Թորոս աղբար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՍԱՄՍՈՆ ՔԱՂԱՔ
       Մայիս 2-ին Սամսոնը ողջունեցինք, գեղեցիկ օդերով, գեղածիծաղ ծովով։
       Այս քաղաք մեծ եւ կարեւոր նաւահանգիստ մի է Փոքր Հայոց եւ Մեծ Հայաստանի հարաւային գաւառաց՝ ամ յամէ աւելի ծաղկեալ։
       Իր միջէն կ’անցնի Կ. Պօլսէն ’ի Բաղդատ գնալիք մեծ ուղին ցամաքային, զոր կ’անուանեն Բաղդատ ճատտէսի. ուղեւորներ եւ ապրանքները բազմաթիւ ելեւէջ կ’ընեն այս քաղաքը։
       Բաւական նոր ու շքեղ շէնքեր կան, շուկան եւ խաներ, վաճառանոցներ, ամբարներ կոկիկ են, իսկ փողոցները՝ անմաքուր, օդը՝ խոնաւ եւ տենդոտ. գրեթէ առոյգ եւ կայտառ անձինք հազուագիւտ են։
       Ճախնային վայրեր ունի քովերը, որոց ապականութենէն յառաջ կու գան հիւանդութիւնները։
       Քաղաքիս բնակիչքը մեծաւ մասամբ Տաճիկներ են, եւ 150 տան չափ Հայք։ Հայք վաճառաշահութեան առթիւ հոս գաղթած են Ակնէն, Կեսարիայէն, Եւդոկիայէն եւ այլն։ Յոյնք Հայերէն ա՛լ պակաս են, բայց՝ աւելի հարուստ եւ յառաջադէմ։ Քաղաքիս մէջը նշանաւոր է Յունաց եկեղեցին եւ վարժարանը։ Ասոր հակառակ կարի նսեմ է Հայոցս եկեղեցին եւ վարժարանը, որ թէպէտ երբեմն-երբեմն փայլակի նման կը պայծառանայ հանգանակութեամբ մը կամ ընկերութեան մը եռանդով, բայց եւ յանկարծ կը մթննայ։ Փորձ մ’ալ ես ըրի. Ընթերցասիրաց ընկերութիւն վերակազմուեցաւ, եւ վարժարանին պարտքը գոցելու հանգանակութիւն մը եղաւ. բայց խիստ քիչ տեւած էր, վասն զի վերադարձիս ցաւօք սրտի տեսայ, որ վարժապետը քաղաքէն կը մեկնէր, եւ ընկերութիւնը, եթէ վերջացած չէր, շարունակելու մէջ ալ չէր։ Խնամակալութիւն մը կար աղջկանց վարժարանին, անոնք ալ ձեռնթափ տեսայ։
       Սամսոնի Հայք աղքատ չեն, եւ կրնան իրենց ազգային վիճակը տիպար տալ այն ամէն Հայոց, որ կու գան կ’անցնին Սամսոնէն, տիպար լուսաւորութեան եւ ազգայնութեան, կրնան եւ պէտք է այն վիճակն ունենան, որ Սամսոնին այցելող մը փափագ ունենայ տեսնելու այդ ծովափնեայ ծաղկեալ քաղաքին մէջը՝ Հայոց եկեղեցին պայծառ, վարժարանը պայծառ, ընկերութիւնք եւ թանգարանը պայծառ՝ իբրեւ ներկայացուցիչ Հայաստանցի Հայոց, որոց դուռն կը համարուի իր դիրքով։
       Քահանայ մը եւ եթ ունին. իրենք Ամասիոյ թեմ կը համարուէին, բայց Առաջնորդէն այցելութիւններ չէին վայելեր։ Եւ միթէ Առաջնորդ ալ ունէի՞ն։ Եւ եթէ ունենային, իրենք հեռի ինկած էին. մանաւանդ քաղաքականապէս Ամասիան՝ Սեւաստին ենթակայ է, Սամսոնը՝ Տրապիզոնին։ Ուստի մեծ փափագ կը յայտնէին, եւ իրաւունք ալ ունէին, որ Չարշամպայի եւ Ճանիկի Առաջնորդութեան հետ միանար Սամսոնն ու Պաֆրան, Առաջնորդը նստէր ’ի Սամսոն, ուր կը նստի Միւթասարիֆը, եւ Սամսոնի ազգային վիճակը մեր ըղձացեալ պայծառութեան կը հասնէր։
       Իբր 300 լիրա Օսմ. դրամագլուխ ունի եկեղեցին եւ վարժարանը, որ վստահելի անձանց տոկոսով տրուած է։ Թէ՛ ասոր տոկոսները եւ թէ՛ տեղական ազգայնոց հանգանակութեան յօժարամտութիւնը կրնայ բաւական արդիւնք գոյացընել, բայց գլուխ կեցող մը կը պակսի։
