Թորոս աղբար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԱՌ ԸՆԹԵՐՑՈՂՍ
       1878՝ Ապրիլ ամսոյն վերջերը, Ամենապատիւ Տ. Ներսէս Սրբազան Պատրիարք Հայրն որոշած էր երեք վարդապետ ղրկել Փոքր եւ Մեծ Հայաստանը։ Գնացողներէն մին ես էի։ Մեր պաշտօնը սահմանուած էր կոնդակով մը, որոյ պատճէնն ահաւասիկ.
       «ՆԵՐՍԷՍ ծառայ Քրիստոսի եւ շնորհիւն Աստուծոյ Պատրիարք Հայոց եւ Արքեպիսկոպոս Կոստանդնուպօլսոյ, բարեջան Առաջնորդաց Գերապատիւ Եղբարց մերոց ’ի Տէր՝ եւ Մեծապատիւ Անդամոց Ազգային Վարչութեան՝ բարեշնորհ Քահանայից եւ Ժողովրդականաց գաւառացն Ամասիոյ եւ Մարզուանու, Եւդոկիոյ, Շ. Գարահիսարու, Սեբաստիոյ, Տիվրիկի, Ակնայ, Չարսանճագի, Արաբկերի, Չմշկածագու, Խարբերդի Չնքուշի, Բալուայ, Մալաթիոյ եւ Տիարպէքիրու վիճակացն ողջոյն եւ սէր ’ի Քրիստոս Յիսուս ’ի յոյսն բնաւից։
       Որ ունի զգիրս՝ Արժանապատիւ Տէր Գարեգին վարդապետ Սրուանձտեանց սիրելին մեր՝ յայս նուագ յատուկ պաշտօնիւ առաքեցաք ’ի կողմանսդ, զի վիճակագրեսցէ զեկեղեցիս եւ զդպրոցս եւ զվանորայս ազգիս զշէնս եւ զանշէնս եւ զկալուածս նոցա, եւ հաւաքեսցէ զկարեւոր տեղեկութիւնս զորպիսութենէ ժողովրդեան եւ զներկայ կացութենէ նոցին ըստ յատուկ պատուիրանաց մերոց, եւ յուսով բարօրութեան եւ բարեկարգութեան Հայաստան աշխարհի՝ մխիթարեսցէ զամենեսին։
       Քաջայոյս եմք, զի Ձերովդ ազգասիրական զգացմամբ եւ ամենագովեալ հիւրասիրութեամբ պատուասիրէք եւ դիւր ընծայէք սորա արժանապատուութեան օգնելով եւ սատարելով նմա, զի կարօղ լիցի փութանակի եւ անթերի լրացուցանել զպաշտօն յանձնեալ ինքեան եւ դարձ այսր առ մեզ արասցէ ’ի պայծառութիւն Եկեղեցւոյս եւ ’ի շինութիւն Ազգիս։
       Ողջ լերուք եւ զօրացեալք ’ի խնամս Տեառն, եւ Աստուած խաղաղութեան սփոփեսցէ զՁեզ բարեօք»։
       Պատրիարք Կ. Պօլսոյ Ներսէս Արքեպիսկոպոս
       Տուեալ ’ի Պատրիարքարանէս Կ. Պօլսոյ յամի Տեառն 1878 Ապրիլի 26 եւ Ազգական ՌՅԻԷ
       Ինչպէս կը տեսնուի, «Յուսով բարօրութեան եւ բարեկարգութեան Հայաստան աշխարհի» կ’երթայինք մենք ողջունատար եւ մխիթարար՝ յուսաբեկ Հայոց։ Այն օրերը Հայկական խնդիրն թեւ առած սաւառներ ու հասեր էր Եւրոպիոյ մեծ տէրութեանց դահլիճները, եւ քաղցր յոյսեր կախեր սփռեր էր Հայաստանի աւերակներուն եւ Հայոց աւեր սրտերուն։ Հայրենի հողն ու հողոյն հաւասարած Հայն կենաց նոր շարժում մը կ’ստանայր։ Ս. Պատուիրակներն իրենց բարձր տեղերէն կ’երեւէին մինչեւ Հայաստանի խորն ու ձորը ’ի խաւարի նստող բնակչաց։ Իսկ լրագրութիւն, իբրեւ գետ, կը հոսէր կը տարածէր յաջող ակնկալիքներ։
       Թողի Պօլիս։ Թողի Ռուսաց սպայից եւ զինուորաց խռանն Բերայի ու Պօլսոյ փողոցները եւ անոնց խառնիճաղանճը՝ Այիստէֆանօյի բանակադաշտն։ Թողի Միւհէճիրներու ժխորն մայրաքաղաքիս հրապարակները եւ արուարձանները։ Յետին ակնարկ մը ձգեցի Մարմարայի վրայ, որոյ մէկ խորշին մէջ Բրիտանական նաւատորմիղն կը ծփար։ Եւ կը ծփար ու կ’ալէկոծէր Ստամբօլն ամբողջովին փոթորկալից հողմերով…։
