաշտօնական
տեղեկագիրդ
’ի
լոյս
հանես,
մի՛
մոռանար
նաեւ
լսելի
ընել
Վարդանեաններու
սրտառուչ
ձայնը,
որ
յանուն
Աստուծոյ՝
իրենց
Դպրոցի
վերստին
բացումը
եւ
սիրելի
դասատու
Փասպանեան
էֆէնտիի
դասախօսութեան
շարունակութիւնը
կը
խնդրեն։
Եթէ
մեր
արցունքներ
կրնան
Ձեր
գթած
սիրտը
շարժել։
Ընդունեցէք
ներկայ
ուղերձնիս.
Օ.
Գ
Յ.
Հ.
»։
Չկրցինք
առանց
ուժգին
յուզուելու
լսել
այս
սրտայոյզ
խօսքերը
եւ
առանց
կարեկցութեան
մեկնիլ։
Նոյնը
կը
նկատէինք
տեսնել
եւ
յանձն
Ս.
Առաջնորդին,
որ
գիտէր
շուտով
փղձկիլ։
Սխիթարեց
մանուկները
եւ
ուսուցիչները,
ապահովեց
զմեզ,
թէ
ի՞նչպէս
ինքն
եղեր
է
գլխաւոր
շինող
այս
յարկին
իր
նորընծայութեան
ատենը,
մինչեւ
անձամբ
քարեր
կրեր
է.
ալ
ի՞նչ
կը
մնար
ինձ
ըսելիք,
եթէ
ոչ՝
նոյնը
կրկնել
եւ
իր
խոստումներուն
յուսալ։
Արդարեւ
Պօլիս
վերադառնալուս՝
Փասպանեան
Գ.
էֆ.
կը
գրէ,
թէ
«…Մեր
քաղաքը
շատ
փոխուած
է
Ձեր
տեսածէն
ետքը.
ողջամիտ
խումբն
այսօր,
աւելի
լաւ
կազմակերպութիւն
մը
առած,
Ժողովրդական-խումբ
անունը
կը
կրէ.
անմիջապէս
բացուեցաւ
թաղային
դպրոցներ
եւ
կեդրոնական
ուսումնարան
մը,
բաւական
կանոնաւոր…»։
Այս
ժողովրդական
ողջամիտ
խումբն
կը
կազմէին
երեք
ընկերութեանց
անդամները,
այն
է՝
Անձնուէր,
Ընթերցասիրաց
եւ
Վարդանանց
սանուց,
որոց
հաւաքական
եւ
առանձին
տեսակցութեանց
մէջ
ծանօթացանք
իրենց
եռանդին
եւ
գաղափարաց՝
քաջալերելով
զիրենք
եւ
լիայոյս
վստահութիւն
տածելով
իրենց
վրայ։
Վիճակիս
նախորդ
հանգուցեալ
Առաջնորդներէն
Գէորգ
եպիսկոպոս
60000
ղրշ.
եւ
Յակոբ
եպիսկոպոս
10000
ղրշ.
կտակած
են՝
կէսն
վարժարանաց
համար
եւ
կէսն
աղքատաց։
Ս.
Երուսաղէմայ
Եսայի
Ս.
Պատրիարքն
ալ
վանքին
կալուածներէն
քանի
մը
կտոր
շէնքեր
նուիրած
է
յանուն
վարժարանաց,
որոցմէ
2000
ղրշ.
տարեկան
կ’ստանան։
Այս
գումարները
Առաջնորդարանի
հսկողութեան
եւ
մատակարարութեան
յանձնուած
էր,
որոյ
մասին
բացատրութիւն
տուաւ
Ս.
Առաջնորդն,
թէ՝
16000
ղրշ.
ի
շմէնտըֆէռի
բաժնեթուղթ
գնած
են
եղեր,
20000
ղրշ.
ի
ալ
տուն
մը
գնած,
որ
տարեկան
կը
բերէ
800
ղրշ.
։
Մտադիր
են
եղեր
այս
տունը
խան
շինելու.
մնացեալ
գումարն
ալ
տոկոսով
տուած
են
ոմանց
քով։
Բոլոր
այս
դրամագլուխին
եւ
կալուածոց
տարեկան
արդիւնք
6500
ղրշ.
կը
գանձուի,
ըսին.
-
Աղէ՜կ
շահագիտութիւն.
եւ
ասոր
կէսը
վարժարանին
էր,
եւ
կէսն
աղքատաց
բաժին։
Եկեղեցեաց
սեղանոյն
եւ
պատկերաց
վրայ
շատ
մը
արծաթէ
զարդեր
եւ
ոսկի
կային։
Կը
հաւաստէին,
թէ
միայն
Ս.
Մինաս
եկեղեցին
120
օխայ
արծաթ
ունէր։
Այսպէս
դեռ
Թօքադու
ժողովուրդ
կը
հաւատայ,
թէ
Ս.
Աստուածածնի
պատկերին
ոսկի
ճտնոց
եւ
ոսկի
թագ
շինելով,
Ս.
Մինասին
արծաթէ
նիզակով
եւ
ձեռն
ոսկեսարաս
զարդերով
իրենց
հոգւոյն
փրկութիւնը
կ’ստանան.
ե՞րբ
պիտի
համոզուին,
թէ
Աստուծոյ
առջեւ
ամէնէն
թանգ
զարդարանք,
հաճոյական
պատարագ,
եւ
իրենց
հոգւոյն
ու
մարմնոյն
փրկութիւնն՝
իրենց
զաւակները
ոսկեղէն
մարդ
ընելն
է,
զանոնք
կրթել
եւ
լուսաւորել
Աւետարանի
հոգւով,
ազգութեան
սիրով,
պանծալի
հանդիսացընել
հանճարով
եւ
պատուով։
Եկեղեցիներ
ունին
եղեր
իրենց
առանձին
դրամագլուխներ՝
ասոր
անոր
քով
տոկոսով
դրուած,
բայց
տոկոսին
հետ
դրամագլուխն
ալ
ոչնչացած
էր,
կ’ըսէին,
Ս.
Աստուածածնի
եկեղեցին
4000
ղրշ.
ունի
եղեր,
միայն
7000
ղրշ.
ը
ողջ
է
եւ
անկէ
տոկոս
կ’առնու։
Գաւառական
վարչութիւնն
անձեռնամուխ
կը
գտնուէր
այս
հաշիւներուն։
Քաղաքիս
բնակիչքն
էին
բաց
’ի
Թուրքերէն
եւ
Հայերէն,
Յոյնք
եւ
Հրէայք
սակաւաթիւ։
Յոյներու
մէկ
մասն
Հայ-հոռոմ
էին,
եւ
հայերէն
կը
խօսէին
ու
կը
կարդային։
Թօքադու
Քաղ[աքական]
կառավարութիւնը
գայմագամութիւն
է,
Սեւաստու
Վալիութեան
ներքեւ։
Եկեղեցիք
Հայոց՝
7։
Վարժարանք՝
5,
երեքն՝
Ծաղկոց
մանկանց,
մէկն՝
Ծաղկոց
աղջկանց,
եւ
մէկ
Ուսումնարան։
Ծախք
վարժարանաց
անորոշ։
Թիւ
ուսանողաց՝
205
մանկունք,
18
աղջկունք։
Թիւ
Հայոց՝
8819,
որոցմէ
1579
Կաթոլիկ
եւ
Բողոքական։
Յոյնք
եւ
Հայ-հոռոմք՝
2600։
Հրէայք՝
906։
Թուրքք՝
10500։