       Քանի մը երեկոյթներու մէջը ցոյց տուին Սամսոնի ազգայինք իրենց սրտի եռանդն եւ ձկտումն դէպ ի յառաջադիմութիւն բանիւ եւ արդեամբք, ինչպէս եւ կիրակի ցերեկին վարժարանին մէջ ըրածս հրաւէրին։ Անոնցմէ որոնք արժանի են յանուանէ յիշատակելու, երեքը միայն կը յիշեմ, իսկ պատիւը՝ ամէն գործողներուն. Օհան էֆ. Ասլանեան Եւդոկիացի, Եդուարդ էֆ. Մուրատեան Նիկոմիդիացի եւ Գաբրիէլ էֆ. Առաքելեան Սեբաստացի. ասոնք գրեթէ Սամսոնի ազգայնոց հոգին են՝ իւրաքանչիւրն իր յատկութեամբ եւ առաւելութեամբ։
       Քաղաքս, գտնուելով իբրեւ կապ Ասիոյ եւ Եւրոպայի միջոցը, յարաբերութիւն ունի Եւրոպայի, Կ. Պօլսոյ եւ Ռուսաստանի հետ. փոխադրիչ վաճառականութեան կարեւոր վայր է, եւ ցորենի առուտուրը յաջող։ Իր մէջէն եւ շուրջէն ալ բերքեր կը հասնին, մասնաւորապէս՝ մեծ քանակութեամբ ծխախոտ, որ անուանի է եւ շատ տարածեալ, եգիպտացորեն, վարսակ, գարի, լուբիա, բուրդ, խաշանց մորթ, չիմէնթօ (որոյ հանքն ունին), սեւ խավեար (ձկնփոր), զանազան եւ առատ ձկունք։
       Պալըք կէօլիւ ըսուած լճակը Սամսոնէն 8 ժամ հեռի է դէպ ’ի Պաֆրայ, որ իր անթիւ ձկներով մեծ շահ կ’ընծայէ կառավարութեան եւ հասարակութեան։ Ալիս մեծ գետը (Գըզըլ ըրմագ) Սամսոնէն 8-10 ժամ հեռի դէպ ’ի Պաֆրայ՝ կը թափի Սեւ ծովը, նոյնքան հեռու է նաեւ Իրիս գետը (Եշիլ ըրմագ), որ Չարշամպայի մօտ կը թափի Սեւ ծովը։
       Աբազա գաղթականներ եւ Չէրքէզները ծանր բեռ մը եղած էին ժողովրդեան. եւ ոչ միայն ճանապարհները, այլ եւ քաղաքի մէջ, տներու մէջն անգամ ապահովութիւն չէր մնացեր. գողութիւն, զինահարութիւն եւ սպանութիւն հասարակացեալ էր։
       Այս գաւառը գրեթէ ամբողջ լեռնային է. Պոնտոսի լերանց շղթան։ Հին եկեղեցական պատմութեանց մէջ Աշխարհ մարդակերաց անուանած են սոյն գաւառը։ Հին Սամսոնը բարձր դիրքի մը վրայ աւերակ է դարձած, եւ իր բերդի շէնքերու հիմերը եւ պատերը միայն կը տեսնեն այցելուք։ Հոն, ուր երբեմն մարդկային հերոսները մեծամեծ քաջութիւն գործած են, ուր արիւնները հոսեցուցած քար քարի վրայ եւ դիակ դիակի վրայ շարելով, այժմ խոտեր բուսած են, զորս կը կրծեն այծեր իրենց ուլերով, եւ թռչունք թուխս նստած՝ ձագերը հանելով, կը ծրտէին ասոնք մարդկային գաղափարին վրայ, միւսները իրենց տօտիկներուն տակ կը կոխկռտէին մարդկային հին հանճարը…։
       Սամսոնը ունի իր մէջ պտղատու ծառեր. աւելի շատ են ձիթենիք։ Չեմ կրնար չյիշել իմ ասպնջական Ղազար Աղա Պօղոսեանը, Ակնայ Կամրկապէն, որոյ տանը հանգիստ, դրախտը զուարճալի, եւ իր սիրտը բարեօք լի՝ երախտապարտ կացուցին զիս։
       Քաղաքական կառավարութիւնն է Միւթասարիֆութիւն, վիլայէթ Տրապիզոն։ Եկեղեցի՝ 1. Ս. Նիկողայոս, վարժարան՝ 2. ուսանողք՝ մանկունք 56, աղջկունք 36, Ծախք վարժարանաց՝ 25000 ղուրուշ եկեղեցիէն, դրամագլխոց տոկոսէն եւ հանգանակութենէն։ Թիւ Հայոց՝ 649, Կաթոլիկ եւ Բողոքական Հայք՝ 111, Յոյնք՝ 342, Թուրքք՝ 3670։