Թորոս աղբար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՄԱԼԱԹԻԱ
       Կէօլ-դաղիի կողերէն կ’անցնինք։ Օդը զով էր։ Մեր ձախ կողմը ետեւէ ետեւ կը թողունք Գզըլպաշներու շատ մը գեղեր։ Զարմանալի քարայրեր կը տեսնանք ճանապարհէն քիչ մը վար, որք աւազակաց որջ համարուած են։ Երեք ու կէս ժամ յառաջանալով՝ հանգչեցանք պրակներու հով, որոյ մօտ ջաղացքներ կան եւ գետակ մը կ’անցնի։ Բոլոր մեր աջ ու ձախ եղած գեղերը Գզըլպաշ են, ընդհանրապէս՝ ծառաւէտ եւ ջրաւէտ։ Կը շարունակենք մեր ուղին։ Օդը տօթագին է։ Վերջապէս ժամ 9 էր՝ իջեւանեցանք Գարահիւյիւք գեղը՝ Ալի աղային տունը, որ Գզըլպաշներուն Տէտէն կամ մարգարէն կը սեպուէր՝ հարուստ, խորամանկ եւ իւր խօսքերն ու կերպերը՝ կարի զգուշաւոր։ Փառաւոր ընդունելութիւն ըրաւ մեզ Ալի աղան։ Սոյն գեղի Խանէտան Բորեազ պէկն եւ Աղ սախալիք ’ի տես էկան, որք ընդհանրապէս ցաւ եւ դժգոհութիւն կը յայտնէին իրենց վիճակէն, թէ Աթմանցի, Աղջատաղցի եւ Դըռըջանցի աշիրաթ Քրդերը շատ վնաս կը հասցնեն եղեր ասոնց, թէ վարձկալներ եւ պաշտօնատարները հարստահարութիւն եւ զրկանք կ’ընեն եղեր գեղացւոց, եւ այլն, եւ այլն։ Բայց գեղին հասարակութիւն եւ դրացի բնակիչներն ալ, ինչպէս նաեւ կառավարութեան պաշտօնեայք կը գանգատէին Ալի աղայէն եւ Բորեազ պէկէն՝ իբրեւ կէս ապստամբք, իբրեւ հարստահարիչք եւ գողեր գործածող, նոյն իսկ իրենց անուանած աշիրաթներուն ընկեր եւ թեւապետ։ Զարմանալի էր, որ Ալի աղան եւ Բորեազ պէկն երկուքն ալ Գզըլպաշ, բայց զատ աղանդ ունէին, եւ օրեր եղեր էր, որ իրենց աղանդակիցներ եւ կուսակիցներն առած, իրարու վրայ յարձակելով՝ աւեր, հրկէզ եւ սպանութիւն կ’ընեն եղեր երկուստեք։ Թէ՛ ասոնց եւ թէ՛ այսպիսեաց կռիւներէն օգուտ կը քաղեն քաղաքի մէջ կառավարութեան պաշտօնեայ կամ ազայ եղողներ։ Արաբկերի մէջ ամէնէն աւելի շահ ունեցողն էր Իպրահիմ էֆ., որոյ անձն անբաժան է կառավարութեան ատենէն, եւ ձեռքը տարածեալ է ամէն գեղերու եւ աշիրաթներու մէջ։
       Գեղիս կից բլուր մը կայ։ Կը թուի, թէ ’ի հնումն բերդ է եղած։ Կը պատմէին, թէ ասոր կողերէն եւ ստորոտէն աւերակներ կը բացուին եւ թէ երկաթի նետ եւ շղթայի կտորներ եւ այլն կը գտնուին, զորս խոփ կռել տուեր էին։ Երեկոյ է։ Ալի աղայի հետ տանիքը բարձերու վրայ նստած ենք։ Դիտակով կը ցուցնէ Կիւմիւշ կամ Կապան-մատէնի ձորը՝ սեղմուած քարալերանց մէջ, ուստի կ’անցնի Եփրատ անտեսանելի։ Ի սպառուած այդ հանքալերանց՝ Եփրատ կ’երեւի, որոյ ափանց քով՝ յայնկոյս, հրուանդանի նման բարձրագագաթ լեռ մը կայ եւ անոր վրայ՝ շինուածք մը։ Ալի աղան կ’ըսէ, թէ Հայոց եկեղեցի է այն, այլք կը կարծեն, թէ կռապաշտից ժամանակէ մնացած է, ոմանք, թէ՝ աստղերը նայելու դիտարան։ Վերջապէս կը հաստատեն, թէ Ս. Ահարոն անուամբ եկեղեցի է։
       Մալաթիոյ ընդարձակ հովիտը կը տարածի մեր աչաց առջեւ։ Անկէ 11 ժամ է Մալաթիա, այլ սակայն իւր բազմախուռն ծառոց եւ այգեստանեաց ծաւալը իբրեւ սեւ գիծ մը կ’երեւի։
       Առաւօտ` դեռ արեւ չծագած, հեծանք։ Տէրպէտէրեանն եւ իւր մարդիկ, Ալի աղան եւ Բորեազ պէկն քանի մը ձիաւորով ժամու մը չափ հետերնիս էկան։ Արկաւան գաւառն ենք։ Քանի մը գեղեր անցնելով՝ հասանք Թէհէր-քէօյ, ուր Միւտիր կը նստի։ Աստծու խեղճ մի էր, ելաւ հիւրընկալելու զմեզ։ Իւր բնակատունն ու պաշտօնատունն մի եւ նոյն յարկն էր, որոյ մէկ կողմն ցորեններ, չուլեր, չուաններ եւ այլ բժժանքներ, մէկ կողմն՝ գրագիր մը, ոստիկան մը, մէկ պուճախն ալ՝ ինքն՝ խսիրի վրայ նստած, լալկան, անօթի, մերկ, ո՛չ կրակ ունէր, ո՛չ ճրագ, սուրճ մը անգամ չունէր։ Իւր ամսականն էր 370 ղրշ. թղթադրամ։ Գանգատ ըրաւ, որ Քրդեր իւր ձին ծեծեր եւ արօտէն վաներ էին։ Առանց խոտի մնացած էր, կը վախնար, որ զինքն ալ ծեծէին։ Իւր ամսականով եւ այսպիսի գծուծ վիճակով իսպառ անպատշաճ էր կառավարութեան ներկայացուցիչ եւ երկրին վարիչ լինելու. «Ո՛չ ծառայ կրնամ ունենալ, ո՛չ ընտանիքս եւ ո՛չ անձս կրնամ շահել, կ’ըսէր, այս գումարով։ Հոս ուրիշ շահեր ալ չկան, այն ինչ ուրիշ տեղեր թէպէտ այս ամսականով, բայց կրնայի շահուիլ…»։ Ասկէ յետ դարձուցինք մեր յուղարկաւորները, բայց ճանապարհի ապահովութեան համար հետերնիս դրին Ալի աղան, իւր մշակ Հասօն եւ Բորեազ պէկն, իւր մշակ Ահմատն։ Ահմատն կտրիճ ու ճարպիկ մէկն էր, իսկ Հասօն կը նմանէր մազոտ սատանայ։
       Ամբողջ չորս ժամ կ’երթանք։ Խմելու ջուր չկայ, գեղի եւ մարդոց երեսը չենք տեսներ, ահագին տարածութիւն մը խստալից, թռչունք անգամ չեն թռիր, ահոտ ու սարսափոտ վայրեր։ Շարունակ կը պատմեն այս տեղերը պատահած սպանումներ եւ կողոպտումներ։ Աղջատաղը կը ցուցնեն։ Աղջատաղցւոց մինչեւ այսօր ապստամբ լինելը, ասոնց ձեռքով կարաւանաց եւ բնակչաց հասած եղեռներ եւ վնասներ, քանի մը տարի առաջ Պարսից Շահզատէի մը սպաննելը, եւ այլն։ Արեւը կիզիչ է, եւ դաշտային գնացքը կարի ձանձրացուցիչ։ Ահա կը հասնինք Բալաբան գեղը, որոյ բնակիչք Գզըլպաշ են։ Ալի աղան, Բորեազ պէկն եւ Տէրպէտէրեանն գրած էին գեղիս մեծաւորաց՝ Պէկթաշին եւ Մահմատ Ալիին, որ քանի մը ձիաւորով զմեզ ապահով հասցընեն Մալաթիա, բայց աս երկուքն ալ գեղը չէին։ Հանգչեցանք ուռենեաց շուքը, ջրոց ափը եւ մեծ ախորժակով ճաշ ըրինք, թան, պանիր, վարունկ, սոխ եւ սխտորով ու եղով տապակուած հաց՝ վրան ալ մածուն դրած։
       * եւ ձիերու վրայ քաջագօտի զինուորի նման սուր կ’արշաւենք։ Ժամ ու կէս հասանք Եազի-խանի մէկալ եզրը, ուստի Թօխման սույին խրոխտ եւ բնակակցաց նման բարբարոս արշաւանքով կ’անցնի՝ քակելով, փլցունելով ափերը, ողողելով ցորենոյ, բրինձի, բօստանի ընտիր արտեր, որոց ջուրն ալ ինքն կու տայ եւ բերքերը ինքն կ’ապականէ։ Ինչի՞ կը նմանի այս։ Մեծ եւ հին կամուրջով մը կ’անցնինք, զոր Գըրգ կէօզ կ’անուանեն, շինուած Սուլթան Մուրատէն, բայց մէկ մասն դիակ եւ մէկ մասն կմախք դարձած է։ Ասկէ մինչեւ Մալաթիա խճուղի շինուած է. հեռագրի թելեր եւ սիւներ գտանք։ Խորի՜ն ազդեցութիւն ըրին վրաս, զորս Սեւաստու լեռներէն կորուսած էինք։ Բաղդատի մեծ ճանապարհի մէջն ենք։ Անցուդարձներ, մշակներ, քաղաքացիք եւ գեղացիք կը հանդիպինք, լոյս աշխարհն ինկանք։ Կամարակապ աղբիւրին քով ծառոց շուքը շնթռկեր են խոշոր շներ։ Իրենց շոքէն լեզուն դուրս ձգած՝ լըխկ-լըխկ կ’ընեն, անոնց քով՝ կովն ու հորթ, էշն ու քուռակ, Քրդու աղջիկն ու կեղտոտ պառաւ, եւ քանի մը բաց գլուխ ու անվարտիկ կուռօ, կճէ, փոքրիկ լամուկներ այծերու մօրուքէն կը քաշկռտեն, կը մկմկացնեն։ Զովանալով այս ջրով եւ զուարճանալով այս տեսարանով՝ թողինք ու առաջացանք։ Հարթ եւ ընտիր արտորայք կան մեր երկու կողմն. ամէն տեղ կալ կ’ընեն, որաներ կը կրեն։ Լեռներու կը մօտինք, արեւը կը խոնարհի, զովագին օդը զուարթութիւն կը սփռէ ’ի մեզ, եւ Քիւրդ Ահմէտն ու ոստիկանք փոխ առ փոխ «Քօռ-օղլին» եւ այլ խաղեր կը կանչեն։ Ծառաստանք եւ վազուն ջրեր կ’սփոփեն մեր տքնութիւնը՝ ողջունելով զմեզ։ Մօտ ենք հին Մալաթիա քաղաքին, կլոր երկայն քար մը կայ տնկուած ճանապարհին վրայ, որ Յունարէն գիր ունի, եւ գագաթը՝ քիչ մը փոս։ Կը պատմեն, թէ Սուլթան Մուրատի տնկած քարն է այս։ Իբր Կէս կամ Կեդրոն Իւսքիւտարէն մինչեւ Բաղդադ երթալուն, թէ աղջիկ մը մէկ ձեռքով բարձած այս քարը եւ Սուլթանի դիմացն ելած է, որոյ քաջութեան ’ի նշան հրամայեց կանգնել կոթող անոր յիշատակին, թէ քարի գլխու փոսին մէջ ափ մը ոսկի դրեր է Սուլթանն եւ Բաղդատէն վերադարձին տեսեր է, որ ամբողջ նոյնութեամբ կը կենայ, զարմացեր Մալաթիոյ բնակչաց քաջութեան եւ հարստութեան, որոց տկար աղջիկն քարէ սիւն մը մէկ ձեռքով կը բառնայ, որոց մէջ աղքատ ու կարօտ մէկը չկայ. երանի՜ տուեր այս երկրին, երանի՜ իւր թագաւորութեան։ Բայց այդ քարը եւ իւր արձանագիրը իմաստասիրելու արժանի առարկայ մ’է։
       Վերջապէս համեղութեամբ, խոշորութեամբ, աղւորութեամբ եւ առատութեամբ հռչակաւոր Մալաթիոյ մրգաստանեայց մէջն ենք. թթենի, ծիրանի, տանձենի, խնծորենի եւ այլ պտղատու ծառոց դրախտներ, եւ զանոնք վայելելու, ժողվելու, չորացնելու զբաղող Ադամ-Եւայներ ամեն ուրեք։ Ապա քաղաքի պարիսպներ, բուրգեր, որք տեղ-տեղ փլած են, խրամներ, որոց մէջ թիւթիւն տնկած են, ականակիտ ջրեր, ուր խումբ-խումբ թրքուհիք կտաւ եւ ճերմակեղէն կը լուանան, մինարէներ, գմբէթներ, քարաշէն տուներ, բաղնիքներ, միջնաբերդ, մեծամեծ քարակերտ շէնքեր, զորս առանց մէջը շրջելու՝ կը դիտենք, ամէնուն ալ աւերումն իր ծանր ձեռքով հարուած տուած. ա՛յս է եղեր այն պատմական հին եւ անուանին Մելիտինէն Հայոց, զոր այժմ կը կոչեն Էսքի շէհիր, Հին-Մալաթիա։ Ա՛յս քաղաքն է, որ հին դարերու մէջ Արեւելեան եւ Արեւմտեան խուժադուժ ազգաց, ժողովրդոց եւ իշխանութեանց արշաւանքներ տեսած է. Միջագետք, որ յաւուրց Աղէքսանդրի՝ Յունաց եւ Հռոմէացւոց, Բաբելացւոց, Մարաց, Պարսից եւ Հնդկաց ուժերու, զիրար ջախջախելու, աշխարհակալելու թատր եղած էր։ Այդ ամենայն անցքը Միջերկրականէն եւ Բաբելոնէն երկուստեք Մելիտինէն էր՝ ինքն իսկ երբեմն նպատակ լինելով յարձակողաց, մանաւանդ Միջին դարուն, մասնաւորապէս Հագարացւոց եւ Թաթարաց արշաւանաց առջեւ։ Անուանի հանդիսացած է Ընդհանուր, Ազգային եւ Եկեղեցական պատմութեանց մէջ, որ շատ մարտիրոսներ ունեցած է, այլ իրօք վերջին դարերուն մէջ՝ Թուրքաց շահաստան մը։ Հազիւ 45-50 տարի կայ, որ ձգած են բնակիչք այս քաղաքը եւ գնացած ժամ մը հեռի Նոր-Մալաթիան կը բնակին, ուր յառաջ իրենց այգեստանն ու ամարանոցն է եղած։ Սակայն հին քաղաքի դիրքն ու օդը լաւագոյն է նոր քաղաքէն։ Դեռ կան քանի մը հարիւր տուն Թուրք բնակիչք հոս, եւ Նորէն ալ ամառը շատեր կու գան իրենց պարտէզներ եւ պտուղները մշակելու եւ կթելու։
       Ծառաստանք կը վերջանան։ Քաղաքի ներքին աւերակներէն աչքերդ վեր առնելով՝ յանկարծ կը պատահիս անթիւ գերեզմանաքարերու խռնուածքի մը, ուր կը ներկայանան Մալաթիոյ Թրքաց փաթթոցաւոր գլուխներու կերպ-կերպ ձեւեր, որոց երեւոյթն իսկ կը զարհուրեցնեն զմարդ, թէ ի՞նչ սոսկալի անձինք են եղած, որք թէպէտ հողոյ տակ՝ այլ դեռ սարսափ կ’ազդեն տեսնողին։
       Անցանք, եւ ահա բանակ մը 300 իշոց եւ 100-էն աւելի սպառազէն Քրդաց։ Տարօրինակ մեծութեամբ փաթթած են իրենց գլուխները, արիւնկզակ մարդիկ, որք կ’երթան Սեւաստ՝ աղ գնելու։ Բոլորն ալ առանձին առանձին դիտելով զմեզ՝ իրարու կը խօսէին. «Էվհա Ընկ, իզ ա՛, Թէվթիշ ա՛ եւ այլն»։ Մեր ձախ կողմն մօտ ընդ մօտ գեղեր կ’երեւան Թրքաց, ջրերով եւ ծառերով առատ, եւ ահա վերջապէս Մալաթիոյ բերանը հասանք։ Քաղաքի շէնքերը բնաւ չեն տեսնուիր, ժամէ մը աւելի տարածեալ ծառատունկերու անտառ մը կը թուի. բարձրացած բարտենիք եւ այլ եւ այլ տունկք թանձր ու խիտ կը փակեն աչքէդ քաղաքն ու շէնքերը։ Փողոցները՝ կանոնաւոր եւ անկանոն, գրեթէ ամբողջովին անմաքուր, ջրալից առուներ ամէն թաղ, ամէն տեղ տեսածդ Թուրքեր են։ Լամուկները՝ յետին աստիճանի լիրբ, սրիկաները եւ արբեալները կը վխտան։ Դռներու վրայ Շամայ մեծ գլուխներով եւ երկայն մօրուքներով Թուրքերը նստած կը ծխեն եւ ծանր-ծանր կը խօսակցին՝ խոժոռ ու խորհրդաւոր հայեացքներ ձգելով անց ու դարձ ընողին վրայ։ Հոս եկած էին Էրզրումէն գաղթական քանի մը տուն բարեպաշտ Միւսլիմաններ՝ չկրնալով հանդուրժել Կեավուր Ռուսի իշխանութեան տակ մնալ եւ իրենց խղճմտանքը հանդարտել։
       Շուկայի մէկ կողմով շրջելով՝ հասանք Մայր եկեղեցին՝ Ս. Սարգիս, ուր էր Հայոցս Առաջնորդարան։ Ո՛հ Առաջնորդարան, արդեօք ի՞նչ ջրով պէտք է լուանալ զքեզ…։ Քո աղտոտութիւնք, մաշուած շէնքդ, անճահ կահերդ, անկարգ կազմաւորութիւնդ, հսկայ լուոց լեգէոններ, մոծակաց խազախ հեծելազօրք, հետեւակազօր ոջիլներու գումարտակներ եւ պաշը պօզուք ճանճերդ, որոցմէ շրջապատեալ, իբրեւ պետ եւ թագաւոր, կը բազմէր վերին անկիւն առաջնորդն Մելիտինոյ՝ նորին Սրբազնութիւն Տ. Սրապիոն եպիսկոպոս, որ սոյն հանդիսական դահլիճին մէջ ընդունեց զմեզ, ուր վաղվաղակի իմ անարժանութիւնս յայտնեցի այդքան փառաշուք ասպնջականութեան։ Եւ Սարաֆեան Ատուր աղայի տունը նորակերտ մաքուր սենեակով մը գոհ եղայ, ուր գոնէ միայն նիզակաւոր վաշտ մը մոծակներ (խոշոր եւ խայթող սիվրիսինեկներ), նուագներ ածելով, սպաս կը հարկանէին մեզ՝ շարունակ համբուրելով մեր ոտք ու ձեռքերը եւ երեսները։ Գտա՛նք։
       Յաջորդ օր կառավարութեան մարդիկներէն եւ ազգայիններէն շատեր մեր գալուստ շնորհաւորելու եկան, ինչպէս նաեւ Բողոքականաց Մարտիրոս պատուելին եւ Կաթոլիկաց եպիսկոպոսի կողմէն երկու եկեղեցականք, զորս Առաջնորդարանը ընդունեցի։ Այս առթիւ բաւական թեթեւացաւ զօրաց բանակը, վասն զի ամէն եկողին հետ, իբրեւ յուղարկաւոր, դաս-դաս կ’երթային, բայց պահեստիք նորէն անոնց տեղ կը բռնէին։ Քաղաքական ժողով անունով մարմին մը կար, որոց ներկայացուցի իմ պաշտօնական գրերը եւ հարկ եղած նախապատրաստութիւնները խնդրեցի։
