ՀՐԱԺԵՇՏ
Ապրիլ
28
է։
Մեք
արդէն
տեղաւորուած
ենք
Թիմաւօ
շոգենաւը։
Աջը
համբուրած
եմ
Ս.
Հայրիկին,
Աջը
համբուրած
եմ
Ներսէս
Ս.
Պատրիարքին,
մնաք
բարովն
ըսած
եմ
բարեկամաց
եւ
ծանօթից,
Բերայի
խորհողներուն,
Ղալաթիոյ
խօսողներուն։
Եւ
թէպէտ
առ
փղձուկ
սրտիս
կը
ծովանան
աչերս
եւ
կը
փակուին՝
ծովէն
անդին
տեսնելու,
բայց
սիրտս
միշտ
բաց
է
հոն,
հոն
կը
շրջի,
հոն
կը
խօսի,
Գատըգիւղ,
այո՛,
սակայն
ահա
շուրջս,
’ի
նաւին
կը
գտնեմ
այդ
գեղը,
ազնիւ
Յովակիմ
էֆ.
Յ.
Յովակիմեան
եւ
իր
հետ
եղողները,
ներկայացուցիչք
Գատըգեղցւոց։
Մնան
բարով։
Ժամն
8
է։
Նաւապետը
նշաններ
կուտայ,
անիւներ
կը
դառնան,
հիանալին
Վոսբորը
կը
ծփայ
գեղեցկափայլ։
Մնան
բարով
իւր
շքեղութիւնք։
Թիմաւօն
ունէր
իւր
մէջ
կայսերական
Քօմիսէր
Վսեմ.
Ապէտին
փաշան
եւ
երկրորդն
Մանաս
էֆէնտի։
Արդէն
շնորհ
ըրած
էր
Ամեն.
Ս.
Պատրիարքն
ներկայել
եւ
յանձնարարել
զիս
Ն.
Վսեմութեան։
Գեղեցիկ
պատեհութիւն
էր
նաեւ,
որ
միեւնոյն
նաւուն
մէջ
կը
գտնուէինք։
Ապրիլ
30։
Քօմիսէրներն
ելան
’ի
Սամսոն,
որք
պիտի
անցնէին
Սեւազէն,
Խարբերդէն
եւ
երթային
Տիգրանակերտը,
ուստի
պիտի
սկսէին
իրենց
պաշտօնը,
որ
երեք
Հայաբնակ
մեծ
կուսակալութեանց
ընդարձակն
եւ
առաջինն
էր՝
իբրեւ
այցելութեան
եւ
բարեկարգութեան
ալ
առաջինն։
Իսկ
մեք
մայիս
1-ին
ելանք
Տրապիզոնը։