       Մնա՛ բարով Գատը գեղն, զոր սրտիս հետ կը տանիմ։ Մնա՛ն բարով համայն բարեկամներս, եւ ազգասէրներ, որոց յիշատակը գլխոյս հետ անբաժան կը կրեմ…։
       Մայիս 1 էր, Օրէստօ գեղեցիկ շոգենաւն, զմեզ բարձած իւր թեւոց վրայ, կը թռէր դէպ ’ի Սեւ ծով։ Գարունն իւր չքնաղ գեղեցկութեամբ շքեղազարդած էր Վոսբորի երեսներն ու շրթունք, արեւն պայծառ եւ փափուկ, բայց ասոնք չէին ազդեր յիս։
       Օտար էին անոնք. ես կ’երթայի հայրենեաց արեւն ու գարունը ողջունել։
       Իմ պաշտօնական թուղթերս ուղղած եմ Պատրիարքարան եւ համառօտ տեղեկագիրս, որոյ պատճէնը կանխաւ հրատարակուած է Մասիս լրագրոյ Յունուարի թերթերուն մէջ։
       Սոյն հրատարակութիւնս պաշտօնական չէ, այլ սոսկ իբրեւ ուղեւորութիւն եւ զանազան ծանօթութիւնք իմ շրջած տեղեաց եւ բնակչաց կեանքի վրայ, մասնաւորապէս ազգայնոց նկատմամբ, եւ անոնց հին եւ նոր վիճակը, վանքերը, վարժարանները, քաղաքական եւ ներքին վարչութիւնք եւ տնտեսութիւնք, եւ այլն, ստորագրել, զորս ’ի լոյս կ’ընծայեմ, իբրեւ ընծայ մը բերելով Հայաստանէն, Հայաստանը սիրող Հայոց մատուցանելու։
       Կատարեալ գործ մը չէ այս, վասն զի այնքան խուռն եւ կարեւոր պաշտօններուս մէջ չէի կրնար լիովին ստորագրել եւ ամէն բան աչքէ անցունել։ Այսու ամենայնիւ, որքան կրցայ, հաւաքեցի եւ ’ի գիր անցուցի, տեղ-տեղ ալ ձեռագիր մատեաններու ցանկն ու յիշատակարանները օրինակելով, զորս իբր դուզնաքեայ աշխատութիւն՝ բանասիրաց եւ ազգասիրաց փոքրիկ ճաշակ մը կ’ընծայեմ։ Պատրիարքարանն՝ մեր բուն պաշտօնական վիճակագրութիւնը եւ տեղեկագիրը ’ի լոյս պիտի ածէ՝ կցորդելով մեր միւս պաշտօնակցաց գրածներուն հետ։
       Եթէ նկատեն ոմանք պակաս բաներ գրուածքիս մէջ, կատարելապէս իրաւունք ունին իրենց կողմանէ լրացընելու դիտողութիւններ գրել, բայց միշտ անկողմնակալ հոգւով, ինչպէս մեք ալ նոյն զգուշութիւն ըրած ենք, վասն զի ամէն ոք կրնայ համոզուիլ, թէ գրածներուս նպատակը ազգայնոց յառաջադիմութիւն եւ իրենց օգտակարութիւնը ցոյց տալ է միայն։ Հայը Հայուն ծանօթացնել, Հայը Հայուն սիրել տալ է բոլորովին իմ փափաքս եւ ջանքս։
       Գործս երկու մասի բաժնելու հարկ եղաւ, վասն զի նոր ուղեւորութիւն մը ընելու հրաման Ն. Սրբազնութեան կ’ստիպէ զիս ընդ փոյթ մեկնիլ մայրաքաղաքէս։
       Բ. մասին մէջ կը մնան Խարբերդ, Չմշկածագ, Չարսանճագ, Բալու, Արղնի, Ակըլ, Ջերմուկ, Տիգրանակերտ, Չընքուշ, Ծոփք, կամ Կէօլճիւկ, վերադարձ ’ի Խարբերդ, Կապան մատէն, Արաբկերու գեղեր, յԱկն, Արմտաններ, Կէրճէնիս, Շ. Գարահիսարու գեղեր եւ քաղաք, Կիրասոն՝ իրենց մանրամասնութիւններով։ Խարբերդու վանորայք։ Ներսէս Շնորհալւոյ օրհնած մեռոնն եւ Հեթում արքային կնիքը։ Չմշկածագու Կարմիր վանք, Ագրակ գեղը, աղբիւրը՝ հրեղէն աղջիկ, Ակնջի ջուր, Օսմ. զօրաց բանակն եւ քանի մը դէպքեր։ Յաղթուկ գեղը, Յաղթուկցի Սահակին խօսքեր, անգին ընծայ մը. Խարտիշարու վանք կամ Ս. Կարապետ։ Չարսանճագի գեղեր, Բերդակ, հոյակապ Ս. Թորոսի տաճարն, Բաշավանք գեղ, Իսաք պէյն եւ իւր արարք։ Մնձուր գետն, Բէրին աւան, Քղիի ջուրն։ Մեծկերտ եւ իւր հնութիւնք։ Ալի Շէֆիկ պէյն, Կիրակոս էֆէնտի Ղազանճեան, զօրաց բանակն, Տէրսիմի բարեկարգութիւնն. նկարագիր եւ տեղեկագիր Տէրսիմին եւ Տէրսիմցւոց. ասոնց բարոյքն եւ կրօնքն։ Աւերակք, հնութիւնք եւ աւանդութիւնք, Հալւորիկի Ս. Կարապետ վանք։ Չարսանճագի պէյեր եւ գերի ժողովուրդ։ Բալուայ Քաղցրահայեաց վանքն, Հաւաւ գեղ եւ այլ գիւղորայք, Բալուայ քար կամ բերդ, Ս. Մեսրոբայ քարայրը, Ճգնարան եւ Դպրատուն։ Րումի էֆէնտին։ Բալուայ բէկեր։ Աշմուշատայ գեղեր. Ս. Խաչ վանք։ Արղնու վանք կամ Բարձրահայեաց Ս. Աստուածածին. ասոր ճոխ գրատուն, ձեռագիր մատենից ցանկն ու յիշատակարաններ, ստորագրութիւն։ Արղըն եւ Ակըլ գիւղաքաղաքաց ու անոնց հնութեանց եւ Պախըր մատէնի վրայ ծանօթութիւն։ Արղընէն մինչեւ Տիգրանակերտ ընդարձակ դաշտը։ Տիգրիս գետն, Տիգրանակերտի հնութիւնք, քաղաքին ստորագրութիւն, բազմաթիւ ձեռագիր մատեանք, անոնց ցանկն ու յիշատակարանները։ Սասնոյ լերինք եւ անոնց բնակիչները։ Ասորի, Քիլտանի, եւ Շէմսի ցեղերը։ Քրդեր եւ Եզիտիք։ Տիգրանակերտու վանքեր։ Ջերմուկայ ջերմաղբիւրը եւ քարացեալ մարդիկ։ Չնքուշայ վանք կամ Սիրահայեաց Աստուածածին։ Խենդ Սիւլէյման, Ծոփք կամ Ծովիկն եւ այլն։
       Կանխաւ իղձ կը տածէի Փոքր Հայաստանի եւ Մեծ Հայաստանի հարաւային գաւառները ուղեւորիլ եւ ստորագրել, ուստի այս առթիւ սիրելի Պատրիարք Ս. Հօր հրամանն ինձ ցանկալի էր, եւ սրտագին գոհութեան պարտիք մը կը դնէ իմ վրաս։ Խնդագին շնորհակալութիւն նաեւ իմ շրջած տեղերու ազնիւ Հայոց, որք իրենց սիրով եւ մեծարանօք մեծապէս մխիթարեցին զիս։ Իսկ ես ինչ որ ըրի, «Զոր պարտն էր առնել արարի»։
       Երբէք պատճառ մը չունիմ դժգոհելու, վասն զի յօժարութեամբ գնացի, յօժարութեամբ շրջեցայ, յօժարութեամբ գործեցի։ Ոչ երկրին անիշխանութեան օրերը, ոչ Չէրքէզն ու Քիւրդը, ոչ լեռներն ու ձորեր, ոչ արեւն ու անհանգիստ ուղիներ, եւ այլն, չկրցան վշտացնել զիս։ Քրդաց վրաններու տակը եւ բացօթեայ վայրեր իջեւանեցայ, ասիական ուղեւորի մը կրելիք ամէնն ալ կրեցի, բայց երբէք ցաւ չզգացի, վասն զի սիրով գնացի. եւ փոխանակ անոնց՝ հազարաւոր մխիթարութեանց կը հանդիպէի, մեր հայրենական ջրերուն, հովերուն, մարգերուն, դրախտներուն, բերքերուն եւ պտուղներուն, համով հացին եւ կարմիր գինւոյն, հաւքերուն թռիչին ու կաքաւներուն կառաչին, ծաղկանց բուրմունքին եւ անտառին սօսիներուն, մաքւոյ կաթին, կովու իւղին, ձագուց մեղրին, Հայ մանկանց երամին, եւ այլ սրտագրաւ յափշտակիչ տեսարաններուն, որոցմով, կարի զուարթութիւն, կարի կորովութիւն եկաւ վրաս։
       Հայ եղողը՝ Հայաստանի հողոյն վրայ ինքզինքը կը ճանաչէ, ինքզինքը վեհ եւ կենդանի կը գտնէ, փորձեցէք եւ տեսէք։
       Ահա կ’երթամ ես։
       Հրամեցէք։
       Գ. Վ . Սրուանձտյանց
       4 Ապրիլ 1879
       Գատը գիւղ Կ. Պօլսոյ