       Երրորդ օրը փոխադարձ այցելութեան շրջեցայ։ Միւթասարիֆը փոխուած էր. տեղապահ Մօլլային ներկայացանք։ Ո՞րքան արժանի էր այս անձը այնպիսի քաղաքի մը։ Կառավարութեան պալատն ընդարձակ շէնք մ’էր, բայց կառավարութիւնը շէն չէր։ Նոյն իսկ քաղաքին մէջ եւ շրջակայքը ամենայն չարիք եւ եղեռն համարձակ կը գործուէր. կատարեալ անիշխանութիւն էր, եւ անբարոյականութիւն, յափշտակութիւն, լրբութիւն ու սպանութիւնք՝ տիրական պաշտօնէութեան դարձած էին։ Ասոնց հետ մէկտեղ ապուշներ եւ խենդեր ալ բազմաթիւ էին, որ զեղխ ու մոլի կենաց հետեւանքներ են։ Գրեթէ ամէն ոք այն դրախտագեղ ծառաստանեայց եւ ջինջ ու առատահոս առուաց ու աւազանաց քով նստած ծալապատիկ կակուղ բազմոցներու վրայ, կը կլկլացնէ իւր նարկիլէն, կը կոնծէ օղին եւ գինին, կը լափէ խորովածն, գլորիկն (քիւֆթէ) ու բիլաւը, կը խճողէ բազմազան միրգն ’ի կոկորդն եւ ’ի ծոցն։ Դարձեալ օղի, անշուշտ աֆիոնի հոտէն եւ օդոյն տապէն ալ ազդուելով, եւ ահա կա՛մ թմրեալ իր եղած տեղը կը մնայ, կա՛մ, գրգռեալ կիրքերէն, կը վարի աստ եւ անդ՝ զոհեր որոնելու։ Մալաթիոյ մէջ, ուր կը հաւաստէին, թէ տարին առ նուազն 120000 լիրայ կը բերէ աֆիոնի վաճառքը, զարմանալի էր տեսնել, որ քաղաքացիք շատ աննշան բաժին մ’ունէին այս գումարէն, եւ այն՝ միջնորդ լինելով եւ նենգելով եւ եթ, այլ բոլոր այս բերք մշակողներն եւ շահողներն վայրենի Քրդերն էին։ Դրամատէր հարուստ Հայ չկար այս քաղաք՝ բաց ’ի քանի մը վաճառականներէ, որք պանդուխտ էին։ Թէպէտ կարօտ ոք ալ չկար։ Եւ իրենց մեծամեծ տներով, ընդարձակ այգեստաններով, ծառաստաններով եւ քիչ մը շահով երջանիկ կը կարծէին ինքզինքնին։ Նոր-նոր արթնցեր էր իրենց մէջ դժգոհութեան հոգին, եւ կը համոզուէին, թէ պէտք է գործել եւ յառաջադիմել թէ՛ նիւթական եւ թէ՛ մտաւորական ասպարէզին մէջ։ Արդարեւ Հայոցմէ կ’սպասուէր այս, վասն զի իրենք էին միայն Քրիստոնեայ տարր այդ տեղը, բայց զիրենք ալ զարթուցանող, լուսաւորող եւ առաջնորդող կը պակսէր։ Կրօնական եւ ուսումնական վիճակնին մռայլ. Հայ վարժապետ մը ունէին, զոր Խօջայ կը կոչէին։ Կը դասախօսէր տաճկերէն, հայերէն, գիր, թիւ, ձայնաւորութիւն, կառավարիչ էր եւ տնօրէն եւ ամենայն ինչ։ Գրագիր էր Առաջնորդարանին եւ այլ ուրիշ պաշտօններ ունէր։ Ո՞վ կրնար դատել զինքն, թէ իրաւ այսքան բանգէ՞տ էր կամ բան մը չգիտէր։ Իրեն կ’ըսէին. «Բաւական ես մեզի, դու ամէն բան գիտես, ամէն բանի կարող ես»։ Երկու կամ երեք անձինք միայն կրնայ գտնել մարդ ժամանակին պահանջմանց վրայ գաղափար ունեցող. ընդհանրապէս խորին հնութեամբ կ’ապրին իրենց ներքին եւ արտաքին կեանքով։ Ադիեաման եւ Պէհէսնի, սոյն Առաջնորդութեան թեմն լինելով, ոչ ոք տեղեկութիւն ունէր։ Բաղդաւոր էի, որ դժբաղդ առթիւ մը Աբօ անուն Հայ մը այն կողմէն բերուած էր կառավարութեան ատեանը դատուելու։ Ծեր, այլ աշխոյժ անձ մը, որ երկար ժամանակ վարձկալութիւն եւ գանձապահութիւն ըրած լինելով՝ անձամբ եւ մանրամասնօրէն գիտէր Հայոց վիճակն, բնակութիւններ եւ թիւերը։ Անկէ քաղեցինք մեր տեղեկութիւնները։ Ինչպէս ամէն տեղ, նոյնպէս եւ հոս ապսպրեցի, որ Առաջնորդարանի մէջ ազգահամարութեան տումար ունենան եւ հետզհետէ ծնածն ու մեռածը նշանակեն։ Բայց միթէ ուրիշ խնդրոց տումար կամ արձանագրութիւն կա՞ր, բնաւ։ Ս. Առաջնորդն իւր ձիէն զատ բան մը չէր յիշեր. ամէն օր իւր հոգն ու խօսքն իւր ձինն էր, իւր ծախած ձին, իւր առած ձին…։ Աւա՜ղ, խոր ցաւեցաւ հոգիս։ Մալաթիոյ Առաջնորդութիւնը Սսոյ կաթողիկոսութեան թեմն է։
       Ս. Առաջնորդի հետ վանքերը շրջելու գնացինք, որ հեռի չեն քաղաքէն։ ԼՈՒՍԱՒՈՐՉԻ վանքը բարձր եւ հովասուն դիրք մը ունի՝ փոքրիկ տաճարով մը եւ քանի մը քարուկիր սենեակներով, բոլոր դռները բաց, ամայի, ապականութեանց մէջ։ Մարդու նշան չտեսանք, այլ իբրեւ որջ կը բնակին եղեր հոն գիշերները աւազակներ եւ սրիկաներ… Օդն ու ջուրը սքանչելի, ընտիր արտեր ունի։ Այս է այն վանքը, որոյ կրօնաւորներ շատ ձեռագիր եկեղեցական մատեաններ գրած են, ինչպէս տեղ-տեղ յիշատակարանաց մէջ ընթերցայ։ Բայց այսօր այս աւաղելի վիճակին իյնալուն պատմութիւնը լսելու արժանի է։
       Այս վանքի մէջ տէր Սահակ անուն քահանայ մը իւր ընտանեօք կը բնակի եղեր, ինչպէս որ իւր հայրն ալ բնակեր է՝ ազգին հաճութեամբ, իբրեւ վանահայր եւ իբրեւ մշակ։ Այս տարի խնդիր ծագելով՝ տէր Սահակն ելեր է սեպհականելու վանքի բոլոր արտերն իւր անձին, բարեբաղդաբար թափուն անոր անուան վրայ չեն ըրած։ Ազգային Քաղ. ժողովով կը բռնեն զինքն, եւ իւր տունը վանքէն կը հանեն։ Նա կը դիմէ կառավարութեան ատեանները, կը դիմէ մինչեւ Տիգրանակերտ-վիլայէթ, երկուստեք ծախքեր տեղի կ’ունենան, մինչեւ կը հեռագրուի Ս. Պատրիարքին, եւ Ս. Պատրիարք կը կանչէ տէր Սահակը Կ. Պօլիս։ Նա կարճ ճանապարհը կ’ընտրէ. կը դիմէ Մալաթիոյ կաթոլիկաց Ղեւոնդ գերապայծառին, անոր հաւատքն ու խնամքը կ’ընդունի՝ յուսալով, թէ այնու պիտի կարող լինէր տիրելու վանքի հողերուն կամ վանքն Կաթոլիկաց ձեռք անցունել, Լուսաւորիչն՝ Պապական դարձնել։ Մի՛ զարմանար ասոնց խելքին. Գերապայծառն, որոյ միայն արտաքինն է պայծառ, ինքնին պատմեց ինձ, թէ ի՞նչպէս կանխապէս մարդ մը եւ մատ մը տեղ չեն ունեցած հոս, թէ ի՞նչպէս ժողովրդական հակառակութեանց երեսէն այսօր բաւական թուով Կաթոլիկ, մեծ եկեղեցի մը, վարժարան, առաջնորդարան եւ այլ կալուածներ ունին, թէ իրենց շահուն մեծ մասն Մազլմեան Առաքել վարդապետին պարտական են, որ երբեմն Առաջնորդ էր քաղաքիս, եւ միջոց մը ինքն իսկ ժողովրդեան մասին մը հետ Կաթոլիկ եղած եւ այլն, եւ այլն։ Ասոնք տեղի ունեցած էին ոչ թէ Գերապայծառին հանճարեղութենէն ու զօրաւորութենէն, այլ Մագլըմեանի չարարարութենէն, ուրիշ Առաջնորդաց անպիտանութենէն եւ ժողովրդեան տգիտութենէն։ Զարմացիր ուրեմն, թէ ի՞նչպէս մնացեալներն Հայ մնացած են ցարդ։ Արդէն մաս մ’ալ Բողոքական են, բայց գրեթէ անխտիր են իրենց եղբարց հետ, ինչպէս իրենց պատուելի Մարտիրոսն ալ անկեղծ Հայ մ’է եւ բարեսիրտ անձն մը։
       Շրջեցանք վանքին արտերը, զորս հնձել կու տային Քրդաց։
       Վանքիս տաճարի դրան ճակատի վրայ գրուած էր. « Շինեցաւ դուռս Ս. Գրիգորի ձեռամբ Սիմէովն եպիսկոպոսի. ’ի թուին Հայոց ՊՁԸ. մարտ Գ. յիշատակ ինձ եւ ծնող…»։ Տաճարի դռնէն դուրս գերեզմանի մը արձանագիր. « Կանգնեցաւ շիրիմս Փրկչ… Նահատակ Ստեփան վարդապետին, թուին ՌՄԻԶ. ին»։
       Ս. Գրիգորի կամ Լուսաւորչի վանքէն իջանք ԱՆԱՐԾԱԹ ԲԺԻՇԿ, որ դաշտավայրի մէջ՝ փոքր դարի մը տակ, աւերակ մատուռ մի է, միայն երկու կամարը ողջ։ Իւր շուրջը աւերակաց կոյտեր ունի։ Շէն վանք է եղած։ Մատրանս առջեւէն կը բղխի մեծ ջուր մը, որ կ’ըսուի Բունզար պաշի. աւազան է բազում ականց, որոյ պարզ եւ պաղորակ ծոցոյն մէջ ծփծփալով կը լողային ձկունք, եւ մշտադալար սէզն իւր կանանչագեղ գորգերով կը զարդարէր աւազանին շրջանակը. տեղի խիստ զուարճալի, որոյ հողերը Թրքաց ձեռքն էին, իսկ մատուռը քանի մը տարի առաջ Կաթոլիկներ գաղտնի ջանացեր են կառավարութեան ձեռքով տիրել եւ վանք մը կառուցանել։ Հազիւ արթնցեր են Հայք եւ թէպէտ յաջողեր են խափանել Կաթոլիկաց շինելը, այլ իրենք գէթ մատուռը նորոգած չեն։
       Անարծաթէն անցանք Օրդուզի գեղը, Ս. ՓՐԿԻՉ վանքը, որ բաւական շէն է սենեակներով, պարտէզներով եւ այլն, ուր անպակաս են ուխտաւորք եւ երթեւեկք։ Հող մը ունի բակին մէջ, յորմէ դեղնութիւն ունեցողներ կ’ուտեն, ու կ’անցնի։ Ուխտաւորաց մեծ մասն Տաճիկ կանայք են։ Վանքի դիրքն հովասուն, ջրաւէտ եւ ապահով լինելուն՝ օդափոխութեան եւ զուարճանալու համար եկողներ ալ շատ կան, ուր տեղի կ’ունենան խաղ, դափ, պար եւ այլն։ Ս. Փրկչի տաճարը խիստ ընդարձակ եւ հոյակապ շէնք մը եղած կ’երեւի իւր աւերակէն։ Արդի տաճարը աւերածոյն մէկ մասն է, զոր ծածկեր են։ Մութ եւ խոնաւ է, ուր Պատարագ կը մատուցանեն կիրակի օրերը քաղաքի քահանայք շրջանով։ Փոքրիկ մատուռ մ’ալ կայ տաճարին աջ կողմն, նոյնպէս մութ։ Դրսէն՝ հիւսիսային պատին վրայ, դրան մը տեղ կայ գոցուած, եւ անոր ճակտին վրայ՝ յունարէն գրով արձանագիր մը։ Ըստ աւանդութեան՝ Լէնկթէմուրի աւերածն է եղեր այս մեծաշէն տաճարն, եւ ասոր հողեր ու կալուածները տիրեր են Թուրքեր։ Օրդուզի գեղը բազմաբնակ է եւ դրախտի պէս զուարճալի՝ ծառերով եւ ջրերով։ Բնակիչք Թուրք են եւ քիչ մ’ալ Հայք։ Գրեթէ քաղաքի արուարձան կը սեպուի։
       Դարձանք մեր պաշտօնատեղին։
       Ես, որ ո՛չ ծովէն ու ցամաքէն, ո՛չ Չէրքէզէն ու Քրդէն, ո՛չ տքնելէն եւ քրտենելէն չէի տկարացած, Մալաթիոյ մէջ օրէ օր, ժամէ ժամ, վայրկեանէ վայրկեան անգամ զգալի ծանրութիւն մը եւ տկարութիւն մը կ’զգամ։ Բոլոր քաղաքը հիւանդ է. ծառոց խտութենէն օդ չխաղար, ջրոց շատութենէն եւ լերան ստորոտը շինուելէն խոնաւութիւն կայ, արջառոց հիւանդութեան կոտորած՝ չորս կողմը սատակներով լցած, ոչ ոք է, որ զանոնք թաղէ, արեւ կիզիչ, աղբ եւ աղբիւս, փորոտիք եւ կղկղանք, խոտերու եւ միրգերու ապականած վիճակը ամէն տեղ թոյն կը սփռեն, բնակիչք՝ զանազան ախտից բռնուած, մարդ չկայ, որ գոնէ տենդ չունենայ։ Հիւծողականն, վէրէմն , տեղական ախտից կարգէն է։ Ո՞վ կրնայ ասոնց հասկցնել առողջապահական զգուշութիւններ, օրէնքները. Աստուծոյ հակառակ խօսիլ էր։ Եւ թէպէտ Մէմլէքէթ հէքիմի ալ ունէին, բայց կը գանգտէր, թէ երբէք ըսածներս ուշադրութեան չեն առնուր։ Փախչիլ որոշեցի եւ աճապարեցի վիճակագրութիւնս լրացնել։
       Յուլիս 28։ Նոր Միւթասարիֆը քաղաք մտած էր գիշերուան ժամ 5-ին։ Առաւօտը գալուստ շնորհաւորելու գնացինք, որ իջեւանած էր քաղաքի երեւելիներէն Հաճի պէյ անուն ազնուական Տաճկի մը տուն։ Ընդարձակ սրահ մը՝ առջեւը բաց, որոյ միջեւէն կը հոսէր գետոյ չափ մեծ, սառն եւ սպիտակ ջուր։ Ճիտը հաստ, մարմինը գէր, հասակը բարձր, քիչ խօսելու անվարժ, լեզուն ալ Յունաց նման ծեք-ծեք Թուրքերէն, Կիրիտցի էր ինքն եւ Շ. Գարահիսարէն կու գար։ Աղէկ ընդունելութիւն ըրաւ եւ պատմեց գիշերը քաղաքի մէջ իրեն գալստեան միջոցին պատահած հետեւեալ դէպքը։
       Թուրքի մը տան առջեւէն կ’անցնէինք, ըսաւ, տանիքէն մարդ մը ինքզինքը վար նետեց եւ ինկաւ ջուրը, քանի մը հոգի ալ տանիքի միւս կողմէն փախան՝ աղաղակելով եւ հրացան կրակելով։ Փաշայի մարդիկներէն ոմանք կը կարծեն, թէ գողեր են, եւ հարէմն ու աղջիկը կ’ուշաթափին՝ կարծելով, թէ փաշան զարնուեցաւ։ Փաշան ալ կը կարծէ, թէ ջուր իյնողը հալածեալ մ’է՝ օգնութեան կարօտ։ Այն ինչ ոստիկաններէն մէկն ալ զանի զարնել կ’ուզէր։ Վերջապէս նա կը յաջողի խոյս տալ, եւ ասոնք սարսափալից, բայց անվտանգ կ’անցնին։ Առաւօտեան տաճիկ կին մը կը ներկայանայ փաշային, թէ. «Ես այն տանը տէրն եմ, իմ աղջիկս բռնաբարել եկած էին անոնք, որ տանիքէն փախան, որոց պարագլուխն էր Ապտիւլ Գատիր էֆ. ՝ ջուր իյնողը»։ Քաղաքի էն պատուաւոր եւ բարձրաստիճան անձին որդի էր սա, ինքն եւս նոյնպէս պատուաւոր եւ ատենական մարդ, որուն քանիցս հրաման ղրկեց փաշան, այլ չկրցաւ բերել տալ։ Ամէն մարդ մատ խածաւ։
       Մենք ալ պատմեցինք փաշային մեր գիտցածները եւ թէ ի՛նչպէս կը նախատուէին, կը հայհոյուէին, կը քարկոծուէին Հայեր, իրենց կանայք եւ զաւակները, իրենց հաւատքն ու պատիւը, եւ թէ ի՛նչպէս քահանայից ու նոյն իսկ Առաջնորդին ետեւէն «Քէշիշ, օ՛շ, օ՛շ» կը պոռային ու քարեր կ’արձակէին, որուն մենք ալ ականատես եղանք, եւ յատուկ թագրիր գրուեցաւ, բայց գործադրուեցաւ, կարծեմ, ոչ։ Երկու օր վերջն ալ Քրդերը զօրանոցին մօտերը ձիաւոր զօրք մը զարկին, եւ քաղաքին մէջն ու դուրսը չարագործներով լցաւ։ Գորտերն ելան Դիոսի գերանին վրայ։ Ընդհանրապէս այս սովորութիւնն ունին Քրդեր եւ չարագործներ. ամէն նորեկ կառավարչի մը առաջին օրերը, իբրեւ փորձ, քանի մը չարիքներ կը գործեն։ Եթէ եկողը աչալուրջ եւ կտրուկ իշխանութիւն ցոյց տուաւ, կը հանդարտին, եթէ թոյլ ու շուար մնաց, ազատաբար ամենայն ինչ կը գործեն։
       Հայոցմէ ոմանք առանձին եղած ատեն շատ վատ բաներ կը պատմէին Տաճիկ պաշտօնէից եւ բնակչաց ըրածներէն, բայց երբ իրարու քով գտնուէին, չէին համարձակեր բան մը խօսիլ եւ խոհեմութիւն կը համարէին իրենց այս վարմունքն, վասն զի, կ’ըսէին, դատող ու պատժող մը չեղաւ մինչեւ այսօր, եւ եթէ լսեն մեր գանգատ ընելը, պիտի աւելցընեն իրենց չարիքներ։ Դէպք մը, զոր ամէնքն ալ կը պատմէին զատ-զատ եւ կը ժխտէին միշտ այլոց առջեւ, բայց յայտնի էր, թէ ակամայ կը ժխտէին. այն էր՝ դեռ փոքր միջոց մը առաջ փայտէ խաչ մը կախեր էին շան պարանոցէն եւ շուկայի մէջ շրջեցուցած էին Հայոց խանութներու առջեւէն՝ իբրեւ թէ Ռուսաց նախատինք ընելու նպատակաւ։ Խոհեմ հայերը լռութեամբ նայեր էին վրան։ Եւ երբ փսփսացեր էին կառավարութեան ականջին, խափանել տուեր էր եւ փութացեր էր պատասխանել Հայոց, թէ խենդ մ’է եղեր այդ բանն ընողը։ Այլ միթէ շուկայի մէջ բազմող եւ շան ետեւէն քալող այնքան Թուրքերը բոլո՞րն ալ խենդ էին։ Կարի երկիւղով պաշարեալ են Հայք. ո՛չ իրենց իրաւունքը եւ ո՛չ իրենց կրօնքը կրնան համարձակ խոստովանիլ։ Եթէ այսպէս ապրին, լաւ է, որ չապրին։
       Այսպիսի քաղաքները եթէ Եւրոպական հիւպատոս գտնուի, շատ մեծ տարբերութիւն կ’ընէ ներկայ վիճակէն։ Դժբաղդաբար աղէկ Միւթասարիֆներու ալ արժանացած չեն։ Բայց գոնէ Հայոց Առաջնորդն ժիր եւ բանիբուն մէկն լինի, գրեթէ կէս միւթասարիֆ եւ ամբողջ հիւպատոս մը կրնայ համարուիլ, եւ եթէ լուսաւորուի ժողովուրդն, կ’արիանայ ինքզինքը պաշտպանելու, զի գիտութիւն՝ զօրութիւն է։
       Մալաթիոյ քաղաք. կառավարութիւնը Միւթասարիֆութիւն է՝ Տիգրանակերտի վիլայէթին ներքեւ։ Եկեղեցիք Հայոց՝ 3. Ս. Սարգիս (Մայր եկեղեցին), Ս. Յարութիւն եւ Ս. Երրորդութիւն։ Վարժարանք՝ 3. Մեսրովբեան, Նարեկեան եւ Արշակունեան։ Ծախք վարժարանաց՝ տարեկան 7000 ղրշ. եկեղեցիներէն։ Ուսանողք՝ 400 մանկունք։
       Հայաբնակ թեմք։
       ՀԻՆ-ՔԱՂԱՔ. Եկեղեցի՝ 1. Ս. Ստեփաննոս։
       ՕՐԴՈՒԶԻ գեղ. Եկեղ. ՝ 1. . Փրկչի վանք)։
       ՉԸՐՄԽՏԻ գեղ. Եկեղեցի՝ 1. Ս. Էջմիածին։
       ՀԷՔԻՄ ԽԱՆ Աւան. Միւտիրութիւն։ Եկեղեցի՝ 1. Ս. Աստուածածին։
       ԱՆՍՈՒՐ գեղ………………………………………. ։
       ՄՈՒՇՈՎԿԱՅ գեղ. Եկեղեցի՝ 1. Ս. Յօհաննէս։
       ՊԷՀԷՍՆԻ քաղաք. Գայմագամ. Մալաթիոյ միւթասարիֆութեան տակ։ Եկեղեցի՝ 1. Ս. Փրկիչ։ Վարժարան՝ 1. Ներսիսեան։ Ուսանող՝ 40 մանկունք։ Բնակիչք մեծաւ մասամբ Թուրք։ Կաթոլիկ եւ Բողոքական Հայեր ալ կան։
       ԱԴԻԵԱՄԱՆ քաղաք կամ ՀԱՍԱՆ ՄԱՆՍՈՒՐ. Գայմագամ. ՝ Մալաթիոյ Միւթասարիֆութեան տակ։ Եկեղեցի՝ 1. Ս. Աստուածածին։ Վարժարան՝ 1. Ռուբինեանց։ Ուսանող՝ 50 մանկունք։ Բնակիչք՝ Թուրք, Ասորիք, Կաթոլիկ եւ Բողոքական Հայք։
       Հայաբնակ գիւղորայք Պէհէսնիոյ եւ Ադիեամանի։
       ՍԱՄՍԱՏ (Սամուսատ), ԳԱՎՐԱԿ, ԴԱՐԴՂԱՆ, ՂԱՆԴԱՐՈՒ, ԿԷՕԼ-ԲՈՒՆՂԱՐ, ՔԱՐՔՈՒՇԷՆ, ԳԸԶԸԼՃԷ-ԲՈՒՂՆԱՐ, ՎԱՐԴԱՆԱՅ ԳԵՂ, ԲԱՐԲԱԴՈՅ, ՔՕԼԻԿ, ԲԷՕՅԻՒՔ-ԲԱՂ, ՆԱՌԼԸՃԷ, ԳԱՆ, ՀՈՒՆԻ, ՔԱՎԱՐՏԻՇ, ՂԱՐՊԻՇ, ՀԷՆԻՃ, ԿԱՐԿԱՌ, ՓԷՐԴԷՍՈՅ, ԹԷՄՍԻԱՍ եւ ՔԱՂԴԷ աւան, ուր Գայմագամ կը նստի։
       Վերոյիշեալ գեղերն ամենքն ալ առանց եկեղեցւոյ եւ առանց վարժարանի են։ Միայն Քաղդէի մէջ եկեղեցի մը կայ Հայոց՝ Ս. Գէորգ անուամբ։ Իսկ բնակիչքն են Հայ եւ Քիւրդ, տեղ-տեղ ալ Ասորիք եւ Թուրք կան։
       Լերինք Մալաթիոյ. տեղական անուամբ Աղ-դաղ, Բէկ-դաղ, քաղաքին հարաւը, որոց բնակիչքն են արիւնկզակ Քիւրդեր, Մալիկանցիք, Ալիկանցիք, Քավի եւ այլն՝ թէ՛ հասարակաց վնասակար եւ թէ՛ ցեղ ցեղի սաստիկ ոխերիմ։ Այս լերանց միւս երեսն է Պէհէսնի եւ Ադիեաման։ Աղջադաղ լեռն Մալաթիոյ արեւմուտքն է, որոյ բնակիչ Քրդեր 5-6 հազար տուն են, կիսով չափ Գզըլպաշ, որք մեծ չարիք կը հասցնեն Արաբկերու, Հէքիմ-խանի եւ Հալէպի ճանապարհաց ու անոնց մօտ եղած գեղերու եւ քաղաքաց, ո՛չ զօրք կու տան տէրութեան եւ ո՛չ տուրք։ Այս լերինք Անտիտորոսի շղթայն են։ Աղջատաղի մէկ ծայրն կը հասնի Մարաշ՝ Կեավուր տաղի անունը ստանալով։ Աղջատաղն է ճիշտ այն ՍԵՒ ԼԵԱՌՆ, որ ՍՈՒՐԲ ԼԵՐԻՆՔ ալ կոչուած են մեր պատմութեանց մէջ, ուր լի էին Ասորւոց եւ Յունաց միանձանց վանքեր, ուր նաեւ մեր Գրիգորիսներ եւ Ներսէսներ ծաղկեցան, Շնորհալւոյ օրերը եւ անկէց զկնի խիստ հռչակաւոր վանքեր ունեցանք իբրեւ դպրէվանքեր, ուր թէ՛ մեր երջանիկ Վարդապետաց գրիչին, թէ՛ մեր դիւցազն Ռուբինեանց, Թորոսեանց, Լեւոնեանց եւ այլն, սրոյն ու նիզակին փառաւոր հանդիսարաններ եղած են։ Ինչպէս վերեւ նշանակեալ ցանկին մէջ կը տեսնուի, դեռ երկու գեղ կայ Աղջատաղ՝ Հայաբնակ եւ Հայանուն՝ ԱՆՍՈՒՐ եւ ՄՈՒՇՈՎԿԱՅ։ Մուշովկայի ծերունի տէր Յակոբ քահանան տեսայ Մալաթիոյ մէջ, որ կը պատմէր, թէ բոլոր Աղջատաղի ձորերն ու բլուրները աւերակներով լի են. խաչքարերու աւերակոյտներ, զորս կը յարգեն Գզըլպաշներ եւ կ’ըսեն, թէ եկեղեցի են եղած այս տեղեր։ Խաչքարերու վրայ յաճախ Յունարէն եւ Ասորերէն գրեր կը տեսնուին, դուն ուրեք ալ՝ Հայերէն, բայց Հայոց խաչքարեր յայտնի են, ըսաւ, վասն զի բեւեռ ունին մէջտեղը, թէ՝ Թադէոս առաքելոյ օծածներն են այն բեւեռները։ Պատմեց, թէ ՂՈՒՐՇՈՒՆԼՈՒ ԳԱԼԱ գեղի Գզըլպաշները աւերակ մը փորեր էին, ուստի չորս խաչաքար ելած էր, եւ եկեղեցւոյ կամարները կային։ Տէր Յակոբը կանչեր էին Քրդերը, եւ սա գնալով խաչքարերը մէկ կողմ առած էր, եկեղեցւոյ շուրջ քարերով կիսացանկ ըրած էր եւ, այն խաչքարերու բեւեռները հանելով, իւր քովն առած էր, որոցմով հիւանդաց համար խաչհանգիստի ջուր կ’օրհնէր։ Բեւեռի մէկն խնդրեցի եւ առի։ Սա պատմեց, թէ ԹՈՐՈՍԻ ՎԱՆՔ անունով շէնք մը կայ դեռ եւ այլ կցկտուր եւ սրտակտուր բաներ կը պատմէր, ափսոս, որ աղէկ ուշադրութիւն ըրած չէր, թէպէտ բաւական աչքաբաց եւ լուրջ մէկն էր, բայց պատմութիւն գիտնալ պէտք էր։ Սա ազատութիւն ունէր բոլոր Աղջատաղի Քրդաց մէջ արձակ եւ ապահով շրջելու, վասն զի, իբրեւ աղօթելով եւ թուղթ գրելով, բժշկութեան համբաւ հանած էր։ Ուստի բոլոր Քիւրդ հիւանդներ զայն կը յարգէին։ Այս Քրդերը այն աւերակ եկեղեցեաց ուխտ եւ մատաղ ալ կ’ընեն եղեր։ Տէր Յակոբի հետ Մալաթիոյ ծերերն ալ կը հաստատէին, թէ հին քաղաքին՝ Մելիտինէի պարսպին մէկ դուռն Թորոսի անուամբն էր, զոր Թորոս գաբուսու կ’անուանեն եղեր Տաճիկները։ Կարօտ սրտիս մէջ մնաց Աղջատաղը շրջելու. տէր Յակոբի պէս Կարապետ մը հազուագիւտ էր արդարեւ։
       Պէհէսնիոյ 3 ժամ անդին՝ Քէսոն գեղին առջեւ, ՎԱՍԻԼԼՈՍ անուամբ քարակոյտ մը կայ, որ Գող-Վասլի ապարանք է, կ’ըսեն, յորմէ կէս ժամ հեռի է Կարմիր վանքի աւերակը, եւ ասոր կից՝ քարայր մը, զոր կ’աւանդեն, թէ Շնորհալւոյն առանձին աղօթատեղին է եղեր։
       Մալաթիոյ գրեթէ կռնակին կից էր Աղ-դաղ լեռը, ուստի կը հոսէին քաղաքին այնքան առատ եւ զուլալ ջրեր։ Լեռան գլուխը, կ’ըսէին, Եդեմայ պէս դրախտ մի էր՝ բիւր ծաղիկներով եւ ջրերով, ուր սակայն այն օրերը ոչ ոք կ’իշխէր երթալ, զի Քրդերէն կը սպանուէր իսկոյն։
       Թէ՛ Մալաթիոյ, թէ՛ Պէհէսնիոյ եւ թէ՛ Ադիեամանայ երկիրը մեծ մասամբ հովիտ է, որոց միջէն գետակներ կը հոսին եւ կը խառնուին յԵփրատ։ Երկրին պիտոյից համար պարզ արուեստներ կան։ Բերքերն են աֆիոն՝ խիստ ընտիր տեսակ, շերամի բոժոժ, տորոն, ցորեն, գարի, թիւթիւն, բամբակ, բրինձ, ընտանի եւ վայրի կենդանիք, ընտիր միրգեր՝ թութ, մըշմըշ, որ փոքր, բայց համեղ ծիրան է, ցեղ-ցեղ տանձեր եւ խնծորներ, խոշորահատ խաղող եւ չամիչ, մասնաւորապէս՝ Պէհէսնիոյ եւ Ադիեամանայ մէջ, խայսի եւ սեւ սալոր, եւ այլն, որոց չորցուցած չիրերը շատ երկիրները ծանօթ են։ Ճանապարհները խիստ բանուկ են եւ դիւր։ Յարաբերութիւն ունի Հալէպու, Մարաշու եւ Իսքէնտէրունի հետ, Տիգրանակերտու, Խարբերդու, Սեւաստու, Կարնոյ եւ շրջակայ փոքր քաղաքաց հետ, եւ իբրեւ պորտ է Բաղդադի եւ Կ. Պօլսոյ մէջ։ Բնակչաց զգեստը տեղական կապոյտ կտաւէ զպուն եւ ասուէ վերարկու է ընդհանրապէս, Շամայ եւ Հալէպի կերպասներն ալ կը հագնին. ամենքն ալ պճղնաւոր են։ Կանայք թէ՛ Թրքաց եւ թէ՛ Հայոց խիստ հարէմ են, ծածկեալ եւ անտեսանելի։
       Վիճակիս բնակիչ ցեղերն են, Հայոցմէ զատ, Թուրք, Քիւրդ, Գզըլպաշ, Ասորի։
       ՁԵՌԱԳԻՐՔ ԵՒ ՅԻՇԱՏԱԿԱՐԱՆՔ Ի ՄԱԼԱԹԻԱ
       1. Աւետարան.
       Ի սկիզբն Աւետարանի, ոսկեզօծեալ տողերով.
       «Տէր իմ Քրիստոս լոյս գերարփի,
       Որ շրջեցար մարմնով յերկրի.
       Եւ զայս մատեանս աւետալի,
       Մեզ հնչեցեր ձայն ցնծալի.
       Դու զտէր Կոստանդին հովիւ բարի,
       Կաթողիկոսն Հայոց սեռի.
       Զոր փոխեցեր ’ի յայսմ ամի,
       Յաթոռ նստո ընդ Պետրոսի։ Ամէն»։
       ՉԺԶ.
       «Եւ զժառանգող այս մատենի,
       ԶՊարոն Հեթում համբակ բարի.
       Որ է որդի նա Լեւոնի,
       Որդոյ Հեթմոյ մեծ արքայի.
       Պահեա կենաւք յերկարելի,
       Իւր ծնողաւքն եւ այլ զարմի.
       Եւ ’ի քո փառսդ հայրենի,
       Հաղորդս ընկալ քեզ կրկնակի։ Ամէն»։
       Ի վերջն Մատթէոսի. «զԱստուածապատիւ տէր Կոստանդին կաթողիկոս յիշեցէք ’ի Քրիստոս»։
       Ի վերջն Մարկոսի. «Ընդ մետասանիցն համադասեա Քրիստոս զսրբազան կաթողիկոսն տէր Կոստանդին ստացող սորա եւ զեղբաւրորդին նորին Թորոս քահանայն։ Եւ մեղապարտ գրչի սորա շնորհեա մեղաց թողութիւն»։
       Ի վերջն Ղուկասու. «Ընտրելոց մետասանիցն հաղորդս ընկալ Քրիստոս Աստուած զտէր Կոստանդին կաթողիկոսն Հայոց ստացաւղ քոյին բանի. եւ Թորոսի քահանայի եղբարորդւոյ նորա շնորհեա դասել ընդ սուրբս քո։ Եւ քեզ փառք յաւիտեանս»։
       Ի վերջն Յովաննու. Յիշատակարան. «Փառք համագոյ եւ միասնական սուրբ Երրորդութեանն եւ միոյ Աստուածութեանն Հաւր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն սրբոյ այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս։ Շնորհիւ Տեառն սկսեալ եւ ողորմութեամբ նորին յանգ ելեալ աւարտեցաւ մատեանս աստուածային երկրպագելի եւ համբուրելի սուրբ Աւետարանս։ Յամի ՉԺ եւ Է երորդի թուաբերութեանս Հայկազեան տոմարի, աստուածապահ դղեակս Հոռոմկլա, ընդ հովանեաւ սուրբ տաճարապետիս սուրբ Փրկչին մերոյ եւ սուրբ Աստուածածնին եւ սուրբ Լուսաւորչին մերոյ հրամանաւ եւ ծախիւք երջանիկ հայրապետին Հայոց տեառն Կոստանդեայ որ զԱստուածահաճոյ վարուց իւրոց եւ բարի անուան համեմատ ունէր զպատմութիւն։ Որ եւ ’ի կեանս իւր ’ի ձեռն քաջակրաւն քահանայի Թորոսի եղբաւրորդւոյ իւրոյ ետ գրել զսա իմոյ անարժանութեանս Թորոսի մականուն Ռաւսլին կոչեցելոյ։ Եւ նուիրեաց զսա կտակ հոգւոյ իւրոյ, եւ ծնողացն եւ գեղեցիկ մանկանն Հեթմոյ որդւոյ Լեւոնի որդւոյ Հեթում թագաւորի։ Եւ ինքն կատարեալ զկեանս իւր հանգեաւ ’ի Քրիստոս կալեալ զաթոռ հայրապետութեան ամս Խ եւ Ե։
       Որ եւ ’ի շնորհացն Աստուծոյ եւ հրամանաւ թագաւորին Հեթմոյ, յաջորդէ զաթոռն սուրբ տէր Յակոբ այր բարի եւ վարդապետ հին եւ նոր կտակարանաց, անապատական վարուք ճգնեալ։ Ի ժամանակի յայսմիկ մեծն ԱՆտիոք գերի վարեաց զբազումս անաւրէն արքայէն Եգիպտացւոց, եւ բազում եղեն սպանեալք եւ գերիք նորա եւ կսկիծ Աստուածաբնակ սուրբ եւ հռչակաւոր տաճարացն որ ’ի նմա։
       Զոր ոչ է պատմել զհրաշատեսակ վայելչութիւն գեղոյ նոցա որք հրով սպառեցան։ Յայսմ երկիւղէ եւ չարաշշուկ համբաւոյ զարհուրեցան բազում գաւառք, եւ առաւել աշխարհս Կիլիկեցւոց։
       Եւ մինչ յայսմ մեծի տագնապի եւ ’ի դողման էաք, բացաւ առաւաւտ խաղաղութեան մարդասիրին Աստուծոյ, եւ մեծն Լեւոն թագաժառանգն Հայոց զերծեալ եղեւ խնամաւքն Աստուծոյ յերկաթի հալոցացն ’ի ծառայութենէ եւ ’ի ձեռաց նոյն արքային Եգիպտացւոց։ Եւ բազում պատւով եւ ընծայիւք եկն յաշխարհ եւ ’ի հայրենի աթոռ իւր, եւ եղեւ խաղաղութիւն երկրիս եւ խնդութիւն Քրիստոնէից։
       Ի սոյն աւուրս եղեւ զրաւ գրչութեան սորա զանազան նիւթաւք, եւ երանգ երանգ գունաւք, առ ’ի սխրալի լինել որդոց սրբոյ եկեղեցւոյ։
       Վասն որոյ աղաչեմ զձեզ, ով որդիք լուսոյ մաւր Սիոնի, որք վայելէք սովաւ յիշեսջիք աղաւթիւք ’ի Տէր զարժանաւորսն ամենայն բարեաց յիշատակի սուրբ հայրապետն զտէր Կոստանդին ստացող սորա եւ զժառանգող սորին զծիրանածին մանուկն Հեթում, եւ զհայր իւր Լեւոն թագաժառանգ եւ զմայր իւր բարեպաշտուհի նուիրեալ ’ի թագուհի Հայոց, Կիռան կոչեցեալ։ Բարեպաշտաւնեայն Հեթում երախտագործ Հայոց եւ ինձ անարժանիս, որդաւք եւ դստերաւք իւրովք եւ ամենայն զարմիւք. որոց ննջեցելոցն հանգիստ եւ ողորմութիւն պարգեւեսցէ Քրիստոս Աստուած, եւ զմնացեալսն անխռով խաղաղութեամբ պահեսցէ, եւ երկնաւոր թագաւորութեան հաղորդս արասցէ ամէն։ Յիշել աղաչեմ եւ զարիագոյն քահանայն Թորոս որ զծախս գրոցս երկրորդեաց զոսկի»։ (Այլ գրով) «Բազմամեղ գրիչս աղաչեմ յիշել զանարժանութիւն իմ, եւ զծնաւղս եւ զորդիս եւ զուսուցիչս եւ զամենայն երախտագործս իմ եւ զկազմաւղ սորա. Եւ Քրիստոս Աստուած զձեզ յիշեսցէ…»։
       1. Աւետարան.
       «Զմեղաւք մեռեալ հոգին զտէր Սիմէովն արքեպիսկոպոսին Մալաթիոյ վրայ դիտողին, եւ իմ որդի Ուսլու բէկին, վարժեալ ձեռամբ վարդապետին Առիստակէս րաբունապետին. վերջին կազմողս ’ի Մելիտենին, ’ի դուռն սրբոյն Գրիգորին. ’ի ՉԳ. թուականին, ’ի յունիս ամսեանն ԻԲ. ին ով որ կարդայ ’ի յատենին, նա մեզ ասէ զՔրիստոս որդին. եւ զՀայր մեր յերկինքն ’ի յետ նորին, նա թողցի իւր մեղքն եւ իւր ծնաւղին, եւ ժառանգէ զերկնիցն զբարին, եւ Աստուածողորմի իմ վարդապետին, Առիստակէս րաբունապետին, եւ ինձ անարժան եւ անպիտան ծառային, տէր Սիմէովն արքեպիսկոպոսին, եւ ծնաւղաց իմոց առաջին եւ վերջին, հոգեւորին եւ մարմնաւորին, եւ ամենայն արեան մերձաւորացն, ամենին. ով որ ասէ լի սրտիւ զՏէր ողորմին, նա Քրիստոս թողու զիւր անցանքն եւ զնախնեաց նոցին, ամէն. Ռ. Ռ. ամէն։
       Սուրբ Աւետարանս այրած էր Յովան գլուխն եւ մենք խիստ աշխատեցանք եւ վերստին աշխատեցաք նորոգել զսուրբ Աւետարանս յիշատակ մեզ եւ ծնաւղաց մերոց եւ ամենայն արեան մերձաւորացն ամէն։
       Սուրբ Աւետարանովս որ կազմել են նա ՃԾԶ. գիրք է, որ եւ շնորհօք սուրբ Հոգւոյն եւ ներութեամբ փրկչին մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի, որ զանց առնէ զմեղս մեր եւ ոչ նախատէ զմեզ բազում սղալանաց մերոց, եւ տայ զշնորհս բազում որ ’ի խորոց սրտէ յառաջանօք խնդրէ. որ եւ յետնեալ ծառայս ձեր, ծառայիցդ Աստուծոյ, մեղօք փտեալ, եւ ’ի բարի գործոց եմ հեռացեալ, միայն անուամբ եմ կոչեցեալ այլ եւ բարեաց դատարկացեալ, Աբրահամ եպիսկոպոս, որ եմ որդի տէր Մկրտիչ քահանային վերադիտողի Մելտինու քաղաքին, տեսի զսուրբ Աւետարանս որ Ղուկաս եւ Յոհան գլուխքն եղծեալ էր որ գրոց նշմարանք ոչ կայր գրեալ, նորոգեցի վերստին. ով սրբասէր վարդապետք եւ քահանայք եւ մանկունք եկեղեցոյ, երես ’ի գետնի դնելով աղերսեմ ’ի սրբութենէ ձերմէ, հայցեմ, յորժամ որ ընթեռնոյք զսուրբ Աւետարանս ’ի յատեան, յիշեցէք ’ի մաքրափայլ յաղօթս ձեր զմեղօք լցեալ Աբրահամ աբեղայս եւ զհայր իմ տէր Մկրտիչն՝ Քրիստոս որդի ասելով եւ Հայր մեր որ երկինք ’ի հետ նմին տալով. որ եւ խնդրեմ բազմառատ տեառնէ մերմէ Յիսուսէ Քրիստոսէ, զձեզ յանուանէ յիշեսցէ իւր սուրբ արքայութեանն ամէն եւ հազար ամէն։ Նորոգեցի գրերն թվին ՌՃՂԳ. ամսեանն մայիսի ԺԷ. ամէն»։
       (Այլ գրով). «Ով սուրբ կարդացողք յիշեցէք ’ի սուրբ յաղաւթս ձեր զԱբրահամ ոսկերիչս եւ զծնաւղսն իմ, զհայր իմ զԿիրակոսն եւ զմայրն իմ զԱլամ տիկին, եւ զեղբայրն իմ զԳրիգորն, եւ զկողակիցն իմ զԹագուհին, եւ զծնաւղս իւր զՈւմէտն եւ զԱշոտն, եւ զդեռայբոյս պատանեկս մեր զԱստուածայտուրն սարկաւագն, եւ զամենայն արեան մերձաւորս իմ ’ի Քրիստոս. եւ ձեզ յիշողացդ, եւ մեզ յիշեցելոցս, ողորմեսցի Քրիստոս Աստուած, որ է աւրհնեալ յաւիտեանս. ամէն»։
       «Որ կամակից եղայ սուրբ Աւետարանիս գալ ’ի սուրբ Առաքեալքն ……… որ ժամուն եւ պատարագին մասնայկից լինիմ, ով սուրբ քահանայք աղաչեմ աղաչեմ զձեզ որ յիշէք ’ի սուրբ յաղաւթս ձեր։ Յամենայն տարի ’ի Յայտնութիւն պատարագ մի անխափան կատարեցէք ինձ եւ ծնաւղաց իմոց ամէն»։
       (Այլ գրով). «Ով սուրբ հայրապետք վարդապետք, քահանայք եւ կրաւնաւորք եւ սարկաւագունք եւ ուսումնականք եւ կարդացողք սուրբ Աւետարանիս, որ է բերանն Քրիստոսի, եւ ընթերցողք ’ի սուրբ Եկեղեցի, յիշեցէք ’ի Քրիստոս եւ ’ի սուրբ մաքուր յաղաւթս ձեր զմահդասի Կիրակոսն, տիաւք մանուկ եւ մտաւք կատարեալ, որդի մահդասի Պեհնամին, որ երետ վերստին կրկին նորոգել եւ զարդարել զսուրբ Աւետարանս, յիշատակ իւր եւ ծնողաց իւրոց մահդասի պարոն Պեհնամին, եւ փաշայ Մելիքին հանգուցելոյն ’ի Քրիստոս, եւ հաւրեղբաւրն պարոն Յովանիսին եւ հարազատ որդոյն պարոն Դաւթին. եւ քուերցն իւրոց Խուանդ խաթունին, Կիրայ խաթունին, Մանայ խաթունին, Սառայ խաթունին, եւ դեռաբուս զաւակին իւրոյ Մարիամին, եւ կողակցին իւրոյ Հռիփսիմէին, եւ ամենայն արեան մերձաւորացն։ Եւ մեծ հաւրն իւրոյ պարոն Կիրակոսին, եւ մեծ մաւրն իւրոյ Կիրայ խաթունին…։
       Եւ սա՛ երետ զանիրաւ մանոնան որ չէ մեր սեփական, եւ էր Աւետարանս այրեած եւ կրկին երետ նորոգել զսուրբ Աւետարանս. նա Քրիստոս որդին Աստուծոյ նորոգեսցէ զհոգիս մղտեսի Կիրակոսիս, եւ զննջեցելոցն սորայ զկենդանեացն եւ հանգուցելոցն յիշատակացն եւ անյիշատակացն։ Յիշեցէք ’ի Քրիստոս եւ զմեծ հայրն իմ զՊատուականն, եւ զմեծ մայրն իմ զՂութլու Մելիքն եւ Աստուած զձեզ յիշէ ամէն։ Եւ մի՛ ոք իշխեսցէ զսուրբ Աւետարանս ծախել կամ աւժտել կամ ասել թէ իմ է. ես մղտեսի Կիրակոսս որդի մղտեսի Պեհնամին վաղֆ արի իմ ամէն ազգիս վերայ, ով որ զայս պատուէրս չկատարէ, նա զանէծքն ’ի յԱստուծոյ առնէ, եւ ’ի սուրբ Աւետարանէ. հնազանդեալքն աւրհնին յԱստուծոյ եւ ’ի սուրբ Աւետարանէս ամէն եւ Ռ. ամէն։ Ի յոր տեղ որ կենայ, նա աւագ հինգշաբթին աւուրն զպատարագն մեր ննջեցելոցն մատուցանեն. եւ խնամ տանաւղքն զաւրհնութիւն ’ի սուրբ Աւետարանէս առնուն. ’ի թվին Հայոց ՋԳ. նոյեմբեր ԺԱ. ’ի փառս Աստուծոյ ամէն։
       Ով ոք չունի իշխանութիւն, կամ առնուլ, կամ ծախել, կամ գրաւել, կամ սուրբ Ստեփաննոսի դրանէն հանէ. ով որ յանդգնի՝ բանիւ եղիցի»։
       (Այլ գրով). «Զվերջին կազմող սուրբ Աւետարանիս զբազմամեղ գրիչս, աղաչեմ զձեզ յիշել ’ի Տէր զՀարապետ աբեղայն. կազմեցի ’ի դուռն սուրբ Ստեփաննոսին, ՌԾ թվականին, ’ի փետրվար ամսեանն ԺԲ. ին. ով ոք կարդայ ’ի յատենին նա մեզ ասէ զՔրիստոս որդին, եւ զՀայր մեր յերկինքն ’ի հետ նորին, նա թողցի իւր մեղքն եւ իւր ծնողին, եւ ժառանգէ զերկնիցն զբարին…»։
       Յուլիս 29։ Իմ վերջին օրն է Մալաթիոյ մէջ։ Պանդուխտ վաճառական եւ բնիկ ազգայինք Ս. Առաջնորդի հետ անհնարին թախանձանքներ ըրին. հարկ եղաւ զիջանիլ Ս. Պատարագ մատուցանելու եւ քարոզ խօսելու։ Նոյն օր իրենց մեծարանքները վայելեցի՝ փոխադարձ իմ մեծարանքներս նուիրելով։
       Կեսարացի ազգայինք, եւ ’ի մասնաւորի Կիւլպէնկ Սերովբէ եւ Սարգիս եղբարց Մեծ[ապատիւ] Տեարց գործակալք կարի յաջողակ եւ բարձր տեղ կը բռնէին գրեթէ ամէն պատահածս տեղերը վաճառականաց դասուն մէջ։ Մալաթիոյ մէջ անոնց գործակատարն էր Մ. Յօհաննէս Կիւլպէնկ, ճարտար եւ եռանդուն երիտասարդն, զոր ամբողջ Մալաթիացիք ՀԱՃԻ ՓԱՇԱՅ կ’անուանէին։ Քաղցր պարտաւորութիւն է ինձ հոս յիշատակել, թէ յիշեալ ազնիւ եւ ազգասէր եղբարք՝ Տեարք Ս. եւ Ս. Կիւլպէնկ, յատկապէս յանձնարարականներ տուած էին ինձ, որոց շնորհիւ մեծ դիւրութիւններ վայելեցի ամեն ուրեք, ուր որ անոնց մարդ կը գտնուէր, եւ բաց ’ի երեք փոքր քաղաքներէ, միւս ամէն տեղերը կը գտնուէր։ Ես մեծ էջեր պիտի նուիրէի՝ ընդարձակ գովեստներ հիւսելու այս պատուական հարազատաց, որ ազգին պատիւն են վաճառականութեան հրապարակին վրայ, ու Նախախնամութենէն շնորհք մը՝ տուեալ ազգիս կարօտելոց եւ ազգային ուսումնական ու բարեպաշտական հաստատութեանց, ընկերութեանց եւ ընտանեաց՝ իրենց յայտնի ու գաղտնի նպաստներով եւ բարերարութեամբ։ Պիտի ներբողէի զիրենք, որ շատ գաւառներու մէջ վաճառականութեան բերքեր յառաջ բերելու ձեռնտու եւ քաջալեր հանդիսացած են, զորօրինակ՝ քանի մը տեղեր աֆիոն մշակել տալով, եւ այլն։ Բայց գիտնալով իրենց համեստ խոնարհասիրութիւնն եւ երկիւղած բարեպաշտութիւնը՝ կը լռեմ, որպէս զի անհաճոյ գործ մը ըրած չլինիմ եւ, փոխանակ պատուելու զիրենք, որում այնչափ արժանի են, վշտանալու առիթ տուած լինիմ։
       Յուլիս 30։ «Մնայ բարով Մալաթիան», - ըսինք եւ մեկնեցանք։ Ս. Առաջնորդն, Քաղաքական ժողովն եւ այլ պատուաւոր ազգայինք ձի հեծան։ Օրդուզի վանքը հանգիստ մը ըրինք, ուր ուխտաւորաց բազմութիւն ալ կը գտնուէր։ Բակի ջրալից աւազանին շուրջը բոլորուելով՝ Մալաթիոյ քէյֆ մը տեղի ունեցաւ զուարթագին։ Միայն փաշայի թիւրիմացութիւն կամ անքաղաքավարութիւնը կոտրեց մեր սիրտերը պահ մը, զոր աւելորդ կը համարիմ նկարագրել, ապա իւր կողմէն երկու անձինք յուղարկաւոր եւ երկու ոստիկան ռահահորդ ղրկեց։ Ժամ 5 էր։ Մեք ճանապարհն ինկանք։ Դաշտային էր մեր ուղին, 4 ժամէն Եփրատայ եզերքն էինք, բայց երկու ժամ եւս շարունակելով՝ Իզօղլու գաւառի միջով գետոյն անցքը հասանք։ Օդոյն տօթը կը խարշէ մեր անձը, եւ մոծակներու միլիոնները կ’եռան, կը զեռան ջրոյն երկու կողմն։ Ո՞վ կրնայ առանց հազարաւոր վէրքեր ընդունելու անցնիլ այս հրոսակներէն, որք ո՛չ թագաւորի հրամանի կ’անսան, ո՞չ ոստիկանները բանի տեղ կը դնեն, ո՛չ վարդապետ կը ճանչնան, ո՛չ տկարին կը գթան, ո՛չ զօրաւորէն կ’ակնածեն, ո՛չ կրակէ, ո՛չ գնդակէ եւ ո՛չ սուրէ կը վախնան։ Անձնատուր եղանք։ Հոս Եփրատը կրկնապատկեալ է, վասն զի Մուշէն եկած Արածանին, որ Ճապաղջուրէն եւ Բալուէն կ’անցնի, Արաբկերու, Խարբերդու եւ Չմշկածագու միջոցը կը խառնուի Կարնոյ եւ Ակնայ մեծ ճիւղին։ Նաւ մը կայ ջրոյն վրայ՝ մեծ եւ խոր։ Խոշոր գլուխ Քիւրդ մը, իբրեւ Գաբտան նաւուն կատարը կայնած, թանձր եւ կոշտ գերան մը ղեկ ըրած է, որոյ վերին ծայրէն կլոր ու ծանր երկաթ մը կայ կախուած։ Այս երկաթը շարժելով՝ ղեկը ուզած կողմն կը դարձնէ։ Չորս Քիւրդեր ալ չորս գերան իբրեւ թի գործ կ’ածեն։ Նաւուն մէկ գլուխը բարձր եւ միւսը՝ գետնին հաւասար. ասկէ կը մտնան մարդիկ եւ անասունք եւ իրարու խառնուած կը կայնին նաւուն փորը։ Տասն վայրկեան տեւեց մեր անցքը։ Թէպէտ գետափը գեղ մը կար, բայց կարի հռչակեալ էր անոր մոծակաց եւ լուոց բազմութիւնն ու բարբարոսութիւնը, ուստի եւ այս իրաւամբ Պէրլինի Քօնկրէն ինքնավարութիւն եւ անկախութիւն տուած էր անոնց՝ իրենց որոշեալ տեղը։ Անցանք կէս ժամ վեր՝ ծառազարդ գեղի մը մէջ։ Ապտուլլահ աղայի տունը, պայծառ լուսնակով տանիքին վրայ բազմելով եւ ննջելով, հանգիստ եւ զուարճալի գիշեր մը անցուցինք այն Քրդու գեղը։ Տանուտէր Ապտուլլահ աղան Մալաթիոյ մէջ բանտարկեալ էր, ըստ վկայութեան բազմաց՝ ինքն աղէկ, հարուստ ու պարկեշտ մարդ լինելուն համար։
       Առաւօտ լուսոյ աստղ ծագեց, եւ մեք ձի հեծանք։ Եփրատի ափերով կ’ընթանանք, որոյ պարզ եւ ջինջ ծոցոյն մէջ բոլորեալ լուսինը կը լողայ. ամէն կողմէն բարձրաբերձ լերինք լուսնակով եւ ստուերով գեղափայլ. խորի՜ն լռութիւն եւ դադար համայն բնութեան։ Տեղ-տեղ պուրակաց եւ թփոց բոյլերու մէջ թեւաթափ թափ կը զարթնուն թառած թռչունք։ Եփրատայ եզերքներէն փուլ-փուլ կը փլչին հողեր շառաչմամբ ջրոյն մէջ։ Գետը երբէք զուարթ չէ. հեծութեան կերպարանք մը ունի, եւ իւր ձայնը կը նմանի վշտացելոյ մը կամ խոցելոյ մը հեկեկանաց։ Ուղեւոր սագ մը, նստած Եփրատին ալեաց վրայ, կը նաւի յառաջ, գրեթէ անբաժան մեզմէ, պահ ընդ պահ իւր գեղեցիկ գլուխը եւ երկայն պարանոցը պարզելով՝ ուշադիր կը դիտէ զմեզ։ Ձորամէջ է մեր գնացքը, եւ լերանց կողերու վրայ աստ եւ անդ գեղեր կան, պրակ-պրակ ծառոց միջէն խոխոջելով՝ կը թափին ջրեր եւ կը ծուարին Եփրատայ մայրենի ծոցը։ Մեր ձախ կողմն կը տեսնանք ապառաժ մը՝ տաշուած եւ վրան բեւեռագիրեր։ Ոստիկաններ կը պատմեն, թէ Թըլըսըմ ի գիր է այն, եւ թէ գանձ ունի այս քարը՝ իւր մէջը պահուած։ Ո՛վ որ այդ գիրը կարդայ, գանձը կը հանէ։ Քիչ մը յառաջանալով՝ Եփրատ հրաժեշտ կու տայ մեզմէ։ Մտնելով ապառաժներու մէջ՝ նեղ կիրճով մը կ’անցնի երթալ Հռոմկլայ։ Սրտագին բարեւներ եւ երկրպագութիւններ յանձնարարեցինք իրեն։ Եւ ահա հեղեղատէ մը կ’անցնինք, որոյ միւս եզերքը շինուած կայ կոփածոյ քարերով ընդարձակ խան մը եւ մզկիթ մը։ Քէօմիւր խանն է այս, որ լքեալ ու ամայի կը մնար իւր սենեակներով։ Այս խանէն վեր՝ ձախակողմն, ապառաժներու վրայ, ամրոցներու նմանող աւերակ շէնքեր կան։ Ոստիկանք կ’ըսեն, թէ Հայոց եկեղեցի կայ հոն։ Զառիվեր կ’ելնենք։ Աստի երկու ժամ գնալով՝ կը հասնինք Խարբերդու հովիտը՝ շէն եւ մեծամեծ գեղերով ճոխ, որոյ երեւոյթը կ’արդարացնէ այս առածը՝ «Խարբուդ օվասի, ալթուն օվասի»։ Ամբողջ հողերը մշակեալ։
       Մեծ բազմութիւն մը կու գայ հանդէպ մեր։ Ծերունի Հնդիկ իշխան մը, որ իւր երկիրները Անգղիացւոց յանձնելով, փոխարէն 25000 Անգղ. ոսկի տարեկան առնելով՝ երկար տարիներէ ’ի վեր կը բնակէր Բաղդադ, այժմ կ’երթար Փարիզի արուեստահանդէսը։ Իրեն առջեւէն ու ետեւէն կ’երթային սեւամորթ եւ աղտոտ ծառայից բազմութիւն եւ քսանի չափ ոստիկաններ։ Հասանք ԽԱՆ գեղը, որ քաղաք մը կ’արժէ։ Բնակիչք Թուրք են, որոց մէջ խանէտաններ շատ կան։ Աղբիւրի գլուխը հանգչեցանք քիչ մը եւ ուղղակի քշեցինք Սօրսօրու վանքը, ուր ժամանեցիք 31/2 ժամէն։ Այսօր 13 ժամ ճամբայ ըրինք։ Թէ՛ Մալաթիոյ ժանդերէն եւ թէ ճանապարհի տքնութենէն ու տաքութենէն ընկճուած էր անձս։ Օրհնեալ լինի Սարգիս վարդապետի հիւրասիրութիւնը, որ ըստ ամենայնի սփոփեց եւ հանգոյց զմեզ. «Վա՜նք՝ վարդապետի կեա՜նք» ըսած է առածը։
       Տիգրանակերտու ձեռագիրներէն առնելով՝ Հայոց նշանագիրներէն մաս մը կը դնենք հոս։